Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17090

Քանատահայոց Թեմը Կը Դատապարտէ Ազրպէյճանի Յարձակումները Արցախի Վրայ

$
0
0

Armenian Diocese of Canada_

Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ Քանատահայոց թեմի առաջնորդարանը իր անհանգստութիւնը կը յայտնէ ու խստօրէն կը դատապարտէ Ազրպէյճանի աննախադէպ դաժան յարձակումները Լեռնային Ղարաբաղի վրայ, որ սկիզբ առին ապրիլ 2-ին, եւ կոչ կ՛ուղղէ Քանատայի կառավարութեան եւ միջազգային կառոյցներուն` աներկբայ կերպով դատապարտելու Ազրպէյճանի կողմէ խախտումը 1994-ի զինադադարին: Այս ոտնձգութիւնը ուղղակիօրէն արդիւքն է անցեալի երկդիմի քաղաքականութեան, որ առարկայականօրէն չպարզեցին, թէ Ազրպէյճանը եղաւ նախայարձակը եւ պատասխանատուն Արցախի դէմ անցեալի բոլոր յարձակումներուն:

Արցախի դէմ Ազրպէյճանի սանձարձակ ռազմական գործողութիւններուն եւ դաժան յարձակումներուն ողբերգական լուրերը ցնցեցին մեզ եւ համայն քանատահայութիւնը: Բոլորս մօտէն կը հետեւինք խաղաղասէր քաղաքացիներուն դէմ կատարուած յարձակումներուն, ինչպէս նաեւ քաջատեղեակ ենք նախայարձակողներուն դէմ մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն իրագործած հերոսական եւ քաջարի հակահարուածներէն: Սակայն, նախայարձակումները պատճառեցին ծանրակշիռ վնասներ թէ՛ քաղաքացիական խաղաղ բնակչութեան, եւ թէ ռազմական շարքերուն մէջ:

Ուստի կոչ կ՛ուղղենք Քանատայի կառավարութեան եւ միջազգային մարմիններուն, որ վճռական կերպով դատապարտեն Ազրպէյճանի զինուած ուժերու սադրիչ գործողութիւնները, եւ վերջինս վերադառնայ զինադադարի պահպանման եւ խաղաղ բանակցութիւններու հոլովոյթին:

Աղօթք կը վերառաքենք Արցախի հակամարտութիւններուն իբրեւ հետեւանք զոհ դարձած մեր հայորդիներուն համար, ինչպէս նաեւ խաղաղութեան եւ ապահովութեան ի սպաս աղօթք Արցախի բնակչութեան, եւ հայ քաջարի զինուորներուն համար, որոնք կը պաշտպանեն իրենց սահմանները` ի գին իրենց կեանքերուն:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17090

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>