Ռուսահայ յայտնի գործարար եւ ազգային բարերար Սամուէլ Կարապետեանին պատկանող «Տաշիր» բարեգործական հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդը իր վերջին նիստին որոշած է հիմնադրամին կողմէ Արցախին տրամադրել 500 հազար տոլար, ինչպէս նաեւ 2000-ական տոլար յատկացնել 2016-ի ապրիլի սկիզբը Արցախի սահմաններու պաշտպանութեան համար զոհուած բոլոր զինուորներու ընտանիքներուն:
↧