Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all 17580 articles
Browse latest View live

Ազրպէյճանական Ծագումով Ամերիկացի Ատիլ Պակիրով 250 Հազար Տոլար Ստացած Է` Յօգուտ Ազրպէյճանի Լոպիինկ Կատարելու Համար

$
0
0

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր

Անցեալ շաբթուան յօդուածիս մէջ անդրադարձած էի Միացեալ Նահանգներու մէջ յօգուտ Ազրպէյճանի լոպիինկի համար գաղտնի ֆինանսաւորման մասին. անդրադարձած էի այն վարձատրութեան, որ տրուած է «նախագահ Ալիեւի հետ սերտ կապեր ունեցող քարիւղի եւ կազի հարցերով ազդեցիկ խորհրդատուի մը, որ ինքզինք կը ներկայացնէ իբրեւ գաղթականի յաջող պատմութիւն ունեցող մը, եւ որ կ՛ապրի Օհայօ նահանգի Տէյթըն քաղաքը, նոյն ժամանակ լոպիինկ կը կատարէ Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան մօտ` ի շահ  իր հայրենիքին»:

Ճանի Ռէյթ OCCRP.org (Կազմակերպուած յանցանքի եւ կաշառակերութեան լուսաբանման նախագիծ) համացանցային կայքին վրայ հրապարակած իր` «Պաքուի մարդը Ամերիկայի մէջ» յօդուածով մանրամասնութիւններ ներկայացուցած է Ատիլ Պակիրովի գործունէութեան եւ անոր մեծագումար վարձատրութեան մասին, զոր ան ստացած էր ազրպէյճանական աղբիւրներէ` Միացեալ Նահանգներու մէջ Ազրպէյճանի օգտին լոպիինկ կատարելու համար:

Ռէյթ հաղորդած է, որ` Պակիրով` ազրպէյճանական սփիւռքի աշխուժ անդամներէն մէկը, ստացած է 253 հազար 150 տոլարի փոխանցում` ամիսներ անց այն բանէն ետք, երբ Հիուսթըն գտնուող իր ղեկավարած «Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու ազրպէյճանցիներու ցանց» կազմակերպութիւնը համաժողով կազմակերպած էր Ազրպէյճանի մայրաքաղաք Պաքուի մէջ` մասնակից ունենալով Քոնկրեսի 10 անդամներ: Գործուղումը լայն քննադատութեան արժանացած էր եւ հետապնդուած` Ներկայացուցիչներու տունի բարոյագիտութեան յանձնաժողովին կողմէ` Ազրպէյճանի պետական նաւթային ընկերութեան գաղտնի ֆինանսաւորման պատճառով…

Պակիրովի ստացած գումարներուն իրական ծագումը անյայտ է եւ թաքնուած` գաղտնի, կեղծ ընկերութիւններու ետին: Սակայն կան բաւարար ապացոյցներ, ըստ որոնց, այդ բոլորին ետին կանգնած է ինքնիշխան երկրի իշխող վերնախաւը:

Պակիրով, որ` «սատարած է նաեւ Ուաշինկթընի մէջ կայացած ամերիկա-ազրպէյճանական այլ համաժողովներու կազմակերպման աշխատանքներուն, բազմիցս վկայութիւններ տուած է Ներկայացուցիչներու տունին առջեւ` ի նպաստ Ազրպէյճանի ամերիկեան ռազմական օգնութիւն տրամադրելու գծով, ծառայած է իբրեւ Քոնկրեսի ազրպէյճանական խումբի համակարգող եւ կարեւոր տեղ գրաւած է Հիուսթըն հաստատուած ընկերութեան մէջ, որ կը պնդէ, թէ կազմակերպած է երկրի նախագահ Իլհամ Ալիեւի այցելութիւնը Սպիտակ տուն», գրած է Ռէյթ:

Պակիրով եւ անոր ընտանիքը մեծ կապեր ունին նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ, որ զայն պարգեւատրած է մետալով` Միացեալ Նահանգներու մէջ Ազրպէյճանի օգտին իր մատուցած ծառայութիւններուն համար: Այսուամենայնիւ, Պակիրով չէ արձանագրուած իբրեւ լոպիիստ, ինչպէս որ կը պահանջուի Մ. Նահանգներու օրէնքով` համաձայն «Օտար գործակալներու արձանագրութեան մասին» օրէնքին (FARA): Երբ OCCRP-ի լրագրողները դիմած էին Պակիրովի, ան ըսած էր, որ իրենց հարցը չէ, թէ ինք որո՛ւ կողմէ վարձատրուած է:

Պակիրով Միացեալ Նահանգներ տեղափոխուած է 16 տարեկանին: Ան աւարտած է Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանը` միջազգային յարաբերութիւններու եւ առեւտուրի կառավարման ճիւղին հետեւելով: Հետագային ան քաղաքագիտութեան դոկտորի աստիճան ստացած է Մոսկուայի մէջ: Հետաքրքրական է, որ` «Պակիրով ընտրուած է «Տէյթըն» դպրոցի խորհուրդի անդամ, այդ պաշտօնը զբաղեցնելով մինչեւ 2017, ապա պաշտօնէն հեռացած է ժամկէտէն աւելի քան մէկ ամիս առաջ, այն պահուն, երբ գործիչ Տէյվիտ Էսրաթ բացայայտած էր, որ Պակիրով կեղծած է իր բնակութեան հասցէն»:

Ռէյթ բացայայտած է, որ Պակիրովի ղեկավարած «Թիւրպիլիըն Էլ. Էլ. Սի.» խորհրդատուական ընկերութիւնը ստացած է 253 հազար 150 տոլար վարձատրութիւն` «Հայլիւքս Սերվիսըզ» կեղծ ընկերութեան մը կողմէ, որ «ազրպէյճանական լուացքատան» մաս կը կազմէ: «Թիւրպիլիըն»-ը արձանագրուած է Ուայոմինկի մէջ` «նահանգ մը, որ յայտնի է շրջանակին մէջ այնպիսի մարդոց, որոնք կ՛ուզեն ստեղծել գաղտնի ընկերութիւններ` հարկերէ ազատ խթաններու եւ գաղտնիութեան ապահովման պատճառով»: Ուայոմինկ գտնուող եւ Պակիրովի կողմէ վերահսկուող մէկ այլ` «Նոպըլ Պրատըրզ փիքչըրզ Էլ. Էլ. Սի.» անունով ընկերութիւնը «իբր թէ հոլիվուտեան շարժապատկեր կ՛արտադրէ ազրպէյճանական նաւթային արդիւնաբերութեան պատմութեան մասին»:

Պակիրովի կողմէ 253 հազար 150 տոլար ստանալէն վեց ամիս առաջ անոր Հիուսթըն գտնուող «Մ. Նահանգներու ազրպէյճանցիներուն ցանց» (USAN) ոչ շահութաբեր ընկերութիւնը «օգնած է երկօրեայ համաժողով կազմակերպելու Պաքուի մէջ` «Միացեալ Նահանգներ-Ազրպէյճան յարաբերութիւնները. ապագայի տեսլականը» նիւթով: Ռէյթ պարզած է, որ Եու. Էս. Էյ. Էն.-ը նաեւ երկու այլ համաժողով կազմակերպած է Ուաշինկթընի մէջ:

«Պաքուի մէջ 2013-ի հանդիպման ներկայ եղած են Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի 11 անդամներ, որոնցմէ տասն վճարուած են, իսկ 30-է աւելի անոնց աշխատակիցները, որոնց, ըստ «Ուաշինկթըն Փոսթ»-ի ձեռք բերած Քոնկրեսի բարոյագիտական գրասենեակի գաղտնի զեկոյցին, շռայլօրէն նուիրած են մետաքսէ շալեր, բիւրեղապակեայ թէյի սպասներ եւ ազրպէյճանական գորգեր` 2500-10.000 տոլար արժողութեամբ», հաղորդած է Ռէյթ:

Բացի նշեալներէն, Պակիրով աշխատած է քոնկրեսական Քուրթ Ուելտընի (հանրապետական, Փենսիլվենիա) համար` որպէս յատուկ խորհրդական Ռուսիոյ եւ նախկին Խորհրդային Միութեան հարցերով: Ուելտըն իր պաշտօնը կորսնցուցած է 2006-ին` «արդարադատութեան նախարարութեան կողմէ հետապնդուելէ ետք` իր դստեր լոպիիստական ընկերութեան ենթադրաբար գրեթէ մէկ միլիոն տոլարի խորհրդատուական պայմանագիրներու ստորագրումը ապահոված ըլլալուն համար, ռուսական երկու ընկերութիւններէ եւ սերպական հիմնադրամէ մը», յայտնած է Ռէյթ:

2004-ին Ուելտըն ստեղծած է Ազրպէյճանի քոնկրեսական խումբը, գործընկեր քոնկրեսական Սալըմըն Օրտիզի (դեմոկրատ, Թեքսաս) հետ միասին. վերջինս հետագային աշխատած է որպէս լոպիիստ` Ազրպէյճանի համար: Պակիրով «աշխատած է որպէս խումբի համակարգող եւ կ՛ենթադրուի, որ 2003-ին եւ 2004-ին ան քոնկրեսեան պատուիրակութիւններու հետ ճամբորդած է դէպի նախկին Խորհրդային Միութիւն»:

Բացի ասկէ, Ռէյթ յայտնած է, որ «2008-2016, գրեթէ ամէն տարի Պակիրովը նաեւ հրաւիրած են` օտարերկրեայ տնտեսական եւ ռազմական օգնութեան պիւտճէներ առաջարկելու Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի համար Ներկայացուցիչներու տունի պետութեան, արտաքին գործառնութիւններու եւ յարակից ծրագիրներու յատկացումներու ենթայանձնաժողովին: Քանի մը տարի Եու. Էս. Էյ. Էն.-ի եւ Պակիրովի մէկ այլ ոչ շահութաբեր կազմակերպութեան` Ղարաբաղի հիմնադրամի այլ ներկայացուցիչներ եւս վկայութիւն տուած են»: Քոնկրեսին մէջ տուած իր վկայութիւններուն մէջ Պակիրով կոչ ըրած է Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսին` զերոյի իջեցնել Հայաստանին տրուող օժանդակութիւնը, միւս կողմէ` խնդրելով, որ Ազրպէյճան ստանայ 26 միլիոն տոլար Եու. Էս. Էյ. Այ. Տի.-էն եւ 3,9 միլիոն տոլար` ռազմական օգնութիւն:

Պակիրով նաեւ միջազգային կապերու գծով գործադիր փոխնախագահ եղած է Համաշխարհային ռազմավարական ուժանիւթի կազմակերպութեան մէջ, որ Հիուսթընի մէջ գործող ընկերութիւն է եւ կ՛առաջարկէ «ուժեղ գործարար եւ քաղաքական կապեր»` հեռանկարային յաճախորդներու օգնելու, որ այս վերջինները օգտուին ածխաջրածինի զարգացման ընձեռած հնարաւորութիւններէն` «քաղաքականապէս բարդ երկիրներու մէջ», որոնց շարքին` Ազրպէյճանի:

Միացեալ Նահանգներու արդարադատութեան նախարարութենէն պէտք է պահանջել, որ քննէ Ազրպէյճանի օգտին Միացեալ Նահանգներու մէջ Պակիրովի չարձանագրուած լոպիիստական գործունէութիւնը` պարզելու համար, թէ արդեօք որեւէ անօրինական գործողութիւն կատարուա՞ծ է…

Արեւելահայերէնի թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ


Դիմաւորել 100-Ամեակը – 20. 100-ամեակին Կ՛ունենա՞նք Հայրենադարձութեան Ծրագիր Եւ Գործադիր Մարմին

$
0
0

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Յառաջիկայ տարի, այս օրերուն, հարիւրամեակի յուզող, յուզիչ, հպարտառիթ տօնախմբութիւններէն եւ գիտաժողովներէն ետք, կրնա՞յ կազմուած ըլլալ այդ բոլորին իսկական խտութիւն եւ հեռանկար տուող հայրենադարձութիւն կազմակերպող ծրագիր եւ մարմին:

Ինչո՞ւ սարսափ կ՛ազդէ հայրենադարձութեան առաջադրանքը, երբ պարզ տրամաբանութեամբ պիտի հասկնայինք, որ ազգի ներկային եւ ապագային համար ան պէտք է ըլլայ անշրջանցելի օրակարգ:

Արդարեւ, հայկական պիտակով ներկայացող կազմակերպութիւնները, նաեւ` պետութիւնը, կը կորսնցնեն իրենց առաքինութիւնը, virtus-ը, հոգեկան ուժը, եթէ այս կամ այն ձեւով հրաժարին ազգի միացման գաղափարէն, որ միայն բառ եւ խօսք չըլլայ, այլ ըլլայ գործ:

Հայաստանը կարենալ տոկալու, տեւելու եւ ընդլայնելու համար պէտք ունի ժողովուրդին եւ շիջելու դատապարտուած ինքզինք յաւերժական համարող սփիւռք կոչուած գաղթականութեան որպէս ազգի հատուած փրկութիւնը եւս պէտք ունի հայրենադարձութեան:

Պարզ է, որ սփիւռք-ազգ գոյութիւն չի կրնար ունենալ, որքան որ ալ բազմանան մեր գեղակառոյց կեդրոնները, որքան որ ալ աճի մեր տեսական համրանքը, սփիւռքի հեռու կամ մօտ վայրերուն եւ ոստաններուն մէջ:

Ոչ ոք այնքան միամիտ է խորհելու համար, որ քանի մը անձերու քաջ, զգացական եւ հաւատարմութեան կնիքով բնորոշուող հայրենադարձութիւնը համազգային յաջողութիւն կրնայ համարուիլ: Բախտաւոր պարագային` օրինակ այլոց, սպասելով, որ հրաշք պատահի եւ բազմութիւնները այդպէս ինքնագլուխ հետեւին:

Օր մը, տեղ մը պէտք է որոշուի հայրենադարձութիւն կազմակերպել եւ գործադրել, այդ նպատակին համար մշակել օրէնքներ, ստեղծել պայմաններ, քանի դեռ սփիւռք(ներ)ը հայկական նկարագիր կը պահէ կամ կը կարծէ պահել, զոր գնահատելու համար ոչ մէկ վիճակագրութիւն ունինք: Տարրական ողջմտութիւն է գիտնալ, որ  համրանքը առաջին եւ հիմնական ազդակ է ազգը պահելու եւ անոր հզօրանալու ապահովութիւն տալու համար:

Հայրենադարձութեան մասին խօսիլ` առանց ծրագիր ունենալու, շաբաթավերջի խրախճանքի շատախօսութիւն է:

Կը ծրագրուի՞, կրնա՞նք ծրագրել հայրենադարձութիւնը: Եթէ այսօր արդէն ուշ չէ, վաղը շատ ուշ պիտի ըլլայ:

Ազգային-քաղաքական հեռանկար եթէ ունի ընդհանուր ձեւով ըմբռնուած ազգը, պարտաւոր է այդ ծրագիրը մշակելու եւ գործադրութեան դնելու:

Անհատի մտածման մակարդակին` նման ծրագիր կը մնայ ցանկութիւն: Բայց մտաւորականութիւնը ինք հարցը պիտի բերէ ժողովուրդին` ստեղծելով հանրային կարծիք, համոզում, նաեւ ճնշում ղեկավարական կառոյցներու վրայ` պետութիւն, կուսակցութիւններ, միութիւններ, դպրոցներ, զանգուածային լրատուամիջոցներ: Այս հարցը հրապարակային քննութեան առարկայ պէտք է դարձնել, պէտք է այդ եղած ըլլար: Հայկական լրատուամիջոցները եւ մամուլը, Հայաստան եւ սփիւռք(ներ), այս մասին չեն արտայայտուիր:

Ոչ ոք կրնայ խորհիլ, որ որոշման մը շնորհիւ` հարիւր հազարաւորներ վաղն իսկ, ճամպրուկները շալկած, «Զուարթնոց» օդակայանը պիտի հասնին:

Ներկայացող հարցը միաւորներու եւ զբօսաշրջութեան չի վերաբերիր:

Հայաստան-Արցախ բնակելի տարածքի դժուարութիւն չունին: Այդ տարածքները օգտակար եւ պատշաճ կերպով բնակեցնելու խնդիր դրուած է ազգին առջեւ: Տարածքները արդիւնաբերութեան համար գործածելու եւ անոնց վրայ բնակութիւն հաստատելու պայմաններու ստեղծման հարցը հարկ է լուծել:

Առանց մեծ տնտեսագէտ ըլլալու` հարկ է քննել այն բոլոր ներածուող ապրանքներու պարագան եւ տեսնել, թէ զանոնք տեղւոյն վրայ կարելի՞ է արտադրել` օգտագործելով լքուած գործարաններու դատարկ մնացած շէնքերը, կոչ ընելով անհատներու եւ ընկերութիւններու, միաժամանակ ընծայելով ապահովութիւն եւ հարկային դիւրութիւններ, օգտագործելով տեղական մարդուժը: Հայաստան հնարաւորութիւն ունի արդիւնաբերութեան համար օգտագործելու իր ներուժը, հակառակ անոր որ շատեր արդէն աշխատանքի մեկնած են աւելի լաւ կեանքի հեռանկարով` նախկին խորհրդային երկիրներ, Եւրոպա, Ամերիկաներ, Աւստրալիա, Չինաստան:

Հարիւրամեակի լաւագոյն նուէրը կ՛ըլլայ ազգին, եթէ որոշուի ստեղծել հայրենադարձութեան մարմին մը, որ այդ նպատակով կը գոյացնէ համազգային հիմնադրամ, պետական կառոյցներու հետ կ՛ուսումնասիրէ եւ կը ճշդէ զարգացման ծրագիր, որուն իրականացման մասնակցութեան կոչ կ՛ընէ վերադարձի` տրամադրելով միջոցներ, բնակարան, կենցաղային պայմաններ, արդիւնաբերական աշխատանքի համար դրամագլուխ, հողամշակութիւն, ճարտարարուեստ, առեւտուր: Երկրի կարիքներուն բաւարարութիւն տալու համար ստեղծուած կառոյցները կը սահմանափակեն ներածումները եւ երկրորդ փուլին կ՛աճեցնեն արտածումները` ձգտելով ինքնաբաւութեան հասնիլ: Նման կառոյցներ կային անցեալին, որոնք կ՛աշխատէին Խորհրդային Միութեան կարիքներուն համար:

Հայաստանի համար կարեւոր զբօսաշրջութեան կողքին, Հայաստան եւ Արցախ կրնան զարգացնել առողջարաններու ցանց, որոնց օրինակները կան, կառուցել հանգստեան տուներ:

Արդէն Հայաստանի մէջ կը գործեն գորշ նիւթ-ի` ուղեղի օգտագործման նախաձեռնութիւններ: Այդ գորշ նիւթ-ը որոշ տոկոսով արդէն կ՛օգտագործուի Հայաստանէն դուրս` ոչ մէկ նպաստ բերելով Հայաստանի, թերեւս` անհատները փրկելով գործազրկութենէ եւ թշուառութենէ:

Հայրենադարձութեան մարմինը, Հայաստանէն եւ սփիւռքէն մասնագէտներու համագործակցութեամբ, կը կատարէ ուսումնասիրութիւններ, կը ճշդէ առաջնահերթութիւններ: Հայ երիտասարդներու եւ երիտասարդուհիներու կոչ կ՛ընէ Հայաստան-Արցախի մէջ իրենց ապագան ստեղծելու` անոնց տրամադրելով միջոցներ, որոնց ձեւերը կը ճշդուին, կեանքի եւ աշխատանքի ասպարէզ նոր մտնող սերունդին ընծայելով նիւթական հնարաւորութիւններ: Նման նախաձեռնութիւն մեծ նպաստ կ՛ըլլայ ամբողջ երկրի քաղաքներու եւ գիւղերու զարգացման` առաջքը առնելով Հայաստանի սպառնացող միաքաղաք ըլլալու վտանգին:

Մի՞թէ անկարելի է ամէն տարի հարիւր ընտանիքի Հայաստան-Արցախ հաստատուելու միջոցներ տալ:

Անկախութիւն, պետութեան հզօրացում, արտագաղթի կասեցում, հայրենադարձութիւն եւ ընդլայնումի հնարաւորութիւն` միաժամանակ ներկայացող խնդիրներ են:

Հարիւրամեակի տօնախմբութիւններու խանդավառութեան հունին մէջ, որպէս ազգային գեր-նպատակ, օրակարգ դարձնել հայրենադարձութիւնը, որպէսզի բնակուած երկիրը հզօրանայ եւ ազգի համրանքը ժամանակի գլանին տակ ամէն օր քիչ մը աւելի չճմլուի:

Ամէն տարի հարիւր ընտանիքի հայրենադարձութիւնը ապահովել` հրաշք չ՛ըլլար, այլ` զգացումներ շոյող գեղահունչ խօսքերուն իմաստ տուող նախաձեռնութիւն:

Երբ հարիւրամեակի աղմուկը դադրի, լուսարձակները մարին, հայրենադարձութեան մարմինը մեր առօրեային մէջ պիտի ըլլայ գաղափարներու շարունակութեան եւ կենսագործման հոսանքը` ազգի վաղուան համար:

Եթէ վերստին բանին Սիսիանի հիւսուածեղէնի գործարանը, Գիւմրիի գուլպայի գործարանը, Վանաձորի առողջարանները, կօշիկի արտադրութիւնը, եւ գիտական գերարդիական կեդրոնները սպասարկեն այլ երկիրներու, գորշ նիւթ-ի իրականացումները միջազգային շուկայ կը հասնին:

Կ՛ըսեն, որ մեր օրերու մեծագոյն գիւտը կազմակերպութիւնն է, organisation: Անոր համար բաւարար ուժ ունի ազգը, Հայաստան եւ սփիւռք համատեղ, հասնելու համար յաջորդ հարիւրամեակներուն:

Եթէ գիտնանք եւ յաջողինք կառչիլ հայրենատիրութեան հիմնական գաղափարին, որ բաժակաճառ չէ:

Աւելի պարզ. տօնախմբութիւններէ, ամպագոռգոռ ժողովներէ եւ շքերթներէ առաջ եւ վերջ, հարց տանք, թէ հայրենատէ՞ր ենք, թէ՞ ոչ… Յստակատեսութեան հրաշք պահու մը տրուած անսեթեւեթ պատասխանէն ետք կը գիտնանք թէ, ո՛ւր կ՛ուզենք հասնիլ, ի՞նչ կրնանք ընել, եւ որոնցմով կրնանք յստակութեամբ գծուած ճամբայ ելլել:

Յստակութեամբ գծուած ճամբան պիտի ըսէ, որ ազգի ապագան ո՛չ Ֆլորիտա է, ո՛չ Էյֆելի աշտարակ, ո՛չ Լոս կամ Փունթա տել Էսթէ: Այս հասկնալէ ետք է միայն, որ  անհատները եւ հին ու նոր կամ յաւերժացած  գաղթականները կը դառնան Ազգ:

23 յունուար 2018, Նուազի-լը-Կրան

Հարիւր Ականաւոր Դէմքերու Յուշ-Պատգամներ` Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադրութեան Հարիւրամեակին

$
0
0

ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ


ՇԱՒԱՐՇ
ԹՈՐԻԿԵԱՆ
(1926-1990)

* Հայաստանի Հանրապետութիւնը կ՛անուանենք մեր նորագոյն պատմութեան ամէնէն հետաքրքրական եւ լուսաւոր շրջանը` գիտնալով հանդերձ, որ այդ եղաւ սովի, համաճարակի, սահմանավէճերու, ներքին կռիւներու եւ պատերազմներու շրջան: Հայ ժողովուրդը իր երկար թմբիրէն ետք կ՛ունենար պետականութիւն: Ազգութեան եւ պետականութեան գաղափարին այս վերահաստատումը անկիւնադարձը պէտք է նկատել մեր արդի պատմութեան:


Տ.
ԵՂԻՇԷ ԱՐՔ. ՏԷՐՏԷՐԵԱՆ
(1910-1990)

* … Մայիս 28-ը մեր պատմութեան մասն է, մայիս 28-ը մեր ժողովրդի արիւնով ստեղծուած է, եւ ինչ որ ժողովուրդներու արիւնով կը ստեղծուի, անիկա ոչ միայն պատմութեան մէջ, այլ յաւիտենութեան մէջ անմահ է: Եւ եթէ մենք փրցնենք մայիս 28-ը մեր պատմութեան հատորէն, մենք ոչ միայն անարդարութիւն մը գործած կ՛ըլլանք, ոչ միայն ոճիր մը գործած կ՛ըլլանք, այլեւ կ՛այլանդակենք մեր պատմութիւնը, այլեւ կը կեցնենք մեր պատմութիւնը, կը կեցնենք մեր պատմութեան ընթացքը, կը կեցնենք մեր ժողովուրդի, ինչպէս կ՛ըսեն, «elan vital»-ը, որ դէպի անմահութիւն, դէպի կեանք միտած է եւ ձգտած է միշտ:

* Գիտէք, որ մայիս 28-ը կը տօնուի Դաշնակցութեան կողմէ, դաշնակցականները, ոչ բոլորը անշուշտ, երբ որ կը խօսին այդ թուականի մասին եւ կ՛ուզեն ապացուցել, թէ իրապէս իրենք պատմութեան մէջ լաւ բան մը ըրեր են եւ ոչ թէ գէշ բան մը: Իսկ եթէ այսօր քաւութեան նոխազ են, որովհետեւ քաւութեան նոխազ կ՛ըլլան բոլոր սուրբերը, քաւութեան նոխազ կ՛ըլլան բոլոր հերոսները, երբ որ իրենց թափած արիւնը կամ սրբազան տեսիլքը տակաւին իր կերպարանքը եւ իր ձեւը չէ առած: Բայց ոչ մէկ կաթիլ արիւն կրնայ թափիլ ժողովուրդին երակէն յանուն գաղափարի, առանց որ անիկա պտղաբերի, առանց որ օր մը իր նպատակին ծառայէ: Չէ եղած պատմութեան մէջ եւ չի կրնար ըլլալ նման բան: Այսօր Դաշնակցութեան` այդ նոխազին կռնակին վրայ գրուած է մայիս 28-ը եւ մեր հերոսներու, մեր նահատակներու վէրքը փաթթող եռագոյն դրօշակը:

* Դաշնակցութիւնը կրնայ ոչ թէ խօսքով, այլ նաեւ սրտի ամենաքաղցր հանդարտութեամբ ըսել Աւետարանի խօսքը. «Բեռն իմ քաղցր է, բեռն իմ թեթեւ է, լուծն իմ քաղցր է եւ բեռն իմ փոքրոգի»: Կրնայ ըսել ատիկա, որովհետեւ այն, ինչ որ շատերու կողմէն իբրեւ, այսպէս ըսենք, ոչ ընդունելի, ոչ սրբազան բան կը նկատուի, անիկա մեր պատմութեան ամէնէն նուիրական եւ սրբազան բանն է, որովհետեւ ներկուած է մեր նահատակներուն, մեր հերոսներուն արիւնով: Վա՛յ այն ժողովուրդին, որ երկրորդ անգամ կը մեռցնէ իր մեռելները, վա՛յ այն ժողովուրդին, որ կը մոռնայ իր մեռելները, որովհետեւ երբ որ մեռելները լռեն, ողջերը այլեւս չեն կրնար ապրիլ. եւ այդ մեռելները, այդ սուրբերը, այդ հերոսները կ՛ապրին, որովհետեւ մեր պատմութեան մէջ ստեղծած են մայիս 28-ը: Ի՛նչ կ՛ուզէ թող ըսուի, մայիս 28-ը նուիրական թուական է եւ մաս` մեր պատմութեան, ինչպէս` ոսկեր ոսկերաց եւ մարմին մարմնոյ:


ՄՈՒՇԵՂ
ԻՇԽԱՆ
(Մուշեղ Ճենտերեճեան, 1913-1990)

* Թրքահայաստանի բովանդակ հայութիւնը տեղահան ընելէ եւ կոտորելէ ետք, թուրքը կու գար իր արիւնոտ թաթով բնաջնջելու նաեւ Արեւելեան Հայաստանի բնակչութիւնը: Սակայն հրաշքի համազօր խիզախութեամբ եւ անձնուիրութեամբ հայ ժողովուրդը մէկ մարդու պէս ծառացաւ թշնամիին դէմ, որուն ուժերը շատ աւելի գերազանց էին, քան` «որբի եւ գաղթականի» հայրենիքին հողին վրայ ծուարած հայութեան ուժերը: Հնչած էր իսկապէս կենաց-մահու ժամը: Հայ ազգը կա՛մ պիտի սրբուէր պատմութեան էջերէն, կա՛մ պիտի յաղթէր ու գոյատեւէր:

Մայիսեան գոյամարտը պսակուեցաւ յաջողութեամբ եւ 1918 մայիս 28-ին, Անդրկովկասի կառավարութեան լուծումէն ետք, հռչակուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութիւնը:

* …Հայկական կառավարութիւնները, 1918-1920-ին, գլխաւորուած յաջորդաբար` Քաջազնունիի, Խատիսեանի եւ Օհանջանեանի կողմէ, աստիճանաբար հաստատեցին կարգն ու ապահովութիւնը, վերաշինեցին հաղորդակցութեան ճամբաները եւ զարկ տուին երկրագործութեան: Կարճ ժամանակամիջոցի մը ընթացքին հայ գիւղացիութիւնը յաջողեցաւ տնտեսութիւնը բարելաւել: Կառավարութիւնը սկսաւ կազմակերպել երկրին կրթական գործը եւ հիմը դրաւ հայկական համալսարանին:

Քաղաքական գետնի վրայ Հայաստանի Հանրապետութեան ամէնէն նշանակալից աքթերէն մէկը հանդիսացաւ Սեւրի դաշնագրին ստորագրումը:

* Վեց դարերու ստրկութենէն ետք, հայութիւնը կրկին կը տիրանար իր պետական անկախ կեանքին: Ճիշդ է, նեղ էին Հայաստանի սահմանները, ծանրօրէն վիրաւոր էր եւ ջլատուած` հայ ժողովուրդը, սակայն տոգորուած գոյատեւելու, յաղթանակելու եւ ստեղծագործելու անխորտակելի կամքով` Հայաստան կը միացնէր իր պատմութեան շղթային փշրուած օղակը:


ԲԱԲԳԷՆ
ՓԱՓԱԶԵԱՆ
(1915-1990)

* Այդ ճգնաժամային պահուն է, որ լսելի եղաւ Արամ Մանուկեանի վճռաշեշտ «ՈՉ»-ը: Հայոց ժողովուրդը արձագանգ տուաւ այդ «Ոչ»-ին: Եւ այն ժամանակ էր, որ անապատներու մէջ մահացած մեր մէկ միլիոն նահատակները միս ու ոսկոր ստացան, յարութիւն առին եւ եկան ու կեցան Արարատեան դաշտին մէջ, Արարատի շուքին տակ: Այդպիսով է, որ կռուող մեր տասը-տասնհինգ հազար հերոսներուն թիւը բարձրացաւ եւ եղաւ մէկ միլիոն տասնհինգ հազար հոգիով բանակ: Ահա այս ուժն է, որ կասեցուց եւ ջախջախեց թշնամին: Եւ շիրիմաքարը, որ պիտի փակուէր հայութեան մնացորդացին վրայ, փշրուեցաւ, եւ փոխանակ վերջնական թաղումին` մենք ունեցանք վերջնական յարութիւն:

* Մայիս 28-ի հրաշքին պատիւը վերագրուեցաւ Դաշնակցութեան: Բայց Դաշնակցութիւնը այդ պատիւը վերադարձուց իր բուն իրաւատիրոջ` հայ ժողովուրդին:

Մայիս 28-ի հրաշքով մենք ունեցանք մեր ազատ եւ անկախ հայրենիքը, 11 հազար քառակուսի քիլոմեթր տարածութեամբ եւ ընդհանուր բնակչութեան վրայ 55 առ հարիւր հայութեամբ: Իսկ երկու տարի յետոյ, երբ ծանօթ դէպքերու բերումով իշխանութիւնը յանձնեցինք համայնավարներուն, Հայաստանի տարածութիւնը 30 հազար քիլոմեթր էր եւ բնակչութեան համեմատութիւնը` 85 առ հարիւր հայ:

* Այսօր այս լուսաւոր թուականին, ճիշդ է, լուռ է Երեւանի հրապարակը, թնդանօթները չեն գոռար ի պատիւ այս լուսաւոր թուականին, բայց թող ձեր սրտերը գոռան, կեցցէ՛ հայոց ժողովուրդը, կեցցէ՛ մայիս 28-ը:

* Ի՞նչ է մայիս 28-ը, ի՞նչ էինք իրմէ առաջ, ի՞նչ էինք իրմէ ետք, Կովկասեան ճակատի վրայ ժողովուրդ մը կայ, որուն կէսը կոտորուած է եւ մահուան պայքար կը մղէ մինակ, լքուած` բոլորէն, թշնամին գերեզմանաքարը ձեռքով պիտի փակէր եւ վրան գրէր` աստ հանգչի հայոց ժողովուրդը: Այդ տագնապալի րոպէին միակ մէկ ձայն ունեցաւ հայ ժողովուրդը, որ զինք գերեզմանին առջեւ կանգնեցուց. Արամ Մանուկեանի ձայնն էր, ՀՅ Դաշնակցութեան ձայնն էր, որ իր ընկերներուն ձայնով, կեանքով, մահով հայ ժողովուրդին կը պատկանէր, եւ որուն հետեւեցաւ հայ ժողովուրդը` մահը հեռացնելու եւ կեանքը վերադարձնելու համար: Քիչ ժողովուրդներ նման պայմաններու մէջ շահած են անկախութեան թուականը:

* Ազատ երկիրներու ժողովուրդներ անկախութեան տօնը կը տօնեն իրենց մայրաքաղաքի հրապարակին վրայ` դիտելով բանակի տողանցքը, թնդանօթները կը գոռան ի պատիւ անկախութեան տօնին: Այսօր հարկադրաբար լուռ է հայուն մայրաքաղաքը, լուռ են թնդանօթները, եւ մենք պարտաւորուած ենք այդ հարկադրական լռութիւնը փոխարինել ազատօրէն խօսուած ճառերով, ազատօրէն մատուցուած յարգանքով ամենալուսաւոր թուականին, որ երբեւէ հայոց պատմութիւնը արձանագրած ըլլայ` 1918 մայիս 28-ին:

* Մայիս 28 յարութեան արձանագրութիւն մըն է ժողովուրդի մը համար, որ մահուան անդունդէն, մահուան գերեզմանէն դուրս եկաւ իր կեանքի ամենադաժան րոպէին:


ՎԱԶԳԷՆ
Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՊԱԼՃԵԱՆ
(1908-1994)

* 1915-ի ապրիլին յաջորդեց 1918-ի մայիսը: Եւ այնպիսի մէկ պահու, երբ երկրորդ եղեռն մը կը սպառնար մեր վերապրող ժողովուրդին, Արեւելահայաստանին, արիւնաքամ ժողովուրդի մեր զաւակները մէկտեղուեցան, բռունցքի մը վերածուեցան անխորտակելի եւ ստեղծեցին, կոթողեցին հայոց պատմութեան երկրորդ Աւարայրը` Սարդարապատի ճակատամարտը: Հայ ժողովուրդը փրկուեցաւ ստոյգ մահէ «իւր քաջ որդւոց սուրբ արիւնով»: Գիտէք` այսպիսով հռչակուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը մայիս 28-ին:

* Չենք կարող չյիշել մեր ազգի նահատակութիւնը` 1915-ի սեւ թուականը, եւ ապա, երեք տարի անց, հրաշքի համազօր նրա նոր կեանքի լուսաբացը` մայիսեան Սարդարապատով եւ Հայաստանի Հանրապետութեան կազմաւորումով:


ՎԱՀԱԳՆ
ԴԱՒԹԵԱՆ
(1922-1996)

* Հրաշքի էր նման այդ յաղթանակը: Բայց հրաշք չկար: Կար ժողովրդական ոգու մի հրաշալի, աննախադէպ բռնկում: Կար այն վսեմ ճշմարտութիւնը, որ երբ ժողովրդի ոգին զարթնում, բռնկւում ու շիկացման է հասնում, դառնում է անպարտելի: Եւ այն ամէնը, ինչ պիտի վերջանար այստեղ, սկսուեց նորից: Աշխարհի հնագոյն ու ազնուագոյն ժողովուրդներից մէկը իր նոր պետականութեան հիմքերը դրեց:

Աշխարհի հնագոյն ու ազնուագոյն լեզուներից մէկը դարձաւ պետական:

Աշխարհի հնագոյն ու ինքնութեան դրոշմով կնքուած քաղաքականութեան ոսկէ կանթեղը վառուեց նոր մի բոցով:

* Եւ յառնեց նորից դժոխքի բոլոր պարունակներով անցած, ամենաքստմնելի դաւերի մատնուած, բայց դարերի խորքից բերած իր հոգեկան կերտուածքից ոչինչ չկորցրած հայ ժողովուրդը: Յառնեց իր քարեղէն յամառութեամբ, իր գաղտնիքով ու առեղծուածով, որ գաղտնիք ու առեղծուած չէ, անշուշտ, այլ` դարերով զտուած, կոփուած ու բնական ընտրութեան օրէնքներով զարմանալի կենսունակութեան հասած ոգի…

Սարդարապատը միայն ճակատամարտ չէ, այլ նաեւ դաս է, դասագիրք, ոգեղէն մատեան: Ապրելու համար, յարատեւելու համար պիտի ամբողջ խորութեամբ սերտել այդ դասը, այդ ոգեղէն մատեանը, ուր մեր գոյութեան աստեղային ժամերից մէկն է յաւերժացել…

Խոնարհուենք Սարդարապատում իր աստեղային վսեմագոյն ժամին հասած այդ ոգու առջեւ…

ՎԱԶԳԷՆ ԷԹԻԷՄԷԶԵԱՆ
(1943-1996)

* Ինքնաբուխ եւ յամառ, բայց անհամեմատօրէն զօրաւոր մեր մերժումը եւ դիմադրականութիւնը չէի՞ն, որ ստեղծեցին Սարդարապատն ու մայիս 28-ը:



ՄԻՆԱՍ
ԹԷՕԼԷՕԼԵԱՆ
(1913-1997)

* Հայ ժողովուրդը, առանց դաւանանքի եւ հանգանակներու խտրութեան, մէկ մարդու նման ծանրացաւ վերահաս վտանգին, ստոյգ անէացումին դէմ եւ Դրոներու, Սիլիկեաններու, Արամներու առաջնորդութեամբ, վեց դարերու ստրկութեան դէմ պոռթկաց ազատ անկախ ապրելու հրեղէն իր կամքը:

Դուք պիտի գտնէք գաղտնիքը այս հրաշքին, եթէ Սարդարապատի, Ղարաքիլիսէի եւ Բաշ Ապարանի ճակատներէն սուրաք դէպի անցեալ անհունութիւնը ժամանակին եւ ողջունէք այնտեղ մեր Աւարայրը:

* Մայիս 28-ի մեր յարութիւնը, սակայն, տրամաբանական ճշմարտութիւններէ եւ նոյնինքն տրամաբանութենէն գերիվեր ՊԱՏԳԱՄ մըն էր` դարերու արիւնով եւ հայ ժողովուրդի ազատութեան տենչով պայմանաւոր:


ՀՐԱՅՐ
ՄԱՐՈՒԽԵԱՆ
(1928-1998)

* 1918-ը հանդիսացաւ հայ ժողովուրդի ազգային-ազատագրական պայքարի արդիւնաւորման տարին, որուն հասնելու համար սերունդներ` դաշնակցական ֆետայիներու գրեթէ ամբողջ փաղանգը անձնուրաց կերպով, անկարելին կարելի դարձնելու վճռակամութեամբ, տուաւ ամէն ինչ, որպէսզի շօշափելի իրականութիւն դառնայ հայ ժողովուրդի ազգային տեսլականը. մեռան, որպէսզի չմեռնի ազգը, նահատակուեցան հայրենիքի փրկութեան սիրոյն, կռուեցան եւ խիզախեցան, որպէսզի կանգուն մնայ Հայոց Տունը, հայ ժողովուրդի պատմական բնօրրանը:

* Մայիսեան անկախութեան տօնին առիթով հայ ժողովուրդի ազատագրական պայքարի հաւատամքը անոր շուրջ բիւրեղացած տեսլականն է, որ պիտի վերարծարծուի հայ ազատատենչ զանգուածներու ե՛ւ սրտերուն, ե՛ւ մտքերուն մէջ: Այդ առթիւ տեւաբար հայ ժողովուրդի անվիճելի իրաւունքը համարելով ձեռքբերումը` ազգային, ընկերային եւ միջազգային բոլոր այն առաւելութիւններուն, որոնք առաջադրուած են իրա՛ւ ընկերվարական սկզբունքներու հիմամբ եւ սահմանուած` Մարդկային իրաւանց յայտարարութեամբ: Այդ առաւելութիւններու ձեռքբերման ճամբուն վրայ եւ մինչեւ վախճանական այդ նպատակին հասնիլը` յարատեւ պայքարի ուխտը վերանորոգելու օրն է մայիս 28-ը:

* 1918 մայիս 28-ի անկախութիւնը արդիւնք էր հայ ժողովուրդի քանի մը տասնամեակներու յամառ ու յարատեւ կռուին, բայց մանաւանդ պտուղն էր երեսնամեակի մը տենդագին աշխատանքին, պարտութեանց ու յաղթանակներու մէջ թրծուած հայ քաղաքական մտքին, ինչպէս նաեւ` մարտական ուժերու անմնացորդ ծառայութեան ու պայքարին:

* Ազգային տեսլականի տրամաբանութիւնն էր, որ ծնունդ էր տալիս ֆիտայական աննման սերնդին եւ յանուն հայրենիքի նրանց կատարած խոյանքներին` ի վերջոյ իրականացնելու համար Միացեալը եւ Միացեալի բովով անցնող Հողահաւաքի գործընթացին: 1918-ի մայիս 28-ին, թէկուզ` կարճատեւ, հայկական անկախ պետականութեան պատմակշիռ նշանակութիւնը, ամէն բանից առաջ, հայոց ազգային տեսլականը վերացական նկատուած պատկերացումից, հանգրուանային նուաճումներով, շօշափելի իրականութեան հասցնելու կարելիութեան փաստն է, որ իբրեւ ազգային-քաղաքական անկորնչելի հանգանակ` գալիք սերունդների ներշնչարանը պիտի հանդիսանար:

(Շար. 8)

50-Ամեայ Ծառայական Առաքելութեան Առիթով` Զրոյց-Հանդիպում Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Հետ

$
0
0

Հանդիպում-զրոյցի արտագրումը կատարեց`
ՍԻԼՎԻ ԱԲԷԼԵԱՆ

Լիբանանի մէջ գործող հայկական երեք օրաթերթերուն տնօրէնները հանդիպում մը ունեցան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին հետ: Անոնք միասնաբար զրուցեցին կաթողիկոսին 50-ամեայ ծառայութեան մասին: Բնականաբար կարելի չէր զրոյցի սահմաններուն մէջ անդրադառնալ 50-ամեայ ծառայութեան ընթացքին իրագործուած բեղուն գործունէութեան բոլոր ուղղութիւններուն եւ մարզերուն: Առ այդ, զրոյցին առանցքը հանդիսացան ծառայութեան որպէս մեկնակէտ աստուածաշնչային ներշնչումի համար աւետարանական որոշ բնաբաններ, ապա` հոգեւոր, ազգային, քաղաքական գործունէութեան կարեւորագոյն ուղղութիւնները, ինչպէս նաեւ` երիտասարդութեան դերին հանդէպ բարոյական եւ գործնական աջակցութեան հետեւողական քայլերը:

Վեհափառ հայրապետը  «Ազդակ»-ի, «Զարթօնք»-ի եւ «Արարատ»-ի տնօրէններուն հետ

Խօսելով 50-ամեայ ծառայութեան մասին` Արամ Ա. կաթողիկոսը ըսաւ, որ մեր հոգեւորական կեանքին եւ ծառայութեան աղբիւրը պէտք  է ըլլայ Աստուածաշունչը, ուրկէ` «Կ՛ուզեմ կատարել քանի մը մէջբերումներ, որոնք, կը հաւատամ, որ իւրաքանչիւր հոգեւորականի կեանքին ու ծառայութեան ուղեցոյցը պէտք է դառնան: Յիսուս իր առաքելութեան սկսաւ իր ծննդավայրին` Նազարէթ քաղաքին մէջ, Հին կտակարանը բանալով` Եսայի մարգարէին խօսքերը կարդաց. «Տիրոջ հոգին վրաս է, որովհետեւ զիս օծեց եւ ղրկեց աղքատներուն փրկութեան աւետիսը տալու, սրտաբեկները մխիթարելու, գերիներուն ազատութիւն բերելու, կոյրերուն աչքերը բանալու, հարստահարուածները ազատելու եւ յայտարարելու, թէ ահա հասած է ժամանակը, եւ Տէրը պիտի փրկէ իր ժողովուրդը»: Ղուկաս 4:16-20-էն այս մէջբերումը Քրիստոսի առաքելութեան մեկնակէտը հանդիսացաւ: Մատթէոս 17:24-ը կ՛ըսէ. «Եթէ մէկը ուզէ ինծի հետեւիլ, թող ուրանայ իր անձը, առնէ իր խաչը եւ ետեւէս գայ»: Մատթէոս 20:28 «Մարդու որդին չեկաւ ուրիշներուն կողմէ ծառայութիւն ընդունելու, այլ` ծառայելու եւ իր կեանքը շատերուն համար որպէս փրկագին տալու»:

Ծառայութիւն. պարզ բառ մըն է, սակայն կեանքի յստակ որակ եւ ուղղութիւն ցոյց կու տայ: Ճշմարիտ հոգեւորականը ան է, որ իր կեանքին դիմաց կը տեսնէ Քրիստոսը` իբրեւ գերագոյն ծառայ», նշեց ան:

Վեհափառ հայրապետը ըսաւ, որ ձեռնադրութեամբ ձեռնադրեալը նոր մարդ կը դառնայ, ձեռնադրութեան ընթացքին աղօթքի մը մէջ կ՛ըսուի. «Աստուած քու մէջէդ հին մարդը թող հանէ եւ նոր մարդը դնէ»: Ձեռնադրիչը նաեւ կ՛ըսէ. «Քու կեանքդ ու վարքագիծդ թող օրինակ դառնան ուրիշներուն»:

«50 տարիներու կեանքիս մէջ Աստուածաշունչէն եկող այս մտածումները առաւելագոյն չափով փորձեցի կեանքի վերածել: Բոլորս ալ մարդ ենք, թերացումներ ունինք, բայց պէտք է ձգտինք լաւագոյնին, կատարելագոյնին, կատարեալ չենք կրնար ըլլալ, սակայն Քրիստոսի կողմէ գծուած ճանապարհը հոգեւորականին ճանապարհը պէտք է ըլլայ», շեշտեց ան:

Վեհափառը ըսաւ. «50 տարի առաջ այս մտածումներով ու հրամայականներով անձիս եւ ժողովուրդին տուած խոստումներով սկսայ հոգեւոր ուխտագնացութեան: Ուխտագնացութիւն մըն է քրիստոնեայ մարդուն կեանքը, մանաւանդ` հոգեւորականին համար, եւ այդ ուխտագնացութիւնը ծառայութիւն  է` Աստուծոյ, ժողովուրդին, եկեղեցւոյ, հայրենիքին մեր գերագոյն արժէքներուն ու ձգտումներուն:

Լիբանանի նախկին առաջնորդ Տաճատ սրբազան աբեղայ կ՛օծէ վեհափառ հայրապետը, 16 յունիս 1968

«50 տարիներու կեանքիս մէջ հետեւեալ ազգային դէպքերը իրենց կարեւոր նշանակութիւնը ունեցան, հետք մը ձգեցին, յիշեցումներ կատարեցին եւ իմ հոգեմտաւոր կազմաւորման եւ ծառայութեան մէջ կարեւոր դեր եւ տեղ ունեցան:

«Առաջին` 1965-ին Ցեղասպանութեան յիսնամեակը. Լիբանանէն սկսեալ հայ կեանքը Ցեղասպանութեան մթնոլորտով լեցուն էր. շեշտը Ցեղասպանութենէն աւելի` վերածնունդն էր: Յիսնամեակը կարեւոր դեր ունեցաւ իմ կեանքիս մէջ: Երկրորդը` Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան յիսնամեակը. ապա երբ կաթողիկոս ընտրուեցայ 1995-ին, մթնոլորտը Արցախի ազատագրումն էր, Հայաստանի վերանկախացումը. ահաւասիկ այս երեք ամեակները 50 տարիներու հոգեւոր ուխտագնացութեան, ազգային ծառայութեան մէջ իրենց առանցքային դերը ունեցան:

«Յաճախ կը կրկնեմ, որ եկեղեցւոյ կոչումը, մեր պատմութիւնը, մեր պատմական փորձառութիւնը կը պարտադրեն մեզի, որ եկեղեցին միայն հոգեւոր ծառայութեամբ պէտք չէ ինքզինք իրագործէ, այլ նաեւ` ազգային, հետեւաբար` ես յաճախ մեր  ծառայութիւնը կը բնորոշեմ` որպէս հաւատքի առաքելութիւն եւ ազգային ծառայութիւն: Այս երկու տարածքները պէտք է դառնան մէկ ամբողջութեան ծիրէն ներս հայ հոգեւորականին կեանքին իմաստը ու ճանապարհը:

«Փորձեմ 50 տարիներու ծառայութիւնս հանգրուաններու վերածել` ուսումնական, միջեկեղեցական, առաջնորդական եւ կաթողիկոսական: Ես մինչեւ այսօր գիրքէն հեռու չեմ, մինչեւ այսօր կ՛ուսուցանեմ դպրեվանքին մէջ: Մեր ուսումնական կեանքը ո՛չ դասարանին մէջ պէտք է սկսի, ո՛չ ալ դասարանով պէտք է վերջանայ: Հետեւաբար ուսումնական կեանքը մինչեւ այսօր մնայուն ներկայութիւն եղած է իմ կեանքիս մէջ, նաեւ` միջեկեղեցական կեանքը: Մեկնելով այս իրողութենէն` ուրիշ մտածում մըն ալ կ՛ուզեմ ձեզի տալ. բնականաբար եկեղեցին եւ ինչ որ եկեղեցիին կը պատկանի միշտ եղած են իմ կեանքիս ու ծառայութեան առանցքը, կեդրոնը: Սակայն ես այս առանցքին շուրջ միշտ չեմ մնացած: Այդ առանցքէն մեկնելով եւ առանցքին անմիջականօրէն առնչուած կեանքի միւս երեսներն ալ մնայուն ներկայութիւն դարձած են իմ կեանքիս մէջ: Օրինակ` հայ դպրոցը, մշակոյթը, հայրենիքը, ազգային պահանջատիրութիւնը: Հայ հոգեւորականը ծիսակատար չէ միայն, հայ հոգեւորականին կեանքին շրջագիծը եկեղեցին չէ միայն` նեղ հասկացողութեամբ, մեր եկեղեցին ազգին եկեղեցին է, հետեւաբար եկեղեցիին կապուած այլ բնագաւառներ կան. դպրոց, մշակոյթ, հայրենիք, ազգային պահանջատիրութիւն` բոլորը անբաժանելի մասը կը կազմեն մեր եկեղեցւոյ առաքելութեան: Այս բոլորը իմ կեանքիս մէջ մնայուն  ներկայութիւն եղած են: Եկեղեցին, ազգը, հայրենիքը մարդով կը շնչեն, կ՛իմաստաւորուին, եկեղեցիին, հայրենիքին իմաստ տուողը մարդն է, հետեւաբար մարդու պատրաստութիւնը մեր եկեղեցւոյ համար հրամայական անհրաժեշտութիւն է: Ազգային պահանջատիրութիւնը իմ ծառայութեանս կարեւոր դաշտերէն մէկը եղած է եւ կը մնայ: Հայրենիքի հզօրացումը ինծի համար ամէնօրեայ տագնապ է, մնայուն արժէք, գերագոյն ձգտում», ըսաւ Արամ Ա. կաթողիկոս:

Ժընեւի մէջ Արամ սրբազան եւ Քիրիլ սրբազան (այժմ Ռուսիոյ պատրիարք) մամլոյ ասուլիսի պահուն, 1982

Անդրադառնալով 50 տարուան ընթացքին իրականացած ծրագիրներու` վեհափառ հայրապետը ըսաւ. «Մենք աշխատանքային ծրագիր մը կ՛ունենանք եւ կը փորձենք այդ ծրագիրը իրագործել յարաբերաբար կարիքներու առաջնահերթութեամբ: Ես միշտ համակարգուած մտածող եւ աշխատող եղած եմ: Կրթական, շինարարական, մշակութային կարեւոր ծրագիրներ իրագործած ենք անցնող տարիներուն: Մենք առանձին չենք եւ առանձին պէտք չէ գործենք: Մեր շուրջը անձեր պիտի ունենանք եւ միասնաբար պիտի գործենք. հայ եկեղեցին երբեք մենատէր չէ եղած. ան կառավարուած է ժողովներով, միաբանութեամբ, եպիսկոպոսներով եւ ազգային ժողովներով: Հոգեւորականը անշուշտ նախաձեռնող եւ հետապնդող պիտի ըլլայ, որքան այդ հոգեւորականը շրջապատուած ըլլայ փորձառու, նուիրեալ անձերով, հոգեւորական թէ աշխարհական, այդքան իր աշխատանքները  կը յաջողին: Ես Լիբանանի առաջնորդութիւնը ստանձնեցի ռմբակոծումներու տակ: Պուրճ Համուտը, Խալիլ Պատաուին, Հաճընը քանդուած էին 1978 հոկտեմբերին, ընդհանուր յուսահատութիւն մը կար ժողովուրդին կեանքին մէջ, եւ կամաց-կամաց փորձեցինք որոշ իրագործումներով մեր կեանքը փոխել: Ծրագիրները առնչուած պէտք է ըլլան տեղական պայմաններուն. մտահոգութիւնները համապատասխան պէտք է ըլլան տուեալ ժամանակներու առաջնահերթութիւններուն: Որեւէ կառոյցի պարագային, ճիշդ չէ սկիզբէն ծրագիրներ ունենալ: Մեր ծրագիրները պէտք է համապատասխանեն մեր կեանքի իրականութիւններուն, պայմաններուն ու պահանջներուն:

«Պէտք է փորձել տարբերութիւն մը դնել քաղաքականին եւ ազգայինին միջեւ: Դժուար է: Անգլերէն գիրքիս մէջ ըսած եմ. «Եկեղեցին ապաքաղաքական չի կրնար ըլլալ, միւս կողմէ ալ եկեղեցին քաղաքական կառոյցներու, քաղաքական գաղափարախօսութիւններու, քաղաքական գործընթացներու հետ պէտք չէ նոյնանայ»: Այս երկուքին միջին ճամբան բռնելը շատ դժուար է: Մեր պարագային, ազգը եւ եկեղեցին այնքան նոյնացած են, որ մեր ազգային ժողովներուն, ուր նաեւ կրօնական, դաւանաբանական հարցեր քննարկուած են, ժողովուրդը կը մասնակցի:

«Բնականաբար Հայաստանի մէջ կացութիւնը տարբեր է, սփիւռքի մէջ` տարբեր: Եկեղեցին պէտք է փորձէ իր իւրայատկութիւնը պահել. այդ իւրայատկութենէն պէտք է բխին` իր դերը, իր բարոյական հեղինակութիւնը եւ իր խօսքը: Տարբերութիւն պէտք է դրուի քաղաքականի եւ ազգայինի: Տեղ մը եկեղեցին կրնայ իշխանութեան հետ չըլլալ, բայց հայրենիքին հետ է, ազգին հետ է: Այսպէս եղած է մեր եկեղեցին», յայտնեց ան:

Խօսելով Հայաստան-սփիւռք յարաբերութեան մասին` հայրապետը ըսաւ, որ սփիւռքը Հայաստանին հետեւողի, կրաւորական դերին  մէջ չի կրնար ըլլալ: «Հայաստանակեդրոն մտածողութիւնը եւ գործունէութիւնը ճիշդ չեմ տեսներ. պէտք է մենք համահայկական մտածողութիւն մը մշակենք, եւ այդ մտածողութենէն պէտք է բխի համահայկական գործունէութիւնը: Սփիւռքը ի՞նչ կրնայ տալ եւ պէտք է տայ Հայաստանին, Հայաստանը ի՞նչ կրնայ տալ եւ պէտք է տայ սփիւռքին.  սփիւռքը պէտք է մասնակցի Հայաստանի կերտման, հզօրացման աշխատանքներուն եւ այդ ծիրին մէջ` Հայաստանի կառավարման կառոյցներուն: Հայաստանը պետութիւն է, սփիւռքը պետութիւն չէ, հետեւաբար դերերու յստակեցում պէտք է ըլլայ: Մենք համազգային օրակարգ մը պէտք է ճշդենք: Բնականաբար ազգային պահանջատիրութիւնը համազգային օրակարգ է, Հայաստանի հզօրացումը համազգային օրակարգի մաս կը կազմէ, նոյնպէս` Արցախի անկախութիւնը: Հայաստան-սփիւռք միասնաբար պէտք է համազգային օրակարգ մը ճշդեն: Սփիւռքը միայն բարեգործական աշխատանք կատարող գաղութներ չէ, այդ ծիրէն ներս պէտք չէ սահմանափակուի սփիւռքի դերակատարութիւնը: Սփիւռքը իր ներուժը պէտք է համախմբէ, ներդաշնակ գործակցութիւն մը պէտք է յառաջացնէ, սփիւռքը թէ՛ ներգաղութային, թէ՛ համագաղութային ու համասփիւռքեան մակարդակին վրայ եթէ յառաջիկայ տարիներուն չկարենայ գործնական քայլերու դիմել, ուժերու ջլատումը աւելի պիտի խորանայ: Մեր կառոյցները պէտք է պահենք, մեր տարբերութիւնները պէտք է պահենք, միաձեւութեան համաձայն չեմ, միատեսակութիւնը ճիշդ չէ, տարբերութիւնները պահենք, բայց մեր մտածողութեան եւ գործունէութեան մէջ ներդաշնակութիւն յառաջացնենք: Ներդաշնակութիւնը կու գայ, երբ մենք յստակ օրակարգ ունենանք: Բայց մենք չունինք օրակարգ: Հայաստանէն մեզի հետ կը գործակցին զանազան կամուրջներ հաստատելով մեր բոլոր կառոյցներուն հետ` կրթական, կուսակցական, մշակութային: Խորհրդային շրջանին այդպէս էր, հիմա այդպէս պէտք չէ ըլլայ, խորհրդային շրջանին ներքին լարուածութիւններ ու բեւեռացումներ կային գաղութներէն ներս: Թէեւ նուազած են անոնք հիմա, նոյնիսկ` անհետացած, սակայն անջատաբար մտածելու, ծրագրելու գործելաոճը կը շարունակուի:  Պէտք է մեր կարելիութիւնները եւ ուժերը համախմբենք, այլապէս կը մասնատուինք: Սփիւռքը հրամայական կարիքը ունի վերակազմակերպուելու, ինքզինք վերակենսաւորելու իր ուժերը ու կարելիութիւնները համախմբելով: Միայն ապրիլ 24-ի առիթով, ամեակներու առիթով քով-քովի գալը շատ ձեւական է եւ մակերեսային: Այսօր մեր կեանքը ճակատագրական հանգրուանի մէջ կը գտնուի, նոր հորիզոններու պէտք է բացուինք, աշխարհը փոխուեցաւ: Մենք մարտահրաւէրներով եւ տագնապներով շրջապատուած ենք, Հայաստան-սփիւռք գործակցութիւնը պէտք է անդրանցնի այն, ինչ որ եղած է անցնող 25 տարիներուն», ըսաւ ան:

Խօսելով սփիւռքի մէջ գործող երեք կուսակցութիւններու կարեւորութեան մասին` վեհափառ հայրապետը հաստատեց նաեւ, որ այսօր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը սփիւռքի մէջ կեդրոնական ներկայութիւն է` իր շուրջ ունենալով երեք կուսակցութիւնները: «Ես կը հաւատամ, որ երեք կուսակցութիւնները մեր կեանքին մէջ փորձառութիւն ունեցող ազգային կուսակցութիւններ են եւ կարեւոր դերակատարութիւն ունին մեր կեանքին մէջ: Մեր բոլոր կազմակերպութիւնները վերակազմաւորումի, վերաշնչաւորումի կարիքն ունին: Մենք այսօր տարբեր պայմաններու մէջ կը գտնուինք, մեր երիտասարդները կը հեռանան մեր կառոյցներէն: Երեք կուսակցութիւնները գործակցաբար սփիւռքի մէջ պէտք է վերահաստատեն իրենց առանցքային դերակատարութիւնը: Մեր քաղաքական ուժը, մտածողութիւնը սփիւռքի մէջ վերջին 100 տարիներու ընթացքին երեք կուսակցութիւններէն եկած է: Արդ, երեք կուսակցութիւններուն գործակցութիւնը ես կը նկատեմ կարեւոր: Ղեկավարը այն է, որ իր անձնական տեսակէտը ունենալով հանդերձ,  ի սէր գերագոյն շահերուն կամ որոշ կացութեան պահպանման, քաջութիւնը կ՛ունենայ նահանջելու», շեշտեց կաթողիկոսը:

Գարեգին սրբազան (ապա կաթողիկոս) սարկաւագ կը ձեռնադրէ վեհափառը, 14 մայիս 1965

Խօսելով երիտասարդութեան մասին` վեհափառ հայրապետը ըսաւ. «Երիտասարդութիւնը իմ կեանքիս, ծառայութեանս առաջնահերթ բնագաւառներէն մէկը եղած է եւ կը մնայ. ընկերութիւն մը կը ծերանայ առանց երիտասարդութեան, նոր արիւն, նոր կենսունակութիւն ներարկողը երիտասարդութիւնն է: Զանազան ձեւերով պէտք է շարունակենք երիտասարդները ներառել, մասնակից դարձնել մեր ազգի կեանքին մէջ: Սակայն պէտք է ըլլալ իրապաշտ: Այսօրուան իրավիճակը լուրջ մտահոգութիւն է բոլորին համար: Այսօր երիտասարդութեան հարիւրէն քսանհինգը եկեղեցիին կապուած է, հոգեւոր հակումներ ունի, հարիւրէն քսանհինգը կուսակցական, միութենական հակումներ ունի, իսկ մնացեալը մեր կեանքէն, մեր կառոյցներէն հեռու է: Հայկական ծագում ունեցողներուն թիւը սկսած է շատնալ: Պէտք է շարունակենք յատուկ ուշադրութիւն դարձնել երիտասարդութեան: Ինչպէ՞ս ընել, որ երիտասարդութիւնը մօտենայ մեր կառոյցներուն: Չսպասենք, որ երիտասարդները մեր ետեւէն գան, մենք իրենց ետեւէն պէտք է երթանք. այսօրուան լեզուն պիտի խօսինք: Ինքնակեդրոն, ինքնանպատակ, զմռսուած կեդրոններու սկսած ենք վերածուիլ: Մեր կառոյցներու նեղացուցիչ շրջանակին մէջ մնացած ենք, պէտք է բացուինք: Համացանցը հեռաւորութիւնները մօտեցուցած է, տարբերութիւնները, պատերը քանդուած են, կ՛ապրինք ընկերութեան մը մէջ, ուր ցանկապատ չկայ, ուր կարմիր գիծեր չկան. այս կացութեան մէջ  չենք կրնար կղզիացած մնալ, պէտք է բացուինք` մեր հիմնական արժէքները պահելով հանդերձ: Նորութիւնները եւ փոփոխութիւնները առաւելագոյն չափով պէտք է գործածենք», եզրափակեց վեհափառը:

Լիբանանահայ օրաթերթերու տնօրէններուն հետ կայացած անմիջական զրոյցը յոբելենական առիթով էր, սակայն վեհափառը զրոյցին ընթացքին մնայուն կերպով արծարծուած հարցերը տարածեց իր անձի գործունէութենէն դէպի հաւաքականը, միջեկեղեցականը, համազգայինը, համաերիտասարդականը:

Եւ յայտնաբար ժողովուրդին նկատմամբ ամբողջական ծառայութեան եւ նուիրումի յատկանիշն էր, որ ընդգծեց 50-ամեայ բեղուն գործունէութիւնը վեհափառ հայրապետին:

 

 

Յուշատետր. Ճակատագիր (Բ.)

$
0
0

Ռ. Հ.

Այո՛, մեր մեծերը ատենօք իրենց ցուցամատը իրենց ճակտին քսելով` կ՛ըսէին.

«Հոս ինչ գրուած է, ա՛յդ կ՛ըլլայ»:

Այսինքն արդէն մեր ճակտին վրայ գրուած է, թէ ինչե՛ր պիտի պատահին, եւ թէ ինչպիսի՛ կեանք մը պիտի ապրինք:

Առանց այլեւայլի, կրնամ մտածել, որ «ճակատագիր» բառը ստեղծողները մեծ պատիւ մը ըրած են մեր ճակտին: Արդարեւ, եթէ մտածենք որ մեր ամբողջ մարմնին մէջէն ճակատն է որ ընտրուած է, որպէսզի անոր վրայ քանդակուին մեզի սպասող կեանքի մը մանրամասնութիւնները, կրնանք հետեւցնել, որ մարդուս ճակտին համար ասիկա պատիւ է, ճակատը այս կերպով դարձած է մենաշնորհեալ տախտակ, շատ աւելի բախտորոշ, քան` մեր մարմնին միւս մասերը, որոնք այնքան կենսական պարտականութիւն կը կատարեն: Հարցնե՞նք, թէ ինչո՛ւ մեր ճակատը ընտրուած ըլլայ այս նպատակով, եւ ո՛չ թէ` մարմնական ուրիշ մաս մը, ուրիշ գործարան մը: Մեր կեանքի գալիք օրերուն գոյն ու ուղղութիւն տալու պարտականութեան մէջ ճակատը ի՞նչ դեր կրնայ ունենալ, մինչ պիտի տարուէինք մտածելու, որ այս պարտականութիւնը կատարելու աւելի ատակ էր, օրինակ, մեր ուղեղը, կամ` մեր սիրտը, կամ` մեր ձեռքը, կամ, ամէնէն կարճ խօսքով, ատակ էին մեր ծիները, որոնք հիմը կը կազմեն մեր ամբողջական ինքնութեան: Է՛հ, ճիշդն ըսելու համար, մեր ապագայ կեանքի իրագործումներուն մէջ բախտորոշ դեր պիտի չխաղա՞յ մեր ուղեղը, այսինքն` մեր մտային կարողութիւնը, կամ` սիրտը, որմէ այնքան կախեալ է մեր գոյատեւումը, կամ, օրինակ, մեր ձեռքը, որ այնքան կարեւոր օգնական է մեզի` որպէսզի հիւսենք մեր կեանքի օրերը: Եթէ բոլորը մոռնանք, չենք կրնար մոռնալ մեր ծիները: Չե՞նք գիտեր, որ մեր ամբողջ ինքնութիւնը արձանագրուած է մեր ծիներուն մէջ,  չե՞նք գիտեր, թէ մեր ամբողջ լինելութիւնը այդ ծիներուն մեր առջեւ բացած ուղղութեամբ է, որ կ՛ընթանայ եւ հոնկէ դուրս չի կրնար ելլել: Սա մեր ներքին գործարաններն իսկ, օրինակ, մեր թոքերը, որոնց երեսը բնաւ պիտի չտեսնենք նոյնիսկ եթէ քանի մը հարիւր տարի ապրինք, ամէն օր նախախնամական գործ չե՞ն տեսներ` մեր կեանքի օրերուն օդ եւ շունչ տալով: Երբ այս բոլորը այնքան կարեւոր դեր կը կատարեն «Ճակատագիր» կոչուած այդ յայտագրին ձեւաւորման ու գործադրութեան մէջ, ճակատը ի՞նչ կ՛ընէ որ, ճակատը ի՞նչ դեր կրնայ խաղալ, որ մենք զայն կը դարձնենք մեզի համար նախատեսուած կեանքի արձանագրութեան տոմար եւ մեր ճակտին վրայ գրուած կ՛ենթադրենք ճակատագիր  կոչուածը:

Մարդկային դէմքի վրայ այդ մարդուն դիմագծութիւնը ներկայացնող ամէնէն դիպուկ մասը այդ մարդուն ճակատը չէ: Կան աչքերը, որոնք կարծես  մարդուն հայելին են, կայ քիթը, որ շատերու դիմանկարին տիրապետող մասը այդ մարդուն ճակատը չէ: Կան աչքերը, որոնք կարծես մարդուն հայելին են, կայ քիթը, որ շատերու դիմանկարին տիրապետող մասը կրնայ դառնալ, կան մազերը, որոնք այնքան այլազանութիւն կու տան դէմքերուն, կայ գլխուն ձեւը եւ այլն: Այս բոլորին մէջ դիմագծութիւն ներկայացնելու տեսակէտէ շատ փոքրիկ գործ կ՛իյնայ ճակտին:

Բայց կ՛երեւի, թէ մարդոց մօտ ճակատը միշտ վայելած է որոշ վարկ մը, հեղինակութիւն մը, որ լռելեայն կը յարգուի: Ամէն ինչ մէկ կողմ, ճակատը` մէկ կողմ: Ահա թէ ինչո՛ւ, եթէ անկեղծ ենք, եթէ մաքուր ենք, եթէ անխոցելի ու անբիծ ենք, եթէ վախնալու բան չունինք, կ՛ըսեն, որ «Ճակատաբաց» ենք: Աչքը բաց մարդը յարգի չէ, բայց ճակատաբաց մարդը յարգի է: Նոյնպէս յարգի է այն մարդը, որ իր «ճակատը բարձր կը բռնէ»: Ճակատը բարձր բռնե՛լ: Այս ասացուածքին մէջ ալ մասնաւոր վարկ մը ունի ճակատը: Ինչո՞ւ չենք ըսեր` «Մազերդ բարձր պահէ»: «Աչքերդ բարձր պահէ»: Այլ կ՛ըսենք` «Ճակատդ բարձր պահէ»: Քիթը վեր մարդը բնաւ յարգի չէ, բայց ճակատը վեր բռնող մարդը յարգի է: Կայ տակաւին ճակտի քրիինքը, որ քրտինքներու ամէնէն սուրբն է կարծես: Մարդուս սուրբ ու չարքաշ աշխատանքին խորհրդանիշն է «Ճակտի քրտինք» բացատրութիւնը: Աշխատանքի ընթացքին միայն մեր ճակա՞տն է, որ կը քրտնի: Ո՛չ անշուշտ: Բայց ճակտի քրտինքն է, որ կը խորհրդանշէ պատուաբեր աշխատանքի գաղափարախօսութիւնը: Ճակատը հոս ալ կարծես շուքի մէջ թողեր է մեր միւս գործարաններուն հոսեցուցած քրտինքը:

Անշուշտ որ մեր մեծերը ճակտին մէջ տեսեր են բան մը, որմէ տպաւորուեր են: Եթէ պիտի ուզէի ուրիշ պատիւ մըն ալ ընել ճակատ բառին, պիտի ըսէի, որ մեր բոլոր յառաջխաղացքներուն մէջ, մեր բոլոր խոյանքներուն մէջ, դէպի յառաջ մեր բոլոր մեկնումներուն մէջ կարծես մեր ճակատն է, որ կը քալէ առաջին գծի վրայ, մեր ճակատն է, որ նաւապետի կամ առաջնորդի պաշտօն կը կատարէ, ամէն յառաջացումի մէջ մենք մեր ճակտով է, որ կը ճեղքենք օդն ու ապագան, ինչպէս օդանաւը օդը կը ճեղքէ իր ճակտով: Եւ անշուշտ նոյն պատճառով է, որ երբ մարդիկ կամ բանակներ պիտի կռուին իրարու հետ, պիտի ըսենք, որ անոնք ճակատ ճակատի պիտի գան, ճակատամարտ պիտի սարքեն, ճակատ պիտի յարդարեն իրարու դէմ: Եւ եթէ մէկը պիտի տանի ծափահարելի յաղթանակ մը, մենք ալ, զինքը պատուելու համար, պիտի համբուրենք իր ճակտէն:

Ահա թէ որքա՛ն կարեւոր է մեր սա ճակատը, որուն վրայ իբր թէ գրուած է նաեւ մեր կեանքի գիրը, մեր ճակատագիրը:

Ճակատագիր:

Կայ կամ չկայ, բան չի փոխուիր: Քանի որ աշխարհ եկանք, պիտի քալենք, կամ պիտի ապրինք` ճակատաբաց:

rh@normarmara.com

 

15 Յունիս. Հայաստանի Պետական Խորհրդանիշներու Օրուան Տօնը

$
0
0

Ն. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Թէեւ Հայաստանի վերանկախացեալ հանրապետութեան պետական տօները հաստատող 1995-ի օրէնքով նախատեսուած չէր 15 յունիսի` «Հայաստանի պետական խորհրդանիշներու օր»-ուան տօնը, այսուհանդերձ, 2006-ին հասարակական նախաձեռնութեան կարգով հրապարակ նետուեցաւ ՀՀ պետական Խորհրդանիշներու օր տօնելու գաղափարը, որ 2009-ին կառավարութեան հաւանութեան արժանանալով` ամէնամեայ տօնի վերածուեցաւ խորհրդարանի յատուկ օրէնքով եւ 2010-էն ասդին կը նշուի պետական ու ժողովրդային շուքով:

Առաջադրուածը, փաստօրէն, Հայաստանի Հանրապետութեան դրօշին եւ պետական խորհրդանիշներուն օրը տօնելն էր պաշտօնապէ՛ս, որպէսզի իրենց նշանակութեամբ եւ խորհրդանշած արժէքներով` եռագոյն դրօշը, զինանշանը եւ «Մեր հայրենիք» օրհներգը տարին օր մը վերանորոգէին դաստիարակչական իրենց ներգործութիւնը` հայոց սերունդներու ազգային մտածողութիւնը, հայեցի ներշնչումը եւ հպարտութիւնը արմատաւորելու ուղղութեամբ:

Երեսնամեակ մը առաջ, երբ Հայաստան տակաւին ենթակայ էր խորհրդային բռնատիրութեան, իսկ հայկական սփիւռքի տարածքին միայն Դաշնակցութիւնն ու անոր համակիր բազմութիւնները սրբութեան պէս կը պահպանէին եւ ազգային առիթներով կը պարզէին եռագոյնը, կը յիշեցնէին Հայաստանի Հանրապետութեան (մայիս 28-ով կերտուած) զինանշան ու կը հնչեցնէին «Մեր հայրենիք»-ը, ոչ ոք կրնար երեւակայել անգամ, որ այսքան արագ ու արմատական փոփոխութենէ պիտի անցնէին աշխարհն ու հայ կեանքը:

Մինչեւ արցախեան շարժումին պոռթկումը եւ որոշապէս սփիւռքի տարածքին` Հայաստանի անկախութեան վերականգնումը անխուսափելի հռչակող եւ լուսաւոր այդ օրուան հանդէպ աներեր հաւատք ներշնչող մեր բանախօսներն անգամ իբրեւ հեռաւոր երազ կը քարոզէին, թէ պիտի գար օրը, եւ մեր սերունդները բախտը պիտի ունենային տեսնելու, վայելելու եւ վկայելու, թէ ինչպէ՛ս խորհրդահայ ուրացումի դատապարտուած ու խծբծանքի առարկայ դարձած եռագոյնը, զինանշանը եւ «Մեր հայրենիք»-ը ազգային ու պետական հանդիսաւորութեամբ պիտի վերարժեւորուէին ու պիտի վերականգնուէին:

Բայց ահա՛ իրականութիւն է սերունդներու երազը եւ վերանկախացեալ Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտօնական տօներու շարքին 15 յունիսը նուիրագործուած է իբրեւ «ՀՀ պետական խորհրդանիշներու օր»-ը:

Հայոց նորագոյն պատմութեան անիւը արագ ու արմատական փոփոխութեան իր այս փուլը թեւակոխեց 1988-ին, արցախեան պահանջատիրութեան համաժողովրդական պոռթկումի բուռն ալիքին հետ, երբ հարիւր հազարաւորներու մասնակցութեամբ կատարուած հաւաքներու եւ ցոյցերու տեսագրութիւնը աշխարհին փոխանցող լրատուութեանց մէջ յանկարծ տեսանելի դարձաւ եռագոյն դրօշի ծածանումը: Ոչ ոք կը հաւատար տեսածին եւ իրաւացի զարմանքով ու արդար հպարտութեամբ բոլորս հարց կու տայինք իրարու, թէ ճիշդ կը տեսնէի՞նք, եռագո՞յնն էր ծածանողը հայրենի մեր ժողովուրդին ձեռքին…

Շուտով հաստատուեցաւ, թէ այո՛, ճի՛շդ էր, անզուգական եւ անփոխարինելի եռագոյ՛նն էր:

Ի հեճուկս խորհրդային 70-ամեայ լուծին, հայ ժողովուրդը հայրենի հողին վրայ սրբազան մասունքի պէս պահպանեց մայիս 28-ի եւ Հայաստանի անկախութեան Աւանդը` իր խորհրդանիշներով հանդերձ:

Հայաստանի անկախութեան վերականգնման քայլ առ քայլ յառաջխաղացքին հետ, առաջին ոստումը արձանագրեցինք 1990 թուականի օգոստոս 24-ին, երբ մայիս 1990-ի խորհրդարանական ընտրութիւններուն համաժողովրդային շարժումը փայլուն յաղթանակ տարաւ եւ, տակաւին «Խորհրդային Հայաստան»-ի իրաւավիճակով ապրող մեր հայրենիքին մէջ, նորընտիր Գերագոյն խոհուրդը ընդունեց «Հայաստանի Հանրապետութեան պետական դրօշի մասին» օրէնք: Մէկ օր առաջ` օգոստոս 23-ին, Գերագոյն խորհուրդը ընդունած էր Հայաստանի անկախութեան հռչակագիրը, որ «Հայաստանի Խորհրդային Սոցիալիստական Հանրապետութիւն» պաշտօնական խճճուած անուանումը փոխարինեց կարճ ու կտրուկ եւ իմաստալից «Հայաստանի Հանրապետութիւն» անունով:

1918-ին կերտուած Հայաստանի անկախութեան եւ հանրապետութեան աւանդները վերականգնելու Հռչակագրի առաջադրանքը իր առաջին կիրարկումը գտաւ մէկ օր անց, երբ օգոստոս 24-ին ընդունուեցաւ եռագոյնը իբրեւ պետական դրօշ վերականգնող օրէնքը, որ նաեւ ճշդեց, թէ Հայաստանի «Պետական դրօշը եռագոյն է` կարմիր, կապոյտ, նարնջագոյն հորիզոնական հաւասար շերտերով (վերեւից ներքեւ)»:

Այդ օրերուն դեռ իրականացած չէր 21 սեպտեմբեր 1991-ի անկախութեան հանրաքուէն եւ Հայաստանի Հանրապետութեան լիարժէք անկախացումը: Աւելի քան մէկուկէս տասնամեակ ետք էր, որ 15 յունիս 2006-ին հաստատուած «ՀՀ պետական դրօշի մասին» օրէնքով, իր իրաւական ամրագրումը ստացաւ եռագոյնին քաղաքական վերականգնումը օրէնքի հետեւեալ տարազումով.

«Հայաստանի Հանրապետութեան դրօշը եռագոյն է` վերեւից ներքեւ կարմիր, կապոյտ, նարնջագոյն հորիզոնական հաւասար շերտերով: Կարմիր գոյնը խորհրդանշում է Հայկական Բարձրաւանդակը, հայ ժողովրդի մշտական պայքարը յարատեւման, քրիստոնէական հաւատքի, Հայաստանի անկախութեան եւ ազատութեան համար: Կապոյտ գոյնը խորհրդանշում է հայ ժողովրդի ապրելու կամքը խաղաղ երկնքի ներքոյ: Նարնջագոյնը խորհրդանշում է հայ ժողովրդի արարչական տաղանդը եւ աշխատասիրութիւնը: Դրօշի լայնութեան եւ եր-կարութեան չափերի յարաբերութիւնն է` 1:2-ի»:

Հայաստանի անկախութեան վերականգնման եւ մայիս 28-ի խորհրդանիշներուն վերարժեւորման ուղղութեամբ երկրորդ քայլը նետուեցաւ 1991-ի յունիս 1-ին, երբ Հայաստանի Հանրապետութեան Գերագոյն խորհուրդը որոշում կայացուց եւ իբրեւ մեր երկրի պաշտօնական պետական օրհներգ ընդունեց Հայաստանի Հանրապետութեան (1918-1920) օրհներգը` «Մեր հայրենիք»-ը, Միքայէլ Նալբանդեանի ծանօթ բանաստեղծութեան հետեւեալ խմբագրումով.

Մեր հայրենիք, ազատ անկախ,
Որ ապրել է դարէ դար,
Իր որդիքը արդ կանչում է
Ազատ, անկախ Հայաստան:

Ահա, եղբայր, քեզ մի դրօշ,
Զոր իմ ձեռքով գործեցի,
Գիշերները ես քուն չեղայ,
Արտասուքով լուացի:

Նայիր նրան երեք գոյնով,
Նուիրական մէկ նշան,
Թող փողփողի թշնամու դէմ,
Թող միշտ պանծայ Հայաստան:

Ամենայն տեղ մահը մի է,
Մարդ մի անգամ պի՛տ մեռնի,
Բայց երանի, որ իւր ազգի
Ազատութեան կը զոհուի:

Հայ ժողովուրդի պետական երրորդ խորհրդանիշին` ՀՀ զինանշանին որդեգրումը տեղի ունեցաւ 1992-ի գարնան, երբ արդէն միջազգային օրէնքով ճանչուած անկախ պետութիւն էր Հայաստանը: 19 ապրիլ 1992-ին ընդունուած «Հայաստանի Հանրապետութեան պետական զինանշանի մասին» օրէնքով, ՀՀ Գերագոյն խորհուրդին կողմէ, «վերականգնուել է Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան (1918-1920թթ.) զինանշանը, որի հեղինակներն են (1919-ին հաստատուեցաւ զինանշանը, Ն.) ճարտարապետ, Ռուսաստանի Գեղարուեստի ակադեմիայի ակադեմիկոս Ալեքսանդր Թամանեանը եւ նկարիչ Յակոբ Կոջոյեանը:

Զինանշանի պարագային եւս Հայաստանի կառավարութիւնը 2006-ի յունիս 15-ին որդեգրեց լրացուցիչ օրէնք` «ՀՀ պետական զինանշանի մասին», ուր հետեւեալ նկարագրութիւնը եւ բացատրութիւնը օրէնքով ամրագրուեցան.

«Հայաստանի Հանրապետութեան զինանշանն է` կեդրոնում` վահանի վրայ պատկերուած են Արարատ լեռը` Նոյեան տապանով եւ պատմական Հայաստանի թագաւորութիւններից չորսի` վերեւից ձախ` Բագրատունիների, վերեւից աջ` Արշակունիների, ներքեւից ձախ` Արտաշիսեանների, ներքեւից աջ` Ռուբինեանների զինանշանները: Վահանը պահում են արծիւը (ձախից) եւ առիւծը (աջից), իսկ վահանից ներքեւ պատկերուած են սուր, ճիւղ, հասկերի խուրձ, շղթայ եւ ժապաւէն:

«Հայաստանի Հանրապետութեան զինանշանի հիմնական գոյնն է ոսկեգոյնը, պատմական Հայաստանի թագաւորութիւններինը` վերեւից ձախ` կարմիր, վերեւից աջ` կապոյտ, ներքեւից ձախ` կապոյտ, ներքեւից աջ` կարմիր, եւ կեդրոնում` վահանի վրայ պատկերուած Արարատ լեռը` նարնջագոյն: Նշուած գոյները խորհրդանշում են Հայաստանի Հանրապետութեան դրօշի գոյները»:

Ահա այսպիսի՛ ազգային ու պատմական աւանդներու խտացումը կը խորհրդանշեն վերանկախացեալ Հայաստանի Հանրապետութեան դրօշը, օրհներգը եւ զինանշանը, որոնց նուիրուած է յունիս 15-ի այս օրը տօնակատարուող» ՀՀ պետական խորհրդանիշներու օրը:

Այս առիթով կ՛արժէ թարմացնել յիշողութիւնները` Հայոց պետական դրօշի մտայղացման մասին Սիմոն Վրացեանի հետեւեալ վկայութեամբ.-

«Հաստատուեց Հայաստանի ազգային դրօշակը` հորիզոնական կարմիր, կապոյտ ու նարնջի գոյներով: Դրօշակի ձեւի եւ գոյների շուրջ եղան բաւական երկար խորհրդակցութիւններ. ի նկատի առնուեցին հայոց պատմական դրօշակները, լսուեց հայկաբան Ստ. Մալխասեանի հիմնաւորուած զեկուցումը` հայկական դրօշակի մասին եւ, ի վերջոյ, որոշուեց ընդունել վերոյիշեալ երեք գոյները, պայմանաւ, որ վերջնական հաստատումը կատարուի Սահմանադիր ժողովի կողմից, որ պէտք է գումարուէր Հայաստանի երկու հատուածների միացումից յետոյ:

«Ի՞նչ բովանդակութիւն կամ խորհուրդ էր դրւում այդ գոյների կամ դրօշակի ամբողջութեան մէջ:

«Առանձին պատգամաւորներ իրենց մտքերում ունէին, անշուշտ, որոշ բացատրութիւն, ոմանք ճառով էլ արտայայտեցին, բայց Հայաստանի Խորհուրդը այդ մասին որեւէ որոշում չտուեց եւ դրօշակն իր ամբողջութեան մէջ, գոյների ընտրութիւնն ու դասաւորութիւնը, աւելի շուտ, արդիւնք էր քուէարկութեան պատահականութեան:

«Պատգամաւորների մի մասի կողմից մասնաւոր առարկութիւն էր լսւում,  գլխաւորապէս` գործնական տեսակէտից, նարնջագոյնի դէմ. Հայաստանում դժուար էր այդ գոյնի կտոր գտնել:

Առաջարկւում էր փոխարէնը դնել կանաչ գոյն. ոմանք փաստ էին բերում, որ կանաչը մեր պատմական գոյներից մէկն է: Բայց նարնջի գոյնը առանձնապէս պաշտպանում էր Քաջազնունին, որ ղեկավարւում էր սոսկ գեղասիրական նկատումներով. կարմիրի, կապոյտի եւ նարնջագոյնի ներդաշնակութիւնը դիւր էր գալիս նրա ճաշակին:

«Կային, սակայն, հայկական եռագոյնի մէջ եւ գաղափար ու խորհուրդ դնողներ:

Այդ գոյները, կարծես, բխում էին մեր կեանքից, խորհրդանշում էին հայ պետականութեան ծագումն ու ապագան: Կարմիրը հայ ժողովրդի թափած արիւնն էր, կապոյտը` Հայաստանի կապոյտ երկինքը եւ նարնջի կամ ոսկու գոյնը` խտացումը աշխատանքի: Հայ ժողովուրդը, որ արիւնով էր ձեռք բերել իր ազատութիւնը, հայրենի կապոյտ երկնքի տակ, իր համբաւաւոր աշխատասիրութեամբ, պիտի վերաշինէր երկիրը եւ ապրէր ազատ ու երջանիկ…»:

 

 

«Թոնիր Հարսանեկան Գիւղ». Աւանդական Հեքիաթ, Որը Պէտք Է Ստեղծի Նոր Հեքիաթներ

$
0
0

ԼՈՒՍԻՆԷ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ

«Հայկ Երանոսեանի եւ Սիրարփի Լեռանէ Խոջաբաղեանի հարսանիքը «Թոնիր հարսանեկան գիւղում», մեր օրերի իրական հեքիաթ էր, դարի հարսանիք, քանի որ նմանը դեռ չի եղել: Ես հայկականը պաշտող մարդ եմ: Այս հարսանիքն իր մէջ ամփոփել էր հայկական ծէսերի, նիստուկացի այն բոլոր նուրբ ու գեղեցիկ տարրերը, որոնք երբեւէ մենք ունեցել ենք: Այդ հրաշք օրերի ընթացքում հիւրերը տեղափոխուել էին մէկ այլ աշխարհ: Ու հաւատացէք, մենք դեռ երկար ժամանակ կը շարունակենք հետաքրքիր լիցքեր ստանալ այդ ապրած օրերից: Ես կը ցանկանայի նշել նաեւ մի շատ կարեւոր հանգամանք. հարսանեկան արարողութիւնն ունէր նաեւ ուսուցողական շատ խոր իմաստ այն ամէնի մասին, որը շատերի կողմից մոռացուել է: Այդ պատճառով էլ այս հեքիաթը պէտք է հիմք հանդիսանայ, որ ստեղծուած նմանատիպ նոր հեքիաթներ, որ հայ ազգը իմանայ ու ճանաչի իր ծէսերն ու աւանդոյթները: Հաւատացէ՛ք, այդ ամէնի մէջ աւելի խոր իմաստութիւն կայ, քան մենք կարող ենք պատկերացնել»:

Անի Հայրապետեանի այս խօսքերը 2017 թուականի օգոստոսին Սիւնեաց աշխարհում` Որոտնավանքի հպարտ, բայց խոնարհուած հայեացքի ներքոյ կայացած հայկական աւանդական հարսանիքի մասին են: Հարսանիք, որը ներկաներին տեղափոխել էր մեր ազգային տեսակը բացայայտող մի աշխարհ, որից մենք այսօր կամաց-կամաց հեռանում ենք: Հարսանիք, որի իրականացումը նաեւ պատճառ դարձաւ մի հետաքրքիր, միաժամանակ շատ կարեւոր գաղափարի իրականացման, որի հիմքում մեր ազգային արժէքների պահպանումն ու տարածումն է: Գաղափար, որի իրագործողը կարող է դառնալ մեզանից իւրաքանչիւրը: Բայց ամէն ինչ սկզբից:

«Հայերն այսօր»-ի հետ զրոյցում պատմում է Սիրարփի Լեռանէ Խոջաբաղեանը.

«Թոնիր հարսանեկան գիւղ» (TonirWeddingVillage) նախագծի գաղափարը ծնուեց անհրաժեշտութիւնից: Երբ Հայկի հետ որոշեցինք ամուսնանալ, մտածում էինք, որ անպայման պէտք է աւանդական  հարսանիք ունենանք: Սկսեցինք փնտռել տարբեր կառոյցներ, գործակալութիւններ, որոնք կ՛օգնէին մեր երազանքն ու որոշումը իրականութիւն դարձնել: Նաեւ մի ցանկութիւն ունէինք. բոլոր հիւրերը պէտք է տարազով լինէին եւ հարսանիքն անպայման պէտք էր տեղի ունենար Սիւնիքում:

Այդ ընթացքում էր, որ ձեռք բերեցի Գայիանէ Շագոյեանի «7 օր, 7 գիշեր» գիրքը: Վերջինս առիթ դարձաւ, որ Հայկի հետ սկսենք ազգագրագէտների գործեր ուսումնասիրել: Պարզեցինք, որ իրականում այնպիսի ենթակառուցուածք, գործակալութիւն չկայ, որն աւանդական հարսանիքի մասին համապարփակ խորհրդատուութիւն, ծառայութիւն կարող է առաջարկել: Որոշեցինք, սակայն, յետ չկանգնել, չնահանջել եւ մեր ուժերով իրականացնել: Քանի որ պէտք է որոշակի աշխատանք տանէինք այդ ուղղութեամբ, մտածեցինք այն դարձնել ծրագիր, որը կը ծառայի նաեւ հանրութեանը:

Ինչո՞ւ գիւղ… որովհետեւ աւանդական հարսանիքը շատ ամուր կապեր ունի գիւղի հետ: Հիմնականում գիւղական միջավայրում են պահպանուել մեր աւանդոյթները, որտեղ եւ հնարաւոր է այդ ամէնը վերականգնել:

Ինչու՞ թոնիր… Երկար էինք մտածում` ի՞նչ անուանել նախագիծը: Պատասխանը գտանք մեր ուսումնասիրութիւնների ու փնտռտուքների ժամանակ: Թոնիրը նոյն օճախն է` ընտանիքի, յաւերժութեան խորհրդանիշը: Հայկական օճախներում ընտանիքի անդամները միշտ թոնրի շուրջն են հաւաքուել: Իսկ երբ նոր ընտանիք է ստեղծւում, այսպէս ասած` նոր թոնիր է վառւում: Նաեւ` մի շատ մոռացուած սովորոյթ. ժամանակին պսակի խորհուրդը թոնրի շուրջ են կատարել, որը կոչուել է Թոնրի պսակ:

Եւ… մի հետաքրքիր հանգամանք, երբ լատինատառ գրում ես թոնիր` tonir, կարդացւում է տօնիր` ներառելով իր մէջ տօնել իմաստը: Եւ սա սոսկ զուգադիպութիւն չէ, չէ՞ որ հարսանիքը իւրատեսակ տօն է:

Այսպէս ծնուեց «Թոնիր հարսանեկան գիւղ» նախագիծը: Մեր ուսումնասիրութիւնները երկու տարի տեւեցին: Այդ ընթացքում խօսեցինք ազգագրագէտների, երաժշտագէտների հետ, փորձեցինք հասկանալ մեր աւանդոյթները:

Յաջորդ քայլը հարսանեկան գիւղի ընտրութիւնն էր: Մտածում էինք, որ այն պէտք է անպայման Սիւնիքում լինի: Ես արմատներով Գորիսից եմ, ամուսինս` Հայկը, Սիսիանից: Քանի որ եկեղեցին` Որոտնավանքը, արդէն ընտրել էինք, որոշեցինք եկեղեցուն մօտ գիւղ փնտռել: Որոտնավանքը 10-րդ դարի մի չքնաղ վանական համալիր է, որը, սակայն, այսօր խոնարհուած է, վաղուց չի գործում: Մենք ցանկանում ենք, որպէսզի նախագիծն օգնի Որոտնավանքին նորից «ոտքի կանգնել»:

Որոտնավանքից 1 քմ հեռաւորութեան վրայ գտնւում է վաղատին գիւղը, որտեղ ես եւ Հայկը հայրական կողմից արմատներ ունենք: Գնացինք գիւղ, որտեղ վերջին անգամ 4 տարեկանում էի եղել: Երբ տեսանք գիւղը, ծանօթացանք նրա հնարաւորութիւններին, որոշեցինք դարձնել այն վայրը, որտեղ կեանքի կը կոչենք մեր նախագիծը` այդպիսով նպաստելով գիւղի զարգացմանը:

Վաղատինը շատ գեղեցիկ գիւղ է, կլիման մի փոքր խոնաւ է, ամբողջութեամբ ծածկուած է ընկուզենիներով, իսկ կասկադային, բարձրացող լեռների գեղեցկութիւնը բառերով հնարաւոր չէ նկարագրել: Մօտ 500-700 բնակչութիւն ունեցող գիւղում, ցաւօք, շատ լքուած տներ կային: Անմխիթար վիճակում էր գտնւում դպրոցը: Որոշեցինք այդ գիւղում կեանքի կոչել մեր նախագիծը: Արդէն ընտրել ենք մի քանի տուն, որոնք թէեւ լքուած են, բայց ունեն բոլոր հնարաւորութիւնները մեր նախագծի մաս կազմելու եւ հարսանեկան ծէսերի իրագործման համար: Այդ ամէնը պէտք է նորոգուի, որպէսզի ծառայի իր բուն նպատակին:

Եւ ամենակարեւորը, ինչո՞ւ որեւէ վայրում կառուցել հարսանեկան գիւղ, երբ Հայաստանում այնքան շատ գիւղեր կան, որոնք շատ գեղեցիկ են եւ մեծ հնարաւորութիւններ ունեն:

Մի քիչ առաջ անցնելով` ասեմ, որ մեր հարսանիքի որոշ մասը այդ գիւղում կազմակերպեցինք:

Վաղատին գիւղում էր գտնւում մեր քաւորի տունը, որտեղ եւ կատարեցինք քաւորի, փեսայի տան բոլոր ծէսերը: Հարսի տան ծէսերը Գորիսում ենք արել, բայց երբ հարսանեկան գիւղը պատրաստ լինի, այդ ամէնը կ՛անցկացուի Վաղատին գիւղում, որտեղ եւ կ՛ապրեն հարսանիքի մասնակիցները` հարսանքաւորները:

Մեր հարսանիքի օրինակով ցոյց տուեցինք, որ երազանքը հնարաւոր է իրականութիւն դարձնել, յատկապէս երբ այդ երազանքը քո նախնիների մոռացուած աւանդոյթների վերհանումն է: Այսօր, եթէ ոեւէ մէկը ցանկանայ աւանդական հարսանիք կազմակերպել, մենք կարող ենք իրականացնել հարսանեկան խորհրդատուութիւն, տեղեկութիւններ հաղորդել ծէսերի, պարերի, երգերի մասին: Միայն ենթակառուցուածքային ծախսատար մասը դեռ չենք կառուցել, որովհետեւ համապատասխան ֆինանսաւորում չունենք: Սակայն դա չի խանգարում հարսանիք իրականացնել: Քանի դեռ հարսանեկան գիւղը վերջնական կառուցուած չէ, կարող ենք մէկ այլ գիւղում անել` պատուիրատուների նախընտրած վայրում: Այսօր արդէն մի քանի պատուէր ունենք:

Ո՞րը ընտրել` աւանդակա՞նը, թէ՞…

Նախ մի կարեւոր յստակեցում. աւանդական հարսանիքը չի կարող տեւել մէկ օր: Ծէսերն այնքան յագեցած են եւ այնքան կարեւոր, որ հնարաւոր չէ մէկ օրում իրականացնել: Մարդիկ նախեւառաջ այս մտքի հետ պէտք է համակերպուեն: Ի հարկէ, «7 օր 7 գիշեր» չի տեւի, ինչպէս մեր հեքիաթներում: Մեր հարսանիքը, օրինակ, 4 օր է տեւել, իսկ հիմնական հիւրերը 2 օր եւ 2 գիշեր են մնացել: Առնուազն այսքան ժամանակ պէտք է տրամադրել հարսանիքին:

Երբ ուսումնասիրում էինք մեր հարսանեկան աւանդոյթները, պարզեցինք, որ դրանք գաւառից գաւառ, տարածաշրջանի տարածաշրջան տարբեր են: Պէտք է կեդրոնանալ, թէ ամուսնացողներն արմատներով որտեղի՞ց են, ըստ դրա եւ կառուցել հարսանեկան ծիսակարգը, ինչը նոյնպէս իւրատեսակ համ ու հոտ, ինքնատիպութիւն կարող է հաղորդել հարսանիքին: Այսինքն իւրաքանչիւր հարսանիք կարող է լինել իւրօրինակ, չկրկնուող:

Մենք այնքան գեղեցիկ, հետաքրքիր հարսանեկան ծեսեր ունենք, որոնք այսօր միայն յիշողութիւններ են: Օրինակ` փեսայի տանը կատարուող Գինեթափեքի ծեսը, երբ փեսան խաչեղբայր է ընտրում: Հիմա խաչեղբայր ընտրում են ցանկութեամբ, բայց ըստ աւանդութեան, իսկական փորձութիւն է եղել, որի ընթացքում մակարներն իրենց ուժերն են չափել, գինի են խմել, որից յետոյ քաւորն ընտրել է ամենաարժանաւորներին, որոնք կարող են մասնակցել հարսնառի ծէսին: Այդ օրը նաեւ Թագուորի ծառն են կապել եւ աճուրդի հանել, որի ընթացքում ամենալաւ սեղան խոստացող մակարին ընտրել են  խաչեղբայր: Յետոյ խաչեղբօր հետ փեսային լողացրել են, հագցրել, որից յետոյ հարսի հագուստներն ուղարկել են վերջինիս տուն ու գնացել նրա հետեւից:

Այս ամէնը մի ամբողջ օր փեսայի տանն անցկացուող ծեսեր են` մինչեւ հարսանեկան բուն ծէսը:

Միեւնոյն ժամանակ հարսի տանը նորահարսը ծաղկոցաւոր աղջիկների հետ իր ծեսերն է կատարել. Հինադրէք, Գաթաթուխ, Ալիւրմաղէք եւ այլն:

Այնուհետեւ սկսւում է բուն հարսանեկան ծեսը` Հարսնառը, որը շատ ուրախ է անցնում եւ բառերով հնարաւոր չէ նկարագրել: Մի աննկարագրելի պահ է, երբ բոլոր հիւրերը տարազներով են, ողջ ընթացքում ազգային երգ ու երաժշտութիւն է հնչում:

Մեր հարսանիքի ընթացքում անգամ Որոտնավանքն էր կերպարանափոխուել: Վանական համալիրը կարծես իր երբեմնի վառ ու պայծառ օրերն էր ապրում: Գունաւոր ազգային տարազներով ու պարերով հարսանքաւորները վանքի ամայի տարածքում մի չքնաղ տեսարան էին ստեղծել, ինչը հնարաւոր չէ ստանալ քաղաքի պայմաններում:

Այս ամէնը մենք անտեսում ենք եւ ընկնում մեր աւանդոյթներին ոչ բնորոշ հարսանիքի յետեւից, որը հիմնականում վազք է յիշեցնում: Մեծ ջանք ու եռանդ, գումար ենք ծախսում, սակայն առանձնապէս ոչինչ չի մնում: Իսկ երբ աւանդական հարսանիք ես անում, մնում է ծեսի ոգեղէնութիւնը, խորհուրդը, լրիւ ուրիշ ապրումներ են:

Եւս մի կարեւոր հարսանեկան ծէսի` Հալաւօրհնէքի մասին եմ ուզում խօսել, որն այսօր գրեթէ մոռացուել է: Շատ կարեւոր է, որ հարսի եւ փեսայի հագուստները կարուած լինեն հէնց նրանց համար: Հիմա յաճախ վարձոյթով են վերցնում, ինչը հայկական աւանդոյթներում անթոյլատրելի է: Կարելուց յետոյ հագուստները Հալաւօրհնէքի ծէսին քաւորը տարել է եկեղեցի, եւ քահանան օրհնել է, որպէսզի ամուսնական կեանք մտնելուց` հարսն ու փեսան նոր հագուստներով լինեն: Շատ մեծ խորհուրդ կայ այս ամէնում, որին մենք այսօր ուշադրութիւն չենք դարձնում:

Այնուհետեւ պսակի խորհուրդն է եղել, որի ժամանակ հարսն ու փեսան թագադրուել են: Ժամանակին նարօտներ են կապել նրանց գլխին, հիմա թագեր են դնում: Հարսն ու փեսան ամբողջ օրը մնում են թագադրուած` թագաւոր եւ թագուհի: Խնճոյքի ողջ ընթացքում նրանց մեծարում ու պատւում են` իբրեւ թագաւորի ու թագուհու:

Յաջորդ օրը տեղի է ունենում եւս մի ծէս` Թագվերացի ծեսը, որի ընթացքում թագերը հանում են, գինի խմցնում, որից յետոյ իրաւունք է տրւում առագաստ մտնել եւ ճաշակել այն ամէնը, ինչը թոյլատրւում է երկրային զոյգին: Վերջինս կարծես եղել է Աստծոյ կողմից տրուող իւրատեսակ թոյլտուութիւնը, որ այլեւս կարող են մտնել ամուսնական առագաստ:

Մենք մեր քահանայի հետ խօսեցինք ու ասացինք, որ այս ծիսակարգով ենք ցանկանում ամուսնանալ: Եւ պատկերացնում էք, 16-րդ դարի ծէսով ենք ամուսնացել: Կարիք եղաւ մինչեւ 16-րդ դար յետ գնալ, որպէսզի ամբողջական տարբերակով հնարաւոր լինի ծէսը անցկացնել:

Աւանդական հարսանիքի կարեւոր առաւելութիւններից է նաեւ այն, որ այդ բոլոր օրերի, ծէսերի ընթացքում հարսանքաւորներն իսկապէս իրար հետ կարողանում են հանգիստ ժամանակ անցկացնել, առանց վազվզելու զուարճանալ, հիւրասիրուել, երգել, պարել: Եւ ինչո՞ւ ոչ, տարազներով շատ յարմար է, ոչ յոգնեցուցիչ, կարողանում ես ազատ շարժուել, պարել:

Մեր հարսանիքի բոլոր 250 հիւրերը տարազով էին: Աշխատել ենք «Տէրեան» մշակութային կեդրոնի հետ, տարազներ ենք փոխառել պարախմբերից, շատերն իրենք են կարել: Դիմատետրեան էջ էինք կազմել, որի միջոցով շփւում էինք եւ խորհուրդներ տալիս միմեանց: Հարսանիքից երկու ամիս առաջ Նարեկացի արուեստի կեդրոնում սկսել էինք երգի, պարի դասեր կազմակերպել: Մենք էլ էինք զարմացած, որ մարդիկ այդքան լուրջ էին մօտեցել այդ ամէնին:

Հարսանեկան խնճոյքը իրականացրել էինք բաց դաշտում` Սիսիանում, ուտեստները աւանդական էին ու տնական, որոշել էինք աշխատել բացառապէս տեղի արտադրողների հետ: Հրաւիրել էինք Սիսիանի ժողգործիքների խմբին, «Կարին» աւանդական երգի-պարի խմբի երաժիշտներին` Սեւադա Իրիցեան, Գրիգոր Դաւթեան: Շատ կարեւոր են նաեւ ծեսերին ուղեկցող հարսանեկան երգերը, որոնք եւս մոգական մթնոլորտ են ստեղծում:

«Թոնիր հարսանեկան գիւղ» նախագիծը դիտարկում ենք նաեւ զբօսաշրջային տեսանկիւնից: Երբ նախագիծն ամբողջապէս պատրաստ լինի, որոշ հարսանիքների համար տոմսեր են վաճառուելու: Զբօսաշրջիկները կարող են տարազ կրել ու մասնակիցը դառնալ հայկական աւանդական հարսանիքին: Այդ օրերի ընթացքում նրանք կարող են այցելել նաեւ տեսարժան վայրեր, նրանց համար կը կազմակերպուի թէյախմութիւն, ընթրիք:

Իսկ հարսանեկան գիւղը ոչ հարսանեկան օրերին կ՛ընդունի զբօսաշրջիկների: Նրանց համար ազգային ծէսերից հատուածներ կը բեմադրուեն: Յոյսով ենք, որ այս ձեւաչափով եւս նախագիծը կը կայանայ ու մեծ հետաքրքրութիւն կ՛առաջացնի:

Մեր աւանդոյթների մեծ մասը մոռացութեան են մատնուել, «Թոնիր հարսանեկան գիւղ» նախագիծը հնարաւորութիւն կը տայ վեր հանել ու մոռացութիւնից փրկել դրանք: Իւրաքանչիւր աղջիկ, որը պատրաստւում է ամուսնանալ, իրեն պէտք է մի հարց տայ. ինչու՞ է ուզում սպիտակ շոր հագնել կամ Արեւմուտքին բնորոշ հարսանիք ունենալ: Ի՞նչ է դա, երազա՞նք, թէ՞ մեզ պարտադրուած իրականութիւն:

Ինչո՞ւ չանել գունեղ, քո սեփական աւանդոյթներով շաղախուած հարսանիք ու դառնալ քո եսի, ինքնութեան կրողն ու շարունակողը եւ մօտ լինել քո սեփական արմատին…

Որպէս վերջաբան

Սիրարփիի խօսքերն ամփոփենք նրա ընկերներից մի քանիսի կարծիքներով: Մարդիկ, որոնք ներկայ են եղել նրանց հարսանիքին ու ամիսներ անց դեռ տպաւորուած են այն կախարդական մթնոլորտով, որն այդ օրերի ընթացքում թեւածել է Սիւնեաց աշխարհում:

Վարդգէս Մովսէսեան-Հայկի եւ Սիրարփի աւանդական հարսանիքը եւ  «Թոնիր հարսանեկան գիւղէ նախագիծը հնարաւորութիւն էր բացայայտելու հայոց աւանդական հարսանիքի բնոյթն ու գեղեցկութիւնը: Այս նախաձեռնութիւնը այլեւս պատմութիւն է, պատմութիւն, որը օրինակ է` նմանատիպ հարսանիքների կազմակերպման եւ հայոց դարաւոր մշակոյթը հաւուր պատշաճի ներկայացնելու համար: Գաղափարը թէեւ շատ հաճելի էր, բայց սկզբնական շրջանում անիրականանալի էր թուում, ինչը, սակայն, պատուով յաղթահարեցին Հայկ Երանոսեանը եւ Սիրարփի Խօջաբաղեանը: Սրանք ոչ այնքան գովեստի, որքան շնորհակալական խօսքեր են: Շնորհակալութիւ՛ն, հայոց մշակոյթի գանձերը վերծանելու համար:

Վալեա Գոքոյեան.- Ինձ բախտ վիճակուեց մասնակցել Հայկի եւ Սիրարփիի հայկական աւանդական հարսանիքին: Տպաւորութիւններս շա՜տ շա՛տ են, կարելի է անվերջ գրել, հիանալ, պատմել… Ասեմ, որ դեռ այդ տպաւորութիւնների տակ եմ: Առաջին վայրկեանից գլխումս մի միտք յղացաւ, ինչո՞ւ չներկայացնել մեր հայկական աւանդական հարսանիքը ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ին` իբրեւ մշակութային արժէք: «Թոնիր հարսանեկան գիւղ» նախագիծը կատարեալ է, այնտեղ ներկայացուած են մեր աւանդոյթներն ու սովորոյթները, տարազներն ու պարերը, երաժշտութիւնն ու խաղիկները… Մի խօսքով, այն ամէնը, ինչը կարծես կամաց-կամաց մոռացւում է:

Կարինէ Մխոյեան.– Ամենատպաւորիչ ու իւրայատուկ հարսանիքը, որին մասնակցել եմ իմ կեանքում, եղել է «Թոնիր հարսանեկան գիւղ» նախաձեռնութեան կազմակերպած հարսանիքը: Հայկական ծէսերով, գեղեցիկ տարազներով, ազգային երգ ու պարով, հարսանեկան աւանդոյթներով, անսահման սիրով ու ոգեւորութեամբ լի անմոռանալի օրեր ապրեցի: Այս հարսանիքը կարծես մօտեցրեց ինձ իմ արմատներին եւ զգացի նախնիներիս ոգին:

Ընտրութիւնը մերն է` իւրաքանչիւրինս: Ինչպէ՞ս ենք ուզում ապրել` ձուլուելով ու նմանուելով աշխարհի՞ն, թէ՞ մեր տեսակը պահելով, ինչն օգնում է ամրացնել մեր հազարամեայ արմատն ու ապրել` ժամանակի հայելու մէջ տեսնելով մեր նախնիների հարազատ արտացոլանքը…

 

 

 

Անդրադարձ. Հայոց Ցեղասպանութեան Ընթացքին Կարգ Մը Գերմանացի Եւ Այլ Օտար Զինուորականներու Եւ Անձնաւորութիւններու Դերակատարութիւնը –Գ.

$
0
0

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

Պէտք է հարց տալ զօրավարներ Ֆրետերիք Պրոնսարթ վոն Շելենտորֆին, Քոլմար Ֆրայհըր վոն տէր Կոլցին եւ միւսներուն, թէ դուք եւ ձեր գերման բանակը ի՞նչ գործ ունէիք ձեր երկրէն հազարաւոր քիլոմեթրեր հեռու` Արեւմտահայաստանի եւ 4670 քմ հեռու Պաղտատի մէջ: Արդեօք Համպուրկէն մինչեւ Պարսից  ծոց ` 5200 քմ հասնելու ձեր նպատակը այդ տարածութիւններուն «բարիքները» եւ յատկապէս քարիւղի «հարստութիւնները մակաբոյծի նման ծծել» չէ՞ր: Իսկ այդ երկաթուղիին զուգահեռ քանի մը քիլոմեթր տարածութիւններուն բնակչութիւնը տեղահանելը, բնաջնջելը եւ գիւղերը հրկիզելը «անհրաժեշտութի՞ւն» էր… Միթէ Պելճիքան, Արեւմտահայաստանը կամ Իրաքը Գերմանիոյ վրա՞յ յարձակած էին, որ պատերազմի եւ այս քայլերուն դիմեցիք…

Իշխան Էռնսթ Հոհենլոհ-Լանկերպուրկ                    Վարչապետ Թէոպոլտ վոն Հոլուեկ                     Փոլ Վուլֆ Մեթերնիխ

Օսմանեան կայսրութեան մէջ գերմանացի այլ դիւանագէտներու վկայութիւններէն:

Թուրքիոյ մէջ Գերմանիոյ դեսպան Հանս Ֆրէյհըր վոն Վանկենհայմի 26 հոկտեմբեր 1915-ի մահէն առաջ, յուլիս 20-2 հոկտեմբեր 1915, իբրեւ առժամեայ պատուիրակ, փոխդեսպան կը գործուղուի Հոհենլոհ-Լանկենպուրկի իշխան` Էռնսթ Բ. Վիլհելմ Ֆրետերիք Քարլ Մաքսիմիլիան (1863-1950): Մեթերնիխի նման` ան կը տագնապէր հայերուն ջարդերով: Ան կը խրախուսէր Գերմանիոյ կառավարութիւնը` ինքզինք չնոյնացնելու անզուգորդելու  օսմանեան կառավարութեան` հայերը բնաջնջելու քաղաքականութեան հարցով: Նաեւ` ան կը քաջալերէր գերմանացի դիւանագիտական պաշտօնէութիւնը` ջարդերուն իրենց ընդդիմութեան մասին արտայայտուիլ եւ դատապարտել զանոնք: Ան գրած է.

«Տեղահանուած, արմատախիլ եղած հայերուն համակարգուած, ծրագրաւորուած ջարդերը այնպիսի համարձակութեան հասան, որ ո՛չ միայն կը թոյլատրուէր, այլ բացայայտօրէն կը քաջալերուէր օսմանեան կառավարութեան կողմէ: Սա հայերուն բնաջնջումը կը նշանակէ: Չնայած կառավարութեան կողմէ հակառակին հաւաստիացումներուն` ամէն ինչ կը մատնանշէ իրենց կողմէ հայ ժողովուրդը ոչնչացնելու նպատակը»:

Հայ ժողովուրդի տեղահանութիւն` ոչխարի երկյարկանի վակոններով: Ոմանք հասան երկաթուղիին վերջին կայանը` Յորդանանի հարաւային անապատային Մաան քաղաքը

«Թուրքիան կ՛ուզէ ամբողջովին Կովկասը կցել եւ հայերը ոչնչացնել բոլոր կարելի միջոցներով: Կոտորածները եւ արիւնահեղութիւնները օրուան կարգն են»:

Հետեւեալ տեղեկագիրը յղած է ան 1909-1917 Գերմանիոյ վարչապետ Թէոպոլտ վոն Պեթման-Հոլուեկին` հիմնուելով պարոն Ռոսլըրէն եկած հեռագիրին. «25 սեպտեմբեր 1915… Վերջին քանի մը օրուան ընթացքին հայ կիներու եւ երեխաներու հետիոտն կարաւանները հասան հոս, անոնք սովամահութեան եզրին են արդէն եւ աւելի հեռաւոր վայրեր պիտի ուղարկուին, եթէ անոնք մէկ կամ երկու օրէն չմահանան: Բարձր դրան հրամանը` տեղահանութենէ զերծ կացուցել անոնք, որոնք տակաւին իրենց տուներուն մէջ են, բացարձակ սուտ է, քանի որ անոնք ալ կասկածելի ըլլալու պատրուակով կ՛աքսորուին»:

«Հակառակ յատուկ պատուէրին, զինուորականներու ընտանիքները աքսորէն զերծ կացուցել, չի կիրարկուիր: Լուրջ հիւանդ մարդիկ նոյնպէս դաժանօրէն կ՛արտաքսուին: Տարագիրներու կարաւանները կ՛ուղղուին դէպի Տէր Զօր եւ Մուսուլ: Հակառակ Բարձր դրան հաւաստիացումներուն` ամէն ինչ կ՛ուղղուի հայ բնակչութիւնը բնաջնջելու: Հայերը ինձմէ խնդրեցին տեղեակ պահել ձեր գերազանցութիւնը այս բոլորէն» (1), (2):

1915-ին Վանկենհայմին կը յաջորդէ դեսպան Փոլ Վուլֆ Մեթերնիխը (1853-1934)` մինչեւ 1916: Տարբերելով իր պաշտօնակիցներէն` ան հրապարակաւ դատապարտեց  հայերուն դէմ Թուրքիոյ եւ Գերմանիոյ կառավարութիւններուն դաւադրութիւնը եւ համագործակցութիւնը: Ան յատկապէս անհանգստացած էր գերմանական լրատուամիջոցներէն, որոնց կը մեղադրէր հայերուն դէմ շարունակուող վայրագ բռնութիւնները քաջալերելուն համար:

Ան ըսած է. «Անոնք (թուրքերը) յաջողութիւնները կը պարտին մեր աշխատանքին, մեր սպաներուն, մեր թնդանօթներուն եւ մեր դրամին: Առանց մեր օգնութեան` ուռած գորտը կը պայթի»: Մեթերնիխը Օսմանեան կայսրութեան մէջ գերմանացի դիւանագէտներէն այն քիչերէն էր, որ հրապարակաւ ամբաստանեց Թալէաթ փաշան` իբրեւ (հայոց) ջարդերուն պատասխանատուն, որակելով զայն` «Հայկական եղեռնագործութեան ոգին»: Ստորեւ` անոր կատարած յայտարարութիւններէն մի քանին:

«Իր նպատակը գործադրելու որոշումէն միանգամընդմիշտ լուծել Հայկական հարցը` հայկական ցեղը բնաջնջելով, թրքական կառավարութիւնը մերժեց որեւէ ետդարձ կատարել: Ո՛չ մեր ներկայացուցչութիւններուն, ո՛չ Ամերիկայի դեսպանատան, ո՛չ ալ պապական նուիրակին բողոքները, ո՛չ Դաշնակից ուժերուն սպառնալիքները եւ ո՛չ ալ Արեւմուտքին հանրային կարծիքը, որ կը ներկայացնէ աշխարհի կէսը, դոյզն ազդեցութիւն ունեցան»:

«Այլեւս ոեւէ մէկը ուժը չունի Երիտասարդ թուրքերուն Միութիւն եւ յառաջդիմութիւն կոմիտէին` (Իթթիհատ վէ թերաքքը) բազմագլուխ հիտրային (առասպելական հրէշ) ազգայնամոլութիւնը եւ մոլեռանդութիւնը զսպելու: Կոմիտէն կը պահանջէ բնաջնջել հայերուն վերջին մնացորդը, եւ կառավարութիւնը պէտք է

տեղի տայ: Կոմիտէին հեղինակութիւնը չի սահմանափակուիր օսմանեան մայրաքաղաքին մէջ, ուր Իթթիհատը կազմակերպուած է եւ կը գործէ իբրեւ իշխանութեան կուսակցութիւն, այլ բոլոր նահանգներուն կը հասնի: Կոմիտէէն ներկայացուցիչ մը նշանակուած է իւրաքանչիւր նահանգային ղեկավարութեան մօտ` նահանգապետէն գաւառապետ, թրքացումին հսկելու եւ օժանդակելու նպատակով… Ինչը կը նշանակէ արտօնագիր` արտաքսելու, սպաննելու կամ ոչնչացնելու այն, ինչ որ թուրք չէ եւ վայրագօրէն տիրանալու անոնց ունեցուածքին» (1), (2), (3), (4), (5), (6), (7):

Մեթերնիխին յաջորդեց դեսպան Ռիչըրտ վոն Քուհլմանը (1916-1917), որ  սկիզբը կը դժկամէր բացայայտել հայերուն դէմ կատարուող ջարդերը` կողմնակից ըլլալով թրքական ազգայնականութեան, գործածելով «կարծեցեալ» ջարդեր եզրը, յայտնելով, որ հայերուն նկատմամբ թուրք կառավարութեան քաղաքականութիւնը «ներքին հարց» էր: Սակայն ի վերջոյ ընդունեց, որ զանգուածային  ջարդեր տեղի կ՛ունենային, բնաջնջելու համար հայերը. «Հայերուն բնաջնջումը մեծ ծաւալով տեղի ունեցաւ: Այս բնաջնջումի քաղաքականութիւնը երկար ժամանակ պիտի արատաւորէ Թուրքիոյ անունը», գրած է ան (1):

Ռիչըրտ վոն Քուհլման                       Եոհան վոն Պերնսթորֆ                    Մաքս Ըրուին վոն Շէօպնըր-Ռիխթըր

1917-1918, Քուհլմանին յաջորդեց Եոհան վոն Պերնսթորֆը` (1862-1939), որ միւս գերմանացի դիւանագէտներուն նման, երբ նախապէս 1908-1917 Միացեալ Նահանգներու մէջ դեսպան էր, կը փորձէր ծածկել ջարդերը` ըսելով, որ անոնք «շինծու» եւ «անհիմն մեղադրանքներ» էին: Սակայն, երբ սկսաւ Օսմանեան կայսրութեան մէջ պաշտօնավարել, ընդունեց, որ հայութեան դէմ օսմանեան կառավարութեան քաղաքականութիւնը ցեղին բնաջնջումն էր:

Պերնսթորֆը իր յուշերուն` «Կոմս Պերնսթորֆի յուշերը» գիրքին միջոցաւ մանրամասն վկայութիւններ հայթայթեց հայկական ջարդերուն մասին: Իր յարատեւ բողոքներուն եւ հայերու հանդէպ կատարուածին մասին բազմաթիւ հարցադրումներուն Թալէաթ փաշան ջղագրգիռ պատասխանած է. «Ուզածդ ի՞նչ է: Հարցը լուծուած է, այլեւս հայերը գոյութիւն չունին»:… «Հայաստանի մէջ թուրքերը ծրագրաւորուած ու կանոնաւոր կերպով կը ջանային բնաջնջել քրիստոնեայ հայ ժողովուրդը» (11):

Գերմանացի դիւանագէտներուն բաժինը կ՛աւարտենք Էրզրումի (Կարին) փոխհիւպատոս Մաքս Ըրուին վոն Շէօպնըր-Ռիխթըրով (1884-1923), որ կը նկատուի հայերուն տեղահանութիւնները եւ անոնց հետեւանք ջարդերը ամէնէն յանդուգն քննադատողներէն մէկը: Ան դէմ էր դեսպան Վանկենհայմի սկզբնական հրահանգներուն, որ (թուրքերուն) հակահայ գործողութիւնները ամբաստանելու փոխարէն միայն բարեկամական խորհուրդ տալով սահմանափակուին:

Մաքս կը հաւատար, որ հայերը կարելիութիւնը չունէին օսմանեան պետութեան դէմ ապստամբելու, քանի որ բոլոր ատակ եւ կարող, աշխատունակ այր մարդիկը ձերբակալուեցան եւ (տաժանակիր) աշխատանքային գումարտակներ ուղարկուեցան: Մաքս, որ կը փորձէր կարելիութեան չափ հայերու կեանքը փրկել, կը կարծէր, որ տեղահանութիւնը հիմնուած էր «ցեղային ատելութեան» վրայ, եւ ոչ ոք կրնար գոյատեւել նման ճամբորդութենէ մը ետք: Ան կ՛եզրակացնէ, որ տեղահանութիւնները «բնաջնջումի» քաղաքականութիւն էին:

Մաքսի հաստատումներէն են` «Իթթիհատի կողմնակիցները բացայայտօրէն կ՛ընդունին, որ իրենց վերջնական նպատակը Թուրքիոյ հայերուն ընդհանուր ոչնչացումն է, աւելցնելով, որ «պատերազմէն ետք այլեւս Թուրքիոյ մէջ ոեւէ հայ գոյութիւն չ՛ունենար»»:

«Թուրք կառավարութիւնը պատրուակելով Վանի, Մուշի, Գարահիսարի եւ այլ քաղաքներու մէջ հայերուն ապստամբութիւնը եւ օգտուելով պատերազմին ընձեռած կացութենէն` բռնի կերպով կը վերաբնակեցնէ Անատոլիոյ հայութիւնը Միջագետքի մէջ: Կառավարութեան այս գործողութիւնները կ՛ընթանան այնպիսի ոճով, որ կը համապատասխանէ հայերու բնաջնջումին: Միայն ոչնչացման ուժեղ քաղաքականութեամբ է, որ թուրք կառավարութիւնը բոլոր հայերը բնաջնջելով` կը կարենայ հասնիլ իր ցանկացած նպատակին` Հայկական հարցի «լուծումին»»:

«Քամիլ փաշային հրահանգը` Էրզրումէն տեղահանել բոլոր հայերը, ռազմական դիտանկիւնէն որեւէ կերպով արդարացի չէ. իմ կարծիքով, անիկա ցեղային ատելութեան վրայ հիմնաւորուած է»:

«Ունեցած եմ շարք մը զրոյցներ` իրաւասու եւ ազդեցիկ թուրք անձնաւորութիւններու հետ, եւ հետեւեալն են իմ տպաւորութիւններս. Իթթիհատ կուսակցութեան մեծ հատուած մը որդեգրած է այն տեսակէտը, որ թուրք կայսրութիւնը պէտք է հիմնուի միայն իսլամական եւ փանթրքական սկզբունքներու վրայ: Իր ոչ իսլամ եւ ոչ թուրք բնակչութիւնը պէտք է բռնի կերպով իսլամանայ կամ բնաջնջուի: Այս մարդիկը կը հաւատան, որ ներկայի կացութիւնը նպաստաւոր է այս ծրագիրը իրագործելու:

Առաջին օրակարգն է` հայութիւնը հաշուեյարդարի ենթարկել: Իթթիհատականները իրենց դաշնակիցներուն պիտի պարզեն հայկական Դաշնակ կուսակցութեան կողմէ պատրաստուած ենթադրեալ յեղափոխութեան մը տեսիլը: Աւելի՛ն. դիտումնաւոր կերպով տեղական միջադէպեր եւ ընկերային դժգոհութիւններ պիտի հրահրեն, որոնց դէմ հայկական ինքնապաշտպանութիւնը չափազանցուած կերպով ներկայացնելով` իբրեւ պատրուակ պիտի գործածեն տեղահանութեան իրականացման համար: Սակայն, երբ տեղահանութիւնը սկսի, ճանապարհին կարաւանները յարձակման եւ բնաջնջումի պիտի ենթարկուին քիւրտ եւ թուրք աւազակներու կողմէ եւ այս նպատակով գործուղուած ոստիկաններուն կողմէ» (1), (12):

Երբ Գերմանիա վերադարձաւ, ան օժանդակեց Եոհաննէս Լեփսիուսին` հայերը փրկելու աշխատանքին, հաստատելով, որ անոնց վիճակը այլեւս «մարդկային» չէր: Կը հաւաստիացուի, որ Ատոլֆ Հիթլեր Հայոց ցեղասպանութեան մանրամասնութիւններուն տեղեկացած է Մաքսի ականատեսի մանրամասն վկայութիւններուն միջոցով (Մաքսը հետագային նացի կազմակերպութեան անդամակցած է) եւ 22 օգոստոս 1939-ին Լեհաստանի վրայ յարձակումէն առաջ`«Ովքեր տակաւին կը խօսին հայերու ոչնչացման մասին» ծանօթ յայտարարութիւնը կատարած:

26 ապրիլ 2018
Շար. (3)

————————

(1) https://en.wikipedia.org/wiki/Witnesses_and_testimonies_of_the_Armenian_Genocide

(2) http://www.genocide-museum.am/eng/german.php

(3) Charny, Israel W.; Tutu, editor in chief; forewords by Archbishop Desmond; Wiesenthal, Simon (2000). Encyclopedia of genocide (Repr ed.). Oxford: ABC-Clio. ISBN 0-87436-928-2.

(4) Charney, Israel (1994). The Widening Circle of Genocide. W. W. Norton & Company. ISBN 1-4128-3965-3.

(5) Alayarian, Aida (2008). Consequences of denial : the Armenian genocide. London: Karnac Books. p. 171. ISBN 1-85575-565-3.

(6) Najmuddin; Najmuddin, Dilshad; Shahzad (2006). Armenia: A Resume with Notes on Seth’s Armenians in India. Trafford Publishing. ISBN 1-4669-5461-2

(7) Dadrian, Vahakn N.; Akջam, Taner (2011). Judgment at Istanbul : the Armenian genocide trials (English ed.). New York: Berghahn Books. ISBN 0857452517.

(8) «Արամը», հրատարակութիւն ՀՅ Դաշնակցութեան, 1969, Պէյրութ, տպարան Համազգային էջ 489:

(9) 1918-ի Հայաստանի Անկախութեան Առաջին Օրերը – Ա. http://www.aztagdaily.com/archives/386524

(10) 1918-ի Հայաստանի Անկախութեան Առաջին Օրերը – Ե. http://www.aztagdaily.com/archives/389448

(11) A., Bernstorff (2011). Memoirs of Count Bernstorff. Kessinger Publishing. ISBN 1-169-93525-7.

(12) Dolabjian, Vartkes S. (11 January 1999). “Even Turkish sources point to 1915 genocide”. The Gazette. Montreal, Canada. p. B2.


Մեկենասներ` Ծանօթ, Անծանօթ

$
0
0

ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ

Վերջերս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանի տպարանէն լոյս տեսաւ իմ եօթներորդ գիրքս` «Գարուն էր…» խորագիրով, որպէս 24-րդ հրատարակութիւնը «Ռիչըրտ եւ Թինա Գարօլան» գրական հիմնադրամին: Նախապէս ալ ինձմէ երկու գիրքեր լոյս տեսած են նոյն տպարանէն, մին 2004-ին` «Գէորգ Մելիտինեցի», իսկ միւսը 2012-ին` դարձեալ Ռ. Եւ Թ. Գարօլան հիմնադրամներուն կողմէ:

Նպատակս գիրքերուս ծանուցումը ընել չէ, այլ` բացայայտելու այն զգացումը, որ ունեցայ, երբ վայրկեան մը կանգ առի ու մտածեցի այս երկու հիմնադրամները ստեղծողներուն մասին:

Ինչպէս որ համեղ պտուղ մը կ՛ուտենք ամենայն հաճոյքով` վայելելով անոր քաղցրութիւնն ու օգտակարութիւնը, առանց մտածելու ծառին մասին, որ տուած է այդ պտուղը` առանց մտածելու ծառը տնկողին ու խնամողին մասին, այդպէս ալ տպուած գիրքին պատճառած բերկրանքէն գինովցած` բնաւ չենք մտածեր անոր մեկենասին մասին, անոր լոյս աշխարհ գալուն օժանդակած անձին մասին:

Ո՞վ է Գէորգ Մելիտինեցին, կամ` որո՞նք են Գարօլանները: Մարդիկը գրական մրցանակ հաստատած եւ հիմնադրամ տրամադրած են Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հովանաւորութեամբ, իրենց հիմնադրամով ամէն տարի գիրքեր լոյս կը տեսնեն` հարստացնելով մեր գրական գանձարանը, իսկ ես, եւ հաւանաբար` ինծի նման ուրիշներ ալ, չեմ ճանչնար զիրենք, որպէսզի շնորհակալ ըլլամ եւ երախտագիտութիւնս յայտնեմ իրենց գրասիրական-ազգասիրական այս կենսական ծառայութեան համար:

Այս մարդիկը դեռ կ՛ապրի՞ն, թէ՞ իրենց զաւակները այս հիմնադրամները ստեղծած են` ի յիշատակ իրենց ծնողներուն: Ի՞նչ բանը մղած է զիրենք այս քայլը առնելու, անոնք սովորական բարերարնե՞ր են, թէ՞ գրականութեան նուիրեալներ, իրենց մեկենասութեամբ տպուած գիրքերը կը կարդա՞ն անոնք, թէ՞ կը գոհանան իրենց բարերարութեամբ:

Մելիտինեցիի հիմնադրամով տպուած գիրքերուն թիւը հարիւրի կը մօտենայ, Գարօլանը աւելի երիտասարդ է ու անոնց անունը ցարդ 24  գիրքերու ճակատը կը զարդարէ: Իւրաքանչիւր գիրք եթէ 500, կամ  1000 օրինակով կը տպուի, պատկերացուցէք, թէ քանի՛ տուն, քանի գրադարան, կամ հաստատութիւն կը մտնեն անոնք:

Արդ, ծանօթ-անծանօթ մեկենասներ, շնորհակալութի՛ւն ձեզի, թող ձեր այս բարի գործը վարակիչ դառնայ` ի փառաւորումն հայ գիրին ու գրականութեան:

 

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Տարբեր Աւիշ` Արցախի Մէջ

$
0
0

Յունիս 1-ի դէպքերն ու իրադարձութիւնները ուղղակի կապ ունին վերջին շաբաթներու Հայաստանի դէպքերուն հետ, այն տարբերութեամբ, որ «Թաւշեայ յեղափոխութեան» զանգուածային ցոյցերուն եւ խռովութիւններուն փոխարէն` շատ աւելի արագ եւ հմուտ կերպով կարելի եղաւ լուծման յանգիլ: Դեռ պիտի շարունակուին փոփոխութիւններն ու բարեկարգումները` թափանցիկ քաղաքականութեան եւ ղեկավարութեան ի խնդիր: Տարբեր թաւիշի կարիք չկար, այլ պարզապէս տարբեր աւիշ ստեղծուեցաւ:

Կացութիւնը ստեղծուած գոյավիճակի մը արդիւնքն էր: Երկար ժամանակ պատասխանատու դիրքի վրայ գտնուող անձնաւորութիւններ սկսած էին հետզհետէ զոհը դառնալ իրենց միօրինակ գործելաձեւին` չգիտակցելով, որ մտածելակերպն ու գործելաձեւը անհանդուրժելի եւ անընդունելի կրնար դառնալ` տեղացիներու, սերնդակիցներու եւ դրացիներու քով:

Ի վերջոյ, սահմաններ պաշտպանելու համար կիրարկուած ձեւն ու խստութիւնը կարելի չէր գործադրել մայրաքաղաք Ստեփանակերտի մէջ, ուր երկու քաղաքացիներու միջեւ «կաթիլ մը մեղր»-ային ոճով եւ կենցաղային խորք ունեցող պարզ վիճաբանութիւն մը պատճառ դարձած էր, որ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան յատուկ ջոկատի տասնեակ մը անդամներ, ամենայն դաժանութեամբ ծեծեն երկու քաղաքացիներ:

Ստեղծուած ծանրակշիռ կացութիւնը բաւարար եղաւ փաստելու, որ պատահածը չափազանց ընդվզեցուցիչ էր, եւ այդպիսի վիճակ կարելի չէր պարտադրել մայրաքաղաքին մէջ: Ուստի, նախագահ Բակօ Սահակեանը շեշտեց, որ բարեփոխումներու եւ քատրային փոփոխութիւններու շտապ անհրաժեշտութիւնը յառաջացած էր Արցախի մէջ:

Պարզուած էր, որ անկայուն ու լարուած ներքին մթնոլորտ կարելի չէր ունենալ եւ յուսալի անվտանգութեան համակարգի ձգտիլ:

Արցախի Հանրապետութեան ոստիկանութեան պետի եւ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէնի նշանակումները մաս կը կազմեն այս բարեփոխումներու շարքին, որոնք պիտի շարունակուին: Յստակ է, որ այս ընդհանուր բարեփոխումներու ծիրին մէջ յաւելեալ զարգացման գործընթաց ապահովելու անհրաժեշտութեան տեղ պիտի տրուի զանազան բնագաւառներու մէջ` քաղաքական, անվտանգութեան, տնտեսական, ընկերային երաշխիքներու եւ այլն:

Այսպէս, Արցախի Հանրապետութեան մէջ ստեղծուած է տարբեր աւիշ, բոլորովին տարբեր` «երեւանեան թաւիշ»-էն, սակայն` նոյնքան կարեւոր, անհրաժեշտ եւ բնականաբար` արդիւնաբեր:

Սակայն, այս բարեփոխումներէն ետք, գոյութիւն ունի արցախեան հիմնահարցին լուծումը, որ հետզհետէ աւելի կ՛արծարծուի միջազգային քաղաքական բեմահարթակին վրայ:

Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակի Համաժողովրդային Տօնակատարութեան Հայ Քաղաքական Երեք Կուսակցութիւններուն Կողմէ Երեսփոխան Յ. Բագրատունիի Արտասանած Խօսքը

$
0
0

Եթէ երբեք Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչման հանդիսութիւնները տարիներու ընթացքին յաջողած են ստանալ համահայկական բնոյթ, եւ այդ ծիրին մէջ կատարուած նախաձեռնութիւնները առհասարակ կազմակերպուած են համագաղութային մաշստապով, միջկուսակցական, միջյարանուանական, միջմիութենական միացեալ մարմիններու հովանաւորութեամբ, այսօր, մեր յիշողութեամբ թէ պրպտումներու իբրեւ արդիւնք, առաջին անգամն է, որ 28 մայիս 1918-ի Հայաստանի Հանրապետութեան տօնին առիթով համագաղութային նախաձեռնութիւններ կը կատարուին ո՛չ միայն պանծացնելու հարիւրամեակը, այլ նաեւ իր արժանաւոր պատուանդանին ամրացնելու անոր խորհուրդը, քաղաքական նշանակութիւնը եւ մեր ժողովուրդին ու հայրենիքին լինելութիւնը ապահոված ըլլալու ռազմավարական ու պատմական անկիւնադարձային եւ ճակատագրորոշ արժէքը:

Լիբանանի մէջ, ուր միջկուսակցական թէ համագաղութային նախաձեռնութիւնները տասնամեակներու կենսափորձով կը ներկայանան, այսօր հաւաքուած ենք նոր փորձառութիւն մը եւս աւելցնելու անցեալի յաջողութիւններուն վրայ, Լիբանանի եւ համայն հայութեան ու բոլոր տեսակի կասկածամիտներուն թէ յուսահատութեան ախտէն վարակուած եղեռամայրերուն ցոյց տալու, որ քաղաքական թէ գաղափարական տարբերութիւնները չեն կրնար արգելք հանդիսանալ ու կասեցնել համահայկական թէ ներլիբանանեան հայկական ընդհանրական խնդիրներու հետապնդման, արժեւորման եւ պանծացման Լիբանանի հայութեան միասնական երթը:

Միջկուսակցական մեր յարաբերութիւններու դրական փաստի լաւագոյն օրինակը այսօր, Սոցեալ-Դեմոկրատ Հնչակեան կուսակցութեան եւ Ռամկավար ազատական կուսակցութեան մեր ընկերներուն կողմէ Դաշնակցութեան վստահիլն է Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակին առիթով հայ ազգային քաղաքական կուսակցութիւններու լիբանանեան կառոյցներու միացեալ խօսքը արտասանել: Ու այս վստահութիւնը մենք պատուով կ՛ընդունինք:

Հոգեւո՛ր հայրեր,
Հայաստանի յարգելի՛ դեսպան,
Սիրելի՛ գործընկերներ քաղաքական, կուսակցական թէ ազգային կեանքի տարբեր դաշտերու,
Ազատութեան եւ անկախութեան գաղափարին հաւատացող ու անոնց համար պայքարող սիրելի՛ ներկաներ, երիտասարդներ

Մեր ժողովուրդի վերջին հարիւրամեայ պատմութեան մէջ 28 մայիս 1918 թուականը թերեւս ամէնէն խնդրայարոյց թուականներէն մէկը եղած է: Այսօր ալ, թէ՛ Հայաստանի, եւ թէ սփիւռքի մէջ երբեմն կը յամենան հարիւր տարի առաջ մեր ժողովուրդին ու հայրենիքին քաղաքական ճակատագիրին թէ ֆիզիքական գոյատեւման պահպանման հիմնաքարը հանդիսացող այս թուականը տարբեր անուանումներով ներկայացնել: Անկախութեան հարիւրամեակ, անկախ հանրապետութեան 100-ամեակ, Սարդարապատի ճակատամարտի 100-ամեակ, Մայիսեան յաղթանակ, պետականութեան հիմնադրութեան 100-ամեակ ու թերեւս այլ անուանումներ: Տասնամեակներ շարունակ Հայաստանի մէջ խորհրդային կարգերու հաստատումին իբրեւ հետեւանք, 28 մայիս 1918-ի յաղթանակը նոյնիսկ նկատուեցաւ թուրքին կողմէ հայուն տրուած նուէր, աւանթիւրիզմ, զուգադիպութիւն, նոյնի՛սկ` պատմական սխալ: Տարբեր ժամանակներու, տարբեր քաղաքական իրադրութիւններու մէջ սփիւռքեան մեր գաղութներն ալ անմասն չմնացին հակամայիս քսանութ արշաւէն, զայն ու զայն կերտողները սեւացնելով, գործակալ, կամ ժողովուրդի թշնամի նկատելով զանոնք:

Բայց անցան ուրացման օրերը:

Պիտի անցնէին այդ օրերը անկասկած:

Ու դեռ պիտի չքանան տակաւին կասկածի ու նենգափոխումի մտածողութեան տէր անձերու մաղձոտ ձայները, որովհետեւ արեւը կարելի չէ ցեխով պատել:

Պարզ տրամաբանութեամբ ու պատմական առարկայականութեամբ կատարենք հարցադրումները:

Եթէ չըլլար 28 մայիս 1918-ը, պիտի ըլլա՞ր Հայաստանը, պիտի ապրէ՞ր հայութիւնը:
Եթէ չմղուէին Սարդարապատի, Ղարաքիլիսայի եւ Բաշ Ապարանի հերոսամարտերը, պիտի պաշտպանուէ՞ր Երեւանը եւ մնար ու զարգանար հասնելու համար 2018 թուականը:
Եթէ չըլլար 28 մայիս 1918-ը, ի՞նչ հողամասեր պիտի գրաւէին խորհրդային ուժերը եւ ո՞ւր պիտի հաստատէին իրենց իշխանութիւնը:
Եթէ չըլլար 28 մայիս 1918-ը, պիտի մնա՞ր Հայաստանի հայութիւնն ու Ցեղասպանութենէն ճողոպրած վերապրած գաղթականները:
Ու եթէ չըլլար 28 մայիս 1918-ը, պիտի ըլլային այսօր Հայաստանի անկախ Հանրապետութիւնն ու Արցախի անկախ Հանրապետութիւնը:

Հանրայայտ ճշմարտութիւն է պատմական դէպքերը քննել, քննարկել իրենց ժամանակի պայմաններու պարունակին մէջ: Պատմական  դէպք մը սակայն, կ՛արժեւորուի ժամանակի ընթացքին, երբ կը նկատուի, կ՛արձանագրուի, բայց մանաւանդ կեանքի կը կոչուի ու կեանք եւ շարունականութիւն կը ստանայ այդ դէպքերով բոցավառած ջահը ու իրենց բարձրութեան պատուանդանին կը դրուին այդ կրակը վառած ու իրենց շունչով զայն պահպանած հերոսները:

Խնդիրը հարիւրամեակի անուանումը չէ: Ոչ ալ Հայաստանի թէ սփիւռքի մէջ այս հարիւրամեակին ու անկախութիւնն ու պետականութիւնը կերտողներու արժեւորումը: Ինչ կ՛ուզենք անուանենք առիթը, անուանենք, սակայն մէկ իրականութիւն, մէկ ճշմարտութիւն կարելի չէ փոխել:

28 մայիս 1918-ը հիմնաքարն է այսօրուան Հայաստանին:
28 մայիս 1918-ը հիմնաքարն է ազատ, անկախ ու միացեալ Հայաստանին ու անոր պետականութեան:
28 մայիս 1918-ը մեկնակէտն է Արցախի պոռթկումին եւ Արցախի անկախութեան:
28 մայիս 1918-ը հայրենի հողին վրայ ապրած ու հոն ապաստանած հայերուն ֆիզիքական պահպանման ամրոցն է, անկասկած:
Այլ խօսքով, առանց 28 մայիս 1918-ի, առանց Սարդարապատի, Ղարաքիլիսայի ու Բաշ Ապարանի ո՛չ Հայաստան կը մնար եւ ո՛չ ալ հայութիւն:
Եւ դեռ` ո՞վ կերտեց 28 մայիս 1918-ը:

Անկասկած հայ ժողովուրդը: Վստահաբար համաժողովրդային պոռթկումով մարտադաշտերը ողողած հայ կինն ու այրը, գիւղացին ու բանուորը, հայ հոգեւորականն ու քաղաքական այրը, մտաւորականն ու ուսանողը, զինուորը, ֆետային, սպան եւ մանուկը, բժիշկն ու մշակը, առողջն ու հաշմանդամը:

Բոլորը անխտի՛ր:

Անոնք, որոնց սրտերը կը բաբախէին եւ ձեռքերը կը բռնցքուէին 1918-ը կանխող տասնամեակներուն թուրքին դէմ ծաւալած յեղափոխական կռիւներու տենդով, այդ դաշտերուն վրայ նահատակուած հերոս ֆետայիներու ներշնչումով, իր զաւակը կռուի դաշտ ղրկող մօրը աւանդով ու եարի փոխան զէնք գրկող ազատամարտիկի կտակով:

Հոն էին բոլորը, կուսակցականն ու անկուսակցականը: Քաղաքական տարբեր դիրքորոշումներու տէր գործիչներ, տարբեր պաշտօններու վրայ եղող անհատներ: Բայց հոն էին հայօրէն, հպարտօրէն, հայրենիքի պաշտպանութեան դրօշը բարձր պահելու հպարտութեամբ հոն էին:

Հոն էին կամաւորական գունդերը, անզէն գիւղացին, անօթի բանուորը, Էջմիածնի կղերը: Հոն էր հայու անխորտակելի կամքը, իրաւունքի ու արդարութեան անզիջող պահանջատէրը:

Հոն էին Անդրանիկ, Նազարբէկեան, Դրօ, Սիլիկեան, Ռուբէն, Պանդուխտ, Շահպազ, Նժդեհ եւ Սասունի, Փիրումեան, Կոմս ու Վրացեան, Քաջազնունի, Մուրատ եւ Խատիսեան, Քեռի եւ Աւշարեան ու Օհանջանեան, դեռ հազար հազարներ կերտելու հայոց պետութիւնը, դէմ դնելով թրքական հորդաներուն նախապէս, թէ ճակատամարտի դաշտերուն վրայ կամ անկախութեան հռչակումէն ետք Երեւանի ու արուարձաններուն, համալսարանի թէ մշակոյթի պալատներուն, դիւանագիտական սեղաններուն վրայ թէ բանակին, խորհրդարանական ընտրութիւններուն թէ պետականաշինութեան մէջ:

Ճշմարտութիւնն ու պատմական առարկայականութիւնը, սիրելի՛ ներկաներ, կը պահանջէ հաստատել, որ համաժողովրդային որեւէ շարժում, համաժողովրդային որեւէ յաղթանակ կը պահանջէ ղեկավար ու ղեկավարութիւն: Վստահաբար, կարելի չէ խօսիլ 28 մայիս 1918-ի յաղթանակին մասին, համաժողովրդային մարտնչումին մասին, զանց առնելով ՀՅ Դաշնակցութեան ու անզուգական հերոս Արամ Մանուկեանի դերակատարութիւնը: 28 մայիս 18-էն 100 տարի ետք, երբ ջուրերը հանդարտած են, երբ սուտն ու նենգափոխումը տեղի տուած են ճշմարտութեան եւ արդարութեան, երբ այլեւս պատճառ չկայ պատմական իրականութիւնները ծածկելու, երբ Հայաստանի պետութիւնը ճանչցած է ՀՅԴ-ի եւ Արամ Մանուկեանի կեդրոնական դերակատարութիւնը անկախութեան հռչակման սրբազան գործին մէջ, մեզի կը մնայ այլեւս ըսել,

Յարգանք ու պատիւ բոլորին:

Յարգանք ու պատիւ ժողովրդային մարտնչումը ղեկավարող Արամ Մանուկեանին եւ զինք ծնող ժողովուրդին ու անոր ծառայ Դաշնակցութեան ու բոլոր անոնց, որոնք հայօրէն մասնակցեցան անկախութեան կռիւին:

Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութեան 100-ամեակին, սակայն, բաւարար չեն տօնն ու հանդիսութիւնները:

100-ամեակի դասերն են կարեւորը:

Առաջին` հոն, ուր մեր ժողովուրդը եղած է միակամ, յաղթանակը եղած է հայութեան:

Հոն, ուր մեր յոյսերը դրած ենք օտարին վրայ, պարտուած ենք ու պառակտուած:

Երկրորդ` 28 մայիս 1918 ապահովեց մեր ժողովուրդին եւ հայրենիքին անվտանգութիւնը: Անվտանգութիւն, որուն ձգտումին ու պահպանումին հրամայական պահանջը ունինք այսօր: Անվտանգութիւնը հողային սահմաններու պաշտպանութիւնն է անկասկած, բայց մանաւանդ ու միաժամանակ հայրենիքը ազատ ու անկախ պահելու նախադրեալներու պաշտպանութիւնն է: Հայրենիքի սահմաններէն ներս ապրող, գործող ու ստեղծագործող հայերու պաշտպանութիւնն է: Հայրենի հայութեան ընկերային, տնտեսական, կրթական, կենցաղային, հայ երեխային ու երիտասարդին, բանուորին ու ուսանողին կեանքը արդար հիմունքներով առաջնորդելու պահանջն է անվտանգութիւնը: Փտածութիւնն ու արտագաղթը կասեցնելու գործընթացի պահանջն է անվտանգութիւնը:

Երրորդ` 28 մայիս 1918 ապահովեց Հայաստանի ու հայութեան հայկականութիւնը, ինքնութիւնն ու ինքնուրոյնութիւնը: Հայրենիքներու անկախութիւնն ու ժողովուրդներու ազատութիւնը կ՛ապահովուին, երբ հայրենիքն ու ժողովուրդը եւ զայն ղեկավարող ուժերը կը գիտակցին իրենց առհաւական արժէքներուն, աւանդոյթներու պահպանման, լեզուի ու պատմութեան եւ անցեալի փորձառութեան գերադաս արժէքներու ամրապնդման: Ազգերու եւ պետութիւններու յարաբերութիւններուն մէջ կը յարգուին անոնք, որոնք, օգտուելով հանդերձ այլոց փորձառութիւններէն, մշակոյթէն, զարգացումէն, գիտութենէն թէ արդիականութենէն, չեն մսխեր ու ոտնակոխեր սեփականը, չեն գերադասեր այն, ինչ որ պարզապէս դուրսէն է, այլ կը փորձեն զանոնք ազգայնացնել:

Աշխարհի դրամատիրական ուժերուն կողմէ ամէն երկվայրկեան խելակորոյս արագութեամբ ապազգայնութեան ախտավարակ սրսկումներուն դէմ, Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակի մեր կոչն է Հայաստանի ու սփիւռքի ղեկավարութեան եւ համայն հայ ժողովուրդին, չտկարացնել  արմատները, չիյնալ գեղեցիկ ու պսպղուն կարգախօսերով համամարդկային արժէքներու պաշտպանութեան քողին տակ ապազգայնացումի առաջնորդող ազգակործան ու հայրենաքանդ ախտի թակարդներուն մէջ:

Ու վերջապէս, մնայունն է որ կայ ու կ՛ապրի: 28 մայիս 1918-ը ստեղծեց ու պահեց մնայունը:

Մնաց Հայաստանը:
Մնաց ազատ ու անկախ Հայաստանը:
Մնաց ու պարտի ապրիլ ազատ մտածող հայ մարդը: Հայաստանի ու հայութեան համար մտածող հպարտ հայ մարդը:
Մնաց անկախ Հայաստանի զինանշանը:
Մնաց ու կը ծածանի ազատ ու անկախ Հայաստանի Եռագոյնը:

Ազատ ու անկախ Հայաստանն ու իրեն հետ Արցախի հայութիւնը, գրաւեալ հողերու հայութիւնը թէ սփիւռքի հայութիւնը միասնաբար պարտինք դիմագրաւել գալիք օրերը, որպէսզի մնայ ազատ, անկախ Հայաստանը, որպէսզի ան դառնայ Արարատի գագաթին ծածանող Եռագոյն դրօշով միացեալ Հայաստան:

Ու որպէսզի բոլորս ու մեր թոռները կարենան միասնաբար եւ հպարտօրէն ապրիլ

Ամբողջական հայութեամբ
Ամբողջական Հայաստանի մէջ
Հայու միակ հայրենիք
Մե՛ր Հայաստանին, մնայուն արժէք հայո՛ւ հայրենիքին մէջ:

Ակնարկ. Ներքին Արդարութիւն –Արտաքին Անվտանգութիւն Բանաձեւը

$
0
0

Մեր երկրին մէջ տիրող յետյեղափոխական իրավիճակը  բեկումնային պահեր ստեղծելու նախադրեալներ կը պարզէ: Արտաքին առումով եթէ յատկապէս նկատի ունենանք կառավարութեան ծրագիրը, վարչապետի ուղերձն ու տարբեր առիթներով կատարած յայտարարութիւնները, արտաքին գործոց նախարարի պատասխանները արտաքին քաղաքականութեան վերաբերող հարցումներուն, հիմնականին մէջ շրջադարձեր չեն նկատուիր. երանգային տարբերութեամբ մը Ստեփանակերտի բանակցային սեղան վերադարձի անմիջականութեան մասին առաջադրանքներ կը բարձրաձայնուին:

Մինչ ներքին առումով սկսելու համար հասարակական մակարդակի վրայ ցոյցերով նոր իրավիճակներ ստեղծելու դրսեւորումները կ՛աշխուժանան: Ընդգծելու համար հիմնականները կեդրոնանանք Արցախի մէջ տեղի ունեցած ցոյցերուն, պահանջներուն, հրաժարականներուն եւ այժմու կացութեան վրայ:

Անվտանգութեան աշխատակիցներու եւ քաղաքացիներու միջեւ կայացած միջադէպը, անոր հետեւած բռնարարքը տեղի տուին քաղաքացիներու դժգոհութիւններուն. բողոքի գործողութիւններուն զուգահեռ ընթացան բողոքարկողներու եւ իշխանութեան ներկայացուցիչներու միջեւ հանդիպումներ, բանակցութիւններ. այդ բոլորը աւարտեցան պետական նախարարի, որոշ նախարարներու եւ յատկապէս ուժային կառոյցներու պատասխանատու անձնաւորութիւններու հրաժարականներով:

Բողոքի համախմբումները չդադրեցան սակայն. թէկուզ նօսրացած, այնուամենայնիւ համախմբումի կոչեր ընողները բարձրացուցին պահանջներու առաստաղը եւ բարձրաձայնեցին նախագահի հրաժարականին մասին:

Նախագահը, կշռադատուած պատասխաններով պատկերասփռուած հարցազրոյցի մը ընթացքին հիմնականին մէջ խօսեցաւ 2020-ի նախագահական ընտրութիւններուն թեկնածու չներկայանալու մասին:  Ստեփանակերտի մէջ շարունակուող հաւաքներուն անգամ մը եւս հնչեց նախագահի հրաժարականի եւ այդ պահանջին տուն տուող պատճառներուն մասին  հաւաքի կազմակերպիչներուն կողմէ եւ իրենց համար ընդունելի հիմնաւորումներ:

Որքան ալ բացայայտօրէն չկիրարկուէր, այսուհանդերձ հետեւողներուն մտածողութեան մէջ Երեւանի հաւանական գործօնի մասին  ենթադրութիւններ կային  այս բոլոր գործընթացներուն, խմորումներուն ձեւաւորման մէջ: Կար նաեւ համակողմանի գիտակցական մօտեցում` Երեւանը բացայայտօրէն չներքաշելու այս բոլորին մէջ, Արցախի անկախութիւնը շեշտելու եւ այդ ուղղութեամբ որեւէ պաշտօնական հակափաստարկի առիթ չտալու:

Հայաստանի Հանրապետութեան թէ՛ նախագահի եւ թէ՛ վարչապետի Ստեփանակերտ կատարած այցելութիւնները կասեցուցին այս ընթացքի անկանխատեսելիութիւնը: Պարզ դարձաւ կարծէք, որ նախագահի հրաժարականը բացառուած է եւ թէ Արցախի իշխանութիւններուն կողմէ ձեռնարկուած բարեփոխումները թէ քատրային հիմնական փոփոխութիւնները այս պահու դրութեամբ պէտք է իրավիճակ փոխելու դրական նախադրեալներ նկատել: Նախագահ Սահակեանի յստակացումով ալ խորքին մէջ կը տկարանային անձի վերարտադրութեան համար սահմանադրութեամբ գերնախագահական դրութիւն հաստատած ըլլալու տեսակէտները: Արցախի պարագային սակայն կարմիր գիծերու ուղղակի-անուղղակի վերյիշեցումը Երեւանի կողմէ ամենայն հաւանականութեամբ հակառակորդի աշխուժացման երեւոյթները նկատի ունին. իսկ այս պարագային թէ՛ Արցախ-Ազրպէյճան շփման գիծի երկայնքին եւ թէ՛ նախիջեւանեան ճակատի ուղղութիւններով:

Վարչապետին այցելութիւնը ո՛չ միայն Ստեփանակերտ, այլ նաեւ առաջնագծային ռազմաճակատներ եթէ մէկ կողմէ անվերապահ զօրակցութեամբ կը մեկնաբանուին նախագահ Սահակեանին, միւս կողմէ նաեւ ուղերձ են շփման գիծին երկայնքով ստորաբաժանումային կուտակումներ կատարող Պաքուի իշխանութիւններուն: Մինչ, Արցախի ժողովրդավար էութիւնը ընդգծող Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին կատարած յայտարարութիւնը քաղաքացիութիւն-իշխանութիւն ցոյց-ընդառաջումներ երեւոյթին այս պայմաններուն մէջ իսկ ուղերձ է միջազգային ընտանիքին Արցախի Հանրապետութեան ճանաչման առաջադրանքին նպաստող:

Կարմիր գիծերը յայտնաբար նկատի կ՛ունենան ներքին արդարութիւն-արտաքին անվտանգութիւն գերակայ ուղղութիւններու հաւասարակշիռ բանաձեւի գործադրելիութիւնը: Վարքագիծ մը, որ կ՛ակնկալուի, որ տիրական ըլլայ ընդհանրապէս յետյեղափոխական իրավիճակին մէջ:

«Ա.»

Ստացուած Գիրքեր. «Սպաննուած Պատերազմը» (Հեղինակ` Նուարդ Ալեքսանեան)

$
0
0

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Ստեփանակերտի մէջ 2014-ին լոյս տեսաւ Նուարդ Ալեքսանեանի «Սպաննուած պատերազմը» գիրքը, բաղկացած` 244 էջերէ: Խմբագիր` Միքայէլ Հաճեան:

Գիրքը բաղկացած է երեք գլուխներէ` «Ժամանակ չունեցող երկիր», «Սահմանը` սրտի միջով» եւ «Սպաննուած պատերազմը», որոնց մէջ, ակնարկաշարերու տեսքով խտացուած է Արցախ աշխարհի վերջին տասնամեակներու պատմութիւնը` ազգային ու մարդկային տառապանքի, ընդվզումի, ոգորումներու, հերոսականութեան, սիրոյ ու նուիրումի, ազատ ու խաղաղ ստեղծագործութեան ձգտումներու իւրովի դիտարկուող նրբերանգներով:

Վաստակաշատ մանկավարժ Լեւոն Յարութիւնեանի հետ հարցազրոյցին մէջ կ՛ըսուի, որ ամէնէն գնահատելին բարութիւնն ու ազնուութիւնն է: Մարդ պէտք է մեր աղբիւրներուն նման զուլալ ըլլայ եւ պէտք չէ կեղծիք ըլլայ անոր հոգիին մէջ: Արգահատելին կեղծիքն է, երբ մարդ կը կեղծէ ինքզինք, ուրիշները: Մարդ պէտք է բարիք ընէ ոչ միայն մարդոց, այլեւ` բնութեան, կենդանիներուն եւ թռչուններուն:

Բանաստեղծուհի Զինաիդա Բալայեանի մասին Ալեքսանեան կ՛ըսէ, որ ան գրականութեան մէջ իր ստեղծագործական ուղին կը տեսնէ հայ քնարերգութեան բազմադարեան փորձին մէջ եւ կը ձգտի բանալ անծանօթ բաւիղներ: Յաճախ անսովոր երեւցող անոր տողը իր աւազանին մէջ կը ճառագայթէ զուլալութեամբ, իսկ գունագեղ հանդերձները փրկութեան օղակի պէս կ՛օգնեն պահել անեղծութիւնը` իբրեւ վաղուայ անցնելիք ճամբայ:

Նուարդ Ալեքսանեան կ՛ըսէ, որ արցախեան շարժումը յոյս ներշնչող իրադարձութիւն եղաւ: Մեր վանքերն ու մատուռները թօթափեցին մոռացութեան ծանր քօղը: Վերստին կեանքի կոչուեցան մեր հաւատքի ու դպրութեան տաճարները: Մեղաւոր էինք ու իբրեւ ապաշխարանք, հոգիի անկեղծ խոստովանանք` մեր խօսքը առանց ջանքի անպաճոյճ ու գեղեցիկ էր` նման մեր արթնացման ու հզօր զարթօնքին: Կայացողը դարձն էր դէպի մեր ակունքները, մեր հաւատքը, արեան մէջ պահ մտած, հազար փորձութիւններ ապրած, բայց չկորսուած ողջախոհութիւնը:

Իրանցի պատմաբան Էնայաթ Ռըզայի հետ հարցազրոյցին մէջ կ՛ըսուի, որ պատմութեան ընթացքին հայ ազգը շարունակաբար ենթարկուած է թշնամիներու ճնշումին ու բռնութիւններուն, որուն հետեւանքով ծովէ-ծով հայրենիքէն մնացած է փոքր հատուած մը: Հայ ժողովուրդին համար եկած է ժամանակը` ընդարձակուելու, բազմանալու:

Պատմական Աղուանքի մէջ մինչեւ 1918 Ազրպէյճան գոյութիւն չունէր: Թուրքիան, նկատի ունենալով իր շահերը այս տարածաշրջանին մէջ, Երիտասարդ թուրքերու օգնութեամբ հռչակեց հանրապետութիւն` Ազրպէյճան անունով: Թուրքերուն հեռահար նպատակն էր Իրանի Ատրպատականը եւ իրենց հռչակած Ազրպէյճանը իրարու միացնել: Այսօր ալ այդ գաղափարը արթուն է թուրքերուն մօտ:

Դերասանուհի Նուարդ Ասատրեանի մասին խօսելով Ալեքսանեան կ՛ըսէ, որ 1949-ին փակուեցաւ Պաքուի հայկական թատրոնը, տխրութեան ու կորուստի էջ մը դառնալով հայ թատրոնի պատմութեան մէջ: Հայ հանդիսատեսի սպասարկման գործը դրուեցաւ Ստեփանակերտի Մաքսիմ Կորքիի անուան պետական թատրոնին վրայ: Ստեփանակերտ տեղափոխուած խումբ մը անուանի դերասաններու շարքին էին ամուսիններ Մամիկոն Միքայէլեան եւ Նուարդ Ասատրեան: Անոնք իրենց արժանի տեղը ունեցան մեր թատրոնի տարեգրութեան մէջ: Ժամանակը բախտորոշ եղաւ Ստեփանակերտի թատրոնին համար,  վերելքի տարիներ էին. երեւան եկան մէկը միւսը գերազանցող փայլուն բեմադրութիւններ:

Լրագրող Եուրի Ապրէսեանի մասին հեղինակը կ՛ըսէ, որ լրագրողի երկարամեայ գործունէութեան յաջողութիւնը սեփական գաղտնիքներ ունէր, բայց թերեւս ամենազօրը դիմացինին մէջ լաւը տեսնելու եւ դրուատելու ունակութիւնն է: Դժուար է մարդուն հոգեկից ըլլալ, որովհետեւ պէտք է կարենաս տեսնել ուրիշներէ անտես պատուող մեծ «մանրուքները», որոնցմէ ալ շատ յաճախ պայմանաւորուած է մարդու ճակատագիրը:

Գեղանկարիչ Ռուբէն Գաբրիէլեանի մասին խօսելով Ալեքսանեան կ՛ըսէ, որ յաճախ արուեստի այս կամ այն գործի առինքնող հմայքը կ՛օգնէ ինքնաճանաչման: Անով կ՛արժեւորես ապրած կեանքդ, կը դառնաս աւելի փորձառու, գիտուն, կը զգաս ուրախութեան պահած վախի սարսուռը ու տխրութեանդ մէջ առկայծող, բայց աննկատ մնացած յոյսի լուսեղէն գիծը: Ռուբէն Գաբրիէլեանի ստեղծած աշխարհը այնքան գունեղ է, որ ակնթարթի մը մէջ կը փոխէ տրամադրութիւնդ, կը ստիպէ հետեւիլ աշխուժ գունախաղին: Նկարիչի աշխարհին մէջ տիրողը գոյներու հրավառութիւնն է, առանցքը` մեր անկորնչելի լաւատեսութիւնն ու կենսասիրութիւնը:

Պատմական ակնարկներու մէջ Ալեքսանեան կ՛ըսէ, որ մեր ժողովուրդի հոգեւոր գանձարանին մէջ Արաքս գետը մարդացած է ու հայոց վիշտը առած` յորդացած է արցունքով: Հազար ու մէկ դեր բաժին ինկած է անոր: Մեծ տառապանքը մեծ բարեբախտութիւն ունի, որովհետեւ իրմով պահուած է կորուստեալ Հայաստան- եդեմէն` յիշողութիւն ու փրկեալ տարածք:

 

Ստացուած Գիրքեր. «Կռապաշտները» (Հեղինակ` Մնացական Յարութիւնեան)

$
0
0

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Երեւանի մէջ 2017-ին լոյս տեսաւ Մնացական Յարութիւնեանի «Կռապաշտները» գիրքը, բաղկացած` 486 էջերէ: Հեղինակը գիրք նուիրած է ըներոջ` արձակագիր Լեւոն Խեչոյեանի յիշատակին: Խմբագիր` Լեւոն Բլբուլեան:

Հեղինակը կը ներկայացնէ կեանքի ու մահուան փիլիսոփայական մեկնութիւնը` ներկայ, անցեալ եւ ապառնի ժամանակներու զուգորդումներով: Ան կ՛ըսէ, որ գիրքին գլխաւոր հերոսը ժամանակն է, որուն մէջ պատանդի կարգավիճակով յայտնուած է մարդը: Ժամանակի ներկայ, անցեալ, ապառնի եռաչափութեան մէջ մարդուն միտքերը, խոկումները, մեղքերը, կը շարունակեն գերութեան մէջ պահել զինք:

Մնացական Յարութիւնեան կ՛ըսէ, որ փիլիսոփաներն ու աստուածաբանները անընդհատ կը վիճին հարցի մը շուրջ. ինչն է առաջնահերթ. նիւթը (մարմինը) թէ գաղափարը (հոգին): Սակայն ընդհանուր կարծիքի չեն յանգիր: Բայց բոլորն ալ կ՛ընդունին, որ ամենայն բան, որ կայ, եղած է եւ պիտի ըլլայ, գոյն է, որ ունի ծնելու իրաւունք եւ պիտի ունենայ նաեւ ապրելու պարտականութիւն: Ամէն գոյ օժտուած է գոյատեւելու եզակի պարտականութեամբ եւ յոգնակի իրաւունքներով: Ապրելու իրաւունքով ծնած մարդը առաջին իսկ օրէն պարտադրուած է կատարելու բազում պարտականութիւններ:

Բանական մարդ արարածը, հասկնալով, որ իրմէ բացի կ՛ապրին նաեւ այլ անձեր, զգացած է, որ ունի անոնց հետ հաղորդակցելու պահանջ, յետոյ այդ պահանջը դարձած է սովորութիւն, սովորութիւնը` կարօտ, կարօտը պարտադրանք, որ իրմէ չէր հեռանար, եւ այդ ամէնէն կը ծնէին նոր պահանջներ` ճանչնալու, ճաշակելու, վայելելու, տիրանալու ցանկութիւն եւ կիրք:

Հեղինակը կը շարունակէ ըսելով, որ վերը անծիր երկինքն էր, վարը` անեզր երկիրը, եւ մարդը հասկցաւ որ ինք այս բոլորին մէջ շատ աննշան հիւլէ է:Ան հասկցաւ, որ կայ նաեւ իրմէ անկախ, անիմանալի ոգեղէնութիւն, անհասանելի կատարելութիւն: Ան մտածեց գերհզօրի, գերիմաստունի, գերագոյնի մասին: փորձեց ստեղծել մտքի ուժով եւ ի վերջոյ գտաւ ոգեղէն աշխարհի իր Աստուածը:

Յարութիւնեան կ՛ըսէ, որ Հայր Աստուած երկիր ուղարկեց իր որդին` Քրիստոսը: Միածին որդին իջաւ երկիր` մարդոց մեղքերը սրբելու եւ չարագործները պատժելու, երկրի երեսէն անարդարութիւնը, պղծութիւնն ու անհաւասարութիւնը ջնջելու:

Սէրը պիտի փրկէր աշխարհը եւ Քրիստոս դարձաւ աղքատասէր եւ արդարասէր թագաւորը եւ անսահման կատարելութիւն ստեղծողը երկրի վրայ: Իսկ հայրն Աստուած երկինքի իր գահէն կը տեսնէր եւ կը հսկէր երկրաբնակներու վարքը եւ հնազանդութիւնը իր որդիին:

Ինչպէս երկինքը, այնպէս ալ երկիրը կ՛առաջնորդուին հաւասարակշռութեան նոյն կանոններով: Իշխողները քիչ են թուաքանակով, չիշխողները շատ: Ուրեմն, որպէսզի հաւասարակշռութիւն ըլլայ, կշիռքի վրայ իշխողները պէտք է ծանր կշիռք ունենան, անոնց կշիռքը անփոփոխ պիտի մնայ` ի հաշիւ իրենց իսկ ստեղծած օրէնքներու իմացութեան եւ իշխող ուժի առկայութեան. իսկ չիշխողները պէտք է թեթեւ կշիռք ունենան` ի հաշիւ իրենց չիմացութեան եւ անգիտութեան:

Մարդկութիւնը երազած է ստեղծել յաւիտենական շարժիչ: Սակայն կարելի է մտածել, որ այդ յաւերժական շարժիչը իշխողներու եւ չիշխողներու յարատեւ գոյամարտը եղած է: Մինչդեռ գիտութիւնը ապացուցած է, որ յաւերժական շարժիչ գոյութիւն չունի, ուրեմն եւ իշխողներու եւ չիշխողներու գոյամարտն ալ չի կրնար յաւերժ շարունակուիլ, քանի որ ոչ ոք եւ ոչ մէկ բան կրնան ստիպել մարդուն հրաժարելու աշխարհը կատարեալ դարձնելու իր երազանքէն: Հետեւաբար, երազանքն է այս մոլորակի յաւերժական շարժիչը: Եթէ չի կրնար ըլլալ յաւերժական շարժիչ, ուրեմն աշխարհի երեսէն վաղ թէ ուշ պիտի ջնջուին իշխողն ու չիշխողը:

Իսկ Հայաստան երկրի մասին ամէն հայ իր հոգիին մէջ պահած երազանքներ եւ տեսիլքներ ունի:

Մնացական Յարութիւնեան կ՛ըսէ, որ պետութիւններու կառավարիչները մէկ կողմէ չեն կրնար սանձել նիւթապաշտութեան մոլուցքը, միւս կողմէ` կը սարսափին ներսէն սպասուող վտանգաւոր դիմադրութենէն: Անոնց համար ամէնէն ընդունելի տարբերակը պատերազմներն են: Միայն 19-րդ դարու առաջին կիսուն պատերազմներու, շարունակուող սովի եւ աւերածութիւններու հետեւանքով Եւրոպայի բնակչութեան կէսը ոչնչացաւ: 20-րդ դարը աւելի ահեղ պատերազմներ, կոտորածներ տեսաւ: Տնտեսութեան 1950-ական տարիներու վերականգնման յաջորդեց նոր համաշխարհային ճգնաժամը: Սկսած ճգնաժամը կը շարունակէ խորանալ:

Հեղինակը կ՛ըսէ, որ այս ամէնուն պատճառը մեր անբաւարար աշխարհաճանաչողութիւնն է: Աշխարհ, որ հիմնուած է նիւթական (բնական), հոգեղէն (հասարակական) եւ ոգեղէն (մշակոյթ, բարոյագիտութիւն, կրօն) գիտութիւններու վրայ: Աշխարհաճանաչումը ամբողջական կ՛ըլլայ, եթէ զայն դիտարկենք գիտութեան այդ երեք ճիւղերու ներդաշնակ ու փոխկապակցուած զարգացման մէջ:

Մինչդեռ հիմա նիւթական գիտութեան ճիւղերը կը զարգանան վերելքով, իսկ հոգեղէն եւ ոգեղէն գիտութիւնները կը գահավիժին վայրէջքով: Հիմա ամէնուրեք կը տիրապետէ առեւտրական «մտածողութիւնը»: Վարչապետներ, նախարարներ կը նշանակուին, առանց նկատի առնելու անոնց մարդկային եւ մասնագիտական որակները, եւ կը գերադասուին անոնց «պիզնէս» մտածողութիւնը, խախտած է նիւթի եւ գիտակցութեան ներդաշնակութիւնը: Նիւթը կը գերիշխէ գիտակցութեան, գիտակցութիւնը կը զրկուի նիւթականութենէն:

Կ՛աղճատուի նաեւ ոգեկան աշխարհը, դասական կրօններուն զիրար հերքող փիլիսոփայութեան փոխարինելու ելած են աղանդները կամ սատանայապաշտութիւնը, որոնք կոչ կ՛ուղղեն պաշտել քաոսը եւ մերժել բարոյական աւանդական չափանիշները: Դասականի համարում ունեցող փիլիսոփաներու տիեզերական ոգիի տեսակէտէն, ուր ոգին կը նոյնացուէր Աստուծոյ հետ, եկեղեցականները նոր մարմին եւ զգեստ հագցուցած են: Անոնց մէկ մասը զԱստուած մարդացուցած է, կամ հակառակը` մարդը աստուածացուցած: Անոնց կարծիքով` Աստուած մարդը ստեղծած է իր նմանութեամբ, որպէսզի յետոյ մարդը ձգտի դառնալ Աստուած: Քրիստոս, Մոհամէտ, Յուդա սկիզբը մարդ եղած են, ինքնակատարելագործուած եւ վերածուած են Աստուծոյ: Այդպէս ալ ամէն մէկ մարդ ինքնակատարելագործուելով կրնայ դառնայ Աստուած:

Փոխակերպման կամ փոփոխութեան ենթարկուած է նաեւ ոգիի աշխարհի տարրերէն մէկը: Բարոյականութիւնը, ընտանիքի սրբութիւնը պահպանելու փոխարէն ազատութիւն կը տրուի մարդու ստորին հակումներուն ու կենդանական բնազդներուն: Հայրենասիրութեան ու բարոյականութեան չափանիշներուն կը փոխարինեն աշխարհաքաղաքացիութիւնը եւ բարոյական այլասերումը: Մարդու իրաւունքները կը չէզոքացուին կամ կը ստորադասուին պարտականութիւններէն:

Աշխարհի 7 միլիառ բնակչութեան մէկ միլիառը կը գտնուի սովամահութեան մէջ: Հարուստ փոքրամասնութիւնը կ՛իշխէ աղքատ մեծամասնութեան: Նիւթապէս բաւարարուած քաղաքացիներ ունեցող երկիրներուն մէջ ալ վիճակը նախանձելի չէ:

Մնացական Յարութիւնեան կ՛աւելցնէ ըսելով որ ներկան լաւ ճանչնալու համար կարեւոր է վերանայիլ եւ վերաիմաստաւորել անցեալը:

 

 

 

 

 

Հայրենի Կեանք

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

Սփիւռքի Նախարարը Այցելեց «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամ

Ճանաչողական եւ գործընկերային տրամադրութեամբ Հայաստանի սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեանը այցելեց «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամ:

Սփիւռքի նախարարը «Հայաստան» համահայկական  հիմնադրամի տնօրէնին` Արա Վարդանեանին ուղեկցութեամբ ծանօթացաւ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի աշխատակազմին եւ աշխատելաոճին: Արա Վարդանեանը սփիւռքի նոր նշանակուած նախարարին ներկայացուց «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի 26-ամեայ գործունէութեան պատմութեան:

Առանձնազրոյցէ ետք սփիւռքի նախարարը ընդգծեց, որ նախարարութիւն-հիմնադրամ գործակցութիւնը պիտի ընդլայնի, իսկ յառաջիկայ ծրագիրները հետագայ քննարկումներու գլխաւոր նիւթը պիտի դառնան: «Իմ պաշտօնավարումէս ի վեր մենք աւելի աշխուժ սկսանք համագործակցիլ եւ աշխատիլ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին հետ: Առհասարակ, յղացքային առումով, պետութիւն-հիմնադրամներ համագործակցութիւնը պէտք է նոր մակարդակի վրայ դրուին: Թէ՛ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը, թէ՛ սփիւռքի նախարարութիւնը եւ թէ՛ աշխարհասփիւռ համահայկական միւս կառոյցները ունին մէկ առաքելութիւն, այն է` Հայաստանի եւ Արցախի կայուն զարգացման ապահովումը: Հիմնադրամին հետ այս պահուն ուղղակի ծրագրային գործակցութեան քննարկում չենք ունեցած, բայց կրկնեմ` մեր նպատակը ընդհանուր է` կը ծառայենք նոյն գործին», նշեց նախարարը:

Սփիւռքի նախարարին` Մխիթար Հայրապետեանին հետ հանդիպման կարեւորութիւնը ընդգծելով, «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Արա Վարդանեանը նշեց, որ հանդիպումը անշուշտ կ՛ունենայ դրական արդիւնք: «Շուտով պիտի քննարկենք համագործակցութեան մասին ծրագիրներ: Բայց պէտք  չէ մոռնալ, որ մեր կառոյցները տարբեր գործառոյթներ ունին. նախարարութիւնը սփիւռքահայութեան դէպի Հայաստան բերելու, հայապահպանութեան հարցերով կը զբաղի, իսկ մենք կը զբաղինք դրամահաւաքով, թերեւս «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամն ալ ապագային սկսի նմանատիպ ոլորտներով աշխատիլ», ըսաւ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Արա Վարդանեանը: Ան աւելցուց, որ` «Կան ոլորտներ, որոնք հետաքրքրական են ե՛ւ մեզի, ե՛ւ նախարարութեան համար, խօսքը սփիւռքի գիտական ներուժի մասին է»:

Յիշեցնենք, որ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը իր 26 տարուան գործունէութեան ընթացքին իրականացուցած է աւելի քան 350 միլիոն ամերիկեան տոլար արժողութեամբ ծրագիրներ` Հայաստանի եւ Արցախի մէջ, 1100-է աւելի մեծ ծրագիրներ հայկական երկու հանրապետութիւններուն մէջ: «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը ունի 700 հազար նուիրատու` Հայաստանէն, Արցախէն եւ սփիւռքէն:

ԹՈՒՄՕ-ի Հիմնադիր Բարերարը Տեսակցեցաւ Վարչապետին Հետ

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան վերջերս ընդունեց ԹՈՒՄՕ ստեղծարար կեդրոնի հիմնադիր Սեմ Սիմոնեանը: Տեսակցութեան ընթացքին  քննարկուեցան ԹՈՒՄՕ կեդրոնի գործունէութեան, նոր նախաձեռնութիւններու եւ ծրագիրներու առնչուող շարք մը հարցեր:

Վարչապետը շեշտեց ԹՈՒՄՕ-ի գործունէութեան կարեւորութիւնը եւ նշեց, որ Հայաստանի կառավարութիւնը պատրաստ է աջակցելու Սեմ Սիմոնեանին գլխաւորած խումբի տարբեր ծրագիրներուն եւ նախաձեռնութիւններուն, որոնք ուղղուած են կրթութեան որակի բարձրացման եւ երիտասարդ սերունդի զարգացման:

Սիմոնեանը ողջունեց վարչապետին ներկայացուցած գաղափարը եւ տեղեկացուց, որ կը նախատեսեն ԹՈՒՄՕ  կեդրոններ հիմնել Փարիզի, Մոսկուայի, Թիրանայի, Պէյրութի, ինչպէս նաեւ Հայաստանի զինուած ուժերու տարբեր զօրամասերուն մէջ:

Այնուհետեւ Սեմ Սիմոնեանը անդրադարձաւ բարձրագոյն կրթութեան միջհամալսարանական կեդրոնի ստեղծման ծրագիրին, բարձրագոյն կրթութեան համակարգը բարեփոխումներու ենթարկելու իրականացման վերաբերող այլ հարցերու եւ նախաձեռնութիւններու:

Նոյն օրը Սեմ Սիմոնեանը իր կնոջ` Սիլվայի ընկերակցութեամբ ընդունուեցաւ Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեանի կողմէ: Նախագահ Սարգսեանը յայտնեց, որ ոգեւորուած է կեդրոնին գործունէութեամբ, եւ ԹՈՒՄՕ-ն այն փայլուն օրինակն է, որ անմիջականօրէն ցոյց կու տայ, թէ Հայաստան ո՛ր ուղղութեամբ պէտք է շարժի:

Չինաստան Շտապ Օգնութեան 200 Նոր Ինքնաշարժներ Պիտի Նուիրէ Հայաստանին

Երեւանի մէջ չինական դպրոցի կառուցման աշխատանքները ընթացքի մէջ են, իսկ աշնան մօտաւորապէս 200 շտապ օգնութեան նոր ինքնաշարժներ պիտի յատկացուին Հայաստանին: Ուրբաթ, 15 յունիսին, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ հանդիպման ընթացքին այս մասին յայտնեց Հայաստանի մէջ Չինաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Թիան Էրլուին:

Նիկոլ Փաշինեան ընդգծեց Հայաստանի եւ Չինաստանի միջեւ համագործակցութեան շարունակական զարգացման կարեւորութիւնը եւ շեշտեց, որ Հայաստանի կառավարութիւնը այդ հարցին մէջ ունի մեծ սպասելիքներ եւ ակնկալիքներ:

Թիան Էրլու իր կարգին նշեց, որ Չինաստան պատրաստ է ջանքեր գործադրելու` ընդլայնելու, խորացնելու եւ նոր մակարդակի բարձրացնելու երկկողմանի փոխշահաւէտ համագործակցութիւնը բոլոր ուղղութիւններով, ներառեալ` քաղաքական եւ տնտեսական: Դեսպանը աւելուց, որ եւրասիական տարածաշրջանին միանալու գործընթացները լաւ կարելիութիւններ կու տան` խթանելու տնտեսական փոխգործակցութիւնը եւ նշեց, որ այդ նպատակով անհրաժեշտ է շարունակել աշխատանքները:

Դեսպանը տեղեկացուց, որ ընթացիկ տարուան ընթացքին արդէն իսկ երկու երկիրներուն միջեւ արձանագրուած է առեւտրական շրջանառութեան ծաւալներու 41 տոկոսի աճ եւ հեռանկարային համարեց կապերու զարգացումը արդիւնաբերութեան, գիւղատնտեսութեան, ենթակառուցուածքներու զարգացման, զբօսաշրջութեան, տեղեկատուական արհեստագիտութեան եւ այլ ոլորտներէ ներս:

Իրանահայ Բժիշկները Անվճար Հետազօտութիւններ Կ՛իրականացնեն Արցախի Մէջ

«Թուֆենկեան» բարեգործական հիմնադրամին նախաձեռնութեամբ, Ստեփանակերտ եկած իրանահայ բժիշկները սկսած են անվճար հետազօտութիւններ իրականացնել:

Մանկաբուժ-սրտաբան Արամ Քոչարեանը ըսած է, որ առաջին օրը հետազօտութիւններ իրականացուցած են «Արեւիկ» մանկական բուժմիաւորումի մէջ:

«Արեւիկ» բուժմիաւորման մէջ զննած ենք աւելի քան 23 փոքրիկ: Այսօր կը հետազօտենք «Մօր եւ մանկան առողջութեան պահպանման կեդրոն»-ի այցելուները, իսկ վաղը պիտի աշխատինք Մարտակերտի շրջանային բուժմիաւորման մէջ: «Մօր եւ մանկան առողջութեան պահպանման կեդրոն»-ին մէջ մեր կողմէ իրականացած է պտուղի ներարգանդային սրտի զննում:

Կը կարծեմ` «Թուֆենկեան» բարեգործական հիմնադրամին կողմէ այս մէկը շատ կարեւոր քայլ է, որովհետեւ այցելութեան ընթացքին յղիները կարելիութիւն ունին հետազօտութիւնը անցնելու ուղղակի այստեղ», աւելցուցած է Ա. Քոչարեանը:

Իր հերթին, իրանահայ բժիշկ Ալֆրետ Աւագեանը նշած է, որ ուրախանալի է Արցախի մէջ տեսնել կատարելագործուած բժշկական անձնակազմ եւ արդի պահանջներուն համապատասխանող հիւանդանոցներ:

«Համոզուած եմ, որ այս պայմաններուն մէջ գտնուող Արցախի բժիշկները պիտի ապահովեն աշխատանքի շատ աւելի բարձր մակարդակ` նպաստելով բնակչութեան առողջական վիճակի կայունացման», ըսած է բժիշկ Աւագեանը:

«Արեգակնատենչ Հորիզոններ». Սփիւռքահայ Բանաստեղծուհի Սեւան Հանէշեան-Պետուրեանի Գիրքին Շնորհահանդէսը Երեւանի Մէջ

Քեսապահայ երիտասարդ գրող Սեւան Հանէշեան-Պետուրեանի բանաստեղծութիւններուն մէջ վառ կերպով կ՛արտայայտուի սէրը իր ծննդավայրին` Քեսապի, ինչպէս նաեւ Հայաստանի նկատմամբ: Հեղինակին «Արեգակնատենչ հորիզոններ» բանաստեղծութիւններու առաջին ժողովածուին շնորհահանդէսը տեղի ունեցաւ յունիս 15-ին, Հայաստանի Գրողներու միութեան յարկին տակ:

«Սեւանը ներկայիս կը բնակի Միացեալ Նահանգներ, բայց անոր ծննդավայրին` Քեսապի բառուբանը, բնանկարն ու էութիւնը առկայ են անոր ստեղծագործութիւններուն մէջ: Սեւանին գործերը կարդալով` կը տեսնես ժամանակակից աշխարհի մտածողութիւնը, ինչպէս նաեւ կը զգաս արեւմտահայ, արեւելահայ գրականութեան արձագանգները: Հետաքրքրական է նաեւ Սեւանի աֆորիզմային մտածողութիւնը», նշեց Հայաստանի Գրողներու միութեան նախագահ Էդուարդ Միլիտոնեանը:

Սեւան Հանէշեան-Պետուրեանը իր կարգին նշեց, որ մասնագիտութեամբ տնտեսագէտ է, բայց լեզուի հանդէպ իր ունեցած սէրը այնքան մեծ է, որ հայագիտութիւն ուսումնասիրած է: «Իբրեւ հայ երիտասարդուհի` սփիւռքի մէջ կը գիտակցինք` հողն է, որ կը պահէ մեր լեզուն: Շատերս կը փնտռենք մեր արմատները: Այս նպատակով ուխտագնացութիւն կատարեցի Արեւմտեան Հայաստան, տեսայ մեր դարաւոր վանքերը, եկեղեցիները, որոնք այժմ փլատակ են: Այդ ուխտագնացութիւնը մեծ ազդեցութիւն ունեցաւ իմ բանաստեղծութիւններուս վրայ», նշեց ան:

Յայտնենք, որ Սեւան Հանէշեան-Պետուրեանը ծնած է Քեսապ: Աւարտած է Լաթաքիոյ համալսարանի տնտեսագիտութեան բաժանմունքը: Երկամեայ ծրագիրով` Հալէպի մէջ հայագիտութիւն ուսումնասիրած է: Այնուհետեւ մեկնած է Միացեալ Նահանգներ: Անոր բանաստեղծութիւնները լոյս տեսած են Սուրիոյ եւ Լիբանանի մէջ հրատարակուող բազմաթիւ թերթերու մէջ: Հայաստանի մէջ անոր բանաստեղծութիւնները տպագրուած են «Գարուն» եւ «Նարցիս» հանդէսներուն մէջ:

Երեւանի Մէջ Տեղի Ունեցաւ Թաներ Աքչամի Գիրքին Շնորհահանդէսը

Յունիս 19-ին Երեւանի Արեւմտահայոց հարցերու ուսումնասիրութեան կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ թուրք յայտնի ցեղասպանագէտ Թաներ Աքչամի «Հայերու բռնի իսլամացումը. լռութիւն, ժխտում եւ ուծացում» աշխատութեան հայերէն թարգմանուած գիրքին շնորհահանդէսը, որուն ներկայ գտնուեցաւ Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանի հրաւէրով այդ օրերուն Երեւան գտնուող հեղինակը:

Յիշեցնենք, որ 2016 թուականին Երեւանի մէջ տպագրուած յայտնի թուրք պատմաբան Թաներ Աքչամի ներկայացուող գիրքը բաղկացած է երեք բաժինէ:

Առաջին բաժինին մէջ հեղինակը կը խօսի Թուրքիոյ մէջ Հայոց ցեղասպանութեան հարցով անաչառ կերպով զբաղելու անհնարին ըլլալու, այդ գործին մէջ իր կրած դժուարութիւններուն եւ պետութեան կողմէ իրեն դէմ կազմակերպուած հալածանքներուն մասին:

Երկրորդ բաժինին մէջ կը ներկայացուի Ա. Համաշխարհային պատերազմի ժամանակ օսմանեան բանակին մէջ ծառայած հայ սպայ Սարգիս Թորոսեանի յուշերուն թրքերէն հրատարակութեան շուրջ ծաւալած խտրական ու կողմնակալ քննարկումներու պատմութիւնը, որուն ընթացքին Թ. Աքչամի նկատմամբ դարձեալ սկիզբ կ՛առնէ զրպարտութիւններու, անհիմն մեղադրանքներու եւ հալածանքներու մեծ արշաւ մը:

Երրորդ բաժինին մէջ հեղինակը հարուստ փաստական հենքի վրայ կը ներկայացնէ հայերու բռնի իսլամացման եւ ուծացման քաղաքականութիւնը` 1915-1918 թուականներուն: Աքչամ պատմութեան քիչ յայտնի այս երեւոյթները կը գնահատէ` իբրեւ Հայոց  ցեղասպանութեան կառուցուածքային տարրեր:

Գիրքը թարգմանուած եւ հրատարակութեան պատրաստուած է Արեւմտահայոց հարցերու ուսումնասիրութեան կեդրոնին մէջ: Թարգմանիչն է թրքագէտ, պատմական գիտութիւններու թեկնածու Մելինէ Անումեանը, իսկ պատասխանատու խմբագիրը` հայագէտ, բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու Հայկազուն Ալվրցեանը:

Հաղորդենք, որ գիրքը թարգմանուած եւ տպագրուած է «Ժիրայր Նշանեան» հիմնադրամին հովանաւորութեամբ` ի յիշատակ 1915 թուականի Հայոց ցեղասպանութեան անմեղ նահատակներուն: Իսկ գիրքի թարգմանութեան եւ հրատարակութեան գաղափարը իրականացուած է Վիգէն արք. Այքազեանին ջանքերով:

Մշակոյթի Նախարարութիւնը «Ստեղծարար Հայաստան»-ին Հետ Պիտի Համագործակցի

Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան եւ «Ստեղծարար Հայաստան» («Creative Armenia») հիմնադրամին միջեւ ստորագրուած համագործակցութեան մասին յուշագիրը կարելիութիւն պիտի տայ բացայայտելու տաղանդաւոր արուեստագէտներ, նպաստելու անոնց հմտութիւններու զարգացման եւ դուրս բերելու զանոնք` դէպի միջազգային շուկայ:

Ուրբաթ, 15 յունիսին, մշակոյթի նախարարութեան մէջ յուշագիրը ստորագրեցին Հայաստանի մշակոյթի նախարար Լիլիթ Մակունցը եւ «Ստեղծարար Հայաստան» հիմնարկի տնօրէն Կարին Յովհաննէսեանը:

«Այս համագործակցութիւնը կը նպաստէ մշակութային ոլորտի թարմացման եւ նոր գաղափարներու ներմուծման: Այս նպատակով կ՛աշխատինք «Ստեղծարար Հայաստան» հիմնադրամին հետ: Հիմնադրամը չունի երկար պատմութիւն, բայց հիմնադրամին մէջ ներգրաւուած են մարդիկ, որոնց աշխատանքային փորձառութիւնը, մասնագիտացումը, մարդկային որակները թոյլ չեն տար ձախողիլ», նշեց Հայաստանի մշակոյթի նախարարը Լիլիթ Մակունցը:

«Այս յուշագիրը կը փաստէ, որ նախարարութեան հետ պիտի համագործակցինք տարբեր ուղղութիւններով, եւ նպատակը ստեղծարար արդիւնաբերութիւն ունենալն է: Կը փափաքինք գտնել տաղանդաւոր արուեստագէտներ եւ զանոնք հասցնել միջազգային շուկայ: Ո՛չ միայն կը տրամադրենք  ֆինանսական օգնութիւն, այլեւ` ամբողջ գործիքակազմ, որուն մէջ պիտի ներգրաւուին թէ՛ առեւտուրը, թէ՛ արհեստագիտութիւնը, թէ՛ շուկայադրման գործիքներ», ըսաւ Կարին Յովհաննէսեանը:

Յայտնենք, որ «Ստեղծարար Հայաստան»-ը հիմնուեցաւ մէկ տարի առաջ: Հիմնարկի անդամ են` Սերժ Թանքեանը, Արսինէ Խանճեանը, սփիւռքահայ յայտնի այլ արուեստագէտներ, որոնց գործունէութեան առանցքը կը հանդիսանայ հայ մշակոյթի վերածնունդը` աշխարհի տարածքին հայ տաղանդները բացայայտելու եւ անոնց նորարարական գաղափարներուն օժանդակելու ճանապարհով:

Հիմնարկը պարզապէս գումար չի տար արուեստագէտին, այլ կ՛օգնէ անոր կայացման, «արտադրութեան», համաշխարհային մշակութային հարթակի վրայ ներկայանալու ամբողջ գործընթացին:

 Հայաստանի Օդակայաններուն Մէջ Ուղեւորահոսքը 9,2 Տոկոսով Աճած Է

Հայաստանի երկու օդակայաններուն ուղեւորահոսքը 2018-ի յունուարէն մայիս ամիսները կազմած է 955 հազար 476 մարդ, որ 9,2 տոկոսով կը գերազանցէ նախորդ տարուան նոյն ամիսներուն ցուցանիշը: Այս մասին կը տեղեկացնեն Հայաստանի Քաղաքացիական օդանաւորդութեան գլխաւոր վարչութեան մամլոյ ծառայութենէն:

Ընթացիկ տարուան մայիսին Հայաստանի երկու օդակայաններուն մէջ ուղեւորահոսքը կազմած է 217 հազար 615 մարդ` 2017-ի նոյն ամսուան ցուցանիշը գերազանցելով 5,4 տոկոսով:

Մայիս 2018-ին, Երեւանի «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ ուղեւորահոսքը կազմած է 202 հազար 290 մարդ` 2,1 տոկոսով գերազանցելով նախորդ տարուան մայիս ամսուան ցուցանիշը:

2018-ի յունուարէն մայիս, 2017-ի նոյն ամիսներուն հետ համեմատած, «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ արձանագրուած է ուղեւորահոսքի 5,7 տոկոսի աճ:

«Զուարթնոց» օդակայանին մէջ 2018-ի յունուարէն մայիս ամիսներուն բեռնափոխադրումը կազմած է 6540 թոն: Նախորդ տարուան նոյն ամիսներուն ցուցանիշը կազմած է 9341 թոն:

Մայիս 2018-ին Գիւմրիի «Շիրակ» օդակայանին մէջ ուղեւորահոսքը կազմած է 15 հազար 325 մարդ: 2017-ի նոյն ամսուան ուղեւորահոսքը կազմած է 8240 մարդ:

«Շիրակ» օդակայանին մէջ 2018-ի յունուարէն մայիս ամիսներուն ուղեւորահոսքը կազմած է 59 հազար 350 մարդ, իսկ նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածին` 27 հազար 429 մարդ:

«Զուարթնոց» եւ «Շիրակ» օդակայաններուն մէջ 2018-ի յունուարէն մայիս ամիսներուն, նախորդ տարուան նոյն ամիսներուն հետ համեմատած, 11,5 տոկոսով աճած են նաեւ թռիչք- վայրէջքները:

 

 


Գոհաբանական Պաշտամունք` Նուիրուած Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան 100-ամեակին

$
0
0

Հարիւր տարիներ առաջ, քրիստոնէական տեսլականով եւ հաւատքով տոգորուած հայորդիներ, իրենց օգնութեան ձեռքը երկարեցին hայ ժողովուրդի կոտորակուած բեկորներուն` Ամերիկայի մէջ հիմնադրելով ԱՀԱ ընկերակցութիւնը: Դար մը ամբողջ Աւետարանչականը սատարեց մեր ժողովուրդի բարօրութեան, յատկապէս կառուցելով եկեղեցի եւ դպրոց: Նախ` երկիր կորսնցուցած հայուն գոյութեան, կրթութեան եւ զարգացման նպաստեց, աւելի ուշ` հայրենաբնակ կարիքաւորին:

Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան կազմակերպութեամբ, կիրակի, 3 յունիս 2018-ին, երեկոյեան ժամը 5:00-ին, Պէյրութի Հայ Աւետարանական առաջին եկեղեցիին մէջ տեղի ունեցաւ Գոհաբանութեան պաշտամունք` Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան 100-ամեակին առիթով:

Փառաբանութեան աղօթքով հանդէս եկաւ վեր. Հրայր Չոլագեան: Ապա ժողովուրդը հրաւիրեց, որ «Փառք եւ պատիւ» փառաբանութեան հոգեւոր երգեն: Հայ աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան երկրորդական վարժարանի աշակերտներ Րաֆֆի Մինասեան եւ Լիլիթ Յովհաննէսեան ընթերցեցին Սաղմոս 96-ը փոխասացութեամբ: Այնուհետեւ Հայ աւետարանական վարժարաններու միացեալ աշակերտական երգչախումբը ներկայացուց «Թուէ՛օրհնութիւններդ», «Alleluia, Hallelujah» եւ Զաքար Քէշիշեանի յօրինած «Ապրիլ, կրկին ապրիլ» երգերը` խմբավարութեամբ Նեկտար Փալազեանի եւ դաշնամուրի նուագակցութեամբ Մարիա Բարսեղեանի:

Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան կողմէ ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Կեդրոնական մարմինի ատենապետ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան: Ան արժեւորեց աւետարանչականին բարերար ներկայութիւնը, որ զգալի եղած է բոլորին կողմէ. յատկապէս մեր եկեղեցիները, դպրոցները եւ ժողովուրդը յաճախ ճաշակած են անոր հոգատարութիւնը, առանց բարձրաձայն յայտարարութեան:

Ան դիտել տուաւ, որ Աւետարանչականը 100 տարիէ ի վեր ծառայած է հայերուն եւ երբեմն ոչ հայերուն բազմաթիւ երկիրներու մէջ, բայց մանաւանդ Միջին Արեւելքի մէջ: Ուժ, ժամանակ եւ միջոցներ թափած են անոնք,«որպէսզի մեր հաւատացեալ համայնքները աշխարհի բոլոր անկիւններուն մէջ բարգաւաճին հոգեպէս, ֆիզիքապէս եւ մտաւորապէս: Աւետարանչականը ժամանակի ընթացքին սորված է, թէ ո՛չ միայն պէտք չէ յանձնուիլ ցաւին, այլ նաեւ պէտք է առիթներ ստեղծել դուրս գալու նեղութենէն` հիմնուելով Քրիստոսի բարի լուրին վրայ»:

Ապա Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան խօսքը արտասանեց գործադիր տնօրէն Զաւէն Խանճեան: Ան ըսաւ, որ` «իբրեւ հաւատացեալ չեմ կրնար ինքզինքս սահմանափակել եւ ապաստան մը գտնել փրկութեան խոստումին մէջ` առանց հետապնդելու Քրիստոսի զոհաբերութիւնը, սէրը, հանդուրժողութիւնը եւ կարեկցութիւնը: Քաջութիւնը բաժին մըն է մեր առաքելութեան մէջ: Կը խոնարհիմ յիշատակին առջեւ հերոսներու եւ հերոսուհիներու յիշատակին, որոնք պայքարեցան եւ նահատակուեցան Հայաստանի Ա. հանրապետութեան շրջանին` 1918-ին: Նոյնպէս կը յարգեմ մեր երիտասարդներու առանց ուժի պայքարը Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակին վրայ, աւելի ուրախ եւ արդար հայրենիք մը ունենալու նպատակով: Կ՛ողջունեմ նաեւ այն պայքարները, որոնք կը միտին պահպանել կրթութեան լուսաւորութիւնը Միջին Արեւելքի մէջ եւ աշխարհի ամբողջ տարածքին մարդկային իրաւունքներու պահպանումը»: Խօսքի աւարտին ան ըսաւ, որ «մինչ մենք կը տօնենք Աւետարանչականի 100-ամեակը եւ կը փառաբանենք Աստուծոյ հաւատարմութիւնը,կը պահպանենք մեր լուծը եւ իմաստութեամբ կը զարգացնենք, այն ինչ որ ժառանգած ենք բոլոր կողմերով»:

Այնուհետեւ «Արմիս» երգչախումբը, խմբավարութեամբ վեր. Նշան Պագալեանի եւ դաշնամուրի նուագակցութեամբ Մաթիլտ-Սանտրա Չոլագեանի, ներկայացուց վեր. Ներսէս Պալապանեանի «Երկինքը մեր աստղազարդ» երգը, ուր մեներգեց Կասիա Տանաօղլեանը, իսկ Լոռի Պիլալեանը սրինգով ընկերակցեցաւ:

Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան խօսքը արտասանեց նախագահ տոքթ. Նազարէթ Տարագճեան: Ան ըսաւ, որ հիմնադիրները «տասնեակ հազարաւոր մղոն հեռու կը գտնուէին հայրենի հողերէն եւ Միջին Արեւելքի գաղթօճախներէն», սակայն «անոնց հայեացքը ուղղուած էր դէպի Արեւելք: Անոնց նպատակն էր նորոգել եւ վերաշինել մեր փլատակ եկեղեցիներն ու դպրոցները եւ ամուր պահել մեր դարաւոր քրիստոնէական հաւատքը: 1918-ին… այն ընտանիքները, որոնք հրաշքով իրենց կեանքը պահած էին, ցիրուցան եղած էին աշխարհի տարածքին` հացի եւ ջուրի կարօտ… (եւ) հարց տուին «Ո՞ւր է մեր Տէրը , ո՞ւր են(անոր) խոտաւէտ արօտները»: Ազգ մը ամբողջ իր կեանքը մահուան շուքին ձորին մէջ դրաւ… շատ դժուար էր այդ պայմաններուն մէջ Աստուծոյ ներկայութիւնը զգալ: Բայց հասաւ Աստուծոյ օգնութիւնը»: Տոքթ. Տարագճեան աւելցուց, որ` «հազարաւոր մանուկներ փրկուեցան շնորհիւ մարդասէրներու, արեւմուտքէն եկած միսիոնարներուն. առիթ տրուեցաւ,որ ցիրուցան եղած հայ ժողովուրդը անգամ մը եւս ոտքի կանգնի. գաղթականները շինեցին տուն, դպրոց, եկեղեցի եւ պահեցին Միջին Արեւելքը»:

Ան նշեց, որ` «Քրիստոնեայ եկեղեցիին պատասխանատուութիւնները չորս պատերուն մէջ չեն գտնուիր եւ ոչ ալ անոր թաղային սահմաններուն մէջ. առողջ եւ կայտառ եկեղեցւոյ մը առաւելութիւնը դուրս կու գայ եկեղեցւոյ շրջագիծէն եւ քաղաքի սահմաններէն, կ՛անցնի օգնութիւն հասցնելու պատերազմէն փախուստ տուած ընտանիքի մը, վերաշինելու այրած եւ փլած եկեղեցի մը, դաստիարակելու ազգի զաւակները եւ անոնց սրտին մէջ դրոշմելու Քրիստոսի սէրը»:

Աստուածաշունչէն Մատթէոսի 25.31-40 ընթերցեց Աւստրալիոյ Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան նախագահ վեր. դոկտ. Գրիգոր Եումուշագեան: Ապա «Արմիս» երգչախումբը ներկայացուց Հենտըլի «Great Lord God, ThyKingdom Shall Endure» երգը, որ մեծապէս գնահատուեցաւ ներկաներուն կողմէ:

Օրուան պատգամը փոխանցեց ՄԱՀԱԵՄի նախագահ վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեան: Ան անդրադառնալով Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան հիմնադրութեան օրերուն եւ պայմաններուն, նշեց. «Մեր ազգը կարիքը ունէր օգնողի. այդ վիճակի մէջ օգնութիւն եւ հոգածութիւն հասաւ մեր ազգի մնացորդներուն օտարներէն, որոնց միշտ երախտապարտ պիտի մնանք որպէս ազգ: Սակայն օգնութեան եւ հոգածութեան որակը իրապէս բարձրացաւ մեր ազգին մէջ շնորհիւ իր կառոյցներուն. այդ կառոյցներէն մէկն է Հայ աւետարանչական ընկերակցութիւնը, որ հիմնուեցաւ յունիս 1918-ին Ամերիկայի արեւելեան նահանգներու Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան համաժողովին մէջ առնուած որոշումով:

«100 տարիներու վրայ տարածուող աւետարանչութեան քրիստոնէական եղբայրական ծառայութիւնը Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան կեանքին առաջին 100 տարիներու պատմութիւնը մեզի համար կը ներկայացնէ Աստուծոյ գործը մեր մէջ:

«Ասիկա Աստուծոյ գործին մեզի տեսանելի մասն է միայն: Աստուծոյ իրական գործը, Աւետարանին գործը անտեսանելի է, անչափելի է, անգնահատելի է: Աւետարանին խօսքը նեղութեան մէջ եղող կարիքաւորին մասին է: Սակայն տեսանելի ըլլալէն շատ անդին կ’երթայ, ինչ որ ծածկուած կը մնայ մանաւանդ բարիք գործողին աչքին: Իրապէս բարիք գործողը չի գիտակցիր իր գործած բարիքին տարողութեան»:

Խօսքի աւարտին ան ըսաւ. «Ո՞վ կրնայ գիտնալ եւ արձանագրել, թէ մեր ըրած մէկ բարիքը ի՞նչ ազդեցութիւն պիտի ունենայ զայն ստացողին ամբողջ կեանքին ընթացքին եւ այդ կեանքէն ալ անդին անոր ընտանիքին եւ յաջորդ սերունդներու կեանքին մէջ: Բարի գործին իսկական գնահատական տալ մարդկօրէն պիտի չկրնանք: Բարիին իսկական արժէքը Ամենաբարին միայն կրնայ ճանչնալ»:

Աւարտին ժողովուրդին կողմէ երգուեցաւ «Աստուած իմ, երբ հոգիս նայի» նուիրման երգը, ապա գոհաբանութեան աղօթքով հանդէս եկաւ Սուրիոյ Հայ աւետարանական համայնքապետ վեր. Յարութիւն Սելիմեան, ուժ եւ կարողութիւն խնդրելով Աւետարանչականի Աստուածահաճոյ գործին շարունակութեան համար` թէ՛ հայրենիքին եւ թէ՛ ալ Սփիւռքին մէջ: Այնուհետեւ «Արմիս» երգչախումբը ներկայացուց Կոմիտասի «Քրիստոս ի մէջ» շարականը եւ Արմիսի «Աղօթք Տէրունական»-ը:

Վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեանի օրհնութեան աղօթքով վերջ գտաւ գոհաբանութեան այս յատկանշական պաշտամունքը:

Կաթողիկոսարանի Հայագիտական Կեդրոնի Առաջին Հունձքը

$
0
0

Նախագահութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին, երեքշաբթի, 12 յունիս 2018-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքին մէջ տեղի ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կրթական-հայագիտական բաժանմունքին Հայագիտական կեդրոնին առաջին շրջանաւարտներուն վկայականաց բաշխումը:

Ի դէպ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ անձնապէս նորին սրբութեան` արեւմտահայերէնի հանդէպ յատուկ հոգածութիւնը 2012-2013 տարեշրջաններուն թարգմանուեցաւ արեւմտահայերէնի խտացեալ դասընթացքներու ստեղծմամբ, որ ապագային վերածուեցաւ հայրենագիտական նիւթերու դասընթացքի, իսկ ներկայիս կը գործէ որպէս Հայագիտական կեդրոն: Նշենք, որ այս ծրագիրին առաջին երեք տարիներուն ղեկավարն էր հանգուցեալ Սարգիս Կիրակոսեանը, իսկ յաջորդող տարիներուն` Ժիրայր Դանիէլեանը:

Շրջանաւարտներուն սրահ մուտքէն ետք, ձեռնարկին հանդէս եկաւ կեդրոնի տեսուչ Ժիրայր Դանիէլեանը: Ան հակիրճ տողերու մէջ ներկայացուց Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ոդիսականը, որ Անթիլիաս հաստատուելէն ետք, իր առաքելութիւնը, ամէն բանէ վեր, ամփոփած է հայ ինքնութեան պահպանման ու ծաղկման մէջ: Տեսուչը յայտնեց, որ ինչպէս կաթողիկոսութեան բոլոր գահակալները, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը եւս կարեւորած է հայ մշակոյթն ու գրականութիւնը: Ան թուեց նորին սրբութեան նախաձեռնած բազմաթիւ կոթողական հրատարակութիւնները, համագումարներն ու գիտաժողովները` հասնելով մինչեւ արեւմտահայերէնի պաշտպանութեան յանձնախումբի կազմութեան: Ժիրայր Դանիէլեանը իր խօսքը աւարտեց` վերոնշեալ ծրագիրներու ծիրին մէջ ներկայացնելով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կրթական-հայագիտական բաժանմունքին Հայագիտական կեդրոնը` նշելով, որ 2012 թուականէն ի վեր աւելի քան 100 ուսանողներ մասնակցած են ծրագիրին, եւ այս տարի, առաջին անգամ ըլլալով, ծրագրուած եռամեայ դասընթացքները յաջողութեամբ աւարտած 13 ուսանողներ կը ստանան իրենց վկայականները: Ան յայտնեց, որ դասընթացքներուն առաջին հունձքը կը հանդիսանան եռամեայ դասընթացքին հետեւող ուսանողները, որոնք ամբողջացուցած են, ի շարս այլոց, հայոց լեզուի, մատենագրութեան, գրականութեան, եկեղեցագիտութեան, հայ արուեստի, հայոց պատմութեան, Հայ դատի եւ մանուկի հոգեբանութեան դասընթացքները: Ուսանողները դասախօս ունեցած են լիբանանահայ գաղութէն մանկավարժներ, ինչպէս նաեւ, վերջին երկու տարիներուն, Հայաստանէն ժամանած հիւր մասնագէտ դասախօսներ:

Շրջանաւարտներուն անունով ուղերձ կարդաց Մարալ Ղարիպեանը: Վկայակոչելով վեհափառ հայրապետին առաքելութեան գիծը, որ Հայ եկեղեցին կը դարձնէ նաեւ հայրենիք ու մշակոյթ, շրջանաւարտներուն անունով շնորհակալութիւն ու երախտագիտութիւն յայտնեց նորին սրբութեան ընծայած առիթին եւ ուխտեց հետեւիլ հայրապետին օրինակին ու գուրգուրալ հայոց ոսկեղինիկին:

Աւարտին, Արամ Ա. կաթողիկոս տուաւ իր հայրապետական պատգամը: Վեհափառ հայրապետը  լուսարձակի տակ առաւ հայագիտութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրները եւ յայտնեց, որ հարկ է բաց միտքով տեսնել մեր թերութիւններն ու բացթողումները, որպէսզի կարենանք սրբագրել զանոնք: Ան ըսաւ, որ մեր կեանքին մէջ հայագիտական մարզը լուսանցքայնացած է եւ անհրաժեշտ նախանձախնդրութիւնը չի ցուցաբերուիր բարելաւելու համար այս մարզը: Այս առնչութեամբ հայրապետը շեշտեց, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը յատուկ հոգածութեամբ  կը ծաւալէ իր աշխատանքները հայագիտութեան ոլորտին մէջ, ոչ միայն հայագիտական դասընթացքներու ընդմէջէն, այլ նաեւ` հրատարակութիւններու, դասախօսութիւններու, խորհրդաժողովներու եւ շարք մը այլ ծրագիրներու ճամբով: Նորին սրբութիւնը հաստատեց, որ յառաջիկայ տարիներուն Հայագիտական կեդրոնը ա՛լ աւելի պիտի ծաղկի, եւ կոչ ուղղեց հայագիտութեան վրայ գուրգուրացող հայորդիներուն` մաս կազմելու այս ծրագիրին:

Ձեռնարկին գեղարուեստական բաժինին իրենց մասնակցութիւնը բերին դպրեվանքի սարկաւագներէն Կարապետ Պալեանը (Մուշեղ Իշխանի «Գիրքեր սիրելի» ասմունքով) եւ Կարապետ Էօրտէքեանը (Գառնիկ Ադդարեանի «Հայաստան» ասմունքով) եւ դպրեվանքի սաները` «Կիլիկիա» քայլերգով:

Դէպի Հունոտի Կիրճ` Աւելի Անվտանգ Ճանապարհով

$
0
0

Այսուհետեւ Արցախի Հունոտի կիրճ արգելոցի տարածքով դէպի «Զոնտիկներ» անունով յայտնի մամռոտ ջրվէժ հասնիլը տեղացիներու եւ զբօսաշրջիկներու համար առաւել դիւրին,  արագ ու անվտանգ պիտի ըլլայ: Հայ լեռնագնացներու միութեան (Armenian hikes association) ջանքերով գետին վրայէն անցնելու համար տեղադրուած փայտերը փոխարինած է աւելի հաստատուն փայտէ կամուրջ, որուն բացումը կատարուեցաւ յունիս 17-ին: Նոր կամուրջի բացման ներկայ էին Արցախի Հանրապետութեան մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարար Սերգէյ Շահվերդեանը, Հայ լեռնագնացներու միութեան անդամներ, Արցախի Հանրապետութեան մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան աշխատակիցներ, զբօսաշրջիկներ:

Արցախի Հանրապետութեան մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարար Սերգէյ Շահվերդեանի համաձայն, Հունոտի կիրճի ճամբուն բարեկարգումը իրականութիւն դարձաւ հասարակական ուժերով` Հայ լեռնագնացներու միութեան, կամաւորներու, աշխատակիցներու ջանքերով: «Ինչքան բարեկարգենք, աւելի յարմարաւէտ դարձնենք բնապատմական արգելոցը, այնքան կ՛աւելնայ այցելուներու թիւը, բնականաբար, կ՛աւելնան նաեւ խնդիրները եւ աւելի մեծ ջանքեր պէտք է ներդնել բնութեան անաղարտութիւնը պահպանելու համար», նշած է Սերգէյ Շահվերդեանը:

Հայ լեռնագնացներու միութեան հետ նախարարութեան համագործակցութիւնը նոր չէ, ամբողջ Արցախով այժմ հետիոտնային ճանապարհի բարեկարգման աշխատանքներ կ՛ընթանան, ասոր միայն մէկ մասն է Հունոտի կիրճի ծրագիրը:

Հայ լեռնագնացներու միութեան ներկայացուցիչ Գէորգ Գասպարեան նշած է, որ բարեկարգման գաղափարը ծագած է անցած տարի` Թելման Ալթունի վազքէն, երբ Թելման հասած էր Հունոտի կիրճ եւ խոստացած, որ կամուրջներու հարցը լուծուի: «Այսօր առաջին կամուրջը արդէն պատրաստ է: Կը ծրագրենք Շուշիէն մինչեւ Քարինտակ հատուածը երեք կամուրջ կառուցել: Բացի ատկէ, ծայրէ ծայր բարելաւուած է ամբողջ արահետը, դժուարանցանելի հատուածները փոխուած են, նոր արահետներ կառուցուած են», մանրամասնած է Գէորգ Գասպարեան` աւելցնելով, որ առաջին հերթին այցելուներու անվտանգութեան հարցը կը լուծէ, ինչ որ իր հերթին հետագային աւելի շատ այցելուներ կը բերէ տուեալ տարածք: Ըստ անոր, կատարուած աշխատանքը ունի նաեւ բարեզարդման միտում, մերուած է բնութեան հետ: Ան նշած է, որ երկու ամսուան ընթացքին պիտի աւարտին բոլոր աշխատանքները, որոնցմէ ետք պիտի ունենան  իտէալական արշաւային երթուղի:

Հունոտի կիրճի բարեկարգման եւ կամուրջներու տեղադրման աշխատանքները իրականացուած են Հայ լեռնագնացներու միութեան ֆինանսաւորմամբ, որուն մեծ մասը գոյացած է Թելմա Ալթունի մարաթոնէն:

Կամուրջի վրայէն անցած է Հայ լեռնագնացներու միութեան Հունոտի կիրճ այցելած տասնեակ անդամներէն մէկը` Լոս-Անճելըսէն Ռոբերտ Ազարեանը, որ որպէս կամաւոր մասնակցած է կամուրջի կառուցման աշխատանքներուն, մեծ ուրախութիւն ապրած է տեսնելով արդէն պատրաստ անցուղին: Ան յոյս յայտնած է, որ բարեկարգուած ճանապարհը կը նպաստէ այցելուներու  թիւի աճին:

«Մամուլ» Եւ Մենք

$
0
0

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

«Մամուլ» եւ մենք` ծերացած մոլորակի բնակիչներ` բոլոր միջօրէականներու եւ զուգահեռականներու, կարեւորներ եւ շարքայիններ, ղեկավարներ եւ մի ոմն lamda քաղաքացիներ:

Ամէն օր, որ կ’անցնի, կը շեշտուին լայն առումով «մամուլ»-ի դերը եւ ազդեցութիւնը ընկերային-քաղաքական կեանքի բոլոր ոլորտներուն մէջ, լրատուամիջոցը ըլլայ` դասական տպագիր, ձայնասփիւռ, հեռատեսիլ, ելեկտրոնային-համացանցային:

Ազատութիւն, այլազանութիւն, չարախօսութիւն, որակ եւ անորակ` կը գոյակցին խառնիճաղանճային կացութեան մը մէջ, յաճախ շուարումի կը մատնեն քաղաքացին, ընտրողը, գնողը, թոշակառուն կամ տանտիկինը: Այսինքն սկզբունքային օգտակար իրատեսութեան կողքին կը գտնենք` շահախնդրութիւնը, քարոզչութիւնը, աննպատակ ցնցողը եւ ուշագրաւը:

«Մամուլի դեր»-ի մասին ո՛չ առաջին եւ ո՛չ ալ վերջին կարծիք յայտնողը պիտի ըլլամ: Մէկ բան որոշ է.  ներկայ դրութեամբ հանրային ծառայութեան իր իրաւ կոչումէն հեռանալու մնայուն փորձութեան ենթակայ է «մամուլ»-ի մէկ թեւը` դեռ հասկնալի թիւրէն եւ թերիէն անդին, գիտակցաբար շահախնդրութիւններու եւ կողմնակալութիւններու տիղմին մէջ խրելու համար:

Այս հարցով ֆրանսացի մեծ գրողը` Ալպեր Քամիւ հետաքրքրական միտքեր յայտնած է, որոնք մտածելու պէտք է մղեն ընթերցողը, ձայնասփիւռի լսողը եւ հեռատեսիլի դիտողը, նաեւ` նոյնինքն մամուլի աշխատաւորները: Առանց լուսաբանուելու եւ մտածելու, ինչ որ կը քարոզենք որպէս ազատութիւններ եւ ժողովրդավարութիւն, կը դառնան փուչիկ: Մեր նմանները կը խաբենք, կամ ուրիշներ մեզ կը խաբեն` հաւասարութեան եւ ազատութեան կրկներեւոյթին մառախուղին մէջ:

Իմաստուն դատումներու եւ միտքերու հետ հաղորդուելով` կրնանք մեր ճամբան աւելի լաւ լուսաւորել, իրատես ըլլալ, մենք մեզի խնայել սխալելու տխրութիւնը: Քայլ մըն ալ անդին երթալով` մեր հաւասարները եւ հեռուի ու մօտի բարեկամները եւ նուազ բարեկամները կրնանք լուսաբանել: Այս ընթացքը հանրային դաստիարակութիւն է, յառաջդիմութեան ազդակ, թերեւս նաեւ` խաղաղութեան:

Կ’ուզեմ խորհրդածել` ընթերցողն ալ հրաւիրելով նոյնը ընելու, Ալպեր Քամիւի երկու միտքերուն շուրջ: Ան մեր օրերու «մամուլ»-ի «ազատութեան», անիշխանութեան եւ խառնիճաղաճանճային պատկերը չէր տեսած, բայց իրաւ իմաստունի պէս նախազգացած էր:

Կ’ըսէ. «Թերթ մը ազգի մը խիղճն է»:

Թերթը պէտք է հասկնալ «մամուլ»` իր բոլոր արտայայտութիւններով:

Այս խիտ տարազումը կարելի է ընդհանրացնել եւ ըսել, որ թերթը մարդու խիղճի արտայայտութիւնն է պատմութիւն հիւսող անմիջական ներկայ ժամանակին մէջ, ուր կան` մարդը, ազգը, ընկերութիւնը, հեռուի եւ մօտի միւս ժողովուրդները, ներառեալ` կրօնները, կուսակցութիւնները, պետութիւնները, բոլոր այն կազմակերպութիւնները, որոնք թերթ կը հրատարակեն, որոնք կը ձգտին լուսաբանել կամ առաջնորդել:

Երբ մամուլը դադրի մարդու խիղճի արտայայտութիւն ըլլալու իր կոչումին հնազանդելէ, կը դառնայ ապատեղեկատուութիւն, այսինքն կը դադրի ծառայելէ ճշմարտութեան եւ հանրութեան, կը ծառայէ չարաշահումներու, կեղծիքի, չի յարգեր ընթերցողը եւ մարդը ընդհանրապէս:

Թերթը խիղճ ըլլալու համար մարդկային եւ համամարդկային որոշ արժէքներու բեմ պէտք է ըլլայ եւ անոնց զինաթափ չեղող պահակը` այդ նպատակի իրականացման մօտեցնելով ընթերցողը, ազգը, մարդը, որոնք ըսուածը որպէս իրենց հարազատութիւնը պէտք է ընդունին, իրենք զիրենք տեսնեն անոր մէջ` իրենց յարգելի տարբերութիւններով:

Երկու պարզ ակնկալութիւններ. հասկնալ եւ հարազատ: Ալպեր Քամիւ ինք մեծ մտաւորական էր եւ հասկցած էր որ բոլոր ընթերցողները մտաւորականներ չէին, ինչ որ յաճախ կը մոռնանք, երբ էջ կը սեւցնենք կամ հերցեան ալիքները կը զբաղեցնենք:

Ալպեր Քամիւ կ’ըսէ հետեւեալը. «Անոնք, որոնք յստակութեամբ կը գրեն, ընթերցողներ ունին, անոնք,  որոնք խրթնութեամբ կը գրեն մեկնաբանողներ ունին»: Այսինքն խրթնութիւնը կը համարուի բանգիտութեան դրօշակ, եւ մեկնաբանողները կը ծուարին անոր տակ:

Շաւարշ Նարդունի աւելի պարզութեամբ կ’ըսէր, որ կատուին կատու պէտք է ըսել:

Այսինքն որպէս խիղճի արտայայտութիւն` պէտք է ըլլալ ուղղամիտ, առարկայական, անխարդախ ունենալով ճշմարիտը եւ հանրային ծառայութիւնը որպէս նպատակ, չըլլալ «տէրերու ձայն»-ը, միաժամանակ ընդունելով, որ ոչ ոք ճշմարտութեան մենաշնորհը ունի, այսինքն պէտք է գիտնալ հանդուրժել ուրիշներու կարծիքը, քաջութիւնը ունենալ ըսելու մեր խօսակիցին կամ ընդդիմախօսին` «Դուն ալ իրաւունք ունիս», կամ` «Ես ալ կրնամ սխալած ըլլալ»:

Վոլթեր կ’ըսէր, որ կրնամ համաձայն չըլլալ քեզի հետ, բայց պատրաստ եմ կեանքս տալու, որ Դուն կարծիքդ  յայտնես:

Ամէն անգամ որ մամուլի մէջ` թերթ կամ հեռատեսիլ, կարդամ կամ լսեմ ազատօրէն արտայայտուող տարբեր կարծիքներ, կը խորհիմ, որ ընկերութիւնը ինքզինք կը մաքրէ եւ կը յառաջդիմէ:

Որպէսզի Ալպեր Քամիւի խօսքը գեղօր չըլլայ աւուր պատշաճի ճառեր զարդարելու, ըլլայ իրապէս ազգի կամ հաւաքականութեան խիղճ, մամուլին եւ լրագրողին պէտք է ընձեռել իր անկախութիւնը, ազատութիւնը: Երբ «մամուլ»-ը կը հակակշռուի զանազան ուժերու կողմէ` պետութեան, դրամատէրերու, քաղաքական այս կամ այն ուժին կողմէ, ենթակայ կ’ըլլայ կորսնցնելու իր խիղճը, հետեւաբար կրնայ ինքզինք դատապարտել անվերականգնելի հակասութեան:

Այս մտածումներու լոյսին տակ, մեր պատմութեան վերականգնումներու ներկայ փուլին, Հայաստան եւ սփիւռքներ «մամուլ»-ը պէտք է վերանուաճէ իր խիղճ ըլլալու ազգային եւ մարդկային դերը, եթէ խոշոր բառերը կը սիրէք` նախախնամական դերը կամ առաքելութիւնը…

Խիղճ ըլլալու համար հոգեպէս ազատ պէտք է ըլլալ եւ ազատութեան հաւատալ: Ազատութեան սահմանափակումը ստրկատիրութեան սկիզբն է:

13 յունիս 2018, Աթէնք

 

 

Ազգային Ինքնութիւն Եւ Քննական Մտածողութիւն

$
0
0

ՇԱՂԻԿ Գ. Խ. 

Մեր անհատական թէ հաւաքական կեանքի տարբեր ոլորտներու մէջ անհատներու թէ կազմակերպութիւններու արարքներու մեկնութիւնն ու վերլուծումը, շատ յաճախ, կ՛ընդգրկէ հետեւողականօրէն եւ սպառիչ ձեւով գործածուող «ազգային ինքնութիւն եզրը»: Այսպէս, անպաշտօն խօսքեր կամ պաշտօնական ելոյթներ, կանոնաւոր ձեւով կ՛օգտագործեն ազգային ինքնութիւն եզր-յղացքը, նշում կ՛ընեն անոր մասին, անոր կազմաւորումը կը նկատեն առաքելութեան առանցքը եւ անոր անխաթար պահպանման կը վերագրեն իրենց գոյութեան եւ գործունէութեան էութիւնը ամբողջ:

Իրաւամբ եւ արդարացիօրէն, այս մէկը միութենական եւ կուսակցական հաւաքական կեանքին, կրթական հաստատութիւններու, մշակութային միութիւններու եւ տարաբնոյթ կազմակերպութիւններու առաքելութիւնն է միանգամայն եւ այդպիսին պէտք է ըլլայ անկասկած: Սակայն արդեօ՞ք այս յղացքին, մարդու կազմաւորման այս էական մարզի սահմանումը ի՞նչ չափանիշներէ մեկնած կատարուած է, անոր առողջ կազմաւորման համար ի՞նչ նախապայմաններ նկատի առնուած են եւ ինչպիսի՞ աշխատանքներու ձեռնարկուած է: Չի բաւեր ազգային ինքնութեան կազմաւորումը նկատել առաջնահերթութիւն: Սոյն առաջնահերթութիւնը գործի վերածելու եւ իմաստաւորելու համար հարկ է որդեգրել մասնագիտական մօտեցում, որուն հիմքը պէտք է ըլլայ քննական միտքը, միջոցը` տրամաբանական մտածողութիւնը, իսկ նպատակը` ազգային հիմքերէ մեկնած եւ անոնց վրայ խարսխուած արժեհամակարգի ստեղծումը:

Ազգային ինքնութիւնը մարդ անհատի կազմաւորման այն մարզն է, որ կ՛ընդգրկէ ինքնութեան հաստատում եւ ճանաչում` իբրեւ խումբի մը, այս պարագային` ազգի մը անդամ, տուեալ խումբին պատկանելիոււթեան զգացում եւ անոր անդամակցելու գիտակցական որոշում եւ դրական տրամադրութիւն: Աւելի՛ն. ազգային ինքնութիւնը կը ստեղծէ ազգին առնչուածութիւն, անոր ընկերային, մշակութային, համայնքային, քաղաքական եւ հասարակական կեանքին մէջ ներգրաւուածութիւն, բայց մանաւանդ` այս բոլորին մասին կատարեալ իրազեկութիւն եւ ամբողջական ճանաչողութիւն: Այս բոլորով հանդերձ, ազգային ինքնութեան կազմաւորումը կը դառնայ համապարփակօրէն լիարժէք, միայն այն պարագային, երբ անհատը գործօն մասնակցութիւն կը բերէ ազգի կեանքի կազմակերպումին, անոր որակի պահպանումին եւ բարելաւումին եւ ազգին հաւաքական նպատակները իբրեւ նաեւ իրը նկատելու յանձնառութիւն եւ հպարտութիւն կը ցուցաբերէ:

Այս բազմակողմանի եւ շարժուն կառուցուածքին կազմաւորումը տեղի կ՛ունենայ ժամանակի երկարատեւ ընթացքի մը վրայ` սկսելով մանկութեան-պատանեկութեան շրջանէն եւ իր լրումին հասնելով հասուն տարիքին: Այս ժամանակաշրջանին անհատը պէտք է, որ որդեգրէ ուսումնասիրող եւ քննող մօտեցում` տեղեկութիւններու, երեւոյթներու հիմնահարցերու նկատմամբ: Ահա այս մօտեցումին վրայ է, որ կու գայ ամրապնդուելու գիտակից յանձնառութիւնը, որ իր կարգին կ՛երաշխաւորէ առողջ եւ արդիւնաւէտ ինքնութեան մը կայացումը` հեռու փառաբանական կեցուածքներէ եւ վերլուծումի նեղմիտ եւ այլամերժ փորձերէ:

Ազգային ինքնութեան ամրապնդումը կ՛իրագործուի` տարբեր-տարբեր փոխներգործութեան իբրեւ արդիւնք: Այդ կազմաւորիչ տարրերը առաւելաբար կը վերաբերին հետեւեալ չորս գործօններուն.

1.- Ինքնութեան իմացութիւն եւ ճանաչում, որ կը նպատակադրէ ստեղծել առարկայական հասկացողութիւն` ընդհանրապէս,
2.- Անհատի կողմէ ճշգրիտ եւ անկողմնակալ արժեւորում-գնահատում իր ազգային ինքնութեան ներկայացուցած կարեւորութեան,
3.- Ազգին կապուածութեան եւ պատկանելիութեան զգացում,
4.- Գործօն վարուելակերպի որդեգրում եւ ազդեցիկ աշխատանքի լծուելու պատրաստակամութիւն:

Այս բոլորին փոխներգործութեամբ սկիզբ կ՛առնէ ինքնութեան զարգացման բարդ, բայց էական գործընթաց մը, որուն յաջողութիւնը կ՛երաշխաւորուի մտքին եւ բանականութեան գերիշխող կարգավիճակով մը միայն: Հեռու` սոսկ զգացականութենէն կամ զգացումներու զեղումներէ, երբ միտքը կը պարտադրէ ինքզինք, եւ անհատը քննական մօտեցում կը ցուցաբերէ ինքնութեան առնչուած բոլոր երեւոյթներուն եւ պատահածներուն հանդէպ, ապա ան կ՛օժտուի զգաստութեան, շրջահայեացութեան եւ հաւասարակշռուածութեան կարողականութիւններով: Ոգին եւ զգացումը անժխտելիօրէն կարեւոր են ազգային ինքնութեան համալրումին համար, սակայն համեմատաբար որոշիչ դերը պէտք է վերապահել մտքին եւ անոր ուժին:

Միայն բանականութեան ուղղուած վերլուծում եւ առարկայական արժեւորում ընդգրկող ընթացքի մը ընդունումն է, որ յառաջ կը բերէ համոզիչ կերպով իւրացուած եւ ամրօրէն կայացուած, առողջ ազգային ինքնութիւն: Արդար դատողութեամբ եւ քննական համադրումով կը կատարուի անցում` կրաւորական, պատահական եւ պատեհապաշտ հետաքրքրութենէն դէպի գիտակից իրազեկութիւն: Նման ողջմիտ եւ խորաթափանց վերլուծումը կը սատարէ անհատին, որպէսզի ան կարենայ որոշել, թէ ի՛նչ պիտի ընէ, ինչի՞ պիտի հաւատայ, ինչի՞ հիման վրայ եւ ինչպէ՞ս պիտի զանազանէ վաղանցիկ ոգեւորութիւնն ու խանդավառութիւնը` հաւատաւոր ոգիի հաստատումէն, ենթադրութիւններն ու ամբաստանութիւնները` իրողութենէն այլամերժութիւնը, բաց միտքէն եւ հանդուրժող հասկացողութենէն: Հարցեր, որոնց փորձառութիւնը ու ժխտական հետեւանքները կ՛ապրինք բոլորս ամէն օր:

Վերոնշեալ բոլոր հարցերուն քննարկումը եւ անոնց լուծման նպաստող համապատասխան միջոցներու որոնումը պէտք է որ կազմեն անհատական թէ հաւաքական նախաձեռնութիւններու եւ ծրագիրներու առանցքը:

Ազգային ինքնութեան հաստատումն ու քննական մտքի կազմաւորումը պէտք է ընթանան համատեղ եւ զարգանան համադրուած ձեւով: Այդ պարագային է միայն, որ կարելի կ՛ըլլայ համարկուած եւ ամբողջականօրէն յաջող ինքնութեան մը հպարտառիթ կազմաւորումը, որ պարագայական եւ մակերեսային չէ, որ առիթ չի տար սին վէճերու եւ անիմաստ մրցակցութիւններու, որ հեռու կ՛ըլլայ անհիմն ինքնագովութենէ, այլ պատեհութիւն կ՛ընծայէ անհատին` իրագործելու  հոգու ընկերային հաւասարակշռութիւն եւ արդարամտութեան ունակութիւն, ինչ որ նախապայման է ազգին եւ անոր հասարակական կեանքին մէջ գործօն եւ արդիւնաւէտ տարր դառնալու յանձնառութեան:

Նման մեկնակէտ որդեգրելու եւ անկէ բխող գործնական աշխատանքներու ձեռնարկելու անյապաղօրէն գործադրելի հրամայականին դէմ յանդիման կը գտնուինք բոլորս, որպէսզի անհատական թէ հաւաքական մեր գոյութիւնը չդառնայ ինքնանպատակ:

 

 

 

Viewing all 17580 articles
Browse latest View live


<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>