Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17125

ԼՕԽ-ականները Կ՛այցելեն «Արամ Պէզիքեան» Թանգարան

$
0
0

100_4035

ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան Դաստիարակչական յանձնախումբը, Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ծիրին մէջ կազմակերպած էր այցելութիւն Հայոց ցեղասպանութեան որբերու «Արամ Պէզիքեան» թանգարան:

100_3995

ԼՕԽ-ականներն եւ բարեկամուհիներ հոծ բազմութեամբ ուղղուեցան Ժիպէյլ: Նախ հաւաքուեցան ԼՕԽ-ի «Սօսէ» մասնաճիւղի սրահ ուր, բացման խօսքով հանդէս եկաւ դաստիարակչական յանձնախումբի ատենապետ Յասմիկ Գէորգեան` ըսելով. «Անցեալ շաբթուան զինուորական գործողութիւնը Արցախի մէջ, ազերիներու ահաւոր եւ յանկարծակի ներխուժումը աշխարհը ցնցեց. մենք` ԼՕԽ-ականներս կը մաղթենք զոհուածներուն հոգիներուն լուսաւորութիւն եւ իրենց ընտանիքներուն համբերութիւն, համայն հայութեան յարատեւ կորով»: Ապա ներկաները հրաւիրեց մէկ վայրկեան ոտքի կենալ` յարգելու նահատակ զինուորներուն յիշատակը:

Խօսքը շարունակելով ան ըսաւ.- «Հայոց ցեղասպանութեամբ մտահոգուած էին աշխարհի բարեսէր մարդիկ, Ամերիկեան Մերձաւոր Արեւելքի նպաստամատոյցը կը հիմնէր որբանոցներ զանազան երկիրներու մէջ: Որբանոցներ հիմնուեցան նաեւ Լիբանանի տարածքին: Այս բոլորին մէջ կենդանի վկան, խօսուն օրինակը Ժիպէյլի որբանոցն է, որ դարձաւ կրթական, մշակութային կեդրոն մը»:

Ապա ան հրաւիրեց Պսակ Աբղ. Թէփիրճեանը` թանգարանի տնօրէնը, որպէսզի խօսի թանգարանի կազմաւորման մասին:

100_4003

Հայր սուրբը իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի առիթով Կաթողիկոսութիւնը մտայղացաւ կառուցել Հայոց ցեղասպանութեան որբերու թանգարան մը: Թանգարանին առաջին մասը կը ներկայացնէ հայ ժողովուրդին կեանքը Օսմանեան կայսրութեան մէջ.  առաջին սենեակին մէջ կայ հին զանգ մը` առաստաղէն կախուած, որ հայ ժողովուրդին հնչող ձայնն է, որ կը բացագանչէ թէ թուրքը ջարդ կազմակերպած է 1915-ին: Թուրքը փորձեց լռեցնել հայուն ձայնը, սակայն ան ձախողեցաւ, մեր նուիրեալ եւ շնորհալի առաջնորդները, մեր հայրապետները չձգեցին, որ աղաւաղի մեր հաւատքը:»

«Երկրորդ սենեակը նուիրուած է Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրած որբերուն, այդ սենեակին մէջ կան երկու նկարներ թերթի մը առաջին երկու թիւերուն, ուր որբերը իրենց մօր եւ հօր նկարները գծած են: Աւելի անդին կան ութ վեհափառներու նկարները` միջանցքին մէջ: Վեհափառները մեծ գուրգուրանք կը տածէին որբերուն նկատմամբ: Մարիա Ճէյքպսըն մայրութիւն կ՛ընէր անոնց, իսկ վեհափառները` հայրութիւն»:

«Թանգարանի վերջին սենեակը լուսարձակի տակ կ՛առնէ վերապրողներուն նոր կեանքը` գաղթակայաններէն մինչեւ իրենց կեանքի վերակազմակերպումը Լիբանանի մէջ: Հոն կայ նաեւ Մարիա Ճէյքպսընի գիրքերը, իրերը եւ դաշնակը: Մամա Ճէյքպսըն իր ողջ կեանքը նուիրած է «Թռչնոց Բոյն»-ի հազարաւոր որբերու խնամքին, ինք հայերէն կը սորվէր եւ յաջորդ օրը պզտիկներուն կը սորվեցնէր այդ հայերէնը…:»

Հիւրասիրութենէ ետք ընկերուհիները խումբ առ խումբ մտան թանգարան եւ հաղորդակից դարձան բազմաչարչար որբերու տխուր կեանքին:

Աւարտին, Դաստիարակչական յանձնախումբը ծաղկեփունջ մը զետեղեց որբերուն եւ Մարիա Ճէյքպսընի դամբարանին վրայ որպէս երախտագիտութիւն իր կատարած բարեխիղճ գործին:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17125

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>