Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17117

Կազմակերպութեամբ Էլ. Էյ. Եու. Համալսարանի Հայկական Ակումբին. Բեմադրիչ Նիկոլ Պեզճեանի «Այսուհետեւ…» «Աֆթըր Տիս Տէյ» Վաւերագրական Ժապաւէնի Ցուցադրութիւն

$
0
0

IMG-20160408-WA0022

Կազմակերպութեամբ Լիբանանեան ամերիկեան համալսարանի (LAU) Հայկական ակումբին, ուրբաթ, 8 ապրիլ 2016-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, ցուցադրուեցաւ հանրածանօթ եւ վաստակաւոր բեմադրիչ Նիկոլ Պեզճեանի «Աֆթըր տիս տէյ» («Այսուհետեւ…») վաւերագրական ժապաւէնը, ներկայութեամբ հայ թէ օտար համալսարանականներու, դասախօսներու եւ մտաւորականներու:

Կազմակերպիչ յանձնախումբին անունով  Հրակ Տէտէեան բացուած յայտարարեց ձեռնարկը եւ ներկաները հրաւիրեց մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգելու Արցախի մէջ նահատակուած մարտիկներու յիշատակը: Ապա ան ներկայացուց յայտագրին գլխաւոր մասերը եւ սեղմ գիծերու մէջ ներկայացուց այս առիթով խօսք առնելու հրաւիրուած բեմադրիչ Նիկոլ Պեզճեանն ու համանուն համալսարանի դասախօսներէն` դոկտ. Սելիմ Տերենկիլը:

Բեմադրիչ Պեզճեան ծնած է Հալէպ եւ հանրածանօթ դէմք է շարժապատկերի արուեստի աշխարհէն ներս: Արտադրած է բազմաթիւ շարժապատկերներ հայկական թէ օտար թեմաներով եւ արժանացած է միջազգային հանգամանաւոր փառատօներու մրցանակներու:

Փրոֆեսէօր Սելիմ Տերենկիլ պատմաբան եւ դասախօս է Լիբանանեան ամերիկեան համալսարանին մէջ: Ան մեծ ներդրում ունեցած է ժապաւէնի տեղեկահաւաքի եւ ներկայացման աշխատանքին մէջ:

Ապա յաջորդաբար խօսք առին Պեզճեան եւ դոկտ. Տերենկիլ: Բեմադրիչ Պեզճեան անդրադարձաւ ժապաւէնի պատրաստութեան աշխատանքներուն` շնորհակալութիւն յայտնելով անոր իրագործման ու յատկապէս այս ձեռնարկի յաջողութեան նպաստողներուն: Ան յայտնեց, թէ ժապաւէնը սկսած է պատրաստել շուրջ երկու տարի առաջ եւ առաջին անգամն է, որ կը ներկայացուի Լիբանանի մէջ: Նախապէս ցուցադրուած է Թորոնթոյի մէջ:

Իր կարգին դոկտ. Տերենկիլ խօսեցաւ ժապաւէնին մէջ իր հաւաքագրած եւ ներկայացուցած տեղեկութիւններուն առնչուող քայլերուն  եւ այս գծով դոկտ. Վահէ Թաշճեանին հետ իր ունեցած զրոյցին ու գործակցութեան մասին:

Աւելի քան մէկ ժամ տեւող «Աֆթըր տիս տէյ» խորագրեալ ժապաւէնը կ՛անդրադառնար այն նշանաւոր նախադասութեան, զոր լիբանանեան Այնթուրայի որբանոցի օրուան թուրք տնօրէնը` Ռիզա պէյ ըսած էր հայազգի որբերուն, թէ այսուհետեւ դուք պիտի վերակոչուիք ձեր իսկական, հայկական անուններով: Ըստ դոկտ. Տերենկիլի` օրին «Օսմանեան որբանոց» կոչուած երբեմնի Այնթուրայի որբանոցի տնօրէնը` թուրք դեղագործ Ռիզա պէյ, արդէն կորսնցուցած էր իր հարազատ զաւակը եւ չէր ուզէր վնասել այս փոքրիկ որբերուն: Ռիզա պէյ որբերուն «խոստովանած» էր, թէ օսմանցի իշխանաւորները իրեն հրահանգած էին վերջին ընթրիքի պահուն մատուցուելիք ճաշով  թունաւորել որբերը եւ ապա մեկնիլ որբանոցէն, տրուած ըլլալով, որ պատերազմը աւարտած էր եւ թուրքերը պարտուած էին շրջանին մէջ: Ռիզա պէյ նախընտրած էր ձերբակալուիլ Շերիֆ Մեքքէի արաբական բանակին կողմէ իբրեւ թշնամի, քան թէ թունաւորել անմեղ որբերը:

Ժապաւէնը նաեւ կ՛ընդգրկէր վկայութիւններ` Այնթուրայի որբանոցի երբեմնի մանուկներու հարազատներէն, ինչպէս` Գառնիկ Բանեանի դուստրը Հուրի Բանեան, Յարութ Ալպոյաճեան եւ այլն: Ժապաւէնին մէջ նաեւ իրենց փորձառութեան մասին արտայայտուեցան Հայոց ցեղասպանութեան մասին պրպտումներ կատարած հայ թէ օտար եւ թուրք փորձագէտներ, ինչպէս` «Յուշամատեան»-ի հեղինակ` դոկտ. Վահէ Թաշճեան, Պոլսոյ համալսարանի դասախօս դոկտ. Մաքսուտեան եւ թուրք բժշկուհի մը, որ Խալիտէ Էտիպի յուշագրի ընթերցումէն ազդուած` այցելած էր Հայաստան եւ իր թեզը ներկայացուցած էր Հայոց ցեղասպանութեան մասին:

Ժապաւէնին մէջ յաճախակիօրէն զրոյցի ընթացքին թէ անջատ ելոյթներով արտայայտուեցան յատկապէս դոկտ. Վահէ Թաշճեան եւ դոկտ. Սելիմ Տերենկիլ: Տերենկիլ յատկապէս նշեց Լեմքինի կողմէ ցեղասպանութեան սահմանումի վարկածը, ըստ որուն մանուկները բռնի իրենց ծնողներէն հեռացնելն ու ազգային կրթութենէն զրկելը ինքնին ցեղասպանութիւն է:

Աւարտին շահեկան զրոյց տեղի ունեցաւ եւ բեմադրիչն ու դոկտ. Տերենկիլ պատասխանեցին ներկաներու հարցումներուն: Այս ծիրին մէջ «Ազդակ»-ի մէկ հարցումին պատասխանելով` դոկտ. Տերենկիլ որբանոցի հայ փոքրիկները նկատեց համեմատաբար աւելի բախտաւոր, քան` թուրք թէ քիւրտ տուներու մէջ գերի կամ որպէս ծառայ պահուած հայ մանուկները: «Առնուազն որբանոցի փոքրիկները վերադարձան իրենց ազգային ինքնութեան, մինչ միւսները ձուլուեցան ու կորսուեցան օտարոտի տուներու մէջ:

Ժապաւէնը հիմնականին մէջ  անուղղակիօրէն կը նշէր թուրք պատասխանատուներու (Ճեմալ փաշա, Խալիտէ Էտիպ հանըմ…) որդեգրած կանխամտածուած բռնի թրքացման եւ իսլամացման դժոխային ծրագրի կիրարկման քայլերը, ուր հայերէն խօսող մանուկը ծեծ կ՛ուտէր եւ անունները առաջին օրէն իսկ կը փոխարինուէին թրքական` Էնվեր, Թալէաթ. Ճեմալ անուններով եւ կ՛ենթարկուէին այլ  զրկանքներու ու չարչարանքներու:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17117

Trending Articles