Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17136

«Զօրակցինք Արցախին»

$
0
0

Պուլկարիա

Նախաձեռնութեամբ`  Պուլկարիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանութեան, 8 ապրիլին Սոֆիայի «Երեւանեան» այգիին մէջ գտնուող խաչքարի մօտ տեղի ունեցաւ մոմավառութիւն եւ ծաղիկներու զետեղում` ի յիշատակ Արցախի պաշտպանութեան համար վերջերս զոհուած մարտիկներուն:

Պուլկարիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանութեան խորհրդական Նելլի Մաթեւոսեան յայտնեց, որ պուլկարահայ բոլոր կազմակերպութիւնները համատեղ յայտարարութիւններ ուղարկած են երկրի իշխանութիւններուն` պահանջելով դատապարտել Ազրպէյճանի ընթացքը:

Աւստրալիա

Ապրիլ 6-ին աւելի քան 400 հայորդիներ ներկայ գտնուեցան Հայ մշակութային կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած «Զօրակցինք Արցախին» տեղեկատուական երեկոյին:

Երեկոն կը վայելէր Աւստրալիոյ մէջ ԼՂՀ մնայուն ներկայացուցչութեան գրասենեակի հովանաւորութիւնը եւ  կազմակերպուած էր ՀՅԴ-ի, ՀՕՄ-ի, Համազգայինի, ՀՄԸՄ-ի, ՀՅԴ Աւստրալիոյ Երիտասարդական միութեան, Աւստրալիոյ Հայ դատի յանձնախումբի եւ «Արմենիա Մետիա» մամլոյ եւ տեղեկատուական ընկերակցութեան  կողմէ:

Արցախի քայլերգէն ետք ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգեցին Արցախի մէջ նահատակուած անմեղ զոհերու յիշատակը, որմէ ետք օրուան հանդիսավար  Նորա Սեւակեան հրաւիրեց թեմի առաջնորդ Հայկազուն եպս. Նաճարեանը, որ աղօթքով սկսի օրուան յայտագիրը:

Այնուհետեւ Երեւանէն «Երկիր Մետիա»-ի տնօրէն Գեղամ Մանուկեան «սքայփ»-ի միջոցով մանրամասն բացատրութիւններ տուաւ, որմէ  ետք առիթ տրուեցաւ ներկաներուն լուսաբանական հարցումներ ուղղելու անոր:

Աւստրալիոյ մէջ ԼՂՀ ներկայացուցիչ Քայլար Միքայէլեան ԼՂՀ կառավարութեան երախտագիտութիւնը յայտնեց գաղութի անսակարկ զօրակցութեան համար` թելադրելով, որ միշտ զօրավիգ կանգնին Արցախին եւ շարունակեն նիւթաբարոյական միջոցներով օժանդակել ԼՂ Հանրապետութեան:

ՀՅԴ Աւստրալիոյ «Դրօ» Կոմիտէի ներկայացուցիչը ելոյթ ունենալով` խնդրեց ներկաներէն մէկ վայրկեան յոտնկայս ծափահարութեամբ գաղութի երախտագիտութիւնը յայտնել հայրենապահ զինուորներուն, որոնք խիզախօրէն պաշտպանեցին Արցախը: Ան կոչ ուղղեց աշխատանք տանելու, որ խաղաղութիւնը վերադառնայ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան, որովհետեւ մեր ժողովուրդը խաղաղութիւն կը պահանջէ եւ արժանի է խաղաղութեան:

Ապա ցուցադրուեցան տեսերիզներ Արցախի սահմանապահ զինուորներու եւ սահմանի վրայ տեղի ունեցած վերջին իրադարձութիւններուն մասին: Ներկաները նաեւ մասնակցեցան Աւստրալիոյ Հայ դատի յանձնախումբին կազմակերպած ստորագրահաւաքին:

Ապրիլ 7-ին Հայ առաքելական եկեղեցոյ մէջ տեղի ունեցաւ յատուկ արարողութիւն, աղօթք ԼՂՀ խաղաղութիւն հաստատելու նպատակով, ինչպէս նաեւ հոգեհանգստեան արարողութիւն` ի յիշատակ հոն զոհուած նահատակներուն:

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17136

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>