Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all 17595 articles
Browse latest View live

Միքայէլ Քհնյ. Տեմիրճեան Ստացաւ Լանջախաչ Կրելու Արտօնութիւն

$
0
0

Կիրակի, 3 յունիս 2018-ին, Ֆանարի Ս. Մատրան մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի, Միքայէլ քհնյ. Տեմիրճեանի շնորհուեցաւ լանջախաչ:

Արդարեւ Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի առաջարկութեամբ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը սրբատառ կոնդակով քահանայ հօր շնորհեց լանջախաչ կրելու արտօնութիւն` առ ի գնահատանք անոր նուիրեալ աշխատանքին:

Առ այդ, Ս. պատարագի աւարտին ընթերցուեցաւ Արամ Ա. կաթողիկոսին սրբատառ կոնդակը: Իր սրտի խօսքին մէջ Ֆանարի Ս. Մատրան թաղականութեան ատենապետ Խաչիկ Էլէյճեան վեր առաւ Միքայէլ քհնյ. Տեմիրճեանի տարած աշխատանքը, նուիրումը եւ սէրը Ս. Մատրան հանդէպ, ինչպէս նաեւ հոգածութիւնը Ֆանարին եւ յատկապէս Լէյլաւանի շրջանի բնակիչներուն նկատմամբ:

Աւարտին հաւատացեալ ժողովուրդը շնորհաւորեց քահանայ հայրը:

Այնուհետեւ Ֆանարի «Է. Ակնունի» ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն, ներկայութեամբ` շրջանի պատասխանատու մարմիններուն, միաւորներուն եւ քահանայ հօր ընտանեկան պարագաներուն: Խաչիկ Էլէյճեան գնահատեց քահանայ հօր աշխատանքը, ազնիւ հոգին, հեզութիւնը եւ պարտաճանաչութիւնը:

«Է. Ակնունի» կոմիտէի ներկայացուցիչ Րաֆֆի Տեմիրճեան նշեց, որ քահանայ հայրը իր բարոյական նկարագիրով, նուիրումով եւ գործունէութեամբ օրինակելի է շրջանին մէջ:

Աւարտին, Միքայէլ քհնյ. Տեմիրճեան շնորհակալութիւն յայտնեց առաջնորդ սրբազանին, թաղականութեան եւ ծուխին` իրենց գնահատանքին համար եւ պատրաստակամութիւն յայտնեց առաւել մեծ թափով ծառայելու շրջանին:

Այս առիթով, 14 յունիսին Միքայէլ քհնյ. Տեմիրճեան եւ Ֆանարի Ս. Մատրան թաղականութեան ատենապետ Խաչիկ Էլէյճեան այցելեցին Շահէ եպս. Փանոսեանին եւ շնորհակալութիւն յայտնեցին` այս նախաձեռնութեան համար: Սրբազան հայրը իր կարգին գնահատեց քահանայ հօր ճիգերը` մաղթելով, որ ան յառաջիկային յաւելեալ թափով արձանագրէ նոր նուաճումներ:


Ազգ. Ե. Մանուկեան Քոլեճի «Սիրան Մանուկեան» Մանկապարտէզի Հանդէս

$
0
0

Կիրակի, 10 յունիս 2018-ին, առաւօտեան ժամը  11:00-ին, «Սիրան Մանուկեան» հանդիսասրահի գեղեցկօրէն յարդարուած բեմը, հրաւիրատոմսն ու յայտագիրը ներկաները փոխադրեցին Հայաստանի մայրաքաղաքի հրապարակը, ուր ներկայացուեցաւ «Լոռին ու Մեղրին Հայաստանի մէջ» խորագրուած հանդէսը:

Կոկոն եւ ծաղիկ դասարաններու աշակերտները հանդէսի բացումը կատարեցին` Լիբանանի, Հայաստանի ու քոլեճի քայլերգներով եւ «Սարդարապատ» յաղթերգով, իսկ ծաղիկ դասարանէն երեք աշակերտներ կատարեցին  բացման խօսքը` բարի գալուստ մաղթելով ներկաներուն:

Եռագոյն տարազներով բեմ բարձրացան մանկամսուրի մանուկները, որոնք իրենց բեմական առաջին փորձառութիւնը ապրեցան` մերթ բեմէն իրենց ծնողները փնտռելով ու մերթ պարելով եւ ուրախութեամբ լեցնելով իրենց ծնողներուն ու հարազատներուն սրտերը:

Ապա ծաղիկ դասարանի աշակերտները յաջորդաբար  ներկայացուցին  թատրոնը, որ զրոյց մըն էր հայրենիքի խորհրդանիշ Արարատ լերան հետ, ապա հայկական տարազներով հանդէս եկան «Իմ չինարի եարը»  պարով: Իւրայատուկ էր  բողբոջ դասարանի  պարը, երբ անոնք իբրեւ տիկնիկներ դուրս եկան խաղալիքի տուփերէն ու ներկայացուցին «Հայկական տիկնիկներու պարը»: Կոկոն դասարանները յաջորդաբար ներկայացուցին  «Ժպտա՛» ու «Հայաստան ջան» պարերը,  բողբոջները` «Կարմիր, կապոյտ, ծիրանագոյն» պարը, մինչ ծաղիկ դասարանի աշակերտները  մէջընդմէջ  հանդէս  եկան թատերական  պատկերներով, հայկական պարով ու Էրզրումի շորորով, ապա անոնք` «Այ Այլուղս» երգին ընկերակցութեամբ, եռագոյն ծաղիկներով զարդարուած  օղակներով ներկայացուցին գեղեցիկ չափական պար մը եւ հարուածային գործիքներու կատարումով` չափական նուագ մը:

Ապա ծաղիկ դասարանի աշակերտները հանդէս եկան «Հայրենիք», «Գովք հայրենիքիս» եւ «Եռագոյն ծիածան» երգերով` փակելով հանդէսին գեղարուեստական բաժինը:

Ապա շրջանաւարտ փոքրիկները` իրենց վկայականի տարազներով ու իրենց ձեռքին  ունենալով  դպրոցին կողմէ իրենց տրամադրուած ընտանեկան  լուսանկարները, տողանցեցին սրահէն դէպի բեմ, ուր հրաւիրեցին նաեւ իրենց մայրերը եւ` իբրեւ երախտագիտութեան արտայայտութիւն,  այդ նկարները տուին իրենց ծնողներուն:

Քոլեճի տնօրէն Զօհրապ Ղազարեան խօսք առնելով հաստատեց, որ 100 տարիներ ապրելով հանդերձ Հայաստանէն դուրս, հայ ժողովուրդը չկորսնցուց իր ինքնութիւնը, որովհետեւ սնեցաւ իր հայրենիքով եւ ո՛ւր ալ որ գտնուեցաւ կերտեց փոքր Հայաստան մը: Ղազարեան հաստատեց, որ անկախութեան հարիւրամեակի տարին մեծ շուքով նշուեցաւ Եղիշէ Մանուկեան քոլեճին մէջ, եւ այդ յաղթական ոգին տիրած էր նաեւ մանկապարտէզին մէջ, ուր փոքրիկները եւս ծանօթացան իրենց յաղթական անցեալին ու հպարտացան իրենց ինքնութեամբ:

Ան շնորհակալութիւն յայտնեց քոլեճի մանկապարտէզի ուսուցչուհիներուն, որոնց պրպտող մտքին ու ջանասիրութեան շնորհիւ մանկապարտէզէն ու մանկամսուրէն ներս անցնող տարեշրջանի ընթացքին կիրարկուած են նոր ու հետաքրքրական աշխատանքի ձեւեր, որոնց արդիւնքը յստակ եղած է թէ՛ տնօրէնութեան, թէ՛ ծնողներուն:

Ապա տնօրէնը բեմ հրաւիրեց քոլեճի վերջին երեք տարիներու վարիչ մանկապարտիզպանուհի Մարալ Էքմէքճեանը` հաստատելով, որ ան ժամանակաւորապէս ստանձնած իր  մանկապարտիզպանուհիի ծանր բեռը կատարած է  ձեռնհասութեամբ ու բարեխղճութեամբ մինչեւ նոր մանկապարտիզպանուհիի նշանակումը: Ապա տնօրէնը յայտարարեց, որ մանկապարտիզպանուհիի պաշտօնը պիտի փոխանցուի Լուսին Գազանճեանին:

Ապա նորանշանակ մանկապարտիզպանուհին ծաղկեփունջով մը մանկապարտէզի երախտագիտութիւնը յայտնեց Մարալ Էքմէքճեանին:

Անկէ ետք տնօրէնը բեմ հրաւիրեց Լիբանանի թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանը, որպէսզի տնօրէնին ու գործադիր մանկապարտիզպանուհիին հետ կատարեն վկայականներու բաշխումը:

Վկայականներու բաշխումէն ետք խօսք առաւ առաջնորդ սրբազանը, որ հաստատեց, թէ մանկապարտէզի հանդէսի ներկայ գտնուիլը մեծ ուրախութիւն պատճառող առիթ է նաեւ իրեն համար` գոհունակութիւն յայտնելով եւ աւելցնելով. «Հայ դպրոցը ամէնէն ապահով միջավայրն է ձեր զաւակներուն համար, որոնք այս յարկին տակ կը պատրաստուին վաղուան կեանքին: Այս տարուան հանդէսը արդարօրէն ձօնուած էր Հայաստանի Ա. անկախութեան 100-ամեակին: Հայ դպրոցը ի սէր Հայաստանին ու հայութեան գործող այն միջնաբերդն է, որ տարուէ տարի նոր հունձքերով մեզ առաւել եւս կ՛ամրացնէ մեր կեանքէն ներս, որպէսզի մեր հայրերու հաւատքով շարունակենք աշխարհի տարածքին ապրիլ հայօրէն եւ ազգային արժէքներով` ի սէր եւ ի խնդիր Հայաստանի»:

Իր խօսքի աւարտին առաջնորդ սրբազանը իր շնորհաւորական խօսքը ուղղեց աշակերտներուն, ինչպէս նաեւ  հայ դպրոցին, որ հակառակ ամէն տեսակի դժուարութիւններուն, կը շարունակէ մնալ պատնէշի վրայ, ծնողներուն ու ժողովուրդին գիտակցութեան շնորհիւ եւ իր արտադրած հունձքով խոր յոյս կը ներշնչէ մեր կեանքին: Ապա սրբազան հայրը մաղթեց, որ Աստուած պահէ ներկաներուն  ընտանիքներն ու զաւակները, անսասան պահէ Հայաստանն ու օրհնէ հայ ժողովուրդը ամէնուրեք:

Հանդէսը վերջ գտաւ հրավառութեամբ:

Մանկապարտէզի  վկայական ստացան`

Ծաղիկ
Այվազեան Մարիա, Արսլանեան Ֆիմի, Գույումճեան Ալիք, Գույումճեան Կալիա, Գոլաքճեան Դալար, Խաչատուրեան Սինթիա, Կապոնեան Կրէյս, Ճիհանշահեան Անի, Մաճարեան Ալիք, Մկրտիչեան Սէրլի, Արժինեան Նժդեհ, Բարսեղեան Ժոզէ, Հասէքեան Քրիսթոֆըր, Մելքոնեան Քրիս, Պետիկեան Ճոն, Սապունճեան Սագօ, Ստեփանեան Կարս:

Նորսիկեան Մանկապարտէզի Ամավերջի Հանդէս

$
0
0

Ուրբաթ, 15 յունիս 2018-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին տեղի ունեցաւ ՀՕՄ-ի Նորսիկեան մանկապարտէզի ամավերջի հանդէսը Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանի «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» սրահին մէջ, ներկայութեամբ ճեմարանի անձնակազմին, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան, ճեմարանի խնամակալութեան, ծնողներու, բարեկամներու եւ շրջանաւարտներու:

Մանկապարտիզպանուհի Թալին Եահնիեան ողջունեց ներկաները եւ ըսաւ. «Այս տարի Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 100-ամեակն է, ինչպէս նաեւ` Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան հիմնադրութեան 90-ամեակը: Ներշնչուած այս յոբելեաններէն, մանկապարտէզի երեխաները պիտի ներկայացնեն «Նշանաւոր հայ դէմքեր» խորագիրով հանդէսը: Նորսիկեան մանկապարտէզի մէջ կ՛աշխատինք զարգացնել երեխային ո՛չ միայն մտային եւ յուզական ունակութիւնները, այլ նաեւ` գեղարուեստականը»: Իր խօսքի աւարտին, մանկապարտիզպանուհին յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց գծագրութեան ուսուցիչ Գօգօ Արբաճեանին` բեմայարդարումին համար, եւ բոլոր անոնց, որոնք օժանդակեցին հանդէսի կազմակերպական աշխատանքներուն: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ ծնողներուն` իրենց գործակցութեան համար, ապա յաջողութիւն մաղթեց կանաչ դասարանի աշակերտներուն, որոնք, աւարտելով մանկապարտէզը, պիտի անցնին տարրական բաժին: Այնուհետեւ պարերով, երգերով ու արտասանութիւններով ելոյթ ունեցան մանկապարտէզի կապոյտ եւ կանաչ դասարաններու փոքրիկները:

Հանդէսը սկսաւ կանաչ դասարանի աշակերտներուն «Հէ՜յ սարեր» երգով, ապա  Հայաստանի անկախութեան մասին հակիրճ անդրադարձէ մը ետք, փոքրիկները ըսին. «Պատմութեան ընթացքին մեր ժողովուրդը ունեցաւ նաեւ մշակութային հարուստ կեանք: Ունեցանք նշանաւոր դէմքեր` աշուղներ, յօրինողներ, երգիչներ, նկարիչներ, մտաւորականներ եւ մանկավարժներ, որոնք ստեղծագործեցին մեր հայրենիքէն ներս կամ դուրս: Ահա այս դէմքերէն…»: Այնուհետեւ Սայեաթ Նովայի մասին տեսերիզի ցուցադրութենէ ետք, աշակերտները տեղեկութիւններ փոխանցեցին մեծ աշուղին մասին, որմէ ետք դարձեալ կանաչ դասարանի փոքրիկները հանդէս եկան պարով մը: Այսպէս, փոքրիկները յաջորդաբար ներկայացուցին աշխարհահռչակ երաժիշտ Արամ Խաչատուրեանը, ֆրանսահայ երգիչ Շարլ Ազնաւուրը, գեղանկարիչ Այվազովսկին եւ հայ մանկավարժ Լուսին Մալիքեանը, որուն պատրաստած դասագիրքերը կը գործածուին մինչեւ օրս մեծ թիւով հայկական մանկապարտէզներու մէջ: Իւրաքանչիւր ներկայացումի աւարտին, կապոյտ եւ կանաչ դասարաններու փոքրիկները հանդէս եկան յիշեալ դէմքին առնչուող երաժշտութեան ընկերակցութեամբ գեղեցիկ պարով մը:

Մանկական աշխարհի յատուկ հնչիւններով արտասանուած խօսքերով ու պարերով նշանաւոր հայ դէմքեր ներկայացնելէ ետք, կանաչ դասարաններու աշակերտները նուագով հանդէս եկան, ապա երգեցին «Զինուորին երգը», որմէ ետք տեղի ունեցաւ խմբային պար: Այնուհետեւ փոքրիկները բեմէն իջան եւ իրենց կրած հայ զինուորի գլխարկները յանձնեցին իրենց ծնողներուն:

Ամբողջ տարուան ընթացքին դպրոցական առօրեան ներկայացնող «Մնաս բարով կանաչ դասարան» տեսերիզի ցուցադրութեամբ աւարտեցաւ հանդէսի գեղարուեստական բաժինը: Ապա դարձեալ բեմ բարձրացան կանաչ դասարաններու աշակերտները եւ ճեմարանի տնօրէնուհի Փաուլա Եղիայեանը հրաւիրեցին. «Մենք այս տարի շատ լաւ աշխատեցանք, գրեցինք, կարդացինք, խաղացինք, երգեցինք ու պարեցինք: Խօսեցանք շատ լեզուներ, մասնակցեցանք մշակութային օրուան եւ նոր գիտելիքներ սորվեցանք: Հիմա պատրաստ ենք մեր սիրելի մանկապարտէզին մնաս բարով ըսելու եւ անցնելու տարրական բաժին: Կը խնդրենք, որ բեմ բարձրանաք եւ մեր վկայականները մեզի տաք»: Այնուհետեւ իւրաքանչիւր աշակերտ վկայականը ստացած ատեն ներկաներուն փոխանցեց, թէ ի՛նչ կ՛ուզէ ըլլալ ապագային:

Վկայական ստացան հետեւեալ աշակերտները.

Աղասարգիսեան Լիլա, Արապեան Քամի, Գանտագարճեան Նարօտ Ռիթա, Դարբինեան Լիլիա, Թութուքեան Սօսէ, Մենզոյեան Լորենա, Մխճեան Նանոր, Մումջողլեան Ռիթա, Յակոբեան Սօսի, Ջուլհաճեան Փաթիլ, Ալթունեան Լալիկ, Աղասարգիսեան Լալիկ, Արթուն Էմմա, Թագաճեան Ռիթա, Ղազարեան Ծաւի, Մազաքեան Մարիա, Մանիսաճեան Նայիրի, Մանուկեան Վանա, Չափարեան Լալէ, Պայրամեան Սեդա, Սիմոնեան Գարին, Գապաքեան Կարէն, Գարագաշեան Կարօ, Թորիկեան Ռազմիկ, Ծատուրեան Մարք Էնճըլօ, Յովակիմեան Ալեքս, Նուրեան Քրիստափոր, Տէքրմէնճեան Սէրուժ, Քէօշկէրեան Ալեք, Խաչերեան Շանթ Տիգրան, Կիրակոսեան Կարօտ, Մարտիկեան Մարք, Միքայէլեան Միքայէլ, Սիւմպիւլեան Արմէն, Քէշիշեան Վահագն:

Վկայականներու բաշխումէն ետք, Փ. Եղիայեան նախ շնորհաւորեց վկայեալ փոքրիկները, ապա բարձր գնահատեց ուսուցիչներուն ժրաջան աշխատանքը եւ անոր արգասիքը հանդիսացող հայաշունչ եւ հոգեպարար այս հանդէսը, վերջապէս ան շնորհակալութիւն յայտնեց ծնողներուն` փոքրիկներուն հայեցի դաստիարակութեան մէջ իրենց ունեցած ներդրումին համար, շեշտելով հա՛յ դպրոցի եւ հա՛յ մանկապարտէզի վկայականին կարեւորութիւնը, մաղթելով, որ 12 տարի վերջ անոնք նոյն բեմին վրայ կը ստանան ճեմարանի աւարտական դասարանի իրենց վկայականները:

Նորսիկեան մանկապարտէզէն վկայեալ աշակերտները հանդէսը փակեցին ճեմարանի քայլերգով:

Գաղութէ Գաղութ

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Սուրիա

Հանդիսաւոր Պաշտամունք` Նուիրուած Հայաստանի Անկախութեան 100-ամեակին

Հովանաւորութեամբ Սուրիոյ հայ աւետ. համայնքի համայնքապետ վեր. Յարութիւն Սելիմեանի, 27 մայիսին հայ աւետ. Բեթէլ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակին նուիրուած հանդիսաւոր պաշտամունք:

Պաշտամունքը սկսաւ պատ. Սիմոն Տէր Սահակեանի աղօթքով, որուն մէջ ան Աստուծոյ փառք եւ շնորհակալութիւն յայտնեց ազատ եւ անկախ հայրենիք ունենալուն համար:

Օրուան պատգամը փոխանցեց վեր. Յարութիւն Սելիմեան, որ հաստատեց, թէ սոյն թուականը եզակի օր է` հայ ժողովուրդին կորսնցուցած արժանապատուութեան վերատիրացման պատճառով` աւելցնելով, որ անիկա մեր պատմութեան մէջ արձանագրուեցաւ հերոսներու սխրագործութեամբ եւ նահատակներու արեամբ: Ան ըսաւ, որ ներկայիս հայ ժողովուրդը հայրենիքէն մինչեւ սփիւռք կը յիշատակէ ազատ, անկախ հայրենիք, պետական զարգացող համակարգ, հաւասարակշռուած հասարակակարգ ունենալու տօնը: Վեր. Սելիմեան շեշտեց Աստուծոյ խօսքին դերակատարութիւնը մեր պատմութեան, ազգին եւ իրաւունքներու վերատիրացման ուղիին մէջ` աւելցնելով, որ աստուածային նախաձեռնութիւնը բոլոր ազգերը նոյն արիւնէն կ’ընէ եւ կը հաւասարեցնէ զանոնք արդար գահին ու դատաստանին առջեւ: Ան ըսաւ, որ յարգանքը մարդոց կեանքին մէջ հաւասարակշռութիւն ստեղծելու եւ զայն երաշխաւորելու միակ միջոցն է: Եզրափակելով իր խօսքը` ան թելադրեց տէր կանգնիլ մեր հարիւրամեայ պետութեան, որպէսզի հասնինք ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանին:

Հայաստանի գլխաւոր Հիւպատոս Արմէն Սարգիսեան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ 1918-ի պատմականին` մէջբերումներ կատարելով Արամ Մանուկեանի խօսքէն: Ան նկատել տուաւ, որ ամէն տարի 28 մայիսին Սարդարապատի յուշակոթողին մօտ կը զետեղուին 3600 թարմ ծաղիկներ` ի յիշատակ այն զոհերուն, որոնց արեամբ կերտուեցաւ Մայիսեան հրաշափառ յաղթանակը: Ան դիտել տուաւ, որ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութիւնը հիմքը դարձաւ յաջորդ հանրապետութիւններուն: Պաշտամունքը վերջ գտաւ Տէրունական աղօթքով եւ վեր. Համայնքապետին առաքելական օրհնութեամբ:

Պաշտամունքի ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:

Աւարտին  ներկաները ուղղուեցան եկեղեցւոյ շրջափակ, ուր ելոյթ ունեցաւ ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբը` հայրենասիրական եւ ազգային երգերով:

Սուրիահայ Նահատակներու Եւ Րաֆֆի Պչաքճեանի Հոգեհանգստեան Պաշտօն

* 9 յունիսին, Հալէպի հայաշատ թաղերու ինքնապաշտպանութեան ղեկավար Րաֆֆի Պչաքճեանի նահատակութեան 2-րդ տարելիցին առիթով, գաղափարակից ընկերները այցելեցին Ազգային գերեզմանատան մէջ գտնուող անոր շիրիմը` խունկով եւ մոմով առ ի յարգելու անոր անմեռ յիշատակը:

* 10 յունիսին Հալէպի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ  կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն սուրիահայ նահատակներուն հոգւոյն եւ հայաշատ թաղերու ինքնապաշտպանութեան ղեկավար, Րաֆֆի Պչաքճեանի նահատակութեան երկրորդ տարելիցին առիթով, ներկայութեամբ Րաֆֆի Պչաքճեանի ընտանիքին անդամներուն, հարազատներուն, գաղափարակից ընկերներուն եւ Ազգային վարչութեան ներկայացուցիչներուն:

Յետ հոգեհանգստեան արարողութեան, նահատակին ընտանիքն ու գաղափարակից ընկերները ցաւակցութիւններ ընդունեցին Նոր Գիւղի «Տիգրանեան» սրահին մէջ:

Գրիգոր Տունկեան խօսք առնելով` ըսաւ, որ Րաֆֆի Պչաքճեանի նահատակութեան երկրորդ տարելիցին առիթով, մեր վիշտն ու ցաւը, յաւերժական կորուստի զգացումը սանձած, կու գանք անոր նահատակութեամբ պսակուած ծառայութիւնը մեծարելու, որովհետեւ ան, հաւատալով հայ ժողովուրդի ու հայրենիքի յաւերժութեան, տուած էր իր երդումը գաղափարական այն հանգանակին, որ մեր յաւերժական ժողովուրդին ու յաւերժական հայրենիքի ծառայութեան կ՛առաջնորդէր` թէկուզ ազնուագոյնը` իր սեփական կեանքը նուիրաբերելով: Ան ըսաւ, որ կը խոնարհինք անոր յիշատակին առջեւ` վերանորոգելով մեր ուխտը Ր. Պչաքճեանի անուան ու կերպարին մէջ տեսնելով հազարաւոր այն նահատակները, որոնք քալեցին ծառայութեան նոյն ուղիէն, առանց փնտռելու փառք ու բարօրութիւն: Այդ բոլորը վերապահեցին հայ ժողովուրդին ու հայրենիքին: Անոնք միայն ծառայելու իրաւունքը փնտռեցին եւ այդ ծառայութիւնը դարձաւ իրենց նահատակութեան դափնին:

Այնուհետեւ, Յուսիկ Ա. քհնյ. Սեդրակեան եւ Մաշտոց քհնյ. Արապաթլեան կատարեցին հոգեհանգստեան աղօթք, որուն յաջորդեց ցուցադրութիւնը Րաֆֆի Պչաքճեանի նուիրուած տեսերիզ մը, ուր հնչեցին նաեւ նահատակին խօսքերը` ուղղուած հալէպահայ երիտասարդութեան:

Այնուհետեւ ներկաները ուղղուեցան Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի շրջափակին մէջ գտնուող Րաֆֆի Պչաքճեանի նահատակութեան վայր, ուր վառեցին խունկ ու մոմ` առ ի յարգանք անոր յիշատակին:

Հայ Ծերանոցի Աւանդական Ճաշկերոյթ` Մեծն Ներսէս Հայրապետի Տօնին Առիթով

Հովանաւորութեամբ հայ երեք համայնքապետներուն, կազմակերպութեամբ Հայ ծերանոցի մեծ ընտանիքին, 10 յունիսին, «Արամ Մանուկեան» Ժողովրդային տան «Անի» ճաշասրահին մէջ, Մեծն Ներսէս Հայրապետի տօնին առիթով, տեղի ունեցաւ պատերազմին իբրեւ հետեւանք տարիներէ ի վեր չկազմակերպուող աւանդական ճաշկերոյթը:

Հայ ծերանոցի Տիկնանց յանձնախումբին անունով Մարալ Ազարիկեան ողջունելով ներկաները` յայտնեց, որ ամէն տարի սովորութիւն դարձած է յունիս ամսուն կազմակերպել շնորհակալական սոյն հացկերոյթը` ի յիշատակ Մեծն Ներսէս Հայրապետին եւ անոր օրինակին հետեւող գաղութի զաւակներուն, որոնց նուիրատուութեամբ եւ ներդրումով կանգուն կը մնայ հայ ծերանոցը:

Հայ ծերանոցի խնամակալութեան անունով Կոմիտաս քհնյ. Տատաղլեան Աստուածաշունչէն մէջբերում կատարելով լուսարձակի տակ առաւ այն կապը, որ գոյութիւն ունի Մեծն Ներսէս Հայրապետին ապրած կեանքին եւ հայ ծերանոցի առաքելութեան միջեւ` աւելցնելով, որ համախմբուած են յիշատակելու Մեծն Ներսէս Հայրապետի տօնը եւ հայ ծերանոցի հիմնադրութեան 95-ամեայ յոբելեանը: Ան շնորհակալական խօսք ուղղեց հայ ծերանոցի առաքելութեան մէջ իրենց ներդրումը բերող հայորդիներուն:

Հայ ծերանոցի տնօրէն Աւօ Գաթրճեան ներկայացուց 2015-ի յուլիսէն մինչեւ օրս երկարող տարիներուն գործունէութեան համառօտ տեղեկագիրը` զեկուցելով հայ ծերանոցի առողջապահական, ծառայողական, յարաբերական, եկեղեցական կեանքին, տեղի ունեցած տօնակատարութիւններուն ու այցելութիւններուն, պտոյտներուն եւ օժանդակութիւններուն մասին: Ան լուսարձակի տակ առաւ պատերազմի տարիներուն Հայ ծերանոցին կրած վնասներն ու դիմագրաւած դժուարութիւնները, ինչպէս նաեւ անոնց  յաղթահարման ի խնդիր տարուած աշխատանքները: Հայ աւետարանական համայնքի պետ վեր. Յարութիւն Սելիմեան դիտել տուաւ, որ հայ ծերանոցը բոլորին սրտերուն մէջ կեդրոնական տեղ կը գրաւէ իր լաւ թէ վատ օրերուն` աւելցնելով, որ «Մեծն Ներսէսի նուիրուած սոյն ձեռնարկին առիթով մեր յարգանքն ու սէրը արտայայտած կ՛ըլլանք մեր մամիկներուն ու պապիկներուն նկատմամբ` կարեւոր համարելով բարեգործութիւնը»: Հայ կաթողիկէ համայնքի առաջնորդ Պետրոս արք. Միրիաթեան ըսաւ, որ Հայ ծերանոցը աստուածահաճոյ հաստատութիւնը մըն է, նաեւ համահայկական ձեռնարկ մըն է, որ բոլոր հայերուն կը պատկանի: Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեան եզրափակիչ իր խօսքով յայտնեց, որ Հայ ծերանոցը պատերազմի շրջանին այլ կառոյցներու նման վնասներ կրեց, տեղէ-տեղ փոխադրուեցաւ, բայց շարունակեց գոյատեւել` աւելցնելով, որ ան մեր սիրտերուն մէջ կեդրոնական տեղ կը գրաւէ եւ անպայման պիտի վերականգնի բոլորին ճիգերով:

Ճաշկերոյթի ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, նաեւ կատարուեցան նուիրատուութիւններ:

 Միացեալ Նահանգներ

Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակին Նուիրուած Համերգ

Հովանաւորութեամբ Փրովիտընսի ՀՅԴ «Քրիստափոր» կոմիտէութեան եւ կազմակերպութեամբ Միացեալ Նահանգներու Ռոտ Այլընտ նահանգի Հայ մշակութային հաստատութեան, 28 մայիսին, Փրովիտընսի Ս. Պօղոս Պետրոս կաթողիկէ տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ համերգ` նուիրուած Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակին:

100-ամեակի կազմակերպիչ յանձնախումբի անունով օրուան պատգամը անգլերէն լեզուով փոխանցեց Լեւոն Աթթարեան : Ան նշեց, թէ մայիսը հայ ժողովուրդին համար խորհրդանշական ամիս է, երբ յաղթական ոգիով հայ ազգը Սարարապատէն անցնելով հասաւ մինչեւ Շուշի: Ան ըսաւ, որ մեր գործը տակաւին աւարտած չէ, եւ մենք պէտք է հերոսներու նոր սերունդը ըլլանք` աւելցնելով, որ մեր երազն է օր մը նոր մայիս 28 տօնել, երբ Արցախը համաշխարհային գետնի վրայ պիտի ճանչցուի իբրեւ անկախ պետութիւն, եւ երբ Արեւմտեան Հայաստանի գրաւեալ հողերը, մեր Արարատը, վերջապէս պիտի վերադառնան անոր, որուն կը պատկանին:

Փրովիտընսի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան անունով հայերէն լեզուով խօսք առաւ Յակոբ Խաչատուրեան: Ան կարեւորեց անկախութիւնը եւ զայն կերտողներուն դերը` շեշտելով, որ հայ ժողովուրդը պէտք է հաւատարիմ մնայ հայրենիքի անկախութիւնը արեամբ կերտած մեր հին թէ նոր հերոսներուն սրբազան կտակին:

Այնուհետեւ ելոյթ ունեցաւ «Ռոտ Այլընտի եւ Ուըսթըի հայ Խմբերգ»-ը եւ նուագախումբը` ղեկավարութեամբ խմբավար Կոնստանդին Պետրոսեանի, եւ դաշնակի ընկերակցութեամբ` Մարօ Փանոսեանի, որոնք մեկնաբանեցին ազգային-յեղափոխական երգեր: Ելոյթին իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ «Պոսթոնեան» քառեակը:

Նկատի ունենալով, որ համերգը նուիրուած էր այն բոլոր հայ զինուորներուն, անցեալի թէ ներկայի, որոնք իրենց կեանքի գնով պաշտպանած են եւ կը շարունակեն պաշտպանել մեր հայրենիքի սահմանները, ելոյթին ամբողջական հասոյթը  յատկացուեցաւ Հայ օգնութեան միութեան Կեդրոնական վարչութեան «Վիրաւոր եւ հաշմանդամ զինուորներ»-ու ֆոնտին:

Պատուոյ Հիւպատոս Ատրուշան Արմէնեան Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան Դրոշմաթուղթերու Հաւաքածոյ Նուիրեց Առաջնորդարանին

14 յունիսին Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան ընդունեց այցելութիւնը Լաս Վեկասի մէջ Հայաստանի պատուոյ հիւպատոս Ատրուշան Արմէնեանին, որ այս առիթով Ազգային առաջնորդարանին նուիրեց Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան օրերուն հրատարակուած ու շրջանառութեան մէջ չդրուած դրոշմաթուղթերու հաւաքածոյ մը: Ան նոյն հաւաքածոյէն նուիրած է նաեւ Հայաստանի ու գաղութի կարգ մը կազմակերպութիւններու:

Նկատի ունենալով, որ Արմէնեան նաեւ Լաս Վեկասի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ ծխական յանձնախումբի անդամ է, քննարկուեցաւ ծխական շրջանի ծրագիրները եւ արժեւորուեցաւ նախորդ շաբաթներուն կայացած` նոյն եկեղեցւոյ օծման 5-րդ տարեդարձի տօնակատարութեան արդիւնքը:

Սրբազանը շնորհակալութիւն յայտնեց Արմէնեանին` իր արժէքաւոր նուէրին համար, անոր մաղթելով բեղուն ծառայութիւն եկեղեցւոյ ու ազգի անդաստաններուն մէջ:

Եգիպտոս

Հայ Դատի Աւանդական «Իֆթար»-ի Սեղան

Կազմակերպութեամբ Եգիպտոսի Հայ դատի յանձնախումբին, 8 յունիսին Հելիոպոլսոյ «Յուսաբեր» ակումբի «Լ. եւ Ս. Գարագաշեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ աւանդական դարձած «Իֆթար»-ի սեղանը:

Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ տոքթ. Արմէն Մազլումեան իր խօսքին մէջ յայտնեց, թէ հաւաքը կ՛ամփոփէ Եգիպտոսի մեծութիւնը իր այլազանութեան մէջ` աւելցնելով, որ հայերը երախտապարտ կը մնան եւ չեն մոռնար, որ երբ հալածանքի կ՛ենթարկուէին, Եգիպտոսի պետութիւնը եւ ժողովուրդը իր գիրկը բացաւ ու զիրենք ընդունեց: Ան նկատել տուաւ, որ գաղթական հայերը իրենց ներդրումը ունեցան բոլոր բնագաւառներուն մէջ, կարծես իրենց հայրենիքին մէջ կը գտնուէին: Տոքթ. Մազլումեան յարգանքի ու գնահատանքի տուրք մատուցեց երկրի ոստիկանութեան, զինուած ուժերուն եւ նահատակներու յիշատակին` շնորհակալութիւն յայտնելով խորհրդարանականներուն, որոնք Հայոց ցեղասպանութեան հարցը օրակարգի վրայ կը պահեն: Ան նաեւ բարձր գնահատեց երկրի քաղաքական ղեկավարութիւնը, որ պետութիւնը կ՛առաջնորդէ զարգացման եւ կայունութեան ճամբով:

Եգիպտոսի մէջ Հայաստանի դեսպան Արմէն Մելքոնեան իր խօսքին մէջ հաստատեց, որ հայերը Եգիպտոսի մէջ կը վայելեն եգիպտացիներու բարեկամութիւնն ու եղբայրութիւնը, կը բաժնեն տեղացիներու նուաճումներն ու ձգտումները եւ միասնաբար կը դիմագրաւեն նոյն մարտահրաւէրները` շրջապատուած ըլլալով Եգիպտոսի ժողովուրդին եւ կառավարութեան գուրգուրանքով: Ան շեշտեց, որ հայ համայնքը Հայաստանը եւ Եգիպտոսը միացնող կամուրջ է, որ երկու երկիրներուն եւ ժողովուրդներուն միջեւ առեւտրական, մշակութային ու կրթական գործակցութիւնը զարգացնելու, նաեւ ջերմ ու անկեղծ բարեկամութեան ամրապնդման մէջ մեծ ներդրում ունի:

 

Յուշատետր. Ճակատագիր (Գ.)

$
0
0

Ռ. Հ.

Եկէք` պահ մը վերստին կարդանք Պետրոս Դուրեանը.

«Այս ճակատագիրն ինչ սեւ է, Աստուած,

Արդեօք դամբանի մրուրո՞վ է գծուած…»:

Տխուր էր Դուրեան ու կը հաւատար, որ իր ճակատագիրը գրուած է դամբանի սեւ մելանով: Ասիկա անդրադարձումն է այն մարդուն, որ դժբախտ է, որ չէ կրցած երջանկութիւնը վայելել իր կեանքին մէջ: Եթէ դժբախտ է, եթէ կը հաւատայ, որ բախտը զինքը նետած է անբախտութիւններու այնպիսի տոպրակի մը մէջ, ուրկէ դուրս չի կրնար ելլել, բնականաբար ատոր ամբողջ պատասխանատուութիւնը պիտի բեռցնէ սեւ մելանով իր ճակտին վրայ արձանագրուած անէծքի մը: Երջանիկ մարդը այսպիսի հոգ մը չունի: Ան որ ըսենք, թէ բախտաւոր աստղի տակ ծնած է, եւ որ կը վայելէ կեանքի հնարաւոր կամ նոյնիսկ անկարելի երջանկութիւնները, երբեք պիտի չգոչէ.

Այս ճակատագիրն ի՜նչ վարդագոյն է, Աստուա՛ծ,

Արդեօք արեւածագով ու երգո՞վ է գծուած:

Չէ՛: Աշխարհի վրայ ոչ մէկ Պետրոս Դուրեան պիտի գրէ այսպիսի երկու տողեր: Կարծես մենք ճակատագիր ըսուածը կը յիշենք այն ատեն միայն, երբ բան մը ժխտական գնացք ունի, բան մը, որ անյաջողութիւն բերած է, բան մը, որուն ապագան մութ է ու հարցական , բան մը, որ հաւանաբար մեր ուզածն ու սպասածը չէր: Այս տեսակէտով է, որ կրնանք վախնալ այս «ճակատագիր» բառէն: Իսկ երբ ամէն ինչ լաւ է, երբ ոչինչ ունինք գանգատելու, ինչո՞ւ պիտի մտածենք այդ «ճակատագիր» ըսուածին մասին: Նոյնիսկ ունինք համարձակութիւնը հաւատալու, որ մենք ենք, որ ստեղծեցինք մեր այդ երջանկութիւնը: Կրնանք մենք մեզ շնորհաւորել մեր այդ յաջողութեան համար, կրնանք հպարտանալ այն կարողութիւններով ու հնարամտութիւններով, կամ` այն իմաստութեամբ կամ հեռատեսութեամբ, զոր ունենալ կը կարծենք, եւ որոնց շնորհիւ է, որ կեանքի մէջ փայլուն ճամբայ բացինք մեր առջեւ: Ասիկա ճակատագիր չէ այլեւս, ասիկա մեր չար բախտին կողմէ մեզի պարտադրուած այն վանդակը չէ, որմէ դուրս չենք կրնար ելլել: Ճակատագիրը միշտ միւսին համար է, անբախտ վերջաբանին համար:

Եւ քանի որ երկրագունդը լեցուն է անբախտ ու դժբախտ մարդոցմով, որոնք շարունակ կ՛ողբան իրենց սեւ ու «դամբանի մրուրով գծուած» ճակատագիրը, մենք երբեմն մեր աչքերը պիտի յառենք աստղերուն ու հարց պիտի տանք, թէ ի՞նչ վերապահուած է մեզի տակաւին սա գալիք օրերուն մէջ, եւ թէ` կա՞յ մէկը կամ կա՞յ ուժ մը, որ այժմէն գիտէ, թէ ի՛նչ վերապահուած է մեզի սա գալիք օրերուն մէջ:

Գիտենք, բայց թերեւս կը նախընտրենք յաճախ մոռնալ, որ չենք գիտեր, թէ ի՛նչ պիտի պատահի հինգ վայրկեան վերջ: Ահաւասիկ` կոշտ օրինակ մը: Մէկը սա պահուն կեանքի գեղեցկութիւնը լիուլի կ՛ապրի ու ապրելու երջանկութիւնը ցմրուր կը քամէ, շարունակ երջանկութիւն կը ցոլացնէ իր շուրջ` առանց գիտնալու, որ հինգ վայրկեան վերջ արկածի մը զոհ պիտ երթայ: Դժուար չէ պատկերացնել, թէ ի՛նչ ահաւոր, ի՛նչ ողբերգական, սակայն ի՛նչ անակնկալ անկիւնադարձ է այս: Արկած մը պիտի պատահի ու չեք գիտեր: Բայց մետալին միւս կողմն ալ կայ: Թերեւս ալ ո՛չ մէկ արկած պիտի պատահի, ու չենք գիտեր: Թերեւս տակաւին յիսուն տարուան կեանք մը կը սպասէ մեզի ու չենք գիտեր: Մէկ բան գիտենք: Կը քալենք` իբր թէ դէպի առջեւ նայելով ու մեր քայլերուն ուշադրութիւն ընելով: Բայց իրականութեան մէջ կը քալենք` առանց մեր առջեւը տեսնելու: Մեր առջեւը մթութիւն կայ: Պիտի տեսնենք միայն անցնելէ վերջ, երբ այլեւս շատ ուշ է, ու վերադարձ չկայ: Մայր Բնութիւնը այստեղ մեզի համար ստեղծած է օրէնք մը: Անողոք օրէնք մը: Ամէն ինչ պիտի տեսնենք միայն պատահելէն վերջ: Երբեք պատահելէն առաջ: Տուփի առջեւն ենք ու միայն տուփը բանալէ վերջ է, որ կրնանք տեսնել, թէ տուփը պարա՞պ է, թէ՞ լեցուն, տուփը հաճելի՞ նիւթ կը պարունակէ, թէ՞ անհաճոյ, տուփը բախտ բերա՞ւ մեզի, թէ՞ ոչ:

Ամէն անգամ որ կը մտածեմ այս ճակատագիր ըսուածին մասին, կ՛երեւակայեմ, որ օդանաւ մըն եմ, որ կը թռչիմ երկնքի անսահմանութեան մէջ: Զիս շրջապատող ամբողջ աշխարհը ճամբայ է, ուղեգիծ է ինծի համար, կրնամ ընտրել այդ հազարաւոր, տասնեակ հազարաւոր ուղղութիւններէն որեւէ մէկը:, կրնամ ընտրել տասնեակ հազարաւոր ուղեգիծներուն այս կամ այն մէկը: Միայն թէ, ո՞ր մէկը պէտք է ընտրեմ: Տասնեակ հազար ուղեգիծներէն ամէն մէկը զիս տարբեր, բոլորովին տարբեր տեղ մը կը տանի: Այնքան տարբեր, որքանը չեմ կրնար երեւակայել: Եթէ մտածենք, չենք կրնար չսարսափիլ: Բոլոր սկզբնակէտերը իրարու շատ մօտիկ են գրեթէ իրարու հետ նոյնացած են, բայց անոնց վերջակէտերը որքա՛ն հեռացած են իրարմէ, որքա՛ն տարբեր են մէկզմէկէ:

Կ՛երեւակայեմ, որ օդանաւ մըն եմ ազատ թռիչքով, բայց` շփոթահար, հազարումէկ ուղղութիւններէ հմայուած, կամ` հազարումէկ ուղղութիւններու դիմաց վարանոտ: Մինչդեռ գիտեմ, որ իրաւ օդանաւը միշտ մէկ ուղեգիծ միայն ունի, ու այդ ուղեգիծը ճշդուած է առաջուց: Որովհետեւ անոր միայն մեկնակէտը չէ, որ յայտնի է, յայտնի է նաեւ անոր հասնելիք կէտը: Եւ երկու կէտերուն միջեւ մէկ ճամբայ միայն կայ: Հարիւր անգամ ալ եթէ թռի, այդ նոյն ու մէկ ճամբուն վրայէն պիտի երթայ: Ասիկա ճակատագի՞ր է օդանաւին համար: Ասիկա ազատութեան պակա՞ս է օդանաւին համար: Թէ ոչ ասիկա տեղ հասնելու երջանկութեան ապահովութիւնն է:

Եթէ կայ մէկը, որ գիտէ, թող պատասխանէ:

 

Սպառազինութեան Մոլուցք Պաքւում` Վախի Ախտանիշով

$
0
0

ՄԻՔԱՅԷԼ ՀԱՋԵԱՆ
Քաղաքական վերլուծաբան

Երեւոյթը նոր չէ: Դրա հիւանդագին ախտանիշները քանիցս արձանագրուել են անցած երեսուն տարում: Սկսած դեռեւս 1988-ի փետրուարից, երբ Սումկայիթի խոշոր արդիւնաբերական ձեռնարկութիւններից մէկի` խողովակագլանման գործարանի արտադրամասերում հաշտապ կերպով սրածայր մետաղական ձողեր եւ կտրող այլ գործիքներ էին պատրաստւում` նոյն ամսուայ վերջերին քաղաքի հայ բնակիչների ջարդն ու կոտորածը կազմակերպելու եւ իրականացնելու նպատակով: Ու չնայած քաղաքի հայ քաղաքացիների թուաքանակն աւելի քան երեք անգամ քիչ էր, քան ազրպէյճանցիներինը, այնուամենայնիւ, շատ աւելի մեծ էր ինչպէս քաղաքային, նոյնպէս եւ հանրապետական իշխանութիւնների մտավախութիւնը, թէ, արդեօք, ի զօրու կը լինե՞ն զուտ մարդուժի առաւելութեամբ իրագործել քաղաքի ընդամէնը 18 հազար հայ ազգաբնակչութեան սպանդի ենթարկելու  իրենց մտադրութիւնը, որ պայմանաւորում էին ազատութեան պայքարի ելած արցախահայութեանը դաս տալու անհրաժեշտութեամբ: Անշուշտ, հարկ է արձանագրել, որ այդ մտավախութիւնը, ինչպէս ցոյց տուեց ջարդերի բուն ընթացքը, որոշակի չափով իրատեսական էր: Գազազած ազրպէյճանական խառնամբոխի դէմ յանդիման անզէն լինելով հանդերձ, սումկայիթցի հայերը, ի պատիւ իրենց, այնուամենայնիւ, կարողացան թէկուզ տեղ-տեղ, բայց խիզախաբար դիմակայել երկոտանի գիշատիչների յարձակումները, անգամ ոչնչացնել նրանցից ոմանց: Այլապէս, քաղաքի հայ խաղաղ բնակիչների շրջանում զոհերի թիւը ոչ թէ կը տատանուէր պաշտօնապէս յայտարարուած 27-ի եւ ոչ պաշտօնապէս շրջանառուող 700-ի միջեւ, այլ կը չափուէր միանգամից հնգանիշ մեծութեամբ: Ահա թէ ինչու Պաքւում եւ Սումկայիթում առաւել քան հրատապ ու պահանջուած էր նախապէս զինուելու խնդիրը:

Նոյնը կրկնուեց Ազրպէյճանի միւս բնակավայրերի եւ յատկապէս Պաքուի հայութեան ջարդերի ժամանակ. երբ ի շարս մետաղաձողերի եւ այլ կտրող միջոցների, որոնց առատութիւնն ու բազմազանութիւնն աննախադէպ էին այդ ցեղասպան խորհրդային հանրապետութիւնում, հայ բնակչութեան սպանդի գործիքակազմը համալրուեց նաեւ հրազէնով` զօրամասերից մեծ քանակութեամբ առգրաւուած մարտական հրացաններով ու ինքնաձիգներով, պայթուցիկ սարքերով:

Դարձեալ նոյն այդ վախի թելադրանքով պայմանաւորուած` սպառազինուելու այդ հիւանդագին երեւոյթն առաւել յատկանշական էր 91-ի աշնանն Արցախի դէմ Պաքուի սանձազերծած պատերազմում, երբ նորաստեղծ ազրպէյճանական ազգային բանակի ստորաբաժանումները, փոխադարձ պայմանաւորուածութեամբ տիրանալով  այդ հանրապետութեան տարածքում տեղակայուած խորհրդային զօրքերի վիթխարի զինապահեստներին, կարողացան հանդերձաւորուել մարտական գործողութիւնների վարման համար անհրաժեշտ առանց բացառութեան բոլոր տեսակի զէնք ու զինամթերքով: Սակայն հանրայայտ ճշմարտութիւն է, որ այլ բան է զինուած լինելը, այլ բան` նոյն այդ զէնքը կրող մարդու հոգեմտաւոր վիճակը` մարտական գործողութեան ընթացքում նրա արիութեան ու խիզախութեան աստիճանը, գումարած դրան` մարտական պատրաստութեան, զէնքի կիրառման եւ  մարտերի վարման կարողունակութեան մակարդակը: Եւ քանի որ այդ որակները, կարելի է հաստատապէս ասել, ի սպառ բացակայում էին ազրպէյճանական նորաստեղծ բանակում, ուստի Պաքուն, նոյն այդ պատճառահետեւանքային կապով պայմանաւորուած, խայտառակ պարտութիւն կրեց իր իսկ նախաձեռնած պատերազմում` ստիպուած լինելով Լեռնայն Ղարաբաղի հետ հաշտութեան ուղիներ որոնել, որոնց արդիւնքում հակամարտ կողմերի միջեւ կնքուեց 1994-ի մայիսեան հրադադարը:

Այսօր` շուրջ քառորդարեայ հեռաւորութիւնից, մեզ` հայերիս համար, ինչպէս նաեւ միջազգային հանրութեան, այդ թուում, առաջին հերթին, հակամարտութեան կարգաւորման միջնորդական առաքելութեան` ԵԱՀԿ Մինսքի խմբի համանախագահութեան համար պարզից էլ պարզ է, որ անժամկէտ հրադադարի այդ պարագան Ազրպէյճանի իշխանութիւններին օդ ու ջրի պէս խիստ անհրաժեշտ էին ոչ այնքան հիմնախնդրի վերջնական լուծման եւ հակամարտութեան գօտում տեւական խաղաղութեան հաստատման համար, որքան նոր պատերազմի հիմնաւորապէս նախապատրաստուելու նպատակով: Փաստօրէն, ներկայումս, թէկուզեւ ժամանակի անհամեմատ լայն կտրուածքով, Պաքուն իրականացնում է այն, ինչ կատարում էր պատերազմի տարիներին իր իսկ խնդրանքով կայացած կարճաժամկէտ զինադադարների ժամանակ, որոնք ամէն անգամ էլ անմիջականօրէն խախտւում էին, երբ Ազրպէյճանի քաղաքական ու ռազմական ղեկավարութեանը թւում էր, թէ յարկ եղած նախապատրաստական աշխատանքները` զօրամասերի տեղաշարժէր ու վերատեղակայումներ,  զէնքի ու զինամթերքի մատակարարումներ եւ այլն, բաւարար չափով կատարուած են մարտական գործողութիւնները վերսկսելու համար: Սակայն, ինչպէս վկայում է պատերազմի տարեգրութիւնը, ամէն անգամ էլ Պաքուի խոփը քարին էր դէմ ընկնում` ստիպելով անմիջականօրէն Ստեփանակերտից ժամանակաւոր զինադադարի նոր ժամկէտներ մուրալ:

Գաղտնիք չէ, որ մայիսեան հրադադարից յետոյ անցած իւրաքանչիւր օր ու ամիս, իսկ ընդհանուր առմամբ` ահա քսանչորս տարի ի վեր Ազրպէյճանը  հետեւողականօրէն օգտագործում է իր բանակի մարտունակութիւնը բարձրացնելու եւ արդիական զինատեսակներով այն սպառազինելու համար, դարձեալ վստահ չլինելով իր առկայ ուժերի ու հնարաւորութիւնների վրայ` շարունակելով քրոնիքական դարձած մտավախութիւն ապրել,  որ սեփական մարդկային գործօնը, չնայած նրա գերակշիռ մեծութեանը, ի զօրու չէ պարտութեան մատնել փոքրաթիւ եւ համեմատաբար սակաւ զինաւորուած թշնամուն, այսինքն` հայերիս: Եղաւ պահ, իսկ դա, ինչպէս յայտնի է,  2016-ի ապրիլի սկզբներին էր, երբ Պաքուին թուաց, թէ եկել է վճռական ու լայնածաւալ գրոհի ժամը:  Ազրպէյճանական բանակը յագեցած էր Ռուսաստանից, Իսրայէլից, Պիելոռուսիայից, Ուքրանիայից գնած գերարդիական զինատեսակներով, ապահովուած մարտական գործողութիւնների ընթացքում դրանց սպասարկման համար մատակարար երկրների տրամադրած զինուորական մասնագէտներով, զօրամասերի սպայական ու շարքային կազմը տեւական ժամանակ վերապատրաստուած էր թուրքական եւ այլերկրեայ ռազմական հրահանգիչների ու խորհրդատուների մասնակցութեամբ անցկացուած դասընթացներում ու զինավարժանքներում: Գումարած դրան` կազմաւորուած էր յատուկ ջոկատայինների մի ամբողջ պրիկատ, որի կազմի մէջ ներգրաւուած էին ինչպէս թուրք, նոյնպէս եւ, այսպէս կոչուած, «Իսլամական պետութեան» հրոսակախմբերում մարտական փորձութիւն անցած մեծ թուով գրոհայիններ, այդ թուում` ազրպէյճանական ազգութեան ասպատակիչներ, որոնց խոստացուած էր համաներում շնորհել մարտական գործողութիւնների յաջողութեան պարագայում: Սակայն, չնայած բաւականաչափ ռազմական գործիքակազմի առկայութեանը, անփառունակ վախճան ունեցաւ Ազրպէյճանի նաեւ ապրիլեան արկածախնդրութիւնը, ինչի վտանգաւոր հետեւանքները կանխազգալով ու կանխատեսելով, Պաքուն ստիպուած եղաւ այդ անգամ եւս հապճեպօրէն հրադադարի միջնորդութիւն աղերսել Մոսկուայից, աւելի ճիշդ` Մոսկուայի միջնորդութեամբ յաղթող կողմերից` Ստեփանակերտից ու Երեւանից:

Արդեօք, ապրիլեան խայտառակ պարտութիւնն ուսանելի դաս եղա՞ւ Պաքուի համար: Հաստատապէս` հազիւ թէ: Անցած աւելի քան երկու տարում Ազրպէյճանի իշխանութիւնները դարձեալ զանգուածային ոչնչացման նորագոյն  զինատեսակների անդադրում որոնումների մէջ են, որոնք նրան պէտք են հերթական պատերազմի համար, եւ որոնց ձեռքբերմամբ նա ցանկանում է հաւասարակշռել Ռուսաստանից Հայաստանի գնած հեռահար հրթիռային «Իսկենտեր»  կայանքների հետ: Մոսկուան, դատելով լրահոսում առկայ տեղեկատուութիւնից, առայժմ կարծես թէ ձեռնպահ է մնում Ազրպէյճանին համարժէք զինտեսակ մատակարարելու հարցում: Խնդիրը, ամենայն հաւանականութեամբ, մի կողմից` մինչ այդ պաշտօնական Երեւանի` որպէս Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիր կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) հիմնադիր անդամի, սկզբունքային բացասական դիրքորոշման մէջ է, միւս կողմից` Մոսկուա-Պաքու երկխօսութեան մէջ` կախուած Եւրասիական տնտեսական միութեան (ԵԱՏՄ) մէջ նոյնպէս ներգրաւուելու հարցում վերջինիս դիրքորոշումից: Բայց քանի որ խնդիրը ձգձգւում է տեւականօրէն, իսկ Պաքուն շտապում է ձեռք բերել համարժէք զինատեսակներ, ուստի նրա ընտրութիւնը կանգ է առել պիելոռուսական տարբերակի` 301 մմ տրամաչափի համազարկային կրակի «Պոլոնեզ» կոչուող հրթիռային համակարգի վրայ: Վերջինս, դատելով լրահոսի տուեալներից, ռուսական «Իսկենտեր»-ին զիջում է հարուածների ճշգրտութեան խնդրում, բայց ահա գերազանցում է համակարգում տեղադրուած հրթիռների քանակով, որ չափւում է համապատասխանաբար 2 եւ 8 յարաբերակցութեամբ:

Հարց է ծագում. բայց չէ՞ որ Պիելոռուսիան նոյնպէս ՀԱՊԿ եւ ԵԱՏՄ հիմնադիր անդամ է եւ, որպէս այդպիսին, նոյնպէս համարւում է Հայաստանի ռազմավարական դաշնակիցը:  Այո՛ այդպէս է: Սակայն ո՞ւմ չէ յայտնի բելառուսական առաջնորդի` Ալեքսանտր Լուքաշենքոյի յարափոփոխ ու պատեհապաշտ, շատ յաճախ անկանխատեսելի արտաքին քաղաքականութիւնը, որի շրջագծում պետութեան եւ դաշնակցային ընդհանուր շահերը միշտ չէ, որ համատեղելի են եւ ցանկացած պահի կարող են տրամագծօրէն հակասել, անգամ` հակադրուել միմեանց: Արդիւնքում կայացել է այն, ինչն անցանկալի է Հայաստանի համար. Մինսքը պաշտօնապէս խոստացել է «Պոլոնեզ» կարգի 10 համակարգ մատակարարել Պաքուին, քաջ գիտակցելով, որ պատերազմական գործողութիւնների վերսկսման դէպքում դրանք Ազրպէյճանի կողմից անպայման գործնական կիրառում են ստանալու իր ռազմավարական դաշնակցի` Հայաստանի, իսկ նրա միջոցով`  Արցախի դէմ: Եւ ահաւասիկ, ինչպէս յայտնի է, առաջին կայանքները Մինսքից հասել են Պաքու` սպասարկող պիելոռուսական անձնակազմերի հետ միասին: Այնպէս որ, եթէ Պաքուն վճռի դրանք կիրառել հայկական կողմերի դէմ, ապա, նկատի առնելով, որ այդ համակարգերը սպասարկող մասնագէտները Պիելառուսիայից են, կը ստացուի այնպէս, որ Ազրպէյճանի տարածքից դէպի Հայաստան եւ Արցախ հեռահար համազարկեր են իրականացնում ՀԱՊԿ-ի մեր դաշնակից երկրից գործուղուած զինուորականները: Զաւեշտական է հնչում, բայց, ինչ արած, ֆրանսացիների ասած` «սէ լա վի», այսինքն` այսպիսին է կեանքը, տուեալ պարագայում` միջազգային ու միջպետական, անգամ` դաշնակցային յարաբերութիւնների դաշտը, որտեղ եթէ ոչ յաճախ, ապա երբեմն անխուսափելի նշանաբան է ծառայում ողջախոհ բանականութեան հետ ոչ մի աղերս չունեցող «Ինձնից յետոյ` թէկուզ ջրհեղեղ» անբարոյական սկզբունքը:

Այնուամենայնիւ հարց է ծագում.  ի՞նչ է տալիս «Պոլոնեզ» համակարգերի ձեռքբերումն Ազրպէյճանին: Միայն ա՞յն, որ դրանք որոշ  չափով, բարձրացնում են Ազրպէյճանի, ընդհանուր առմամբ, զինուած ուժերի ու, մասնաւորապէս,  հրթիռային-հրետանային զօրքերի հզօրութիւնը եւ ինչի շնորհիւ Ազրպէյճանը ցանկանում է սպառազինութեան որոշակի հաւասարակշռութիւն ստեղծել Հայաստանի հետ` նկատի առնելով «Իսկենտեր» հրթիռային կայանքների առկայութիւնը Հայոց բանակում: Բայց չէ՞ որ ինչպէս օրերս նշել է Հայաստանի պաշտպանութեան նախկին նախարար, ռազմական փորձագէտ Վաղարշակ Յարութիւնեանը «Նիուզ»-ին տուած հարցազրոյցում. «Եթէ Պաքուն ծրագրում է Լեռնային Ղարաբաղում ռազմական գործողութիւնները վերսկսել, ապա դրա համար նա, այսպէս թէ այնպէս, բոլոր անհրաժեշտ միջոցներն ունի, որոնք կարող են ԼՂՀ ամբողջ խորութեամբ թիրախները խոցել: Իսկ եթէ Հայաստանի դէմ, ապա կրկին նրանք միջոցներ ունեն, որոնք տեղակայուած են Նախիջեւանում եւ հասանելի են դարձնում Հայաստանի տարածքում բոլոր թիրախները»: Միւս կողմից` քանի որ Հայաստանը եւ Արցախը նոյնպէս համանման համակարգեր ունեն, ապա Ազրպէյճանի կողմից «Պոլոնեզ»-ների կիրառման դէպքում Երեւանը եւ Ստեփանակերտն ի զօրու են պատասխան հարուածներով խոցել Ազրպէյճանի տարածքում գտնուող գործնականում բոլոր թիրախները, ներառեալ այն օբյեկտները, որոնք Պաքուի համար ռազմավարական եւ տնտեսական նշանակութիւն ունեն: Այնպէս որ, ռազմական գործողութիւնների վերսկսումը միանգամայն կարող է խափանել Ազրպէյճանի տնտեսական ներուժը, ինչում Պաքուն, կարծում եմ,  ամենեւին շահագրգռուած չէ: Այնպէս որ, կարելի է համաձայնել Յարութիւնեանի տեսակէտին, թէ Պաքուի համար «Պոլոնեզ» հեռահար կրակի հրթիռային համակարգերը պահանջուած չեն, քանի որ ուժերի իրական հաւասարակշռութեան վրայ այս համակարգը որեւէ ազդեցութիւն չունի:

Ըստ իս, տուեալ պարագայում դարձեալ առաջին պլան են մղւում, նախ, այն, որ Պաքուն, չնայած հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման վերաբերեալ իր բարձրագոչ հաւաստիացումներին, շարունակում է հաւատարիմ մնալ խնդիրն ուժի կիրառման վերաբերեալ սպառնալիքներով ահաբեկմամբ կամ անմիջականօրէն ուժի կիրառմամբ լուծելու անիմաստ ու անհեռանկար դիրքորոշմանը: Այլ կերպ ասած` արտաքուստ համաձայնութիւն յայտնելով, իրականում նա չի ցանկանում ղարաբաղեան խնդիրը լուծել խաղաղ բանակցութիւնների միջոցով եւ ապաւինում է ռազմական ուժին:

Ապա` եթէ հաշուի առնենք այն հսկայական ծախսերը, որոնք իրականացնում է Պաքուն ռազմական ոլորտում, ապա միայն դա արդէն իսկ վառ վկայութիւն է այն բանի, որ Ազրպէյճանը յայտարարել է սպառազինութիւնների մրցավազք: Նոյնը  պարտադրելով նաեւ հայկական կողմերին, Պաքուն այդպիսով փորձում է բացասաբար ազդել Հայաստանի եւ Արցախի տնտեսական առաջընթացի վրայ` սեփական փորձով քաջ գիտակցելով, թէ լրացուցիչ ռազմական ծախսերն ինչպիսի ծանր անդրադարձ կարող են ունենալ ընկերային-տնտեսական իրավիճակի վրայ: Բնականաբար, Հայաստանն ու Արցախը ստիպուած են արձագանգել ու հնարաւորութեան դէպքում չէզոքացնել առաջացած սպառնալիքը` ապահովելով ռազմաքաղաքական հաւասարակշռութիւն:

Եւ վերջապէս` դարձեալ ակնյայտ է Պաքուի մտավախութեան զգացողութիւնը. իսկ եթէ հայկական կողմն առաջի՞նը գործարկի իր հեռահար հրթիռային համակարգերը: Պատահական չէ, որ չբաւարարուելով պիելառուսական համակարգերի ձեռքբերմամբ, Պաքուն շարունակում է նոր, աւելի հզօր  զինատեսակների իր որոնումներն ինչպէս եւրոպական երկրներում, մասնաւորապէս, Սլովաքիայում ու Չեխիայում, նոյնպէս եւ Միջին Արեւելքում, կոնկրետ` Իսրայէլում, երկու ուղղութիւններում էլ զանազան մեքենայութիւնների գնով շրջանցելով Եւրոպական միութեան արգելքն Ազրպէյճանին զէնքի մատակարարման խնդրում, ինչը սահմանուել է` նկատի ունենալով, որ նա պատերազմական վիճակի մէջ է Հայաստանի հետ: Յատկանշական է, ինչպէս հպարտօրէն յայտարարել է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւն Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուի հետ 2016թ. դեկտեմբերին Պաքուի Զագուլբա արուարձանային աւանի իր պալատում կայացած համատեղ մամլոյ ասուլիսում` Ազրպէյճանը մի քանի տարուայ ընթացքում հրէական պետութիւնից գնել է, ընդհանուր առմամբ, 5 միլիառ տոլարի սպառազինութիւն: Թէ ինչպէս եւ ինչ ուղղակի ու զարտուղի ուղիներով, դա արդէն առանձին թեմա է` ուշագրաւ քրէական ինտրիգներով յագեցած, ինչին կը փորձենք հանգամանալի անդրադառնալ յաջորդիւ:

Արցախ
Յատուկ «Ազդակ»-ի համար

 

Ակնարկ. Համապետական Մտածողութեան Պարտադրանքը. Կազմե՛լ Կառավարութիւնը

$
0
0

Լիբանանի խորհրդարանական ընտրութիւններու աւարտէն աւելի քան մէկ ամիս ետք տակաւին գործնապէս չեն սկսած կառավարութեան կազմութեան բանակցութիւնները: Իրաւական-ընթացակարգային փուլերը այս երկրին մէջ դժուար կը հանգուցալուծուին. յետաձգումները, առկախումները եթէ մէկ կողմէ իւրաքանչիւր համայնքի ապահովելիք չափաբաժիններու առաջադրանքներն են, այդ առումով գոյառուող անհամաձայնութիւնները, առեւտուրները եւ ապա ընդհանուր յայտարարներ գտնելը, միւս կողմէ, սակայն, արտաքին հեռակառավարումներու գործօնով գործընթացներու կասեցումները:

Քաղաքական լաւատեսութիւնը պէտք է փորձել պահել, հակախուճապային քայլերը արագացնել. ասիկա յատուկ վարքագիծ է, որ վերջերս կ՛երեւի պետական մակարդակի վրայ եւ յատկապէս կառավարական որոշ շրջանակներու մօտ Լիբանանին նոր հեռանկարներ պարզելու, ամբողջ տարածաշրջանը բռնկեցուցած թէժ իրավիճակներէ զերծ մնալու եւ միջազգային մակարդակի վրայ հեղինակութիւն ապահովելու:

Այս շրջագիծին մէջ ալ, թէեւ պաշտօնական յայտարարութիւններ չկան, այսուհանդերձ քաղաքական թէ տնտեսական շրջանակներու մէջ յամառ շշուկներ կը շարունակեն յուշել, որ երկիրը կանգնած է տնտեսական նոր ճգնաժամ դիմակայելու իրականութեան դիմաց: Դրամատնային համակարգի մինչ այժմ փաստած անառիկութիւնը, ըստ որոշ ցուցիչներու, կրնայ խնդրոյ առարկայ դառնալ:

Ֆինանսատնտեսական դիւրաբեկութիւնը բնութագրողները եթէ հիմնականին մէջ հիմնաւորումները կը կեդրոնացնեն սուրիական պատերազմի հետեւանքով Լիբանան ապաստանած գաղթականական զանգուածին կուտակած պետութեան նոր բեռին կամ աժան աշխատուժի տարածման եւ շուկայի գրաւումին վրայ, միւս կողմէ նաեւ հետզհետէ կը համոզեն իշխանութիւններուն կողմէ պետական գումարներու առնուազն մսխումին դէմ կատարուած բարձրաձայնումներուն, ընտրական ծրագիրներուն զուտ յայտարարողական պարունակի մէջ սահմանափակուած մնացած ըլլալու մասին:

Ընդունուած տեսութիւն է, որ կալուածային եւ անշարժ գոյքերու առք ու վաճառքի շուկայի սառեցուած կամ յետընթաց վիճակը ամէնէն արագ եւ ամէնէն սուր ցուցիչն է ֆինանսատնտեսական իրավիճակի եւ անոր ոչ ուշ հեռանկարին: Իսկ այս առումով երեւցող նախադրեալները յուսադրիչ պատկերներ չեն պարզեր քաղաքացիներուն առջեւ:

Իրադրութիւններու ընթացքը արագ է: Համընթաց չէ պետական գործընթացներու կշռոյթը: Հակաճգնաժամային գործողութիւններ կազմակերպելը պետական տարբեր հաստատութիւններու եւ գերատեսչութիւններու համակարգումով համալիր ծրագիրներու մշակումն ու գործադրելիութիւնը կ՛ենթադրէ: Իսկ այստեղ առանցքը կառավարութիւնն է, որուն կազմութեան ուշացումը, ձգձգումը նման պայմաններու մէջ  ո՛չ ազգային եւ ո՛չ ալ պետական մօտեցումներով արդարացումներ կրնայ ունենալ:

Այս երկիրը պէտք է միանգամընդմիշտ թօթափէ պետաիրաւական հաստատութիւններու կազմութեան եւ կայացման ընթացակարգերու ձգձգման հնամաշ աւանդութիւնը: Կարելի  է առարկել, որ ամէնէն ժողովրդավար կարգերով կառավարուող երկիրներու մէջ կառավարութիւններու կազմութիւնը կրնայ առկախուիլ, իբրեւ հետեւանք քաղաքական անհամաձայնութիւններու: Բայց անոնց մօտ կան սահմանադրական ժամկէտներ, որոնք կը կանխարգիլեն անորոշ առկախումները: Երբ չկազմուի կառավարութիւնը կամ չնշանակուի վարչապետ, կամ վստահութեան քուէ չստանայ կառավարութեան ծրագիրը, առիթները սպառելէ ետք կը լուծարուի խորհրդարանը եւ երկիրը կ՛ուղղուի դէպի արտահերթ ընտրութիւններ:

Այստեղ առկախումները անորոշութեան կը մատնեն եւ ըստ էութեան կ՛անդամալուծեն պետութիւնը: Քաղաքական նման բեմագրութիւններ բազմիցս հրամցուած են լիբանանցի ժողովուրդին: Հանրապետութեան նախագահի ընտրութեամբ այս ընթացակարգը վերստին առաջնորդուած էր բնականոն հուն, հակառակ միջազգային եւ լիբանանեան բազում դժուարութիւններու եւ անոնց պատճառով արձանագրուած որոշ ուշացումներու:

Տարածաշրջանի անկայունութիւնը, ֆինանսատնտեսական ոլորտին սպառնացող երեւոյթները, տարբեր մարզերու մէջ ստեղծուող դժուարութիւններու արագ կուտակումը կ՛ընդգծեն,  համապետական մտածողութեան պարտադրանքի հրամայականը. իսկ այդ պարտադրանքի գործնական դրսեւորումը կառավարութեան շուտափոյթ կազմութիւնն է:

«Ա.»

Ազգային Նուպարեան-Խրիմեան Միջնակարգ Վարժարանի Ամավերջի Հանդէսը

$
0
0

Երբ դար մը առաջ աննման հայ ազգին աննման հայ ժողովուրդը եւ անկրկնելի կամաւոր գունդերը 1918 մայիս 28-ի սխրագործութիւններով կերտեցին հայոց պատմութեան ամենափայլուն էջերէն մէկը` հիմնելով ազատ, անկախ Հայաստանի առաջին հանրապետութիւնը, այդ եւ յաջորդող սերունդները արդեօք կը յուսայի՞ն, որ հայը ամբողջ դար մը աշխարհի տարածքին այդ փառապանծ տօնը պիտի յիշէ ուրախութեամբ եւ հպարտութեամբ տօնակատարէ` միշտ յուսալով ամբողջական եւ միացեալ Հայաստանի մը իրականացումը:

Ահա այս տեսլականով առաջնորդուած, երեքշաբթի, 12 յունիս 2018-ի երեկոյեան Թրիփոլիի Ազգային Նուպարեան-Խրիմեան միջնակարգ վարժարանի ամավերջի հանդէսը, հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, ընթացք առաւ վարժարանի շրջափակին մէջ:

«Բարի գալուստ սրբազան հօր» պաստառը մուտքի դռնէն կը դիմաւորէր ներկաները, իսկ անկախութեան հարիւրամեակը նշող եռագոյնը, կը ծածանէր չորսդին:

Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութեան յաջորդող տնօրէն Վաչէ Հարմանտայեանի բացման խօսքը կը ցոլացնէր սրբազան հօր ներկայութեան առթած ուրախութիւնն ու բացառիկ մասնակցութիւնը: Միջնակարգի աւարտականներ իրենց խօսքերով անբաւ երջանկութիւն յայտնեցին` «Անկախութեան հարիւրամեակի» սերունդ կոչուելով:

Մանկապարտէզէն մինչեւ միջնակարգի աշակերտներ գեղարուեստական ճոխ յայտագրով ներկաներուն հրամցուցին հայերէն, արաբերէն, ֆրանսերէն եւ անգլերէն լեզուներով, պատրաստուած արտասանութիւններ, խմբերգներ, պարեր, թատերական պատկերներ եւ սրտառուչ խօսքեր:

Յատուկ այս առիթին ներկայ էր վարժարանի նախկին սաներէն, այժմ մանկավարժ եւ դաստիարակ Գարոլին Փուչեան-Թերզեան, որ այս վարժարանին կապուած անմոռանալի յիշատակներ պատմեց եւ երախտագիտութիւնը յայտնելով յուզեց ներկաները:

Այնուհետեւ բեմ հրաւիրուեցաւ առաջնորդ սրբազան հայրը, որ մանկապարտէզի եւ միջնակարգի աւարտականներու յանձնեց իրենց վկայականները, իր խոր գոհունակութիւնը յայտնեց այս, վարժարանէն ներս տարուած աշխատանքին` քաջալերելով տնօրէնն ու անձնակազմը, որոնք կանգուն կը պահեն հիւսիսային Լիբանանի միակ հայ ջահակիրը` Ազգային Նուպարեան-Խրիմեան միջնակարգ վարժարանը:

 


Ազգ. Յառաջ Մանկապարտէզի Վկայականաց Բաշխում

$
0
0

Ազգային Յառաջ մանկապարտէզի 2017-2018 տարեշրջանի եզրափակման եւ վկայականաց բաշխման հանդէսը տեղի ունեցաւ շաբաթ, 16 յունիս 2018-ի երեկոյեան, վարժարանի շրջափակին մէջ: Ներկայ էին պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներ, վարժարանի բարերար տէր եւ տիկին Լեւոն Թորոսեան, բարերարներ, հիւրեր եւ ծնողներ:

Քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք վարժարանի վարիչ մանկապարտիզպանուհի Լենա Սթամպուլեան ողջունեց ներկաները եւ ըսաւ. «Վարժարանը բարձր պահող ու հարստացնող օղակը` տնօրէնութիւն, խնամակալութիւն, ուսուցչական կազմ եւ ծնողներ, իրենց ճիգը չխնայեցին քաջալերելու, համբերելու եւ նեցուկ կանգնելու այս դարբնոցին, ի սէր նորահաս սերունդի մաքուր ու արդի կարելիութիւններով օժտուած միջավայրի մը մէջ աճման եւ տարրական գիտելիքներ ջամբելու գործընթացին»: Ապա ան երախտագիտութիւն յայտնեց բոլոր այն մարմիններուն, կազմակերպութիւններուն եւ անհատներուն, որոնք տարբեր առիթներով եւ զանազան միջոցներով օգտակար հանդիսացան մանկապարտէզին: Ան ըսաւ, թէ շրջանաւարտ սերունդը պիտի կոչուի Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին անկախութեան 100-ամեակի սերունդ, որ կը հաստատէ. «Մենք սփիւռքի զաւակներն ենք, մենք չենք ծնած մայր հայրենիքի մէջ, այլ հայրենիքը ծնած է մեր մէջ»:

Ապա բեմ բարձրացան փոքրիկները, որոնք մանկական պատումներով ու ոճով, սակայն իմաստասիրական խորքով, հանդիսատեսին փոխանցեցին «Հայաստանի անկախութեան 100-ամեակ»-ի պատգամը:

Օրուան գեղարուեստական յայտագիրին իւրայատուկ փայլք տուին ծաղիկ դասարանի շրջանաւարտները, որոնք հանդէսին ընթացքին, մերթ ընդ մերթ բեմ բարձրանալով, վեր առին Հայաստանի անկախութեան 100-ամեակի խորհուրդը:

Ծիլ դասարանի երգչախումբի «Տղաների երգը»-ի  կատարումով ընթացք առաւ գեղարուեստական յայտագիրը, որուն յաջորդեց «Եռագոյն ծիածան» պարը:  Ապա բողբոջ դասարանի աշակերտները երգեցին «Իմ Երեւան» երգը ու պարեցին «Նաւաստիներու» պարը: Այնուհետեւ կոկոն դասարանի աշակերտները երգեցին «Մենակ չենք մենք» երգը և պարեցին «Նոր սերունդ» պարը: Ծաղիկ դասարանի աշակերտները երգեցին «Հայրենիքն իմ» երգը ու պարեցին «Ղափամա» հայկական պարը:

Գեղարուեստական յայտագիրին յաջորդեց շրջանաւարտներու ուղերձը, որուն մէջ անոնք հրաժեշտ տուին իրենց ուսուցիչներուն եւ մանկապարտէզին:

Նախքան վկայականներու բաշխումը, ծաղիկի շրջանաւարտներուն խօսք ուղղեց վարժարանի տնօրէն Արմէն Թաշճեան: «Հայաստանի անկախութեան 100-ամեակի արեւով ծաղկած էք լիովին եւ ձեր ծաղկունքին բուրմունքը կը շնչենք բոլորս. մեր եռագոյն ձգտումը, հրայրքն ու երազը նոր տրոփումներով յոյս եւ ուժ կ՛ամբարէ», ըսաւ ան:

Տնօրէնը հաստատեց, որ` «առանց ձեր ծաղկունքին` կ’իմաստազրկուին, ո՛չ միայն մեր ազգային տեսլականն ու մեր բոլոր ձգտումները, այլեւ մեր ազգային հաւաքական կեանքը անապատացման ճամբան կը բռնէ»: Ապա անդրադարձաւ այն իրողութեան, որ «ասկէ 100 տարիներ առաջ, միմիայն հերոսներու եւ սերունդի ծաղկունքն էր, որ Հայաստանը, հայութիւնն ու ընդհանրապէս հայկական քաղաքակրթութիւնը փրկեց անապատացումէ. առանց այդ խրոխտ ու վառ ծաղկունքին, մենք չէինք ունենար Սարդարապատ,  չէինք ունենար անկախութիւն եւ հանրապետութիւն, չէինք ունենար դրօշակ եւ քայլերգ: Սերունդներու ծաղկումն է, որ պիտի ապահովէ ազգի անխափան երթը դէպի յաւերժութիւն. այդպէս էր երէկ, այդպէս է այսօր եւ ընդմիշտ, իսկ մեր ազգի յարատեւումը այդ մշտանորոգ ծաղկումով պայմանաւորուած է», յայտնեց Ա. Թաշճեան:

Վերջապէս տնօրէնը շեշտը դրաւ հայոց պատմութեան այն մեծագոյն դասին վրայ, որ հիմնականօրէն սերունդներու ծաղկումին հետ ճշգրիտ ժամադրութիւն պահելու կարողութիւնն է: «Ժամադրութիւն` այսպիսի՛ սերունդներու, զորս կը մկրտենք 28 մայիսի արեւուն շողերով եւ անոնց դպրոցական առաջին վկայականին մէջ կը դրոշմենք այդ արեւը, իբրեւ ինքնութեան անվրէպ ուղենիշ», ըսաւ Ա. Թաշճեան:

Ապա տնօրէնը, շնորհաւորելով ծաղիկները , իրենց ծնողներն ու մանկապարտէզի անձնակազմը, բեմ հրաւիրեց վարժարանի նախկին վաստակաշատ մանկապարտիզպանուհի Վերգինէ Այնթապեանը, ինչպէս նաեւ Ծովիկ Սնապեանը, որպէսզի կատարեն վկայականներու բաշխումը:

Հրավառութեամբ ու բոլոր փոքրիկներու բեմ բարձրացումով փակումը կատարուեցաւ օրուան հանդիսութեան:

Շրջանաւարտներն են. Անտրէիա Սգայեան, Ալեքս Գէօհիւլեան, Աւօ Աւետիսեան, Բիւզանդ Սապունճեան, Զուլալ Թաշճեան, Լարա Պէքարեան, Կալինա Գասամանեան, Ճորճ Մալլօ, Մարիլին Ատաճեան, Յովակ Ադամեան, Նարօտ Անտէքեան, Ռուպինա Աշգարեան, Սելենա Փալազեան, Վահագ Խօշեան, Վանա Տէտուշեան, Վիքի Հաւաթեան եւ Ռայմոնտ Դանիէլեան:

Եոկիաքարթայի Սուլթանը Կանացի Յեղափոխութիւն Թագաւորութեան Մը Մէջ

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

«Ծնողքս երբեք չէ ըսած ինծի, որ ասիկա կնոջ մը գործը չէ»

Եոկիաքարթայի սուլթանը քաղաքական եւ հոգեւոր հզօր դիրք ունի Ինտոնեզիոյ Ճաուա կղզիին մէջ: Ան կը խուսանաւէ, որպէսզի աւագ դուստրը իր ժառանգը դառնայ` հրահրելով  դառն դժգոհութիւններ:

«Սերունդէ սերունդ սուլթանը, որ կ՛իշխէ Եոկիաքարթայի մէջ, կարծես ինքզինք կը յարմարեցնէ ժամանակի փոփոխութեան»,  կ՛ըսէ Վրոնօ Պիմօ Կիւրիտնօ, երբ լրագրող մը կը պտտցնէ  պալատի համալիրին մէջ:

Ան թագաւորական դասակարգի շուրջ 1500 անդամներէն`ապտի տալամ, մէկն է: Կերիս մը` ճաուայական սրբազան դաշոյն մը, գծուած է անոր քղանցքին վրայ:

«Անցեալին դժուար չէր իշխան մը որոշելը, որովհետեւ  նախապէս սուլթանը ունեցած էր մէկէ աւելի կիներ», կ՛ըսէ Վրոնօ Պիմօ Կիւրիտնօ, սուլթանին անձնական բնակարանը շրջապատող ծառաստանին մէջ:  «Բայց դուք գիտէք, որ միշտ եղած են կիներ, որոնք իսկական իշխանութիւնը կը պահեն Ճաուայի ընտանիքներուն մէջ», կ՛ըսէ Պիմոն` ժպիտով:

Ինչպէս կը պահանջուի, պալատ մուտք գործողներ  աւանդական մետաքսէ տարազներ հագած են, մազերը յատուկ ձեւով դէպի ետ կապուած, եւ կը հիւրասիրուին:

Այս պալատին մէջ ամէն բան` ծառերու տեղադրումէն մինչեւ արքունիքի կողմէ կատարուած շարժումները, իմաստ ունի:

Ճաուայի մշակոյթին մէջ ուղղակի չեն խօսիր, այլ` խորհրդանիշերով:

Սուլթանը, որ 72 տարեկան է, փոխած է իր անունը, որպէսզի ատիկա ծինային չէզոքութիւն ունենայ, եւ իր աւագ դստեր տուած է  նոր անուն` Կուստի Կանճենկ Ռաթու Մանկքուպումի, որ կը նշանակէ «Երկիրը պահողը»:

Իշխանուհի Մանկքուպումիի տրուած է «Երկիրը Պահողը» տիտղոսը

Ատիկա նկատուած է որպէս  յաւելեալ նշում, որ ան կը պատրաստուի գահին բազմելու, երբ ժամանակը գայ: Արքայադուստրը կը ծիծաղի, երբ լրագրող մը կ՛ըսէ, որ իր կոչումը ունի մեծ պատասխանատուութիւն: «Ինչպէս բոլոր ընտանիքներուն մէջ, որպէս աւագ, ես աւելի շատ պատասխանատուութիւն ունիմ իմ քոյրերէս: Բայց ապագան ինչ պահած է, այդ որոշումը հօրս ձեռքն է», կ՛ըսէ ան` ժպիտով:

Իշխանուհին  հազուադէպ կը խօսի ժառանգութեան մասին եւ զգուշ է խօսած ատեն: «Զիս մեծցուցած են այս բաներուն մասին չերազելու համար, կամ  ցանկութիւն ունենալ, որ այժմ կ՛ապրիմ երջանիկ կեանք մը»: Սակայն ան կ՛աւելցնէ. «Թէեւ թագուհիներ եղած են Աչէի եւ  իսլամական այլ թագաւորութիւններու մէջ: Այսինքն, ես ալ պէտք է ըլլամ»:

Անոր կրտսեր քոյրը` Կուստին Քանճենկ Ռաթու Հարյու, աւելի համարձակ կը խօսի արքայադուստրերու աննախընթաց իշխանութեան մասին:

Անոնք բոլորը օտար երկիրներ ուղարկուած են ուսանելու` Եւրոպա, Ամերիկա եւ Աւստրալիա, եւ այժմ պալատին մէջ ստանձնած են  ղեկավար զանազան պաշտօններ, որոնք ժամանակին այրերու մենաշնորհն էին: «Ես շատ բախտաւոր եմ, որ ծնողներս երբեք չեն ըսած, որ ատիկա կնոջ աշխատանք չէ», կ՛ըսէ  ան Կուստին, սահուն անգլերէնով մը:  «Որոշ մարդոց  լաւ չի թուիր, բայց երբ սուլթանը կ՛ըսէ, պէտք է ընդունիք ատիկա, վարժուիք ատոր», կը  ծիծաղի ան:

«Այս է կարեւորը. մարդը ըսէ, որ ժամանակն է, որպէսզի  կանայք այլեւս ետ չմնան, մասնակցին»:

Կուստին կ՛ըսէ, թէ զինք մեծցուցած են այրերու հետ հաւասար ըլլալու համար

«Անոնք պիտի իրաւազրկուին»

Սուլթանին եղբայրներն ու քոյրերը համաձայն չեն ասոր: Անոնք զայրացած են: Անոնց մեծամասնութիւնը, ինչպէս Փրապուքուսոմոն, այժմ կը մերժեն խօսիլ սուլթանին հետ եւ չեն  մասնակցիր արքայական միջոցառումներուն:

«Մենք իսլամական թագաւորական ընտանիք ենք, եւ տիտղոսը տղամարդուն համար է, եւ մենք ինչ պիտի կոչենք զայն` սուլթա՞նը: Ատիկա անկարելի է», կը  ծիծաղի ան:

Սուլթանին եղբայրներն ու քոյրերը չեն խօսիր անոր հետ

Փրապուքուսոմօ կ’ըսէ, որ սուլթանին այս քայլը վտանգաւոր անջատում է  հարիւրամեակներու աւանդութիւններէ  եւ կը մեղադրէ եղբօր ընտանիքը` իշխանութեան մարմաջ ունենալուն եւ ագահ ըլլալուն համար:

Եւ ան ուժգին կը զգուշացնէ, թէ ի՛նչ պիտի ըլլայ:

«Մենք ընտանեկան պարտաւորութիւն ստանձնած ենք, որ մենք հիմա պիտի չպայքարինք, բայց երբ սուլթանը մեկնի այս աշխարհէն, մենք համաձայնութիւն գոյացուցած ենք  ժողովուրդին հետ, որ մենք սուլթանին կիներն  ու դուստրերը դուրս պիտի քշենք պալատէն»:

«Անոնք դուրս կու գան, քանի որ անոնք այլեւս մեր ընտանիքին անդամները չեն», կ՛ըսէ Փրապուքուսոմօ:

Ատիկա բաւական ցնցում պիտի յառաջացնէ:

«Լաւ, պարզապէս յիշեցէք, թէ ով սխալ է», կ՛ըսէ ան:

Երկու թագուհինե՞ր

Պալատին պատերէն դուրս մարդոց մեծամասնութիւնը կ՛ուզէ կողմնորոշուիլ` ըսելով, որ իրենք կը ճանչնան արքայական ընտանիքին որոշումը: Սակայն նուիրուած հետեւորդներուն մէջ մտահոգութիւն կայ այն մասին, որ ի՛նչ պիտի մտածէ Հարաւային ծովու թագուհին:

Ճաուայի թագաւորական իշխանութիւնը կու գայ 16-րդ դարէն եւ մինչ ընտանիքը այժմ իսլամ է, ինտոնեզիացիներուն մեծամասնութեան նման, անոնց  իրականացուցած ծէսերը, թաթխուած են խորհրդապաշտութեան, հինտուականութեան ու  պուտտայականութեան եւ անցեալի անասնապաշտութեան մէջ:

Ըստ աւանդութեան, Եոկիաաքարթայի Սուլթանը պէտք է ստանձնէ աստուածուհի Կանճենկ Ռաթու Լորօ Քիտուլը` իբրեւ իր առասպելական կինը:

«Մեր սրբազան գրութեան մէջ Սուլթանին եւ Հարաւային ծովու թագուհի Լորօ Կիտուլի միջեւ կայ կնքուած խոստում մը,  որ անոնք միասին կ՛իշխեն եւ կը պահպանեն խաղաղութիւնը», կը բացատրէ սուլթանին եղբայրը` Եուտայատըր:

Ամէն տարի ծովային աստուածուհիին կը մատուցանուին սուլթանի եղունգներու կտրօններ եւ ծամակալներ: Ատոնք նոյնպէս  կը մատուցանուին մարդակեր ճիւաղ Սապու Ճակաթի, որ կը գտնուի Ինտոնեզիոյ ամէնէն արթուն հրաբուխներէն մէկուն` Մերապի լերան վրայ:

Պալատին մէջ ծէսերը հարիւրաւոր տարիներէ ի վեր նոյնն են

Մատուցումը եւ հոգեւոր միութիւնը նախատեսուած են ապահովելու հրաբուխի, եւ Հնդկաց ովկիանոսի միջեւ (մէջտեղնին պալատը)  սրբազան հաւասարակշռութիւն մը եւ այդպիսով` ժողովուրդին անվտանգութիւնը:

«Ի՞նչ կը պատահի, եթէ երկու թագուհիներ կան, ինչպէ՞ս կրնան միասին ըլլալ, կարելի՞է», հարցումին կը պատասխանէ պալատի ուղեցոյցը. «Սուլթանի դերը այն է, որ պահպանեն Հարաւային ծովու աստուածուհին եւ հրաբուխի աստուծոյ հաւասարակշռութիւնն ու հաշտութիւնը: Որոշ մարդիկ կը մոռնան հրաբուխը` աստուածը: Համոզուած եմ, որ սուլթանը իմաստուն որոշում կու տայ Եոկիաքարթայի ժողովուրդին համար»:

Մարտահրաւէրներու ժամանակներ

Եոկիաքարթայի սուլթանը, իբրեւ քաղաքին եւ շրջանի կառավարիչը,  նոյնպէս որոշումներ պէտք է տայ հիմնականօրէն շատ երկրային հարցերու վերաբերեալ:

Երբ Ինտոնեզիան անկախութիւնը նուաճեց,  Ճաքարթան արտօնած էր  Եոկիաքարթայի արքայական ընտանիքին պահել իր իշխանութիւնը` շնորհակալութիւն յայտնելով Հոլանտայի գաղութարարութեան  դէմ պայքարին մէջ  իրենց դերակատարութեան  համար: Ուրեմն Եոկիաքարթան Ինտոնեզիոյ մէջ միակ վայրն է, ուր բնակիչները ուղղակի չեն ընտրեր իրենց ղեկավարը:

Երբ Ճաքարթայի կողմէ նշուեցաւ, որ ասիկա պէտք է փոխուի 2010-ին, փողոցներուն մէջ բուռն ցոյցեր տեղի ունեցան եւ կեդրոնական կառավարութիւնը նահանջեց:

Եոկիաքարթայի սուլթանը Ինտոնեզիոյ մէջ վերջինն է քաղաքական ուժով

Բայց Համենքուպուոնօ Ժ. սուլթանը եղած է հակասական ժամանակակից առաջնորդ մը`  քաղաքական եւ գործարար ընդարձակ մարմաջներով:

Երբ 2006-ին Մերապին լերան հրաբուխը սկսաւ ժայթքիլ, սուլթանը գիւղացիներուն ըսաւ, որ զիրենք տարհանելու համար  պիտի հետեւի գիտնականներուն թելադրութիւններուն , եւ ոչ թէ պալատին կողմէ նշանակուած հրաբուխի դարպասապահին: Եւ Եոկիաքարթայի մէջ ոմանք զինք կը մեղադրեն այս մշակութային ու հանդարտ մայրաքաղաքը առեւտուրի կեդրոններու, վահանակներու եւ բարձրայարկ շենքերու քաղաքի վերածելու համար:

Առեղծուածային իսլամութիւն

Դժուար ժամանակներ են Ճաուայի  իւրայատուկ  չափաւորական, առեղծուածային ձեւի իսլամութեան համար, որ Սուլթանը եւ Կրաթոնը կը ներկայացնեն:

Առարկաներու կամ կուռքերու յարգանքը, պաշտամունքը եւ բազմաստուածութեան մասին ակնարկները` կը հակադրուին ուահապական իսլամութեան հետ, որուն ժողովրդականութիւնը  կ՛աճի Ճաուայի մէջ:

«Ես ընկերային կայքերու էջերու պատասխանատուն եմ  պալատին մէջ եւ կը տեսնեմ այս պահպանողական տեսակէտը», կ՛ըսէ  իշխանուհի Կուսթի Հարիու:

«Բայց մենք ունինք պատճառներ, թէ ինչո՛ւ մենք արարողութիւնները այդպէս կ՛ընենք, եւ ատիկա կրնայ Քուրանին մէջինին ճիշդ նման չըլլալ, բայց մենք չենք շեղիր, չենք մոլորիր, մենք տարօրինակ պաշտամունքային բաներ չենք ըներ», կը  ծիծաղի ան:

Ըստ իշխանուհի Հայրուիի, պալատը բանալը մշակոյթի գոյատեւման միակ ուղին է

«Ասիկա իսլամական թագաւորութիւն է, եւ ոչ թէ այն, որ կ՛ընթանայ Միջին Արեւելքէն որեւէ մէկուն նման եւ պարզապէս շատ կրօնական կը թուի: Իսլամութիւնը մեր ամէնօրեայ կեանքին մէջ է»:

Ան կ՛ըսէ, որ անցեալին արքայական ընտանիքները կը հպարտանային բացառիկ ըլլալով եւ մխիթարութեան մէջ ծածկուած ըլլալով, բայց գոյատեւելու ուղին պալատը բանալն է:

«Այսպիսով, երիտասարդները չեն կորսնցներ հաղորդակցութիւնը իրենց ճափոնական կողմին հետ, քանի որ եթէ մենք կորսնցնենք մեր մշակութային ինքնութիւնը, ատիկա  չի վերադառնար»:

Հակառակ լաչակ կրել ուզող երիտասարդ ճաուացի իսլամ  կիներու թիւի աճին, անիկա արտօնուած չէ պալատին մէջ: «Բազմաթիւ կիներ, որոնք լաչակաւոր են, կամաւոր կը հանեն զայն, երբ Քրաթոն կը մտնեն   ծիսական արարողութիւններու համար», կ՛ըսէ Քուստի Քանճենք Ռատու Հեմաս թագուհին:

«Ատիկա ոչ թէ կրօնի, այլ մեր մշակոյթն ու աւանդութեան  պահպանումն է, եւ հասարակութիւնը այդ մէկը կը հասկնայ: Սուլթանը բոլոր կրօններէն վեր է»:

Բայց ասիկա հետզհետէ աւելի գրգռիչ կեցուածք մըն է այսօրուան Ինտոնեզիոյ մէջ:

Վերջերս Ինտոնեզիոյ առաջին նախագահ Սուքառնոյի դուստրին ` Սուքմաւատին մասին  ոստիկանութեան հաղորդեցին, որ ան  հայհոյած է եւ ատոր համար Սուքմաւատի ստիպուած ներում հայցեց: Բանաստեղծութեան մը մէջ ան գրած էր, որ Ճաուայի մազերը աւելի գեղեցիկ են, քան իսլամական ծունկերը:

Հեմաս թագուհի կը մեղադրուի ապստամբութիւնը առաջնորդելու համար

Թագուհին կ՛ըսէ, թէ ինք իր դուստրերը մեծցուցած է, որպէսզի անկախ ըլլան եւ կը հաւատայ, որ անոնք հաւասար են այրերու:

Սուլթանի տարածուած  ընտանիքը կը մեղադրէ թագուհին, որ Ազգային խորհրդարանին մէջ ծերակուտական է, թէ  աւանդութեան դէմ ապստամբութիւնը կ՛առաջնորդէ:

«Երբ դուստրերս 15 տարեկան էին, կ՛ըսէի, որ պէտք է լքէին պալատը, ուսանէին աշխարհի մէջ` իրենց սորվածը վերադարձնելու իրենց երկիրը»:

Զանոնք կատարելագործել ղեկավարելո՞ւ համար:

«Այդ որոշումը սուլթանին ձեռքն է», կը հաստատէ  թագուհին:

«Բայց, այո՛, ժառանգորդը պէտք է ըլլայ  արիւնի կապով: Փոփոխութեան ատեն միշտ պիտի ըլլայ հակամարտութիւն եւ իշխանութեան պայքար», կ՛աւելցնէ ան:

Քաղաքական Տեսակէտ. «Ոչ Ազատակա՞ն, Թէ՞ Ազատական» Ժողովրդավարութիւն

$
0
0

ԵՂԻԱ ԹԱՇՃԵԱՆ

1991-ին, երբ Խորհրդային Միութիւնը իր փլուզումը ապրեցաւ, քաղաքագէտ Սամուէլ Հանթինկթըն այդ փլուզումը որակեց իբրեւ ժողովրդավարութեան «երրորդ ալիքը»: Ըստ Հանթինկթընի, առաջին ալիքը 1820-1920 կայսրութիւններու փլուզմամբ ներկայացաւ, իսկ երկրորդը 1945-1960` գաղութատիրութիւններու փլուզմամբ: Հանթինկթըն, ինչպէս նաեւ այլ քաղաքագէտներ եւ պատմաբաններ, որոնք կը պաշտպանէին արեւմտեան ազատական ժողովրդավարութիւնը (liberal democracy), կը կարծէին, թէ աշխարհը պիտի ապրէր խաղաղութեան մէջ, ուր` ազատական ժողովրդավար երկիրները տնտեսական բարգաւաճում ունենալով, պիտի կարենան յաղթահարել իրենց ներքին մարտահրաւէրները:

Հանթինկթըն մահացաւ 2008-ին, ան չկրցաւ տեսնել, որ իր երազը երկար կեանք չունեցաւ:

Ազատական ժողովրդավարութեան հիմքերէն մէկը իշխանութեան ճիւղերու տարանջատումն է  (separation of powers), ուր ամէն մէկ ճիւղ կը քննէ միւսին աշխատանքը, օրինակ` խորհրդարանը կը քննէ կառավարութեան գործելաոճը, իսկ դատական իշխանութիւնը կը քննէ բոլորին աշխատանքը եւ կը հաստատէ, եթէ որեւէ սահմանադրական խախտումներ կան: Այսպիսով, երկիրը կայուն վիճակի մէջ կը մնայ, ինչ որ արգելք կը հանդիսանայ, որ որեւէ կուսակցութիւն կամ անձ կարենայ երկիրը վերածել բռնատիրութեան: Սակայն այս համակարգը նաեւ ունի իր ժխտական կէտերը: Թուղթի վրայ զայն կը տեսնենք հիանալի եւ փայլուն, սակայն երբ գործի անցնինք, կը տեսնենք, որ կարգ մը օրէնքներ ապագային կրնան դառնալ «անհիմն» եւ վտանգաւոր, մանաւանդ երբ իշխանութիւն դառնայ այնպիսի ուժ մը, ուր ո՛չ սահմանադրութիւնը եւ ո՛չ ալ այլ իշխանական ճիւղ մը կրնայ խոչընդոտել անոր աշխատանքը:

Ներկայիս Միացեալ Նահանգներ, Թուրքիա, Հունգարիա եւ այլ երկիրներ դէպի ոչ ազատական ժողովրդավարական (illiberal democracy) քայլեր առին: 2017-ին Տոնալտ Թրամփ ընտրուեցաւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ, ան առաջին իսկ օրերէն քննադատեց Միացեալ Նահանգներու ժողովրդավարական կարգերը եւ երկրին մէջ «կարգ ու կանոն» հաստատելու համար ձեռնարկեց ցեղապաշտական եւ սեռային անհանդուրժողական քայլերու: Ան իր հակառակորդները որակեց իբրեւ դաւաճաններ եւ պայքարեցաւ քաղաքական ու սեռային փոքրամասնութիւններուն դէմ` համոզելով ժողովուրդը, որ անոնք կը պատրաստեն ներքին դաւադրութիւն մը: Այսպիսի քայլեր առնուեցան նոյնպէս Թուրքիոյ եւ Հունգարիոյ մէջ:

2002-2009 Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Թուրքիան կողմնորոշեց դէպի որոշ ազատական ժողովրդավարութիւն, եւ երկիրը ունեցաւ թէ՛ տնտեսական բարգաւաճում, եւ թէ՛ մարդկային իրաւունքները Թուրքիոյ մէջ որոշ յառաջխաղացք ապրեցան, սակայն Էրտողան այս բոլորը օգտագործեց, որպէսզի, Թուրքիոյ մէջ բռնատիրութիւն հիմնելով եւ քաղաքական ընդդիմութիւնը տկարացնելով, սկսի ստեղծել ոչ ազատական ժողովրդավարական կարգեր: Էրտողան բանտարկեց քրտամէտ կուսակցութեան ղեկավարութիւնը եւ ամէն դաւադրութիւն գործածեց ճնշելու համար զանոնք: Ան սահմանադրական իրաւունքը գործածեց Թուրքիան դարձնելու նախագահական համակարգով ղեկավարուող երկիր` նպատակ ունենալով, որ ինք կամ իր կուսակցութիւնը Թուրքիան դարձնեն բռնատիրական երկիր մը: Եւ այս բոլորը` կառավարական լծակները օգտագործելով:

2014-ին Հունգարիոյ ամբոխավար վարչապետ Վիքթոր Օրպան ըսաւ. «Ժողովրդականութիւնը անպայման միշտ ազատական չէ. եթէ բան մը ազատական չէ, ասիկա անպայման չի նշանակեր, թէ այդ համակարգը ժողովրդավարական չէ»: Օրպանի ուղին բռնեցին նաեւ Լեհաստանի եւ Չեխիոյ կառավարութիւնները: Օրպանի օրինակը արմատացած է արեւելեան Եւրոպայի մէջ: Ըստ Իվան Քարասթեւի «Արեւելեան Եւրոպայի ոչ ազատական յեղափոխութիւնը» խորագրեալ յօդուածին («Ֆորէյն Աֆֆերզ», մայիս-յունիս 2018), այս երկիրներուն մէջ ցեղային եւ մշակութային դերը արմատացած է ներքին քաղաքականութեան մէջ: Մշակութային, ցեղային եւ կրօնական բազմազանութեան նկատմամբ միշտ ալ առկայ եղած է անհանդուրժողականութիւն: Օրպանի պէս անձեր այս անհանդուրժողականութիւնը կ՛օգտագործեն իբրեւ զէնք` դիմադրելու ներքին դաւադրութիւններու, դաւադրութիւններ, որոնք երբեմն նոյնիսկ շինծու կ՛ըլլան եւ երեւակայելի: Օրպան արդէն իսկ հսկայ պայքար կը շղթայազերծէ փակելու ոչ կառավարական կազմակերպութիւններն ու ձախակողմեան շարժումները, եւ իր երկրին անդամակցութիւն` Եւրոպական Միութեան, արդէն իսկ հարցականի տակ է:

Այս ալիքէն կրնանք որոշ դասեր քաղել նաեւ Հայաստանի պարագային: Ներկայիս վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կը վարուի իբրեւ ամբոխավար ղեկավար մը, որ թերեւս որոշ չափով պէտք է ժողովուրդին հետ ուղիղ կապ հաստատէ, սակայն միւս կողմէն մտահոգիչ է, եւ այս մէկը կրնայ բախումի տանիլ «ԵԼՔ-ի ներքին խոհանոցին» հետ, ինչ որ արդէն իսկ կը կատարուի: Տակաւին կանուխ է ըսել, թէ Հայաստան ո՛ր ալիքին պիտի միանայ, ազատակա՞ն, թէ՞ ոչ ազատական ժողովրդավարութեան: Եթէ Հայաստանի մէջ կ՛ուզենք պահպանել ներքին ժողովրդավարական կարգերը եւ երթալ դէպի ազատական ժողովրդավարութիւն, ապա նախ կարիք կայ հզօր ընդդիմութեան մը: Ներկայիս Հանրապետական կուսակցութիւնը այդ դերը կը կատարէ, սակայն յառաջիկայ ընտրութիւնները պիտի որոշեն Հայաստանի ժողովրդավարական ուղին:

Yeghia.tash@gmail.com

Հարիւր Ականաւոր Դէմքերու Յուշ-Պատգամներ` Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադրութեան Հարիւրամեակին

$
0
0


ԳԱՐԵԳԻՆ Բ. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ
(1932-1999)

* Հայ ժողովուրդի զաւակներուն բռնի տեղահանումին, աշխարհացրիւ տարտղնումին ու գաղթականութեան ծանրօրէն տագնապալից կացութեան հակառակ` արի ոգին հայկազնեանց անգամ մը եւս կեանք առաւ կեանքին մէջ հայութեան եւ արիւնագրեց պատմութեան տարեգրութեանց մէջ անկախ Հայաստանի ոսկի անունը, 28 մայիս 1918-ին:

ՎԼԱՏԻՄԻՐ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ
(1931-2000)

* Դրաստամատ Կանայեանը
Իր փոքրաթիւ ջոկատներով
Արշաւում է դէպ Ապարան…
Իսկ թուրքն իր յաղթանակով արբեցած`
Ալեքպոլից ուղիղ դէպի Սարդարապատ
Բաց է անում երրորդ ճակատ.
Գրոհում են դէպի առաջ
Չորս տիվիզիա,
Երկու հազար քիւրտ հեծեալներ,
Ու նրանց հետ
Տարտանելի երեք գունդը մարդակործան…
Եւ դեռ էլի զինուած խմբեր…


ՀՐԱՉ ՏԱՍՆԱՊԵՏԵԱՆ
(1928-2001)

* Ազգային գաղափարախօսութեան եւ նպատակներու տեսակէտէն, Հայաստանի Հանրապետութեան ժամանակաշրջանին, հիմնական աւանդը եղաւ միացեալ (ազատ եւ անկախ) Հայաստանի տեսլականը:

* Խորհրդանշելով միաժամանակ ե՛ւ մայիսեան համաժողովրդական դիւցազնամարտը, ե՛ւ արեան գնով ձեռք բերուած ազգային անկախութիւնն ու ինքնիշխան պետականութիւնը, մարմնաւորելով իր մէջ կրկնակ խորհուրդը հայ ժողովուրդի մնացորդացի փրկութեան եւ վերածնունդին, հայութեան տեւականացման եւ հայկական արժէքներու նոր ծաղկումին, պարփակելով քաղաքական բազմակողմանի եւ հիմնական իմաստներ` համաթուրանական ծաւալապաշտութեան կասեցման, Հայաստան անունին պաշտօնական ճանաչման, մեր ազգային Դատի նոր դիմագծութեան եւ մեր պատմական հայրենիքի գէթ մէկ մասին փաստացի հայացման տեսակէտէն մայիս 28-ը կը ներկայանայ որպէս անգերազանցելի կարեւորութեամբ օժտուած եւ հիմնական անկիւնադարձ կազմող թուական` հայոց բովանդակ պատմութեան մէջ:

* Համաթուրանական յորձանքին կասեցումը` իբրեւ մայիս 28-ով խորհրդանշուած յաջորդ հիմնական իրագործում, միջազգային չափանիշ, համամարդկային dimension կու տայ հայութեան Գերագոյն Գոյամարտին:

* 1918-ի մայիսեան հրաշքը հասարակաց ու անողոք թշնամիին դիմաց հայ ժողովուրդի մէկ մարդու նման ծառանալուն մէջ կը կայանայ. հայ ժողովուրդի միասնականութեան, ազգային գոյատեւման, հաւաքական կամքի միահամուռ արտայայտութեան մէջ է անոր գաղտնիքը: Գերագոյն վտանգի ամբողջական գիտակցութիւնն էր, որ մարտի դաշտ իջեցուց հայութիւնը` իր ամբողջութեան մէջ, որ օրհասական գուպարին մէջ նետեց բոլորը անխտիր` զինուոր ու քաղաքային, երիտասարդ ու ծերունի, կին ու երեխայ: Կեանքի ու մահուան օրհասական գուպար, որ սակայն դիւցազնական հերոսամարտի մը վերածուեցաւ` կասեցնելով թշնամի բանակներուն յառաջխաղացքը, եւ աւելի՛ն, պարտութեան ու փախուստի մատնելով զանոնք:

* Թող թոյլ տրուի մեզի ըսել, որ մայիս 28-ի խորհուրդին ամենահիմնական նշանակութիւնը համաժողովրդական այդ հերոսամարտին, գերագոյն այդ գոյամարտին մէջ է, որ կը կայանայ: Միւսները` Հայաստանի Հանրապետութեան ստեղծումը, անոր արտաքին ճանաչումն ու ներքին փաստացի հայացումը, Հայ դատի նոր դիմագծութեամբ վերարծարծումը եւ արձանագրած յաջողութիւնները, հայ ժողովուրդի եւ քաղաքակրթութեան վերածաղկումը` բոլորն ալ անմիջական ու հեռաւոր արդիւնքներն են այդ գոյակռուի յաջող ելքին:

* Հերոսամարտ, բառին ամենաիրաւ եւ բովանդակ իմաստով, մղուած` տակաւին երէկ իր դարաւոր թշնամիին ձեռքով գրեթէ կիսովին բնաջնջուած այս ժողովուրդին կողմէ նոյն այդ դարաւոր թշնամիին դէմ, տասնապատիկ թիւ ունեցող, տասն անգամ աւելի զօրաւոր եւ տասնապատկուած վայրագութեամբ մը զինուած: Հերոսամարտ, սակայն, որ Սարդարապատի, Ղարաքիլիսէի եւ Բաշ Ապարանի դիւցազնադաշտերուն վրայ յաղթանակի պիտի վերածուէր` միջազգային պատմութեան տալով մինչ այդ նմանը չտեսնուած արիութեան եւ խիզախութեան օրինակներ:

* … Եւ այս բոլորէն մեկնելով է, որ կ՛ըսենք անվարան, որ մայիս 28-ը հայոց պատմութեան ամենաշքեղ թուականներէն է, եթէ ոչ` ամենաշքեղը: Անիկա համամարդկային է իր մօտաւոր ու հեռաւոր քաղաքական եւ քաղաքակրթական արդիւնքներով, բայց ամէն բանէ առաջ ու մանաւանդ` համահայկական է իր պատմական բովանդակութեամբ, քանի կը խորհրդանշէ մեր ժողովուրդի միակամ եւ միահամուռ ծառացումը` իր ոչնչացման ձգտող ազգային թշնամիին դէմ:

* Անկախ եւ էապէս հայ Հայաստանը իրականութիւն դարձաւ մայիս 28-ի ծնունդ Հայաստանի Հանրապետութեամբ: Հայկական հարցը վերածուեցաւ ազգային Դատի` Սեւրով նուիրականացած եւ միացեալ ու անկախ Հայաստանի իրագործումը ունենալով իբրեւ քաղաքական յստակ առաջադրանք:

Ու մայիս 28-ի խորհուրդով դարբնուեցաւ մանաւանդ հայ նոր Մարդը, իր պահանջներուն եւ իրաւունքներուն գիտակից հայ քաղաքացին: Հայ քաղաքացին, որ հայրենի լեռներուն ու դաշտերուն վրայ գտնուի թէ սփիւռքի տարածքին որեւէ անկիւնը, ազգային հարցի տեսակէտէն հիմնական ու վերջնական մէկ յստակ իտէալ միայն կը փայփայէ, միացեալ եւ անկախ Հայաստանը:


ԽԱԺԱԿ ՏԷՐ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ
(1941-2001)

* 1918 մայիս 28: Մի թուական, որ անկիւնադարձ հանդիսացաւ հայ ժողովրդի կեանքում եւ արժանի պսակումը դարձաւ նրա մղած կենաց մահու ամեհի պայքարի` ստրկութիւնից նրան առաջնորդելով ազատութեան ու անկախութեան:

* Մայիսի 28-ը ոչ միայն քաղաքական իմաստով անկիւնադարձ հանդիսացաւ մեր կեանքում, այլեւ իր մէջ խտացնելով բոլոր ժամանակների ամենավեհ գաղափարները` ազատութիւնն ու անկախութիւնը, որպէս պայծառ աստղ շողաց հայոց երկնակամարում եւ պիտի շարունակի շողալ այսուհետեւ եւս մինչեւ յաւիտեան, քանի որ մարդ անհատի եւ ժողովուրդների ազատութեան գաղափարը երկրների անկախութեան գաղափարը, պատկանում են յաւերժութեան եւ նրանցից աւելի բացարձակ արժէքներ չկան մարդկային իրականութեան մէջ:

* Մեր ժողովրդի պատմութիւնը կարծես, օրինաչափ հերթագայութիւնն է կեանքի, ազատութեան ու անկախութեան համար մղուած անհաւասար պայքարների: Այդ բոլոր գաղափարների, ձգտումների ու նրանց համար մղուած մաքառումների ամբողջական հանգանակն է մայիս 28-ը:

* Մայիսի 28-ը փաստօրէն այն պարունակն է, որ իր մէջ պարունակում է հայ ժողովրդի դարաւոր իղձերի հանգանակը: Մեր պատմութիւնը վկայ, թէ որքա՜ն արիւն է հոսել, որքա՜ն կեանքեր են զոհաբերուել մեր հայրենի հողի վրայ` նուաճելու մարդկային իրաւունքներից նուազագոյնը եւ ամենավեհը` ազատութիւնը: Ո՜րքան ճիգ ու ջանք է թափուել` ձեռք բերելու ազգային ու պետական անկախութիւն, եւ որքա՜ն արիւն-քրտինք է հոսել` պահպանելու ձեռք բերուածը:


ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՈՒՐՖԱԼԵԱՆ

(1923-2006)

* Պատմութեան մէջ քաղաքական եւ մշակութային մեր վերազարթնումները միշտ արիւնի մէջէն են յառաջացած: Հայկէն սկսած մինչեւ Հայկազեան թագաւորութիւն, Արտաշէսեան հարստութիւն, մինչեւ Արշակունեաց եւ Բագրատունեաց իշխանութիւն` մինչեւ Կիլիկեան անկախութիւն, բոլորն ալ աննկարագրելի հոգեկան եւ ֆիզիքական խոյանքներու արդիւնքներն են եղած: Բայց անոնցմէ եւ ո՛չ մին եղած է այնքան փառաւոր, այնքան ապշեցուցիչ, որքան 1918 մայիս 28-ի իրողութիւնը` եղերական ապրիլէն ետք:

* Կարելի չէ մեզի ծանօթ եւ սովորական բառերով պատկերացնել այն, որ ըրաւ այս ազգը` մայիսեան լուսաշող օրերուն, Սարդարապատի, Բաշ-Ապարանի եւ Ղարաքիլիսէի մէջ, իր հազարաւոր ծեր ու մանուկ, երիտասարդ եւ պարման, կին թէ այր, հարուստ թէ աղքատ զաւակներուն միջոցով` ղեկավարութեամբ ՀՅ Դաշնակցութեան:

* Փառաւոր ու մեծ օրուան այս տօնակատարումին, «Վարդահեղեղ արշալոյսի» այս տարեդարձին, ո՛ւխտ պիտի ընէ իւրաքանչիւր դաշնակցական` հաւատարմօրէն ծառայել ժողովուրդին, որ ամէնուրեք մեզմով կը խանդավառուի, որ մեր մէջ կը տեսնէ ինքզինքը, որպէսզի կարելի ըլլայ օր մը, հայրենիքի մէջ եւս, համայն հայութեան ներկայութեան տօնել մայիս 28-ը` որպէս մեծագոյն ազգային տօն:

ԷԴԻԿ ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆ
(Էդուարդ, 1932-2004)

* Եթէ Հայաստանում պէտք է ճանաչուէին եռագոյնը եւ մայիս 28-ը, ապա ոչ նրա համար, որ թանգարաններում աւելանան եւս մի քանի նմուշներ, այլ որովհետեւ այդ արժէքները հայ ժողովրդի ազգային ազատագրական հերոսական պայքարի արդիւնքներն էին: Այդ արժէքները Աւարայրի ճակատամարտի նման խորհուրդ ունէին ու անկարելի էր վերականգնել այդ արժէքները առանց ՀՅ Դաշնակցութեան, ինչպէս անկարելի է խօսել Աւարայրի ճակատամարտի մասին առանց Վարդան Մամիկոնեանի ու նրա քաջերի: Մինչդեռ Հայաստանի պատմաբաններն ու պաշտօնական քարոզչութիւնը յամառօրէն շարունակում են յօդուածներ ու աշխատութիւններ գրել ազգային-ազատագրական պայքարի հերոսների մասին` առանց նշելու, որ Աղբիւր Սերոբները ծնուեցին Դաշնակցութեան ծոցից ու ստեղծեցին դաշնակցական ֆետայու կերպարը: Եթէ այս մասին պիտի չխօսուի, եթէ պատմութեան չգրուած էջերը պիտի շարունակուեն լցուել կիսատ-պռատ կերպով, ապա ի՞նչն է փոխուել: Չէ՞ որ առանց Դաշնակցութեան` Սարդարապատի հերոսամարտը արդէն վաղուց ճանաչում էր գտել Հայաստանում, բայց հէնց այնքանով թերի էր, որ բացակայում էր ճակատամարտի գլխաւոր դերակատարը: Ես անձամբ համոզուած եմ, որ Դաշնակցութիւնը եռագոյնի ու մայիս 28-ի հետ վերականգնուած կը լինէր, եթէ նա այսօր գործող կուսակցութիւն չլինէր: Վրացիները, ազրպէյճանցիները, լիթուացիները եւ շատ ուրիշներ ազատօրէն վերականգնում ու վարկափրկում են իրենց անցեալի յեղափոխական կազմակերպութիւնները, որովհետեւ նրանք այսօր գոյութիւն չունեն եւ արդէն դարձել են թանգարանային արժէքներ: Իսկ Դաշնակցութիւնը կենդանի ու մարտունակ կուսակցութիւն է, ուստի նրա վերարժեւորումը կարող է փոխել քաղաքական ուժերի դասաւորութիւնը հայ ժողովրդի ժամանակակից կեանքում: Սա նշանակում է, որ պատմութեան սպիտակ բծերի վերացման բացարձակ արժէքը այսօր էլ քաղաքական ձեւ է ընդունել, ինչը, անշուշտ, դատապարտելի է:

* Սակայն հայերին ոչնչացնել չյաջողուեց: Բարձրացնելով ազգային ազատագրական պայքարի դրօշը` արեւմտեան եւ արեւելեան հայութիւնը միասնական ճիգերով 1918 թուականին փայլուն յաղթանակ տարաւ թուրքական կանոնաւոր բանակի դէմ Սարդարապատում եւ 1918 թուի մայիսի 28-ին հռչակեց Հայաստանի անկախ հանրապետութիւնը, որը մի քանի տարի յետոյ խորհրդայնացաւ եւ գոյութիւն ունի մինչեւ այսօր` Խ. Միութեան կազմի մէջ:


ԳԷՈՐԳ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ

(1925-2006)

* Սուղ վճարեցինք, շա՜տ սուղ, գնելու համար մեր անկախութիւնը: Եւ հաւանաբար ո՛չ ոք մեզի չափ սուղ վճարած է իր անկախութեան համար: Հազարաւորներու մաքուր արեամբ գրուած է 1918 մայիս 28-ը: Զայն ուրանալ փորձել` կը նշանակէ ցեղի ձայնին դաւաճանել:

* Ճիշդ է, որ մակերեսային դատումով մը, երազները կը մաշեցնեն ժողովուրդ մը: Այո՛, բայց` արտաքնապէս միայն: Միւս կողմէ, սակայն, կ՛ուժեղացնեն եւ կը հզօրացնեն ներքնապէս: Բազմութիւններէն ազգ կը կերտեն: Մայիս 28-ը, արտաքին ճակատի վրայ սուղ արեան վճարումով յաղթանակ մը ապահովելով հանդերձ, մեզ ներքնապէս զօրացուց եւ պահանջատէր հայութեան վերածեց:

* Ցաւալի է հաստատել, որ անկախութեան հռչակումէն սկսեալ եւ դեռ մինչեւ այսօր սփիւռքի մէջ կը գտնուին մարդիկ, որ կ՛ուզեն նսեմացնել մայիս 28-ի արժէքը: Երբեմն թիւրիմացութեանց զոհ, երբեմն դիտաւորեալ մեկնաբանութեամբ` զայն վերածելու համար թուրքէն տրուած շնորհքի եւ որոշ հատուածի մը սեփականութիւն:


ԲԱԳՐԱՏ ՈՒԼՈՒԲԱԲԵԱՆ
1925-2001

* Հայ ժողովրդի հազարամեայ պատմութեան աստեղային ժամը Սարդարապատի ճակատամարտն էր, 1918 թ. մայիսեան այն հրեղէն շաբաթը, որը կործանման եզրին հասած ազգի համար դարձաւ գոյատեւումի ու ազգապահպանութեան խարիսխ:

Սարդարապատի հերոսամարտի մասին արդէն բաւական գրականութիւն է ստեղծուել` վաւերագրական, պատմագիտական եւ գրական-գեղարուեստական:

* Բանն այն է, որ իմ մանկութիւնն ու պատանեկութիւնն անցել են Սարդարապատի զինուորի ընտանիքում: Զինուորի, որի համար եւս այդ ճակատամարտը եղել էր աստեղային ժամ, դարձել էր նրա մտքերի, խօսքերի, երազների տիրակալը ու այդպէս էլ մնաց մինչեւ օրերի վերջը: Հէնց այդ պատճառով եւ իմ երջանիկ բախտով Սարդարապատը դարձել է կազմաւորուող էութեանս կաթ-սնունդը, Սարդարապատի ոգին եղել է իմ ուղեկիցը եւ ուղեցոյցը, մինչեւ որ ինքս էլ գրիչ եմ վերցրել իմ սեփական Սարդարապատը թղթին ու ընթերցողին յանձնելու համար:

ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ

(Շար. 9)

Անդրադարձ. Սարիղամիշի Մէջ 1918-Ին –Գ.

$
0
0

Համադրեց` ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

Սիմոն Վրացեանի յուշագրութեան այս վերջին մասը կը ներկայացնէ, մասամբ` անկարող հրամանատարութեան մը պատճառով ստեղծուած, նաեւ` որեւէ պատերազմական վիճակի մէջ անխուսափելի, սրտաճմլիկ պատահարներ, զորս ան  բնա՛ւ չէ կրցած մոռնալ:

«Դիւրին է պատմուճանները չարատաւորել` կանաչ սեղանին շուրջ նստած, Գոլովինսկիի Տէր Մարգարեանի շքեղ դահլիճին մէջ: Դժուար չէ «մաքուր» պահել խիղճը եւ սուրբի կերպարանքով ամբոխին ներկայանալ, ուրիշներուն վրայ ձգելով «աղտոտ» գործերը: Սեփական պատմուճանին եւ սեփական խիղճին մասին հոգացող ազնիւ մարդը պարտաւոր է նոյն ձեւով մտածել նաեւ ուրիշին պատմուճանին ու խիղճին մաքրութեան մասին…

Թիֆլիսի Գոլովինսկի փողոցի Հայոց ազգային խորհուրդի հաւանական նստավայրը

Բայց նման նուրբ խորհրդածութիւններով զբաղելու ժամանակ չկար. մեր առջեւ կանգնած էին ապացուցուած ծանր յանցաւորներ, որոնց համար դատախազը մահապատիժ կը պահանջէր: Եւ ամէնուն հայեացքը ուղղուած էր մեր կողմը. անպարտ արձակել` պիտի նշանակէր քաջալերել դասալքութիւնը` հիմնապէս քայքայելով ռազմաճակատը: Դատարանը միաձայնութեամբ որոշեց երեքն ալ գնդակահարել անմիջապէս, առանց վերաքննութեան իրաւունք տալու…

Երկուքը լուռ լսեցին դատավճիռը` համարեա անտարբեր, բայց անտառապահին վրայ շշմեցնող տպաւորութիւն ձգեց: Ան պահ մը կարծես չըմբռնեց կարդացուածին իմաստը, ապա ցնցուեցաւ, սուր ճիչ արձակեց, սկսաւ պոռալ… Անհասկնալի խօսքեր կ՛արտասանէր: Կու լար: Երեւոյթը եղկելի էր, այդքան մեծ մարմնին մէջ, այդպիսի՜ փոքր հոգի…

Մի քանի ժամ ժամանակ տրուեցաւ ձեւականութիւնները լրացնելու եւ ամբաստանուածներուն պատրաստութեան համար. կրնային նամակ գրել իրենց ազգականներուն: Երեկոյեան դէմ մահավճիռը գործադրուեցաւ:

Զօրանոցէն քիչ անդին, վարը, փոքրիկ հարթավայրին վրայ կանգնած էր հրացանաւոր ջոկատ մը: Փոքրիկ սեղանին շուրջ կեցած էին դատարանին անդամները` նախագահ, Դրօ, դատախազ: Պետեա Բէգզատեանը, հազիւ 20 տարեկան, աղաչեց, որ իրեն ազատենք մահապատիժի գործադրութեան ներկայ գտնուելու պարտականութենէն: Անդին` բարձունքին վրայ խռնուած էին դիտողները, որոնց մէջ, անշուշտ, «մաքուր խիղճով» մարդիկ ալ…

Զինուորական մահապատիժ ձիւնին վրայ

Արեւը մայրամուտին կը մօտենար: Ցո՛ւրտ: Սարիղամիշը ծածկուած էր ձիւնի հաստ շերտով, որ կը սռթսռթար կօշիկներուն տակ:

Սուինաւոր զինուորներով շրջապատուած երեք դատապարտեալները յամր քայլերով մօտեցան ու կանգ առին հրապարակին մէջտեղ` գլուխները կախ:

Սարիղամիշը կարծես շնչելէ դադրած էր. քա՛ր լռութիւն կը տիրէր:

Ակնթարթ մը, եւ նախագահը կը կարդայ դատավճիռը… Գերմարդկային աղաղակ մը, ապա, կարծես, վիրաւոր ոռնոց` անտառապահը գետին կը տապալի ու գլուխը կտրուած հաւու նման կը ցնցուի, անիմաստ բացագանչութիւններով կը ճանկռտէ սառած հողը… Պահակները ոտքի կը հանեն: Միւս երկուքը անտարբեր կանգնած են, կարծես իրենց չէր վերաբերեր մահավճիռը…

Ու վայրկեանի մը մէջ կը կապեն աչքերն ու ձեռքերը` շարքի կանգնեցնելով… Մէկ, երկու, երեք. կ՛որոտան հրացանները… Հեռախօսը կը շտապէ հաղորդել առաջաւոր դիրքերուն:

– Երեք հայրենիքի դաւաճան խռովարարներ զինուորական ատեանին կողմէ մահուան դատապարտուած են: Մահավճիռը գործադրուած է…

Նոյն երեկոյեան ուղիղ հեռագրաթելը կը հաղորդէ Թիֆլիս.

– Զինուորական ատեանը Սարիղամիշի մէջ գնդակահարութեան դատապարտեց երեք չարամիտ դասալիքներ: Մահապատիժը գործադրուած է անմիջապէս:

Վաղը առաւօտ, Գոլովինսկիի Տէր Մարգարեանի դահլիճին մէջ,կանաչ սեղանին շուրջ, անուշ թէյ խմելու ընթացքին, Հայոց ազգային խորհուրդի անդամները գլուխները օրօրելով` հեռագիրը պիտի կարդան…

Եւ օրեր ետք, Շորագեալի գիւղերէն մէկուն մէջ, լացով ու վայնասունով պիտի կարդացուի այն նամակը, որ «հայրենիքի դաւաճան, դասալիք» անտառապահը մահէն առաջ գրած էր իր կնոջ ու զաւակներուն:

Ա՛հ այդ նամակը… Մինչեւ այսօր ալ, երբ գիշերը աչքերէս քունը կը փախչի, անտառապահին վիթխարի հասակը կը ցցուի առջեւս եւ մեծ, թափանցող աչքերը կը ծակեն սիրտս: Եւ տեսողութեանս կը պատկերանայ արցունքով թրջուած  թուղթի կտորը, որուն վրայ մահապարտը իր կոպիտ ձեռքով շարած էր սրտի այնպիսի՛ քնքուշ զեղումներ, այնպիսի՛ սրտառուչ խօսքեր…

Ալեքսանդրապոլի` Գիւմրիի ռուսական բոլորակաձեւ «Սեւ բերդը» 1834-էն ցարդ

Նամակը ուղղուած էր կնոջ եւ երեք մատաղ զաւակներուն, որոնք անհամբեր կը սպասէին հօր վերադարձին: Կը սկսէր աղաչանքով, որ ներեն իրեն, ինքը Աստուծոյ առջեւ ինքզինք մեղաւոր կը զգար: Իր կամքէն անկախ` վախի ազդեցութեան տակ յանցանք գործած էր: Չէր ուզեր մեռնիլ թշնամիին գնդակէն, բայց ահա քիչ ետք պիտի մեռնէր` իբրեւ դաւաճան, հայու գնդակէն…

Ներողութի՛ւն, հազա՛ր ներողութիւն: Աստուած այսպէս կամեցած է եւ կը ներէ իրեն: Ինքը այդ համոզումով ալ կը մեռնի: Ե՛ւ իրեն հետ կը տանի կնոջ եւ զաւակներուն հանդէպ սրտի անհուն սէրը… Ապա` թախանձագին յորդոր կնոջ, որ պատուով պահէ զաւակները. Թող անոնք յարգեն դժբախտ հայրը, որ այնքան կը սիրէ զիրենք: Եւ փաղաքշական անպաճոյճ խօսքեր, կարօտ ու գուրգուրանք զաւակներուն` ամէն մէկուն առանձին-առանձին… Եւ անէծքի կամ թշնամական ո՛չ մէկ խօսք իշխանութեան կամ դատաւորներուն հասցէին: Միայն արցունք եւ անհուն սէր` հարազատներուն…

Թղթատարին յանձնելէն առաջ կարդացի մէկ, մի քանի անգամ: Եւ կարծես ձեռք մը ամուր կը սեղմէր սիրտս: Սիրտս կը ճմլուի նաեւ այսօր, երբ անքուն գիշերին աչքերուս կը պատկերանայ անտառապահին մահուան սարսափէն սառած հայեացքը… Եւ կ՛երեւակայեմ անտառապահին կնոջ եւ զաւակներուն վիշտը հօր նամակը կարդալու ատեն` իրենց որբացած խրճիթին մէջ…

Դատավարութենէն ետք, զօրավար Արէշեանի թախանձանքին վրայ, Դրոն ճակատ մեկնեցաւ թշնամիին դէմ կռիւները վարելու համար: Ճակատը Սարիղամիշի մօտերը Խոնդրէի ձորին մէջ էր: Թնդանօթներուն որոտը մեր ականջներուն կը հասնէր…

Գիւմրի-գրաւեալ Կարս երկաթուղին, 1899-ին սկսած եւ 1993-ին Թուրքիոյ կողմէ փակուած

Քիչ ժամանակ անց Փափազեանը զինուորական տիկնոջ հետ Թիֆլիս մեկնեցան: Այլեւս գաղթական չէր մնացած: Սարիղամիշէն հեռացան նաեւ բժշկա-առողջապահական ու խնամատարական խումբերը: Զօրավար Արէշեանին հետ սուր անհամաձայնութեան պատճառով, ռազմաճակատէն հեռացան նաեւ Մուրատն ու Սեպուհը` իրենց մարտիկներով: Մենք մինակ մնացինք, համարեա դուրսի աշխարհէն կտրուած. Դրոն Խոնդրէի առաջաւոր դիրքերուն էր, ուրկէ թնդանօթներուն որոտը աւելի եւ աւելի սպառնական` կը մօտենար մեզի. Վահան Նաւասարդեանը` զօրավար Արէշեանին քով դայեակի դերով եւ ես` ամայացած Սարիղամիշի «զինուորական հրամանատար»…

… Բայց մենք դատապարտուած էինք: Բախտը մեզ լքած էր: Մեր միակ կապը դուրսի աշխարհին հետ հեռագրաթելն էր: Լուրեր կը ստանայինք Ալեքսանդրապոլէն եւ Թիֆլիսէն, իսկ Հայոց Ազգային Խորհուրդը ժողովներ կը գումարէր Գոլովինսկի փողոցին վրայ, Տէր Մարգարեանի դահլիճին մէջ եւ զինուորական գործավարին օգնականը քաջալերական խօսքեր կ՛ուղղէր… մեզի:

Թիֆլիսի հիմնարկութիւններն ու սրճարանները կը վխտային զինուորական հագուստ հագած դասալիքներով, իսկ մենք օրերը կը հաշուէինք, թէ մեր անխօս չարչարանքին վախճանը ե՛րբ պիտի հասնի: Եւ վախճանը չուշացաւ:

… Որոշուեցաւ. մարտ 28-ին (1918) զօրքը քաղաքէն կը հեռանայ: Զօրավար Արէշեանին հետ կը մեկնի նաեւ Նաւասարդեանը: Վիրաւորները, հիւանդանոցներու ու պահեստներու ծառայողները, քաղաքացիներու մնացորդները իմ հետս կը հեռանան երկաթուղիով: Քաղաքին պահեստներն ու ռազմական արժէք ներկայացնող շէնքերը կը պայթեցուին: Պայթեցնող ջոկատը, գործը լրացնելէն ետք, կը միանայ մեկնողներուն:

Արդէն մութը ինկած էր: Վերջին անգամ աչք նետելէ եւ քաղաքին զանազան մասերը քննելէ ետք կայարան հասայ, ուր խաւարին մէջ արդէն պատրաստ կը սպասէր գնացքը` բեռնաւորուած ստուեր դարձած մարդոցմով եւ ապրանքով: Քաղաքին մէջ մարդ չէր մնացած (Կարսէն 53 քմ հարաւ-արեւմուտք, ՅՉ):

Սարիղամիշի երկաթուղին քաղաքէն դուրս` բլուրին վրայ

Գնացքը դանդաղ դուրս եկաւ  կայարանէն եւ կանգ առաւ քաղաքէն դուրս, բարձունքին վրայ: Ամէնքը ականջ կտրած` կը սպասէին: Մէկ ալ` թրա՛խկ, պո՛ւմ, պո՛ւմ. քաղաքի բոլոր կողմերէն որոտացին պայթող ռումբերը: Պայթիւնին յաջորդեց հրդեհը: Հետզհետէ քաղաքը լուսաւորուեցաւ բոցավառ ջահերով: Լոյսերու խաղն ու ռումբերուն որոտը հեռուէն տօնական հրավառութեան տպաւորութիւն կը ձգէին: Գնացքի ճամբորդները դուրս թափուած` հիացումով կը դիտէին…

Կէս գիշերը մօտ էր, երբ ռումբերուն որոտը դադրեցաւ: Գնացքը պարտաւոր էր յառաջանալու: Ես տեղ գտայ մինչեւ բերան զինուորներով լեցուած բեռնակիր սայլին մէջ: Հազիւ ծալապատիկ տեղաւորուած էի, մեծ դժուարութեամբ ներս մտցուցին ծանր վիրաւոր երիտասարդ զինուոր մը: Չէր կարողանար նստիլ: Տեղ բացինք ու պառկեցուցինք մօտս: Գլուխը դրաւ ծունկիս վրայ: Դժուարութեամբ կը շնչէր: Տաքութեան մէջ կը զառանցէր: Շարունակ կը ցնցուէր եւ անկապ խօսքեր կ՛արտասանէր: Ջուր կը խնդրէր.

– Ջո՜ւր… ջո՜ւր… – բայց ջուր չկար:

Շարունակ կը կրկնէր.

– Մամա՜… մամա ջա՜ն… ջո՜ւր…

Ամուր կպաւ ձախ թեւիս եւ չէր ձգեր: Գլուխը անհանգիստ կը շարժէր ծունկիս վրայ: Ամբողջ մարմինը կարծես կ՛այրէր:

– Ջո՜ւր, – կը կանչէր մոլեգնօրէն:

Ո՞վ էր այս տղան: Ոչ ոք ծանօթ էր անոր: Վերջին պահուն, պատահաբար, հիւանդանոցէն հանած ու բերած էին: Կրնար մնալ եւ թուրքերուն ձեռքը իյնալ:

Երեւոյթէն ալ անհնար էր իր ինքնութիւնը գուշակել: Վրան ունէր սովորական զինուորական հագուստ եւ վերարկու: Վրան ոչ մէկ կտոր թուղթ գտնուեցաւ: Մեր հարցումներուն չէր պատասխաներ: Կը հասկնա՞ր, թէ արդէն գիտակցութիւնը կորսնցուցած էր:

– Ջո՜ւր, մամա ջա՜ն… ջո՜ւր,- յուսահատ կը ճչար…

Գնացքը դանդաղ կը սողար բիրտ ցնցումներով: Սայլին մէջ խոր լռութիւն կը տիրէր: Ոմանք նստած կը մրափէին: Ոմանք անշշուկ կը ծխէին: Իւրաքանչիւրը` իր մութ խոհերուն մէջ ամփոփուած:

– Մամա ջա՜ն… ջա՜ն…

Ու դառն հեծկլտանք… Խռկոց, կարծես կը խեղդէին: Ջղային գալարումներ…

Այս տղան քաղաքացի պէտք էր ըլլար: Գիւղացին «մամա ջան» չէր ըսեր… Այլեւս չէր ճչար: Գլուխը ծանր ինկած էր ծունկիս…

Կ՛երեւի մրափած էի: Անթափանց խաւարը մէկէն ցնցեց զիս: Տղան խաղաղ պառկած էր` գլուխը ծանր դրած ծունկիս: Ձեռքը ամուր փակած էր թեւիս: Շոյեցի ճակատը. պա՜ղ…

Ոչ ոք զգացած էր` ինչպէ՛ս վերջին շունչը փչած էր: Մեծ դժուարութեամբ տեղ բացինք. դիակը դրան մօտ տեղաւորեցինք: Անկիւնէն մէկը ըսաւ.

– Հոգւոյն հանգուցելոցն արա հանգիստ եւ ողորմութիւն…  Դասաւորեայ ընդ արդարոց…

Լուսաբացը հեռու չէր: Գնացքը ծանր հեւոցով կանգ առաւ բաց դաշտին մէջ: Մօտակայ բլրակին գագաթը բահով փոս մը փորեցինք: Դիակը մէջը դրինք եւ հողով ու չոր ձիւնով ծածկեցինք: Գլխուն վերը` ծառի ճիւղերով խաչ մը տնկեցինք: Եւ նոյն զինուորը, որ հոգւոց կարդաց, դամբանական խօսեցաւ:

– Ո՛չ փող զարկինք, ո՛չ արձագանգ լեռնասոյզ… Ընկե՛ր ջան, անծանօ՛թ երիտասարդ ընկեր, ննջէ հանգիստ քու նոր օթեւանիդ մէջ: Եւ ներէ մեզի, որ դեռ կ՛ապրինք…

Գնացքը դանդաղ շարժեցաւ: Կարսին կը մօտենայինք: Արեւը դեռ ծագած չէր, բայց շրջակայ բարձունքները գորշ մանիշակագոյն` կը պատրաստուէին լուսատուին երեւումը ողջունելու:

Սայլին մէջ ոչ ոք կը խօսէր: Ամէն ոք իր միտքերուն անձնատուր էր: Եւ ականջիս շարունակ կը լսուէր.

– Մամա՜… Մամա ջան, ջո՜ւր…»

16 մայիս 2018
(Շար. 3 եւ վերջ)

——————————-

(1) «Կեանքի ուղիներով. դէպքեր, դէմքեր, ապրումներ», Սիմոն Վրացեան, Ա. հատոր, Գ. տպագրութիւն, Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» տպարան, Պէյրութ, 2007, էջ 187-201:

Տեսանիւթ`10 Օր տանը – Սարիղամիշ, Իգդիր, Բայազետ, Բերկրի (երկրորդ մաս) «Երկիր Մետիա» https://www.youtube.com/watch?v=kd9BRk5rXwM

Դրօ կը պատմէ 1918-ի մայիսեան հերոսամարտերը` ձայնագրութիւն:
https://soundcloud.com/mindrkisdq2w/generaldrastamatkanayan/s-X0E6T

 

100-ամեակ. Մեր Մասնակցութիւնը

$
0
0

Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակին առիթով մեր թերթի նախաձեռնած աշխատանքները իրենց աւարտին չեն հասած. տարին ամբողջ յոբելենական է, եւ տարբեր միջավայրերէ կը հնչեն առաջարկներ Ա. Հանրապետութեան երկուքուկէս տարուան իրագործումները նշելու, պատմաքաղաքական իրադարձութիւններու այժմէականացման փորձեր կատարելով քննարկման եւ հրատարակչական նոր տարածքներ ձեւաւորելու:

Հիմա գանք մեր փոքր ածուին` նկատելու համար «Ազդակ»-ի կատարած մինչ այժմեան աշխատանքներուն ընդհանուր պատկերը:

Հիմնական երկու յայտարարուած առաջադրանքներ կատարուած են արդէն: Առաջինը Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի պատմութեան հիմնարկին մասնակցութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան նուիրուած բացառիկ թիւի հրատարակութիւնն էր: Թիւի բովանդակութիւնը ներառած է Ազգային ակադեմիայի գիտաշխատողներու, ինչպէս նաեւ սփիւռքի տարբեր շրջաններէ մամուլի աշխատակիցներու ուսումնասիրութիւններ, մտածումներ, հրապարակախօսական յօդուածներ: Բացառիկէն որոշ քանակութիւն ուղարկուած է Ազգային ակադեմիա, որ 100-ամեակի շրջագիծին մէջ լոյս տեսած հրատարակութիւններու ներկայացման ծրագիրներուն մէջ ներառած է նաեւ «Ազդակ»-ի հրատարակութիւնը:

Ազգային գրադարանին հետ մեր համագործակցութիւնը յանգած էր Ա. Հանրապետութեան օրերուն լոյս տեսած մամուլի նկարահանուած օրինակներու մեր կեդրոնին մէջ թուայնացման: Այսօր արդէն կարելի է ըսել, որ Ա. Հանրապետութեան մամուլի օրինակներու այն հաւաքածոն, որ կը գտնուի Ազգային գրադարանին մէջ, թուայնացուած իր վերջնական տեսքով տրամադրելի վիճակին մէջ կը գտնուի:

Այս երկու առաջադրանքներուն առընթեր Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան վերաբերող գրականութեան, ալպոմներու, լուսանկարներու թուայնացման եւ ելեկտրոնային արխիւացումի որոշ նախաձեռնութիւններ կայացած են իբրեւ աշխատանքի առաջին փուլ: Շնորհիւ ընտանեկան արխիւներէ խմբագրութեան տրամադրուած լուսանկարներու, այսօր մեր ելեկտրոնային արխիւին մէջ կը գտնուին Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան վերջին վարչապետէն, կրթութեան եւ լուսաւորութեան նախարարէն, յատուկ բանագնացէն, Շիրակի նահանգապետէն, զինուորական նախարարէն եւ հանրապետութեան այլ կերտիչներէն եւ անոնց անմիջական մտերմութեան մէջ եղած ազգային-կուսակցական գործիչներու անտիպ լուսանկարներ: Լուսանկարներու ելեկտրոնային արխիւը համալրուած է նաեւ Հայաստանէն երիտասարդ գիտաշխատողներու մեզի տրամադրած դարձեալ անտիպ լուսանկարներու նմուշներով: «Ազդակ» իր հերթին փոխադարձած է անոնց ուղարկելով իր մօտ գտնուած անտիպ լուսանկարներու ելեկտրոնային օրինակները:

«Ազդակ»-ի ելեկտրոնային գրադարանը հարստացած է այս առիթով Սիմոն Վրացեանի հաստափոր հատորով` «Հայաստանի Հանրապետութիւնը»: Ապա իբրեւ նորագոյն հրատարակութիւն, արդէն աւարտած է այս ուղղութեամբ աշխատանքը Երեւանի մէջ վերջերս լոյս տեսած Հայոց պետականութեան վերածնունդի 100 էջերը գեղատիպ լուսանկարներ ամփոփող ալպոմին, ուր լոյս տեսած են ոչ միայն Ա. Հանրապետութեան առնչուող լուսանկարներ եւ համապատասխան բացատրութիւններ, այլ նաեւ բնագրային ձեռագիրներ, վաւերաթուղթեր:

«Ազդակ» նպատակ ունէր այս առիթով Արամ Մանուկեանի վերաբերող երեք հրատարակութիւնները թուայնացնելու: Կը սպասէինք, որ լոյս տեսնէր «Արամ Մանուկեանի նամականի»-ն, որ համալրեց «Արամը» հատորն ու Արամ Մանուկեան փաստաթղթերի եւ նիւթերի հաւաքածոյ»-ն:

Այսպիսով, Հրաչ Տասնապետեանի, Ամատունի Վիրապեանի եւ Երուանդ Փամպուքեանի խմբագրած եւ Արամին նուիրուած հատորներու ելեկտրոնային տարբերակները յուլիսի աւարտին արդէն վերջնական պատրաստ վիճակի մէջ կ՛ըլլան:

Ինչպէս ըսուեցաւ, 100-ամեակը ո՛չ մայիս ամիսով, ո՛չ ալ յոբելենական տարիով կը սահմանափակուի: Իսկ ժամանակի այս յղացքը մեզ կը մղէ շարունակելու մեր ոլորտին հետ առնչուած նախաձեռնութիւններու իրականացման աշխատանքները:

Ազգային գրադարանին կողմէ նկարահանուած եւ Ա. Հանրապետութեան պետական գործիչներու յատկապէս  յուշագրական գրականութեան թուայնացման հեռանկարը մեզ կը մղէ անդադար աշխատելու այս ուղղութեամբ: Մինչ, Ազգային արխիւի հրատարակած «Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան նիստերի արձանագրութիւններ 1918-1920 թթ.» եւ «Հայաստանի Հանրապետութեան պառլամենտի նիստերի արձանագրութիւններ 1918-1920 թթ.» արդէն ամբողջացուցած են թուայնացման աշխատանքի առաջին փուլը:

Բացառիկի հրատարակութիւն, օրաթերթի էջերով ուսումնասիրական բնոյթի յօդուածաշարքերու հրապարակում, արխիւային արժէք ունեցող անտիպ լուսանկարներու հաւաք եւ նկատառելի հաւաքածոյի գոյառում, նկարահանում, ելեկտրոնային գրադարանի համալրում, Ա. Հանրապետութեան մամուլի թուայնացում, ընդհանրապէս Ա. Հանրապետութեան հետ առնչուած հնատիպերու եւ յատկապէս Արամի նուիրուած հատորներու թուայնացում` գործակցութեամբ Ազգային ակադեմիայի, Ազգային գրադարանի, գիտահետազօտողներու եւ «Ազդակ»-ի բարեկամներու, մեր մարզի համեստ ներդրումն է մեզ իբրեւ ազգ եւ պետականութիւն փրկող մեր ժամանակակից պատմութեան ամէնէն ճակատագրորոշ իրադարձութեան` Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հիմնադրութեան 100-ամեակին առիթով:

«Ա.»

Սկսելու համար…

$
0
0

ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ

Մենաշնորհային համակարգի կազմաքանդման գործընթացը և այդ ոլորտի տնտեսական ուժականութիւններու կերպարանափոխութիւնը և անցումը դէպի ժողովրդավարական մրցակցային տնտեսութիւն նուրբ և ոսկերչային աշխատանք պահանջող գործ է, զոր կարելի է իրագործել բազմամակարդակ ռազմավարութեան մը հետևողական կիրառումով միայն և համապարփակ տեսլականով։ Հանրութիւնը պէտք է ճիշտ գնահատէ գործին թեքնիք և բազմահանգրուան բնոյթը և համապատասխան յարատևութեամբ պահպանէ իր զօրակցութիւնը Վարչապետ Փաշինեանի և Նախարար Արծուիկ Մինասեանի յառաջիկայ նախաձեռնութիւններուն։ Այս գործը կ՚ենթադրէ ըլլալ միաժամանակ արմատական, համակարգային, վճռական և ճկուն՝ յստակ և չափագրելի նպատակներու հետապնդումով։ Պարզ խօսքով, պարագայական շահատէրեր միայն թիրախաւորելով և հալածելով ՝ոչ կ՚ըսկսի և ոչ ալ յաջողութեամբ կրնայ պսակուիլ այս կենսական առաջնահերթութիւնը։

Սկսելու համար, կարևոր է, որ մասնագիտական խումբի մը օգնութեամբ (թէկուզ արտասահմանեան փորձագիտական հաստատութիւններ ևս գործի լծելով) կատարուի կացութեան ամբողջական գնահատութիւնը (Assessment of the Situation) ։ Նոր քաղաքականութիւն ձևաւորելու համար կարևոր է, որ գիտնանք ճշգրիտ բնոյթը մենաշնորհային դաշտին։ Այս ուսումնասիրութիւնը պէտք է առնուազն ընդգրկէ հարցադրութեան հետևեալ ոլորտները.

(ա) Ովքե՞ր են մենաշնորհային համակարգի տէրերը։

(բ) Պարզել մենաշնորհային ուժի պաշտօնական և անպաշտօն կառուցակարգերը տնտեսութենէն ներս։

(գ) Յստակացնել համակարգի ճիւղային տեղաբաշխումը։

(դ) Յստակացնել համակարգի աշխարհագրական տեղաբաշխումը։

(ե) Ճշտել համակարգին ազդեցութեան ծիրը մրցակցային դաշտէն ներս և դաշտը առևանգելու մեթոտները։

(զ) Յստակացնել համակարգին քաղաքական լծակները։

(է) Համակարգին վերջին 28 տարիներու ներդրումային գործունէութեան վերլուծութիւնը։

(ը) Համակարգին կողմէ ցարդ ստեղծուած աշխատատեղերու թիւը տարի առ տարի։

(թ) Ազգային եկամուտի (National Income) վերաբաշխման ծաւալները և համակարգի համեմատական կշիռը այդ ծաւալներուն մէջ։

(ժ) Համակարգին հարկային մուտքերու ծաւալները պետութեան սնտուկէն ներս։

(ժա) Սեփականաշնորհման ի՞նչ պայմաններու մէջ կազմաւորուած է համակարգը անկախութեան առաջին տարիներէն սկսած և ի՞նչ աճ արձանագրած է ան տնտեսական ուժի կեդրոնացման առումով։

(ժբ) Ճշտել աշխատավարձերու ներկայ վիճակը համակարգի ոլորտին մէջ։ Ի՞նչ աճ արձանագրած են անոնք վերջին 28 տարիներու ընթացքին։ Ի՞նչ չափով անոնք կը համապատասխանեն կենսական զամբիւղի չափանիշներուն։ Ի՞նչ են աշխատաւորական կողմի բանակցային կարելիութիւնները համակարգի ոլորտին մէջ։

(ժգ) Ճշտել մենաշնորհի տէրերու փոխյարաբերութեան բնոյթը։ Ընտանեկան ոստայնի ներքին ուժային կառուցուածքը և շահատէր ընտանիքներու համագործակցային ցանցին ամբողջական քարտէզը։

(ժե) Ճշտել մենաշնորհային համակարգի շահոյթի ծաւալները և շահոյթի վերաներդրումային ուղղութիւնները։ Յստակացնել թէ շահոյթը ի՞նչ չափով կը մնայ երկրի տնտեսութեան մէջ և ի՞նչ չափով կը լքէ երկիրը։

(ժզ) Ճշտել կապը Հայաստանի մենաշնորհային համակարգի և արտասահմանի տնտեսական շահերուն միջև։

(ժէ) Վերջապէս ճշտել համակարգէն ներս գնագոյացման մեքանիզմները և ընել բախտատականը միջազգային շուկայի գիներուն հետ։

Այս և բազմաթիւ այլ ստուգանիշներ պէտք է առարկայական հիմ ծառայեն հակամենաշնորhային հուժկու ռազմավարութեան մը ձևաւորման համար։

Իտէալ պայմաններու մէջ, պետութեան նպատակը պէտք է ըլլայ ամրացնել տնտեսութեան մրցակցային դաշտը և ստեղծել այնպիսի պայմաններ, որ մենաշնորհային համակարգով ստեղծուած տնտեսական ուժականութիւնը իր լինելիութիւնը փնտռէ Հայաստանի ազգային տնտեսութեան մէջ փոխանակ փախուստ տալու երկրէն։ Մեր նպատակը պէտք է ըլլայ խթանել ձեռներէցութիւնը, որ մեր ազգային մեծ հարստութիւնն է։ Ընել այնպէս, որ ան ունենայ լայն ասպարէզ իր հզօր քանքարը ծաւալելու մրցակցային առողջ մթնոլորտի մը մէջ փոխանակ ծուլանալու մենաշնորհային ճահիճին մէջ։

Ի վերջոյ այս ամբողջ քաղաքականութեան էական նպատակը պէտք է ըլլայ նոր և որակաւոր աշխատատեղերու ստեղծումը երկրին համար և տնտեսական առողջ աճի գոյաւորումը։ Մեր նպատակն է ջնջել աղքատութիւնը երկրէն ներս, կասեցնել արտագաղթը, բարոյապէս զինել մեր ժողովուրդը և կառուցել ինքնավստահ քաղաքացին։ Այս բոլորը կրնա՛ն իրագործուիլ։ Կրնան իրագործուիլ այս իսկ սերունդի օրով։ Անոնք մեր հասողութեան մէջ կը գտնուին։ Եւ այդ բոլորին նախապայմանը հակամենաշնորհային առոյգ քաղաքականութիւնն է պետութեան գործի բոլոր ոլորտներու լիարժէք ընդգրկումով։ Եւ այսօ՛ր։

Յունիս 21, 2018
Ուաշինկթըն


Այցելութեան Մը Առիթով Ծփացող Միտքեր

$
0
0

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Ծփացող միտքեր` մարդը փնտռելու համար կեանքի ծուռ-շիտակ եւ զիրար խաչաձեւող լայն թէ նեղցող ուղիներու վրայ:

Ճամբորդութեան մը ընթացքին յիշեցի կէս դար առաջուան ծանօթութիւն մը եւ փափաք ունեցայ կրկին զինք տեսնելու:Հակառակ իր մատուցած բազմատեսակ ծառայութիւններուն` իր պատկերները չէին զարդարած մամուլի էջերը: Իսկ հիմա, գրեթէ մոռցուած, ինքզինք դատապարտած է տնարգելութեան:

Ունեցայ այն զգացումը, զոր կ՛ունենամ ամէն անգամ, որ երախտաւորի մը մոռցուած անտէր եւ անծաղիկ գերեզմանին առջեւ կը գտնուիմ: Այսօր կ՛ապրինք եւ կը գործենք այնպէս, որ կարծէք եթէ ոչ մոլորակը, այլ առնուազն հայ կեանքը եւ հայոց պատմութիւնը մեզմով սկսած է, երբ մեր խօսքը կը պճնենք վերջին նորոյթ օտարահունչ եւ օտար բառերով, որոնք կարծէք իմաստութեան բարենիշ կու տան մեզի:

Երբեմն չե՞նք մտածեր, թէ ի՛նչ բանի շարունակութիւն ենք եւ ի՛նչ բանի պիտի ծառայեն մեր թափահարումները եւ թափառումները, եթէ անոնք մեր ինքնութեան ժամանակի նախորդի եւ գալիքի միջեւ ձգուած շղթային մէկ օղակը չեն: Գործնապաշտներուն համար այս մտորումները անհամ խօսքեր են, լուսարձակներու տակ տեղ չունին: Հնհնուքներ են, ժամանակի հետ քայլ չեն պահեր:

Անմիջականի, սելֆի-ի եւ ֆէյսպուք-ի կայծոռիկի մեզ երջանկացնող ակնթարթային (ենթա) յաղթանակները մեզ կը դատարկեն մեր ժառանգութիւններէ նստացուելիք իմաստութենէ: Անցեալի լուսնի խաւարման դէմ պայքարելու թիթեղներու աղմուկը կը փոխարինեն:

Արդէն եզրակացուցած ենք, որ սորվելիք չունինք ո՛չ անհատաբար եւ ո՛չ ալ հաւաքաբար, երբ կծկուելով, ինչպէս կ՛ըսուի, «թիմ» կը դառնանք` սաւանանման վկայականները մեր չունեցած ծովերուն որպէս առագաստ բանալով: Մազ կը մնայ, որ յայտարարենք, թէ մե՛նք գտած ենք Ամերիկան…

Խմբակ-ը կրնայ բացասական տպաւորութիւն թողուլ, իսկ օտար «թիմ»-ը իր նորի պսակով լոյս կրնայ ճառագայթել` անգիտութեան շնորհելով մեր եսերու սրբապատկերին յարմար նկատուող չեղած լուսապսակ:

Այս մտորումներով տարուած էի, երբ յիշեցի ուսանողական օրերէս յիշատակ մնացած իմաստուն խօսք մը.

«Ապերախտութիւնը դուստրն է շահախնդրութեան եւ սնափառութեան, մոլութիւնն է փոքրոգիներու»*:

Այսպէս գրած է ԺԸ. դարու ֆրանսացի իմաստուն մտաւորական եւ գրող Քոնտորսէն, որուն գաղափարները համաժողովրդական արթնութեան ծառայած են` առաջնորդելով յեղափոխութեան:

Այսքան խիտ տարազին մէջ կան հոգիներու մէկական հորիզոն բացող բառեր. ապերախտութիւն, շահախնդրութիւն, մոլութիւն եւ փոքրոգութիւն: Կրնանք այս պարզ խօսքի իւրաքանչիւր բառին շուրջ հոգեբանական եւ իմաստասիրական երկարապատում վերլուծումներ ընել:

Բայց աղմկարարական խօսափողին առջեւ նման շատախօսութիւն ներելի չէ:

Աւելի պարզ եւ անմիջական պիտի չըլլա՞ր միտքեր խտացնող իմաստուն խօսքի իւրաքանչիւր բառը որպէս հայելի բռնել մեր դիմաց եւ գոյութենական ըմբռնում եւ դատում տալ մեր ընտրանքներուն, յանձնառութիւններուն, արարքներուն` որպէս անհատ եւ որպէս «թիմ»:

Այս եսակեդրոն «թիմ»-երը` անգիտացումներու եւ մերժումներու աղբիւսին վրայ ծլող եւ խամրող:

Այցելութեան գացի երախտաւորին, որպէսզի գէթ ինք գիտնայ, որ ապերախտագիտութիւնը ազգային մարզաձեւ չհամարողներ կան…

Այսպէս է հայ կեանքը Հայաստան եւ սփիւռք(ներ)…

Վաղը երբ այդ երախտաւորներէն մէկը կամ միւսը հրաժեշտ տայ կեանքին, անոր մահը այս կամ այն «թիմ»-ի քարոզչութեան ծառայեցնողներ պիտի ըլլան, ոչ անպայման` երախտագիտութեան տուրք տալու համար:

Կրկին յիշեցի հայ բանաստեղծի մը թաղումը, երկու տասնեակ հայերով, հայապահպանման բերդ համարուող քաղաքի մը մէջ:

Այցելութեան գացի վաղեմի ծանօթի մը, մտմտուքներս մէկդի ձգած` իր տան շեմէն ներս դրի ոտքս:

Լսեցի զինք: Այսօր ալ ան իր հաւատքին եւ հարազատութեան հետ է, հոգ չէ թէ բնականօրէն իրեն հետ ըլլալու նորեր եւ հիներ չեն լսեր երախտաւորին սրտի կանչը… Աստ եւ անդ:

Տնարգելութեան ինքզինք դատապարտած երախտաւորը ո՛չ առաջինն է եւ ո՛չ ալ վերջինը պիտի ըլլայ: Համոզուելու համար` կրկին կարդալ Քոնտորսէն.

«Ապերախտութիւնը դուստրն է շահախնդրութեան եւ սնափառութեան, մոլութիւնն է փոքրոգիներու»:

13 յունիս 2018,  Աթէնք

————

* L’ingratitude, fille de l’intérêt et de la vanité, est le vice des petites âmes.
Nicolas de Condorcet; Les pensées et maximes (1794)

Թանգարանի Վերածուած Գիւղին Մէջ Ամէն Ինչ Մնացած Է Այնպէս, Ինչպէս` Կոտորածէն Ժամեր Անց

$
0
0

Այս վայրի պատմութիւնը կ՛ամփոփէ Բ. Համաշխարհային պատերազմի ողբերգական դրուագներէն մէկը: 1944 թուականի յունիս 10-ին ֆրանսական խաղաղ Օրատուր-սիւր-Կլան գիւղին վրայ յարձակեցաւ հիթլերեան «Վաֆֆեն-ԷսԷս» խմբաւորումը, որուն 150 անդամները քանի մը ժամուան ընթացքին կոտորեցին գիւղի 642 բնակիչ` չխնայելով ոեւէ մէկը: Մինչ օրս ալ չկայ անոնց այս քայլին ստոյգ բացատրութիւնը, սակայն կայ վարկած, որ գերմանացիները պարզապէս շփոթած էին գիւղին անունը Օրատուր-սիւր-Վայրես գիւղին անուան հետ: Այս գիւղին մէջ կը  պահուէր մէկ օր առաջ գերի ինկած գերմանացի բարձրաստիճան զինուորականը:

Հետագային աւերուած գիւղին քով կառուցուեցաւ Նոր Օրատուր-սիւր-Կլան գիւղը, իսկ հինը մնաց անձեռնմխելի ու այժմ վերածուած է թանգարանի, ուր ամէն ինչ մնացած է այնպէս, ինչպէս` կոտորածէն ժամեր անց:

 

Պէյրութի Հայկազեան Համալսարանին Մէջ Տեղի Ունեցաւ Հայաստանի Ժողովրդական Նկարիչ Անատոլի Աւետեանի Աշխատանքներու Ցուցահանդէսի Բացումը

$
0
0

Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան եւ Պէյրութի Հայկազեան համալսարանի հովանաւորութեամբ, համալսարանի «Մաթոսեան» սրահին մէջ յունիս 13-ին տեղի ունեցաւ Հայաստանի ժողովրդական նկարիչ Անատոլի Աւետեանի աշխատանքներու ցուցահանդէսի բացումը:

Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկան Հայկազեան համալսարանի նախագահ վերապատուելի Փոլ Հայտոսթեան եւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի  դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան:

Դեսպանը իր խօսքին մէջ բարձր գնահատեց Ա. Աւետեանի ստեղծագործական ինքնատպութիւնը, բազմազան արտայայտչամիջոցներու համակցման վարպետութիւնը: Ան արուեստագէտին մաղթեց արդէն իսկ տասնամեակներու բեղուն ստեղծագործական աշխատանքի շարունակութիւն: Ս. Մկրտչեան նաեւ երախտագիտութիւն յայտնեց վերապատուելի Փ. Հայտոսթեանին` Հայկազեան համալսարանին կողմէ մնայուն կերպով ցուցաբերուող աջակցութեան համար:

Ա. Աւետեան շնորհակալութիւն յայտնեց ձեռնարկի կազմակերպիչներուն եւ իր արուեստին ուղղուած գնահատանքի խօսքերուն համար:

Ցուցահանդէսին  ներկայացուած են 26 ստեղծագործութիւններ, իսկ ցուցահանդէսը բաց մնաց մինչեւ 16 յունիս:

Հեքիաթագիր Մերի Սահակեան

$
0
0

Մերի Սահակեանի ներկայութիւնը գրական դաշտին մէջ այսօր կարեւոր կը նկատուի: Անոր ստեղծագործելու առիթ հանդիսացած է յորդորը իր դստեր, որուն համար մայրը միշտ հեքիաթներ յօրինած է: Աղջիկը ըսած է. «Մայրի՛կ, ինծի նախորդ օրուան հեքիաթը պատմէ»: Այս մէկը առիթ հանդիսացած է, որ Մերի Սահակեան թուղթին յանձնէ իր յօրինածը, եւ բազմաթիւ ուրիշ մանուկներ վայելեն Մերիի լուսաւոր հեքիաթները:

Մերին ծնած է Երեւան, մանկութեան օրերուն ամառները գացած է Չարդախլու գիւղը: Ան իր հեքիաթներուն բառերն ու տողերը դաշտերէն քաղած է: Բառն ա՛լ, տողն ա՛լ դաշտի ծաղիկներ են: Իրական աշխարհին մէջ շատ բաներու չհասած Մերին, բացը կը լրացնէ հեքիաթներու հերոսներու միջոցով: Հեքիաթներու հերոսներէն իւրաքանչիւրին մէջ իրմէ մաս մը կայ: Անոր համար բախտաւորութիւն է իրական աշխարհէն վեր բարձրանայ եւ երեւակայական աշխարհը ընկալել իր ողջ շքեղութեամբ, բազմազանութեամբ եւ զգայական ընկալումներով: Միայն վերերկրայինը, աննիւթեղէնը կրնայ զինք գոհացնել իրականութան մէջ: Այս աշխարհին մէջն աւելի խօսած է բնութեան հետ, բնութեան հետ կապը շատ աւելի սերտ եղած է: Զրուցած է ծառին հետ, ձեռքին գրիչը երբեմն բարձրախօս թուացած է, իսկ ինքնիրեն կարծած է երգչուհի: Երբեմն զգացած է, որ արքայադուստր է, երբեմն` ծառայ, երբեմն աղքատ: Ոչ միայն հեքիաթով ապրած է, այլեւ ապրած է հեքիաթին մէջ: Ըստ Մերի Սահակեանի, իրենց տան մէջ հեքիաթ պատմող չէ եղած, ինք ատոր կարիքը մեծապէս զգացած է: Նստած ու իրեն համար հեքիաթներ յօրինած է: Յետոյ անդրադարձած է , որ հեքիաթները ուրիշներն ալ հետաքրքրած են: Ըստ իրեն, առանց հեքիաթի չկայ մանկութիւն, առանց մանկութեան ալ, ո՛չ հեքիաթ կայ, ո՛չ ալ կեանք: Հեքիաթը երազի եւ երազելու հետ կապուած երեւոյթ է: Առանց երազելու ապրիլ հնարաւոր չէ: Մարդը կենդանին կը տեսնէ որպէս պատկեր, բայց պատկերէն այն կողմ պատկերացում պէտք է ըլլայ: Կենդանին ալ պատութիւն ունի, ինչպէս մարդը: Թէեւ խօսողը կենդանին չէ, բայց կենդանին խօսեցնելն ալ արուեստ է: Կենդանիներ պատկերելը հեքիաթ չէ, պատկերագիրը հեքիաթագիր չէ: Կենդանիները կերպարներ են, հեքիաթի մէջ գործող կերպարներ, հերոսներ: Կենդանիներն ալ ունին բնաւորութիւն, բնութիւն ունին, կենդանական բնազդ ու հոգի ունին: Անոնք ալ սահման ունին, օրէնքներ, կենդանական փոխյարաբերութիւններ: Հեքիաթը կը զարգացնէ մարդը, մասնաւորապէս երեխային երեւակայութիւնը: Մերիին համար հեքիաթը աշխարհի մէջ աշխարհ է, ուր ինքզինք լաւ կը զգայ: Հեքիաթը կեանք է, եթէ ոչ կեանքն է, պատմութիւն է, պատմուածքի նման բան մը: Հեքիաթը մեծերու համար է, պիտի գրել-պատմել այնպէս, որ երեխաներն ալ իմանան: Հեքիաթի աւարտը գեղեցիկ ըլլալու է: Բոլոր ժողովուրդներու հեքիաթները ոսկէ կանոն ունին, բարին յաղթելու է չարին: Սակայն կեանքը վարդագոյն չէ, երեխաները պէտք է գիտնան, որ երբեմն չարն ալ կը յաղթէ, բայց չարին վերջը լաւ պիտի չըլլայ: Գեղեցիկը Աստուծոյ ստեղծածն է, բնութիւնը: Աղտոտութեան մէջ պտտողը գեղեցիկ բան չի գտներ:

Մերին երջանիկ ստեղծագործող է: Անոր ստեղծագործութիւնները բեմականացուած են երեխաներու խաղերով: Ան ունի ե՛ւ իր ընթերցողը, ե՛ւ ունկնդիրը, ե՛ւ հանդիսատեսը, որոնց շարքերուն մէջ երեխաներու կողքին քիչ չեն նաեւ չափահասները:

Տեսակէտ. Թրքական Ընտրութիւննե՞ր, Թէ՞ Խօսքի Ազատութեան Հանրաքուէ

$
0
0

 

ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ

24 յունիս 2018-ին տեղի պիտի ունենան թրքական նախագահական եւ խորհրդարանական ընտրութիւնները: Այս ընտրութիւնները տեղի կ՛ունենան առաջին անգամ ըլլալով` նոր սահմանադրութեան որդեգրումէն ետք, երբ երկրին կառավարման համակարգը խորհրդարանականէն փոխուեցաւ նախագահականի: Ընտրութիւնները պիտի կատարուին երկու փուլով: Առաջին փուլը 24 յունիսին է, իսկ երկրորդը` 8 յուլիսին: Թուրքիոյ Ազգային ժողովը նոր սահմանադրութեան շնորհիւ պիտի բաղկանայ 600 անդամէ (այժմ 550 անդամ կը հաշուէ):

Ընտրութիւնները  տեղի պիտի ունենան այնպիսի քաղաքական եւ տնտեսական մթնոլորտի մը մէջ, ուր աճած են բռնութիւնները լայնախոհ լրատուամիջոցներու, լրագրողներու, ընդդիմադիր երեսփոխաններու եւ մտաւորականներու նկատմամբ, ուր թրքական լիրային արժէքը նահանջ արձանագրած է, եւ կառավարութեան գլուխ անցած անձերն ու իրենց հարազատները դատապարտուած են յարաբերելու կեղծ ընկերութիւններու հետ, որպէսզի խուսափին հարկային վճարումներէն: Ռազմական միջամտութիւններ տեղի կ՛ունենան Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ, առաւել եւս թրքական ուժերու կողմէ գրաւեալ վայրերու մէջ բնակչութեան ցեղային փոփոխութեան փորձեր կը կատարուին: Կրօնամէտ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան ղեկավարութեան ներքեւ Թուրքիան շրջանին մէջ դարձած է կրօնամոլութեան աղբիւր, բայց աւելի վատը այն է, որ այդ կուսակցութիւնը դաշինք կնքած է ազգայնամոլ Ազգայնական շարժում կուսակցութեան հետ: Ի՞նչ տարբերութիւն այսօրուան Էրտողանի եւ 110 տարի առաջուան սուլթան Ապտիւլ Համիտի միջեւ:

Անշուշտ, այնպիսի կացութեան մը հասաւ Թուրքիան, որ նախագահը քննադատողը կը բանտարկուի, այն օրաթերթերը, որոնք կը տպեն քննադատութիւնները, կը փակուին, իսկ այն երեսփոխանները, որոնք կը համարձակին քննել հարցը, կը ձերբակալուին:

Վերը նշուածները ընդհանուր հարցեր են, որոնք ուղղակիօրէն կապ ունին Թուրքիոյ մէջ ապրող հայերուն հետ, հետեւաբար կրնանք ըսել, թէ կապ ունին նաեւ Հայ դատին հետ: Թրքական իշխանութիւնները Էրտողանի գլխաւորութեամբ կը շարունակեն ժխտել Հայոց ցեղասպանութիւնը, կը զօրակցին Ազրպէյճանին եւ շրջապատած ու փակած են Հայաստանի սահմանը` նախապայման դնելով Արցախը յանձնել Ազրպէյճանին:

Էրտողան կը համագործակցի այնպիսի կուսակցութեան (Ազգայնական շարժում կուսակցութիւն) մը հետ, որ ոճիրներ գործադրած է Արցախի անմեղ բնակչութեան նկատմամբ, իսկ Թուրքիոյ մէջ ցեղապաշտութեան թիւ մէկ հրահրողը եղած է ազգային փոքրամասնութիւններուն դէմ (ներառեալ հայերը):

Հետեւաբար հայութեան կոչս է հետեւիլ Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած բոլոր զարգացումներուն եւ զօրակցիլ ազատութեան ու ժողովրդավարութեան հաստատման, որովհետեւ Թուրքիոյ մէջ խօսքի ազատութեան պակասը նաեւ կ՛ազդէ հայութեան վրայ: Օրինակ, այս տարի ապրիլ 24-ին, Պոլսոյ սուլթան Ահմեթ հրապարակին վրայ արգիլուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչումը` պաստառներուն վրայ «Հայոց ցեղասպանութիւն» եզրի յիշատակման պատճառով: Նաեւ, այդ նոյն եզրը յիշելու պատճառով, երեսփոխան Կարօ Փայլանի դէմ բացուեցաւ հետաքննութիւն` քրէական օրէնսգիրքի 301-րդ յօդուածը խախտելու պատճառով:

Վերջ տալու համար այս բոլոր զրպարտութիւններուն, նախ եւ առաջ պէտք է, որ Էրտողանն ու իր նոր օսմանական Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը պարտուին թէ՛ նախագահական եւ թէ՛ խորհրդարանական ընտրութիւններուն: Էրտողանէն ետք է, որ պիտի ստեղծուի ազատ եւ ժողովրդավար մթնոլորտ մը, ուր բաց եւ ազատ պայմաններու մէջ առիթ պիտի տրուի արծարծելու Հայոց ցեղասպանութեան նիւթը:

Միայն ժողովրդավարական կարգերու հաստատման ժամանակ է, որ Հայոց ցեղասպանութեան հարցը պիտի քննարկուի բացայայտօրէն` օրաթերթերու, ընկերային ցանցերու եւ համալսարաններու մէջ:

Էրտողանի պարտութիւնը առաջին քայլը պիտի ըլլայ Թուրքիոյ ժողովրդավարացման:Ահա այդ պարտութենէն վերջ է, որ խօսքի, հաւաքի եւ մամուլի ազատութիւնները պիտի կերտուին:

 

Viewing all 17595 articles
Browse latest View live


<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>