Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17136

Անդրադարձ. Մեր Հերոս Ազգին Քաջարի Զինուորները

$
0
0

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

Քանաքեռի կարի գործարանը զինուորական համազգեստի պակաս չունի եւ արդէն իսկ կ՛արտադրէ մեծ չափի մինչեւ թիւ 64 տարազներ, հազարաւոր կամաւոր ազատամարտիկներուն համար (տես https://youtu.be/uHmHLh9WUPs):

Մեծ չափի համազգեստ կը պատրաստուի

Մեծ չափի համազգեստ կը պատրաստուի

Քանաքեռի զինուորական համազգեստի գործարանը

Քանաքեռի զինուորական համազգեստի գործարանը

3 Ապրիլ 2016-ին, հանգիստի ժամուն, լսելով զինակիցներուն ահազանգը եւ տեսնելով բլուրի ետեւէն բարձրացող թշնամիին ուղղաթիռը` շուրջ 40-50 մեթր հեռաւորութեան վրայ Նարեկ Մալխասեան նռնականերով վար կ՛առնէ զայն (տես` https://youtu.be/cyLQ2EVepRI?t=37):

Թշնամիին ուղղաթիռներէն մէկը վար առնող հերոս Նարեկ Մալխասեան

Թշնամիին ուղղաթիռներէն մէկը վար
առնող հերոս Նարեկ Մալխասեան

Թշնամիին ջախջախուած ուղղաթիռը

Թշնամիին ջախջախուած ուղղաթիռը

 

6 ապրիլ 2016-ին ռուսական միջնորդութեամբ  «զինադադար»-ի որոշում տրուեցաւ` 2 ապրիլ 2016-ի ժամը 3:00-ին Արցախի դէմ Ազրպէյճանի կողմէ շղթայազերծուած լայնածաւալ յարձակումին պատճառով սկսած «պատերազմ»-ին: 1994 թուականին միջազգային ճանաչումով ամրագրուած իբր թէ «զինադադարէն» ետք, զոր Ազրպէյճանը անդադար կը խախտէր, յատկապէս վերջին երկու տարիներուն` աւելի յաճախակիօրէն, անսպասելի չէր այս արիւնալի արկածախնդրութիւնը, որ այժմու դրութեամբ, մինչեւ Արցախի Հանրապետութեան ճանաչումը, հաւանականութիւնը մեծ է, որ կրկնուի:

Ազրպէյճանը ունի դրացի վեց երկիրներ. հիւսիսը` Դաշնակցային Ռուսիոյ Տաղստանի մարզը, հարաւը` Իրան, հիւսիս-արեւմուտքը` Վրաստան, արեւմուտքը` Հայաստան եւ Արցախ, իսկ բռնագրաւուած Նախիջեւանի արեւմուտքը` Թուրքիոյ կողմէ բռնագրաւուած Արեւմտեան Հայաստանը: Վերջին տարիներուն միլիառաւոր տոլարներով ապահոված յարձակողական արդիական ռազմամթերքը, յատկապէս` Ռուսիայէն (4 միլիառ) եւ Իսրայէլէն (1,2 միլիառ) ու անշուշտ Թուրքիայէն, ո՞ր դրացիներուն դէմ պիտի գործածէր, եթէ ոչ` Արցախի եւ Հայաստանի դէմ: Վրաստանի հետ Ազրպէյճան սերտ յարաբերութեան մէջ է առ այժմ քարիւղի եւ կազի Պաքու-Ճէյհան խողովակաշարի տարանցումի համաձայնութիւններով: Իսկ միւս երկիրները` Ռուսիա եւ Իրան, անհամեմատ հզօր են անոնց դէմ պատերազմելու համար… զէնք վաճառողները անշուշտ գիտեն այս մէկը:

Արդարացի է հարցնել, թէ Հայաստանի ռազմավարական դաշնակից Ռուսիան ինչո՞ւ կը զինէ Ազրպէյճանը` քաջ գիտնալով, որ այդ զէնքերը պիտի գործածուին իր իսկ դաշնակիցին` Հայաստանի դէմ, ուր ռուսական զօրակայան կը գտնուի, եւ` Արցախի դէմ, երբ համայն աշխարհը գիտէ, թէ ներկայ դրութեամբ Հայաստանի անբաժան «դաշնակիցն» է (Հայաստանի անբաժան մասը): Երկրորդ, ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբի համանախագահող երկիրներէն մէկը` իբրեւ միջնորդ, ի՞նչ տրամաբանութեամբ կը շարունակէ կողմերէն մէկը անհամեմատօրէն զինել: Յայտարարուեցաւ նաեւ, որ ռազմամթերք մատակարարելու այս համաձայնութիւնը ի զօրու է տակաւին եւ զինամթերքի հոսքը դէպի Ազրպէյճան պիտի շարունակուի: Արդեօք Ռուսիան Արցախի հարցը իբրեւ դամոկլեան սո՞ւր կ՛օգտագործէ թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ Ազրպէյճանի դէմ, որպէսզի անոնք Վրաստանի եւ Ուքրանիոյ նման Արեւմուտքին եւ ՕԹԱՆ-ին մօտենալով` չմտնեն անոր հովանիին տակ: Միւս կողմէ` նաեւ տնտեսական շահ ալ կ՛ապահովէ անմեղ հայ զոհերու հաշուոյն:

Ազրպէյճանի պարագային, Ռուսիոյ այս մտավախութիւնը տեղին է, քանի որ, սկսելով` 1. Կապալայի ռուսական ռազմավարական ռատարի կայանին:

Զինամթերքով լեցուն ազերի բեռնակառքը գրաւուած 8 Ապրիլին

Զինամթերքով լեցուն ազերի բեռնակառքը գրաւուած 8 Ապրիլին

Ազրպէյճանի կողմէ համաձայնութիւնը չվերանորոգելու որոշումէն, 2. 1999-ին դուրս գալով ՀԱՊԿ-էն (Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութիւն) եւ 3. Չանդամակցելով Եւրասիական միութեան, եւ այլ տեսակի արեւմտամէտ քաղաքականութեամբ, գործնապէս «հեռացա՞ծ» է ռուսական ազդեցութեան գօտիէն: Անկախ այս բոլորէն, Ազրպէյճանը նաեւ կազի եւ քարիւղի մարզին մէջ անբաղձալի մրցակիցն է Ռուսիոյ: Մինչ Հայաստան այժմ գործնապէս կը նախագահէ ՀԱՊԿ-ին եւ անդամ է Եւրասիական Միութեան, եւ անջատաբար, դաշնակից ու «բարեկամ», մանաւանդ ռազմական եւ այլ տեսակի համաձայնութիւններով Ռուսիոյ Դաշնութեան հետ: «Ռուսիա եղած է եւ կը մնայ Հայաստանի վստահելի գործընկերն ու ընկերը», 7 ապրիլ 2016-ին յայտարարեց Հայաստան այցելած Ռուսիոյ Դաշնութեան վարչապետ Տմիթրի Մետվետեւ:

Ինչու՞ Ռուսիան Հայաստանի նկատմամբ մտավախութիւն ունի տակաւին… Արդեօք կարգ մը արկածախնդիր եւ անհեթեթ «քաղաքական գործիչներու» Եւրոպական միութեան դրօշներով բոլորովին այլ նպատակով կայացած ցոյցերու մասնակցի՞լն էր, թէ՞ այլապէս: Այս արկածախնդիր «քաղաքական գործիչները» չե՞ն տեսներ, թէ ի՛նչ պատահեցաւ Վրաստանին եւ ապա` Ուքրանիոյ: Այստեղ կ՛արժէ նշել 1874-1880 Մեծն Բրիտանիոյ վարչապետ Պենժամին Տիզրայէլիի` հայերուն տրուած քաջալերական եւ զօրակցութեան խոստումներէն ետք, ճգնաժամի պահուն իր հայադաւ խօսքը` «Մեր մարտանաւերը Արարատ լեռ չեն կրնար բարձրանալ»:

Զինադադար պարտադրող մեր սահմանապահ հերոս զինուորները

Զինադադար պարտադրող մեր սահմանապահ հերոս զինուորները

Դրական էր վերջերս ռուս-թրքական սուր տագնապին պատճառով հետեւանքով, ռուս կուսակցութիւններու եւ քաղաքական գործիչներու` Հայ դատին եւ Արցախին ի նպաստ կեցուածքները: Սակայն կ՛ակնկալենք շատ աւելին, յատկապէս ազգերու ինքնորոշման իրաւունքին հիման վրայ Խրիմի` Ռուսիոյ վերամիացումէն ետք: Ռուս պատմաբանները, քաղաքական գործիչները եւ մամուլը իբրեւ հիմնական ժառանգորդները Խորհրդային Միութեան` բարոյական պարտաւորութեան տակ կը գտնուին լուսաբանելու Արցախի պատմական իրադարձութիւնները` վերաբանալով այդ շրջանի իրենց արխիւները եւ պարզելով հետեւեալը.

1.  Ինչպէս որ Խորհրդային Միութիւնը Խրուշչեւի որոշումով Խրիմը «նուիրեց» Ուքրանիոյ, նոյնպէս Ստալինը Հայաստանի Հանրապետութեան մաս կազմող հայկական պատմական Արցախը (Լեռնային Ղարաբաղ) եւ Նախիջեւանը «նուիրեց» 1918-էն առաջ պատմութեան մէջ գոյութիւն իսկ չունեցած Ազրպէյճանին, իսկ Ախալքալաքը` Վրաստանին: Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքներէն եւ Արեւմտեան Հայաստանի մաս կազմող Կարսը, Արտահանը, Արարատ լեռը յանձնեց պարտութեան մատնուած Թուրքիոյ, մինչ կարելիութիւնը ունէր Արեւմտահայաստանէն յաւելեա՛լ շրջաններ վերամիացնել Հայաստանին, իմա` Խորհրդային Միութեան: 1920 թուականին հայ ժողովուրդի արիւնով ազատագրուած շուրջ 70 հազար քառ. քմ. տարածութիւն ունեցող Հայաստանի Հանրապետութիւնը վերածուեցաւ 29,743 քառ. քմ.-ի, այսինքն` կէսէն պակաս, շուրջ 42%-ի:

2. 1988-ին Խորհրդային Ազրպէյճանի իշխանութեան եւ ժողովուրդին կողմէ Ազրպէյճանի տարածքին ապրող եւ Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզի հայ բնակչութեան դէմ կատարուեցան հալածանք, կոտորած եւ ջարդ, այսինքն` ցեղասպանութիւն: Գերպետութիւն եղող խորհրդային կեդրոնական իշխանութիւնը, թէպէտ բացարձակ կարողութիւնը ունէր, բայց չպաշտպանեց իր անզէն հայ բնակչութիւնը որ օր ցերեկով ցեղային մաքրագործումի կ՛ենթարկուէր:

3. Լեռնային Ղարաբաղի հայ ժողովուրդը խորհրդային վարչակարգի ժամանակ եւ ըստ խորհրդային թիւ 990 04 03 օրէնքին, հանրաքուէի միջոցով անկախութիւն հռչակեց` դուրս գալով Ազրպէյճանի հոգատարութենէն եւ դառնալով անկախ պետութիւն: Հայկական երկրորդ հանրապետութեան ճակատագիրը վճռուեցաւ 10 դեկտեմբեր 1991-ին, երբ Արցախի հայութիւնը միահամուռ շարքերով դիմեց քուէատուփ, որպէսզի միասնական իր ձայնով «Այո՛» պատասխանէ Անկախութեան հանրաքուէին:

Այդ օրերուն Խորհրդային Միութիւնը դեռ չէր լուծարուած պաշտօնապէս: Իսկ խորհրդային գործող սահմանադրութեամբ ու օրէնքներով, համաժողովրդային քուէարկութեամբ կատարուած հանրաքուէն իրաւական միակ երաշխիքն էր հաւաքական կամքի ազատ արտայայտութեան:

Արցախի հայութիւնը, դիմելով ազգային ինքնորոշման իր իրաւունքը նաեւ իրաւականօրէն նուաճելու քայլին, օտարերկրեայ դիտորդներու ներկայութեան իրագործեց աննախընթաց հանրաքուէ մը: Քուէարկութեան մասնակցեցաւ բնակչութեան 82,2 տոկոսը, որուն 99,9  տոկոսը կողմ քուէարկեց անկախութեան` վճռելով Ազրպէյճանի կազմէն դուրս գալ, համաձայն 1990 04 03 թուակիր խորհրդային օրէնքին, որ այդ ժամանակ ուժի մէջ էր եւ միջազգային ճանաչում ունէր:» (Տես` «Ազատ Օր», 10 դեկտեմբեր 2013):

Ահա այսօր, առանց մխրճուելու մանրամասնութիւններու եւ դիւանագիտական դարձուածքներու մէջ, վերեւ յիշուած իրականութիւններուն վերահաստատումը կ՛ակնկալենք եւ կը պահանջենք դաշնակից ու բարեկամ Ռուսիոյ կողմէ  համապատասխան դիրքորոշում: Բանակցութիւնները ա՛յս պատմական իրականութիւններուն հիման վրայ է որ պէտք է շարունակուին` նպատակ ունենալով Արցախի Հանրապետութեան իրաւական ճանաչութիւն:

Շատ քիչ անդրադարձ կատարուած է 1950-1953 քորէական պատերազմին ընթացքին Միացեալ Նահանգներու կողքին շուրջ 5000 թուրք զինուորներու մասնակցութեան մասին, մանաւանդ` անոնց արիւնարբու վայրագութեանց: Ինծի ծանօթ քանի մը ամերիկացի վեթերաններ (Ճ.Ճ, Ֆ.Մ. եւ այլք), որոնք մասնակցած են պատերազմին, քստմնելի դրուագներ պատմեցին թուրք զինուորներու մասին, որոնք ռմբակոծումներէ ետք կ՛երթային եւ դիակները կը գլխատէին, եւ ականջներ եւ մարմնի այլ մասեր կտրելով` քովերնին կը պահէին… Այս եւ այլ վայրագութեանց մասին տեղեկութիւններ տուին, երբ 1978-ին թրքական բանտերու մասին զգայացունց «Միտնայթ էքսփրես» (օրին արաբական երկիրներու մէջ ցուցադրութիւնը Թուրքիոյ ճնշումով արգիլուած) տեսերիզը կը դիտէինք Ամմանի մէջ: Այս անմարդկային վարքագիծին մասին իբրեւ «տգէտ բարբարոսներ»` նկարագրուած է նաեւ Ֆեհրենպախի 1963-ին լոյս տեսած գիրքին մէջ` «Տիս քինկ աֆ ուոր», էջ 543-544:

Ահա այս նոյն քստմնելի վարքագիծին, բարբարոսութեան ապրիլ 2-էն 8 ականատես եղանք, Արցախի մէջ, Թալիշի բնակիչ երեք անզէն ծերունիներու դէմ, ինչպէս նաեւ` մեր կարգ մը նահատակուած զինուորներու պարագային: Ա՛յս է բարբարոս վարքագիծը միջին դարերէն սկսեալ` անցնելով Հայոց ցեղասպանութիւն եւ հասնելով ժամանակակից թուրքին եւ ցեղակից ազերի թուրքին:

«Միայն զէնքով կայ հայոց փրկութիւն»

«Միայն զէնքով կայ հայոց փրկութիւն»

Արցախի Պաշտպանութեան բանակը եւ անոր կողքին կանգնող կամաւոր ազատամարտիկները, հայկական պաշտպանութեան համակարգը եւ համայն հայութիւնը արժանի հակահարուածով զինադադար պարտադրեց թշնամիին: Փա՜ռք մեր հերոս ազգին քաջարի զինուորներուն եւ հայրենիքի պաշտպանութեան համար անմահացած նահատակներուն:

Սեփական ուժին վստահելով` «Միայն զէնքով կայ հայոց փրկութիւն»:

9 ապրիլ 2016


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17136

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>