Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Մատաղիս Աստիճանաբար Կը Վերականգնի, Բնակիչները Կը Վերադառնան

$
0
0

madaghis-(1)_41216

Արցախի Մատաղիս գիւղը, որ ազրպէյճանական ռմբակոծման ենթարկուեցաւ, աստիճանաբար կը վերականգնի, ինչպէս նաեւ կը վերադառնան ապահովական պատճառներով հոնկէ հեռացած  բնակիչներէն ոմանք: Արցախ գտնուող «Արմէնփրես»-ի թղթակիցը այցելած է Մատաղիս գիւղ, հետեւած է ընթացող վերականգնողական աշխատանքներուն եւ զրուցած բնակիչներուն հետ:

madaghis-(2)_41216

Մատաղիսի միջնակարգ դպրոցի տնօրէն, այդ պահուն գիւղապետի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Գեղամ Աղաջանեան նշած է, որ տարհանուած բնակչութեան մէկ մասը արդէն վերադարձած է գիւղ: «Նոյնիսկ կիները սկսած են վերադառնալ: Ներկայիս 7-8 կին վերադարձած է: Մարդիկ կամաց-կամաց կու գան: Մտավախութիւն, ի հարկէ, ունինք, որ հակառակորդը նորէն պիտի սկսի ռմբակոծել գիւղը, բայց մեր հողն ու ջուրն է, մենք պէտք է այստեղ ըլլանք», նշած է ան:

madaghis-(3)_41216

Գեղամ Աղաջանեան, որ ժամանակաւորապէս ստանձնած է նաեւ գիւղապետի պարտականութիւնները, քանի որ Մատաղիսի գիւղապետը վիրաւորուած է, պատմած է, որ ռմբակոծումէն ետք գիւղին մէջ ելեկտրանականութիւն չկար, սակայն արդէն երեք օր է, որ ելեկտրականութիւնը վերականգնած է:

madaghis-(4)_41216

Հակառակորդին ռմբակոծման պատճառով վնասուած է նաեւ դպրոցին շէնքը: Գեղամ Աղաջանեան նկատել տուած է, որ այդ պահուն դպրոցի շէնքի վերականգման աշխատանքները սկսած են` վստահեցնելով, որ շատ կարճ ժամանակաշրջանի ընթացքին այդ աշխատանքները պիտի աւարտին: «Աշխատանքին արդէն սկսած ենք: Լաւ սկիզբը գործին կէսն է: Առաւելագոյնը երեք օրուան ընթացքին այս աշխատանքները պիտի աւարտենք ու պատրաստ պիտի ըլլանք դասերուն սկսելու», ըսած է Գեղամ Աղաջանեան:

Մատաղիսի մէջ այդ պահուան դրութեամբ 45 մարդ կը բնակի: Գիւղին ընդհանուր բնակչութեան թիւը` ժամանակաւոր բնակչութեան հետ միասին, 600 է:

madaghis-(5)_41216

Մատաղիսի բնակիչ Շահէն Սահինեան յայտնած է, որ ինք երբեք գիւղը չէ լքած եւ պիտի չլքէ ալ: «Ես մասնակցած եմ արցախեան ազատամարտին, միշտ եղած եմ Արցախի մէջ: Այս ծանր օրերուն չեմ լքեր հարազատ գիւղս ու ընդհանրապէս ալ չեմ հեռանար հոսկէ: Ասիկա մեր հողն ու ջուրն է, այստեղէն երթալու տեղ չունինք, հակառակորդին պիտի չարտօնենք նոյնիսկ մէկ մեթր անգամ յառաջանալ», ըսած է Շահէն Սահինեան:

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>