Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17144

Յաղթանակի Համը

$
0
0

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Մենք խաղաղ էինք մեր լեռների պէս,
…Դուք հողմերի պէս կը կորչէք վայրագ:

Ապրիլի առաջին օրերուն Մարտակերտի եւ Մարտունիի սահմաններուն վրայ ազերիական յարձակումը սխրանքի նոր էջեր արձանագրեց հայրենի հողին պաշտպաններուն ու աշխարհատարած հայութեան համար, անգամ մը եւս մեր քիմքերուն բերելով յաղթանակի համը, զոր զգացած էինք շուրջ 25 տարի առաջ, Հայաստանի անկախութեան վերահաստատման ու Արցախի ազատագրութեան օրերուն:

Ռազմաճակատին վրայ, անակնկալ եւ գերիվեր ուժերու յարձակումին պատճառով առաջին ընկրկումէն ետք, մեր ուժերը յաջողեցան ետ մղել նախայարձակ բանակները եւ վերահաստատել փխրուն հաւասարակշռութիւնը: Տուինք շատ սուղ զոհեր, որոնք գումարուեցան մեր նահատակներու փաղանգին եւ անգամ մը եւս յիշեցուցին, որ «Հողը արիւնով են փրկում, իմացէ՛ք»: Արցախի սահմաններուն վրայ անգամ մը եւս վերակենդանացաւ Սասունցի Դաւիթի ոգին, որ խորտակեց Մսրայ Մելիքի դերով ներկայացող Ալիեւն ու իր բանակները` յայտարարելով. «Դեռ կենդանի ենք…»:

Հայ սահմանապահ զինուորը իր կողքին ունեցաւ ողջ հայութիւնը` Հայաստանէն մինչեւ սփիւռքեան մօտակայ ու հեռաւոր ափեր: Հայաստանէն` հին ազատամարտիկները եղան մարտահրաւէրին առաջին ընդառաջողները. հայ ուսանողներ ու երիտասարդներ փութացին կամաւոր արձանագրուելու: Հայ բժիշկն ու բուժակը «պատրաստ ենք» ըսին, ամբողջ ժողովուրդը օժանդակութիւններու նուիրահաւաք կազմակերպեց ու գործնապէս ըսաւ արցախցիին. «Առանձին չես. մենք քու կողքիդ ենք»: Նոյնը ըրին սփիւռքեան օճախներու զաւակները. օժանդակութեանց հոսքը կը շարունակուի:

Հայ պետական ու քաղաքական աւագանին ըստ կարելւոյն գտնուեցաւ իր պատասխանատուութեան դիրքերուն վրայ: Ներքին ճակատին վրայ, միասնական դիրք կազմելու եւ միահամուռ զօրակցութիւն ցուցաբերելու կողքին, շարժման մէջ դրաւ քաղաքական ու դիւանագիտական յարաբերութեանց մեքենան` ցոյց տալու աշխարհին, թէ մենք խաղաղասէր ենք ու կը մնանք խաղաղութեան ճամբան նախընտրողը, սակայն պատրաստ չենք հրաժարելու մեր հայրենի հողերէն ու իրաւունքներէն, չենք կրնար հանդուրժել պատմական իրականութեանց խեղաթիւրումը, ո՛վ որ ալ ըլլայ խեղաթիւրողը:

Հայրենի լրատու աղբիւրները ցուցաբերեցին համապատասխան վարմունք: Երեւանէն ու Արցախէն հաղորդուած լուրերը ուղղակի արձագանգը եղան «մենք հոս ենք, պաշտպան ենք, հանգիստ եղէք» ըսող զինուորին ու հրամանատարին հաւաստիքներուն, թարգմանը հանդիսացան հայ ծնողներու զոհաբերութեան կամքին, եւ օրը օրին քայլ պահեցին գետնի վրայ արձանագրուող զարգացումներուն հետ: Եղան ուղղամիտ, չվարակուեցան ազերիական ստապատիր լրատուութեան վարմունքէն, ողջ հայութիւնը մասնակից դարձուցին դիրքերու վերանուաճումին, Թալիշի ու այլ գիւղերու ազատագրումին:

Սփիւռքի տարածքին, հայութիւնը ամբողջ, բայց մանաւանդ մեր երիտասարդ սերունդը գործնապէս ցոյց տուաւ, որ անմասն չէ երիտասարդ զինուորներու սխրանքին, իր կարգին պատրաստ է Ազրպէյճանի յելուզակութեանց դէմ պայքարի եւ Ալիեւներու ոճրագործ ձեռքերն ու հաշիւները բացայայտելու: Երեւանէն մինչեւ Պէյրութ, Ֆրանսայէն մինչեւ եւրոպական քաղաքներ ու Միացեալ Նահանգներ` Լոս Անճելըս, Ուաշինկթըն եւ այլուր, հայութիւնը ոտքի կանգնեցաւ Արցախի կողքին, մինչ հայրենամերձ գաղթօճախներէ երիտասարդներ հայրենիք կը փութային սահմանապահին միանալու կամքով:

Ապրիլեան ճակատամարտին համար սուղ վճարեցինք, այո՛ սակայն վերյիշեցինք քառորդ դար առաջ արձանագրուած յաղթանակներուն համը…

***

Սահմանագիծը վերջնականապէս չէ խաղաղած: Ազերիական կողմը զինարձակումներ կատարեց մինչեւ անգամ այն պահուն, երբ նախորդ օրերուն արձանագրուած զոհերուն մարմինները կը փոխանակուէին միջազգային իրաւարարներու ներկայութեան, ապացուցելով, թէ ո՛վ է նախայարձակն ու համաձայնութիւնները ոտնակոխողը:

Քաղաքական հորիզոնը տակաւին կը մնայ վտանգալից: Հայ սահմանապահը կը մնայ արթուն եւ իր կողքին ունի սթափ հայութիւնը ամբողջ:

Զինադուլի յայտարարութենէն ետք բացուեցան մեկնաբանութիւններու եւ նախատեսութիւններու էջերը: Ծայր առին արդար ու երբեմն ալ դաժան իրականութիւնները անտեսող մեկնաբանութիւններ եւ տեղեկութիւններ: Լուսարձակներ բացուեցան Ալիեւի հետապնդած նպատակներուն, այս կամ այն հզօր ուժի միջամտութեան յայտնի կամ քողարկեալ դիտաւորութեանց, դաշնակիցէն, միջնորդէն ու քաղաքակիրթ աշխարհէն մեր արդար ակնկալութեանց վրայ:

Դառնանալու շատ պատճառ ունինք, սակայն պէտք չէ մոռնանք ու մտահան ընենք, որ նման դառնութիւններ, բացայայտ ու վերագրեալ անարդարութիւններ միշտ ալ ընթացած են ոչ միայն մեր արդարատենչութեան, այլ նաեւ մեզի նման արդար պահանջներ եւ իրաւունքներ ունեցողներու դէմ (միայն մէկ օրինակ նշելու  համար արձանագրենք, որ Սուրիոյ ու Թուրքիոյ մէջ ծայրայեղական ուժերու դէմ կռուող քիւրտերը իրենք զիրենք անտեսուած ու արհամարհուած կը զգան անոնց կողմէ, որոնք կը յայտարարէին, թէ իրենց հետ կը կանգնին նոյն խրամատին մէջ, որոշ օժանդակութիւններ տրամադրեցին իրենց):

Ուրեմն ի՞նչ:

Ուրեմն մեզի կը մնայ չոր ճշմարտութիւնները տեսնել իրենց ամէնէն տգեղ դիմագիծով, անդրադառնալ, որ ինչպէս Արցախի սահմաններուն, նոյնպէս ալ քաղաքական-դիւանագիտական ու քարոզչական ասպարէզներուն մէջ առաւելաբար պիտի յենինք մե՛ր սեփական բազուկին վրայ, դերերու բաշխումով` պիտի լծուինք ցարդ կատարուածէն աւելի՛ արդիւնաւոր աշխատանքի:

Այս մօտեցումով, մենք մեզ կրնանք մինչեւ իսկ… բախտաւոր զգալ, որովհետեւ արեւմտեան աշխարհն ու մեծ ուժերը հրապուրելու ձգտող Ազրպէյճանը եւ անոր գործակիցը` Թուրքիան, առատ վառելանիւթ կը տրամադրեն մեր աշխատանքներուն:

Չենք անտեսեր իրականութիւնները, ոչ ալ մեր ոտքերը գետնէն կը կտրենք, զգացականութեամբ վարակուած, այլ նոյն այդ դառն իրականութիւնները տեսնելով` անհրաժեշտ է փաստագրեալ թղթածրարներ ներկայացնել ազերիական ոճիրներուն մասին, ցոյց տալու համար, որ հայ գիւղացիին ու նահատակ զինուորին դէմ գործադրուած անմարդկային արարքները կը կրեն Միջին Արեւելքը ահաբեկող ծայրայեղականներու ստորագրութիւնը: Անհրաժեշտ է յիշողութեան կորուստէ տառապող (կամ այդ խաղը խաղացող) միջնորդներուն ու մամլոյ աղբիւրներուն ուղեղներուն մէջ կրկին ու կրկին արձանագրել, որ Արցախը հայկական էր Ազրպէյճան անունով պետութեան մը գոյառումէն դարեր առաջ: Ի հարկին, քաղաքավար ձեւերով բռնել Մինսքի խմբակին անդամներուն ու խաղաղութիւն քարոզողներուն ականջներէն, զանոնք տանիլ սահմանագիծ, ցոյց տալ, թէ ինչպէս անցեալին, նոյնպէս ալ այսօր ազերիական կողմն է նախայարձակը, զինադուլը խախտողը, խաղաղարար նախաձեռնութիւնները պատին զարնողը: Ըսել` հաւասարակշռութիւն եւ իբր թէ չէզոքութիւն խաղացողներուն, որ կարելի չէ զոհն ու դահիճը դնել հաւասար նժարի վրայ, նաեւ ցոյց տալ անոնց, որ Ազրպէյճանի քարիւղն ու անկէ ձեռք բերուած հարստութիւններ դարպասելու, Պաքուն զինելու  հաշիւները չեն կրնար յառաջ տարուիլ Արցախի, Հայաստանի ու ողջ հայութեան արդար իրաւուքներուն հաշուոյն: Ամէն մարդ իրաւուքն ունի իր սեփական շահերը հետապնդելու, սակայն ոչ` մեր եւ ուրիշ իրաւատէրերու հաշուոյն:

***

Մեր պայքարն ու աշխատանքը պիտի շարունակենք այս մօտեցումով, պետական թէ ժողովրդային մակարդակներու վրայ: Պիտի անցնինք Ազրպէյճանի դիւանագիտական ներկայացուցչութեանց առջեւ ցոյցեր կազմակերպելու հանգրուանէն անդին եւ մեր փաստագրական յուշագիրներով պիտի ռմբակոծենք, երկրաշարժի պիտի ենթարկենք բոլոր այն պետութիւնները, որոնք կը յաւակնին ըլլալ խաղաղարար միջնորդ, եւրոպական ու միջազգային բոլոր այն կազմակերպութիւններն ու մարմինները, որոնց աչքերը պէտք ունին վերստին ու վերստին բացուելու: Հայ կարգ մը յայտնի դէմքերու կողքին, մեր արդար իրաւունքներուն ի նպաստ արտայայտուելու եւ գործելու պիտի հրաւիրենք համաշխարհային ճանաչում եւ ազդեցութիւն ունեցող անհատներ, անոնք ըլլան կրօնաւոր, արուեստագէտ, թէ տարբեր մարզերու ծառայողներ: Նման համատարած շարժումով է, որ պիտի ծաւալենք Արցախին զօրակցելու մեր ճիգերը, որպէսզի առնենք նաեւ քաղաքական ու տեղեկատուական գետիններու վրայ յաղթանակի համը:

***

Այս բոլորին զուգահեռ, պիտի չբաւականանք միայն հոգեհանգիստի, հանրահաւաքներու եւ մոմավառութեանց պահուն բարձրացնելով մեր նորագոյն նահատակներուն լուսանկարները, այլ անոնցմով պիտի զարդարենք մեր դպրոցներուն, կեդրոններուն, պետական ու հանրային հաստատութեանց եւ տուներուն պատերը, որպէսզի անոնք միշտ մնան երիտասարդ, ամէն օր յիշենք անոնց պատգամը. «Մեր պայքարին մէջ պիտի վստահինք մեր ուժերուն, հայրենի հողը պաշտպանելու համար ետ պիտի չկանգնինք գերագոյնը զոհաբերելէ», որովհետեւ, Շաւարշանի փոխարէն, այսօր Արցախը «ոռոգուած է հայոց քաջաց արիւնով», ու մենք պատրաստ ենք խաղաղ մնալ մեր լեռներուն պէս, մինչ վայրագ հողմերը պիտի կորչին:

11 ապրիլ


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17144

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>