Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17136

Զօրակցագիր

$
0
0

Yeghishe_41316

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի մեծ ընտանիքը կը դատապարտէ համայն հայութեան թշնամի, արիւնարբու թուրքին եղբայր` Ազրպէյճանի գործած յարձակումը` արիւնով կերտուած Արցախ հայրենիքին վրայ եւ իր ամբողջական զօրակցութիւնը կը յայտնէ դրախտավայր Արցախին, որ ի բնէ եղած է ու կը մնայ հայկական հող:

Կը զօրակցինք Արցախի մարտնչող ժողովուրդին, աղօթող «Մամիկն ու Պապիկ»-ին, զէնք կրող կամաւորին, որ պատրաստ է կեանքը զոհելու հայրենիքի ազատութեան ու ժողովուրդին փրկութեան համար:

Յատկապէս մեր զօրակցութիւնը կը յայտնենք Արցախի խիզախ ու անպարտելի բանակին, որ ի ծնէ թրծուած է հայրենասիրութեամբ, որ գիշեր ու ցերեկ կը հսկէ սուրբ հողին ապահովութեան ու ցմահ կը պայքարի զայն անկախ պահելու համար:

Հաւատալով Խրիմեան Հայրիկի «Երկաթէ շերեփ»-ին` լիալոյս ենք եւ վստահ, որ ինչպէս 1994-ին, այս պատերազմը եւս պիտի աւարտի հայոց բանակի հերոսական յաղթանակով:

Փա՛ռք ու պատի՛ւ` հայ զինուորին
Համբերութի՜ւն նահատակ-հերոսի ընտանիքին
Յաւիտեան Ազատութիւն` Արցախ հայրենիքին:

ԱԶԳԱՅԻՆ ԵՂԻՇԷ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ ՔՈԼԵՃ


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17136

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>