Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Թեաթրոն Թատերախումբի Նախաձեռնութեամբ` «Վաճառորդի Մը Մահը» Տպաւորիչ Ներկայացումը

$
0
0

13036334_10204973545573251_51189923_o

Կազմակերպութեամբ Թեաթրոն թատերախումբին, «Վաճառորդի մը մահը» թատերախաղը ներկայացուեցաւ երեք ելոյթներով` ուրբաթ, 15, շաբաթ, 16 եւ կիրակի, 17 ապրիլ 2016-ին երեկոյեան ժամը 8:30-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ:

Հեղինակն է Արթըր Միլըր, իսկ բեմադրիչը` Սուրէն Խտըշեան, որ ներկայացումը նուիրած էր իր հօրեղբօր, վաստակաւոր բեմադրիչ Վարուժան Խտըշեանին:

Ներկայացումը կը խօսէր օտար երկրի մը մէջ ընտանիքի մը ապրած ծանր պայմաններու մասին: Վաճառական հօր մը ապրած երիտասարդութեան փառքերը կ՛անհետանան տարիքի յառաջացումով, իսկ գործէ արձակումը ալ աւելի ծանր վիճակ մը կը ստեղծէ, ուստի ան կը յուսալքուի եւ անկարող կը զգայ:

13016400_10204973545693254_1996849954_o

Հայրը յոյսը դրած էր իր զաւակներուն եւ մանաւանդ Պիֆֆուի վրայ, որ յաճախ ստիպուած կը զգար կատարել հօր երազները` իր եսը ճզմելով:

Հայրը ուրիշ կնոջ մը հետ տեսնելէ ետք, իր հօրմէն հիասթափ Պիֆֆ, որպէս վրէժ փախուստ կու տայ: Հոն կը սկսի հօր տառապանքը, երբ կը զգայ, թէ իր ամբողջ երազները կորսուեցան իր զաւկին հետ: Երբ Պիֆֆ կը լսէ հօր անհաւասարակշռուած վիճակի մասին, կը փորձէ վերստին օգնել անոր, սակայն յաճախ կը հանդիպէին բախումներու:

Մայրը կը հանդիսանայ զոհուող եւ զօրաւոր անձնաւորութեան տէր անհատը, որ յաճախ կ՛աջակցի ամուսինին, հակառակ անոր յանցանքներուն եւ ծանր վիճակին:

Ընկերը` Շարլին, ապացոյց է անմահ ընկերութեան, արդարեւ, ան կեանքի բոլոր հանգրուաններուն, ճիշդ կամ սխալ, միշտ եղած է անոր կողքին: Վերջապէս ներկայացումը կ՛աւարտի հօր մահուան յանձնուելով, իրականութիւններէն փախուստ տալու քանի մը անօգուտ փորձերէ ետք:

Դերակատարները հաճելի, տպաւորիչ եւ ազդեցիկ ներկայացումով հանդէս եկան` երեք ժամուան տեւողականութեամբ հրամցնելով կեանքէն քաղուած պատկերներ:

Դերակատարներն են` հօր դերով Ուիլլի Լոման` Գէորգ Նալպանտեան, մօր դերով Լինտա Լոման` Այտա Սրապոնեան, զաւակները` Պիֆֆ Լոման` Սագօ Օհանեան եւ Հերի Լոման` Մելանքթոն Պետրոսեան:

Պեռնարը Պիֆֆի ընկերը` Նարեկ Մայիսեան, կինը` Շաղիկ Մայիսեան, Շարլին ընտանիքի բարեկամը` Հայզաւակ Լեբեճեան, հօրեղբայրը Պէն` Յովհաննէս Հելվաճեան, Հաուրտ Վանկնէր` Մանուէլ Թոքմաքճեան, Ժէնին` Քրիսթինա Սրապոնեան, Սթանլին` Ռաֆայէլ Կիւմիւշեան, օրդ. Ֆորսիթ` Բալիկ Սրապոնեան եւ վերջապէս Լիթան` Կրասիա Սրապոնեան:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>