Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17132

Պարսելոնահայութիւնը Կը Զօրակցի Արցախին

$
0
0

barcelona-(1)_41316barcelona-(2)_41316Պարսելոնահայութիւնը եւս անմասն չմնաց արցախեան վերջին զարգացումներուն լոյսին տակ աշխարհին մէջ կայացած նախաձեռնութիւններէն եւ  իր զօրակցական ցոյցով միացաւ տարբեր քաղաքներուն մէջ տեղի ունեցող երթերուն` իր զօրակցութիւնը յայտնելով հայոց բանակին ու արցախահայութեան: Կիրակի, 10 ապրիլ 2016-ին նախագահութեամբ Սասուն Ծ. վրդ. Զմրուխտեանի` Հայրապետական պատուիրակի ընդհանուր փոխանորդ` Սպանիոյ եւ Փորթուգալի, Ս. պատարագ մատուցուեցաւ: Արարողութեան ընթացքին կատարուեցաւ «Հանրապետական մաղթանք» Հայաստանի եւ Արցախին անսասանութեան համար եւ հոգեհանգստեան պաշտօն` հայկական բանակի նահատակներուն ու խաղաղ բնակիչներու հոգիներուն համար: Օրուան պատգամը փոխանցեց Պարսելոնայի Հայկական մշակութային միութեան ատենապետ Տաթեւ Սուլեան, ամփոփ տողերու մէջ ներկայացուց Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պատմականը, Միացում շարժման դէպքերը եւ ազատագրական պայքարի հանգրուանները` հասնելով մինչեւ զինադադար: Ան կոչ ուղղեց, որ իւրաքանչիւր հայրենակից սպանացի ու կատալանցի իր ընկերներուն հետ զրուցած ատեն Արցախի հակամարտութեան մասին բացատրելու ընթացքին յիշեցնէ, որ արցախահայութիւնը օրինական ճանապարհով եւ ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքի հիման վրայ ձեռք բերած է իր անկախութիւնը, որ սակայն միջազգայնօրէն ճանչցուած չէ:

Սուրբ պատարագի աւարտին Պարսելոնայի Հայկական մշակութային միութեան միօրեայ դպրոցի աշակերտները հայրենասիրական երգերով եզրափակեցին հաւաքը:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17132

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>