Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Յունաստան
Հայ Նահատակ Գրողներու
Նուիրուած Երեկոյ
Կազմակերպութեամբ Յունաստանի Համազգայինի Ատտիկէի «Սօս-Վանի» մասնաճիւղին, 2 ապրիլին Քոքինիոյ «Զաւարեան» կեդրոնի «Զաքարեան¬Սարաճեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ 1915-ի ապրիլեան հայ նահատակ գրողներու նուիրուած երեկոյ «Կարմիր կիրակի» խորհրդանշական ընդհանուր խորագիրին տակ:
Վարչութեան անունով բացման խօսքը արտասանեց Ասատուր Եզեկիէլեան, որ բացատրեց օրուան ձեռնարկին նպատակը:
Օրուան գեղարուեստական յայտագրին ընդմէջէն, մեղմ երաժշտութեան ընկերակցութեամբ, Սիմոն Ասիպեան եւ Քրիսթին Աբրահամեան համակարգչային յաջորդական դասաւորումով ներկայացուցին մեր նահատակ գրողներու եւ բանաստեղծներու կենսագրութիւնը, լուսանկարը եւ անոնց կեանքի յատկանշական պահեր ներկայացնող ընտանեկան պատկերներ: Օրուան գեղարուեստական յայտագրին իրենց մասնակցութիւնը բերին արտասանութիւններով, երգերով եւ հեղինակներու կենսագրական գիծերը ներկայացելով` Լիլիթ Մուրատեան, Արմինէ Ղուլարեան, Արմիկ Պարազեան, Անահիտ Պապայեան, Անահիտ Սարիբէկեան, Լիլիթ Արզումանեան, Քրիսթինէ Աբրահամեան, Մարթա Պապուճեան:
Աւարտին, Համազգայինի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչը տեղեկութիւններ տուաւ այդ օրը Լեռնային Ղարաբաղի դէմ Ազրպէյճանի բանակին կողմէ շղթայազերծուած զինեալ յարձակման մասին եւ յայտարարեց, որ յաջորդ օր` կիրակի, 3 ապրիլի կէսօրին Աթէնքի Ազրպէյճանական դեսպանատան առջեւ ժողովրդային հաւաք մը կազմակերպուած է հայրենի մեր բանակին ու ժողովուրդին մեր զօրակցութիւնը արտայայտելու եւ պատերազմի անմիջական դադարեցումը պահանջելու համար:
Սարօ Տեմիրճեանին Համերգը
Մարտ 30-ին, Աթէնքի ֆրանսական հիմնարկի մշակութային կեդրոնի հանդիսասրահին մէջ աւելի քան 500 հոգիի (հայ, յոյն, ֆրանսացի, լիբանանցի) ներկայութեան տեղի ունեցաւ երգիչ Սարօ Տեմիրճեանին համերգը:
Ֆրանսայի դեսպանը իր խօսքին մէջ վեր առաւ հայ ժողովուրդի մտաւոր արժանիքները եւ գոհունակութեամբ նշեց, որ յունահայ գաղութի հայերը մեծ մասով ֆրանսախօս են եւ մօտիկ` ֆրանսական քաղաքակրթութեան:
Սարօ Տեմիրճեան եւ իր նուագախումբը մեկնաբանեցին աւելի քան 10 հայկական երգեր, որոնց կարգին` Հայոց ցեղասպանութեան ձօնուած եւ իր յօրինումներէն ստեղծագործութիւններ, Շարլ Ազնաւուրի երգերէն, նաեւ ֆրանսերէն եւ արաբերէն երգեր: Ելոյթի ընթացքին հայկական պարերով հանդէս եկաւ Յունաստանի Համազգային պարախումբը:
Պոլիս
Քանդակագործ Էրոլ Սարաֆեանի
Նոր Ստեղծագործութիւնը`
Օրմանեան Պատրիարքի Արձանը
Մարտ 28-ին պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Արամ արք. Աթէշեանի նախագահութեամբ Շիշլիի հայոց գերեզմանատան մէջ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն:
Այս առիթով տեղի ունեցաւ Թուրքիոյ հայոց վախճանեալ մեծանուն պատրիարքներէն Մաղաքիա արք. Օրմանեանի քանդակուած ճերմակ մարմարէ նոր արձանին բացումը: Արձանը քանդակուած էր քանդակագործ ու նկարիչ Էրոլ Սարաֆեանի կողմէ:
Մօտաւորապէս երկու մեթր բարձրութեամբ արձանի պատուանդանին վրայ գրուած են պատրիարքի անունն ու մականունը եւ ծննդեան ու վախճանման թուականները, իսկ աջ եւ ձախ կողմերուն վրայ կայ նշանաւոր բանաստեղծ Իգնա Սարըասլանի կողմէ մեծանուն պատրիարքին մասին ձօնագրութիւն մը: Գերեզմանատան յանձնախումբին կողմէ հրատարակուած էր նաեւ թերթիկ մը` երանաշնորհ Օրմանեան պատրիարքի կենսագրական գիծերուն մասին:
Կաթողիկէ հայ համայնքի վիճակաւոր Լեւոն արք. Զէքիեան իր խօսքին մէջ նշեց, թէ արձանը կանգնեցնելու որոշումը ամէնէն ճիշդ քայլն է, որպէսզի մեծ եկեղեցականին, մեծ հայուն, մեծանուն գիտնականին յիշատակը թարմ մնայ Շիշլիի գերեզմանատան մէջ: Ան նկատել տուաւ, որ Օրմանեան պատրիարքին «Ազգապատում»-ը Հայաստանեայց եկեղեցւոյ պատմութեան կոթողային գործերէն մէկն է:
Ապա խօսք առաւ պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Արամ արք. Աթէշեան, որ ընդգծեց պատրիարքին կարեւոր յատկանիշները` շեշտելով, որ Օրմանեան պատրիարք աստուածաբան, պատմաբան, հայագէտ, դիւանագէտ, գիտնական եւ մեծանուն հեղինակ էր:
Նոր Ջուղա
«Ասուպ» Նուագախումբին
Առաջին Նուագահանդէսը
Հովանաւորութեամբ «Չհարմահալ» ուսանողական միութեան Նոր Ջուղայի մասնաճիւղի վարչութեան, 4 մարտին Նոր Ջուղայի հայոց ազգ. կրթահամալիրի «Ալենուշ Տէրեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Ասուպ» նուագախումբին առաջին նուագահանդէսը` ռոք երաժշտութեան անզուգական կատարումներով:
3-ամեայ «Ասուպ» նուագախումբը ռոք կատարումներով հանդէս եկած է զանազան ելոյթներով, ինչպէս` Ջաւախքի նուիրուած փառատօնը եւ Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչման ձեռնարկները :
«Չհարմահալ» միութեան Նոր Ջուղայի մասնաճիւղի վարչութեան անունով միութեան մշակութային-գեղարուեստական միաւորի անդամ Վանէ Թորոսեան խօսք առնելով` անդրադարձաւ «Ասուպ»-ի հիմնադրութեան եւ գործունէութեան: Նոյն միաւորի անդամ Վեհանուշ Խուտապախշեան խօսեցաւ ռոք երաժշտութեան ծագումին մասին: Նուագախումբին անունով Դրօ Տէր-Մարտիրոսեան շնորհակալական խօսք ուղղեց բոլոր անոնց, որոնք սատարեցին ձեռնարկի յաջողութեան: Աւարտին, կազմակերպիչ միութեան վարչութեան անդամ Նորա Շահիճանեան գնահատեց «Ասուպ» նուագախումբին կատարումը` մաղթելով անոր բեղուն գործունէութիւն:
Միացեալ Նահանգներ
Աղօթք` Արեւմտեան Ամերիկայի Թեմի
Եկեղեցիներուն Մէջ Արցախի Սահմանները
Պաշտպանած Նահատակներու Հոգիներուն Համար
Արցախի մէջ տեղի ունեցող վերջին դէպքերուն եւ հայկական բանակին տուած զոհերուն համար, թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան Ազգային առաջնորդարանի համացանցի էջով անցեալ շաբաթ կոչ ուղղեց մեր հաւատացեալ ժողովուրդին, որ զօրակցական աղօթքով միասնութիւն յայտնէ Արցախի մեր ժողովուրդին ու պաշտպաններուն:
Իր կարգին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս յանձնարարեց բոլոր թեմերուն, որ կիրակի, 3 ապրիլին, բոլոր եկեղեցիներուն մէջ կատարուի հոգեհանգստեան պաշտօն` նահատակներու հոգիներուն համար: Ընդառաջելով վեհափառ հայրապետի տնօրինումին` կիրակի, թեմի եկեղեցիներուն մէջ զօրակցական «Տէր ողոմեա»-ի աղօթք բարձրացուեցաւ եւ հոգեհանգիստ կատարուեցաւ նահատակներու հոգիներուն համար եւ ժողովուրդը միակամօրէն իր զօրակցութիւնն ու վշտակցութիւնը յայտնեց Արցախի ժողովուրդին:
Առաջնորդ սրբազանը Ս. պատարագ մատուցեց Նորթ Հոլիվուտի Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ մէջ: Ան իր պատգամին ընդմէջէն աղօթք բարձրացուց առ Աստուած, որ խաղաղութիւն պարգեւէ աշխարհիս, ի մասնաւորի` Միջին Արեւելքի երկիրներուն ու այս օրերուն` Արցախ հայրենիքին: Ան հրաւիրեց հաւատացեալները միասնաբար աղօթելու նահատակներու հոգիներուն համար եւ Աստուծմէ խնդրելու պաշտպան կանգնիլ մեր հայրենիքին ու մասնաւորաբար` սահմանապահ քաջարի զինուորներուն:
Հրանդ Տինքին Նուիրուած
Ոգեկոչման Համերգ
Հայոց ցեղասպանութեան 101-ամեակին առիթով, Լոս Անճելըսի Պոլսահայ միութիւնը 16 ապրիլին Փասատինայի «Ամպասատոր» համերգասրահին մէջ նախաձեռնած է ոգեկոչման համերգի մը` նուիրուած Հրանդ Տինքի յիշատակին: Ներկայացման պատուոյ հիւրն է Ռաքել Տինք, որուն պիտի ընկերակցին նաեւ այս ստեղծագործութեան հեղինակ, երգահան, նշանաւոր երաժիշտ Մաժակ Թօշիկեան եւ քնարերգակ Պերճուհի Պէրպէրեան: Համերգի կազմակերպիչ յանձնախումբին մաս կը կազմեն համահայկական հաստատութիւններն ու կազմակերպութիւնները:
Յատկանշական է, որ ասիկա պիտի ըլլայ Հրանդ Տինքի ժառանգութեան նուիրուած սոյն ստեղծագործութեան առաջին ներկայացումը Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ: Այս ձեւով սկիզբը պիտի դրուի Հայոց Մեծ եղեռնի 101-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկներու շարքին:
Այս ոգեկոչումը համերաշխութեան շարժառիթ պիտի հանդիսանայ նաեւ բոլոր հայերուն համար, որոնք Ցեղասպանութեան պահանջատէրերն են եւ կը սպասեն Ցեղասպանութեան յանցագործութեան ճանաչման ու դատապարտումին: Ցեղասպանութեան նորագոյն նահատակը դարձած Տինքը իր ժողովուրդին ձայնն էր:
Պերեքեանները Իրենց Գրադարանը
Կը Նուիրեն Քալիֆորնիոյ Համալսարանի
Լոս Անճելըսի Մասնաճիւղին
Մարտ 11-ին տեղի ունեցաւ հաւաք մը` Պերեքեաններուն գրադարանը Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին նուիրելու առիթով: Հաւաքը կը հովանաւորէր Չիթճեանի անուան հայկական հնագիտական ուսումնասիրական ծրագիրը, որ կը գործէ համալսարանի հնագիտութեան «Քոթսեն» հիմնարկին մէջ: Ներկայ էին Պերեքեան ընտանիքի անդամները, նաեւ Կէյլ եւ Պեւըրլի Պերեքեան քոյրերը:
Համալսարանէն ներս գործող հայագիտութեան «Նարեկացի» ամպիոնի եւ «Չիթճեան» ծրագիրի վարիչ փրոֆ. Փիթըր Քաուի ողջունեց Պերեքեաններուն գրադարանը նուիրելու որոշումը` շեշտելով, որ անոր շնորհիւ կը հարստանայ համալսարանին գրադարանը:
Ելոյթ ունեցան նաեւ «Չիթճեան» ծրագիրի օգնական վարիչ Քրիսթին Մարտիրոսեան-Օլշանսքի, որ կարեւոր նկատեց հաւաքածոն` նշելով, որ նիւթերը պիտի թարգմանուին եւ թուայնացուին տեղադրուելու համար «Չիթճեան» ծրագիրի համացանցային կայքին վրայ, եւ Պեւըրլի Պերեքեան, որ խօսեցաւ իր մեծ հօր` Հաճընէն մինչեւ Քալիֆորնիա երկարած ոդիսականին մասին, մինչեւ` հոլիվուտեան աստղերու դերձակ դառնալը:
Ապա փրոֆ. Քաուի լուսարձակի տակ առաւ հաւաքածոյին մէջ գտնուող կարեւորագոյն հատորները, ներառեալ` օսմանեան եւ ֆրանսական հրատարակութիւններ ու յատկապէս Պոսթընի մէջ լոյս տեսած հայերէն գիրքեր:
Աւարտին ելոյթ ունեցաւ համալսարանի գրադարանի ներկայացուցիչ Տէյվիտ Հըրշ, որ բացատրութիւններ տուաւ համալսարանի գրադարանի հայկական հաւաքածոյին մասին` նշելով, թէ ինչպէ՛ս անիկա տարիներու ընթացքին բարգաւաճած է ու ներկայիս ունի 25 հազարէ աւելի հատորներ ու նիւթեր, ներառեալ` իւրայատուկ հրատարակութիւններ, ինչպէս` 1666-ին Ամսթերտամի մէջ լոյս տեսած Աւետարան մը եւ Գլաձորէն` 14-րդ դարէն մնացած ու մանրանկարչութիւններով հարուստ ձեռագիր մատեան մը:
Գեղարուեստական բաժինով ելոյթ ունեցաւ երգչուհի Արենի Աղպապեան:
Նշենք, որ «Չիթճեան» ուսումնասիրական ծրագիրը հիմնուած է շնորհիւ Սառա Չիթճեանի 2013-ին կատարած առատաձեռն նուիրատուութեան` հայկական հնագիտական եւ ազգագրական ուսումնասիրութիւնները քաջալերելու համար:
Լոնտոն
Գրական Երեկոյ` Նուիրուած
Ասատուր Կիւզելեանի
Մարտ 20-ին Լոնտոնի «Քենսինկթըն քլոզ հոթել»-ին մէջ տեղի ունեցաւ գրական հանդիսութիւն` նուիրուած սփիւռքահայ գրող, բանաստեղծ, խմբագիր, հրապարակախօս եւ Հայ դատի նուիրեալ Ասատուր Կիւզելեանին:
ՀԲԸՄ-ի Լոնտոնի մասնաճիւղի անունով Ժիրայր Գէորգեան ողջունելէ ետք ներկաները, լուսարձակի տակ առաւ Կիւզելեանին կատարած աշխատանքին կարեւորութիւնը:
Օրուան հանդիսավար Սեդա Անանեան ամփոփ կէտերու մէջ ներկայացուց Ա. Կիւզելեանին կենսագրութիւնը եւ խօսեցաւ անոր գրական վաստակին մասին: Ան անդրադարձաւ նաեւ Կիւզելեանին հրատարակած չորս գիրքերուն` «Համօ եւ Ֆատիլէ», «Յարատեւող բարեկամութիւն», «Թերթելով մամուլը» եւ «Կը խօսին նամակները»: Սեդա Անանեան շեշտեց, որ իր երկարամեայ գործունէութեան ընթացքին Կիւզելեան միշտ աշխատած է ի շահ սփիւռք-հայրենիք կապերու ամրապնդման, հայ ժողովուրդի տարբեր հատուածներու համագործակցութեան եւ միասնականութեան: Այնուհետեւ ան բեմ հրաւիրեց Ա. Կիւզելեանը, որուն հետ ունեցաւ հարցազրոյց մը: Կիւզելեան իր կեանքէն դրուագներ եւ զուարճալի դէպքեր պատմեց Ուիլիըմ Սարոյեանի, Վազգէն Ա. կաթողիկոսի, Ա. Խաչատուրեանի եւ ուրիշներու հետ ունեցած հանդիպումներուն հետ առնչուած:
Գրականագէտ Թամար Գեղամեան-Մինասեան ամփոփ կերպով վերլուծեց Կիւզելիանի «Համօ եւ Ֆատիլէ»-ն, որ գրուած է հեղինակի մանկապատանեկան յուշերու ազդեցութեան տակ: Օփերայի երգչուհի Անուշ Յովհաննիսեան խօսեցաւ Ասատուր եւ Վիվիէն ամոլին մասին եւ յայտնեց իր երախտագիտութիւնը` անոնց ցուցաբերած ջերմ ու գուրգուրոտ վերաբերմունքին համար: Անուշ Յովհաննիսեան յայտարարեց, որ Ասատուր Կիւզելեան նոր սերունդին համար օրինակելի կատարեալ տիպար մըն է` որպէս հայ եւ որպէս մարդ:
Բրիտանահայոց առաջնորդ եւ կաթողիկոսական պատուիրակ Յովակիմ եպս. Մանուկեան իր ելոյթին մէջ դրուատական խօսքերով անդրադարձաւ Կիւզելեանի «Կը խօսին նամակները» գիրքին: