Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17136

«Շատ Դիւրին Է Նկատել Թուրքիոյ Մասնակցութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Տեղի Ունեցած Դէպքերուն»- Չեխական Պարբերական

$
0
0

1459971920-1834

Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիին մէջ ռազմական գործողութիւններու աշխուժացումը հետեւանքն է Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի միջեւ տեղի ունեցած պայմանաւորուածութեան, որուն նպատակն է Ռուսիան ներքաշել այլ զինուած հակամարտութեան մը մէջ: Այս մասին կը հաղորդէ չեխական պարբերականի «Czech Free Press» յօդուածագիր Լատիսլավ Քաշուքան:

Անոր կարծիքով, շատ դիւրին է նկատել Թուրքիոյ մասնակցութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տեղի ունեցած դէպքերուն: Առաջին, անցեալ տարուան նոյեմբերին ռուսական օդանաւի մը խոցումը կը պարզէ Թուրքիոյ աջակցութիւնը սուրիական ահաբեկչական խմբաւորումներուն եւ, ըստ Pravda.ru-ի, Թուրքիա գաղտնի առեւտրական յարաբերութիւններ ունի իսլամական պետութեան հետ:

Յիշեցնենք, որ Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ յարաբերութիւնները վատթարացած են թուրք-սուրիական սահմանին ռուսական «Սու-24» ինքնաթիռին խոցումէն ետք: Ռուսիա պատժամիջոցներ սահմանած է Թուրքիոյ նկատմամբ` արգիլելով այդ երկրէն շարք մը սննդամթերքներու, թռչնամիսի եւ միրգերու ներածումը, ինչպէս նաեւ սահմանափակած է ռուս զբօսաշրջիկներու` Թուրքիոյ հանգստավայրերը այցելելու կարելիութիւնը:

Երկրորդ, այս դէպքերէն ետք շարք մը հանդիպումներ տեղի ունեցած են Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի բարձրաստիճան ներկայացուցիչներու միջեւ:

Եւ երրորդ, «բաւական կարճ ժամանակ ետք Ազրպէյճան կը յարձակի Լեռնային Ղարաբաղի վրայ», կը գրէ  պարբերականը:

Յօդուածագիրը կը նշէ, որ Ղարաբաղի հակամարտութեան կողմերը զինադադարի խախտման վերաբերեալ առաջին մեղադրանքները փոխանակելու չհասած, արդէն Թուրքիոյ Նախագահ Ռեճեպ Թայիփ Էրտողան կը յայտարարէ, որ իր պետութիւնը «ամբողջութեամբ Ազրպէյճանի կողքին է»:

Հեղինակը կը նշէ, որ յստակ է, թէ այս մէկը Հայաստանի վաղեմի բարեկամը` Ռուսիան, այլ զինեալ  հակամարտութեան մը ներքաշելու փորձ է:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17136

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>