Վարշաւիոյ մէջ Լեհաստանի Հայկական երիտասարդական միութիւնը 7 ապրիլին կազմակերպեց հաւաք մը Լեհաստանի մէջ Ռուսիոյ, Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի դեսպանատուներուն առջեւ: Այս մասին կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը:
Ցուցարարները պահանջեցին, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբի համանախագահ երկիրները Ազրպէյճանը ճանչնան` իբրեւ յարձակող երկիր, եւ միջազգային պատիժի ենթարկեն վերջին օրերուն Արցախի մէջ անոր կատարած անմարդկային յանցագործութիւններուն համար:
Ելոյթներէն ետք երիտասարդական միութիւնը Ռուսիոյ դեսպանութեան փոխանցած է նամակ, որուն մէջ Ռուսիոյ կոչ կ՛ուղղուի ճանչնալու Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութիւնը, դատապարտել Ազրպէյճանը իր յարձակողական կեցուածքին համար եւ հնչեցնել յստակ ու հասցէական քաղաքական գնահատականներ:
Ռուսիոյ դեսպանատան դիմացէն, հաւաքուած բազմութիւնը երթով շարժեցաւ Լեհաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը, եւ նման բովանդակութեամբ նամակ յանձնեց ամերիկեան կողմին եւս: Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան առջեւ հնչած ելոյթներուն ընթացքին խստիւ դատապարտուեցաւ երկակի չափանիշներու քաղաքականութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին հանդէպ: