Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Թ. Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոցին, շաբաթ, 16 ապրիլ 2016-ին` առաւօտեան ժամը 10:00-էն սկսեալ, Համազգայինի «Լ. Շանթ» մշակութային կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ գեղեցիկ եւ օգտաշատ աւանդութեան վերածուած միջդպրոցական նկարչութեան մրցանքը` մասնակցութեամբ լիբանանահայ բոլոր վարժարաններէն աշակերտներու, որոնք բաժնուած էին տարիքային երեք խումբերու` 6-8, 9-12 եւ 13-16 տարեկան:
Աշակերտներու իւրաքանչիւր խմբակի ներկայացուեցաւ իրեն համար ընտրուած նիւթը. հետաքրքրական էր յատկապէս 13-16 տարեկաններուն համար ընտրուածը` ներկան եւ ինչպէ՞ս կը պատկերացնեն ապագան:
Մրցանքէն ետք, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-5:00, տեղի ունեցաւ աշակերտներու գործերու ցուցադրութիւնն ու մրցանակաբաշխութեան արարողութիւնը:
Այս առիթով խօսք առաւ Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու վարչական տնօրէն Կարպիս Գապասաքալեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց աշակերտներուն իրենց մասնակցութեան համար` մաղթելով, որ կը շարունակեն մօտիկ մնալ արուեստին, որովհետեւ անիկա կարեւոր դերակատարութիւն ունի մարդուն կեանքին մէջ: Ան ներկայացուց Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներուն, յատկապէս «Թորոս Ռոսլին»-ի գործունէութիւնը` զոյգ կեդրոններուն մէջ:
Մրցանակաբաշխութեան նաեւ խօսք առաւ «Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոցի վարիչ Վազգէն Մուղալեան, որ բացատրեց այս նախաձեռնութեան նպատակը` գեղանկարչութեան շուրջ համախմբել աշակերտները, ապա ներկայացուց իւրաքանչիւր խմբակին տրուած նիւթերը:
Օրուան հիւր արուեստագէտը եւ մրցանակակիրները որոշելու մէջ իր դերը ունեցած Միսաք Թերզեան խօսեցաւ հայ արուեստին կարեւորութեան մասին` դիտել տալով, որ նաեւ անոր շնորհիւ կը պահպանուին հայկական մշակութային արժէքները:
Ա. խումբէն (6-8 տարեկան) առաջին հանդիսացաւ Յովսէփ Կիւրիւնեան (Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ), երկրորդ` Փաթիլ Թասլաքեան (Ազգ. Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան քոլեճ) եւ երրորդ` Սէրլի Մուղալեան (Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան վարժարան):
Իսկ Բ. խումբէն (9-12) առաջին դիրքը գրաւեց Քրիստ Փէփէեան (Ազգային Աբգարեան վարժարան), երկրորդը` Լուչիանա Ղազարեան (Հայ աւետ. կեդրոնական բարձրագոյն վարժարան) եւ երրորդը` Հուրի Օհանեան (Ազգային Աքսոր Գասարճեան վարժարան):
Վերջապէս, Գ. խումբի (13-16) առաջնութեան տիրացաւ Կարօտ Պէլեան (Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ), երկրորդ դիրքը գրաւեց Յակոբ Գասպարեան (Դարուհի-Յովակիմեան վարժարան), իսկ երրորդը` Ճօ Գարամինասեան (Հայ կաթողիկէ Հռիփսիմեանց վարժարան):
Յայտնենք, որ իւրաքանչիւր խումբէն առաջին հանդիսացող աշակերտը ստացաւ «Թ. Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոցի մէկ տարուան կրթաթոշակ, երկրորդը` կրթաթոշակէն 50 առ հարիւրը, եւ երրորդը` 25 առ հարիւրը: Բոլոր մասնակիցները «Ֆէյպըրքէսըլ» հաստատութենէն ստացան նուէրներ` տրամադրուած Պոսնոյեան հաստատութեան կողմէ: