Հետզհետէ համակողմանի համոզում դարձաւ, որ Ազրպէյճանի կողմէ կայծակնային յարձակումի գործողութիւններու կասեցման մէջ հիմնական էր ռուսական գործօնը: Քաղաքական վերլուծաբանութիւնը կշռեց դէպի ռուսական կողմին ցուցաբերած քանի մը օրուան կրաւորականութեան իրականութեան վրայ:
Անգարայի եւ Պաքուի շահերու մէկտեղումին, սուրիական ճակատին վրայ երեւցած Անգարա-Պաքու հակասութեան եւ աւագ եղբօր ներշնչանքներուն մասին անդրադարձած էինք արդէն խմբագրաշարքի առաջին թիւով:
Ռուսիոյ նախագահին Ուաշինկթընի հիւլէական անվտանգութեան համաժողովին չմասնակցիլը, անոր դիմաց արեւմտեան ընկալումով ռուսական կովկասեան տարածք բռնկեցնելը, բայց նաեւ Ռուսիոյ լուռ դիտելը եւ քանի մը օր ետք վճռական դէմք ցոյց տալը մեկնաբանութիւններու դուռ կը բանան բնականաբար:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը Ռուսիոյ կողմէ Ազրպէյճանը զինելու իրականութեան դէմ իր դժգոհութիւնը ներքին կարգով, փակ խորհրդակցութիւններու ընթացքին կրնար յայտնել եւ ամենայն հաւանականութեամբ տարբեր առիթներու ալ յայտնած է: Առաջին անգամն է, որ Գերմանիոյ մէջ աւելի ընդհանուր («մենք գլխաւոր հովանաւոր չունինք»), եւ շեշտակի կերպով Երեւանի մէջ վարչապետ Մետվետեւը ընդունած պահուն Ռուսիոյ կողմէ Ազրպէյճանին տրուած սպառազինութեան դէմ խօսելով, այս հարցին մասին կը բարձրաձայնէ հայկական կողմը ամէնէն բարձր մակարդակով:
Ասիկա անշուշտ ներքին սպառումի համար չէ մեր երկրին մէջ ծաւալուող հակառուս տրամադրութիւններու ալիքը իջեցնելու նպատակով: Ասիկա ամէնէն բարձր հարթութիւններու վրայ հրապարակային ձեւով մեր ամէնէն առանձնայատուկ ռազմավարական գործընկերոջ ուղերձի փոխանցումն է: Տեսականօրէն չէ բացառուած նաեւ, որ Մոսկուան դժգոհ պիտի չըլլար այս հարցին մասին Երեւանի դժգոհութիւնը հրապարակայնացնելու մօտեցումէն:
Ռուսիոյ կողմէ հաւասար մերձեցում-հեռաւորութիւն պահպանելը` մեկնելով բացառապէս Մոսկուայի շահերէն, անշուշտ իր տրամաբանութիւնը ունի: Չմոռնանք, որ միայն համանախագահի հանգամանքը չէ, որ պաշտօնական Մոսկուան կը պահէ յար եւ նման որդեգրելու Արեւմուտքի յայտարարութիւններու հաւասարակշռութիւնը պահելու եւ միակողմանիութենէ արուեստականօրէն խուսափելու մօտեցումը:
Այս ցուցադրական անկողմնակալութիւնը կամ չէզոքութիւնը ինքնանպատակ չէ կամ դիւանագիտութեան ընդունուած օրինաչափութիւններուն հետեւելու համար չէ: Ազրպէյճանամերձ տարածքներու վրայ ռուսական զօրքերու փորձարկումները եւ իրանամերձ ազրպէյճանական տարածքներու վրայ իսրայէլեան զինուժի մասնակցութեամբ ռազմափորձերը հակամարտութեան այլ տարողութիւն ստանալու մասին որոշ յուշումներ կը կատարեն:
Ռուսիան ուրեմն, չէզոքութիւն ցուցադրելով, միաժամանակ պարզ դարձնելով, որ ինքն է զսպիչ ուժը գործողութիւններուն ահագնացման գործընթացին, կ՛ուզէ համոզիչ դարձնել, որ ինք նաեւ միայն զինուորական գործողութիւններուն լուծում բերող անշրջանցելի գործօնը չէ, այլ նաեւ քաղաքական:
Գերտէրութիւններուն համար, անկախ Արցախի կարգավիճակի ճշդումէն, ժողովրդավար իրաւաչափութիւններու յարգումով հանրաքուէ կազմակերպելու ընտրանքէն եւ մատրիտեան մնացեալ բոլոր սկզբունքներէն, ամէնէն շատ կը հետաքրքրէ Հարաւային Կովկասի ազդեցութեան գօտիի խնդիրը: Մատրիտեան սկզբունքներուն մէջ երեւցած խաղաղապահ ուժերու տեղակայման հարցը: Սթաթիւս քոյի յաւերժացումը այս կամ այն գերտէրութեան զինուորական ուժերու ներկայութեան: Խնդիրը ամբողջ այդ ուժերու բաղադրութեան կը վերաբերի` ՀԱՊԿ, ՕԹԱՆ, ՄԱԿ:
Եթէ ընդունինք այս տրամաբանութիւնը, աւելի դիւրին կ՛ընկալենք ռուսական երկօրեայ կրաւորականութեան պատճառը, հրադադարը պարտադրելու մէջ իր ցուցաբերած վճռակամութիւնը եւ այս բոլորին մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան ռազմավարական յատուկ գործընկերոջ հանգամանքով Ազրպէյճանը սպառազինելու փաստը: Գուցէ նաեւ չէզոքութիւն դրսեւորելու ցուցադրական բոլոր արարները:
Բանակցային գործընթացը կրնայ վերակենդանանալ. քաղաքական նկատելի առաւել ձեռք բերած կ՛ըլլայ հայկական կողմը, եթէ Ստեփանակերտը վերադառնայ բանակցային սեղան: Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին կողմէ Երեւանի պաշտօնական կեցուածքը կը շեշտէ Ստեփանակերտը, երբ խաղաղապահ ուժերու տեղակայման հարցը դրուի. Արցախը համաձայն է հակամարտութեան ամբողջական փաթեթի լուծման, որուն առաջին հիմնադրոյթը կարգավիճակի ճշդումն է: