Հինգշաբթի, ապրիլ 7-ին, Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Փոլ Գրիգորեան նամակով մը կոչ ըրած է Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւններուն եւ միջազգային համայնքին, որ դատապարտեն ազրպէյճանական վերջին յարձակումը եւ ազրպէյճանական ուժերուն գործադրած բարբարոսական ոճիրները, միաժամանակ պատասխանատուութեան կանչելով Պաքուի իշխանութիւնները:
Իր նամակին մէջ Գրիգորեան կը շեշտէ, թէ 1994-ին հաստատուած զինադադարէն ետք, Արցախի ժողովուրդը կրցած է ազատ, անկախ եւ ժողովրդավար հանրապետութիւն մը հաստատել, հակառակ ազրպէյճանական կողմէն զինադադարի շարունակական խախտումներուն: Գրիգորեան կ՛աւելցնէ, թէ այնքան ատեն, որ Պաքու իր այս անպատասխանատու արարքներուն լուրջ եւ ազդու հետեւանքները չի կրեր, շրջանը պիտի գտնուի ապակայունացման վտանգին առջեւ:
Ան նաեւ կը նշէ, որ Ազրպէյճանի բռնարարքներէն անմիջական տուժողը կը մնայ Արցախի ժողովուրդը` միաժամանակ ազդարարելով, որ Պաքուն սանձարձակ ձգելու քայլը վնասներ պիտի հասցնէ ամբողջ տարածաշրջանին, ինչպէս նաեւ` Միացեալ Նահանգներու միջազգային վարկին: