Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all 17465 articles
Browse latest View live

Լիբանանեան Ընտրական Օրինագիծերը Եւ Որդեգրուած Օրէնքը

$
0
0

Յ. ԱԴԱՄԵԱՆ

Նախքան այս տարի Լիբանանի կառավարութեան առաջարկած եւ խորհրդարանին կողմէ վաւերացուած ընտրական օրէնքին մասին խօսիլը` անհրաժեշտ է լիբանանահայ երիտասարդին ծանօթացնել տարբեր ընտրական օրէնքներու, որոնք յաճախ առաջարկուած են լիբանանեան կեանքին մէջ: Լիբանանահայ երիտասարդին համար կարեւոր պէտք է ըլլայ հասկնալ բոլոր ընտրական օրէնքները եւ ծանօթանալ անոնց, որպէսզի ան իր քննական եւ վերլուծական միտքին շնորհիւ` կարենայ գիտնալ, թէ ո՛ր օրէնքը կը ծառայէ հայութեան շահերուն եւ ո՛ր օրէնքը կը համապատասխանէ իր գաղափարական համոզումներուն: Ճիշդ չէ հետեւիլ մեծամասնութեան հոսանքին եւ համակերպիլ կարծիքներու, որոնք անպայմանօրէն չեն համապատասխաներ անհատին համոզումներուն: Իսկ համակերպումի առաջին պատճառը կ՛ըլլայ ըմբռնումի պակասն ու երեւոյթը հասկնալու դժուարութիւնը: Այսօր բոլոր ճառախօսներն ու հռետորները բեմերու վրայ կը խօսին քաղաքականացած երիտասարդութեան պատրաստութեան մասին, սակայն երբ երիտասարդը առիթ չունենայ քաղաքական հարցերու ծանօթանալու` տարբեր քաղաքական, համայնքային եւ գաղափարական դիտանկիւններէ, մենք պատրաստած կ՛ըլլանք միայն մեքենայացած երիտասարդութիւն:

Սկսելու համար պէտք է խօսիլ օրէնքի գլխաւոր երեք տարբերակներու մասին:

Ա) 1960-ի օրէնքը

1960-ի օրէնքը, ինչպէս անունէն յստակ է, որդեգրուած է 1960 թուականին, եւ այդ թուականէն մինչեւ օրս լիբանանեան բոլոր խորհրդարանական ընտրութիւնները կատարուած են այդ օրէնքին հիման վրայ: Օրէնքը տարիներու ընթացքին ենթարկուած է որոշ փոփոխութիւններու: Այս օրէնքին հիման վրայ կատարուած են 1960-ի, 1964-ի, 1968-ի  եւ 1972-ի խորհրդարանական ընտրութունները: 1972-ի ընտրութիւնները կ՛ըլլան վերջին ընտրութիւնները, որոնք կատարուած են լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմէն առաջ: Այդ ընտրութիւններուն արդիւնքներէն բխած խորհրդարանի պաշտօնավարութեան ժամկէտը երկարաձգուած է մինչեւ 1992 թուական: 1960-ի օրէնքը մշակուած է մեծամասնական դրութեան հիման վրայ: Օրէնքին համաձայն, Պէյրութը բաժնուած էր 3 ընտրատարածքներու, առաջին ընտրաշրջանը կը բաղկանար հետեւեալ շրջաններէն` Էշրեֆիէ,  Ռըմէյլ, Մտաուար, Սայֆի, նաւահանգիստ եւ Մինա Հոսըն, երկրորդը` Պաշուրա, Զոքաք Պլաթ եւ Տար Մրէյսէ,իսկ երրորդը` Ռաս Պէյրութ, Մազրաա եւ Մուսայթպէ:Լեռնալիբանանը բաժնուած էր 6 ընտրատարածքներու` Ժիպէյլ, Քեսրուան,Մեթըն, Պաապտա, Ալէյ եւ Շուֆ, հարաւային Լիբանանը բաժնուած էր 7 ընտրատարածքներու` Սայտա, Զահրանի, Ժեզզին, Սուր, Մերժայուն եւ Հասպայա,  Նապաթիէ, եւ Պընթ Ժիպէյլ, Հիւսիսային Լիբանանը բաժնուած էր 7 ընտրատարածքներու` Թրիփոլի, Մինա եւ Տննիյէ,, Քուրա, Զղարթա,  Պաթրուն, Պշարրէ եւ Աքքար, Իսկ Պեքաայի նահանգը բաժնուած էր երեք ընտրատարածքներու` Պաալպեք-Հերմել, Զահլէ ու հարաւային Պեքաա եւ Ռաշայա:

Բ) Համամասնական Օրէնքը        

Այս օրէնքը կը նպատակադրէ իւրաքանչիւր կուսակցութիւն կամ քաղաքական ուժ ներկայացնել աթոռներու որոշակի քանակով, որուն համեմատութիւնը կը համապատասխանէ անոնց ընտրական ուժին: Օրինակ, եթէ քաղաքական ուժ մը կարենայ հաւաքել ընդհանուր ձայներուն 40 առ հարիւրը, այդ պարագային իրաւունք կ՛ունենայ 40 առ հարիւր ներկայացուցչութիւն ունենալու խորհրդարանին մէջ: Այս օրէնքը  առաջին անգամ ծնունդ առաւ Եւրոպայի մէջ` նպատակ ունենալով պաշտպանել փոքրամասնութիւններուն իրաւունքները: Առաջին անգամ այս օրէնքը որդեգրեցին այնպիսի երկիրներ, որոնց մէջ յստակ է տարբեր ցեղային, կրօնական եւ լեզուական արմատներէ եկած ժողովուրդներու ներկայութիւնը, օրինակ` Դանիա, Ֆինլանտա, Զուիցերիա եւ Պելճիքա: Այս ձեւի ընտրութիւններու մասին նաեւ խօսած են Արիստոտէլն ու Նիքոլա տը Քոնտորսէն: Անոր մասին ընդհանրապէս խօսուած է ազատական հոսանքին պատկանող գրեթէ ամբողջ մտաւորականութեան կողմէ, որ հաւատացած եղած է, թէ ընտրուած մարմինի պատկերը պէտք է համապատասխանէ երկրին իսկական ժողովրդագրական պատկերին: Սակայն նախքան համամասնական օրէնքի մը որդեգրման պահանջը` համաշխարհային գետնի վրայ սկսան պահանջուիլ փոքրամասնութիւններու իրաւունքները, որպէսզի անոնք ալ կարենան ներկայացուցիչներ ունենալ պատկան մարմիններուն մէջ, եւ ատկէ ետք է, որ 19-րդ դարու առաջին կիսուն սկսաւ խօսուիլ համամասնական օրէնքին մասին:

Գ) Ուղղափառ հանդիպումի օրէնքը

Ուղղափառ հանդիպումի օրէնքը կը հաստատէ, որ Լիբանանը պէտք է վերածուի մէկ ընտրատարածքի, ուր իւրաքանչիւր համայնքի անդամ կ՛ընտրէ այն ցանկը, որ կը բովանդակէ տուեալ համայնքը ներկայացնող թեկնածուն ամբողջ Լիբանանի տարածքին: Այսինքն` ընտրութիւններու ժամանակաշրջանին, այս օրէնքին համաձայն, կը կազմուին ընտրական ցանկեր, որոնք կ՛ունենան համայնքային բնոյթ եւ կ՛ընդգրկեն ամբողջ Լիբանանի տարածքին նոյն համայնքը ներկայացնող թեկնածուներու անուններ: Օրինակ` եթէ ուղղափառ համայնքը իրաւունք ունի 14 աթոռ ունենալու խորհրդարանին մէջ, ուրեմն ուղղափառ համայնքին պատկանող անհատ մը, որ պիտի քուէարկէ, պիտի ընտրէ այն ընտրական ցանկէն, որ կը բաղկանայ ուղղափառ համայնքին պատկանող 14 թեկնածուներու անուններէ: Այս օրէնքին համաձայն, համայնքներուն միջեւ աթոռներու բաժանումը պիտի ըլլայ հետեւեալ ձեւով, ինչ որ իր կարգին կը համապատասխանէ Թաէֆի որոշումներուն.

– Մարոնի համայնք – 34 աթոռ
– Սիւննի համայնք – 27 աթոռ
– Շիի համայնք – 27 աթոռ
– Ուղղափառ համայնք – 14 աթոռ
– Յոյն կաթողիկէ համայնք – 8 աթոռ
– Տիւրզի համայնք – 8 աթոռ
– Հայ առաքելական համայնք – 5 աթոռ
– Ալեւի համայնք – 2 աթոռ
– Հայ կաթողիկէ – 1 աթոռ
– Փոքրամասութիւններ – 1 աթոռ
– Աւետարանական համայնք – 1 աթոռ

Հասկնալէ ետք այն օրէնքները, որոնց մասին խօսուեցաւ կառավարական եւ խորհրդարանական տարբեր նիստերու ընթացքին, այժմ պէտք է խօսիլ այն օրէնքին մասին, որ յունիս 2017-ին վաւերացուեցաւ լիբանանեան խորհրդարանի կողմէ: Հայ երիտասարդը պէտք է լաւապէս իմանայ իր իրաւունքները եւ պարտականութիւնները: Ան պէտք է լաւապէս տեղեակ ըլլայ ընտրական օրէնքին մասին, որպէսզի առիթը ունենայ ընտրելու այն թեկնածուն, որ կը ներկայացնէ իր անձը, իր համոզումներն ու սկզբունքները իր երկրին` Լիբանանի խորհրդարանին մէջ: Նոր ընտրական օրէնքը, ուրեմն, վաւերացուեցաւ յունիս 2017-ին: Որդեգրուած օրէնքը պիտի կիրարկուի համամասնական դրութեան հիման վրայ. անոր համաձայն, Լիբանանը պիտի բաժնուի 15 ընտրատարածքներու: Օրէնքը կը հաստատէ, որ Պէյրութի շրջանը պիտի բաժնուի երկու ընտրատարածքներու, հիւսիսային եւ հարաւային Լիբանանը, ինչպէս նաեւ Պեքաայի շրջանը` 3 ընտրատարածքներու, իսկ Լեռնալիբանանը` 4 ընտրատարածքներու: Այս օրէնքին համաձայն, պիտի կիրարկուի վարկանշային քուէի դրութիւն իւրաքանչիւր ընտրական գաւառի եւ ոչ թէ ընտրատարածքի մակարդակով: Այս տարի նաեւ խօսուեցաւ ընտրելու տարիքը նուազեցնելու մասին, սակայն վաւերացուած օրէնքին համաձայն, տակաւին իրաւունք ունին ընտրելու միայն անոնք, որոնք բոլորած են 21 տարիքը: Ընտրելու տարիքը փոխելու  մասին քննարկումը յետաձգուեցաւ յաջորդ տարիներուն: Ինչ կը վերաբերի արտերկրի լիբանանցիներուն ընտրելու իրաւունք ընծայելու խնդիրին, ատիկա պիտի իրականանայ յաջորդ ընտրութիւններուն:

Ինչպէս նախորդ տարիներուն, այս օրէնքով նոյնպէս լիբանանահայութիւնը իրաւունք ունի խորհրդարանին մէջ ունենալու 5 հայ առաքելական եւ մէկ հայ կաթողիկէ ներկայացուցչական աթոռ: Այս աթոռները բաժնուած են հետեւեալ ձեւով` Պէյրութի առաջին ընտրատարածքին մէջ, որ կ՛ընդգրկէ Էշրեֆիէ, Ռըմէյլ, Մտաուար, Սայֆի շրջանները, 3 հայ առաքելական աթոռ եւ 1 հայ կաթողիկէ աթոռ: Պեքաայի առաջին ընտրատարածքին մէջ, որ կը բաղկանայ միայն Զահլէ շրջանէն, մէկ հայ առաքելական աթոռ: իսկ Լեռնալիբանանի երկրորդ ընտրատարածքին մէջ, որ կը բաղկանայ Մեթըն շրջանէն, մէկ հայ առաքելական աթոռ:

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու 26-րդ նախագահ Թէոտոր Ռուզվելթ կ՛ըսէ, որ քուէն կը նմանի գնդացիրի մը, որուն օգտակարութիւնը կախեալ է գործածող անձին նկարագիրէն եւ կարողութենէն, ուրեմն, իբրեւ լիբանանահայութիւն, պէտք է քաջ գիտնանք այն ուժը, որ կը վայելենք իբրեւ ժողովրդավար երկրի մը քաղաքացիներ: Պէտք է տէր կանգնինք այդ իրաւունքին եւ չկորսնցնենք լիբանանեան քաղաքական կեանքին մէջ ներկայութիւն ունենալու առիթը: Իւրաքանչիւր հայ պատասխանատու է լիբանանահայութեան քաղաքական կեանքին նկատմամբ, ժողովուրդն է, որ կ՛որոշէ, թէ իր քաղաքական ուժը մակընթացութի՞ւն, թէ՞ տեղատուութիւն պիտի արձանագրէ: Ինչպէս ամերիկացի քննադատ Ճորճ Նաթան ըսած է, վատ ղեկավարներ կ՛ընտրուին լաւ քաղաքացիներու կողմէ, որոնք չեն քուէարկեր. առ այդ, իւրաքանչիւր քաղաքացի իրաւունք ունի եւ պէտք է տեղեակ ըլլայ երկրի ընտրական օրէնքին մասին, գիտնայ իր իրաւասութիւններն ու պարտականութիւնները, եւ ամէնէն կարեւորը` լսէ իր խիղճին ձայնը, որպէսզի սատարէ երկրին բարգաւաճման եւ զարգացման աշխատանքներուն: Իւրաքանչիւր անհատի քուէն կը ներկայացնէ իր սկզբունքներն ու համոզումները, իւրաքանչիւր անհատի քուէն կը ներկայացնէ իր գաղափարական համոզումներով թրծուած միտքը: Քուէն իւրաքանչիւր քաղաքացիի դեսպանն է` քաղաքական կեանքին մէջ:

 

 


Գաղափարական Հարցեր. 44 Տարուան Վէրքը Դարձեալ Բորբոքեցաւ

$
0
0

ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ       

11 սեպտեմբեր 1973-ը սեւ օր մըն է ընդհանրապէս միջազգային ընկերվարական շարժումին եւ յատկապէս Հարաւային Ամերիկայի ձախ հոսանքին համար` զօրավար Փինոշէի կողմէ Չիլիի ընկերվարական նախագահ Սալվատոր Ալենտէի կառավարութեան  տապալումին պատճառով:

Չիլիցի բժիշկ եւ ընկերվարական քաղաքական գործիչ Սալվատոր Ալենտէ ծնած է 26 յուլիս 1908-ին, յառաջդիմական քաղաքական դիմագիծ ունեցող ընտանիքի մը մէջ: 1933-ին կ՛աւարտէ Չիլիի համալսարանը` բժշկութեան մասնագիտութեամբ:

1933 թուականը Ալենտէի համար կարեւոր կ՛ըլլայ նաեւ այն պատճառով, որ նշեալ թուականի 19 ապրիլին այլ մարքսական-ընկերվարական անհատներու հետ միասին կը հիմնէ Չիլիի Ընկերվարական կուսակցութիւնը, որուն հովանիին տակ կը միացուին Չիլիի մէջ գործող եւ ընկերվարական գաղափարախօսութիւնը դաւանող չորս փոքր կուսակցութիւններ (Ընկերվար-մարքսական կուսակցութիւն, Նոր հանրային աշխատանք, Ընկերվարական ուխտ եւ Յեղափոխական-ընկերվարական աշխատանք)` մէկ ամուր կազմակերպութեան մը մէջ:

1969-ին, ազդուելով Լատինական Ամերիկայի մէջ բարձրացող բողոքներէն, գործադուլներէն, Քուպայի յեղափոխութենէն եւ «Ազատագրութեան աստուածաբանութենէն», կը հիմնուի «Ժողովրդային միութիւն» դաշինքը` նպատակ ունենալով միացնել Չիլիի մէջ գործող բոլոր ձախակողմեան ուժերը` 1970-ին տեղի ունեցած նախագահական ընտրութիւններուն ներկայանալով մէկ թեկնածուով: Դաշինքին մաս կը կազմեն ընկերվարական, համայնավար, արմատական, ընկերվար-ժողովրդավար (վերջին երկու ուղղութիւնները հետագային կը միանան կազմելու համար ներկայ` Արմատական ընկերվար-ժողովրդավար կուսակցութիւնը) եւ այլ փոքր կուսակցութիւններ:

Ալենտէ իր քաղաքական փորձառութիւնը շահեցաւ իր ուսանողական կեանքին ընթացքին` անդամակցելով Չիլիի համալսարանի ուսանողական միութեան եւ աւելի ուշ` Ընկերվարական կուսակցութեան: Ան 1937-ի խորհրդարանական ընտրութիւններուն եւ տարի մը ետք անոնց յաջորդած նախագահական ընտրութիւններուն կը դառնայ յառաջդիմական «Ժողովրդային միութիւն» դաշինքի գլխաւոր դէմքերէն մէկը: 1938-էն մինչեւ 1942 Ալենտէ կը դառնայ Չիլիի առողջապահութեան ու ընկերային բարեկեցութեան նախարարը, եւ այս հանգամանքին շնորհիւ` երկրին մէջ կը գործադրուին դրական բարեփոխումներ, ինչպէս` բանուորներու առողջապահութիւն, այրիներու թոշակ եւ ծննդաբերութենէն ետք` մայրերու խնամք:

Կառավարութեան մէջ իր բարեփոխումները կատարելէ ետք Ալենտէ կը շահի ժողովրդային համեստ խաւերուն աջակցութիւնը եւ կը մտնէ 1952, 1958 եւ 1964 թուականներու նախագահական ընտրապայքարներուն մէջ (վերջին երկու ընտրութիւններուն գրաւելով երկրորդ դիրքը):

4 սեպտեմբեր 1970-ը մեծ օր մը կ՛ըլլայ միջազգային ընկերվարական եւ աշխատաւորական շարժումին համար: Չիլին առաջին անգամ ըլլալով կ՛ընտրէ ձախակողմեան նախագահ, իսկ ամերիկեան ցամաքամասին մէջ առաջին անգամ ըլլալով մարքսական անհատ մը կը հասնի նախագահութեան` խաղաղ ու ժողովրդավարական միջոցներով:

Ուսումնասիրելով թէ՛ տեղական եւ թէ՛ միջազգային պայմանները` Ալենտէ տեսաւ, որ Չիլին կարիքը ունի իր սեփական ընկերվարութեան, որ պիտի յարմարի երկրին ընկերային եւ տնտեսական պայմաններուն: Այս գաղափարին հիման վրայ Ալենտէ որդեգրեց «Չիլիի ընկերվարական ուղի»-ն, որ կ՛ընդգրկէր արդիւնաբերական մեծ ընկերութիւններու, ինչպէս պղինձի եւ հանքային ընկերութիւններու պետականացում, ձրի առողջապահութեան ապահովում, աշխատավարձի յաւելում, աշխատանքի ապահովագրութեան ընդլայնում (ներառելով փոքր ձեռնարկութիւններն ու ինքնազբաղուածները), անգործութեան նուազեցնում (հանրային ձեռնարկութիւններու մէջ աշխատցնելով անգործները) եւ հողերու համայնացում:

«Չիլիի ընկերվարական ուղի»-ն պետականացուց Չիլիի մէջ գործող եւ անձնական սեփականատիրութիւն դարձած` ռազմավարական կարեւորութիւն ունեցող բոլոր մեծ ձեռնարկութիւնները եւ խիստ հսկողութեան ենթարկեց դրամագլուխի շարժումները: Իբրեւ «Չիլիի ընկերվարական ուղի»-ին հակազդեցութիւն` երկրին մէջ կազմուեցաւ ընդդիմութիւն մը, որ դէմ կեցաւ Ալենտէի որդեգրած ընկերային եւ տնտեսական քաղաքականութիւններուն:

Այդ ընդդիմութիւնը կը բաղկանար  ձեռնարկութիւնները սեփականացուցած անձերէ, որոնք մերժեցին, որ իրենց ձեռնարկութիւնները հանրութեան օգտին ծառայեն, ինչպէս նաեւ մերժեցին իրենց բարձր եկամուտներուն համապատասխան հարկեր վճարել, նաեւ` հողատէրերէ, որոնք կորսնցուցին իրենց հողերը Ալենտէի առաջադրած հողերու համայնացման ծրագիրին պատճառով, որուն միջոցով այդ հողերը հաւասարապէս բաժնուեցան բոլոր գիւղացիներուն, եւ` աջակողմեան կուսակցութիւններէն, որոնք մէկ կողմէ դէմ կեցան տնտեսական կեանքին մէջ պետութեան միջամտութեան, իսկ միւս կողմէ ալ դէմ կեցան Ալենտէի յառաջդիմական քաղաքականութիւններուն, որոնք կ՛ընդգրկէին  գիտութեան ծրագիրներու արդիականացում, աշխարհիկացում եւ կիներու իրաւունքներու պաշտպանութիւն:

Ներքին ընդդիմութենէն զատ` Միացեալ Նահանգներու հանրապետական պահպանողական վարչակազմը, նախագահ Նիքսընի ղեկավարութեամբ, մտահոգուեցաւ, որ Չիլիի թէ՛ ներքին ընկերային-տնտեսական քաղաքականութիւնները եւ թէ՛ արտաքին քաղաքականութիւնը (բարեկամական կապեր հաստատուած էին Քուպայի եւ Չիլիի միջեւ) պիտի դառնան վտանգ` ուղղուած Միացեալ Նահանգներու շահերուն: 11 սեպտեմբեր 1973-ին, օգտուելով թէ՛ ներքին եւ թէ՛ արտաքին պահպանողական աջակցութենէն, բանակը  տապալեց Ալենտէի կառավարութիւնը եւ հիմնեց «Զինուորական խորհուրդ»-ի (խունթա) իշխանութիւնը, որ տեւեց մինչեւ 1990:

Բանակը նոյն օրը կը ռմբակոծէ նախագահական պալատը, ուր կը գտնուէր Ալենտէն, որ գիտնալով, թէ պիտի սպաննուի, իր վերջին խօսքը կ՛ուղղէ Չիլիի ժողովուրդին` ըսելով. «Ո՛վ հայրենիքիս աշխատաւորներ, ես հաւատք ունիմ Չիլիին եւ անոր ճակատագիրին նկատմամբ: Այլ մարդիկ պիտի տապալեն այս մութ եւ դաժան պահը, երբ դաւաճանութիւնը գերակշռուի: Մի՛շտ ձեր միտքը պահեցէք, որ մօտ օրէն եւ ոչ թէ շատ ուշ կրկին պիտի բացուին մեծ ուղիները, որոնց վրայէն ընթանալով` ազատ մարդիկ կրկին պիտի ձգտին կերտել աւելի լաւ հասարակութիւն: Կեցցէ՛ Չիլին, կեցցէ՛ ժողովուրդը եւ կեցցէ՛ աշխատաւորութիւնը»: Այս տողերը արտասանելէ ետք ան կը դիմէ անձնասպանութեան:

Ինչպէս գիտենք, զինուորական յեղաշրջման պայմանները այսօր ալ առկայ են Հարաւային Ամերիկայի այլ երկիրներու մէջ, ինչպէս` Պրազիլ եւ Վենեզուելա: Հոն միշտ ալ մեծ ձեռնարկութիւններու սեփականատէրերը կը փորձեն կանխել պետութեան միջամտութիւնը տնտեսական կեանքին մէջ:Անոնք միայն կը հաւատան, թէ արիւնոտ ճամբով է, որ պիտի իրականանայ իրենց երազը` ազատ շուկայ մը` առանց պետութեան միջամտութեան:

Այսօր փայլող արեւի պէս յստակ են ազատ շուկայական տնտեսական համակարգին արձանագրած ձախողութիւնները` Հարաւային Ամերիկայէն մինչեւ Միացեալ Նահանգներ, Եւրոպա եւ Ասիա: Անցնելով յիշեալ ցամաքամասէն, պիտի հանդիպիք աղքատութեան եւ անգործութեան` ճիշդ այդ երկիրներուն մէջ, ուր աւելի համարձակօրէն կը գործեն մեծ ձեռնարկութիւնները, ուր ընկերային եւ հանրային ծառայութիւնները դարձած են մենաշնորհ մեծահարուստներուն ձեռքին, եւ ուր կրթութիւնն ու առողջապահութիւնը դարձած են շուկաներու միջեւ մրցակցութեան խաղ մը:

 

 

 

Անդրադարձ. Վտանգն Ու Անոր Կանխարգիլման Առաջին Քայլը

$
0
0

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Միանմարի բանակը Ռախին նահանգին մէջ ռոհինկիա իսլամ ըմբոստներու 25 օգոստոսին կատարած յարձակումներուն հակադարձեց շղթայազերծելով բռնարարքներու բուռն արշաւ մը, որուն պատճառով 370 հազար ռոհինկիաներ ապաստանեցան Պանկլատեշ: Միանմարի բանակը ականապատեց Միանմար-Պանկլատեշ սահմանը` արգելակելու համար իսլամ ռոհինկիաներուն վերադարձը: ՄԱԿ-ի Մարդկային իրաւանց բարձրագոյն յանձնակատար Զէյիտ Ռաատ Հիւսէյն կատարուածը նկատեց «ցեղային մաքրագործման» համազօր:

Միանմարի բանակի այդ արարքը ո՛չ միայն քստմնելի էր, այլ նաեւ անհեռատես: Արդարեւ, Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ ՏԱՀԵՇ ահաբեկչական խմբաւորման օրերը հաշուըւած են: Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ նոր մարտահրաւէրներու եւ սպառնալիքներու բաժանմունքի փոխնախագահը յայտնեց, որ հաւատադրժողական կազմակերպութիւնը սկսած է դրամները շրջանէն օտար երկիրներ փոխադրել` առ ի պատրաստութիւն իր մօտալուտ պարտութեան: Բնականաբար ՏԱՀԵՇ-ի զինեալները շրջանէն ելք կը փնտռեն: Ամերիկեան օդուժը 26 օգոստոսէն մինչեւ օրս երեք հրոսէջք կատարելով իրեն հետ տարաւ ՏԱՀԵՇ-ի տասնեակներով ղեկավարներ: Կարելի է ենթադրել, որ անոնք հանգստեան պիտի չկոչուին, այլ այլուր պիտի գործուղուին:

Ծանօթ է, որ ՏԱՀԵՇ որոշ ատենէ մը ի վեր կը փորձէ հարաւարեւելեան Ասիոյ մէջ ներկայութիւն դառնալ, ուստի Միանմարի տրամադրած ոսկի առիթէն օգտուելով` կրնայ շահագործել դժուար կացութեան մատնուած իսլամ ռոհինկիաները: Ուստի, եթէ Միանմարի նպատակը այդ վտանգէն ձերբազատիլն է, ապա այդ պարզամիտ ու ոճրային լուծումը ո՛չ միայն ճիշդ հակառակը կ՛իրագործէ, այլ նաեւ անհամեմատօրէն կը մեծցնէ զայն:

Ռոհինկիաներու դէմ ծաւալած արշաւին պատճառով եւ ՏԱՀԵՇ-եան վտանգի գոյութեան լոյսին տակ, քաղաքացիութենէ զուրկ եղող ցեղային այդ խմբաւորումին հարցը այժմ դադրած է միայն միանմարեան հարց մը ըլլալէ եւ վերածուած շրջանային անվտանգութեան հարցի: Շրջանին մէջ իսլամական ամէնէն բազմամարդ պետութեան` Ինտոնեզիոյ իշխանութիւնները, երկրի նախագահին եւ արտաքին գործոց նախարարին վերահսկողութեամբ մեծաքանակ մարդասիրական օժանդակութիւն ու սննդեղէն ուղարկեցին ռոհինկիաներուն: Այդ շտապ քայլը առերեւոյթ համաիսլամական կարեկցանքի ընդհանուր մթնոլորտի ծիրին մէջ մարդասիրական դրդապատճառներէ մղուած է, սակայն իրողութեան մէջ կատարուած է անվտանգութեան նկատառումներով:

Ի տարբերութիւն Միանմարի իշխանութիւններուն, Ինտոնեզիոյ հեռատես իշխանութիւնները կը գիտակցին, թէ ռոհինկիաներուն մօտ լքուածութեան զգացումի յառաջացումը վտանգաւոր է, որովհետեւ շահագործումի պարարտ հող կը ստեղծէ: Ուստի այս քայլով կը փորձեն ՏԱՀԵՇ-ի դիմաց ճամբան փակել եւ պատուհասին շրջանին մէջ արմատ նետելը կանխարգիլել:

Ինտոնեզիոյ կատարածը կարեւոր, սակայն առաջին քայլ մըն է, որ կարիքը ունի շրջանային մակարդակի վրայ ամրապնդման: Ուստի կարելի է յառաջիկայ օրերուն այդ ուղղութեամբ քայլեր ակնկալել:

 

 

Հանգիստ Խղճով Կարող Էք Քաղաքականացնել

$
0
0

Կ. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ

Հայաստան ապաքաղաքական երկիր է, ու ոչինչ, որ, օրինակ, դիւանագէտները փորձում են անել ամէն ինչ` արտաքին քաղաքականութեան հարցում յստակ քաղաքականութիւն ունենալու համար:

Հայաստանում ոչինչ քաղաքականացնել չի կարելի, անգամ` քաղաքականութիւնը: Պարզւում է` քաղաքականութիւնն ամօթ բան է, անթոյլատրելի, փակման արժանի երեւոյթ, ուղղակի մէկ բան է անհասկանալի` մշակոյթի նախարար Արմէն Ամիրեանը նախարար նշանակուելուց յետոյ ինչո՞ւ դարձաւ ՀՀԿ-ական: Նախարարը, կարծես, քաղաքականութիւնից էր խօսում այն ժամանակ` մէկ քաղաքական գիծ ունենալու մասին բարձրաձայնում: Գուցէ ժամանակները փոխուե՞լ են:

Մշակոյթի նախարարութիւնը Թումանեանին եւ նրա զաւակներին նուիրուած ցուցահանդէսը փակել է տուել` «քաղաքական տարրեր» պարունակելու պատճառաբանութեամբ: Իսկ «քաղաքական տարրեր»-ն, ի դէպ, պոլշեւիզմն է, որին «զոհ» են գնացել Թումանեանի զաւակները: Ստացւում է` մշակոյթի նախարարութիւնը իզմ-երից չի ազատուել ու, ոչինչ, որ այդ իզմ-երը սիմվոլիզմի կամ ռոմանտիզմի մաս չեն կազմում:

Ասում են` մշակոյթը սահմաններ պէտք չէ ունենայ, մշակոյթի նախարարն էլ, կարծես, եկել էր բարեփոխելու ոլորտը: Զարգացած երկրներում բարեփոխումներն ինչ որ բան փոխելու, դէպի լաւին տանելու ճանապարհով են գնում, թէկուզ` դժուար ճանապարհով, իսկ մեզ մօտ` վերադարձ խորհրդային կարգերին` հուռա, ընկերնե՛ր:

Մշակոյթի նախարարութիւնը, կարծում եմ, պէտք է մի լուրջ հարցով էլ զբաղուի` Նժդեհի արձանի տեղադրման հետ կապուած Ռուսաստանը հակասութիւններ ունէր. գուցէ ապասարքուի՞, նոյն սկզբունքով` նախկին խորհրդային երկրին չնեղացնենք յանկարծ:

Մէկ առաջարկ էլ` Թումանեան փողոցը կարող ենք անուանափոխել, քանի դեռ այժմէական է փողոցների անուանափոխման հարցը: Թումանեանի փոխարէն կարող ենք փողոցը անուանել Լենին պապի անունով ու շաբաթը մէկ Լենին պապի փողոցում կազմակերպել ցուցահանդէսներ` ձեր սրտով` խիստ խորհրդային ոգով:

Խորհրդային կարգերը, կարծես, որոշ պետական հիմնարկներում խոր արմատներ են գցել ու ոչ մի կերպ դրանցից ազատուել չի լինում: Նման` դէպի պայծառ ապագան տանող արագ քայլերով շուտով խորհրդային երկիրը կը ծաղկի, վզկապները կը վերադառնան, Լենին պապին նուիրուած բանաստեղծութիւնների մրցոյթ կ՛անցկացուի ու աւելի մեծ թափով կը շարունակեն Հայաստան գալ «էն թուերի» երգիչ-երգչուհիները` պետական հովանու ներքոյ համերգով հանդէս գալու: Ահա եւ բարեփոխումները:

Թումանեանը կ՛ասէր. «Հերթով գալիս, անց ենք կենում էս անցաւոր աշխարհից»: Հանգիստ խղճով կարող էք քաղաքականացնել:

«Երկիր»

14 ­Սեպ­տեմ­բեր 1915. ­Մու­սա ­Լե­րան հե­րո­սա­մար­տին փրկա­րար ու­ղին

$
0
0

102 տա­րի ա­ռաջ այս օ­րե­րուն, 12-14 ­Սեպ­տեմ­բեր 1915ին, ա­ւե­լի քան 4 հա­զար հայ մար­դիկ` մա­նուկ եւ ա­լե­հեր, կին թէ տղա­մարդ, ի­րենց զէն­քե­րով եւ փո­խադ­րե­լի ինչ­քե­րով, ա­պաս­տան գտան ֆրան­սա­կան 5 մար­տա­նա­ւե­րու վրայ եւ հե­ռա­ցան ի­րենց հայ­րե­նի դա­րա­ւոր ոս­տա­նէն` ­Մու­սա ­Լե­րան գիւ­ղե­րէն։

Ա­նոնք հայ­րե­նի­քը կա­մո­վին լքող­ներ չէին։ Ընդ­հա­կա­ռա՛կն. պա­պե­նա­կան հո­ղին կառ­չած հա­յեր էին, ո­րոնք ամ­բողջ 40 օր ան­հա­ւա­սար կռիւ մղե­ցին օս­մա­նեան զօր­քին դէմ` սե­փա­կան հո­ղին վրայ խա­ղա­ղօ­րէն ապ­րե­լու եւ ա­րա­րե­լու ի­րենց բնա­կան ու անբռ­նա­բա­րե­լի ի­րա­ւուն­քին պահ­պան­ման, ամ­րագր­ման հա­մար։

Ա­նոնք յաղ­թա­նա­կով պսա­կե­ցին 40 օ­րե­րու ի­րենց հե­րո­սա­մար­տին օր­հա­սա­կան ճա­կա­տու­մի բո­լոր պա­հե­րը, երբ խի­զա­խօ­րէն դի­մագ­րա­ւե­ցին եւ յետ մղե­ցին թրքա­կան զօր­քի յար­ձա­կում­նե­րը։ ­Բայց ­Մու­սա ­Լե­րան լան­ջե­րուն տա­րա­ծո­ւած ի­րենց գիւ­ղե­րէն հա­ւա­քա­բար լե­րան գա­գա­թը բարձ­րա­ցած եւ ա­նա­ռիկ ար­ծո­ւե­բոյն կազ­մած մու­սա­լեռ­ցի­նե­րը ի վեր­ջոյ ա­ռան­ձին էին, դի­մադ­րու­թեան եւ ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թեան սոսկ կղզեակ մըն էին ողջ Ա­րեւմ­տեան ­Հա­յաս­տա­նը եւ ­Կի­լի­կիան հա­րո­ւա­ծած տա­րագ­րու­թեան ու կո­տո­րած­նե­րու ցե­ղաս­պա­նա­կան ա­լե­կոծ ծո­վուն մէջ։ ­Մա­նա­ւանդ որ փամ­փուշտն ու սնուն­դը հատ­նե­լու վրայ էին, իսկ ո­սո­խը ա­նընդ­հատ կը վե­րա­նո­րո­գէր իր շար­քե­րը` ին­կող­նե­րուն տեղ նոր ու­ժեր կը հասց­նէր եւ լեռն ի վեր յար­ձա­կու­մը ա­նընդ­հատ կը շա­րու­նա­կէր։

Օգ­նու­թեան եւ փրկու­թեան միակ յոյ­սը ­Մի­ջերկ­րա­կան ծովն էր, ո­րուն բա­ցե­րուն պար­բե­րա­բար կ­’ե­րե­ւէին ֆրան­սա­կան մար­տա­նա­ւեր, ո­րոնք թէեւ օս­մա­նեան բա­նա­կին հետ ընդ­հա­նուր պա­տե­րազ­մի մէջ էին` ­Դաշ­նա­կից ու­ժե­րու շար­քին, բայց ռազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թեանց յա­տուկ ծրա­գիր չու­նէին ուղ­ղա­կիօ­րէն Ա­ղեք­սանտ­րէ­թի նա­հան­գին եւ Սո­ւէ­տիոյ գա­ւա­ռա­կին վե­րա­բե­րեալ, ուր կը գտնո­ւէր ­Մու­սա ­Լե­ռը։
Այդ պատ­ճա­ռով ալ, երբ ­Մու­սա ­Լե­րան հա­յու­թեան հե­րո­սա­կան ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թեան բռնկու­մէն 40 օր ետք ֆրան­սա­կան ծո­վու­ժը պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւն յայտ­նեց առ­ժա­մա­բար տե­ղա­փո­խե­լու եւ ­Թուր­քիոյ գոր­ծադ­րած ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն փրկե­լու ա­ւե­լի քան 4 հա­զար մարտն­չող հա­յե­րը, մու­սա­լեռ­ցիք ըն­դա­ռա­ջե­ցին եւ բաժ­նո­ւե­ցան ի­րենց հայ­րե­նի ոս­տա­նէն։
Սկզբ­նա­պէս դէ­պի ­Կիպ­րոս ուղ­ղուե­ցան ­Մու­սա ­Լե­րան հա­յու­թիւ­նը փո­խադ­րող ֆրան­սա­կան մար­տա­նա­ւե­րը, բայց ­Կիպ­րո­սը ի վի­ճա­կի չէր պատսպա­րե­լու այդ­քան մեծ թո­ւով նոր գաղ­թա­կա­նու­թիւն։ Ե­գիպ­տո­սի ­Փոր ­Սա­յիտ նա­ւա­հան­գիս­տը երկ­րորդ ընտ­րանքն էր, ուր եւ տե­ղա­փո­խո­ւե­ցաւ ­Մու­սա ­Լե­րան հա­յու­թիւ­նը։ ­Մին­չեւ 1919 եւ Ա­ռա­ջին Աշ­խար­հա­մար­տի ա­ւար­տը, մու­սա­լեռ­ցիք գաղ­թա­կան ապ­րե­ցան ­Փոր ­Սա­յի­տի մէջ, վրան­նե­րու տակ։ 1919ին ա­նոնք մեծ մա­սով վե­րա­դար­ձան ի­րենց հայ­րե­նի ոս­տան­նե­րը, ուր մնա­ցին մին­չեւ 1939, երբ ­Սու­րիոյ եւ Ան­տիո­քի հո­գա­տա­րու­թիւ­նը ստանձ­նած Ֆ­րան­սան այդ շրջան­նե­րը… յանձ­նեց ­Թուր­քիոյ ­Հան­րա­պե­տու­թեան։

1939ին ­Մու­սա ­Լե­րան հա­յու­թիւ­նը ո­րո­շեց հե­ռա­նալ 10րդ ­դա­րէն սկսեալ իր շէն­ցու­ցած պա­պե­նա­կան օ­ճա­խէն։ ­Մեծ մա­սը տե­ղա­փո­խո­ւե­ցաւ եւ հաս­տա­տո­ւե­ցաւ Այն­ճար` Լի­բա­նան։ Ո­րոշ մաս հե­տա­գա­յին ներ­գաղ­թեց ­Հա­յաս­տան։ Իսկ նոյ­նինքն ­Մու­սա ­Լե­րան գիւ­ղե­րէն միայն ­Վա­գը­ֆի մէջ հա­յեր շա­րու­նա­կե­ցին ապ­րիլ` մին­չեւ մեր օ­րե­րը հայ­կա­կան հետ­քե­րը պահ­պա­նե­լով։

Մու­սա ­Լե­րան հե­րո­սա­մար­տը, ան­շո՛ւշտ, միա­կը չէր իր տե­սա­կին մէջ` 1915ին հայ ժո­ղո­վուր­դին դէմ ­Թուր­քիոյ ի գործ դրած ցե­ղաս­պա­նու­թեան շրջա­նին։ ­Սա­սունն ու Վա­նը, Ուր­ֆան եւ ­Շա­պին ­Գա­րա­հի­սա­րը լայն տա­րո­ղու­թեամբ մարմ­նա­ւո­րե­ցին ու շնչա­ւո­րե­ցին հայ ժո­ղո­վուր­դին դի­մադ­րա­կան ո­գին եւ հե­րո­սա­կան ծա­ռա­ցու­մը ցե­ղաս­պան ո­սո­խին դէմ։ ­Բայց թէ՛ Ֆ­րանց ­Վեր­ֆէ­լի «­Մու­սա ­Լե­րան 40 օ­րե­րը» վէ­պով գրա­կա­նօ­րէն ան­մա­հա­նա­լով, թէ՛ հայ ժո­ղո­վուր­դի ազ­գա­յին նկա­րագ­րին հե­րո­սա­կան խո­յան­քին ման­րան­կա­րը շնչա­ւո­րե­լու իր հան­գա­ման­քով` ինչ­պէս հե­տա­գա­յին ­Վա­հան Թէ­քէ­յեան պի­տի գրէր իր ծա­նօթ բա­նաս­տեղ­ծու­թեան մէջ, ­Մու­սա ­Լե­ռը իր հայ­կա­կան փոքր գիւ­ղե­րով «ան­հու­նօ­րէն մեծ­ցաւ»…

Եւ ինչ­պէս որ տաս­նա­մեակ­ներ ետք ­Մու­սա ­Լե­րան ար­ժա­նա­ւոր զա­ւակ­նե­րէն՝ դաշ­նակ­ցա­կան տա­րա­բախտ ղե­կա­վար ­Սար­գիս ­Զէյթ­լեան դի­պուկ շեշ­տադ­րու­մով մը եւ պատ­կե­րա­ւոր ձե­ւով պի­տի ընդգ­ծէր, ­Մու­սա ­Լե­րան հե­րո­սա­մար­տը ե­ղաւ ով­կիա­նո­սի այն կա­թի­լը, որ բա­ւա­րար է ստու­գե­լու եւ ճանչ­նա­լու հա­մար ամ­բող­ջու­թեան` հայ ժո­ղո­վուր­դի հե­րո­սա­կան նկա­րագ­րին ճշգրիտ բա­ղադ­րու­թիւ­նը։
Ման­րա­մասն յի­շեց­ման ար­ժա­նի է ­Մու­սա ­Լե­րան հե­րո­սա­մար­տը, որ իր բո­լոր հանգ­րո­ւան­նե­րով եւ ծալ­քե­րով հա­րա­զա­տօ­րէն կը ներ­կա­յաց­նէ հայ ժո­ղո­վուր­դի պատ­մա­կան ճա­կա­տագ­րին փառքն ու ող­բեր­գու­թիւ­նը։ ­Բայց յու­շա­տետ­րի նեղ սիւ­նա­կը հա­զիւ ու­րո­ւագ­ծա­յին խտաց­ման հնա­րա­ւո­րու­թիւ­նը կ­’ըն­ձե­ռէ։ Այդ­քա­նով ալ պարզ կը դառ­նայ, թէ ին­չո՛ւ եւ ինչ­պէ՛ս ­Մու­սա ­Լե­րան հա­յու­թիւ­նը իր ու­րոյն տե­ղը նուա­ճեց հա­յոց պատ­մու­թեան հե­րո­սա­կան մե­ծա­գոր­ծու­թեանց հպար­տան­քի մա­տեա­նին է­ջե­րուն մէջ։

«­Ճե­պէլ ­Մու­սա» («­Մով­սէ­սի ­Լեռ») ա­րա­բե­րէն ա­նո­ւա­նու­մէն կու գայ ­Մու­սա ­Լե­ռը, որ մաս կը կազ­մէ Ա­մա­նոս լեռ­նաշղ­թա­յի հա­րա­ւա­յին ճիւ­ղա­ւո­րու­մին ա­րեւմ­տեան բաժ­նին։ Ին­կած Ո­րոն­դէս գե­տի հիւ­սի­սա­յին ա­փին, ան­տա­ռա­խիտ ու կա­նա­չա­պատ այդ փոք­րիկ լեռ­նաշղ­թան կը խրի ­Մի­ջերկ­րա­կա­նի ջու­րե­րուն մէջ, ա­ւար­տե­լով ­Րաս էլ ­Խան­զիր («­Վա­րա­զի Գ­լուխ») հրո­ւան­դա­նով։ ­Լեռ­նաշղ­թա­յին ա­րե­ւե­լեան բա­ժի­նը կ­’իշ­խէ Ան­տիոք քա­ղա­քին վրայ։

Մու­սա ­Լե­րան բար­ձունք­նե­րուն եւ Ո­րոն­դէս գե­տի ա­փե­րուն մի­ջեւ եր­կա­րող տա­րա­ծու­թեան վրայ, պատ­մա­կան ­Սե­լեւ­կիա նա­ւա­հան­գիս­տի մեր­ձա­կայ­քը, 10րդ դա­րէն սկսեալ հա­յեր բնա­կու­թիւն հաս­տա­տած եւ շէն­ցու­ցած են վեց գիւ­ղեր` ­Պի­թիաս, Հա­ճի ­Հա­պիպ­լի, Եո­ղուն Օ­լուգ, Խ­տըր ­Պէյ, ­Վա­գըֆ եւ ­Քե­պու­սիէ։ 1915ին, վեց գիւ­ղե­րու հա­յու­թեան ընդ­հա­նուր համ­րան­քը կ­’անց­նէր վեց հա­զա­րը։ Երբ օս­մա­նեան կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը ­Դաշ­նա­կից­նե­րու դէմ պա­տե­րազ­մի գօ­տի հռչա­կեց ամ­բողջ շրջա­նը եւ Սո­ւէ­տիոյ գա­ւա­ռա­պե­տը իբր «սրտցա­ւու­թեամբ» ­Մու­սա լե­րան հա­յե­րուն տե­ղա­հա­նու­թիւն «ա­ռա­ջար­կեց», իբր թէ ա­ւե­լի ա­պա­հով շրջան­ներ ժա­մա­նա­կա­ւո­րա­պէս պատս­պա­րո­ւե­լու հա­մար, շուրջ եր­կու հա­զար մու­սա­լեռ­ցի­ներ հա­ւա­տա­ցին թրքա­կան կեղծ «հո­գա­տա­րու­թեան», ընտ­րե­ցին տա­րագ­րու­թեան ճամ­բան եւ մեծ մա­սով կոր­սո­ւե­ցան։ Մ­նա­ցեալ ա­ւե­լի քան չորս հա­զա­րը, ի մի գա­լով եւ եր­կա­րա­տեւ խորհր­դակ­ցու­թիւն­ներ ու վէ­ճեր ու­նե­նա­լով` տե­ղա­հա­նու­թեան «ա­ռա­ջարկ»ը ըն­դու­նե­լու կամ մեր­ժե­լու դիր­քո­րո­շում­նե­րուն շուրջ, վեր­ջա­պէս յան­գե­ցաւ ամ­բողջ ժո­ղո­վուր­դով լե­րան գա­գա­թը բարձ­րա­նա­լու եւ թրքա­կան հա­ւա­նա­կան յար­ձակ­ման վտան­գը դի­մագ­րա­ւե­լու եզ­րա­կա­ցու­թեան։ ­Յու­լիս 31ին սկսաւ բո­լո­րով — տուն-տեղ լքած եւ փո­խադ­րե­լի ինչ­քե­րը հակ կա­պած ու շալ­կած — դէ­պի լե­րան գա­գա­թը բարձ­րա­նա­լու եւ դիր­քա­ւո­րո­ւե­լու դժո­ւա­րին, այլ հե­րո­սա­կան գոր­ծո­ղու­թիւ­նը։

Ճիշդ է, այդ խորհր­դակ­ցու­թեանց մաս­նա­կից­նե­րը վեց գիւ­ղե­րուն ե­րե­ւե­լի ու հե­ղի­նա­կա­ւոր` ներ­կա­յա­ցուց­չա­կան դէմ­քերն էին, բայց ամ­բողջ ­Մու­սա ­Լե­րան հա­յու­թիւ­նը իր խօս­քը ու­նե­ցաւ տրո­ւած ո­րո­շու­մին մէջ։ ­Փաս­տօ­րէն ամ­բողջ հե­րո­սա­մար­տի ըն­թաց­քին եւ այ­նու­հե­տեւ ալ, ­Փոր ­Սա­յի­տի մէջ գաղ­թա­կա­նու­թեան շրջա­նին թէ ­Մու­սա ­Լեռ ի­րենց վե­րա­դար­ձէն ետք, նաեւ` հայ­րե­նի օ­ճա­խին պար­պու­մէն եւ Այն­ճար հաս­տա­տո­ւե­լէն աս­դին, մու­սա­լեռ­ցի­նե­րու ազ­գա­յին-հա­սա­րա­կա­կան կեան­քին ակն­բախ ա­ռանձ­նա­յատ­կու­թիւն­նե­րէն մէ­կը ե­ղած է ի­րենց հա­ւա­քա­կան ընտ­րանք­նե­րը, ո­րո­շում­նե­րը եւ քայ­լերը խորհր­դակ­ցա­բար ու հա­մա­ժո­ղովր­դա­յին մաս­նակ­ցու­թեամբ կա­յաց­նե­լու սո­վո­րոյ­թը։

Գիւ­ղա­կան հա­մայ­նա­կան կեան­քի դրա­կան այդ ե­րե­ւոյ­թը մե­ծա­պէս նպաս­տեց, որ­պէս­զի լեռ բարձ­րա­ցած չորս հա­զա­րէ ա­ւե­լի ժո­ղո­վուր­դը իր գոր­ծօն մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րէ հե­րո­սա­մար­տին` իւ­րա­քան­չիւ­րը իր կա­րո­ղու­թեան եւ հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րուն հա­մա­պա­տաս­խան նո­ւի­րա­բե­րու­մով։ ­Հա­մա­խո­հա­կան այդ մթնո­լոր­տը նաեւ օգ­նեց, որ ա­ռան­ձին դէմ­քեր ու ան­հա­տա­կա­նու­թիւն­ներ ճա­ռա­գայ­թող հե­ղի­նա­կու­թիւն դառ­նան եւ ղե­կա­վար դեր ստանձ­նեն ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թեան ան­հա­ւա­սար ու­ժե­րով կռո­ւի ամ­բողջ 40 օ­րե­րուն ըն­թաց­քին։ Այդ­պէ՛ս է, որ ­Մու­սա ­Լե­րան հե­րո­սա­մար­տը ու­նե­ցաւ իր փայ­լուն դէմ­քե­րը, ո­րոնք ար­ժա­նա­ւո­րա­պէս ղե­կա­վա­րե­ցին մարտն­չող ժո­ղո­վուր­դը եւ պատ­մու­թեան ան­ցան փառ­քի դափ­նեպ­սա­կով, ինչ­պէս պա­տո­ւե­լի ­Տիգ­րան Անդ­րէա­սեան (ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թեան կեդ­րո­նա­կան մարմ­նի նա­խա­գա­հը), ­Մով­սէս Տէր-­Գա­լուս­տեան (նոյն մարմ­նի ան­դամ ու զի­նո­ւո­րա­կան խոր­հուր­դի ղե­կա­վա­րը), հե­րոս մար­տիկ Ե­սա­յի Եա­ղու­պեան եւ ու­րիշ­ներ։

Նաեւ յա­նուն պատ­մա­կան ճշմար­տու­թեան պէտք է ա­ւելց­նել, որ 1890ա­կան­նե­րէն սկսեալ ­Մո­ւսա ­Լե­րան հա­յու­թիւ­նը ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան զար­թօն­քի ա­րա­գըն­թաց փուլ մը ապ­րե­ցաւ, որ իր բա­րե­րար անդ­րա­դար­ձը ու­նե­ցաւ ընդ­հա­նուր տա­րագ­րու­թեան ընդ­դի­մա­նա­լու մու­սա­լեռ­ցի­նե­րու վճռա­կա­նու­թեան դրսե­ւոր­ման վրայ։ 1890ա­կան­նե­րուն Հն­չա­կեան կու­սակ­ցու­թիւնն ու ­Վե­րա­կազ­մեալ Հն­չա­կեան­նե­րը, իսկ 1900ա­կան­նե­րու սկզբնա­ւո­րու­թեան յատ­կա­պէս ­Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը ա­րագ տա­րա­ծում գտան ե­րի­տա­սարդ մու­սա­լեռ­ցի­նե­րու մօտ։ 1908ին ար­դէն, ­Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը կազ­մա­կեր­պա­կան իր աշ­խոյժ կա­ռոյ­ցը ստեղ­ծած էր, ո­րուն շար­քե­րէն գա­լով, տա­կա­ւին ե­րի­տա­սարդ, ­Մով­սէս ­Տէր-­Գա­լուս­տեան վճռո­րոշ դեր ու­նե­ցաւ ինչ­պէս 1915ի հե­րո­սա­մար­տին, այն­պէս ալ մու­սա­լեռ­ցի­նե­րու հե­տա­գայ կեան­քի հու­նա­ւոր­ման եւ ղե­կա­վար­ման մէջ։
Մ­նա­ցեա­լը 40 օ­րե­րու հե­րո­սա­պա­տում է, որ այն­քան գե­ղեց­կօ­րէն գրա­կա­նա­ցո­ւած ու յա­ւեր­ժու­թեան յանձ­նո­ւած է ­Վեր­ֆէ­լի աշ­խար­հահռ­չակ վէ­պով։

Սահ­մա­նա­փակ թո­ւով զէն­քե­րով եւ փամ­փուշտ­նե­րով սկսած ինք­նա­պաշտ­պա­նա­կան կռի­ւը կրցաւ իր յաղ­թա­կան եր­թը պահ­պա­նել` շնոր­հիւ մու­սա­լեռ­ցի­նե­րու խի­զա­խու­թեան ու մար­տու­նա­կու­թեան։ ­Ռազ­մա­կան իւ­րա­քան­չիւր յաղ­թա­նա­կի հետ, մարտն­չող հա­յե­րը կրցան հզօ­րաց­նել զէն­քի եւ փամ­փուշտ ի­րենց ու­ժը` պար­տու­թեան մատ­նո­ւած թշնա­միին իսկ զէն­քե­րով ու զի­նամթեր­քով։ Իսկ ժո­ղո­վուր­դը կրցաւ հո­ղին բա­րիք­նե­րը ա­ռա­ւե­լա­գոյնս օգ­տա­գոր­ծել, լե­րան բար­ձուն­քին իր օ­րա­ւուր սնուն­դը ա­պա­հո­վե­լու հա­մար։

Վեր­ջա­պէս, ­Մու­սա ­Լե­րան հե­րո­սա­մար­տին ան­բա­ժան մա­սը կը կազ­մէ ֆրան­սա­կան Կի­շէն մար­տա­նա­ւը, որ Օ­գո­տո­սի 10ի շուրջ ա­ռա­ջին ան­գամ ե­րեւ­ցաւ ծո­վուն բա­ցե­րը։ Մու­սա­լեռ­ցիք ի­րենց յա­տուկ ա­ղեր­սագ­րի­րը` զէնք, զի­նամ­թերք եւ սնունդ ստա­նա­լու կամ, այ­լա­պէս, նա­ւով տե­ղա­փո­խո­ւե­լու խնդրան­քով, քա­նի մը լո­ղորդ­նե­րով հաս­ցու­ցին ֆրան­սա­կան մար­տա­նաւ։ ­Կի­շէ­նի հրա­մա­նա­տա­րը խոս­տա­ցաւ ա­ղեր­սա­գի­րը հասց­նել իր կա­ռա­վա­րու­թեան եւ հե­ռա­ցաւ ու շա­բաթ­ներ տե­ւեց, մին­չեւ որ վե­րա­դառ­նայ եւ բե­րէ Փա­րի­զի պա­տաս­խա­նը, որ մու­սա­լեռ­ցի­նե­րու տե­ղա­փո­խու­թեան տրո­ւած հա­մա­ձայ­նու­թիւնն էր։
Սեպ­տեմ­բեր 9ին ­Կի­շէն մար­տա­նա­ւը, ­Տե­սեքս մար­տա­նա­ւի ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ, խարս­խեց ծո­վուն բա­ցե­րը եւ սկսաւ ռմբա­կո­ծել թրքա­կան դիր­քե­րը։ ­Միա­ժա­մա­նակ մա­կոյ­կով ծո­վափ ե­կաւ ֆրան­սա­ցի հրա­մա­նա­տա­րը եւ մու­սա­լեռ­ցի­նե­րու հետ վերջ­նա­կան բնոյթ տո­ւաւ լեռ­նէն ծո­վափ իջ­նե­լու եւ մար­տա­նա­ւեր փո­խադ­րո­ւե­լու գոր­ծո­ղու­թեան։ ­Մարտն­չող հա­յոր­դի­նե­րուն պար­պու­մի գոր­ծո­ղու­թիւ­նը սկսաւ Սեպ­տեմ­բեր 12ին եւ տե­ւեց եր­կու օր։ ­Մինչ այդ ծո­վուն բա­ցե­րը հա­սած էին եւս ե­րեք մար­տա­նաւ` ­Տեսթ­րէ, Ա­մի­րալ ­Շար­նէ եւ ­Ֆոտ­րը։ ­Լե­րան գա­գա­թին, կռո­ւող խում­բեր հսկե­ցին թրքա­կան շար­ժում­նե­րուն վրայ, մին­չեւ որ նախ ժո­ղո­վուր­դը իջ­նէ ծո­վափ եւ տե­ղա­ւո­րո­ւի մար­տա­նա­ւե­րուն վրայ, ա­պա ի­րենք` վեր­ջին կռո­ւող­ներն ալ միա­ցան ի­րենց հա­րա­զատ­նե­րուն եւ այդ­պէս մու­սա­լեռ­ցիք հե­ռա­ցան դէ­պի ­Մի­ջերկ­րա­կա­նի բա­ցե­րը։
Այդ օ­րէն ի վեր, ա­մէն ­Սեպ­տեմ­բե­րի կի­սուն եւ Ս. ­Խա­չի տօ­նին ա­ռի­թով, աշ­խար­հի չորս ծա­գե­րուն, բայց յատ­կա­պէս Այն­ճա­րի (­Լի­բա­նան) եւ ­Նոր ­Մու­սա ­Լե­ռի (­Հա­յաս­տան) մէջ, Մու­սա ­Լե­րան հե­րո­սա­կան հա­յու­թեան ժա­ռան­գորդ­նե­րուն հետ, ամ­բողջ մեր ժո­ղո­վուր­դը կ­’ո­գե­կո­չէ հա­յոց պատ­մու­թեան այս հպար­տա­ռիթ հե­րո­սա­մար­տին յի­շա­տա­կը` սե­րունդ­նե­րուն պատ­գա­մե­լով, որ պէտք չէ հա­ւա­տալ թրքա­կան կեղ­ծի­քին եւ պատ­րաստ պէտք է ըլ­լալ, ի հար­կին զէն­քի ու­ժով, դի­մադ­րե­լու ­Թուր­քիոյ ցե­ղաս­պա­նա­կան սադ­րանք­նե­րուն։

Փր­կու­թեան այլ ելք ծա­նօթ չէ հա­յոց պատ­մու­թեան։

Մու­սա ­Լե­րան հե­րո­սա­մար­տին 102րդ ­տա­րե­դար­ձը ա՛յդ պատ­գա­մը կը յու­շէ հա­յոց սե­րունդ­նե­րուն՝ ­Հայ­րե­նի բռնագ­րա­ւեալ հո­ղին տէր կանգ­նե­լու անվ­հատ պա­հան­ջա­տի­րու­թեան մէջ կը կա­յա­նայ միակ ու ան­փո­խա­րի­նե­լի ե­րաշ­խի­քը հայ ժո­ղո­վուր­դի ամ­բող­ջա­կան ա­զա­տագ­րու­մին եւ լիար­ժէք վե­րա­կանգ­նու­մին։

Ն.

«Ժամանակի Ստուերները». Յետահայեաց Ցուցադրութեամբ Ներկայացուեցաւ Գագիկ Յարութիւնեանի Լուսանկարչական Արուեստը

$
0
0

Հայաստանի նկարիչներու միութեան մէջ 25 օգոստոսին բացումը կատարուած է խորհրդահայ յայտնի լուսանկարիչ Գագիկ Յարութիւնեանի առաջին յետահայեաց ցուցաահանդէսին, որուն խորագիրն է «ժամանակի ստուէրները»:

«Մշակոյթներու երկխօսութիւն» կազմակերպութեան եւ «Լուսադարան» հայ լուսանկարչութեան հիմնադրամին կողմէ ներկայացուած ամփոփ ընդգրկուն ցուցահանդէսը լոյս սփռած է 20-րդ դարու աւարտի խորհրդային լուսանկարչութեան անտեսուած ժառանգութեան վրայ եւ ներկայացուցած է Գագիկ Յարութիւնեանի լուսանկարչական արուեստը 1970-1995 թուականներուն:

Ցուցահանդէսը համադրողը Վիգէն Գալստեանն է, իսկ նախագիծին ղեկավարը` Սոնա Յարութիւնեանը:

Ցուցահանդէսի բացման արարողութեան օրակարգին մէջ ընդգրկուած էր նաեւ Գերմանիոյ Հալլէ քաղաքին մէջ հրատարակուած երկլեզու պատկերագիրքին շնորհահանդէսը, որ կ՛ընդգրկէ Գագիկ Յարութիւնեանի ամբողջ ստեղծագործական ուղին նկարագրող 183 աշխատանք, որոնց մեծ մասը առաջին անգամ ըլլալով ներկայացուած է: Պատկերագիրքի հովանաւորներն են դոկտորներ Կիզելա եւ Ռայներ Ֆրիթչերները:

Տակաւին 1970-ական թուականներուն սկիզբէն` Գագիկ Յարութիւնեանի լուսանկարները տարիներ շարունակ հրապարակուած են տեղական եւ համամիութենական պարբերական մամուլին մէջ: Ան միակ խորհրդահայ լուսանկարիչն է, որ պատկերած է Ափրիկէն եւ իւրայատուկ շարքերով անդրադարձած է Լաթվիոյ, Էսթոնիոյ, Ֆրանսային, Պելճիքային, Աւստրիոյ եւ այլ երկիրներու:

Այսուհանդերձ, Գագիկ Յարութիւնեանի հիմնական նպատակն էր ստեղծել Հայաստանի կերպարանափոխուող հասարակութեան իրապէս վերլուծական դիմանկարը, որ ան հետեւողականօրէն կառուցած է` գործածելով հետազօտական պատկերաշարքերու նորարարական ձեւաչափը:

1990-ականներու վերջերուն խոր հիասթափութիւն ապրած արուեստագէտը ոչնչացուցած է իր տպուած լուսանկարներուն գրեթէ ամբողջ հաւաքածոն: Պահպանուած ժխտանկարներէն շուրջ երկու հարիւրը վերականգնուած ու տպուած են այս նախագիծին իրականացման համար պահանջուած վեց տարուան ընթացքին:

Գագիկ Յարութիւնեանի առաջին յետահայեաց ցուցահանդէսին մէջ մէկտեղուած լուսանկարները կ՛ընդգծեն Յարութիւնեանի տեսլականի զարգացումը` 1970-ականներուն Հայաստանի բանաստեղծական պատկերաւորումներէն մինչեւ բարդ փիլիսոփայական հարցադրումներով յագեցած անոր վերջին պատկերաշարքերը:

«Ժամանակի ստուէրները» ցուցահանդէսը նորովի կը բացայայտէ Գագիկ Յարութիւնեանի լուսանկարչական ստեղծագործութեան լայնածաւալ համայնապատկերը եւ կը հաստատէ ատոր առանցքային կարեւորութիւնը արդի հայ արուեստի պատմութեան մէջ:

Նախագիծը կ՛իրականացնէ «Մշակոյթի եւ կառավարական տարրալուծարան»-ը «Հարաւային Կովկասի շրջանային արուեստ եւ մշակոյթ» նախագիծի ծիրին մէջ` Հարաւային Կովկասի մէջ զուիցերիական համագործակցութեան գրասենեակի տնտեսական աջակցութեամբ:

Եունեսքոն Կարելի Կը Նկատէ Հալէպի Հին Քաղաքին Վերականգնումը

$
0
0

ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի համաձայն, Հալէպի հին քաղաքը, որ աւերուած է ՏԱՀԵՇ-ին հետ արիւնալի տագնապին ընթացքին, կարելի է վերականգնել: «Մեր գաղափարն է` վերականգնել հին քաղաքը նոյնինքն այն տեսքով ու քարով, որոնցմով գոյութիւն ունէր անիկա մինչեւ պատերազմը», նշած է Հալէպի մէջ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ներկայացուցիչ Մազեն Սամման` «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին: Անոր համաձայն, նախորդ վերականգման ընթացքին պահպանուած էին Հին քաղաքի միջնադարեան մզկիթներու, շուկաներու, բաղնիքներու եւ միջնաբերդերու մանրամասնութիւններուն ծրագիրները:

Միեւնոյն ատեն կը շեշտուի, որ այդ փաստաթուղթերը բաւարար չեն ամբողջ շրջանի վերականգնման համար: Հալէպի Հին քաղաքին նախկին տեսքը վերականգնելու առումով կը պահանջուին նաեւ «ներքին ջանքեր»: ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի մասնագէտները կը ծրագրեն արհեստաւորներու համար դպրոց բանալ, որպէսզի վերակենդանացնեն նախկին գիտելիքներն ու հմտութիւնները, որոնք պիտի նպաստեն Հին քաղաքի վերականգնման աշխատանքներուն: «Կը մտածենք արհեստաւորներուն համար դպրոց մը հիմնելու մասին», եզրափակած է Սամման:

Հալէպի մէջ խաղաղ կեանքի վերականգնումը կարելի դարձաւ, երբ սուրիական բանակը գործնականօրէն ամբողջութեամբ ՏԱՀԵՇ-էն ազատագրեց նահանգը եւ շարժեցաւ դէպի Ռաքքա նահանգի կեդրոնը` Եփրատ գետին ուղղութեամբ, ազատագրելով բնակելի տարածքները ահաբեկիչներէն:

Յիշեցնենք, որ Սուրիոյ մէջ զինեալ տագնապը սկիզբ առած է մարտ 2011 թուականէն ի վեր: ՄԱԿ-ի տուեալներուն համաձայն, այս ժամանակաշրջանին երկիրը աւելի քան 220 հազար զոհ տուած է:

Ռուս-Արեւմտեան Մրցակցութեան Նոր Սրացումներ

$
0
0

ՌՈՒԶԱՆ ԻՇԽԱՆԵԱՆ

Օգոստոսի սկզբներին Միացեալ Նահանգների նախագահ Տոնալտ Թրամփը վաւերացրեց Քոնկրեսի կողմից ներկայացուած` Ռուսաստանի Դաշնութեան (ՌԴ), Հիւսիսային Քորէայի եւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան նկատմամբ գործող պատժամիջոցների փաթեթը ընդլայնող օրինագիծ: Վերջինիս մէջ զգալի տեղ է յատկացուած ՌԴ-ի նկատմամբ կիրառուող նոր տնտեսական սահմանափակումներին: Ամերիկեան կողմը դա մեկնաբանել է որպէս պատասխան 2016-ին Միացեալ Նահանգներում անցկացուած նախագահական ընտրութիւններին ռուսաստանեան յատուկ ծառայութիւնների միջամտութեանը: Դրանից զատ` առկայ է նաեւ ուքրանական հակամարտութիւնում ռուսական կողմի ազդեցութեան ու դերակատարութեան գործօնը:

Հայ քաղաքական ու տնտեսական փորձագէտներն իրենց մեկնաբանութիւններում ընդգծեցին, որ նման պատժամիջոցները, թէկուզեւ` անուղղակիօրէն, չեն կարող իրենց ազդեցութիւնը չունենալ նաեւ ՀՀ-ի վրայ: Եւրոպայից նոյնպէս ակնարկ եղաւ, որ տարածաշրջանը զերծ չի մնայ նման զարգացումների ազդեցութիւնից: Նախագահ Թրամփի նախաձեռնութիւնը որակուեց որպէս դասական ժողովրդավարութեան դրսեւորում, այն իմաստով, որ նա կեանքի կոչեց իր այն գաղափարը, որը չէին կիսում ո՛չ ամերիկեան խորհրդարանը, ո՛չ էլ նրա որոշ կուսակիցներ: Ըստ ամենայնի, Միացեալ Նահանգների նախագահի քայլը բաւականաչափ ռիսքային էր, ինչը պիտի յանգեցնէր ռուս-ամերիկեան յարաբերութիւններում մրցակցութեան նոր սրացման: Համաշխարհային այս երկու ուժային կեդրոնների միջեւ ահագնացող մրցակցութիւնը, բնականաբար, իր ազդեցութիւնը պիտի թողնի ազրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացի վրայ, քանի որ երկու գերտէրութիւններն էլ այս հակամարտութիւնում միջնորդական առաքելութիւն իրականացնողներ են: Այս առումով, միանգամայն ուշագրաւ են երկու կողմերից հնչող յայտարարութիւններն ու մեկնաբանութիւնները:

Օգոստոսի 16-ին ամերիկացի համանախագահ Ռիչըրտ Հոկլանտը հանդէս եկաւ յայտարարութեամբ` յոյս յայտնելով, որ առաջիկայում հնարաւոր կը լինի կազմակերպել Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահների հանդիպումը: Նա ասել էր, որ ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորմամբ զբաղուող ԵԱՀԿ Մինսքի խմբի համանախագահներն աշխատում են Նիւ Եորքում ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի շրջանակում անցկացնել ՀՀ եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործերի նախարարների հանդիպում: Յուսով ենք, որ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահները շուտով կը վերսկսեն բանակցութիւնները, ընդգծել է նա եւ` յաւելել, որ նրանց հանդիպումը Նիւ Եորքում կազմակերպելու վերաբերեալ տեղեկատուութիւն առայժմ չկայ:

Այս անգամ էլ, ինչպէս միշտ, իրեն զգացնել տուեց ռուսական եւ ամերիկեան կողմերի միջեւ նախաձեռնութիւնների մրցակցութիւնը: Նոյն օրը «Իզվեսթիա» պարբերականը, վկայակոչելով ՌԴ արտաքին գործերի նախարարութեան իր աղբիւրը, իրազեկեց, որ Ռուսաստանը կը դառնայ Սարգսեան-Ալիեւ հերթական հանդիպման գլխաւոր կազմակերպիչը, որը պէտք է տեղի ունենայ  մինչեւ տարեվերջ:

Ռուս-արեւմտեան աշխարհաքաղաքական մրցակցութիւնը թողնենք մի կողմ, քանի որ մեզ համար առաջնահերթ են ազրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան գօտում հրադադարի պահպանումն ու ազրպէյճանական կողմի ռազմական սադրանքների կանխարգելումը: Այս առումով, անհրաժեշտ ենք համարում յետադարձ հայեացք գցել նախորդ տարուայ ընթացքում արձանագրուած գլխաւոր փաստերի վրայ: Նախ` Վիեննայում եւ Ս. Փեթերսպուրկում ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները կեանքի չկոչուեցին Ազրպէյճանի ապակառուցողական քաղաքականութեան պատճառով:

Փաստօրէն Պաքուն ԵԱՀԿ-ում արգելափակեց գործող նախագահի անձնական ներկայացուցչի խմբակի հնարաւորութիւնների ընդլայնման նպատակով պիւտճէական աւելացումները` խափանելով ԵԱՀԿ բոլոր մասնակից երկրների միջեւ նախապէս ձեռք բերուած համաձայնութիւնը: Ի տես միջազգային հանրութեան` պաշտօնական Պաքուն արհամարհեց շփման գծում միջադէպերի հետաքննութեան մեքանիզմի ներդրումը:

Միջնորդական ջանքերի շարքում կարեւոր տեղ է գրաւում անցեալ տարուայ դեկտեմբերին Համպուրկում ԵԱՀԿ-ի արտաքին գործերի նախարարների խորհրդի 23-րդ նիստի շրջանակներում համանախագահ պետութիւնների պատուիրակութիւնների ղեկավարներ Սերկէյ Լաւրովի, Ճոն Քերրիի եւ Ժան Մարք Էյրոյի համատեղ յայտարարութիւնը: Դրանում կային մի քանի շեշտադրումներ, մասնաւորապէս ընդգծուած էր, որ ղարաբաղեան հակամարտութիւնը ռազմական լուծում չունի:

Բացի այդ, համանախագահող երկրների արտաքին գործերի նախարարները կոչ արեցին կողմերին յարգել նախկին պայմանաւորուածութիւնները: Կարելի է ասել` յատուկ ազրպէյճանական կողմի համար շեշտեցին, որ հակամարտութեան հանգուցալուծումը պէտք է հիմնուած լինի միջազգային իրաւունքի հիմնարար սկզբունքների` ուժի չկիրառման, ժողովրդի ինքնորոշման իրաւունքի եւ տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքների վրայ:

Ի՞նչ արեց Ազրպէյճանը վերոնշեալ պայմանաւորուածութիւններից, յայտարարութիւններից ու կոչերից յետոյ: Շփման գծում նա շարունակեց հրադադարի ծաւալուն խախտումների եւ ռազմական սադրանքների փորձը: ԱՀ Պաշտպանութեան բանակի հաղորդագրութիւնների համաձայն, ամէն շաբաթ հակառակորդը հարիւրաւոր անգամներ խախտում է հրադադարը: Անցած դեկտեմբերին ազրպէյճանական զինուած ուժերի կողմից նոյնիսկ ՀՀ պետական սահմանին խափանարարական ներխուժման փորձ ձեռնարկուեց, ինչի կապակցութեամբ ՀԱՊԿ-ի գլխաւոր քարտուղարը հանդէս եկաւ յայտարարութեամբ` սադրանք որակելով ՀԱՊԿ-ի անդամ պետութեան տարածքում տեղի ունեցածը:

Վկայակոչելով վերջին զարգացումները` անհնար է շրջանցել օգոստոսի 23-ին Սոչիում տեղի ունեցած Փութին-Սարգսեան հանդիպումը: Պաշտօնական աղբիւրների փոխանցմամբ, ՌԴ նախագահի խօսքում կարեւորուել են Հայաստանի եւ Ռուսաստանի միջեւ ծաւալուն քաղաքական երկխօսութիւնը, երկկողմ համագործակցութիւնը` տնտեսութեան, անվտանգութեան եւ ռազմական ոլորտներում, ինչպէս նաեւ` աշխուժ փոխգործակցութիւնը միջազգային կազմակերպութիւնների եւ համարկման միաւորումների շրջանակներում: Այս հանդիպումից մէկ օր անց լրատուամիջոցները տարածեցին տեղեկատուութիւն Ուաշինկթընի արտերկրեայ լրագրողների մամուլի ակումբում ամերիկացի համանախագահ Ռ. Հոկլանտի հետ կայացած հանդիպման մասին, ինչը կապուած էր Մինսքի խմբում նրա աշխատանքի աւարտի հետ: Նա յիշեցրել է ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման «6 հիմնական կէտերը», որոնք դեռեւս 2014-ին ներկայացրել է նախկին համանախագահ Ճէյմս Ուորլիքը: Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրը չի սկսուել նախկին խորհրդային հանրապետութիւնների անկախացումից յետոյ, այդ խնդիրը շարունակուել է տասնամեակներ, եթէ ոչ դարեր, ասել է նա: Ընդ որում, նա ղարաբաղեան խնդիրը տարբերակել է Աբխազիայի, Հարաւային Օսեթիայի եւ Մերձտնեսթրի հակամարտութիւններից: Կողմերը պէտք է սահմանեն ԼՂ վերջնական իրաւական կարգավիճակը` ապագայում փոխադարձ համաձայնութեամբ եւ իրաւական պարտաւորեցնող կամարտայայտմամբ:

Այդուհանդերձ, ըստ ամերիկացի համանախագահի, գոյութիւն չունի բեմագրութիւն, որում խաղաղութիւնը կարող է ապահովուած լինել առանց լաւ նախապատրաստուած խաղաղ գործողութիւնների, որոնք վայելում են կողմերի վստահութիւնը: Վկայակոչելով Մատրիտեան սկզբունքները, որոնք ընդունուել են որպէս հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման հիմք, Հոկլանտն ասել է, որ սա երկարատեւ քաղաքականութիւն է եւ կապուած չէ այս կամ այն համանախագահի հետ:

Հարկ է նկատել, որ Հոկլանտը, լաւ պատկերացնելով հակամարտող կողմերի դիրքորոշումների անհամատեղելիութիւնը, ստիպուած էր իր խօսքում ընդգծել, որ եթէ կողմերը համաձայն չեն առաջարկուող ծրագրի առանձին կէտերին, գոնէ համաձայն են քննարկել այն: Նրա կարծիքով, հէնց դա է կարեւորը:

Հանդիպմանը ներկայ ազրպէյճանցի լրագրողներին անհանգստացրել է այն փաստը, որ ամերիկացի համանախագահի ներկայացրած կէտերում ոչինչ նշուած չէր Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան մասին: Կարծում ենք` դիւանագիտական այս հնարքն ինքնանպատակ չէր. միջնորդական առաքելութեամբ զբաղուող իւրաքանչիւր լուրջ գործիչ պարտաւոր է տեղ թողնել արցախեան կողմի համար: Ոչ միայն նա, այլեւ միւս համանախագահները քաջատեղեակ են պաշտօնական Ստեփանակերտի դիրքորոշմանը, համաձայն որի, առանց Արցախի Հանրապետութեան անմիջական մասնակցութեան` հնարաւոր չէ պատկերացնել հակամարտութեան հանգուցալուծումը եւ առհասարակ որեւէ փաստաթղթի ստորագրումը:

Վերոշարադրեալն ամբողջացնելու նպատակով յատուկ ընդգծենք, որ, այսպէս կոչուած, Մատրիտեան սկզբունքներն իրենց սպառել են ապրիլեան պատերազմից յետոյ, երբ ազրպէյճանական վայրագութիւններին ականատես միջնորդների համար ընկալելի է դարձել Արցախի ժողովրդի անվտանգութեան ապահովման առաջնահերթութիւնը: Իսկ դա այն հարցն է, որը ձեւափոխման չի ենթարկւում անգամ համաշխարհային ուժային կեդրոնների մրցակցութեան սրացումների պարագայում:

 

 


Խօսուն Նկարներ

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

«ՊԻԿՓԻՔՉԸՐ» կայքը հրապարակած է Մուսուլէն փախած իրաքցիներու դիմանկարներ եւ Կազայի պաղեստինցի երեխաներու լուսանկարներ:

Շուրջ երեք տարի Մուսուլի բնակիչները ապրած են «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական հրոսակախումբին սարսափը, իսկ Կազայի պաղեստինցիները տասնամեակներէ ի վեր կը տառապին ու կը տանջուին իսրայելեան անմարդկային վայրագութիւններէ` միշտ ալ անզէն պայքարելով այդ պետութեան զինեալ ուժերուն դէմ:

Մուսուլ

«Փուլիցըր» հեղինակաւոր մրցանակին չորս անգամ արժանացած Քարոլ Քուզի  այցելած է Մուսուլի վերջին զինուորական գործողութիւններէն փախած վիրաւոր եւ ճողոպրած մարդոց, որոնց աչքերուն, դէմքերուն արտայայտութիւններէն շատ լաւ կարելի է զգալ ՏԱՀԵՇ-ի բռնագրաւումի շրջանին ապրուած ամբողջ սարսափը եւ իրաքեան բանակի ազատագրութեան զինուորական գործողութեան տառապանքը, որոնք բառերն ու նախադասութիւնները չեն կրնար ներկայացնել:

Քարոլ Քուզիի սիրտ ճմլող 22 նկարներու  շարքը ցոյց կու տայ քաղաքայիններ, որոնք հասած են Մուսուլի Հին քաղաքին մօտ գտնուող դաշտային հիւանդանոց մը, խոյս տալէ ետք ՏԱՀԵՇ-ի դէմ մղած իրաքեան ուժերու կռիւներէն:

Փրկուածներուն մեծամասնութիւնը այժմ կը դիմագրաւէ ներքնապէս տեղահանուած անձերու ապագայի անորոշութիւնը այս ճամբարին մէջ, որ կ՛օգտագործուի իրենց սեփական երկրին մէջ տեղակայելու համար մարդիկ, որոնք պարտադրաբար լքած են  իրենց տուները:

87-ամեայ Սելմա Ապտուլլա անձկանօք կը սպասէ իր տղան, որ տարուած է հարցաքննութեան` ստուգելու համար, որ «Իսլամական պետութիւն» հրոսակախումբին անդամակցա՞ծ է, թէ՞ ոչ: Սելմա  ուրախացած է, երբ տղան ազատ արձակած են, եւ այժմ կրնան ապահով վայր մը մեկնիլ:

Քանդուած կեանքերը եւ սիրելիներու կորուստը կը յառաջացնեն զգացական վէրքեր, որոնք շատ դժուար է բուժել:

Նկարներէն մէկուն մէջ կը տեսնուի կին մը` Ալիա անունով,  գրկած է դիակը իր 12-ամեայ երեխային, որ մահացած է երկու ժամ առաջ, դաշտային հիւանդանոց ճամբուն վրայ: Ալիա ըսաւ, որ ատիկա ուտելիքի եւ ջուրի չգոյութեան հետեւանք էր, քանի որ իրենք մնացած էին Հին քաղաքին մէջ կռուող կողմերուն միջեւ:

Այսպիսի երեւոյթներու ի տես` կը մտածես, որ գաղափարական ոչ մէկ պայքար կարելի է արդարացնել, եթէ մարդիկ, մանաւանդ երեխաներ այսպիսի ճակատագիրի պիտի մատնուին:

Ամինա անունով աղջնակը գտած են իրաքեան բանակի զինուորները, որոնք անոր ճիչը լսած են փլատակներուն տակէն: Կարծած են, թէ ան օտարական է եւ հետը ռուսերէն խօսած են: Երբ աղջնակին հարցուցած են, թէ հայրն ու մայրը ուր են, Ալիա պատասխանած է.«Անոնք նահատակներ են»:

Ալիային նման բազմաթիւ երեխաներ կան, որոնք պարզ է, որ մանկութիւն պիտի չունենան եւ ամէնէն ահաւորը` ամբողջ կեանք մը պիտի ապրին իրենց հոգիներուն մէջ պահած սարսափը, որ այժմ իսկ նշմարելի է անոնց անմեղ աչքերուն մէջ:

Իրաքեան բանակի զինուոր Թրետ Սուփզի կը վերադառնայ պատերազմի ճակատէն` գրկած աղջնակ մը: Իրաքցի զինուորները զայն գտած են  մերկ, ճակատային գիծի փլատակներուն մէջ: Անոնք աղջնակը ծածկած են իրենց տրամադրութեան տակ եղող միջոցներով, անհրաժեշտ առաջին օգնութիւնները ցուցաբերած եւ փոխադրած` դաշտային հիւանդանոց, մասնագիտական խնամքի: Ի՞նչ է այս աղջնակին անունը, ի՞նչ պիտի ըլլայ անոր ճակատագիրը: Հարցումներ, որոնք, ըստ երեւոյթին, միշտ պիտի հարցուին:

Երեխաները թէեւ հասած են ապահով գօտի` դաշտային հիւանդանոց, սակայն անոնց աչքերէն շատ բաներ կարելի է կարդալ եւ հասկնալ զանոնք տանջող տառապանքը:

Իրաքցի զինուոր մը ցոյց կու տայ դէմքը «Իսլամական պետութիւն» հրոսակախումբի անդամի մը, որ անձնատուր եղած է յատուկ ուժերուն արեւմտեան Մուսուլի մէջ: Ի՞նչ կ’ըսեն այս աչքերը, որոնք նոյնպէս սարսափ մը կ՛արտացոլան…

ԻՆՉՈ՞Ւ  ԱՅՍ ԲՈԼՈՐԸ:

 

Կազա

Երեխաները Պատերազմէն
Աւելի Հզօր Են

«Փրկեցէք երեխաները» միջազգային կազմակերպութիւնը ամբողջ աշխարհի մէջ կը գործէ անկախ եւ անաչառ, հոն, ուր անհրաժեշտ է: «Փրկեցէք երեխաները» այժմ կ՛աշխատի Կազայի եւ Այսրյորդանանի մէջ: Որպէս համաշխարհային կազմակերպութիւն` «Փրկեցէք երեխաները» հաւասարապէս մտահոգ է Իսրայէլի երեխաներով, ինչպէս` Այսրյորդանանի եւ Կազայի, եւ կ՛աջակցի երկու ժողովուրդներուն` վերջ դնելու  վայրագութեան:

Փլատակներուն մէջ երեխաները ուրախանալու ձեւը գտած են, եւ այդ խանդավառութիւնը որքա՜ն վարակիչ պէտք է եղած ըլլայ, որ անոնց հայրն ալ,  մոռցած շուրջի աւերները, կը խաղայ անոնց հետ:

Պաղեստինցի լուսանկարիչ Իմատ Նասսար, որ արժանացած է միջազգային հեղինակաւոր մրցանակներու, կը բնակի Կազա քաղաքին մէջ, որ տարիներէ ի վեր ցնցուած է արաբներու եւ իսրայէլացիներու միջեւ ընթացող պատերազմէն:

Իմատի նկարներուն մէկ կարեւոր մասը կը վերաբերի պաղեստինցի երեխաներուն, որոնք,  ըստ լուսանկարիչին, անբախտ են` ծնած ըլլալով քաղաքի մը մէջ, ուր ամէն օր մարդիկ կը մեռնին: Եւ երեխաները իրե՛նք կրնան զոհուիլ որեւէ պահու:

Այդուհանդերձ, անկախ անկէ, թէ որքա՛ն սարսափելի է շրջապատող իրականութիւնը, երեխաները տակաւին գիտեն ինչպէս զուարճանալ եւ վայելել կեանքը:

Քանի որ երեխաները պատերազմէն աւելի հզօր են:

Իսրայէլացիները ահաւոր կերպով կ՛առեւանգեն, կը բռնաբարեն, կը չարչարեն եւ կը սպաննեն պաղեստինցի երեխաներ: Հակառակ ատոր,  սակայն, չեն յաջողած ընկճել անոնց հոգիները: Պահ մը դիտեցէք պատանիին դէմքին արտայայտութիւնը եւ կը համոզուիք:

Այո՛, երեխաները պատերազմէն հզօր են, որովհետեւ բոլոր պարագաներու եւ  մարդոց համար դժուար, անտանելի պայմաններու մէջ անոնք կը գտնեն «խաղավայր», «խաղեր»… ուրախութիւն:

Ձեր միտքէն պիտի անցնէ՞ր փլատակ այդ տան տանիքին վրայ  այդպիսի շարժումներ ընել, միասնաբար խաղալ եւ ուրախանալ:

«Փրկեցէք երեխաները» միջազգային կազմակերպութեան նման, բարեբախտաբար, կան զանազան միութիւններ եւ շարժումներ, նոյնիսկ` ծնողական միութիւններ, որոնք կը փորձեն երեխաներուն մէջ իրարու հանդէպ թշնամական վերաբերմունքը, զգացողութիւնը վերացնել:

Նկարին մէջ կը տեսնուին պաղեստինցի եւ իսրայէլացի երեխաներ, որոնք ուրախ ու խանդավառ կը մասնակցին Ծնողներու շրջանակ միութեան կազմակերպած ճամբարին:

Սերժ Մուրատեան Կ՛ըմբոստանայ Հայկական Սփիւռքին Դէմ

$
0
0

ԱՐԱԶ ԳՈՃԱՅԵԱՆ

Ա.

Բ.

Աւելի քան ամիսէ մը ի վեր Սերժ Մուրատեանի հետ մեր ունեցած զրոյցին արտագրումը համակարգիչիս մէջ կը սպասէր յօդուածի վերածուելու: Հարցազրոյցներու արտագրութիւնն ու յօդուածի վերածուիլը մեքենաբար տեղի կ’ունենան, քանի որ հոն գոյութիւն ունին երկու կողմ` հարցում եւ պատասխան, իսկ անոր բովանդակութիւնը յստակօրէն ունի սկիզբ եւ աւարտ: ԲԱՅՑ այս անգամ, մանաւա՛նդ այս անգամ, Սերժ Մուրատեանին հետ հանդիպումը անկարելի էր դասական կերպով մեքենաբար յօդուածի վերածել: Արդարեւ, մեր միջեւ տեղի ունեցած զրոյցը ոչ թէ թերթի մը յօդուածի, այլ պատմութեան եւ կամ ազգագրութեան էջերուն յանձնուելիք իրողութիւն մըն է: Իւրայատուկ չէ անշուշտ Սերժ Մուրատեան երեւոյթը պատմութեան մէջ, ուր ունեցած ենք ինքնաշխատութեամբ զարգացած հայեր, որոնք իրենց յատկանշական ներդրումն ալ ունեցած են մեր պատմութեան մէջ, բայց Սերժ Մուրատեանին` հայոց լեզուի, գրականութեան, հայոց պատմութեան եւ այլ հայկական իրականութեան անցուդարձերու հետաքրքրութիւնը 21-րդ դարու ընծայած բարքերուն ներքոյ գրեթէ անգտանելի է:

Գ.

«Ես Վլատիկավկազ ծնած ու ապրած եմ, Ռուսիա: Հայրս միշտ կ՛ըսէր ինծի, որ պէտք է հայերէն սորվիմ, հայոց պատմութիւնը իմանամ: Կ՛ըսէր` այս ընտանիքէն գոնէ մէկ հոգի հայերէն պէտք է գիտնայ: Մեր կողմերը հայկական վարժարաններ չկան. կայ միօրեայ վարժարան, ուր յաճախեցի 18 տարեկանիս: Երբ սկսայ յաճախել, մէկ բառ հայերէն խօսիլ չէի գիտեր, միայն գիտէի, թէ ի՛նչ կը նշանակէ «բարեւ» եւ ատոր համար առաջին օրը միայն այդ բառը հասկցայ: Անշուշտ միշտ ալ գիտէի, որ հայ եմ, բայց ատոր նշանակութիւնը չէի ըմբռնած մինչեւ հայոց լեզուին հետ դէմ յանդիման գտնուիլս: Այդ միօրեայ վարժարանին մէջ էր, որ տեսնելով Մեսրոպ Մաշտոցին նկարը, առաջին անգամ լրջօրէն մտածեցի ինքնութեանս մասին, անցեալիս մասին եւ իմ հայերէն սորվելուս կարեւորութեան մասին: Ամչցած էի, որ հայերէն տառերը ինծի համար տարօրինակ գիրեր թուած էին առաջին անգամ, մինչ պէտք էր շատ հարազատ ըլլային անոնք ինծի, քանի որ իմս էին: Երբ սկսայ յաճախել, այս միօրեայ վարժարանը, յունուար ամիսն էր, եւ արդէն աշակերտները այբուբենին գրեթէ կէսը սորված էին, հետեւաբար ուսուցիչս զգուշացուց զիս` ըսելով, որ պիտի չկարենամ քայլ պահել միւսներուն հետ: Ասոր պատասխանս եղաւ` «Վնաս չունի, կը փորձեմ»: Փաստօրէն, քանի մը ամիս ետք ան ինծի մօտեցաւ եւ ըսաւ, որ պէտք է անպայման շարունակեմ սորվիլ եւ կարդալ հայերէն: Բարձր գնահատեց իմ յառաջդիմութիւնս եւ նոյնիսկ նախքան Ռուսիայէն ճամբորդելը, իր հայերէն գիրքերը ինծի նուիրեց: Անշուշտ այս կիրակնօրեայ վարժարաններուն ընծայած շաբաթը մէկ-երկու ժամը որեւէ խոստմնալից արդիւնք չի տար, եւ աշակերտը լեզուին չի կրնար տիրապետել, մանաւանդ` Ռուսիոյ մէջ, ուր հայերէնը առօրեայ գործածութիւն չունի, ատոր համար ջանք պէտք էր թափէի ու ինքնաշխատութեամբ սորվէի լեզուն եւ նոյնիսկ հայոց պատմութիւնը»:

«Հայերէնին եւ հայերուն մասին հետաքրքութիւնս սկսած էր զարգանալ: Որոշ բառամթերք մը ապահովելէ ետք ծանօթացայ «Ազդակ»-ին: Ազատ ժամերուս «Ազդակ» կը կարդայի, «Վանայ ձայն» մտիկ կ՛ընէի եւ «Օ. Թի. Վի.»-էն հայկական լուրերը կը դիտէի: «Ազդակ» շատ օգնեց ինծի, որ զարգացնեմ բառապաշարս, իսկ լուրերը լսելով` ես սորվեցայ բառերուն հնչիւնները: Այն ատենէն ինծի շատ հետաքրքրած էր Պուրճ Համուտը եւ անոր պատմութիւնները, մանաւանդ` պատերազմի ընթացքին անոր բռնած դրական չէզոքութիւնը, որուն մասին կարդացեր էի Աշոտին ինծի նուիրած` «Լիբանանի տղաքը» գիրքին մէջ: Այս բոլորէն ետք ուզեցի Պուրճ Համուտ գալ եւ աչքովս տեսնել ու շօշափել իրականութիւնները, այցելել թաղերը, ակումբները:

«Ազդակ»-ի բոլոր բաժինները կը կարդամ, անշուշտ կան յօդուածներ, որոնց բառամթերքը քիչ մը բարդ է ինծի համար, բայց չեմ զզուիր: Ինծի համար «Ազդակ»-ը դպրոց մըն է, եւ իմ սորվածներուս 90 տոկոսը անոր կը պարտիմ. իմ ամբողջ բառամթերքս, գրելաոճս «Ազդակ»-էն սորված եմ: Ամէն օր ժամը 11-ին կայքը կ՛այցելեմ եւ կը կարդամ: Համացանցի վրայ հայկական կայքեր, աղբիւրներ փնտռած ատենս հանդիպած էի Համազգայինի կայքին ու անոր միջոցով ծանօթացած` տիկին Արին Գալուստեանին: Անոր ներկայացնելէ ետք ինքզինքս, յայտնած էի «Ազդակ» աշխատելու փափաքիս մասին: Տիկին Գալուստեանը այն ատեն ինծի յայտնած էր, թէ ինք այդ ոլորտին հետ կապ չունի եւ` առաջարկած, որ Հայաստան տեղի ունեցող Համազգայինի Ֆորումին մասնակցութիւնս բերեմ: Այս լուրը ծնողքս շատ ուրախացուցած էր, քանի որ անոնք միշտ ինծի պատուիրած են միշտ ապրիլ հայերէնով եւ մօտենալ հայերէնին, իսկ ինծի համար վերջապէս առիթ մըն է հայրենակիցներուս եւ ազգակիցներուս հետ նստելու, տեսնուելու եւ հայրենիք երթալու: Ֆորումին ընթացքին ես ծանօթացայ շատ հայերու, որոնց հետ ընկեր եմ մինչեւ այսօր եւ Լիբանան կեցութեանս ընթացքին անոնք ինծի շատ լաւ հոգ տարին ու կը պտտցուցին: Շատ ուրախ եմ անոր համար: Կրնամ ըսել, որ ներկայիս բաւական թիւով հայ ընկերներ ունիմ` շնորհիւ ընկերային ցանցերուն եւ ելեկտրոնային հաղորդակցութեան միջոցներուն, բայց դժբախտաբար անոնց ֆիզիքական ներկայութիւնը չեմ վայելեր: Ես Ռուսաստան հայ բարեկամներ չունիմ, իսկ հայախօս բարեկամներ` բնաւ: Մենք մեր տան մէջ հայերէն չենք խօսիր, բայց իմ հայերէն սովիլս կը պարտիմ հօրս եւ անոր յորդորներուն: Սկիզբը ես չէի հասկնար` ինչո՛ւ հայրս այդքան կը պնդէր, որ հայերէն սորվիմ, երբ ինք չի խօսիր, բայց յետոյ հասկցայ եւ ատիկա Աստուծոյ հրաշքին կը վերագրեմ, որովհետեւ ուրիշ բացատրութիւն մը չունի»:

«Հայերէն սորվիլս քիչ մը դասական էր: Այսինքն առաջին հերթին ես Աստուածաշունչը հայերէնէ ռուսերէնի թարգմանեցի: Տետրակ մը ունէի, որուն մէջ երկու սիւնակ գծած էի եւ իւրաքանչիւր անծանօթ հայերէն բառին դիմաց ես բառարանի օգնութեամբ անոր համապատասխան ռուսերէնը կը գրէի: Յետոյ նոյնը ըրի «Ազդակ» կարդալով: Հիմա կրնաս ըսել, որ ինծի համար բառարան ունիմ` հայերէնէ ռուսերէնի: Անշուշտ ներկայիս հայերէն ընթերցումներուս համար բառարանի օգտագործութեան այնքան պէտք չունիմ, որքան առաջ: Առաջին երեք տարիները օրական նուազագոյնը մէկ- երկու ժամ եւ առաւելագոյնը չորս-հինգ ժամ կը տրամադրէի այս աշխատանքին: Արձակուրդի օրերս երբեմն ամբողջութեամբ կը նուիրէի ասոր: Չեմ կրնար ըսել, որ կատարեալ հայերէն կը խօսիմ, բայց շատ յառաջացած եմ եւ կը շարունակեմ սորվիլ: Ես «Ազդակ» կարդալով` ոչ միայն հայերէն սորվեցայ, այլ նաեւ զարգացայ` տեղեկանալով ներկայ շատ մը խնդիրներու մասին` քաղաքական, ընկերային, տեղական, մանաւանդ Հայ դատի մասին: Ասիկա շատ կարեւոր է ինծի համար: Լիբանանի եւ լիբանանահայութեան մասին շատ տեղեկութիւն ունիմ, քանի որ ամէն օր «Ազդակ» կը կարդամ: Կարդացած եմ նաեւ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին մասին գիրքը եւ շատ հիացած եմ լիբանանահայութեան յանձնառու եւ յանդուգն կեցուածքով: Լիբանանահայ երիտասարդները շատ տպաւորած են զիս, եւ ես խանդավառ եմ անոնցմով: Իսկ հայոց պատմութիւնը սորված եմ զանազան աղբիւրներէ, մանաւանդ` յեղափոխական գրականութենէ:

«Ըսեմ, որ Հայաստանէն Ռուսաստան արտագաղթած են մեծ թիւով հայեր, որոնք հիմնականօրէն մայրաքաղաքը կամ Ս. Փեթերպուրկ կ՛ապրին ու կ՛աշխատին: Անոնց պարագան տարբեր է, որովհետեւ անոնք հայրենիք ունին եւ Ռուսաստան կը գտնուին տնտեսական պայմաններու բերումով, բայց իմ պարագաս ձեր պարագային պէս է. ես Ցեղասպանութեան հետեւանք եմ, եւ իմ հայրենիքս Մուշն է: Կը հասկնա՞ս: Իմ հոգեվիճակս տարբեր է, անոնց հոգեվիճակը տարբեր է: Ես յամառօրէն արեւմտահայերէն կը գրեմ ու կը խօսիմ: Թէեւ Ռուսաստան շատ առիթ չունիմ հայերէնով արտայայտուելու, բայց նոյնիսկ երբ առիթ ունենամ խօսելու մեր եկեղեցւոյ քահանային հետ, որ Հայաստանէն է, ես արեւմտահայերէն կը խօսիմ անոր հետ:

Դ.

——————————————————-

Ընտանիքս 1915-ին, Ցեղասպանութեան ժամանակ,  Մուշէն գաղթած է Վրաստան եւ 1916-ին հաստատուած է Վլատիկավկազ, որ իմ ծննդավայրս է: Բնականաբար անոնք միակ մշեցիները չեն եղած, այլ ամբողջ շրջանը բնակուած եղած է մշեցիներով, որոնք կը խօսէին Մշոյ բարբառը: Ներկայիս անոնք Վլատիկավկազէն գաղթած են, հաւանաբար` Ռուսաստանի միւս շրջանները կամ արտասահման: Մեծ հօրս հայրը` Ազատը, որ կը պատմեն, թէ 1915-ին, Արաքս գետը կտրած ժամանակ ծնած է, Վլատիկավկազի մէջ ապրելով` պսակուած է հարսեցիի մը հետ (Կարսեցի). հարսեցի հարսիկը չհասկնալով Մշոյ բարբառը, տան մէջ սկսած է օգտագործուիլ պարզ հայերէնը: Ազատը իր ծնողքին հետ Մշոյ բարբառով հաղորդակցած է, իսկ կնոջ հետ` գրական հայերէնով: Անոնցմէ ծնած է մեծ հայրս, որ պսակուած է յոյնի մը հետ: Այս պսակով հայերէն հաղորդակցութիւնը սկսած է աստիճանաբար կորսուիլ: Իմ մայրս ալ Մշոյ արմատներ ունի, նաեւ Նարմեցի է:

——————————————————-

Ե.

«Ես բնաւ համաձայն չեմ անոնց հետ, որոնք կ՛ըսեն, թէ սփիւռքի մէջ հայկական ինքնութիւն պահպանելը հնարաւոր չէ: Ես մամուլէն կը կարդամ ասոր մասին եւ գիտեմ, որ շատ դժուար է: Վերջերս շատ աղուոր ժապաւէն մը տեսայ, «Խենթի մը պատմութիւնը» (Une Histoire du Fou) եւ անոր մէջ Յովհաննէսը իր զաւակին` Արամին, կ՛ըսէ, որ ես իմ Հայաստանս պահեցի հայերէն խօսելով, հայկական ճաշեր ուտելով, հայկական շուրջպար պարելով. արդեօք ասիկա հայկական ինքնութեան պահպանում չէ՞: Ես կը հասկնամ, որ մարտահրաւէրները շատ են սփիւռքի մէջ հայ մնալու, բայց չի նշանակեր, որ պէտք է հրաժարինք: Կը հաւատամ, որ հաւատքով, վճռակամութեամբ եւ ինքնաշխատութեամբ կը դիմագրաւենք բոլոր դժուարութիւնները: Ես չեմ ակնկալեր բոլորէն, որ ինծի պէս իրենց ժամանակը տրամադրեն հայերէն սորվելու եւ հայոց պատմութիւն ուսումնասիրելու, բայց կ՛ակնկալեմ, որ որեւէ յանձնառու հայ երիտասարդ նուազագոյն գիտակցութիւնը ունենայ ատոր անհրաժեշտութեան»:

«Ոմանք ինծի կ՛ըսեն, որ անցեալով կ՛ապրիմ, բայց ես ալ անոնց հարց կու տամ, որ ինչպէ՞ս կարելի է առանց մեր անցեալը գիտնալու յառաջանալ: Ապագային նայելու համար պէտք է պաշար մը ունենալ, չէ՞: Անցեալին չնայողները դժբախտաբար նաեւ չեն հաւատար, որ օր մը Հայ դատը կրնայ լուծումի յանգիլ: Ես հանդիպած եմ մարդոց, որոնք կ՛ըսեն, թէ հարիւր տարուան մէջ ոչ մէկ տեղ հասանք, ուրեմն ասկէ ետք ալ անիմաստ է: Անոնք քաղաքական վերլուծումներ կ՛ընեն յաճախ սխալ եւ ոչ մտածուած, բայց ասիկա կու գայ անտարբերութենէ եւ հաւատքի պակասէ: Եթէ ես անտարբեր ըլլայի իմ անցեալիս նկատմամբ, օրին մէկը պիտի չսորվէի արեւմտահայերէն եւ պիտի ձուլուէի: Անշուշտ չենք կրնար անտեսել արհեստագիտութեան զարգացումը եւ պէտք է յարմարինք 21-րդ դարուն տուած դիւրութիւններուն, բայց` բնաւ չկորսնցնելով մեր անձերն ու ինքնութիւնը: Դժբախտաբար Արեւմուտքի արժէքները շատ թափանցեցին մեր կեանքին մէջ, եւ դրամատիրութիւնը կը կլլէ մեր կեանքը»:

«Բայց այս բոլորը չեն իրականանար, երբ երիտասարդը պարտադրուած կերպով սորվի հայոց լեզուն եւ մշակոյթը: իմ բարեամներս ու ազգականներս ինծի միշտ կ՛ըսեն, որ պէտք է ինձմէ վեց տարի փոքր եղբօրս հայերէն սորվեցնեմ, բայց անիկա պիտի չուզէ սորվիլ, մինչեւ որ ինքը գիտակցի ատոր, թէկուզ ես կենդանի օրինակ ըլլամ իրեն համար: Երիտասարդը ի՛նք պէտք է գիտակցի իր ինքնութեան համար տարուած աշխատանքին անհրաժեշտութեան, ապա թէ ոչ բռնազբօսիկ եւ ապարդիւն կ՛ըլլայ»:

«Եթէ ես խօսքս ուղղեմ հայ երիտասարդներուն, որոնք հեռու են հայկականութենէն, ի՞նչ պիտի հասկնան անոնք: Երանի կարենանք ստեղծել այն մթնոլորտը, որ անոնց ինքնաբերաբար կը մօտեցնէ ինքութեան: Ես կը հաւատամ ինքնաշխատութեան եւ հաւատքի զօրութեան ու վճռակամութեան»:

Զ.

Երբ առաջին անգամ լսեցի Սերժ Մուրատեանին մասին, բնաւ չխանդավառուեցայ: Առաջին հակազդեցութիւնս եղած էր` «Ահլա ու սահլա» (բարի եկար), քեզի պէս շատեր հայկական արմատներուն կը վերադառնան, զզուեցանք այս նիւթէն», բայց փաստօրէն սխալած էի դատողութեանս մէջ: Սերժ Մուրատեանին հայոց լեզուն եւ մշակոյթը սորվիլը իր երիտասարդ տարիքին գնահատելի է ոչ միայն անոր համար, որ ինք հայացաւ, այլ` անոր համար, որ յանդգնեցաւ ըմբոստանալ սփիւռքը ոչնչացման դատապարտողներու ալիքին դէմ եւ ջնջել սփիւռքահայերուս ճակատին դրոշմուած ձուլման խարանը: Յեղափոխութիւն մը:

Կրնանք մտածել, որ Սերժ Մուրատեանը օրէնքին բացառութիւն է եւ անոր կենցաղավարութեան օրինակը որեւէ մէկ ազդեցութիւն չձգէ մեր վրայ: Եւ կամ կրնանք վերանայիլ սփիւռքահայուն, սփիւռքին եւ երիտասարդ սերունդին ուղղած մեր դիտողութիւնները, վերաքննել մեր կեցուածքները եւ հասկնալ, որ բոլորս ալ, հին թէ նոր սերունդ, ներդրում ունինք ներկայիս մեր ունեցած սփիւռքեան իրականութեան մէջ: Դիւրին է միշտ մեզմէ դուրս գտնել ձախողութեան մը պատճառը, եւ ինքնաքննութիւնը քաջութիւն կը պահանջէ: Սերժ Մուրատեանը ունեցաւ այդ յանդգնութիւնը` շնորհիւ իր ծնողքին մղումին: Ան մոմ մը վառեց խաւարին մէջ:

 

————————-

Ձօն Լիբանանահայութեան

Լիբանանահայ գաղութ` սփիւռքի կեդրոն,
Հայ խնդիրներուն հանդէպ` միշտ արթուն ու զգօն,
Իր կողքին ունենալով վեհ Դաշնակցութիւն,
Պատուով կը յաղթահարէ վտանգ ու փորձութիւն:
Հայրենիքէն վտարուելով` դուք եկաք Պէյրութ,
Քրտինքով ու ճիգով կերտեցիք Պուրճ Համուտ,
Օտարին հողին վրայ դուք չվհատեցաք,
Ինքնութիւն եւ դիմագիծ ամուր պահեցիք:
Կեանքի դաժան պայմաններ դիմագրաւելով`
Ցոյց տուեցիք հայավայել կամք ու կորով:
Հայ դատի հետապնդման դուք ճամբան բացիք,
Ահաւոր, ուժգին հարուած թուրքին հասցուցիք:
Լիբանանեան պատերազմը բոլորին փաստեց
Գաղութը պաշտպանելու ձեր յանձնառութիւն մեծ.
Արցախեան պայքարին մէջ ձեր մասնակցութիւնը
Հայ ժողովուրդին տուաւ մեծ ոգեւորութիւն:
Ու բոլոր ճակատներուն միշտ առաջնորդող,
Ձեր գաղութը հայութեան սիրտը բաբախող:
Բայց այսօր տագնապ ունինք` նոր վերսկսած
Արցախին անգամ մը եւս թուրքն է սպառնացած,
Ինչպէս անցեալին ըրիք, այսօր կրկնեցէք
Հայութեան պայքարի դրօշը բարձր պահեցէք:

ՍԵՐԺ ՄՈՒՐԱՏԵԱՆ

 

 

Տեսակէտ. Մտամարզա՞նք, Թէ՞ Կենցաղակերպ (Հայաստան-Սփիւռք 6-րդ Համահայկական Համաժողով)

$
0
0

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

Հաւանաբար պիտի չգրուէին ստորեւ ներկայացուած տողերը, եթէ երբեք աչք ծակող երեւոյթներ, անհաճոյ կացութիւններ եւ յամեցող մտահոգութիւններ տակաւ նուազէին, եւ մենք ազգովին գտնուէինք բաղձալի իրավիճակներու, պատուաբեր նուաճումներու եւ ազգային իրաւ զարթօնքի մը դէմ յանդիման:

Զարթօնք, որ պիտի ընդգրկէ հայութեան (սփիւռք-հայրենիք) կեանքը օղակող բոլոր բնագաւառներն ու ամենայետին մանրամասնութիւնները:

Խօսքը, անշուշտ, չի վերաբերիր հայրենի հողին ու ջուրին, ժողովուրդին ու մշակոյթին, գիր ու գրականութեան, հայ բանուորին ու հանճարին, այլ ուղղակիօրէն կ՛առնչուի հայ պետականութեան, որուն գոյութիւնը, աւելի քան 25 տարի է, ըլլալով մեծագոյն մխիթարանքն ու դարաւոր երազի մը ճշմարիտ արտայայտութիւնը, տակաւին կը շարունակէ մնալ բոլորիս ակնկալութիւններու կիզակէտը`, այն առումով, որ Հայաստանը է՛ ու պիտի մնա՛յ ամբողջ հայութեան սիրտն ու միտքը, ապաւէնն ու ապագայակերտ կռուանը:

Այսինքն, Հայաստանի Հանրապետութիւնը իր բովանդակ իմաստով անփոխարինելի եւ մշտնջենական օրրանն է, հայոց յաւերժութիւնը պահպանող եւ պաշտպանող`  նուիրական ամրոցն ու կաճառը: Այսուհանդերձ, անկեղծ ասած, առկայ է յոռետեսութիւնն ու փոխադարձ վստահութեան պակասը, զիրար ըմբռնելու եւ ընկալելու ոչ բաւարար մօտեցումը:

Ճիշդ է, տարիներու թաւալքին հետ ականատես եղանք բազմաթիւ եւ բազմաոլորտ յաջողութիւններու եւ նուաճումներու, սակայն հրամայական պահանջը կը մնայ այն, որ ժամանակի դաժան գլանին հետ միատեղ` հայ քաղաքական միտքն ու պետականութիւնը գտնուին ինքնաբիւրեղացման ճանապարհին եւ ամէն քայլափոխի ցոյց տան փոփոխութիւններու եւ թափանցիկ գործելակերպերու եղանակներ, որոնք ըստ էութեան պիտի գնահատուին ազգի բաղադրիչ հանրութեան կողմէ:

Իրօք, սրտցաւ եւ ապագայատես իւրաքանչիւր սփիւռքահայու համար հայրենի հողն ու պետականութիւնը ոչ մէկ ատեն սակարկութեան առարկայ է դարձեր, եւ այս մօտեցումով միշտ ալ իրերայաջորդ սերունդներ ցոյց տուած են իրենց սէրն ու յարգանքը, հաւատքն ու օժանդակելու պատրաստակամութիւնը:

Արդ, որպէսզի մենք ալ մեր կարգին ձերբազատինք յոռետեսական մտածումներէ, սեւով ճերմակին կը յանձնենք մտորումներու ծաղկաքաղ մը, որ խորքին մէջ հրաւէր մըն է ազգովին ձերբազատելու անհաճոյ մտամարզանքներէ եւ անհոգի կենցաղակերպէ եւ գէթ անգամուան մը համար բարձրաձայնելու, հայ պետականութեան ամպիոնէն, թէ ա՛լ վերջ գտած են կարգախօսերու եւ տկլոր մտայնութեան շքերթները, ապազգային եւ բռնազբօսիկ գործելու եղանակները, եւ անոնց փոխարէն հայ պետական միտքը պիտի նախաձեռնէ ազգային զարթօնքի մը, որուն առանցքը հայաստանակեդրոն աշխատանքներու բացարձակ աշխուժացումն է:

Այլ խօսքով` հայահաւաքի սրբազան աշխատանքը, որ կրնայ իրականութիւն դառնալ բացառապէս հայու հանճարով եւ նիւթական կարելիութիւններով:

Այս առիթով, յստակացնել է պէտք, որ Հայաստան-սփիւռք համահայկական ժողովներու թէ սեմինարներու այլատեսակ պատկերները չեն, որ պիտի խանդավառեն մեզ, այլ` արդի կեանքի պահանջներուն համահունչ աշխատելաձեւերը, թափանցիկ գործունէութիւնը, ժողովրդավար ըմբռնումներն ու օրէնքի պետութիւն կերտելու նախանձախնդիր ոգին:

Հայ պետականութիւնն ու քաղաքական միտքը, ճիշդ է, որ զգացականութեամբ, հաճոյակատարութեամբ կամ լոզունքներով չի կրնար յառաջդիմել, այդուամենայնիւ, հայութեան հզօրագոյն զէնքն ու ապաւէնը իր ազգային արժանապատուութիւնն է, անոր տիրութիւն ընելն է, որով պարտութեան կը մատնուին թշնամի հորդաներ թէ զազիր թուրք-ազերիներ:

Նպատակայարմար պիտի ըլլար այն, երբ նման ժողովներու ներկայանային այնպիսի լիազօր խորհուրդներ թէ մարմիններ, որոնք յետ գիտական քննարկումներու թէ ուսումնասիրութիւններու ներկայացնէին համապատասխան առաջարկութիւններ եւ գործնական լուծումներ: Իսկ հայ պետութեան վերապահուէր անոնց անյապաղ իրագործումը:

Ահա՛ մարտահրաւէրը:


 

 

Միջին Արեւելքը` Տէր Զօրի Ազատագրումէն Ետք

$
0
0

ԵՂԻԱ ԹԱՇՃԵԱՆ

Տէր Զօրը` ազատագրուած… Կը յիշեմ 2009 թուականը, երբ լիբանանահայ վարժարաններու աշակերտներով այցելեցինք Տէր Զօր, անապատ մը, որուն տաք աւազը մօտ մէկ դար առաջ շաղախուած էր հայ գաղթականներու արիւնով: Բազմաթիւ պատմութիւններ լսած ենք գաղթականներու տառապանքներուն մասին: Մարդիկ, որոնք օրերով եւ ամիսներով այդ անապատին մէջ տեսած են անմարդկային տանջանքներ, սակայն դիմադրած են բոլոր դժուարութիւններուն: Կրնամ ըսել, որ բախտաւոր եմ Տէր Զօրի յուշամատուռը այցելած ըլլալուս համար: Սրբավայր մը, որ այլեւս գոյութիւն չունի, որովհետեւ սեպտեմբեր 2014-ին ՏԱՀԵՇ-ի ահաբեկիչները պայթեցուցին զայն, սակայն չկրցան ջնջել անոր յիշողութեան

2017 ձմրան սուրիական բանակը յայտարարեց Տէր Զօրի ազատագրման գործողութեան սկիզբի մասին: Մօտ 3 տարիէ ի վեր սուրիական բանակային զօրամաս մը ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ պաշարուած էր Տէր Զօր քաղաքին մէջ, եւ վերջապէս անցեալ շաբաթ սուրիական բանակային ուժերը, ռուսական օդուժին օգնութեամբ, ազատագրեցին քաղաքը: Այս դէպքը Սուրիոյ աշխարհաքաղաքական քարտէսին եւ շրջանային քաղաքականութեան վրայ հսկայ արձագանգ մը յառաջացուց:

Իրանի արտաքին քաղաքականութիւնը դարձեալ յաղթանակ մը արձանագրեց, երբ  Իրան ճամբայ բացաւ Պաղտատէն Տէր Զօր, ապա` Դամասկոս եւ դէպի Պէյրութ, այսպիսով իր քաղաքական դիրքը ամրապնդելով եւ ցամաքային ելք ունենալով դէպի Միջերկրական ծով` Հըզպալլայի միջոցով: Ռուսիոյ համար ասիկա դարձեալ քաղաքական յաղթանակ մըն էր, որովհետեւ այսպիսով Ռուսիա յստակ պատգամ մը հասցուց աշխարհին եւ մանաւանդ Միացեալ Նահանգներուն, որ Ռուսիոյ քաղաքական եւ ռազմական ներկայութիւնը այլեւս վիճելի չէ սուրիական տարածքին:

«Ալ Մոնիթոր»-ի լրագրող Ալի Ռըզք այս գործողութիւնը կը նկատէ ռազմավարական յաղթանակ, որովհետեւ սուրիական բանակը շրջանը ազատագրեց  քանի մը ռազմական ճակատներէ, եւ ամէնէն կարեւորը` Ռաքքայի ճամբով, ուր փակեց ճանապարհը դէպի Տէր Զօր քաղաք քրտական ուժերու որեւէ յառաջխաղացքի: Միացեալ Նահանգներ մտադիր էին, որ իրենց դաշնակիցը` Սուրիական ժողովրդավարական բանակը շուտով ազատագրէր Ռաքքան, ապա ուղղուէր դէպի Տէր Զօր, սակայն ասիկա տեղի չունեցաւ, եւ Ռուսիա ծանօթ ըլլալով Ամերիկայի ծրագիրին` աւելի շուտ շարժեցաւ:

Այսպիսով, Ամերիկայի ի գործ դրած բոլոր ճնշումները, որ փակէր Իրանէն դէպի Դամասկոս ճամբան, ապարդիւն անցան: Սուրիոյ մէջ Իսրայէլի դերակատարութիւնն ալ նուազեցաւ. անցեալ շաբաթ Անգլիա յայտարարեց, որ իր ռազմական օժանդակութիւնը պիտի կասեցնէ սուրիական ընդիմադիր ուժերուն, որոնք կը գտնուին երկրին հարաւը` Յորդանանի սահմանին մօտ: Այսպիսով, կը մնայ Սուրիոյ հիւսիսը, որ տակաւին ամբողջութեամբ կառավարական ուժերուն հակակշիռին տակ չէ: Իտլիպը տակաւին Ժապհաթ Նուսրայի եւ թրքամէտ այլ զինեալ ուժերու ձեռքին տակ է, եւ շատ հաւանական է, որ ապագային Թուրքիա զիջի այս տարածքը սուրիական կառավարութեան, եթէ նախագահ Ասատ համաձայնի Թուրքիոյ հետ գործակցաբար վերջ տալ քրտական կիսանկախ շրջաններուն, որոնք Միացեալ Նահանգներու հսկողութեան տակ են: Սակայն «Շարք Աուսաթ» օրաթերթը «Իրանական-թրքական համաձայնութիւն` Ռուսիոյ հովանաւորութեամբ. Իտլիպի դիմաց` հարաւային Դամասկոսը» խորագիրով յօդուածի մը մէջ կը նշէ, թէ շատ հաւանական է, որ թրքական ուժերուն եւ Թուրքիոյ քաղաքական ազդեցութիւնը երկարաձգուի Իտլիպի մէջ, պայմանաւ որ սուրիական ընդդիմադիր զինեալ խմբաւորումները քաշուին հարաւային Դամասկոսէն եւ յանձնեն շրջանը կառավարական ուժերուն, այսպիսով մայրաքաղաքը եւ անոր շրջակայքը կ՛ըլլայ կառավարութեան ազդեցութեան տակ: Հոս նաեւ կարեւոր է նշել, որ Սայիտա Զէյնապի շրջակայքը տակաւին կը մնայ ընդդիմութեան վերահսկողութեան տակ, հետեւաբար թէ՛ Իրանի եւ թէ՛ Հըզպալլայի համար այս համաձայնութիւնը կրօնական եւ ռազմավարական նշանակութիւն ունի:

Հաւանաբար շատեր, որոնք կը կարծէին, թէ Տէր Զօրէն ետք Իտլիպի ուղղութեամբ պիտի սկսի սուրիական կառավարական ուժերու զինուորական գործողութիւն մը, պէտք է անդրադառնան, որ ներկայիս Ռուսիա կարիքը ունի Թուրքիոյ, որպէսզի արգիլէ որեւէ նախայարձակում` Իտլիպէն Լաթաքիոյ կամ Հոմսի վրայ, մինչ սուրիական ուժերը տարածուած են երկրի արեւելեան սահմաններուն մօտ: Փութին ամէն ջանք պիտի թափէ, որ Միացեալ Նահանգներու ազդեցութիւնը ոչնչացնէ Սուրիոյ հիւսիսային շրջաններուն մէջ, որոնք կը գտնուին քրտական ջոկատներու տիրապետութեան տակ: Ըստ երեւոյթին, Սուրիա ունի ընտրութեան հարց` երկու ճակատներու միջեւ. կա՛մ հիւսիսային ճակատը եւ երկար պատերազմ մը քիւրտերուն հետ, եւ այս պարագային` Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսիոյ միջեւ բախում, կա՛մ ալ հարաւային ճակատը` Տարաայի եւ Թանֆի շրջանները, ուր սուրիական ընդդիմութիւնը որբ մնացած է:

Yeghia.tash@gmail.com

 

 

Փոքր Ճշդումներ` Մուսա Լերան Ժողովուրդին Եւ Պատմութեան Առնչուող

$
0
0

ԵՍԱՅԻ ՀԱՒԱԹԵԱՆ

Ժամանակի ընթացքին կարգ մը սխալ  տեղեկութիւններ կրնան  տարածուիլ որեւէ  ընկերութեան մէջ: Այս մէկը անշուշտ «բնական» երեւոյթ կրնայ նկատուիլ: Այս երեւոյթը  կրնայ պատահիլ որեւէ ժողովուրդի եւ որեւէ բնագաւառի ծիրին  մէջ:

Հայ ժողովուրդի պատմութեան հետ կապուած` տարածուած են անստոյգ տեղեկութիւններ, որոնք ժամանակի ընթացքին «ճիշդ» սկսած են նկատուիլ:

Այս ձեւի «սխալներ» տարածուած են նաեւ` Մուսա Լերան ժողովուրդի պատմութեան հետ առնչուող: Անուշադրութեան պարագային, կրնան իրականութիւնները անստոյգ նկատուիլ, եւ սխալները կը դառնան իրականութիւն…

Այս փոքր նշմարով մեր ժողովուրդի ուշադրութեան կ՛ուզենք յանձնել տարածուած կարգ մը սխալ տեղեկութիւններ եւ կատարել ճշդումներ:

Ա.- Մովսէս անունը, որ մեծ ժողովրդականութիւն վայելած է մուսալեռցիներուն մէջ, որեւէ առնչութիւն չունի հերոսամարտի լերան ՄՈՒՍԱ անուան հետ: Մուսա Լեռը իր անունը առած է որպէս ներշնչումի լեռ` եւ այդ մէկը դարեր առաջ, յունական ժամանակաշրջանին: Ֆրանս Վերֆելի վէպով է, որ Մովսէս անունը աւելի տարածուեցաւ, քան` Մուսա անուանումը (յիշենք, որ Վերֆել հրէական ծագում ունէր): Հետեւաբար լեռը, ժողովուրդը եւ հերոսամարտը բոլորն ալ Մուսա անուանումը ունին:

Բ.- Մուսա Լերան հերոսամարտը սկիզբ առած է 31 յուլիս 1915-ին, երբ ժողովուրդը բարձրացած է լեռ, եւ աւարտած է 13 սեպտեմբերին` երբ ժողովուրդը ֆրանսական փրկարար նաւերուն վրայ բարձրացած` սկսած է  ուղղուիլ  դէպի Փոր Սայիտ: Ուրեմն հերոսամարտը տեւած է 45 օր: Հետեւաբար ճիշդ չէ հերոսամարտը կոչել քառասնօրեայ:40 օրերու բնորոշումը դարձեալ Ֆրանս Վերֆելի դիւցազներգութեան ` «Մուսա Լերան 40 օրը» վէպի  անուանումէն յառաջ եկած է (հոս ալ կարելի է կապ մը տեսնել հրեայ ժողովուրդի պատմութեան 40 տարիներու անապատային դեգերումներուն հետ):

Գ.- Խորհրդային ժամանակաշրջանին, բազում ուրիշ ազգավնաս երեւոյթներու կողքին, խեղաթիւրուեցաւ նաեւ Մուսա Լերան հերոսամարտի պատմութիւնը: Նպատակը յստակ էր. նուաստացնել կարգ մը ղեկավարներ (որոնց մեծամասնութիւնը դաշնակցականներ էին) գերգնահատելով այլ հերոսներ, որոնք իրականութեան մէջ հերոսներ էին, ինչպէս` Եսայի Եաղուպեանն ու Պետրոս Տմլաքեանը, սակայն հերոսամարտի ընդհանուր ղեկավարները չէին: Արդարեւ, երկու հերոսներն ալ (վերակազմեալ Հնչակեան) չէթէական խումբի խմբապետներ էին եւ քաջագործութիւններ կատարեցին, սակայն անոնք ընդհանուր հրամանատարի պարտականութիւն չունէին: Սկիզբը առանձին ճակատներ ունէին իրենց հրամանատարները, յետոյ, սակայն, աւելի գործնական նկատուեցաւ զինուորական ընդհանուր պատասխանատու նշանակել Մովսէս Տէր Գալուստեանը, որ փաստօրէն դարձաւ հերոսամարտի զինուորական ընդհանուր պատասխանատուն (ի՞նչ ընենք հիմա, եթէ դաշնակցական էր): Պէտք չէ մոռնալ նաեւ, որ հերոսամարտի զինուորական մարմինը Խտրպէկի ՀՅ Դաշնակցութեան  կոմիտէի կազմն էր: Այդ կազմն էր, որ լերան քարտէսը պատրաստած էր Մովսէս Տէր Գալուստեանին հետ եւ բանակցած էր Քեսապի կոմիտէութեան հետ միասին լեռ բարձրանալու համար: Դժբախտաբար Հայաստանի անկախացումէն անցած են 26 տարիներ, սակայն չեն սրբագրուած պատմական այս  սխալները: Չմոռնանք ըսելու նաեւ, որ բոլորովին անտեսուեցաւ հերոսամարտի կեդրոնական վարչութեան ատենապետ վերապատուելի Տիգրան Անդրէասեանի մեծ դերակատարութիւնը հերոսամարտի ընթացքին, որովհետեւ հոգեւորական էր եւ խորհրդային ժամանակաշրջանին հոգեւորականները նսեմացնելու աշխատանք կը տարուէր…

Դ.- Մուսա Լերան հերոսամարտի տօնը կը զուգադիպի Ս. Խաչի տօնին: Մուսալեռցիք ալ կ՛ըսեն` Խիչէն, սակայն տօնը, որ կը տօնեն աշխարհի տարբեր երկիրներուն մէջ ապրող մուսալեռցիները, հերոսամարտի տօնն է եւ ոչ թէ` Ս. Խաչի տօնը: Այնպէս որ, իւրաքանչիւր սեպտեմբերի կիսուն յիշուող ժողովրդային տօնակատարութիւնները հերոսամարտի յիշատակումներ են: Աւելորդ է ըսել նաեւ, որ  վերջին տարիներուն տարածուած «Այնճարի օր» անուանումը բոլորովին սխալ է: Ցարդ այնճարցիք չեն որոշած յատուկ օր նշանակել Այնճարին նուիրուած` որպէս տօն…

Ե.- Տարածուած է նաեւ պատմական տեղեկութիւն, որ իբր թէ մուսալեռցիները եօթը գիւղով լեռ բարձրացած են: Երգի մէջ կամ քերթուածի կը յիշուի «7-ը գիւղով  լեռ բարձրանալու» իրողութիւն մը: Իրականութեան մէջ, սակայն, Մուսա Լերան պատմական գիւղերը վեց են` Եողունօլուք, Խտրպէկ, Պիթիաս, Հաճիհապիպլի, Վագըֆ եւ Քեպուսիէ: Հետեւաբար ճիշդ չէ 7-ը գիւղի բնորոշումը: Ատենին նկատի առած են երկու Ազզերները որպէս առանձին գիւղ, սակայն անոնք փոքր գիւղակներ էին, ինչպէս Ամաճը, Զուդունէն, Դրժընիկը…

Զ.- Մուսա Լերան հերոսամարտի կարեւորագոյն երեւոյթներէն մէկը ՄԻԱՍՆՈՒԹԻՒՆՆ էր լերան վրայ` առանց կուսակցական կամ յարանուանական  խտրութեան: Եթէ Պիթիասի պատուելին դէմ էր լեռ բարձրանալու գաղափարին,ապա Եողունօլուքի պատուելին համամիտ գտնուեցաւ լեռ բարձանալու: Կեդրոնական վարչութեան ընտրութեան ընթացքին ժողովականները առաջարկեցին տէր Աբրահամ Տէր Գալուստեանին անունը, որ իրաւամբ ամէնէն երեւելի անձնաւորութիւնը կը նկատուէր Մուսա Լերան ժողովուրդին մէջ. առաջնորդական փոխանորդը, սակայն, խնդրեց, որ պատուելի Անդրէասեանը ընտրեն, որ աւելի ուսում ունէր եւ կը տիրապետէր օտար լեզուներու: Հետեւաբար չկային յարանուանական հայցեր, ինչպէս հետագային շատեր ուզեցին տեսնել:

Հետեւաբար Մուսա Լերան հերոսամարտի 102-րդ տարեդարձի առիթով փորձենք սրբագրել այս տարածուած թիւր տեղեկութիւնները եւ արժանին մատուցենք արժանաւորներուն:

Փա՛ռք ու պատիւ Մուսա Լերան մարտիկներուն:

15 սեպտեմբեր, 2017
Մուսա Լեռ- Այնճար

Հարիւրամեակ Առաջին Հանրապետութեան Եի Հայաստան-Սփիւռք Համագումար

$
0
0

ՍԵԴԱ ՄԱՐԿՈՍԵԱՆ-ԽՏԸՇԵԱՆ

Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակի նախաշեմին կայանալիք «Փոխադարձ վստահութիւն, միասնականութիւն եւ պատասխանատուութիւն» խորագիրով  Հայաստան-սփիւռք 6-րդ համագումարին վերնագիրը կը մատնանշէ երկու մեծ միաւորներու` Հայաստանի եւ սփիւռքի միջեւ գոյութիւն ունեցող անջրպետը կամրջելու փորձերը, որոնք կը յուսանք աւարտել  յստակ, գործնական եւ իրատեսական առաջարկներով, որոնք անմիջականօրէն գործադրելի կ’ըլլան յառաջիկային:

Հայաստան-սփիւռք 6-րդ համաժողովին առաջադրուած բոլոր նիւթերն ալ կենսական եւ  հրամայական հարցեր են, եւ կարելի չէ, իրարմէ անջատելով, առաջնահերթութիւն ճշդել` կարեւորելով մէկը միւսէն աւելի, յատկապէս եթէ նկատի պիտի ունենանք, որ մէկուն լուծումը կը պայմանաւորէ միւսին յաջողութիւնը կամ զարգացումը:

Պետական հովանաւորութիւն վայելող նման համաժողովէ մը, որմէ կ՛ակնկալուի պետական ռազմավարութիւն մշակել բոլոր հարցերուն նկատմամբ, կը սպասէինք, որ նախօրօք, մէկ կամ երկու տարի առաջ,  համապատասխան մարմինները դիմած ըլլային սփիւռքի բոլոր կառոյցներուն, Միջին Արեւելքի, Եւրոպայի, Ամերիկաներու կրօնական, մշակութային եւ քաղաքական  մարմիններուն` առաջարկելով  քննել իւրաքանչիւր թեմա` մասնագէտ անձերու հետ, շրջանային համաժողովներու մէջ, ապա ներկայացուած տեսակէտները, բիւրեղացած ու համադրուած,  բանաձեւուէին իբրեւ թելադրութիւններ եւ անկէ ետք միայն ներկայացուէին այս համաժողովին: Այն ատեն պիտի ունենայինք համազգային հարցերու համահայկական եւ համազգային առաջարկութիւններ, ուսումնասիրուած  ու քննարկուած` սփիւռքի ներուժի  բոլոր բաղկացուցիչ տարրերուն կողմէ: Իսկ ներկայացուած թելադրութիւնները կ՛առաջադրուէին պետական մասնագիտական ենթայանձնաժողովներուն, ուր  դարձեալ քննարկուելէ ետք միայն վերջնականօրէն կ՛որդեգրուին` առ ի գործադրութիւն գալիք տարիներուն:

Ազգային լինելութեան հարցերու վերաբերեալ կարելի չէ  պատահական կամ առանց խորապէս քննելու որոշումներ կայացնել: Վստահ ըլլալով, որ այս համաժողովի բոլոր զեկուցաբերները յարգելի անձնաւորութիւններ են եւ իրենց ուսումնասիրութիւնները կառուցած են անձնական հետազօտութիւններու վրայ եւ իրենց հիմնաւորումները կը բխին անձնական փորձառութիւններէ, սակայն համազգային մտահոգութեան հարցերու լուծումները կը կարօտին բազմաթիւ եւ բազմազան փորձառութիւններու տէր մասնագէտ անձնաւորութիւններու հաւաքական մտածողութեան, եւ ոչ թէ` անձնական սիրողական մակարդակի մտքերու:

Յամենայն դէպս, այս փորձերը, յաջող կամ ոչ, մեզ կը տանին ճիշդ ճամբով` գալու քով-քովի հաւաքական մտածողութեան սովորոյթով` իբրեւ պետութիւն ու ազգ եւ ազգային հիմնահարցերու լուծումներու համար համազգային մտածողութիւն մշակելու:

Ի շարս բազմաթիւ մեծ  տարողութեամբ հարցերու քննարկման` Հայոց ցեղասպանութեան հետեւանքներու վերացում, Հայաստանի տնտեսական կայուն զարգացում եւ տարածաշրջանային մարտահրաւէրներ եւ անվտանգութիւն, կան հիմնական այլ հարցեր եւս, որոնց լուծումը պիտի նպաստէ վերոնշեալ նիւթերու կարգաւորման եւ գործնական ռազմավարութիւններ եւ ուղեցոյցներ որդեգրելու:

Հայոց ցեղասպանութեան հետեւանքներու վերացումը մեզի` սփիւռքահայերուս համար ունի մէկ հասկացողութիւն, որ կ՛ամփոփուի մէկ բառի մէջ` հաշուեյարդար: Հաշուեյարդար Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչմամբ,  մարդկային եւ  տնտեսական վնասներու հատուցմամբ եւ հայրենի հողերու վերատիրացմամբ: Ուրիշ որեւէ  հասկացողութիւն կը վտանգէ մեր գոյութիւնն ու մեր ապագան: Թէ ինչպէ՛ս է, որ այս հաշուեյարդարը պիտի իրականանայ, ահա այդ կը թողունք ցեղասպանագէտ, իրաւագէտ, տնտեսագէտ եւ քաղաքագէտ անձանց` Հայաստանէն եւ սփիւռքէն, որոնք համախորհուրդ պիտի ծրագրեն համազգային ռազմավարութիւն մը` գործնականցնելու հաշուեյարդարի զանազան  փուլերը:

Ես պիտի ուզէի սակայն, որ այս համաժողովը ամէն բանէ առաջ քննէր ազգային լինելութիւնը պայմանաւորող հետեւեալ երեք հարցերը.

Ա.- Հայոց ազգային պատմութեան վերարժեւորում

Վերջին հարիւրամեակի մեր ազգային պատմութեան տխուր ու բաժանարար դէպքերը ջլատեցին մեր ազգային միասնականութիւնն ու մեր քաղաքական    արդիւնաւէտութիւնը: Հայոց պատմութեան վիճելի եւ զիրար հակասող պատմական դէպքեր, դէմքեր ու երեւոյթներ, որոնք ազգի մէկ մասին  համար փառաբանելի կուռքեր են, իսկ միւս հատուածին համար դատապարտելի անձնաւորութիւններ կամ  արարքներ, պառակտեցին ժողովուրդը երկուքի:  Պատմական իրադարձութիւններու եւ դէմքերու  նկատմամբ երկւութիւնը կը շարունակէ հերձել  նորահաս ու պատմութիւնէն անտեղեակ սերունդները` խափանելով ազգային միասնականութիւնն ու համազգային մտածողութիւնը, նաեւ` մեր քաղաքական մտածողութիւնն ու արդիւնաւէտութիւնը:

Խորհրդային բռնապետական տարիներուն քաղաքական նպատակներով եւ ինթերնասիոնալիզմի կեղծ լոզունգներով մենք  բաժնուեցանք: Աւելի՛ն. խեղծ ուղղագրութիւն մը մեզ 1600 տարի իրարու կապած ու մեր գոյութիւնը ամրագրած լեզուն վերածեց բաժանարար ազդակի մը` ջլատելով մեր հոգեմտաւոր ստեղծագործական խոյանքը: Մեր երկիրն ու ժողովուրդը անջատուեցան իրարմէ` կտրուելով եւ մեկուսանալով աշխարհէն: Մենք բաժնուեցանք երկուքի, իրերամերժ գնահատականներն ու բուռն վէճերը մեր մէջ սերմանեցին ատելութիւն ու անվստահութիւն, եւ իրարմէ հեռացանք գրեթէ իրարու հանդէպ թշնամական կեցուածքով` փոխանակ զիրար ամբողջացնող հաւաքականութեան մը վերածուելու, ինչո՞ւ չէ, նաե՛ւ ընդդիմախօսներու շինարար մասնակցութեամբ: Եւ երբ 70 տարի ետք անկախութեամբ կրկին զիրար գտանք, արդէն երկու տարբեր հայեր էինք` օտարացած իրարմէ, տասնամեակներով զիրար ժխտած եւ իրարու անհաղորդ:

Հետեւաբար,

Հայոց ցեղասպանութիւնը վերապրած չորրորդ սերունդի առաջնահերթ հարցերէն  մէկն է ազգային միասնականութեան խնդիրը, որ խարսխուած է  մէկ պատմութիւն ունենալու անհրաժեշտութեան վրայ:   Պատմական իրադարձութիւններու եւ դէմքերու մասին երկւութիւնը սերունդները կը մատնէ շփոթի:  Համայն հայութեան հասարակ յայտարարը, մեզ համախմբողն ու միաւորողը միաձեւ պատմութիւնն է: Հայոց պատմութիւն մը, որ  ե՛ւ հայաստանահայուն, ե՛ւ սփիւռքահայուն, ե՛ւ դաշնակցականին ե՛ւ հնչակեանին ե՛ւ ռամակավարին համար միեւնոյնը պիտի ըլլայ: Եթէ մեզ իրարմէ բաժնողը եղաւ պատմական դէպքերու տարբեր մեկնաբանութիւնը, մեզ միացնող պիտի ըլլայ մեր պատմութեան մէկ մեկնաբանութիւնը:  Եւ այդ մեկնաբանութիւնը կը յենի մեր ժողովուրդի հաւաքական յեղափոխութեան վրայ` ընդդէմ բոլոր բռնակալութիւններու եւ բռնատիրութիւններու` ցարիզմի թէ սուլթանութիւններու: Ընդվզում մը, որ մեզ դարձուց եղբայր մէկ տառապանքի եւ եղբայր մէկ գաղափարի` ազատ եւ անկախ հայրենիքի տեսլականին :

Հետեւաբար մէկ եւ միաձեւ պատմութիւն ունենալու համար անհրաժեշտ է մաքրել մեր պատմութիւնը  մեզի պարտադրուած սուտ ու կեղծ  մեկնաբանութիւններէն, մաքրել խծբծանքներն ու պարսաւանքներ, որոնք մեզի  միայն անպատուութիւն բերին եւ գալիք սերունդներուն յանձնել պատմութիւն մը, որ հիմնուած է հերոսական դէմքերու անվիճելի եւ բիւրեղ մարդկային ազատատենչ զգացումներու վրայ, որոնք կու գան մեր պատմութեան խորերէն` Հայկէն, Վարդանէն,  Մեծն Տիգրանէն, Դաւիթ Բեկէն` հասնելու համար մեր նորօրեայ հերոսներուն` Արամին, Անդրանիկին, Նժդեհին եւ զարմը ամբողջ հայ ազատագրական պայքարի առասպելական հերոսներուն,  որոնք կերտեցին մեր առաջին անկախ պետութիւնը եւ այսօր  անոր թողած աւանդով կը պանծացնենք մեր երրորդ անկախ հանրապետութեամբ:  

Արդ,

Կ՛ակնկալենք  Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմեայէն խիզախ ու յանդուգն վճիռով մը վերախմբագրել հայոց ազգային պատմութիւնը` նշանակելով պատմագէտներու գերագոյն խորհուրդ մը, անոր մէջ ներառելով  հայրենի եւ սփիւռքի անաչառ պատմաբանները, որոնք առարկայանօրէն  պիտի վերարժեւորեն մեր պատմութեան վերջին հարիւրամեակը եւ մաքրեն զայն որոմնացան մեկնաբանութիւններէ, որպէսզի հասնող սերունդներուն տան մէ՛կ տեսակ հայոց պատմութիւն մը, ուր զօրավար Անդրանիկ,  թէ Դրաստամատ Կանայեան, թէ Գարեգին Նժդեհ, իւրաքանչիւրը անոնցմէ միեւնոյն  անձը կը կերպարանաւորէ բոլոր գիրքերուն մէջ, ուր կը բացատրուի, որ այդ հարիւրամեայ ժամանակահատուածի հերոսներուն բոլորի՛ն տեսիլքը եղաւ միայն եւ միայն մեր ժողովուրդի ճակատէն սրբել ստրկութեան մուրը, եւ որոնք  առասպելական սխրանքներով  գալիք սերունդներուն տուին  հպարտօրէն եւ հայօրէն ապրելու արժանապատուութիւնը:

Առաւե՛լ, այդ պատմութիւնը պիտի գնահատէ եւ արժեւորէ նաեւ մեր վերջին երեք տասնամեակներու ժամանակահատուածի` անկախ պետութեան հիմնադրութենէն ետք ձեռք բերուած քաղաքական,  տնետեսական, մշակութային եւ քաղաքացիական   նուաճումները` առարկայական քննարկումներով: Այդ քննարկումները պիտի ձեւաւորեն հասնող սերունդներու քաղաքական մտածողութիւնն ու քաղաքացիական պարտաւորութիւնները` կերտելու համար արդար, զարգացող եւ ժողովրդավար Հայաստանը:

Ժամանակն է, որ հասնող սերունդներուն ուսուցուի պատմութիւնը` քաղաքական ճիշդ վերլուծութիւններով եւ մեկնաբանութիւններով,   նաեւ առարկայական արժեւորումներով գնահատականներ տրուին տուեալ դէպքերու եւ դէմքերու, եթէ կ’ուզենք պատրաստել խոհեմ, անաչառ եւ քաղաքականացած սերունդներ, որոնք պիտի տան պատասխանատու քաղաքական որոշումներ` կշռելով քաղաքական հետեւանքները :

Բ.- Հայոց լեզուի առանցքային բնոյթը

Ազգի մը անդամները զիրար միացնող, իրարու կապող եւ յարաբերութեան մէջ դնող ամէնէն ուժեղ տուեալը լեզուն է: Ազգային արժէքները արտայայտելու, կրկնակի կերպով դրոշմելու  եւ ազգային գիտակցութիւն, համազգային մտածողութիւն եւ խաղաղութիւն յառաջացնելու համար լեզուն է՛ եւ կը մնայ միակ եւ ամենաուժեղ գործօնը: Մենք ունինք մէկ լեզու,  երկու տարբեր շրջաններու արտայայտելաոճով ու  ասացուածքներով  հարուստ, մեզ իրարմէ բաժնող ու անհասկնալի դարձնողը եղաւ մեր ուղղագրութիւնը, եւ լեզուական բաբելոնը, որ դարաշրջանի սկիզբին պարտադրուեցաւ մեզի քաղաքական նպատակներով` ժողովուրդը իրարմէ բաժնելու, օտարելու ինքնիրմէ  եւ իր արմատներէն խորթացնելու: Եւ մեզի պարտադրուած շինծու, եղծանուած ուղղագրութիւնը հարիւրամեակէ մը ի վեր կը հերձէ  հայ քաղաքակրթութիւնը, մշակոյթն ու քաղաքական մտածողութիւնը:

Այս պարագային եւս, Հայաստանի Գիտութիւններու ակադեմիան ձեռներէց ու խիզախ վճիռով մը պէտք է վերականգնէ մեսրոպեան ուղղագրութիւնը` միաւորելով լեզուն եւ մաքրելով օտարաբանութիւններէ, որպէսզի հայաստանահայ կամ  սփիւռքահայ չունենան զիրար չհասկնալու հիմնաւորում` հաստատուած հայերէն իսկ լեզուով: Եւ ապա նախաձեռնէ ազգային ընդարձակ  բառարանի մը պատրաստութեան, նմանը  ֆրանսական «Լարուս»-ին, անգլիական «Օքսֆորտ»-ին ու ամերիկեան «Ուէպսթըր»-ին եւ քանի մը տարին անգամ մը վերահրատարակուի նոր բառերու հայացուած եզրերով, որպէսզի դուրս գանք սուիցիտ-անձնասպանութիւն, դետալ-մանրամասնութիւն, էներգետիկ-ուժանիւթային,  ատապտացուել-յարմարեցուած, ռացիոնալ-տրամաբանական, լեգիտիմ-օրինական, տրանսֆորմացիա-այլափոխութիւն,  կոմպետենտ- կարող, ֆանտոմային-ուրուային, ֆալստրատ- վիժած փորձ, մեսիճ-պատգամ, սենսացիոն- զգայնացունց, վոթչիզ-ժամացոյցներ, ֆիքսացուած-ամրացուած, ինտեսիվօրէն-ուժգնօրէն եւ այլ արտառոց լեզուական բաբելոնէն, որոնք կը վխտան յօդուածներու եւ խօսակցական լեզուի մէջ, որ ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ` լեզուի խողխողում կամ` linguistic genocide:

Թէ ինչո՞ւ այդքան շուտ աղաւաղուեցաւ լեզուն, բացի պետական իրաւական համակարգէն, ուր հայերէնը մնաց մաքուր, յստակ չէ: Կարծէք տխեղծութեան տանող ահռելի ու կրկնակի հարուածներով լեզուի ազգային անաղարտութիւնը սկսաւ տեղի տալ:

Մեր լեզուաբանները, մտաւորականները կորսնցուցած են իրենց մարտական լրջութիւնը լեզուին հանդէպ, ու լեզուն չարաշահողները վայրագ բռնաբարումի կ՛ենթարկեն զայն:

Այս անտարբերութիւնը զարտուղի մտայնութիւն մը յառաջացուցած է, թէ մենք ատենին մեծ թիւով օտար  բառեր ենք իւրացուցած,  ուրեմն կրնանք նաեւ ֆրանսերէն, անգլերէն, ռուսերէն, գերմաներէն բառեր իւրացնել առանց որեւէ վտանգի: Այդպէս կը մտածեն, այդպէս կ՛ընեն: Հոս գոնէ, պարսկերէնի պարագային, պէտք չէ մոռնալ, որ մեր բարեկամութիւնը Պարսկաստանի հետ հազարամեակներու կեանք ունի, եւ ուրեմն անտեղի չէ հարցումը, թէ այդ բառերը, որոնք փոխ առած ենք, չի՞ կրնար ըլլալ, որ անոնցմէ մէկ կարեւոր տոկոսը մերը եղած ըլլայ ու ներկայիս մարդիկ ամէն ինչ կ’ուզեն պարսիկներու վերագրել: Հոս երեւան կու գայ ստորակայութեան բարդոյթը, որովհետեւ  այդ ժամանակուան Պարսկաստանը կայսրութիւն մը կը ներկայացնէր, ուրեմն մենք իրենցմէ  փոխ առած պէտք է ըլլանք: Չէ՞ր կրնար պատահած ըլլալ, որ պարսիկները իրենց բառամթերքի մէկ տոկոսը մեզմէ փոխ առած ըլլային:

Ժողովուրդ մը, որ ծնունդ տուած է հանճարեղ թարգմանիչներու սքանչելի փաղանգին, ունի Նարեկացի անկրկնելի վարդապետը, որուն «Մատեան ողբերգութեան»-ը միայն կը յատկանշուի աւելի քան 700 ինքնաստեղծ, ինքնուրոյն ու նոր բառով, չ՛արտօներ մեր օրերու անփթութիւնը մեր լեզուի հանդէպ եւ մանաւանդ` մեր լեզուն դէպի  լեզուական արշակաւան տանող փորձերուն:  Մեր օրերուն թէ՛ մեր ինքնութիւնը, թէ՛ մեր լեզուն չքանալու վտանգին տակ են: Երկու ձեւ, ինչպէս նաե՛ւ, այլընտրանք չկա՛յ: Մեր լեզուն մեր գոյութենական պայքարի առաջին անկործանալի պատուարն է ու անփոխարինելի առանցքը` մեր ազգային քաղաքակրթական յառաջընթացին: Որեւէ թեթեւսոլիկ մօտեցում, լայնախոհութեան շպարով ծածկուած, այդ ազատամիտները կը վերածեն երգիծականօրէն  ժամանակավրէպութեան:

Գ.- Ազգային մէկ գաղափարախoսութեան ընկալում:

Անկախ անկէ, որ սփիւռքի մէջ ազգային գաղափարախօսութեան մեր հասկացողութիւնը կը հիմնուի միացեալ, ինքնիշխան Հայաստանի մը  գոյառումով, ուր մեր ժողովուրդի մէկտեղումին  իտէալը կը պարփակէ, սակայն այսօր ռէալ փոլիթիքի քաղաքականութիւնը մեզ ուրիշ ուղղութեամբ կը տանի: Այսուհանդերձ, ձեռք բերուած ազատ, անկախ հանրապետութեամբ  եւ ազգային պետականութեամբ կ՛ակնկալուի, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը, ի շարս ազգը վերականգնող ու կազմակերպող բազմաթիւ յանձնառութիւններուն, համախմբէ նաեւ համայն հայութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան ազգային պետականութեան շուրջ` տալով անոնց   ազգային տեսլական մը, որ հիմնուած է տնտեսապէս հզօր, ժողովրդավար ու արդար Հայաստանի մը  կերտումին վրայ:

Ազգային տեսլականը պիտի պատրաստէ ամուր  պատկանելիութեամբ հայեր` ինքնութեամբ հպարտ, ինքնավստահ եւ յանձնառու հայեր եւ քաղաքացիներ, որոնք պիտի դարբնուին հայոց լեզուի լաւ իմացութեան, հայոց պատմութեան լաւ ընկալման եւ հայ մշակոյթի լաւ ճանաչողութեան վրայ :

Հզօր Հայաստանի մը տեսլականը պիտի դարբնուի կրթական համակարգի մէջ պատրաստելով պատասխանատու, յանձնառու եւ արդար  քաղաքացիներ, որոնք գործնապէս մասնակից պիտի ըլլան երկրի պետական, քաղաքական, տնտեսական կեանքի զարգացման բոլոր բնագաւառներուն:  

Այլապէս, մեր վարելիք քաղաքականութիւնը երկդիմի, լեզուն իրարու անհաղորդ եւ ազգային գաղափարախօսութիւնը հերձող ու իրերամերժ, կարելի պիտի չըլլայ գալիք սերունդներէն ակնկալել համազգային նուաճումներ: Անոնք եւս պիտի շարունակեն յաւերժացնել միեւնոյն բաժանարար  տարակարծութիւնները, պիտի խօսին տարբեր լեզուներով, պիտի մնան անհաղորդ` իրարու ցաւերուն ու երազներուն, ի վերջոյ թաղելով ազգային ինքնութիւնն ու հողմացրիւ ընելով  մեր հաւաքականօրէն արտայայտուելու կամքը եւ  ձախողցնելով միացեալ հայրենիքի ու պետականութեան մը տեսիլքը:

Արդար, անաչառ ու խիզախ որոշումներ` ազգային հայոց պատմութեան վերարժեւորման, հայոց լեզուի միակ ուղղագրութեան եւ ազգային մէկ տեսլականի իւրացման, առիթ պիտի տան ազգի բոլոր բաղկացուցիչ տարրերուն ու կողմերուն վեր ելլելու մանրուքներէն եւ աւետելու բացուող ազգային նոր զարթօնքի  պայծառ առաւօտը: Պիտի պարտադրէ յարգանք` մեզի համակիր երկիրներու, վախ` մեր թշնամիին եւ ուժ ու կորով` մեր ժողովուրդի զաւակներուն` հպարտանալու ազգային ինքնութեամբ եւ աննկուն նուիրուելու հայրենիքի լուսաւոր ապագան կերտելու:

5 սեպտեմբեր 2017
Պէյրութ, Լիբանան

 

 

Կրիլով, Չարենց Եւ Մարգարէն

$
0
0

ՅՈՎԷԼ ՇՆՈՐՀՕՔԵԱՆ

Մեծ հետաքրքրութեամբ տեղեկացայ Համահայկական խորհուրդի ծրագիրի երկրորդ տարբերակին մասին, որ, ըստ պաշտօնական մամլոյ հաղորդագրութեան մը, պիտի արծարծուի Երեւանի մէջ տեղի ունենալիք յաջորդ Հայաստան-սփիւռք համահայկական յաջորդ համաժողովին ընթացքին:

………………………………………….

Մի կարապ, մի խեցգետին, մի գայլաձուկ
Բարձած սայլը տեղից քաշել ուզեցին.
Եւ երեքով եկան սայլին լծուեցին,
Ինչ են անում, ինչ չեն անում,
Սայլը տեղից չի էլ շարժւում.

 Շատ թեթեւ է բեռը թւում,
Բայց կարապը վեր է թևում,
Խեցգետինը քաշում է յետ,
Գայլաձուկն էլ յո դէպի գետ:
Ով է արդար, ով մեղաւոր,
Մենք չդատենք: Բանն այն է, որ
Մինչեւ այսօր
Թէ սայլ, թէ բեռ
Նոյն տեղն են դեռ:

………………………………………….

Ճատրակի ախոյաններու երկրի նախագահ եւ  միաժամանակ երկրի Ճատրակի ֆետերասիոնի  նախագահի համահայկական խորհուրդի երկրորդ հրատարակութեան առաջարկը

մեծ ուշադրութեամբ սերտեցի:

Հարց տուի, պրպտեցի` յայտնաբերելու խորհուրդի երկրորդ տարբերակի մեքանիզմն ու սցենարը, հասկնալու, թէ արդեօք ան պիտի ըլլա՞յ առաջինին նման կրիլովեան սայլին, կամ հետեւի  Եղիշէ Չարենցի պատգամին.

«Ո՛վ հայ ժողովուրդ, քու միակ փրկութիւնը քո հաւաքական ուժի մէջ է»:

Բացատրեմ տարբերութիւնը` խօսուն օրինակով մը:

Ֆրանսահայ համայնքը ունի կրիլովեան օրինակով կառոյց` «Ֆրանսահայ կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդ» http://www.ccaf.info 

Ֆրանսայի տարածքին ուրիշ համայնք մը, ունի Չարենցի օրինակով կառոյց` համաժողովրդական  ներգրաւածութեամբ (http://www.fsju.org/):

Մէկը, չըսեմ` ո՛ր մէկը, ունի տարեկան քսանչորս միլիոն եւրոյի պիւտճէ:

Մերը պիւտճէ չունի: «Մեր» կազմակերպութեան համանախագահներէն մէկը կ՛ըսէր. «Մեր նամակները ես կը գրեմ, կը տպեմ, դրոշմաթուղթին դրամն ալ  գրպանէս կը վճարեմ…»:

Թէ «միւսներուն» պիւտճէն ուրկէ՞ կու գայ, ո՞վ կու տայ, ինչպէ՞ս կ՛առնեն. ունի՛ն. մե՛նք ալ ունենաք:

Մէկը ունի քառասուն հազարէ աւելի անդամավճար վճարող անդամներ:

Մերը կը ներկայացնէ երեսունէ աւելի կազմակերպութիւններ. կարապ, խեցգետին, գայլաձուկ…

Մերը, ամենայն յարգանքով Ցեղասպանութեան ճանաչման ծիրին մէջ եղած հսկայ նուաճումներուն, քաղաքական յարաբերութիւններէ դուրս որեւէ գործունէութիւն չունի:

Այս կացութեամբ, գաղութը ունի եօթը ինքնավար դպրոցներ, որոնք կը հաշուեն 1213 աշակերտներ:

Միւսը կը տնօրինէ իրենց երկու հարիւրէ աւելի դպրոցները, որոնք կը ներառեն երեսուներկու հազար աշակերտ, կը տնօրինէ իրենց ընկերային կառոյցներուն, կը նպաստէ իրենց ժողովուրդին հայրենադարձութեան, կը հասնի համայնքի կարօտեալներուն եւ յարաբերութիւն կը վարէ ֆրանսական պետութեան հետ:

Կը խնդրեմ չըսէք` որ իրենք ճատրակի ախոյեաններու ժողովուրդէն աւելի հզօր են:

Կը խնդրեմ` չըսէք, որ իրենք կու տան, մեր ժողովուրդը չի տար:

Վերջերս, իր Հայաստան այցին, տիկին Անահիտ հետը տարած էր Դպրոցասէր վարժարանի երեք վարորդներուն պատրաստած նուէրները` հագուստ-կապուստ, կօշիկ, իրեր, զարդեր եւ պահարան մը, որ կը ներփակէր երկու հարիւր եւրօ, բոլորը ուղղուած քառօրեայ պատերազմին զոհուած, Մասիսի մարզէն հերոսի մը ընտանիքին: Նշեալ վարորդներուն ամսական աշխատավարձը հազար եւրոյի շուրջ ըլլալու է. հաւանաբար վեց-եօթը հարիւր եւրօ տան վարձք կը վճարեն եւ դեռ իրենց երկու լուման գանձանակը ձգած էին:

Կը խնդրեմ` չըսէք, որ մերինները չեն տար:

Ժողովուրդը կու տայ, սակայն կը տատամսի տալու` կարապին, խեցգետինին, գայլաձուկին, Դպրոցասէրի երեք վարորդները . . . Վաչէն ալ երեսուն միլիոն տոլար նուիրեր է Եու.Սի.Էլ.Էյ.ի…

Չըսէք` չեն տար:

………………………………………….

Անցեալ շաբաթ, Երեւան այցիս, սփիւռքի նախարարութենէն նեկայացուցիչներ կը հաստատէին, որ անցեալ Հայաստան-սփիւռք համաժողովի թիրախները իրագործուած էին:

Եթէ այդպէս է, կը խնդրեմ, որ այցելէք Փարիզի, Միւնիխի կամ Լաս Վեկասի միջազգային ցուցահանդէսներու թրքական սրահները, ետքը փնտռէք նոյն ցուցահանդէսներու մէջ մէկ հայկական տաղաւար:

Կը խնդրեմ, որ այցելէք www.tulumba.com կայքէջը եւ փնտռէք անոր հայկական համապատասխանը:

Մենք` Մետաքսի ճամբու երկրաչափերս ու գերիշխաններս, մեր եօթը միլիոն հաշուող սփիւռքով, մեր հզօր սփիւռքեան գործարարներով, հիմա մե՞նք թուրքերէն օրինակ պիտի առնենք:

………………………………………….

Հետաքրքրութեամբ կարդացի, որ Համահայկական խորհուրդի ծրագիրը մեծ խանդավառութիւն յառաջացուցած էր մտաւորական շրջանակներու մէջ:

Կը մտածեմ, թէ արդեօք մեր մտաւորականները վա՞րժ են  ճատրակի խաղի ռազմավարութեան, հմո՞ւտ են վերլուծելու քարի մը շարժումը եւ տեսնելու յետին նպատակը: Արդեօք անոնք հետաքրքրուեցա՞ն հասկնալու համար, թէ առաջարկուած խորհուրդը  պիտի ներգրաւէ՞ր ժողովուրդը, թէ՞ ըլլար ընտրանիներու ակումբ մը:

Այսօր ունինք հայրենիք եւ Արցախ: Երկու վատ թէ լաւ ժողովրդավար հանրապետութիւններ:

Իսկ սփիւ՞ռքը: Հզօր սփիւռքը կը մնայ նման Կրիլովի սայլին:

Հաղորդագրութիւնը կը յայտարարէ. «Սփիւռքի ինքնակազմակերպումը աւագ պարտականութիւն-իրաւունքն է…որ պարտի ինքնակազմակերպուիլ ու միաւորուիլ»:

Ո՞վ, ինչպէ՞ս, ո՞ւր:

Հանդիպեցայ, գրեցի, հարց տուի կարապին, խեցգետինին եւ գայլաձուկին` հերթապահներուն:

Հարց տուի Բարեգործին, Հուրին եւ Անուշին:

Հանդիպեցայ ու գրեցի Շաքալին եւ Աղուէսին, մին հաւ եւ միւսը գառնուկ մը տարած, մին ագարակ էր բացած, միւսը գործարան հիմնած եւ դեռ միւսը` հանք վերցուցած:

Գրեցի որդիական խոնարհութեամբ, բարձրաստիճան, բարձրաշուք, բարձրաթոռ` Ուղտին եւ Ընձուղտին,

Ի վերջոյ գրեցի` նոյնինքն թագաւոր Առիւծին:

Բոլորն ալ բացագանչեցին` ապրիսներ, պրաւոներ, քաջալերեցին. քաջալերեցին եւ հա՜ քաշեցին, քաշքշեցին, մեր սայլը տեղէն չշարժեցին:

Թէ չեն տեսներ, կամ չեն ուզեր,
Ով է արդար, ով մեղաւոր,
Մենք չդատենք:
Բանն այն է, որ մեր սայլը տեղէն չշարժեցաւ:

Տարօրինակն այն է, որ մենք` հայերս, Կրիլովի օրինակին հետեւեր ենք, իսկ մեր հրեայ եղբայրները լսեր են Եղիշէ Չարենցի կոչը`

«Ո՛վ ժողովուրդ, քո միակ փրկութիւնը քու հաւաքական ուժի մէջ է»:

………………………………………….

«Ու Տէրը զիս Հոգիով դաշտին մէջ դրաւ: Անիկա ոսկորներով լեցուն էր, որոնք սփիւռքի երեսին վրայ խիստ շատ էին եւ խիստ չորցած էին:

Տիրոջը խօսքը եղաւ` ըսելով. «Ահա ես ձեր մէջ հոգի պիտի դնեմ ու պիտի կենդանանաք:

«Ու ահա իմ ժողուուրդիս որդիները պիտի առնեմ այն ազգերուն մէջէն, ուր գացին: Անոնք իմ հրամաններուս համաձայն պիտի քալեն, իմ օրէնքներս պիտի պահեն ու զանոնք պիտի կատարեն: Զանոնք մէկ ազգ պիտի ընեմ ու անոնց ամենուն վրայ մէկ թագաւոր պիտի թագաւորէ, ու անգամ մըն ալ երկու ազգ պիտի չըլլան ու պիտի չբաժնուին»:

Ու տեսայ, թէ դաշտին ոսկորները ջիղերով ու միսով պատուեցան ու մորթով ծածկուեցան, ու շունչը անոնց մէջ մտաւ ու կենդանացան եւ իրենց ոտքերուն վրայ կայնեցան ու խիստ մեծ բանակ մը եղաւ»(*):

Ո՛վ ժողովուրդ,այս մարգարէութիւնը այսօր կ՛իրականանայ:
Զօրահաւաք կը կատարուի:
Ո՞վ, ի՞նչպէս, ու՞ր:
Ահա շուտով կը գրեմ ձեզի:

 

Սեպտեմբեր 2017
Փարիզ

 

* Եզեկիել ԼԷ.

 


Տեսակէտ. Չթողնենք, Որ Աշխարհը Շուռ Գայ Մեր Գլխին

$
0
0

ԴՈԿՏ. ՄԱՐԻ ՌՈԶ ԱՊՈՒՍԷՖԵԱՆ

1970-ական թուականներին Արամ Աշոտ Պապայեանը մի կատակերգութիւն հրատարակեց`  «Աշխարհը շուռ է եկե՛լ», որը մեծ յաջողութեամբ տեղ գրաւեց Սունդուկեանի անուան մայր թատրոնի խաղացանկում: Անշուշտ իմ ասելիքը կապ  չունի այս կատակերգութեան բովանդակութեան հետ, եւ ցաւօք կատակերգութեան ժանրին չի պատկանում իմ ասելիքը, միայն վերնագիրն եմ օգտագործելու, քանի որ այն պատկերաւոր կերպով ներկայացնում է այսօրուայ աշխարհի ներկայ իրավիճակը, տեղի ունեցող ամէն տեսակի ծայրայեղ փոթորկումները` բնութեան արհաւիրքներ, անտուն, անօթեւան մարդկային զանգուածներ, զանգուածային տեղահանութիւններ, սպանութիւններ, պարտադրուած պատերազմներ, արտաքին եւ ներքաղաքական անկայուն, վտանգներով լի իրավիճակներ, տարածքային չլուծուած հարցեր, քարտէզային նոր բաժանումներ… Կարծես իրապէս աշխարհը շուռ է եկել:

Մինչ ազգային եւ մարդկային ճակատագրով մտահոգուողներս անհանգստացած էինք Միջին Արեւելքի տեղահանուած, պատերազմից ու վայրագ կոտորածից փախչողների կեանքերի համար, որոնց մէջ էին յատկապէս նաեւ մեր հայրենակիցները, այսօր այն դարձել է այնքան համատարած եւ իրարայաջորդ, այնքան տարածուած, բնական, աւելացրած նաեւ բնութեան անսպասելի հարուածներ` երկրաշարժ, փոթորիկներ, ջրհեղեղներ, դրանց հետեւանքով ամայացած շրջաններ  ու կղզիներ, մարդկային եւ ունեցուածքների կորուստներ, որ չգիտես, ո՛ր մէկի մասին մտածես, ո՛ր մէկին օգնես ու սրտապնդես: Համատարած վայրագութիւնը, բռնութիւնը, սուտը, կեղծիքը, բարոյազուրկ մտածողութիւնը դարձել է այսօրուան աշխարհի ուղղութիւնը: Մարդկութեան միակ յոյսի յենարան` ազատութիւն, ազատ խօսք, արդար մտածելակերպ, արդարութիւն իմաստաւորող բառերը ո՛չ միայն կորցրել են նոյնիսկ իրենց բառարանային իմաստը, այլ այնքան են վարկաբեկուած, խոշտանգուած, որ շուտով դուրս են մղուելու մարդկային մտածողութիւնից: Ամէնուրեք իշխանութիւնները այն դարձրել են իրենց մենաշնորհը, որն օգտագործում են որպէս անխոցելի վահան, երբ անհրաժեշտ է լինում հասարակութեանը վաճառել իրենց սուտը, արդարացնել իրենց գործած կեղծիքները:

Մենք արդէն անմիջական ականատես ենք այդ վիճակին ազատ խօսքի համբաւ հանած այս երկրում, ուր յաճախակի այդ իրաւունքի համար պայքարի հանուած ամբոխը, իրար դէմ է ելնում, վայրագաբար իրար կոտորում, ոտնակոխելով մէկը միւսի իրաւունքը, իւրաքանչիւրը իր ազատութեան իրաւունքը պարտադրելով դիմացինին, մոռացութեան մատնելով իրենց հիմնական նպատակը` պահպանել իրենց  վերապահուած միակ իրաւունքը` ազատ  ձայնի իրաւունքը, ժողովրդի գոյութիւնը մոռացած իշխողներին տեսանելի դարձնել ժողովրդի ներկայութիւնը, ժողովրդի գոյութիւնը:

Իշխանութիւնները, համատարած բոլոր զարգացած երկրներում, սկսած Եւրոպայից, Անգլիա, Ֆրանսիա, Գերմանիա, ամէն կերպ սահմանափակում են  ժողովուրդների նոյնիսկ ազատ մտածելու, ինքնուրոյն ընտրելու իրաւունքները:    

Կուսակցութիւններն ամէնուրեք պարտադրում են իրենցը, նոյն ժողովրդի դրամը ծախսելով նրանց ստրկամտացման վրայ եւ դա անուանում են ժողովրդավարութիւն: Նայեցէք թէկուզ, աշխարհին օրինակ ծառայող, աշխարհի ընթացքը փոխող հզօր Ամերիկային, որի բնակչութիւնը դարձել է միայն դրամի գերի, որին բացի շահից ոչինչ է հետաքրքրում, նոյնիսկ չի հետաքրքրում իր իշխանութեան վարած այլ երկրներին կործանելու քաղաքականութիւնը: Ամերիկացիները համոզուած են, որ ազատութեան եւ անկախութեան իրաւունքը միայն իրենց երկրին է վերապահուած որպէս տնտեսապէս հզօր երկրի, որ իրենք աշխարհի տիրակալ են հռչակուած եւ կարող են ազատօրէն գլխատել իրենց շահերին չհամապատասխանող որեւէ երկրի անկախ գոյատեւելու իրաւունքը: Դրա փայլուն վկայութիւնը տեսնում ենք այս երկրի ներքաղաքական կեանքում: Կուսակցութիւնները տեսնելով, որ այս նոր նախագահի ինքնագլուխ քաղաքականութիւնը սկսում է ցնցել իրենց հզօրութեան պատուանդանը, ոտ ու ձեռ ընկած, սուտ ու ճիշդ իրար խառնած, մեծ իրարանցումով սանձում են նրա բացթողումները, անյողդողդ ուղղելով նրան այն ճանապարհի վրայ, որով առաջնորդուել են երկու հարիւր տարի անընդմէջ մշակուած ու արդէն անկոտրելի շղթայ դարձած իրենց  շահամոլ քաղաքականութեամբ, որն է` արագօրէն լափել այլ երկրների հարստութիւնները եւ դիմադրողներին հիմնայատակ ոչնչացնել: 

Նիւթի, իշխանութեան, ուժի մոլուցքը, համատարած ախտ դարձած, ամէնուրեք ոչնչացնում է ոչ միայն մարդկային շնորհալի ձեռքերի ստեղծած դարաւոր եզակի հարստութիւնները, այլ նաեւ բնութիւնը, այն միջավայրը, որն անհրաժեշտ է իր գոյութեան համար: Անխնայ կողոպտումը քամում է երկրի ընդերքը, ապականում օդը, ծովերը, լճերը, ովկիանոսները, դոյզն անգամ չմտածելով սերունդների մասին, որին կտակելու են մեռած մի մոլորակ:

Բարձր, իրական, խորը մշակոյթն անգամ վերածուել է անճաշակ նիւթի, շահի եւ բնականաբար պատահական չէ, այս համատարած դատարկութեան մէջ հասակ առնող սերունդը` անտեղեակ մարդկային իրական իրաւունքին, արժէքներին, հետեւում ու գլխիկոր համաձայնւում է իր իշխանութեան ռազմատենչ քայլերին:

Մարդկային բնազդների աստիճանական յղկում-կրթութիւնը, կեանքի փորձառութիւնը փոխարինւում է տգէտ, լաւագոյն դէպքում միջակ, շահաւէտ մտքի արտադրած ցուցմունքների ուսումով: Այս լիառատ երկրում մարդիկ անբաւարար են, միայն է՛լ աւելին ունենալու մոլուցքով բռնուած: Թեքնոլոքիայի օրէօր զարգացումը նոյնիսկ բաւարար չնկատելով, տարուած սպասում են միայն ամէնժամեայ  զուարճութիւն պատճառող ցնցիչ նորութիւնների: 

Այս օրերին բնութեան հասցրած հարուածից միլիոնաւոր մարդիկ այս երկրում անտուն ու անօթեւան դարձան, կորցնելով տարիներու իրենց ստեղծածը: Իրապէս հոգի ծուատող, անմխիթար վիճակ: Մի մխիթարութեան բացառութեամբ  սակայն, որ այս աղէտեալները իրենց երկրում են, իրենց իսկ քաղաքներում, պետական մարմինների եւ ժողովրդի անմիջական միլիոնների հասնող օգնութեան հովանոցով պատսպարուած ու պաշտպանուած: Ճիշդ է, որ կորուստները անդառնալի են, սակայն այն յոյսը, որ օգնութեան ձեռքը անմիջապէս քեզ է պարզուած եւ դու կազմակերպուած, հարուստ երկրում ես, առնուազն յոյս ու մխիթարութիւն է: Իրապէս ցաւալի ու անմխիթար է վիճակը այն շրջանների բնակիչների, որոնք Միացեալ Նահանգներից դուրս են եւ իմ ողջ մտածումները իրենց հետ են, քանզի մեր իւրաքանչիւրի մէջ դեռ ապրում է միանգամից կորստեան առջեւ կանգնած մեր ծնողների տառապանքը, դա լինի կոտորած, երկրաշարժ կամ բնութեան այլ աղէտ, հետեւաբար մենք միշտ մասնակից ենք մեզ զգում այսպիսի աղէտներին: Դա մեր վրայ անմիջականօրէն է ազդում եւ մենք ողջ խորութեամբ ենք զգում ո՛չ միայն Միջին Արեւելքի, այլ նաեւ այս օրերին հազարաւոր տեղահանուած, կոտորածից ճողոպրած պանկլատէշցիների, Միանմար, Սուտան եւ Ափրիկեան տարբեր համայնքների բնակիչների թափառական, անպաշտպան, անօգնական վիճակը:

Արդեօք այս երկրում աղէտից փրկուածների մտքով երբեւէ անցա՞ւ, իրենց երկրի քաղաքական հարուածից միլիոնաւոր տուժածների բարձիթող, անյոյս վիճակը: Չէ՞ որ նրանք էլ մարդկային էակներ են, նոյն իրաւունքով` մարդավարի ապրելու իրաւունքով ծնուած, բայց արհամարհուած:

Միթէ՞ մարդկութիւնը այսքան տարիներ պայքարեց, որ երկիր մոլորակը դարձնի պատերազմների յորձանուտ, որը կուլ է տալիս ոչ միայն միլիոնաւոր անմեղ բնակչութեան, ազնուօրէն իր երկիրը պաշտպանող երիտասարդ կեանքեր, այլ խժռում, խեղաթիւրում է իրական ազնիւը, բարոյական մեծ գաղափարներն ու չափանիշները, իրական քաղաքակրթութիւնը, որը դարերով զարգացրել ու պահպանել են ժողովուրդները: Այսպէս են կործանուել մեծ տէրութիւնները եւ այսօր մարդկութիւնն շտապում է դէպի այդ ուղղութեամբ: Իրապէս, կարծես աշխարհը շուռ է եկել:

Աշխարհը սարսափով է հետեւում ու մեղադրանքներ տեղում Հիւսիսային Քորէայի նախագահ Քիմ Ճոնկ Ընի նոր տեսակի հիւլէական զէնքի նուաճումներին, որի պատրուակով Ամերիկան «ստիպուա՛ծ» է՛լ աւելի է հզօրացնում իր ռազմական խարիսխները սահմանակից ջրերում, որի միլիոնների հասնող

ծախսերը հոգում են նաեւ այն երկրները, որոնց «պաշտպանո՛ւմ» է Միացեալ Նահանգները: Կարծո՞ւմ էք Հիւսիսային Քորէան այսպիսի համարձակ կեցուածք կ՛որդեգրէր, եթէ ժամանակին Միացեալ Նահանգները մեղադրուէր եւ պատասխանատուութեան ենթարկուէր նախագահ Թրումանը, Ճափոնի վրայ հիւլէական զէնք օգտագործելու համար, որից ճափոնցի ժողովուրդը դեռ ամբողջովին չի ապաքինուել: Այո՛, երբ այս տարողութեան յանցագործութիւնները չեն դատւում ու դատապարտւում անպայման հետեւորդներ են ունենում: Յիշենք մեր Ցեղասպանութիւնը, եթէ ժամանակին Թուրքիան դատապարտուէր Հայոց ցեղասպանութեան մէջ եւ պատասխանատուութեան ենթարկուէր, ապա կը փրկուէին հետագայ ազգերը` հրեաներից սկսած, մինչեւ այսօրուան տարբեր երկրներում ցեղասպանութեան ենթարկուողները:

Ամերիկան աշխարհի 70 երկրներում 800 ռազմական խարիսխներ ունի, որը եւ նպաստում է աշխարհին հսկելու եւ իր քաղաքականութիւնը պարտադրելուն: Իսկ դա նշանակում է այդքան երկրներ կախուածութեան մէջ են իրենից եւ չեն կարող ծպտուն հանել:

Առանց համեմատութեան մէջ մտնելու այս հզօր երկրի հետ, որն անշուշտ իմ կողմից բաւական անլուրջ ու ծիծաղելի պիտի լինէր, ուզում եմ յիշեցնել, որ մենք մեր հողի վրայ չենք կարողանում մեր գոնէ մէկ վերջնական խարիսխը հիմնել եւ դեռ թոյլ ենք տալիս, որ մեզ կոտորող թշնամին մեր հողերի վրայ ի՛ր խարիսխները հիմնի: Նախիջեւանը ձեզ ապացոյց, որտեղից ապօրինի տիրացած թշնամին անամօթաբար սպառնալիքներ է տեղում մեր գլխին: Այսպէս է պատահում, երբ երկրիդ մէջ ընդհանուր անտարբերութիւն է ցուցաբերւում իր ճակատագրի հանդէպ: Մեր ժողովուրդը սովոր է վատթարագոյն դէպքում իր հողը լքելու, այլոց մօտ օթեւանելուն: Այլապէս ինչո՞վ բացատրել, որ Երեւանից միայն 60 քմ հեռաւորութեան վրայ գտնուող մեր այս հինաւուրց հողը մենք անտարբերօրէն դարձրինք Ազրպէյճանի ռազմական խարիսխ, որից այսօր զգուշանալու ենք: Կարծում էք նոյն ճակատագրին չի՞ ենթարկուելու Արցախեան բանակցութիւնների ճնշման տակ գտնուող մեր ազատագրած հողատարածքների ճակատագիրը: Մեր ղեկավարները կարծում են այնքան դիւանագէտ են, որ կարողանալու են առանց զիջումների, Արցախը թշնամուն խարիսխ չդարձրած, դուրս գալ իրենց գործած մեծագոյն սխալից` ազատագրուած մեր տարածքները երկարատեւ եւ խոցելի բանակցութիւնների նիւթ դարձնելուց:

Մինչ Արցախը հպարտօրէն նշում է իր ազատագրման 26-ամեակը, մենք արդէն մի քանի շաբաթներ ի վեր լսում ենք ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբի ամերիկացի նախկին համանախագահ  Ռիչըրտ Հոկլընտի յայտարարութիւնը, որ Արցախի գրաւուած տարածքների շուրջ ընթացող բանակցութիւններում հայկական կողմը համաձայն է  փոխզիջումների եւ հարցը միայն Լաչինի մէջ թշնամու համար ապահով գօտի ստեղծելն է: Երկար տարիներ անընդմէջ հնչող այս սակարկութիւնները մեր բոլորի պրկուած զգայարանները այնքան են մաշել, որ մենք այլեւս անտարբերութեամբ ենք ընդունում բանակցութիւնների շուրջ ընթացող սուտ կամ ճիշդ լուրերը:

Իսկ մեր ղեկավարները, երկրի նախագահը, արտաքին գործերի նախարարը կամ պատասխանատուները, ոչ թէ բացարձակապէս չեն հերքում նրա յայտարարութիւնը, կամ հակառակը հաստատող փաստեր բերում, այլ փորձում են մեզ համոզել, որ վերջին խօսքը Արցախի ժողովրդին է պատկանում:

Բնականաբար այս անորոշ վիճակում տարբեր եզրակացութիւնների ենք յանգում եւ յաւելեալ անգամ վատ տրամադրւում մեզ հանգստացնողների հանդէպ, իսկ աւելի անկեղծ` չենք հաւատում ոեւէ մէկի յայտարարութեան:

Ես արդէն վերը նշեցի ժողովրդի ձայնի ոչինչ ազդեցութեան մասին ամէնուրեք: Եւ հիմա երբ մեզ հանգստացնում են ժողովրդի որոշմամբ հարցը լուծելու տարբերակին, իբր թէ այդ հարցը կարգաւորողները կ՛ընդունեն ու կը յարգեն Արցախի ժողովրդի կամքը, սկսում ենք խորապէս անհանգստանալ, քաջ գիտնալով, որ  բանակցութեան մասնակիցներից ոեւէ մէկը այնքան միամիտ չէ, որ սպասում է ժողովրդի հակառակ քուէին եւ դեռ շարունակում իր առ ու ծախը:

Հարցն այստեղ այն է, որ մենք այլեւս մի տեղից սկսելու ենք ՈՉ ասել մեր ազգային իրաւունքները չարաշահողներին: Մեր դարաւոր պատմութեան սխալ ընթացքը եւ մեր կորուստները հէնց այս չկարողանալ ՈՉ ասելու վրայ են հիմնուած: Մենք միշտ մէջքներս ծռած առերես համաձայնւում ենք բոլոր կողմերի հետ եւ սպասում, թէ նրանցից ո՞վ կ՛օգնի մեզ, որ նրանց ողորմածութեան հովանու տակ մտնենք անմիջապէս ու սպասենք, թէ նրանցից ո՞վ է լուծելու մեր հարցերը:

26 տարի առաջ մեր մարտիկները կարողացան ՈՉ ասել թշնամուն եւ ազատագրեցին Արցախը: Կարող էին ամբողջապէս ազատագրել եւ պարտուած թշնամու հետ բանակցութիւնների մէջ երբեք չմտնել, եթէ կարողանային նոյն ուժով ՈՉ ասել Արցախի ամբողջական ազատագրումը  խափանող մեր առաջին նախագահին: Մենք արդէն անգամներ ապացուցել ենք, որ կարող ենք ՈՉ ասել, ուրեմն պիտի շարունակենք մեր այդ ՈՉ-ը մինչեւ մեր վերջնական յաղթանակին հասնելը:

Մենք գիտենք, գերպետութիւնները յատուկ ծրագրով, մեր նման, ինքներս մեզ թակարդի մէջ դրած երկրներին, պահում են երկարատեւ բանակցութիւնների կապանքների մէջ, այդ կապանքների ծայրը միշտ իրենց ձեռքում պահելով, որ տարածաշրջանը երբեք խաղաղութիւն չունենայ, որ իրենք իրենց հետագայ ծրագրերը իրականացնեն այդ երկրներում: Մեր տարածաշրջանը մեծ ռազմավարական  հնարաւորութիւններ ունի, դրա պատճառով դարեր ասպատակուել է մեր հողը: Եթէ դա մենք չենք տեսնում ու գնահատում, դա մեր քաղաքական տհաս մտածողութեան ապացոյցն է:

Մենք ցոյցի ենք ելնում ամէն պատեհ առիթով միայն ընկերային պահանջների համար, սակայն երբ մեր հայկական գերեզմանատան վրայ արտաքնոց են կառուցում Թուրքիոյ խորհրդարանի հրամանով, միայն մէկ հայ է իր ձայնը բարձրացնում` Կարօ Փայլանը: Լաւ որ այդ աննման հային ունենք, փառք ու պատիւ իրեն, որը միայնակ, ծեծուելով, իր կեանքը վտանգելով, մեր հարցերն է պաշտպանում թշնամու տան մէջ, հայ դպրոցների վիճակից սկսած մինչեւ մեր ազգապատկան  ունեցուածքների ոչնչացման կամ ազգային իրաւունքների ոտնակոխման ժամանակ: 

Բայց չէ՞ որ մեր հայրենի իշխանութեան եւ Հայ դատի պարտականութիւնն էր Թուրքիոյ այդ անբարոյ վճռի` Վանի Արտամէտ շրջանի հայկական հինաւուրց գերեզմանատան վրայ արտաքնոցի կառուցման դէմ որպէս պետութիւն, որպէս հայերի իրաւունքների պաշտպան, բողոքել: Ոչ միայն պետական, այլ ազգային պարտականութիւնն էր աշխարհի ուշադրութեան ներկայացնել, մինչեւ իսկ ՄԱԿ-ի խորհրդաժողով եւ ազգերի իրաւունքները պաշտպանող այլ բարձրագոյն հաստատութիւնների ուշադրութեան արժանացնել Թուրքիոյ այդ միտումնաւոր նուաստացուցիչ վճիռը` յաւելեալ անգամ աշխարհին ազդարարելով, որ Թուրքիան շարունակում է Հայոց ցեղասպանութիւնը նոյնիսկ հայ մեռեալների վրայ, պղծում է մեր բռնագրաւած տարածքները, բացայայտօրէն ոչնչացնում մեր ազգային մասունքները: Որ Թուրքիայի այդ որոշումը աւելի շատ հայ ժողովրդին յաւելեալ անգամ ոչնչացնելու քայլ է, քան տեղի անհրաժեշտութիւն:

Ինչպէ՞ս է, որ Թուրքիան դեռ չի ազատագրւում իր թոյնից հանդէպ հայի, իսկ հայը արդէն ներել է եւ այսպիսի անպատուող ապտակները լռութեամբ ու անտարբերութեամբ է ընդունում: 

Չէ՞ որ պետական որոշումները պետական մակարդակով են լուծւում:

Մենք լռեցինք, երբ Նախիջեւանի մեր նախնիների գերեզմաններն էին յօշոտում եւ տեսաք, թէ արդիւնքը ինչ եղաւ: Հիմա էլ լռեցինք եւ արդիւնքը պարզ է: Վստահ եմ վաղը հայ զբօսաշրջիկները իրենք էլ նոյն անտարբերութեամբ կ՛օգտագործեն այդ արտաքնոցը:

Չենք մտածում, որ եթէ նոյնիսկ մեր բողոքը արդիւնք էլ չտայ, գոնէ անհանգստացրած կը լինենք թշնամուն, յաւելեալ անգամ ազդարարելով մեր կեցուածքը  իր գործած անժամկէտ, աններելի յանցագործութեան պատասխանատուութեան համար, իսկ աշխարհի ուղեղում կրկնակի անգամ կը փորագրուի մի փաստ` մեր հողերի բռնագրաւած վիճակի փաստը:

Ինչպէս երեւում է, մենք դեռ շատ երկար ճանապարհ ունենք անցնելու որպէս ազգ, որ հասկանանք իրապէս ինչպէս են մեծ ազգ դառնում: Դառնում են մեծ քայլերով, համարձակ որոշումներով, խաղաղութիւնը ոչ թէ մուրալով շահելով, ուրիշների օգնութեան վրայ միշտ աչք տնկած, այլ սեփական ուժերը կեդրոնացնելով, քաղաքական մտքի զարգացումով, սեփական հողի իրաւունքի պաշտամունքով:

Եթէ այսօրուան դիրքորոշումով ու հոգեբանութեամբ շարունակենք, աշխարհը իրապէս պիտի շրջենք մեր գլխին:

Ամիսներ ի վեր մամուլում, դիմատետրերում, համացանցում խօսւում, ներբողւում է մօտեցող, սեպտեմբեր 18-ին կայանալիք Հայաստան-սփիւռք 6-րդ համագումարի մասին: Մեծ պաթոսով ազդարարւում է «մի քանի հազա՛ր» հրաւիրեալների մասնակցութիւնը, որն ի դէպ, ինձ յիշեցնում է նախկինում` Մոսկուայում, կայացող ՍՄԿԿ (Սովետական Միութեան Կոմունիստական կուսակցութիւն) համագումարները, ուր առանձնակի պատիւ էր մասնակցելը եւ մասնակիցները, մեծամասամբ խորհրդային կարգերի նուիրեալներ, վերադառնում էին դատարկ քարոզչութեամբ լեցուած: Թող ինձ ներեն այս ակամայ համեմատութեան համար, որը պարզապէս ցաւով ծնուեց իմ մէջ` տեսնելով, թէ այս թէժ քաղաքական վտանգուած պահին, մենք արդեօք սուտ քարոզչութեամբ չե՞նք զբաղւում: Արդեօք այս խոստացեալ «Համազգայի՛ն խորհուրդի» կազմութիւնը միայն ներկայ Հայաստանի հիմնադրման 100-ամեակի համատեղ ձեռնարկներ կազմելու համա՞ր է, թէ՞ կարողանալու է մեր մասնատուած վիճակը հարթել, կարողանալու է երկրի արտագաղթի հոսքի հիմնական պատճառների եւ դրա արգիլման հարցը բարձրացնել, օրէօր աճող իրենց արմատներին վերադարձող մահմետականացած հայերի ճակատագրի հարցը արծարծել, Արցախեան մեր տարածքների ապահովութեան  խնդիրը քննարկել: Վերջապէս առաջնակարգ եւ հրատապ պահանջ  դարձնելո՞ւ է մեր հողային եւ համընդհանուր ունեցուածքների պահանջատիրութեան հարցը:

Ուրախ եմ, որ սփիւռքից հազարաւոր հայեր են մասնակցելու: Ուրախ եմ, քանի որ հայրենիքի հետ իւրաքանչիւր շփում աւելի է մեզ մօտեցնում իրար: Սակայն իմ մտահոգութիւնն այն է, որ սփիւռքը արդեօք կրկին գնում է միայն ունկնդրելո՞ւ, մի քանի պատուոյ գիր-շքանշաններով օծուելով, սուտ խոստումներով վերադառնալու, ինչպէս նախորդ անգամներին, թէ՞ լուրջ պահանջների ծրագիր ունի մշակած: Եթէ ծրագիր ունի մշակած, ինչո՞ւ սփիւռքում ապրողներս անհաղորդ ենք այդ ծրագրին:

Ցաւալի, բայց անժխտելի իրականութեամբ սփիւռքում հայութեան թիւը կրկնակի եւ աւելի անգամ շատ է, քան բուն հայրենիքում, հետեւաբար իր ասելիքը աւելի ծանրակշիռ ու բազմաշերտ է լինելու, աւելի կարեւոր, լսելի դառնալու:

Ոչ ոք չի կարող ժխտել, որ սփիւռքը Հայաստանի հետ, անկախութեան առաջին իսկ օրից, կիսում է նրա դժուարութիւնները, աւելիով օժանդակում նրա արագ վերականգմանը, յատկապէս տնտեսական հարցերում, մեծ ներդրումներով օգնում իր երկրի զարգացմանը  եւ բնականաբար իրաւունք ունի նաեւ առաջարկների, յատկապէս այդ առաջարկները ընդունելի դարձնելու: Այնպէս որ, սփիւռքը պիտի ներկայանայ լրջօրէն ուսումնասիրուած, պատրաստուած ամբողջական ծրագրով, ներառած ողջ սփիւռքահայութեան ձայնը, որի գլխաւոր առանցքը մեր ուշացած պահանջատիրութեան հարցը, սփիւռքահայութեան կողմից Հայաստանի պետականութեան ծրագրի մասը դարձնելու հրատապ պահանջն է: Եւ դա ոչ թէ աղերսանք, խնդրանք կամ սոսկ արտայայտութիւն է լինելու, այլ լրջօրէն մշակուած, օրինաւոր, աստիճանական փուլերով վերջնական նպատակակէտին հասնելու ցուցմունքով պահանջ է լինելու: Այո՛, սփիւռքը իրաւունք ունի ոչ միայն ներդնելու, այլ նաեւ պահանջելու: 

Անշուշտ այս համատարած փլուզուող աշխարհում, սփիւռքահայութիւնը` գտնուելով այդ խառնարանի կեդրոնում, ամէն կերպ փորձում է պահպանել իր հայութիւնը եւ հայ արժէքները փոխանցել սերունդներին: Արդէն մի քանի սերունդ մեծ զոհողութիւնների գնով շարունակաբար կրթւում է անսահման հայրենասիրութեամբ իր երկրի ու այդ երկրի համար արիւն թափած հերոսների անուամբ սնուելով, սակայն միաժամանակ զգալի է արեւմտայնացումը նրանց մտածելակերպի եւ հոգեբանութեան մէջ եւ այստեղ է Հայաստանի օգնութեան անհրաժեշտութիւնը:

Փոխադարձաբար օգտակար է սփիւռքի փորձառութեան ներդրումը հայրենի ժողովրդի հայրենասիրութիւնը գիտակցական հող դարձնելու, սեփական հողի իւրաքանչիւր թիզը արժեւորելու ու պահպանելու գործում: Այս համատեղ փոխադարձ աշխատանքով միայն կ՛արժեւորուի Համահայկական խորհուրդի կազմութիւնը եւ հետագայ համաժողովները:  

Աշխարհի արագօրէն փոթորկուող իրարանցումի մէջ մեր պարտականութիւնն է առանց դոյզն իսկ զիջումների, դա լինի հողային, սահմանային, ազգային շահերում անկոտրում ամրանալ, յառաջ ընթանալ, թոյլ չտալ, որ աշխարհը շուռ գայ մեր գլխին:

 

13 սեպտեմբեր 2017թ

 

Անդրադարձ. Սպասելով Թրամփ-Էրտողան Հանդիպումին

$
0
0

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան 19-25 սեպտեմբերին պիտի այցելէ Նիւ Եորք` մասնակցելու համար ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի 72-րդ նստաշրջանին: Ան իր այդ այցելութեան ծիրին մէջ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ պիտի ունենայ հանդիպում մը, որուն ընթացքին սեղանի վրայ պիտի դրուի թուրք-ամերիկեան կնճռոտած յարաբերութիւններուն հաստափոր թղթածրարը, որ կը բովանդակէ բազմաթիւ խնդիրներ, ինչպէս` Կիւլենի, Սուրիոյ քիւրտերու, Թուրքիոյ տնտեսութեան նախկին նախարար Զաֆեր Չաղլայանի եւ Էրտողանի թիկնապահներուն դէմ յարուցուած դատական գործերու, թուրք-իրանեան եւ թուրք-ռուսական ծաղկող գործակցութեան հարցերը:

Հանդիպումին նախօրեակին ամերիկեան կողմին մօտ արդէն տեղի կ՛ունենան անուղղայ Թուրքիոյ նկատմամբ որդեգրուելիք քաղաքականութեան շուրջ քննարկումներ: «Թըրքիշ Տէյլի Նիուզ» կը հաղորդէ, որ Նիւ Եորքի Արտաքին յարաբերութիւններու խորհուրդ հիմնարկէն Սթիվըն Քուք 6 սեպտեմբերին Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի լսումի նիստին ընթացքին յայտնած է. «Փակ դռներու ետին թուրք պաշտօնատարները յանդիմանելն ու հրապարակաւ զանոնք գովելը» չի կրնար ազդել Անգարայի քաղաքականութեան վրայ: Ան նոյեմբեր 2015-ին ռուսական օդուժի ռմբաձիգին Սուրիոյ վերեւ վար առնուելէն ետք Ռուսիոյ կողմէ պատժամիջոցներու որդեգրման օրինակը նշելով ընդգծած է, թէ այդ քայլը ազդեց Էրտողանի վրայ եւ դրական արդիւնք տուաւ: Ան Էրտողանի իշխանութիւնը կարգի բերելու համար առաջարկած է շարք մը տնտեսական, զինուորական եւ «դրական ճնշումի գործելաոճեր», ինչպէս` «Ինճիրլիք»-էն հեռանալու կամ շրջանին մէջ այլ ռազմակայաններէ գործելու կարելիութեան ուսումնասիրութիւնը, առաջին կարգի զէնքերու զարգացման ու ձեռքբերման Թուրքիոյ մասնակցութեան սահմանափակումը, ինչպէս նաեւ արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ քաղաքացիները Թուրքիա այցելելէ զգուշացնելը:

Նշեալ նիստի այլ մասնակից մը` Օպամայի վարչակազմին մէջ արտաքին գործոց նախարարի տեղակալի օգնական եղած, Հարվըրտ համալսարանէն Ամանտա Սլոթ յայտնած է, որ Անգարայի հետ յարաբերութիւններու նկատառելի կրճատումէն պիտի օգտուին միայն անոնք, որոնք չեն ուզեր, որ Թուրքիան դէպի Արեւմուտք նայի: Ան 16 ապրիլի հանրաքուէին ընթացքին քուէարկողներու թիւին շուրջ կիսուն «Ոչ» քուէարկելն ու ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան «Արդարութեան քայլարշաւ»-ի օրինակները նշելով ըսած է, որ «Թուրքիոյ մէջ քաղաքացիական հասարակութիւնը մահացած չէ»` աւելցնելով. «Եթէ Եւրոպական Միութիւնն ու Միացեալ Նահանգները լքեն Թուրքիան, Անգարան այլուր գործընկերներ պիտի փնտռէ, ինչպէս Ռուսիոյ եւ Իրանի հետ վերջին կապերը ցոյց կու տան»: Ան եզրակացուցած է, թէ կապերու պահպանումը «կը շարունակէ մնալ յառաջընթացի միակ ուղին… ներառեալ` կառավարութեան հետ անկեղծ քննարկումը եւ գործարարական ու քաղաքացիական հասարակութեան հետ ընդլայնուած կապերը»:

Ահաւասիկ Թրամփի վարչակազմին առջեւ դրուած երկու ընտրանքներ. առաջինը Ռուսիոյ օրինակով կարծր ու արդիւնաւէտութիւնը փաստուած կեցուածքի մը որդեգրումն է, իսկ երկրորդը` «գայլին գլխուն աւետարան կարդալն» ու մինչեւ հիմա փորձուածը փորձելը: Նկատի ունենալով Միացեալ Նահանգներու նախագահին անկանխատեսելիութիւնն ու ամերիկեան վարչակազմի տարբեր անդամներու այլ առիթներով երեւան եկած զիրար հակասող կեցուածքները` կարելի չէ նախատեսել, թէ Թրամփ-Էրտողան հանդիպումին ընթացքին եւ ատկէ ետք վերոնշեալ քաղաքականութիւններէն ո՛ր մէկը պիտի կիրարկուի: Մեզի կը մնայ սպասել ու տեսնել:

 

 

Ֆրանսա, Հանրախանութներ Կը Վանեն Խաչը

$
0
0

«Նոր Յառաջ»

Վերջին շրջանին ֆրանսական հանրախանութներու մէջ «նորաձեւութիւն» դարձած է խաչին վանումը: Այն ապրանքները, որոնք իրենց ծրարին վրայ խաչով պիտակ կը կրէին, հիմա կը «ձերբազատին» անկէ, քանի նորերու վրայէն կը ջնջուի «այդ անբաղձալի տարր»-ը եւ տուեալ արտադրութիւնը առանց անոր կը ներկայացուի սպառողին: Ասիկա պարագան է, օրինակ, «Քարֆուր» հանրախանութներու ցանցին, որուն մակնիշով, վաճառուող յունական մածուններուն վրայ նախապէս կար յունական եկեղեցիներու նկար մը, բնականաբար` իրենց խաչակիր գմբէթներով: Իսկ հիմա այդ նոյն մածունի տուփերուն վրայ կայ (գրեթէ) նո՛յն պիտակը, կան նո՛յն գմբէթները, բայց… առանց խաչի. պիտակը «վայելած» է «Ֆոթոշոփ»-ի բարիքները:

Այս երեւոյթին առաջին անդրադարձողներէն եղած է Պուշ-տիւ-Ռոն նահանգի երեսփոխան, հայոց ծանօթ անձնաւորութիւն Վալերի Պուայէ, որ Դիմատետրի իր էջին գրած է հետեւեալը.

«Քարֆուր» նախընտրած է քրիստոնէական խաչերը ջնջել իր ծրարներէն, բայց մահմետական մահիկը կը շարունակէ տեղ գտնել անոր հալալ արտադրութիւններուն վրայ:

Մեր ազգը հիմնուած է մշակութային հողի մը վրայ, որ ունի իր ուրոյն աւանդութիւններն ու ազդեցութիւնները: Չմոռնանք, որ այդ ազդեցութիւններէն քրիստոնէութիւնը խորապէս դրոշմած է եւրոպական մերօրեայ հասարակութիւնները եւ անոնց սահմանադրութիւնները, յունական փիլիսոփայութեան, հռոմէական օրէնքին, Վերածնունդի կամ Լուսաւորութեան դարաշրջանի կողքին:

Քրիստոնէութիւնը մեզի թոյլ տուաւ Մարդը ընկալել որպէս լրիւ անհատ: Մարդկային արժանապատուութեան պաշտպանութիւնը կը յենի քրիստոնէական արժէքներու:

Ֆրանսա աշխարհիկ երկիր մըն է` քրիստոնէական ազդեցութեամբ եւ արժէքներով: Մեր պատմութիւնը կերտուած է արքաներու եւ եկեղեցիներու շուրջ:

Մինչեւ ո՞ւր պիտի երթայ մեր արմատներէն ու մեր պատմութենէն հրաժարումը, անոնց ուրացումը»:

***

Նոյն նիւթին մասին այլ հրապարակումի մէջ ալ գրուած է. «Լիտըլ», «Քարֆուր», «Նեսթլէ» եւ «Տանոն», ի յարգանս բազմազանութեան` ջնջեցին ուղղափառ եկեղեցիներու վրայի խաչերը այն նկարներէն, որոնք տեղ կը գտնէին սննդեղէնի զանազան արտադրութիւններու վրայ: Բայց այս ընտրութիւնը համայն Եւրոպայի մէջ պատճառ դարձաւ սպառողներու զայրոյթին»: Այս տողերը ենթադրել կու տան, որ երեւոյթը միայն Ֆրանսայի յատուկ չէ, այլ տարածուած է ամբողջ Եւրոպայի մէջ:

 

Էրտողա՞ն, Թէ՞ Բանակը՛ Թրքական «Ժողովրդավարութեան» Թշնամին

$
0
0

Մերձաւոր Արեւելքի մէջ ժողովրդավարութեան նմուշ նկատուող Թուրքիան այսօր կը գտնուի մենատիրական իշխանութեան վերադառնալու սեմին: 2016 յուլիսի զինուորական յեղաշրջման ձախող փորձը յանգեցաւ ընդդիմադիրներու զանգուածային ձերբակալութեան… եւ մասնաւորաբար` Էրտողանի միահեծան իշխանութեան ամրապնդումին:

Իր կողմնակիցներուն համար, որոնք մեծ թիւ կը ներկայացնեն, Էրտողան հայրական ոգիով գործող տիպար ղեկավարն է, որուն կարելի է վստահիլ երկիրը: Բայց իր հակառակորդներուն համար ան կը գտնուի ամբողջովին բռնատէր դառնալու ճամբուն վրայ: Տեղի՞ն է արդեօք այս մտահոգութիւնը: Ժողովրդավարութիւնը վստահօրէն վտանգուած է Թուրքիոյ մէջ, բայց կարելի՞ է արդեօք նոր վարչաձեւը բռնատիրական նկատել:

Նախապէս քաղաքական  միտքը յստակ սահմանումներ ունէր ժողովրդավարութիւնը եւ բռնատիրութիւնը զատորոշելու ժամանակ: Մինչ ժողովրդավարութիւնը կը ցոլացնէր ազատ եւ արդար ընտրութիւններ, քաղաքացիական ազատութիւններ ու դատական անկախութիւն եւ օրէնքի գերակայութիւն, միւս կողմէ` բռնատիրութիւնը կը բնորոշուէր ընտրութիւններու բացակայութեամբ, ազատութիւններու կաշկանդումով եւ փտածութեամբ: Իբրեւ պարզ նմուշ կարելի է տալ հարաւային եւ հիւսիսային Քորէաներու օրինակները,  բայց կան բազմաթիւ վարչաձեւեր, որոնք կը գտնուին ժողովրդավարութեան եւ բռնատիրութեան միջեւ տեղ մը, եւ զորս կարելի է նկատել խառնածին (hybrid) վարչաձեւեր:

Խառնածիններուն մէջ տեղի կ՛ունենան ընտրութիւններ, ընդդիմադիր կուսակցութիւններուն կ՛արտօնուի առաջադրել թեկնածուներ, եւ նոյնիսկ կը տրուին քաղաքացիական որոշ ազատութիւններ` ժողովրդավարական ընդունուած հաստատութիւններու ծիրին մէջ, բայց անոնք գրեթէ չեն գործեր եւ ոչ մէկ ձեւով կը սպառնան իշխող խաւին:

Այսօր, աշխարհի տարածքին, ժողովրդավար նկատուող վարչաձեւերուն մեծամասնութիւնը խորքին մէջ խառնածին բնոյթ ունի: Մինչ բազմաթիւ բռնատիրական երկիրներ կը կազմակերպեն եւ կ՛օգտագործեն կասկածելի ընտրութիւններ` ժողովրդավար երեւնալու համար (օրինակ` Անկոլա), անդին` ժողովրդավար նկատուած երկիրներ ետդարձ կ՛ընեն եւ կ՛ուղղուին դէպի բռնատիրութիւն:

Սեղմումներ

Այսօր ժողովրդավարութեան նահանջի ամէնէն տարածուած ձեւերէն մէկը գործադիր իշխանութեան ինքնամեծարումն է, երբ այդ  իշխանութեան վրայ գտնուող ղեկավարը կը թուլացնէ հաշուետուութեան եւ հաշուառութեան համակարգը` միաժամանակ տկարացնելով օրէնսդիր ու դատական իշխանութիւնները եւ ընդդիմութիւնը ընդհանրապէս՛ յենելով ժողովրդային հանրաքուէներու վրայ` «ժողովրդային մանտա» ստանալու միտումով: Այս առումով, Էրտողանի իշխանութեան տակ, Թուրքիոյ պարագան կրնայ ծառայել իբրեւ դասագրքայն օրինակ:

Էրտողան իշխանութեան հասաւ 2002-ին, երբ իր Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը շահեցաւ երեսփոխանական աթոռներուն մեծամասնութիւնը: Էրտողան անմիջապէս սկսաւ իր կնիքը դնել երկրին վրայ` պաշտօնավարութեան առաջին երկու տարուան ընթացքին մշակելով եւ որդեգրելով 500 օրէնք: 2010-ին, իր մանտան դրսեւորելու միտումով, Էրտողան հանրաքուէի միջոցով առաջադրեց սահմանադրական երկու տասնեակ փոփոխութիւններ, մինչ Եւրոպական միութեան անդամակցութեան չափանիշներուն հասնելու նպատակով բարելաւուած քաղաքացիական ազատութիւններուն մէկ մասը կը չքանար: Կը սահմանափակուէին մամուլի ազատութիւնները, բազմաթիւ կայքէջեր կը փակուէին, եւ պատկերասփիւռին գործելու շարժումը կը սահմանափակուէր:

2013-ին, Պոլսոյ Կեզի զբօսայգիի բողոքի ցոյցերէն ետք, աւելի քան 80 լրագրողներ գործէ արձակուեցան: Լրագրողներ ընդհանրապէս կրնան դատական հետապնդումի ենթարկուիլ` կառավարութիւնը քննադատող որեւէ գրութեան պարագային:

Էրտողան ճիգ չխնայեց նաեւ տկարացնելու դատական իշխանութիւնը: Ան իրաւունք ստացաւ նշանակելու Սահմանադրական դատարանի 17 անդամներէն 14-ը: 2014-ին, 3000 դատաւորներ հեռացուեցան: Դատարաններուն փոխարէն, իբրեւ օրէսդիր մարմին, խորհրդարանին մէջ մեծամասնութիւն վայելող Էրտողանի կուսակցութիւնը այժմ կը վերահսկէ, թէ ո՛ր կուսակցութիւնները կրնան մասնակցիլ ընտրութիւններուն: Տակաւին, 2015-ին, Ազգային հետախուզական կազմակերպութեան (գլխաւորուած նախագահին կողմէ նշանակուած պաշտօնատարի մը կողմէ) կը տրուի Թուրքիոյ մէջ ոեւէ անձ հետապնդելու իրաւունք` առանց դատական իշխանութիւններէն արտօնութիւն առնելու:

Միւս կողմէ` զինուորականները երբեք չյաջողեցան «ձեւի բերելու» Էրտողանը: Ի տարբերութիւն իր նախորդներէն ոմանց, երբ բանակը կը սպառնար անուղղակի վերահսկողութիւն հաստատել քաղաքական կեանքին վրայ, Էրտողան կը մերժէր ենթարկուիլ սպառնալիքներուն, օրինակ` 2007-ին, երբ ան առաջադրեց եւ պարտադրեց արտաքին գործոց նախարար Ապտիւլլա Կիւլի նախագահ ընտրութիւնը` հակառակ զինեալ ուժերու ընդդիմութեան: Եւ 2016-ի յեղաշրջման փորձէն ասդին, որ, ըստ երեւոյթին, ծրագրուած էր անկարգապահ զինուորական զօրամասերու կողմէ, Էրտողան յստակ դարձուցած է, որ ինք ուղղակիօրեն պիտի վերահսկէ զինեալ ուժերը: Քանի մը օրուան մէջ ան 100 զօրավար եւ աւելի քան 1500 սպայ վտարեց բանակէն:

Ընդհանուր առմամբ, յեղաշրջման ձախող փորձին հակազդեցութեան տարողութիւնը երբեք չէր նախատեսուած: Աւելի քան 16 հազար հոգի ձերբակալուեցաւ, եւ առնուազն 60.000 պաշտօնեաներ գործէ արձակուեցան: Սակայն պէտք էր սպասուէր նման քայլ Էրտողանէն, որուն իշխանատենչութիւնը, ըստ շատերուն, սահման չունի եւ կրնայ հասնիլ մինչեւ «կայսերական նախագահութիւն» հաստատելու աստիճանին:

Կը մնայ սպասել, որ արդեօք Էրտողան պիտի յաջողի՞ ամբողջական մենատիրութիւն հաստատելու Թուրքիոյ մէջ, թէ՞ Թուրքիա պիտի դառնայ խառնածին պետութիւն մը, ինչ որ աւելի հաւանական կը թուի ըլլալ: Ցարդ յստակ է միայն, որ Էրտողանի իշխանատենչութիւնը բաւական վնաս պատճառած է Թուրքիոյ:

Նաթաշա Էզրով
Էսեքս համալսարանի աւագ դասախօս

Պատմական Ակնարկ` Յեղաշրջումներուն Մասին

Թրքական բանակը շատոնց ինքզինք նշանակած է իբրեւ «թրքական ժողովրդավարութեան խնամակալ» կամ պահապանը  Քեմալ Աթաթուրքի ստեղծած արդիական եւ աշխարհիկ պետութեան: Իբրեւ այդպիսին` անիկա երեք անգամ ուղղակիօրէն միջամտած է թրքական քաղաքականութեան մէջ, իսկ 1997-ին կատարած է «յետարդիական (postmodern) յեղաշրջում» մը:

1960

Առաջին յեղաշրջումը տեղի ունեցած է 1960-ին` կառավարութեան եւ ընդդիմութեան միջեւ լարուածութեան սրումին պատրուակով:

Իշխանութեան վրայ գտնուող Ժողովրդավար կուսակցութիւնը, գլխաւորութեամբ վարչապետ Ատնան Մենտերեսի եւ նախագահ Ճելալ Պայարի, կը սկսի թուլցնել կրօնի հետ կապուած եւ Աթաթուրքի ժամանակաշրջանին որդեգրուած շարք մը օրէնքներ: Հազարաւոր մզկիթներ կը վերաբացուին, թրքերէնի փոխարէն` արաբերէնով աղօթքը կ՛օրինականացուի, կրօնական նոր դպրոցներ կը բացուին եւ զինուորական պարտադիր ծառայութեան ժամանակը կը կրճատուի: Միաժամանակ կը սահմանափակուին մամուլի օրէնքները, եւ ընդդինադիր թերթերու տպագրութիւնը յաճախակիօրէն կ՛արգիլուի:

Կառավարութեան եւ ընդդիմութեան միջեւ լարուածութիւնը այնքան կը սրի, որ 1960-ի սկզբը Մենտերես ստիպողական վիճակ կը յայտարարէ: Մայիսի 27-ին բանակը կը միջամտէ եւ կը տապալէ կառավարութիւնը: Նախագահը, վարչապետը եւ կառավարութեան քանի մը անդամներ կը ձերբակալուին եւ կը դատուին դաւաճանութեան յանցանքով: Մենտերես կախաղան կը բարձրացուի:

Զօրավար Ճեմալ Կիւրսել կը ստանձնէ իշխանութիւնը` իբրեւ նախագահ եւ վարչապետ: Զինուորական իշխանութեան այս շրջանը կը տեւէ մինչեւ 1965:

1971

Թուրքիոյ տնտեսութիւնը 1960-ականներու վերջերը կը հասի անկումի հանգրուանին` պատճառ դառնալով համատարած խռովութիւններու: Աշխատաւորական կազմակերպութիւններ կը կազմակերպեն բողոքի ցոյցեր, երբեմն` վայրագ, որուն կը  հակադարձէ ծայրայեղ աջը: Դրամը կ՛արժեզրկուի, եւ սղաճը կը հասնի 80 առ հարիւրի: Անիշխանական մթնոլորտ կը տիրէ Թուրքիոյ մէջ:

1971 մարտին զինուորականները անգամ մը եւս կը միջամտեն` կարգ ու կանոն հաստատելու պատրուակին տակ: Սպայակոյտի պետ Մամտուհ Թակմաք յուշագիր կը յղէ վարչապետ Սիւլէյման Տեմիրելի` կազմելու նոր կառավարութիւն` մեկնելով Աթաթուրքի սկզբունքներէն: Տեմիրել կը հրաժարի:

Այդ շրջանին բանակը ուղղակի իշխանութիւն չի հաստատեր: Առաջին հերթին, ան աջակողմեան Հանրապետական ժողովրդական կուսակցութեան անդամ Նիհաթ Էրիմը կը նշանակէ վարչապետ, որուն կառավարութիւնը իշխանութեան վրայ կը մնայ մինչեւ 1973, երբ խորհրդարանը նախագահ կ՛ընտրէ հանգստեան կոչուած ծովուժի սպաներէն Ֆահրի Քորոթուրքը:

1980

Անկայունութիւնը Թուրքիոյ մէջ կը շարունակուի նոյնիսկ 1971-ի յեղաշրջումէն ետք: 1970-ական թուականներուն Թուրքիա վարչապետ կը փոխէ 11 անգամ, տնտեսութիւնը կը շարունակէ մնալ լճացած, իսկ ձախակողմեան եւ աջակողմեան խմբակներ կը շարունակեն բախումներ ունենալ փողոցներուն մէջ: Հազարաւոր մարդիկ կը սպաննուին:

Բանակը 1979-ին կը սկսի քննարկել յեղաշրջումի հաւանականութիւնը, եւ 1980 մարտին խումբ մը զօրավարներ առաջ անցնելու տրամադրութիւն կը յայտնեն: Քանի մը անգամ յետաձգուելէ ետք, վերջապէս սեպտեմբերին սպաները ստիպողական վիճակ կը յայտարարեն եւ կը ստանձնեն իշխանութիւնը:

Քենան Էվրեն կը դառնայ նախագահ, իսկ ծովուժի սպայ Պիւլենթ Ուլուսու կը ստանձնէ վարչապետի պաշտօնը:

Զինուորականները կը ձերբակալեն հարիւր հազարաւոր մարդիկ: Շատեր մահապատիժի կ՛ենթարկուին, իսկ ուրիշներ պարզապէս կ՛անհետանան:

1982-ին հանրաքուէի կը դրուի նոր սահմանադրութիւնը, որ կ՛որդեգրուի լայն մեծամասնութեամբ:

Զինուորական իշխանութեան այս շրջանը որոշ կայունութիւն յառաջ կը բերէ Թուրքիոյ մէջ: 1983-ին, Ուլուսուի կը յաջորդէ Թուրկութ Օզալը, որուն կը տրուի Թուրքիոյի տնտեսութիւնը կայունացնելու պատիւը` պետական հաստատութիւններու սեփականաշնորհման միջոցով: Դրամի արժեզրկումը կը նահանջէ, մինչ աշխատուժը աճ կ՛արձանագրէ:

1997

1995-ի ընտրութիւնները կը շահի իսլամական Բարօրութիւն կուսակցութիւնը Էրպաքանի գլխաւորութեամբ, որ կը կազմէ համաձայնական կառավարութիւն մը:

Դժգոհ` իսլամականներու յաջողութենէն, 1997-ին զինուորականները շարք մը «յանձնարարականներ» կու տան կառավարութեան, որ այլընտրանք չունէր` բացի ընդունելէ զանոնք: Հետագային բանակը կը ստիպէ Էրպաքանի հրաժարական ներկայացնելու:

Էրպաքանին` կուսակցութիւնը լուծարքի կ՛ենթարկուի 1998-ին, որուն կ՛արգիլուի նաեւ քաղաքականութեամբ զբաղիլ հինգ տարի: Կուսակցութեան նախկին անդամներ, որոնց շարքին` Ռէեճեփ Թայիփ Էրտողան, կը հիմնեն Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը:

 

Աղբիւրներ

Newsweek, The Economist, AlJazeera

https://www.economist.com/news/leaders/21720590-recep-tayyip-erdogan-carrying-out-harshest-crackdown-decades-west-must-not-abandon

http://www.newsweek.com/erdogan-dictator-autocratic-continues-endanger-turkey-democracy-490729

http://www.aljazeera.com/news/europe/2012/04/20124472814687973.html

 

 

Դաշնակցութեան Ազգային Արեւելումէն Խաւարողները

$
0
0

ՍԵԴՕ ՊՈՅԱՃԵԱՆ

Կան հանրութիւնը յուզող դէպքեր, որոնք ազգային արժանապատուութիւնը կը խոցեն: Նման դէպք մը պատահեցաւ քանի մը օր առաջ, սեպտեմբեր 12-ին, երբ Հայաստանի Հանրապետութեան մշակոյթի նախարարութիւնը որոշեց փակել Յովհաննէս Թումանեանի թանգարանի «Խաւարում» խորագրեալ բացօթեայ ցուցահանդէսը, որ նուիրուած էր խորհրդային բռնատիրութեան զոհերուն:

Կան հանրութիւնը մտահոգող պահանջներ, որոնք ազգային պատմութիւնը սրբագրելու կը ձգտին: Նման պահանջ մըն էր Երեւանի մէջ պոլշեւիկ ղեկավարներու անունը կրող փողոցներու վերանուանումը` ազգային հարազատ արժէքներ մարմնաւորող անհատներու եւ պատմական դէպքերու անուններով:

Կան նաեւ հանրութեան հպարտութիւնը վերահաստատող նախաձեռնութիւններ, որոնք կը վերականգնեն մեր ազգային գիտակցութիւնը, կը յաւերժացնեն մեր հաւաքական յիշողութիւնը եւ կը լուսագծեն ճանապարհը` մեր ժողովուրդի անկատար իղձերուն ու պատմական առաքելութեան: Նման նախաձեռնութիւն էր Երեւանի կեդրոնը մեր անկախ հանրապետութեան հիմնադիր Արամ Մանուկեանի յուշարձանի տեղադրման որոշումը:

Նման դէպքերու ճամբով է, որ կը կոփուի հայ մարդուն քաղաքացիական գիտակցութիւնը, կը ձեւաւորուի առողջ քաղաքական մշակոյթի զարգացումը, եւ կը պատրաստուի գիտակից ազգային ղեկավարութիւնը: Այս ակնկալութիւններուն թարգմանն ու խթանը պէտք է հանդիսանային նշեալ երեք դէպքերը:

Թումանեանի տուն-թանգարանի «Խաւարում» ցուցահանդէսը կոպտօրէն խափանուեցաւ մեր պետութեան այն նախարարութեան կողմէ, որուն վստահուած է մեր մշակոյթի պաշտպանումը, պահպանումը եւ յաւելեալ զարգացումը: Փակման որոշումի կապակցութեամբ մշակոյթի փոխնախարար Արեւ Սամուէլեանը նշած է, որ` «Ճիշդ է` թեման ակտուալ (ժամանակակից, Ա.) է, մենք պէտք է պատմութեանը պարզ երեսով նայենք, բայց կարծում եմ, որ այն մի փոքր քաղաքականացուած էր»: Այսպիսի յանձնապաստան բացատրութիւն պարզապէս փորձ մըն է սքօղելու նման որոշումի ետին կանգնող պատասխանատուներու նենգ մտայնութիւնը:

Արուեստի ճամբով ճշգրիտ պատմութեան ներկայացումը բնականաբար պիտի ունենայ քաղաքական պատգամ, որովհետեւ ներկայացման թեման, ըստ ձեւի ու ըստ էութեան, քաղաքական բովանդակութիւն ունի: Կ՛ակնկալուի, որ մեր մշակոյթի նախարարութիւնը կազմուած ըլլայ մասնագէտներէ, որոնք օժտուած ըլլան բազմակողմանի գիտելիքներով եւ տեղեակ ըլլան արուեստի արտայայտութեան այլազան տեսակի ոճերու: Այլապէս նախարարութեան ներկայ անձնակազմը պիտի չզարմացնէ, եթէ պոռնկագրութեան բացատրութեամբ ցուցահանդէսէ մը դուրս հանէ մերկութիւն արտայայտող քանդակ մը:

Հիմնովին սխալ էր նախարարութեան այս որոշումը եւ, իբրեւ այդպիսին, աններելիօրէն դատապարտելի:

Երկրորդ դէպքը. պոլշեւիկ մարդոց անունները Երեւանի փողոցներու վերանուանման հարցը ցարդ անհետեւանք մնացած անորոշութիւն մըն է երկու պատճառներով: Առաջին, վերանուանման պահանջը անկազմակերպ, այլեւ ամբոխավարականի ձեւով ու բնոյթով ի սկզբանէ ամլութեան դատապարտուած բաղձանքի մը վերածուեցաւ: Տիրեց բազում աղմուկը, բացակայեցաւ ծրագրուած ու հիմնաւորուած վերանուանման առաջադրութիւնը:

Երրորդ դէպքը. Արամ Մանուկեանի յուշարձանի տեղադրումը ընթացքի մէջ գտնուող նախաձեռնութիւն է: Սակայն կարելի չէ մտահան ընել յուշարձանի կառուցման դէմ բարձրացուած այն վայնասունը, որուն հեղինակները` քաղաքական դիրքի վրայ թէ արուեստագէտի պիտակի տակ, նախկին կոմսոմոլականներ են, որոնց համար տակաւին անընդունելի կը մնան Դաշնակցութեան արժէքներն ու հերոսները:

Այսպէս, երեք դէպքեր, որոնք կրնային աւելի պայծառացնել մեր ազգային դիմագիծն ու ինքնութիւնը, ինչպէս եւ` աւելի խորացնել մեր ազգային գաղափարախօսութիւնը: Ցաւալի է, որ այդպէս չեղաւ:

Կայ աւելի ցաւալին: Հայ հանրութեան ցաւերն ու արժանապատուութիւնը շօշափող նման դէմքեր առանցքային արժէք ու իմաստ ունին ազգային առումով: Անոնք կը ձգտին վերականգնել մեր պատմութիւնը, կենսագործել մեր արժանապատուութիւնը եւ լուսաւորել մեր հաւաքական նպատակները:

Հետեւաբար նման դէպքեր քաղաքական սին հաշիւներով իշխանութիւն հարուածելու եւ երկիրը ապակայունացնելու նենգ նպատակներու պատանդ պէտք չէ դառնան:

Սակայն դարձան: Իւրաքանչիւր դէպքի հետ կարգ մը շրջանակներ առնչակից դարձուցին Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը: Անոնք փորձեցին պարտադրել իրենց սեփական օրակարգը, որպէսզի դէպքերու մէջ մխրճեն Դաշնակցութիւնը, ապա բացատրութիւն պահանջեն եւ ապա մեղադրեն, որ` «ահա՛, կը տեսնէք ձեր աչքերով, որ Դաշնակցութիւնը ոչինչ կ՛ընէ»: Ասիկա, ըստ երեւոյթին, իշխանափոխութեան պայքարի շարունակութիւնն է` հակադաշնակցականութեամբ:

Երեք դէպքերու պարագային ալ Դաշնակցութիւնը ըսած է իր ըսելիքը եւ ըրած է ու կը շարունակէ կատարել իր ընելիքը: Ոչ մէկը կրնայ յանդգնութիւնը ունենալ Դաշնակցութեան դաս տալու պոլշեւիկեան քանդումներուն եւ սպանդներուն մասին: Մանաւանդ հայ կեանքէ ներս ոչ ոք կրնայ Դաշնակցութեան շուքին իսկ հասնիլ, երբ հարցը կը վերաբերի պոլշեւիկի դէմ Դաշնակցութեան մղած եօթանասունամեայ պայքարին:

Սակայն պէտք է ճիշդ ըմբռնել իշխանափոխական այս շրջանակներու մարտավարութիւնը, որ յարձակման ու մեղադրման թիրախի վերածած է Դաշնակցութիւնը: Ասոնք «սորոսեան» թէ այլ շրջանակներէ հարկ եղած աջակցութիւնը ստացող շրջանակներն են:

Անշուշտ խորամանկ են «սորոսեան» ֆինանսաւորումը վայելող այս շրջանակները: Եւ ինչո՞ւ չըլլան: Ո՛չ միայն դրամ եւ գործ, այլեւ խորհուրդ կը ստանան «մասնագէտ» գործակալութիւններէ: Նպատակնին միշտ նոյնն է.- հայրենիքի ապակայունացումով իշխանափոխութիւն:

Սպառած ըլլալով իրենց ժանգոտած փամփուշտները, այս նոյն մարդիկը այժմ սկսած են «մտահոգուիլ» Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան «վարկով»: Սակայն իրենց մտահոգութիւնը կը յայտնեն հակադաշնակցականութեամբ:

Թիրախը Դաշնակցութիւնն է: Շատ հասկնալի է այս: Հայրենիքի ու հայրենի ժողովուրդի, Հայկական սփիւռքի ու բովանդակ հայութեան շահերը հաստատակամ ու հետեւողական կերպով պաշտպանելու Դաշնակցութեան վճռականութիւնը դիւր կու գայ ո՛չ Ռուսիոյ, ո՛չ Թուրքիոյ, ո՛չ Ազրպէճանի, եւ ոչ ալ Միացեալ Նահանգներու: Անշուշտ, ո՛չ ալ հայրենի սորոսականներուն:

Ճիշդ այս կէտին, այսինքն` հակադաշնակցականութեան, վրայ կը նոյնանան շահերը ռուսաստանամէտին, ազերիամէտ եւ թրքամէտին, Ամերիկամէտին, Հայաստանի բոլոր տեսակի պոլշեւիկներուն եւ սորոսեան գունաւոր իշխանափոխութեան հետամուտ հայրենի շրջանակներուն:

Մինչ այս տիպարները պիտի շարունակեն մնալ իրենց օտար տէրերու շահերուն ծառայող արեւելումներով, Դաշնակցութիւնը ամուր եւ կանգուն կը մնայ իր ազգային արեւելումով, որուն պաշտպանութեան եւ հոգատարութեան առանցքը միայն ու միայն Հայաստանն ու Արցախն է, բովանդակ հայ ժողովուրդն է իր հայրենական տարածքներով եւ Սփիւռքով:

Լոս Անճելըս,
Սեպտեմբեր 13, 2017

Viewing all 17465 articles
Browse latest View live


<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>