ՀԱՄԲԱՐՁՈՒՄ ԱՂՊԱՇԵԱՆ
Կը թուի, թէ Թուրքիան ներկայիս, առանց որեւէ ուղղութեամբ, կը քալէ իր քաղաքականութեան փշոտ ճանապարհներուն մէջ:
Օսմանեան կայսրութիւնը գոյատեւեց հարիւրաւոր տարիներ, երբ օսմանեան կայսրը (խալիֆան) կայսրութեան քաղաքական եւ կրօնական պետն էր. իբրեւ իսլամներու խալիֆայի` ոեւէ մահմետական չէր կրնար չհետեւիլ անոր:
Կայսրութեան փլուզումէն ետք Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթիւրք հիմնեց Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը` 1923-ին, եւ Թուրքիան աշխարհիկ պետութեան վերածեց. սակայն անոր կատարած բոլոր փոփոխութիւնները չկրցան թուրք հասարակ խաւին մէջ արմատացած իսլամական սովորութիւնները ջնջել: Աթաթիւրք ուզեց իսլամներու խալիֆա ըլլալու բեռը Թուրքիոյ ուսերէն վար առնել, հետեւաբար թիկունք դարձուց Մեքքէին` իսլամական սրբավայրին, հայեացքը դէպի Արեւմուտք ուղղելով:
Անոր յաջորդողները նոյն քաղաքականութեան հետեւելով` միշտ փորձեցին երկրին եւրոպական զգեստ հագցնել… Ուստի Թուրքիան Հիւսիսատլանտեան խաղաղութեան կազմակերպութեան (ՆԱԹՕ) անդամակցելով` մնայուն համոզումը ունեցաւ, թէ ինք իր դրացի երկիրներէն աւելի՛ զարգացած է եւ հզօր:
Քանի մը եւրոպական կազմակերպութիւններու անդամակցելէն ետք Թուրքիա դիմեց Եւրոպական խորհուրդի անդամակցութեան, սակայն իր անդամակցութիւնը յաճախ յետաձգուեցաւ եւ տակաւին կը յետաձգուի քանի մը պայմաններու պատճառով. անոնցմէ մէկն է Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը: Թուրքիոյ նախկին նախագահ Թուրկութ Օզալ լաւ ըմբռնած էր անդամակցութեան յետաձգման բուն պատճառը եւ արտայայտուած էր այդ մասին` ըսելով. «Անոնք մեր անդամակցութիւնը չեն ուզեր, որովհետեւ մենք իսլամ ենք, իսկ իրենք` քրիստոնեայ, բայց այդպէս չեն արտայայտուիր»: Իսկապէ՛ս որ բուն հարցը քաղաքակրթութեան հակադրութիւնն է Թուրքիոյ եւ Եւրոպայի միջեւ, եւ պարզ է, որ եւրոպացիները Թուրքիան պիտի չընդունին իրենց շարքերուն մէջ:
Արդի Թուրքիան իսլամներու խալիֆա ըլլալ չուզեց եւ Մեքքայէն հեռացաւ Աթաթիւրքի օրերէն ի վեր, իսկ Եւրոպան ալ, իր կարգին, Թուրքիան իր շարքերուն մէջ չուզեց, եւ կը թուի, թէ երբե՛ք պիտի չուզէ: Պէտք էր, որ Թուրքիան ուրիշ ուղղութեամբ քալէր, հետեւաբար նոր ելք մը գտաւ` նախկին խորհրդային իսլամ երկիրները, որոնք Թուրքիոյ նման նոյն կրօնը, լեզուն եւ մշակոյթը ունին. ուստի, լաւ պիտի ըլլար անոնց հետ միանալ եւ Թուրքիոյ հին երազները` փանթուրանականութիւնը իրականացնել: Սակայն, բացի Ազրպէյճանէն, այդ երկիրներուն հետ կրօնական եւ մշակութային կապերէն աւելին չկրցաւ հաստատել. անոնք պարզապէս չուզեցին պարել Թուրքիոյ մեղեդիով: Իսկ Ռուսիան, միւս կողմէ, իր տնտեսական, ռազմավարական եւ այլ հին կապերը վերահաստատելով այդ երկիրներուն հետ` Թուրքիան ետ դարձուց իր սահմանները:
Ներկայիս, ՆԱԹՕ-ին համար Թուրքիա ծանր բեռ մը եղած է. անիկա համամտութիւն ցոյց չտուաւ, երբ Թուրքիոյ կողմէ ռուսական պատերազմական օդանաւը վար առնուեցաւ, այլ ընդհակառակը, լուրեր տարածեց` ըսելով, թէ ինք` ՆԱԹՕ, նեցուկ պիտի չկանգնի Թուրքիոյ` վերջինիս գլուխէն մղուած հակամարտութիւններուն պարագային:
Թուրքիոյ քաղաքականութիւնը նաեւ Սուրիոյ հանդէպ ձախողեցաւ, իսկ Էրտողանի ու Տաւութօղլուի «Զերօ խնդիր» քաղաքականութիւնը արդէն շատոնց ջուր ինկաւ: Սակայն Թուրքիոյ փառամոլ եւ յամառ նախագահ Էրտողան տակաւին իր անձնական հաշիւները ունի. ան դեռ կը փորձէ վերականգնել օսմանական փառքը եւ զօրութիւնը: Խալիֆայութիւնը հաստատելուն նուիրուած 5000 հոգինոց ժողով մը` թրքական «Թահրիր» կուսակցութեան կազմակերպութեամբ, Անգարայի մէջ, երբեք անհանգստութիւն չէ պատճառած Թուրքիոյ աշխարհիկ պետութեան, որուն ղեկավարն է արմատական իսլամ Էրտողան: Թուրքիան շատ օգտուեցաւ իր գաղտնի յարաբերութիւններէն եւ տնտեսական կապերէն` շինծու «Իսլամական պետութեան» (ՏԱՀԵՇ) հետ: Անիկա երկար ժամանակէ ի վեր «Իսլամական պետութեան» գրաւած հանքերէն արտադրուած քարիւղը շատ աժան գինով կը գնէ, իսկ իր կարգին, ՏԱՀԵՇ-ին զէնք, ուտեստեղէն, բժշկական ծառայութիւններ եւ ամէն տեսակի կազմակերպչական աջակցութիւն կ՛ապահովէ:
Բայց մինչեւ ե՞րբ…
Ռուսական աջակցութիւնը Սուրիոյ` Թուրքիոյ հաշիւները խանգարեց… Թուրքիոյ յարաբերութիւնները «Իսլամական պետութեան» հետ հեշտութեամբ չեն շարունակուիր… Քիւրտերը մղձաւանջ եղած են Թուրքիոյ համար. Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան անդամները կը շարունակեն իրենց պայքարը Թուրքիոյ պետութեան դէմ` օգնութիւն ստանալով այլ երկիրներէ` ըստ թրքական մամուլին: Նաեւ, Ամերիկա նեցուկ կը կանգնի Սուրիոյ քիւրտերուն, որոնք կը պատերազմին ՏԱՀԵՇ-ի դէմ` բաւական լաւ դիրքեր գրաւելով, եւ այդ մէկը եւս անհանգստութիւն կը պատճառէ Թուրքիոյ:
Վերջերս Անգարայի եւ Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցան քանի մը պայթումներ, որոնք քիւրտերուն վերագրուեցան: Թուրքիոյ միակ բարեկամները Իրաքի քիւրտերն են, որոնք տարիներէ ի վեր կթան կով եղած են Թուրքիոյ համար, սակայն անոնք եւս սնանկացան` Պաղտատի կառավարութեան նման:
Այս բոլոր դռները փակուելէն ետք Թուրքիան վերադարձած է իր հին հաշիւներուն. Էրտողան ջանք կը թափէ արաբներուն հետ համագործակցելու, սակայն ո՞ւր են անոնք… Սուրիա եւ Իրաք Իրանի հետ կը համագործակցին. Եգիպտոս կը հալածէ «Իսլամ եղբայրներ»-ը, որոնք եւս Էրտողանի գաղափարակիցներն են: Լիպիա եւ Թունուզ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ կը կռուին, իսկ Սէուտական Արաբիա եւ Ծոցի էմիրութիւնները ո՛չ Թուրքիայէն, ո՛չ ալ Իրանէն կ՛ախորժին. անոնք Ամերիկայի եւ Եւրոպայի աջակցութեան կը ձգտին: Աւելի՛ն. թուրքերը սիւննի իսլամներ են` «հանաֆի» վարդապետութեան հետեւորդներ եւ` «իխուան»-ներու շատ մօտ գաղափարակիցներ, իսկ Սէուտական Արաբիան եւ Քաթարը «ուահապի» ծայրայեղ իսլամներ են, եւ Թուրքիոյ հետ միատեղ` շրջանի քաղաքականութիւնը կ՛ուզեն որոշել: Թուրքիան Քաթարի մէջ կը հիմնէ զինուորական խարիսխ մը, ուր 3000 թուրք զինուորականներ պիտի տեղակայուին. ներկայիս այդ երկու երկիրները կը համագործակցին, որովհետեւ անոնց շահերը այդպէ՛ս կը պահանջեն:
Միւս կողմէ, Էրտողանի ներքին քաղաքականութիւնը եւս քաո՛ս մըն է, թոհուբո՛հ: Էրտողան մեզի կը յիշեցնէ 20-րդ դարու վատահամբաւ բռնակալները: Ան շատոնց արդէն իր երկրի զինուորականներուն թեւերը քաշած է եւ անոնցմէ քանիները` դատարան քաշքշած, իսկ ժամանակէ մը ի վեր կ՛ուզէ մամլոյ ազատ ձայները եւս դադրեցնել: Թաքսիմի հրապարակի դէպքերը տակաւին թարմ են ժողովուրդին յիշողութեան մէջ. մարդկային իրաւունքները շատո՜նց ոտնակոխ եղած են այդ պետութեան կողմէ շարք մը օրէնքներու հաստատումով: Էրտողան վայրագութեամբ կը ճնշէ քիւրտերու պահանջատիրութիւնը եւ ապստամբութիւնը… քրտական քանի մը քաղաքներ, ինչպէս Տիգրանակերտի շրջանը, արդէն տակն ու վրայ եղած են… Շարք մը լրագրողներ եւ մտաւորականներ դատարան կանչելէ ետք Էրտողան մերժած է ի՛ր իսկ երկրի բարձրագոյն ատեանին որոշումը` «Ճումհուրիյէթ» թերթի խմբագիրը ու նոյն թերթի Անգարայի բաժինի տնօրէնը ազատ արձակելու վերաբերեալ, այդպիսով խախտած ըլլալով երկրին սահմանադրութիւնը եւ, աւելի՛ն, գրաւած է նախապէս ընդդիմադիր «Զաման» թերթը եւ ձեռք դրած` «Ճիհան» լրատուական գործակալութեան վրայ…
Թուրքիան նաեւ շանթաժի կ՛ենթարկէ Եւրոպան եւ կը չարաշահէ գաղթականներու հարցը` խոչընդոտելով նաեւ Սուրիոյ հարցի լուծումը:
Կը թուի, թէ ներկայ Թուրքիան մեծ քաղաքական բեռ մը եղած է իր դաշնակիցներուն համար: Սակայն գալիքը աւելի՛ կարծր եւ կոպիտ պիտի ըլլայ, այնքա՛ն ատեն որ Էրտողան ինքզինք գերհզօր կը զգայ եւ օսմանական փառքերը վերականգնել կ՛ուզէ: Արդեօք Թուրքիան ոտքի պիտի կանգնի՞ եւ իր ձեռք ձգած արդիականացումը պահէ, թէ՞ Էրտողան պիտի շարունակէ իր ծրագիրները, կամ` արդեօք մեծ պետութիւնները ուրիշ ծրագիրնե՞ր ունին տարածաշրջանին համար եւ ի միջի այլոց` Թուրքիոյ համար…
22 մարտ, 2016