Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Յունաստան
Քսանթիի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ
Հիմնադրութեան 90-Ամեակի Նշում
Կազմակերպութեամբ Քսանթիի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղականութեան, նախագահութեամբ Յունաստանի թեմի առաջնորդ Խորէն արք. Տողրամաճեանի, 26 եւ 27 մարտին տեղի ունեցան եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 90-ամեակին նուիրուած երկօրեայ հանդիսութիւնները:
26 մարտին տեղի ունեցաւ դասախօսական երեկոյ: Հանդիսութեան բացման խօսքը արտասանեց Քսանթիի Թաղային խորհուրդի անդամ Արթին Քիւրքճեան, որմէ ետք ողջոյնի խօսքերով հանդէս եկան` սրբազան հայրը, փոխնահանգապետ Քոսթաս Զաղանաֆերիս եւ քաղաքապետ Խարալամպոս Տիմարխոփուլոս:
Օրուան բանախօսն էր, «Տիմոքրիթիօ» համալսարանի լեզուաբանութեան փրոֆեսէօր Թէոտորիտու Ղարիֆալիա: Ան ներկայացուց հայ ժողովուրդի ամփոփ պատմականը Հայաստանէն մինչեւ Կիլիկիա եւ սփիւռք` շեշտելով մեր ժողովուրդի եկեղեցական, ազգային, մշակութային, ճարտարապետական եւ այլ արժէքները: Ան անդրադարձաւ նաեւ Քսանթիի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ կառուցման, գաղութի պատմութեան եւ ներկային:
Գործադրուեցաւ նաեւ գեղարուեստական յայտագիր:
Նոյն օրը երեկոյեան «Օքսիժեն» ճաշարանին մէջ տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթ, որուն բացման խօսքը կատարեց Թաղային խորհուրդի ատենապետ Թագւոր Գարաօղլանեան: Ելոյթ ունեցան` Ազգային վարչութեան անդամ Զապէլ Այվազեան, Մաննիկ Աշրեան եւ թեմի առաջնորդ Խորէն արք. Տողրամաճեան:
27 մարտին Քսանթիի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ: Իր քարոզին մէջ Խորէն արք. Տողրամաճեան ըսաւ, որ եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 90-ամեակը մտաբերել կու տայ, որ Հայոց ցեղասպանութենէն միայն տասը տարի ետք արդէն իսկ վերապրող սերունդը, Ցեղասպանութեան արհաւիրքը արագօրէն թօթափելու համար, որոշած էր առաջին հերթին կառուցել Աստուծոյ տաճարը` անոր մէջ տեսնելով մեր ժողովուրդի գոյութեան ապահովութիւնը, գողգոթայէն ետք յարութիւնը, կեանքը շարունակելու վճռակամութիւնը: Ան հաստատեց, որ 90 տարիէ ի վեր եկեղեցին կը շարունակէ համախմբել մեր ժողովուրդին զաւակները` կեդրոն դառնալով մեր հոգեւոր ու ազգային կեանքին:
Փանտելէյմոն մետրապոլիտը խօսք առնելով` շնորհաւորեց եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 90-ամեակը եւ գնահատեց Քսանթիի հայկական գաղութի կատարած հոգեւոր, ազգային, մարդասիրական ու մշակութային երկար տարիներու աշխատանքը, որ իր ներդրումը բերած է եւ կը շարունակէ բերել նաեւ քաղաքի համայնական կեանքին: Աւարտին ան խաչ մը նուիրեց սրբազան հօր ու եկեղեցւոյ:
Միացեալ Նահանգներ
Հոգեհանգիստ` Արցախի Մէջ Նահատակուած
Հայորդիներուն Համար
5 ապրիլին առաջնորդանիստ Սրբոց Ղեւոնդեանց մայր եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ հանրապետական մաղթանք եւ հոգեհանգիստ` Արցախի սահմանամերձ գիւղերուն մէջ նահատակուած զինուորներու եւ հայորդիներու հոգիներուն համար: Արարողութեանց հանդիսապետեց թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան:
Սրբազան հայրը փոխանցեց օրուան հոգեւոր պատգամը եւ ողջունեց ներկայութիւնը` Լոս Անճելըսի մէջ պաշտօնավարող Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր հիւպատոսութեան արտակարգ դեսպանորդ Վալերի Մկրտումեանի, գլխաւոր հիւպատոսութեան խորհրդական Ռազմիկ Ստեփանեանի, Ռուսիոյ հայոց միութեան նախագահ Արա Աբրահամեանի եւ Թեմական խորհուրդի ատենապետ իրաւաբան Յովսէփ Կանիմեանի:
Արարողութեան աւարտին առաջնորդին հրաւէրով ներկաները միաբերան երգեցին Տէրունական աղօթքը եւ «Մեր հայրենիք»-ը:
ՀԵԴ-ի Անդամները Մօտէն Կը Ծանօթանան
Արցախի Տագնապի Ծալքերուն
Կազմակերպութեամբ ՀԵԴ-ի Կեդրոնական վարչութեան եւ ՀԵԴ Կրտսերներու Ընդհանուր վարիչ մարմինին 2 ապրիլին Կլենտէյլի Երիտասարդական կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ միօրեայ հաւաք մը` մասնակցութեամբ աւելի քան 60 ՀԵԴ-ականներու, որոնք կրցան աւելի մօտէն ծանօթանալ Արցախի տագնապի ծալքերուն:
Հաւաքին բացումը կատարեց ՀԵԴ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Յովիկ Գազանճեան, որմէ ետք Արցախի պատմականը ներկայացուց Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գեւ Իսքաճեան, որ նաեւ անդրադարձաւ Արցախի վրայ ազրպէյճանական վերջին յարձակումին:
Կլենտէյլի համայնքային քոլեճի հոգաբարձական կազմի անդամ եւ Արցախի եւ Հայաստանի նուիրուած լուսանկարչական հատորի հեղինակ լուսանկարիչ դոկտ. Վահէ Փիրումեան խօսեցաւ արուեստներու ճամբով դաստիարակչական եւ քաղաքական գործունէութիւն իրագործելու կարելիութեանց մասին:
Այնուհետեւ ներկաները «Սքայփ»-ի միջոցով կապ հաստատեցին Հայաստան գտնուող ՀԵԴ-ի նախկին անդամ Փաթիլ Ասլանեանի հետ, որ յայտնեց նորութիւններ Հայաստանի եւ Արցախի վերջին դէպքերուն մասին:
ՀԵԴ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Ճոզեֆ Քասքանեան ներկայացուց 1988-1994 Արցախի ազատագրական պայքարի նահատակ հերոսներուն նուիրուած բանախօսութիւն մը:
ՀԵԴ-ի Կրտսերներու Ընդհանուր վարիչ մարմինի ատենապետ Սարօ Շիրինեան յայտնեց, թէ վերջին օրերու իրադարձութիւնները անգամ մը եւս հաստատած են, որ պէտք է միշտ հայութեան իրաւունքները ապահովելու պայքարի պատնէշին վրայ մնալ:
Արցախի ազատագրական պայքարի մասնակից Բալաբեկ Պարսամեան իր անձնական փորձառութիւնները բաժնեց ՀԵԴ-ի անդամներուն հետ, իսկ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի կառավարական հարցերու վարիչ Թերեզա Երիմեան ներկայացուց Արցախին ի նպաստ Հայ դատի գործունէութիւնը:
Իր կարգին, ՀԵԴ-ի Կեդրոնական վարչութեան նախկին ատենապետ Դաւիթ Առաքելեան խօսեցաւ Արցախի ազատագրական պայքարին ընթացքին վիրաւորուած զինուորներուն օժանդակութիւն հասցնող` «Մեր զինուորներուն կողքին» նախաձեռնութեան մասին:
Աւարտին, մասնակիցները ստացան յատուկ վկայագիրներ:
Քոնկրեսական Պրետ Շըրմընի
Նուիրուած Զօրակցական Հաւաք
10 ապրիլին Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի երկարամեայ բարեկամներէն Մայքըլ եւ Նաթալի Մահտեսեան ամոլի բնակարանին մէջ տեղի ունեցաւ Ներկայացուցիչներու տան արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբի բարձրաստիճան անդամ, 1997-էն ի վեր Քոնկրեսի անդամ, Հայ դատի յանձնախումբի գործօն եւ սերտ գործակից Պրետ Շըրմընին նուիրուած զօրակցական հաւաք:
Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ Նորա Յովսէփեան յայտնեց, որ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը եւ Քալիֆորնիոյ Սան Ֆեռնանտօ Հովիտին մէջ Պրետ Շըրմընի հազարաւոր համակիրները տարիներէ ի վեր նեցուկ կը կանգնին իրեն, որ ամէն առիթով փաստած է, թէ կը մնայ մեր համայնքի շահերուն ազդեցիկ ջատագով մը, աւելցնելով, որ անցեալ շաբաթ, քոնկրեսական Շըրմըն հրապարակեց խիստ ոճով յայտարարութիւն մը, որուն մէջ կը դատապարտէր Արցախի խաղաղասէր ժողովուրդին վրայ Ազրպէյճանի նախագահին շղթայազերծած անպատասխանատու յարձակումը, ինչպէս նաեւ կոչ կ՛ուղղէր, թէ այնքան ատեն որ Ազրպէյճան վերջ չի տար իր բռնարարքներուն, նախագահ Պարաք Օպամայի վարչակարգը պէտք է Պաքուի տրամադրուող ամերիկեան օժանդակութիւնները կասեցնէ:
Նշենք, որ 3 ապրիլին քոնկրեսական Շըրմըն հանդիսացաւ առաջին քոնկրեսականը, որ դատապարտեց ապրիլ 1-2 լուսցող գիշերուան ընթացքին սկսած ազրպէյճանական վերջին յարձակումը` յայտարարելով, որ Ազրպէյճանին տրամադրուող ամերիկեան օժանդակութիւնները պէտք է կասեցուին, այնքան ատեն որ անիկա վերջ չէ տուած իր բռնարարքներուն ու սպառնալիքներուն եւ իր ամբողջական յանձնառութիւնը չէ տուած տագնապին խաղաղ լուծում մը գտնելու ջանքերուն: Անցեալ ամիս Շըրմըն կոչ ըրած էր ամերիկեան իշխանութիւններուն, որ ստորագրեն Հայաստանի հետ առեւտրական կապերը սերտացնելու միտող տուրքերու արդիական համաձայնագիր մը:
Առաջնորդը Մօտէն Ծանօթացաւ
«Հայաստան. Բաց Վէրք Մը»
Ցուցահանդէսին
12 ապրիլին թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան մօտէն ծանօթացաւ «Հայաստան. բաց վէրք մը» ցուցահանդէսին, անոր պաշտօնական բացումէն քանի մը օր առաջ:
Նշենք, որ Կլենտէյլ քաղաքի եւ անոր Գրադարան, արուեստներ ու մշակոյթ բաժանմունքին, ինչպէս նաեւ Ամերիկահայութեան թանգարանին համագործակցութեամբ «Հայաստան. բաց վէրք մը» խորագրուած ցուցահանդէսի պաշտօնական բացումը տեղի պիտի ունենայ 16 ապրիլին, Կլենտէյլի «Պրենտ» գրադարանի եւ արուեստի կեդրոնի սրահին մէջ եւ պիտի երկարի մինչեւ 11 յունիս:
Առաջնորդ սրբազանը ամերիկահայութեան թանգարանի վարչութեան անունով իր ուրախութիւնը յայտնեց, որ առիթը ունեցաւ մօտէն ծանօթանալու հայութեան մշակոյթին եւ պատմութեան նուիրուած սոյն զգայացունց ցուցահանդէսին:
«Հայաստան. բաց վէրք մը» ցուցահանդէսը անցեալ տարի ցուցադրուած էր Մեքսիքօ Սիթիի Յիշողութեան եւ հանդուրժողութեան թանգարանին մէջ, Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակին առիթով: Անիկա նուիրուած է հայ մշակոյթին, Ցեղասպանութեան յուշերուն եւ արդարութեան հասնելու ջանքերուն` լուսարձակի տակ առնելով պատմական իրողութիւններն ու անոնց հետեւանքները` վերապրողներու եւ ականատեսներու վկայութեանց ընդմէջէն:
Ամերիկահայութեան թանգարանին նպատակն է լուսարձակի տակ առնել հանդուրժողութեան, ինչպէս նաեւ Միացեալ Նահանգներու ցեղային եւ մշակութային տարբեր խմբաւորումներու համակեցութեան կարեւորութիւնը` ամերիկահայութեան փորձառութեան ընդմէջէն:
Քանատա
Համազգայինի 2014-2018
Քառամեակի 7-րդ Եռակողմանի Ժողով
2-3 ապրիլին Նիւ Եորքի Վուտսայտ շրջանի Հայ կեդրոնին մէջ կայացաւ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Հիւսիսային Ամերիկայի շրջանային վարչութիւններու 2014-2018 քառամեակի 7-րդ եռակողմանի ժողովը, որուն կը մասնակցէին միութեան Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան ու Արեւմտեան եւ Քանատայի շրջանային վարչութեանց 13 անդամներ, ինչպէս նաեւ` Կեդրոնական վարչութենէն անդամներ Վիգէն Թիւֆենքճեանը (Քանատա) եւ Հրայր Պարոնեանը (Միացեալ Նահանգներ): Ժողովականները կու գային Լոս Անճելըսէն, Ուաշինկթընէն, Նիւ Եորքէն, Նիւ Ճըրզիէն, Ֆիլատելֆիայէն եւ Մոնրէալէն:
Երկօրեայ ժողովի քննարկումները կ՛ընդգրկէին ամերիկահայ եւ քանատահայ կրթական եւ մշակութային կեանքին վերաբերող այլեւայլ հարցեր, որոնց շարքին` Միացեալ Նահանգներու եւ Քանատայի տարածքին Համազգայինի գործունէութեան ծիրի ընդլայնումն ու կրթական մարզին մէջ յաւելեալ դերակատարութիւն ստանձնելու խնդիրները, նիւթական կռուաններու ստեղծման միջոցներու որոնումը եւ հայ մշակոյթը նորահաս սերունդներուն ծանօթացնելու եւ մերձեցնելու արդի ձեւերը: Եռակողմանի ժողովը նաեւ վերջնական որոշումներ կայացուց ArtLinks Երիտասարդական ցանցի երկրորդ հաւաքին վերաբերեալ, որ այս տարի տեղի պիտի ունենայ Քանատայի մէջ, 30 յունիսէն 3 յուլիս:
Երկօրեայ այս ժողովին մասնակիցները վերահաստատեցին Համազգայինի Հիւսիսային Ամերիկայի կառոյցներու ներուժը համախմբող այս եւ նման նախաձեռնութիւններու կարեւորութիւնը` առ ի լաւագոյնս ծառայութիւն հայ ազգին:
Փարիզ
Հայաստանին Նուիրուած Օր`
ԻՆԱԼՔՕ-ի Մէջ
Հովանաւորութեամբ «Ֆրանսա-Հայաստան` աւետարանական զօրակցութիւն» ընկերակցութեան, 4-15 ապրիլին տեղի ունեցող Քաղաքակրթութեանց փառատօնի ծիրին մէջ, 5 ապրիլին «Ինալքօ»-ի լսարանին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայաստանի օր» ձեռնարկը, որ նուիրուած էր հայկական մշակոյթին: ԻՆԱԼՔՕ-ի Հայ լեզուի եւ քաղաքակրթութեան ուսանողական ընկերակցութիւնը հիմնուած է 2014-ին:
Օրուան յայտագիրին մաս կը կազմէին` ժապաւէնի ցուցադրութիւն, ցուցահանդէս, դասախօսութիւն եւ կլոր սեղան:
Առ այդ, ցուցադրուեցան Հայկ Համբարձումի կարճ երեք ժապաւէնները` «Նոր հայեացքի մը յայտնագործումը» վերնագրով:
Օրուան երկրորդ բաժինը յատկացուած էր հնագիտութեան եւ ի մասնաւորի` Ղարաբաղի Ասկերանի շրջանին մէջ գտնուող Տիգրանակերտի պեղումներուն: Այս աշխատանքի պատասխանատու տնօրէն Համլեթ Պետրոսեան, նաեւ իր գործակիցները` Փոլ Պայլէ եւ Աննա Լէյլոյեան խօսեցան «Տիգրանակերտ, տասնամեայ հնագիտական պեղումներ» նիւթին շուրջ` ընդգծելով այս աշխատանքին նշանակալից արդիւնքները:
Օրուան վերջին բաժնին թեման կը կրէր «Հնագիտութիւնը ներկայ Հայաստանի մէջ» խորագիրը, որուն ընթացքին Անի Դանիէլեան, Անահիտ Քեֆելեան եւ Արեւիկ Պարսամեան ներկայացուցին նիւթին շուրջ իրենց ուսումնասիրութիւնները:
Այցելուները նաեւ դիտեցին լսարանի դահլիճին մէջ ցուցադրուած լուսանկարները, որոնք կը պատկերէին Մեծն Տիգրան թագաւորին կողմէ հիմնուած Տիգրանակերտ քաղաքը եւ այնտեղ կատարուած պեղումներուն շնորհիւ յայտնաբերուած հրաշալի առարկաները, որոնք Ք.ա. 90-ական թուականներուն կերտուած են:
Ուրուկուէյ
Արցախի Զօրակցութեան Հաւաք
Մոնթէվիտէոյի Մէջ
13 ապրիլին մայրաքաղաքի կեդրոնական հրապարակներէն «Ազատութիւն» հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ բողոքի ցոյց` մասնակցութեամբ հայ եւ ոչ հայ ցուցարարներու եւ պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներու: Զգալի էր յատկապէս երկսեռ երիտասարդներու ներկայութիւնը, որոնք կազմակերպուած շարքերով, անցորդներուն կը բաժնէին յատուկ պատրաստուած թռուցիկներ` բողոքի ցոյցի նպատակի մասին:
Լրատուամիջոցներու թէ՛ տեղական եւ թէ՛ միջազգային բազմաթիւ լրագրողներ հարցազրոյցներ կատարեցին գաղութի պատկան մարմիններու պատասխանատուներուն հետ, որոնցմէ շատերը ուղղակի եթերի միջոցով:
Հաւաքի ընթացքին կարդացուեցաւ ուրուկուէյահայ երիտասարդական միութիւններուն կողմէ պատրաստուած եւ Ազրպէյճանի ոճիրները խիստ դատապարտող յայտարարութիւն մը:
Հաւաքը շարունակուեցաւ ազգային, յեղափոխական, ինչպէս նաեւ Արցախի նուիրուած երգերով:
Մոսկուա
«Կը Յիշեմ Եւ Կը Պահանջեմ»
Ոգեկոչման Երեկոյ
Կազմակերպութեամբ «Ռուս-հայկական համագործակցութեան» 13 ապրիլին Մոսկուայի գրողներու կեդրոնական տան մէջ տեղի ունեցաւ «Կը յիշեմ եւ կը պահանջեմ» ոգեկոչման երեկոն` նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան 101-րդ տարելիցին:
«Ռուս-հայկական համագործակցութեան» նախագահ Եուրի Նաւոյեան իր ելոյթին մէջ նշեց, որ Ցեղասպանութեան թեման կը շօշափէ պատմական, իրաւական, քաղաքական ու բարոյական չլուծուած հարցեր:
Ընդգծելով ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման այլընտրանք չունենալը` ան առաջարկեց դադրեցնել զէնքի մատակարարումը, կողմերը վերադարձնել բանակցային սեղանի շուրջ, կողմերուն հակամարտութիւնը խաղաղ մեթոտներով կարգաւորելու իրաւական փաստաթուղթ առաջարկել, Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի միջեւ ստորագրել ռազմական փոխօգնութեան պայմանագիր:
Ան նաեւ ընդգծեց, որ Ցեղասպանութեան լաւագոյն պատասխանը այսօր հայկական պետականութեան եւ հայոց յաղթական բանակի առկայութիւնն է:
Ելոյթ ունեցան նաեւ Ռուսիոյ պատգամաւորներ Պորիս Ռեզնիկ, Ալեքսանտր Թառնաւսքի, ՌԴ Դաշնային խորհուրդի անդամ Ռաֆայիլ Զինուրով եւ ուրիշներ:
Իրենց ուղերձներով երեկոն ողջունեցին Ռուսիոյ խորհրդարանի նախագահ Սերգէյ Նարիշքին, Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Գալուստ Սահակեան, «Սպրաւեդլիվոյա Ռուսիա» կուսակցութեան նախագահ Սերգէյ Միրոնով, իսկ օրհնութեամբ եւ բարեմաղթութեամբ` Ռուս ուղղափառ եկեղեցւոյ Մոսկուայի պատրիարքութեան արտաքին եկեղեցական կապերու բաժնի նախագահ մետրոպոլիտ Իլարիոն:
Երեկոյի ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր: