Հարուածը բոլորին է:
Ինչ որ պատահեցաւ ուրբաթ, նոյեմբեր 14-ին, Լոյսերու քաղաքի սրտին մէջ, կը ներկայացնէ իսկական պատկեր մը, որուն մասին շատ բան կարելի է գրել, սակայն` առանց հասնելու արմատական լուծումի եւ եզրակացութեան:
Մէկ բան կարելի է նշել, թէ ինչ որ մօտաւորապէս եօթանասուն տարի առաջ բռնատէր Հիթլեր (գէթ իր փառքի օրերուն) չէր համոզուած ու յանդգնած կատարել, Իսլամական պետութեան համար «երդուեալ» երիտասարդներ ամենայն պաղարիւնութեամբ եւ հանգստութեամբ կատարեցին:
Իրենց համար այդ քաղաքակրթուած աշխարհի սրտին մէջ թափուած արիւնը, պարզ աղբիւրէն հոսող առատ անգոյն եւ անհամ ջուրն էր, որով կրնային յագեցնել իրենց ծարաւը:
Զգացական եւ յուզումնային այս տողերը անտեղի է շարունակելը, մանաւանդ որ խնդրոյ առարկայ հոսանքի ետին կանգնող անձերուն համար ո՛չ մէկ նշանակութիւն պիտի ունենան:
Անցնինք հարուածի ետին կանգնող անցուդարձերուն եւ դրդապատճառներուն:
Յստակ է, որ վերջին շաբաթներուն Իսլամական պետութիւն կամ ՏԱՀԵՇ կոչեցեալ կազմակերպութեան գործելաձեւը փոխուած է: Իր տիրապետած տարածաշրջանէն ներս ան սկսած է ենթարկուիլ հետեւողական յարձակումներու եւ սկսած է կորսնցնել հողեր: Ամէնէն աւելի կարեւորը ամիսներ առաջ եզիտիներու բնակավայրը, իրենց պաշարած Սինճար լեռն է, որ Իսլամական պետութեան երկու կարեւորագոյն քաղաքներուն` Ռաքքայի եւ Մուսուլի միջեւ հսկող բանալի ճամբան է եւ այդ շրջաններէն ներս արտադրուած քարիւղի հայթայթման բանալի ուղին: Սինճարի անկումով եւ վերագրաւումով բաւական մը պիտի դժուարանայ նիւթական եկամուտ ապահովող այս քարիւղի առեւտուրը, որ անշուշտ կը կատարուի Թուրքիոյ մեղսակցութեամբ:
…Նոյնինքն այն երկրին, որ Փարիզի դէպքէն հազիւ 24 ժամ ետք հիւրընկալեց ու կազմակերպեց «Քսան մեծեր»-ու ապարդիւն եւ անիմաստ վեհաժողովը:
Երկու հարիւրէ աւելի զոհ խլած Փարիզի դէպքէն 24 ժամ առաջ նոյնքան ահաւոր ահաբեկչական արարք մը պատահեցաւ Պէյրութի, կրկին նոյնինքն Իսլամական պետութեան «երդուեալ» երիտասարդներու կողմէ` թիրախ ունենալով Սուրիոյ մէջ իրենց դէմ ճակատող Հըզպալլայի կեդրոնատեղին: Իսկ, միայն Փարիզի դէպքէն ետք, վերջնականապէս հաստատուեցաւ ու փաստուեցաւ, թէ հոկտեմբեր 31-ին Շարմ Շէյխէն Սենթ Փեթերսպուրկ մեկնող ջախջախուած օդանաւը զոհ գացած է խափանարարական արարքի մը:
Այս եղելութիւնները ցոյց կու տան, թէ Իսլամական պետութիւնն ու անոր ետին կանգնող ահաբեկչական հոսանքները հետզհետէ աւելի կը գործեն իրենց տարածքներէն դուրս:
Արդեօք այս մէկը կարելի՞ է վերագրել, թէ անոնք իրենց վերջին ուժն ու կարողութիւնը գործի կը լծեն: Մէկ բան կարելի է եզրակացնել, թէ այս բոլոր պատահածները, որոնք կատարուեցան Սուրիոյ մասին կատարուած Վիեննայի վեհաժողովի նախօրեակին, եղան ի նպաստ ներկայ ղեկավարութեան` Ասատի վարչակազմին: Նոյնիսկ ամէնէն աւելի ծայրայեղ «արեւմուտքցին», համոզուած կը թուի ըլլալ, թէ Իսլամական պետութիւնը կը մնայ առաջնահերթ «չարիք»-ը, իսկ ներկայ ղեկավարութիւնը` նոյնիսկ յարմար կարելիութիւն մը… 18 ամսուան փոխանցման իշխանութիւն մը ստեղծելու համար:
15 նոյեմբեր 2015