ՌԱԿԸՊ ԶԱՐԱՔՕԼՈՒ
Խորհրդային Միութեան անկումէն ետք մարդուն մէկը «Քաղաքակրթութիւններու բախումը» անունով գիրք մը գրեց:
Շատեր չափազանցութիւն համարեցին այդտեղ գրուածները: Ուրիշներ դաւադրութեան փորձ կոչեցին:
Իրողութիւն է սակայն, որ այսօր եթէ ոչ քաղաքակրթութիւններու, բայց կրօններու միջեւ պատերազմ մը կ՛ապրինք: Որդի Պուշ երբ անիմաստ կերպով սկիզբ կը դնէր իրաքեան Բ. պատերազմին, զայն կը կոչէր «Խաչակիրներու արշաւանք»: Թէեւ աւելի ետք փորձեց այդ կոչումը մեղմացնել, բայց եղածը լեզուի պարզ սայթաքում մը չէր երբեք: Պատմութեան մէջ խաչակիր արշաւանքներու հակազդեցութիւնը «Ժիհատ» եղած է, այսինքն` պատերազմ կրօնի համար:
Ժիհատի համաշխարհային արդի քաղաքականութեան վերադարձը կը զուգադիպի գաղութատիրութեան զարգացման շրջանին: Իսկ այս գործօնէն օգտուողները շատ անգամ իսլամ կրօնին չեն պատկանած:
Տակաւին ԺԹ. դարուն գաղութատիրութեան ծաւալման դիմաց սկսած էին ծաղկիլ համաիսլամական գաղափարներ: Ապտիւլ Համիտ ալ, օսմանեան երկրէ ներս քրիստոնեայ ժողովուրդներուն զարթօնքը եւ պահանջները կանխելու միտումով, յատկապէս քիւրտ եւ այլ իսլամ ժողովուրդները գրգռելու համար, շահագործեց կրօնի խաղաքարտը:
Իսկ երկրէ դուրս, Գերմանիոյ Վիլհելմ Բ.-ի ծաւալման քաղաքականութեան զուգահեռ, Ճիհատի հռչակումը 1914-ին կու գար ոչ թէ կրօնամէտ քաղաքական գործիչներէ, այլ` արդի եւրոպական դաստիարակութիւն ստացած, ժամանակակից գաղափարներով պաշարուած «իթթիհատական» շարքերէ:
Երբ գերմանական հեռանկարը կը միտէր Հնդկաստանի, Կեդրոնական Ասիոյ եւ Եգիպտոսի իսլամներու ապստամբութիւնը հրահրել, իթթիհատականներն ալ Օսմանեան քրիստոնեաներու բնաջնջման համար կը դիմէին իսլամական արմատականութեան: Այսպիսով, մաքրած պիտի ըլլային համաթրքական «Թուրան»-ի պետութեան տանող ճանապարհը:
Համաշխարհային տարբեր ուժեր մինչեւ օրս կը շահագործեն Ժիհատը:
Բայց պէտք չէ մոռնալ, որ Ժիհատն ալ իր կարգին հզօր գաղափարախօսութիւն մըն է եւ օգտուելով զինք շահագործել ուզողներուն իրարու միջեւ ունեցած բախումներէն, հասած է այսօրուան մակարդակին: Ի վերջոյ ժիհատականներն ալ իրենց հեռանկարը ունին, եւ սխալ է ամէն ինչ դիտել շահագործելու եւ շահագործուելու սահմանումով:
Կարգ մը անգլիացի քաղաքագէտներ պոլշեւիկ Ռուսիոյ դէմ շահագործելու համար զօրակցած էին հիթլերեան նացիականութեան: Ապա իրենց գլուխը փրկելու համար ստիպուեցան այս անգամ Ռուսիոյ հետ դաշինք կնքել:
Նացիները Բ. Համաշխարհային պատերազմին եւս կրկնեցին Վիլհելմ Բ.-ի` իսլամը շահագործելու ռազմավարութիւնը: Խորհրդային բանակի այլազգի գերիներէն հակառուս ազգայնական ջոկատներ, նաեւ ուղղակի իսլամական ջոկատներ կազմեցին:
Իսրայէլի վարչապետ Նեթանիահու նախորդ տարի ըսաւ, որ Հիթլեր սկիզբը չէր նպատակադրած հրեաներու բնաջնջումը: «Ան կ՛ուզէր հրեաները վտարել իր երկրէն, սակայն ոչ մէկ երկիր յօժարեցաւ հրեաները ընդունիլ: Երուսաղէմի իսլամ կրօնապետը` միւֆթին, շատ բուռն կերպով առարկեց հրեաներուն Պաղեստին գաղթին դէմ: Խորհուրդ տուաւ տեղւոյն վրայ բնաջնջել զանոնք»: Վարչապետին այս խօսքերը քննադատուեցան` իբրեւ Հիթլերը արդարացնելու փորձ: Անշուշտ որ Նեթանիահու Հիթլերը արդարացնելու նպատակ չունէր: Ան այս բոլորը կ՛ըսէր Ողջակիզման մեղքը Պաղեստինին բեռցնելով` իր բռնի քաղաքականութիւնը արդարացնելու համար:
Բացի կրօնի գործօնէն, արաբական ազգայնականութիւնն ալ ֆրանսական եւ անգլիական հոգատարութեան դէմ գործակցեցաւ նացիներուն հետ:
Թուրքիոյ հետապնդած այդ նոյն քաղաքականութիւնը «Սատանան մեր մէջ» վէպով շատ յաջող կը նկարագրէ 1948-ին թուրք ուրուային պետութեան կողմէ սպաննուած վիպագիր Սապահէտտին Ալի:
1944-ին, Ստալինկրատի ազատագրումէն ետք նացիամէտ թուրանականները ձերբակալող, Կեստափոյի կողմէ մարզուած ոստիկաններու ձեռքով տանջանքներու ենթարկող Հանրապետականներու վարչութիւնը, դեռ 1945-ին, Պաղ պատերազմէն ալ առաջ, կրկին շահագործեց զանոնք: Այս անգամ ազգայնականներու ձեռքով կը ճնշէր բանուորներու արհմիութիւնները, համալսարաններու ուսանողութիւնը եւ ձախակողմեան գաղափարախօսութիւնը:
Հանրապետական ուրուային իշխանութիւնը, իբր թէ ընդդիմադիր «Տեմոքրաթ» կուսակցութեան հետ միասնաբար, դրդեց կրօնի գործօնը:
Այդ պատճառով ալ պէտք չէ զարմանալ պարոն Պայքալի եւ պարոն Էրտողանի խորունկ բարեկամութեան:
Հիթլեր, ինչպէս որ փորձանք եղաւ մարդկութեան գլխուն, իբրեւ գործիք շահագործուած ժիհատականութիւնն ալ անհսկելի, անսանձելի դարձած ու փորձանքի վերածուած է: