Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17136

Մարտակերտը Կը Վերագտնէ Ինքզինք

$
0
0

Valadig_41316

Թշնամիին  ռմբակոծումին ենթարկուած Արցախի Մարտակերտ քաղաքի ենթակառոյցներու վերականգման աշխատանքները ընթացած են բախումներու զուգահեռ:

Արցախ գտնուող «Արմէնփրես»-ի թղթակիցին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին, Մարտակերտի վարչակազմի ղեկավար` Վալատիկ Խաչատրեան պատմած է, որ հրթիռներէն մէկը 10 քիլովաթ/ժամ զօրութեամբ ելեկտրականութեան երկու սիւն վար առած է, սակայն քաղաքի ելեկտրական հոսանքը երեսուն վայրկեան ետք վերամիացուած է:  «Հակառակորդին անօդաչու սարքը տեղէն հանեց նաեւ 35 քիլովաթ/ժամ զօրութիւն ապահովող ելեկտրական սիւն: Ամէն պարագայի Մարտակերտի շրջանը առաւելագոյնը միայն 2,5 ժամ մնայ առանց ելեկտրականութեան: Թշնամին կրակեց նաեւ կազատար խողովակի վրայ, բայց մենք քսանհինգ վայրկեան ետք արդէն շինեցինք` երբ քաղաքը տակաւին ռմբակոծումի կ՛ենթարկուէր: Մենք պատերազմական այս վիճակին մէջ ո՛չ ելեկտրականութեան, ո՛չ ջուրի, եւ ոչ ալ կազի խնդիր ունեցանք»:

mardagerd_41316

Խաչատրեան աւելցուց, որ ռմբակոծումի պատճառով կոտրուած են քաղաքի թիւ 1 միջնակարգ դպրոցի բոլոր ապակիները: «Այս պահուս վերաշինութեան աշխատանքները սկսած են նաեւ 18 վնասուած տուներուն: Մեր հանրային կեդրոնի տանիքն ալ վնասուած է», ըսաւ Մարտակերտի շրջանի վարչակազմի ղեկավարը:

Թշնամիին արձակած հրթիռներուն պատճառով վնասուած են նաեւ գիւղին դպրոցին պատուհաններն ու դռները: «Մենք պատուիրած ենք նոր դռներ ու պատուհաններ, եւ աշխատանքը ընթացքի մէջ է: Մատաղիս գիւղի վիճակը այնպիսին է, որ մարդիկ այժմ կրնան վերադառնալ իրենց տուները, մենք կը սպասենք, որ քիչ մը ժամանակ անցնի, եւ վերադառնալու հրահանգը կը փոխանցենք: Այս պահուս Մատաղիս գիւղի մէջ կ’ապրին 43 անձեր, եւ ուրախալի է տեսնել կիներուն վերադարձը` հրահանգը փոխանցելէ առաջ իսկ: Ես կը կարծեմ, թէ քանի մը օրէն կը վերադառնան բոլորը: Ինչ կը վերաբերի Թալիշի գիւղին, այդտեղ կ՛ապրին 25 հոգիներ, կիներ եւ երեխաներ չկան այժմ Թալիշի մէջ, այլ միայն այր մարդիկն են, որոնք տէր կը կանգնին իրենց տուներուն ու անասուններուն եւ միաժամանակ կը ծառայեն այդտեղ, իսկ Մարտակերտի պարագային ռմբակոծումի ընթացքին քաղաքը չպարպուեցաւ, սակայն եղան մարդիկ, որոնք իրենց ընտանիքները տեղափոխեցին աւելի ապահով վայրեր, կը կարծեմ, թէ անոնք ալ շուտով կը վերադառնան իրենց տուները»:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17136

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>