Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all 17452 articles
Browse latest View live

Սփիւռքւ Հայ Գրականութեան Բովանդակութեան, Հեռանկարի Եւ Արժէքի Գնահատման Փորձի Համար

$
0
0

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Հայկական սփիւռքներու գրականութիւնը բազմերես է` ըստ բովանդակութեան, հեռանկարի եւ արժէքի: Անցեալ դարու շարունակութիւն, երբ սերունդը բնական կերպով հայերէնի կը տիրապետէր, անոր հունին մէջ` հազուագիւտ նորեր, հայերէնի չտիրապետող ժամանակակիցներ:

Միշտ պէտք է կրկնել, որ ազգային գրականութեան անցագիրը ազգային լեզուն է: Իսկ այդ լեզուն, սփիւռքներու մէջ, տեւաբար կը նահանջէ ոչ միայն զանգուածի մակարդակին, այլ` հայերէն գիտցողներու եւ հայերէնով արտայայտուողներու. մամուլի աշխատաւորներ, գրողներ, հեռատեսիլի եւ ձայնասփիւռի խօսնակներ: Ի հարկէ կան յարգելի բացառութիւններ: Բայց որոշ պէտք է ըլլայ, որ մօտաւոր հայերէնով եւ աղճատ լեզուով գրականութիւն չի ստեղծուիր:

Լուրջ խնդիր է նաեւ այն, որ գրականութիւն ընելու փորձը, երբ կը բացակայի խորքը, կը դառնայ ճառախօսութիւն, կապկում, ուրիշներու փորձի նմանակում, յաճախ նոյնիսկ լեզուագարութիւն` գրական շնորհի բացակայութեան, բառակոյտ, բառերը չարչարելու, անոնցմով չարչարուելու տեսակ մը զուարճութիւն: Գրականութիւն ընելու ցանկութիւնը բաւարար չէ, անհրաժեշտ են խորք եւ տաղանդ:

Հայկական սփիւռքներու գրականութիւնը երբեմն յուշագրութիւն է, երբեմն` մեզ եւ սրահ յուզող, ծափ սպասող հայրենասիրական զեղում, կամ վասն ինքնատպութեան եւ նորարութեան` պոռթկումի արտայայտութիւն, պոռչտուքի պէս, աննպատակ հայհոյութիւն կամ կոպտութիւն` տարբեր ըլալու եւ ուշադրութիւն գրաւելու մարմաջով, որ կը վերածուի ինքնագոհութեան: Այլ խօսքով, համամարդկայինի նուաճումը տիրական գիծ չէ ընդհանրապէս: Աւելի ճիշդ պիտի ըլլար ըսել, որ մեր ապրած կացութիւնները յաճախ արգելք կ՛ըլլան համամարդկային մակարդակ բարձրանալու: Ի հարկէ կան բացառութիւններ:

Աւելի պարզ. հայ գրողի երկը երբ հանդիպի ֆրանսացի, արաբ, հնդիկ, ամերիկացի, ճափոնցի կամ չին ընթերցողին, ինչպէ՞ս կրնայ դիմաւորուիլ: Այս հարցումը պէտք է ուղղենք, երբ կը փորձենք արժեւորել մեր գրականութիւնը: Այսինքն մեր գնահատումը, իրապաշտութեամբ ընդունելով հանդերձ մեր ինքնուրոյն կացութիւնը, ցաւերը եւ երազները, պէտք է նկատի առնէ, թէ անոնք կը հասնի՞ն մարդոց, ո՛ւր ալ բնակին անոնք, ըլլան մեզի նման թէ մեզմէ տարբեր, այսինքն մասնակիէն անդին` մարդկայինի նուաճում կ՛ըլլա՞յ սփիւռքի հայ գրողին երկը: Այսօր գոհունակութիւն եւ ինքնագոհութիւն պատճառող երկերը պիտի ըլլա՞ն մնայուն արժէք, դար մը ետք պիտի կարդացուի՞ն որպէս գեղարուեստական երկ:

Պէտք է դադրիլ ապսպրուած, ընկեր-բարեկամի, կամ մեր դասական կողմնապաշտական գրախօսական շատախօսութիւնները համարել գրական եւ արուեստի իսկական արժէքի գնահատում: Նոյն ձեւով կը մեղանչեն հայրենի մտաւորականները, երբ սփիւռք կը հրաւիրուին, ըստ կացութեան եւ պահանջի քաջալերական կամ հաճոյախօսական գնահատումներ կ՛ընեն, անուններ կը յիշեն` մնալով բաժակաճառի մակարդակին:

Գրականութիւնը կեանքի արտայայտութիւն է, մտերմութեան հրաւէր է գրողի միտքին, ապրումներուն եւ տեսիլքին հետ, ոչ թէ հաղորդակցութիւն, այլ` հաղորդութիւն (ոչ communication, այլ communion): Գրական երկը տպուած թուղթ չէ: Տպուած թուղթի դիզուած ծաւալները գրականութիւն չեն անպայման: Միսաք Մեծարենցի բանաստեղծութիւններու տետրականման էջերը ծաւալ չեն, բայց ազնիւ գրականութիւն են: Ընթերցողը ինքզինք երբ կը դիտէ եւ կը տեսնէ երկին մէջ, ստեղծուած կ՛ըլլայ գրականութիւնը: Երբ Աբրահամ Ալիքեանի «Բարեյուսոյ հրուանդան»ը կը կարդաք, կը գտնէք ժողովուրդի մը հարազատօրէն ժառանգուած լեզուի բառագանձը, որ տեսիլքի ժառանգութիւն կը բերէ, որ կը միախառնուի ապրումներու եւ կը ստեղծէ ինքնատիպ համանուագ մը, եթէ ուզէք մասնակից ըլլալ բանաստեղծի խաղին: Եւ այդ խաղն է ազգի հարազատ գրականութիւնը, աւազի վրայ շինուած ամրոց չէ, որ առաջին ալիքին հետ կը հարթուի:

Սփիւռքներու գրականութիւնը եթէ գրական ճապկումներու անձնատուր յուշագրութիւններու կրկնութիւն չէ, կարգախօսներու շարան չէ, լայն առումով տեղացիական տեսարաններու պատում է ընդհանապէս, եսակեդրոն ըլլալէ չհեռացող, մանաւանդ երբ նոր սերունդները աւելի կը մերուին շրջապատին` սեփականի աստիճանական բացակայութիւնը փոխարինելով շրջապատէն փոխառութիւններով, զորս ոմանք հարստացում կը համարեն, կամ` ընթերցողի անտեղեակութիւնը զանոնք կը համարէ ինքնատպութիւն:

Այլ խօսքով, կապկել չի նշանակեր ինքնատիպ եւ հարազատ ստեղծագործութիւն: Երբ որպէս գրականութիւն հրամցուած էջը, արձակ կամ բանաստեղծութիւն, բանգիտական փոխադրումով կը նմանի այլ տեղ մտածուածի եւ գրուածի, նոյնիսկ երբ անմիջապէս կը տպաւորէ, վաւերականութիւն չ՛ունենար: Նման գրական թափահարումներ անտաղանդ հետեւորդներ ալ կ՛ունենան` փոխհիացումով փայլելու ցանկութեամբ:

Մեր հայրենակցական-հայրենասիրական, կողմնապաշտական եւ շահակցական թափառումները կը խոչընդոտեն եւ անկարելի կը դարձնեն ճշմարիտ գրական քննադատութիւնը: Գրականութեան եւ գրական քննադատութեան համար բեմեր պէտք են, եւ այդ բեմերը իրապէս ազատ եւ անկախ չեն, քննադատողներն ալ իրենք իրենց կը պարտադրեն ինքնագրաքննութիւն: Հետեւաբար գրականութեան հորիզոնը կը մնայ գորշութեան վիճակի մէջ: Սփիւռքի բանաստեղծ մը կամ գրող մը եթէ քաղաքական համարուած «էսթեպլիշմընթ»-ներէն մէկուն կամ միւսին մաս չի կազմեր, հոն նեցուկներ չունի, անոր շուրջ չի դառնար, կը մնայ սպասման սենեակի մէջ:

Գրակական անսեթեւեթ քննադատութեան բացակայութեան եւ «էսթեպլիշմընթ»-ի մարդորսական խափանարարութեան պատճառով, ստեղծագործական մթնոլորտ չի ստեղծուիր, եւ գրական հրապարակը չի պայծառանար: Պարզ է: Անկախ եւ արհեստավարժ հրատարակչութիւն չունինք, տպարաններ ունինք, լրատուամիջոցները հակակշռուած են եւ անոնց պատասխանատուներու վերաբերումը կողմնապաշտական է` հակառակ երբեմն երեւցող լայնամտութիւններու:

Հայաստան գրական քննադատութիւնը աւելի բաց բեմ ունի: Թերեւս սփիւռքներու գրականութեան արժեւորումը հոն պիտի կատարուի` սպասելով, որ սփիւռքները ազատագրուին «էսթեպլիշմընթ»-ային եւ կողմնապաշտական վարժութիւն դարձած գնահատումներէ, որոնք կը խոչընդոտեն ազգի ժառանգութիւն կերտելու ատակ գրականութեան զարգացումը:

Գրողին կողմնորոշումները եւ հաւատարմութիւնները դատումի լծակ պէտք չէ ըլլան երկի արժեւորման: Այս չի նշանակեր, որ գրողը յանձնառու կամ կողմնորոշուած պէտք չէ ըլլայ, բայց յանձնառութիւն, կողմնորոշում եւ այլ կապեր գրական երկի արժեւորման ազդակ եւ չափանիշ պէտք չէ ըլլան:

Այս թղթածրարը պէտք է բանալ անհաճոյ ըլլալու դերը ընդունելով, որպէսզի գրական հրապարակը պայծառանայ եւ արժէքներու երեւման ու անսեթեւեթ գնահատման առջեւ ճամբան հարթուի:

Տեսակաւոր շահախնդրութիւններով, ոչ անպայման նիւթական, «կուրու»-ներ ստեղծելու եւ անոնց շուքին անկարեւոր կարեւորութիւն ձեռք բերելու հիւանդութենէն պէտք է բուժուիլ:

Իրաւ գրականութիւն ունենալու, եւ ինչպէս յաճախ կը տեսնուի, միջազգային հրապարակ գալու ցանկութիւնը իրականացնելու համար մասնակի չափանիշները հարկ է գերանցել արուեստի ըմբռնումով յագեցած արժեւորումով եւ քննադատութեամբ:

20 մայիս 2016, Քուինզ, Նիւ Եորք

 


Փայիթահթ Ապտիւլ Համիտը Եւ Ժամանակակից Թուրքիոյ Քաղաքական Խմորումները

$
0
0

ՎԱՐԱԳ ԳԵԹՍԵՄԱՆԵԱՆ

Հակառակ անոր որ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան կազմակերպած Պանք Օթոմանի գրաւումը տեղի ունեցած է 26 օգոստոս 1896-ին, ֆիլմաշարին մէջ կարելի է նկատել ժամանակագրական խախտումը, երբ այս գործողութիւնը կը փոխադրուի աւելի ուշ թուականի մը: Թուականի եւ առաջին տեսարանի ընտրութիւնը կարեւոր են նաեւ այն առումով,  որ արդէն իսկ առաջին վայրկեաններէն յստակ փորձ մը կը կատարուի վերարտադրելու շատ յաճախ թուրք ազգայնական եւ առաքելական-աջակողմեան պատմագրութեան կողմէ շահարկուած «Օսմանեան եղբայրութեան» (Pax-Ottomanica) գաղափարը, ասինքն` այն մտապատկերը, թէ Օսմանեան կայսրութեան պատմութեան ընթացքին տարբեր միլլեթներ (էթնօ-կրօնական) ապրած են համերաշխ եւ ուրախ: Դժուար չէ տեսնել զուգահեռները ժամանակակից Թուրքիոյ հետ, երբ պետական տարբեր մակարդակներէ յաճախ կը հնչեն «եղբայրութեան» (hepimiz kardesiz) լոզունգներն

ու կարգախօսները, յատկապէս երբ երկիրը կը դիմակայէ արտաքին եւ ներքին վտանգներ: Հետեւաբար ֆիլմաշարին առաջին դրուագէն իսկ կարելի է հասկնալ բեմադրուած տեսարաններու եւ անոնց ստեղծած դիսկուրսի (discourse) հնչեղութիւնը ժամանակակից Թուրքիոյ հետ:

Ինչպէս է պարագան իւրաքանչիւր վարչակազմի, որ կու գայ փոխարինելու իր նախորդը` յաճախ հիմնովին վերատեսութեան ենթարկելով անոր գաղափարական սկզբունքները, նոյնն է երեւոյթը ժամանակակից Թուրքիոյ մէջ:  Էրտողանի եւ իր վարչախումբի իշխանափոխութիւնը` յաչս քեմալականութիւնը մարմնաւորող Հանրապետական կուսակցութեան, եկաւ նաեւ փոխարինելու ազգային հերոսի կերպարը, որ հանրապետութեան ստեղծումէն ի վեր բնականաբար պիտի ըլլար հիմնադիրը` Մուսթաֆա Քեմալը: Հակառակ որ այս վերջինը տակաւին կը շարունակէ տիրել հասարակական եւ պետական վայրերուն, ԱԲԿ-ն եւ անոր ղեկավարը հանդիսացող Էրտողան պէտք էր նաեւ ստեղծէին իրենց «ազգային հերոս»-ը, որուն գաղափարներուն եւ սկզբունքներուն շնորհիւ` պիտի օրինականացնէին իրենց իշխանութիւնը: Քեմալականութեան խիստ աշխարհիկութեան դիմաց ուրիշ ոչ ոք կրնար յարմարիլ ազգային հերոսի տիպարին, եթէ ոչ` սուլթան Համիտ Բ., որ կը նկատուի Օսմանեան կայսրութեան վերջին հզօր սուլթանը եւ իսլամական աշխարհի իսկական պաշտպանը: Ահա այս պարունակին մէջ է, որ պէտք է հասկնալ Համիտը վերարժեւորող եւ դրական լոյսի տակ ներկայացնող պատմագրութեան զարգացումը Թուրքիոյ մէջ:  Սոյն երեւոյթը նաեւ կ՛արտացոլայ «Փայիթահթ»-ի մէջ, ուր սուլթանը ներկայացուած է որպէս գթասիրտ, խորամանկ, հեռատես եւ վճռական:

Բնականաբար, «ազգային հերոս»-ի կողքին, պէտք էր ստեղծել կամ գտնել «թշնամիներ»` ըլլան անոնք ներքին կամ արտաքին, որոնց դէմ պայքարելով` «հերոս»-ը պիտի ստանար իր կոչումը: Ապտիւլ Համիտի կերպարը եւ ժամանակաշրջանը ամենայարմար պատմական պահն են, ուր այս «հերոսի պայքարը» կը ստանայ ժամանակակից հնչեղութեամբ քաղաքական բնոյթ. «Փայիթահթ»-ի ամբողջ տեւողութեան ընթացքին կը հանդիպինք հիմնական երկու կամ երեք «թշնամիներու»` տասնիններորդ դարու եւրոպական ուժերը (յատկապէս` Անգլիան), սիոնական հրեաները եւ ներքին ճակատի վրայ հայ յեղափոխականները:

Թրքական ազգայնական-առաքելական պատմագրութիւնը միշտ մեղադրած է Արեւմուտքը` իր վնասակար գաղափարներով քայքայելու համար օսմանեան եղբայրութիւնը եւ կործանումի ճամբան հարթելու համար: Արեւմուտքի պայքարը Օսմանեան կայսրութեան եւ յատկապէս Ապտիւլ Համիտի դէմ կը կազմէ «Փայիթահթ»-ի առանցքային թեմաներէն մէկը, որ նոյնպէս ունի իր ժամանակակից հնչեղութիւնը: 15 յուլիս 2016-ի յեղաշրջումի ձախող փորձէն ետք էրտողանեան վարչակազմի առաջին թիրախներէն էին Իսրայէլն ու արեւմտեան պետութիւնները, որոնք ամբաստանուեցան կիւլենական շարժումին աջակցելու յանցանքով: Յեղաշրջումի փորձէն ետք Էրտողան իր ելոյթներուն ընթացքին բազմիցս անդրադարձաւ Արեւմուտքի «դաւադրական» ծրագրերուն, որոնք կը միտին մասնատել Թուրքիան, ինչպէս փորձած են ընել տասնիններորդ դարուն, սուլթան Համիտի ժամանակ: Ահա այս հանգամանքն է, Արեւմուտքի քաղաքական շանթաժներու իբրեւ զոհ, որ «Փայիթահթ»-ի գեղարուեսական աշխարհին ընդմէջէն Էրտողանը կը նոյնացնէ սուլթան Համիտի հետ` Թուրքիոյ հասարակութեան եւ անոր քաղաքական ենթագիտակցութեան մէջ:

Կարելի չէ տարանջատել «Փայիթահթ»-ի առաջին դրուագի հրապարակումը 2016-ի աշնան եւ յուլիսեան յեղաշրջումի փորձն ու Թուրքիոյ մէջ անոր ստեղծած քաղաքական շրջադարձը: Այս առումով, յատկանշական է «Փայիթահթ»-ի առաջին երկու դրուագներուն մէջ բեմադրուած սուլթան Համիտի մահափորձը (որ պատմութեան նենգափոխութեան օրինակներէն մէկն է, տրուած ըլլալով որ Համիտի դէմ կատարուած է մէկ մահափորձ, այդ ալ` 1905 թուականին): Դէպքը տեղի կ՛ունենայ սուլթանական շքախումբի տողանցքի մը ժամանակ, երբ պալատական պահակագունդէն զինուորներ կրակ բանալով` կը փորձեն ահաբեկել Սուլթանը: Զինուորներու կողքին կայ նաեւ անոնց ղեկավար հրեայ գործակալ մը որ կը յաջողի Սուլթանին կառքը առեւանգել: Գործողութինը կը ձախողի, եւ սուլթանը հազիւ կը փրկուի մահէ, երբ վերջին վայրկեանին հասարակ սայլապան մը կը յաջողի վիրաւորել հրեայ գործակալը, նախքան որ ան սպաննէ Համիտը: Ուշադրութեամբ հետեւելէ ետք տեսարանը շատերուս համար կրնայ հարազատ թուիլ, մանաւանդ երբ կը մտաբերենք յուլիսեան դէպքերու զարգացման ընթացքը. նոյն այդ գիշերը նախագահ Էրտողան հազիւ փրկուեցաւ մահէ, երբ իր համակիր զանգուածը փողոց իջնելով` կասեցուց հրասայլերու եւ զինուորներու յառաջխաղացքը: Վերարտադրելով այս դէպքը եւ տեղադրելով օսմանեան եւ յատկապէս համիտեան ժամանակաշրջանին պարունակին մէջ` սոյն տեսարանը կը միտի կրկին ընդգծել ժողովուրդի բախտորոշ դերը, որուն Էրտողան կը պարտի իր իշխանութիւնն ու հաւանաբար կեանքը:

Վերլուծելով այս տեսարանը յուլիս 15-ի դէպքերու լոյսին տակ` դժուար չէ նկատել զուգահեռները. սուլթանական պահակագունդը Համիտը սպաննել փորձելով` կը նոյնանայ կիւլենական շարժման հետեւորդ սպայակազմին հետ, որուն անդամները բանակին մէջ ներթափանցելով` փորձեցին տապալել էրտողանեան վարչակարգը, իսկ հրեայ գործակալը այլ երեւոյթ մը չէ, եթէ ոչ` Թուրքիոյ մէջ արդէն համատարած հակասեմականութեան մէկ երեսը, որուն հետեւանքներուն ականատես եղանք դեր վերջերս` Պոլսոյ Նեւէ Շալոմ սինակոկի դէմ յարձակման ընթացքին (յուլիս 21-22): Այն պահուն, երբ Իսրայէլի եւ Թուրքիոյ դիւանագիտական յարաբերութիւնները կը մնան լարուած, եւ Կիւլենը կ՛ամբաստանուի որպէս հրեայ գործակալ, հակասեմականութիւնը կը դառնայ Էրտողանի համակիր զանգուածը համախմբող քաղաքական հիմնական լծակներէն մէկը: Նոյն այս տրամաբանութեամբ է, որ պէտք է հասկնալ Ապտիւլ Համիտի վերագրուած այն խօսքերը, թէ ինք քաջ կը գիտակցէր սիոնականներու` Օսմանեան կայսրութիւնը մասնատելու փորձերը (նկար 2): Հետեւաբար Էրտողանի «պայքարը»  հրեաներու եւ իսրայէլեան «դաւադրական» ծրագիրներու դէմ` ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ Համիտի առաքելութեան շարունակութիւնը` ԱԲԿ-ի իշխանութեան օրօք:

Սպառումը` Ներքին Ճակատի Վրայ        

Վերջին բաժնով պէտք է նաեւ անդրադառնալ այն բոլոր թեմաներուն եւ գաղափարներուն, որոնք կ՛արտացոլան «Փայիթահթ»-ի ընդմէջէն եւ կը գտնեն իրենց թրքական ներքին սպառման ճակատը: Ասոնցմէ ամէնէն հիմնականը իսլամութեան համախմբող ուժն է, որ Ապտիւլ Համիտի բերնէն ելլելով` կարծէք ուղղուած է Թուրքիոյ այսօրուան հասարակութեան: Պէտք չէ մտահան ընել այն հանգամանքը, որ «Փայիթահթ»-ը հրապարակուեցաւ նաեւ այնպիսի ժամանակաշրջանի մը մէջ, երբ էրտողանեան վարչակարգը ճիգ չէր խնայեր ժողովուրդը պատրաստելու 2017-ի ապրիլին տեղի ունեցած հանրաքուէին, որուն շնորհիւ ամրագրուեցաւ Թուրքիոյ նախագահական համակարգի անցումը: Շահարկելով որոշ երկճեղութիւններ, ինչպիսին է Արեւմուտք ընդդէմ «Իսլամի, «Փայիթահթ»-ի ստեղծած դիսկուրսը ուղղակիօրէն կ՛առնչուէր էրտողանեան վարչակարգի օրակարգային հարցերուն հետ: Սուլթան Համիտի օրով էր, որ Մապէյնի Հիւմայունը (սուլթանական պալատը)` որպէս միանձեայ եւ կեդրոնացեալ համակարգային հաստատութիւն, գերակշիռ դարձաւ կայսրութեան որոշումներու կայացման գործընթացներուն մէջ, շատ յաճախ քաղաքական դաշտէն դուրս հրելով Պապը Ալին, որ ինքնին օսմանեան կառավարութիւնն էր: «Փայիթահթ»-ի միջոցով համեմատութիւնը կը տեղափոխուի քսանմէկերորդ դարի Թուրքիա ուր Մապէյնի Հիւմայիւնը կը նոյնանայ նախագահական պալատի` յանձնիս Էրտողանի հետ: Տրամաբանութիւնը, ներկայ հնչեղութեամբ, այն է,  որ միայն կեդրոնացեալ համակարգով է, որ երկիրը (Թուրքիան) կրնայ դիմագրաւել ներքին եւ արտաքին մարտահրաւէրները, ինչպէս Ապտիւլ Համիտ կարողացաւ ընել: Հետեւաբար ԱԲԿ-ի կողմէ «ստեղծուած» հզօր Ապտիւլ Համիտի մը տիպարը կ՛օգտագործուի նոյնինքն ԱԲԿ-ի կողմէ լուծելու համար ներքին եւ այժմէական քաղաքական խնդիրներ:

vketsemanian@gmail.com

(Շար. 2 եւ վերջ)

Սրբապղծուած Է Միջին Արեւելքի Հայկական Մեծագոյն Եկեղեցին

$
0
0

«ԱԿՕՍ»

«Արմինիըն Ուիքլի» թերթը հրապարակած է Տիգրանակերտի Սուրբ Կիրակոս եկեղեցւոյ ներկայ իրավիճակը պարզող լուսանկարներ` նշելով, որ այս լուսանկարները գաղտնաբար առնուած են անցեալ յուլիսին:

Երկար տարիներ աւերակ մնալէ ետք, Սուրբ Կիրակոս եկեղեցին Թաղական խորհուրդին, նախկին տիգրանակերտցիներու եւ քաղաքապետարանին ջանքերով վերանորոգուած էր եւ 2011-ի Հոկտեմբերին վերաբացուած էր` մեծ ոգեւորութիւն պատճառելով համայն հայութեան եւ տեղւոյն բնակիչներուն: Եկեղեցւոյ վերաբացումով պատահած էր շահեկան անակնկալ մը. բազմաթիւ ծպտեալ հայեր սկսած էին հրապարակ իջնել եւ համախմբուիլ եկեղեցւոյ կամարներուն ներքեւ: Հայ հոգեւոր գրականութեան մէջ յաճախ կը շեշտուի «եկեղեցին ժողովո՛ւրդ է» հաստատումը: Այս շրջագիծին մէջ Սուրբ Կիրակոսի այդ նոր օծումը եւ վերաբացումը հրաշքի համազօր ապացոյց մը եղաւ սոյն հաստատման համար:

Ափսո՜ս, սակայն, որ վերջին տարիներուն Թուրքիոյ որդեգրած ռազմատենչ քաղաքականութեան պատճառով եկեղեցւոյ տարածքը անհասանելի եղաւ բոլորին համար:

Նախապէս, թրքական մամուլին մէջ յայտնուած էին կարգ մը լուսանկարներ, ուր կը տեսնուէին յատուկ ծառայութեան ոստիկաններ` եկեղեցւոյ մէջ: «Արմինիըն Ուիքլի»-ի հրապարակած լուսանկարներով եւս յայտնի կը դառնայ, որ պատահած վնասը շատ մեծ չէ` բաղդատմամբ նոյն տարածքին մէջ գտնուող այլ սրբավայրերու:

Ուրեմն կարելի է մխիթարուիլ այն բանով, որ Սուրբ Կիրակոս եկեղեցին առայժմ նուազագոյն վնասով դուրս եկած է այս բարբարոսական կործանումէն: Իսկ եկեղեցւոյ հօտը յոյսով կը սպասէ ներկայ պայմաններու բարելաւման եւ եկեղեցւոյ վերստին պաշտամունքի համար բացուելուն:

 

 

Շարլ Ազնաւուրը Հայաստանի Առաջին Քաղաքացին Է, Ում Անուանական Աստղը Տեղադրուեց Հոլիվուտի Հաամբաւի Ճեմուղիի Վրայ

$
0
0

ՆԱՆԷ ԱՒԱԳԵԱՆ

Աշխարհահռչակ երգիչ, երգահան Շարլ Ազնաւուրի անուանական աստղը բացուեց Հոլիվուտի Համբաւի Ճեմուղում, օգոստոսի 24-ին: Քաղաքի մշակութային յայտնի կեդրոններից մէկի` «Փենթէյճըս» (Pantages) թատերասրահի դիմաց տեղադրուած 2618-րդ պատուոյ աստղը Ազնաւուրին շնորհուեց «Կենդանի կատարում» անուանակարգում: Յատկանշական է, որ սա Հայաստանի քաղաքացուն տրուած առաջին աստղն է Հոլիվուտի հանրայայտ պուրակում:

«Ես ե՛ւ ֆրանսացի եմ, ե՛ւ հայ», աստղի բացման հանդիսաւոր արարողութեան ժամանակ իր խօսքում նշեց Ազնաւուր` ընդգծելով, որ իր ընտանեկան լեզուն հայերէնն է:

Ֆրանսահայ արուեստագէտին նուիրուած արարողութիւնը, ինչպէս իր երգերը, այս անգամ Հոլիվուտի կենտրոնում էր միաւորել տարբեր ազգերի հարիւրաւոր ներկայացուցիչների` միասին նշելու սիրելի երգչին նուիրուած ձեռնարկը: Ներկաների թւում էին նաեւ Քալիֆորնիայի եւ Լոս Անճելըսի պաշտօնեաներ, արուեստագէտներ:

«Ազնաւուրը միլիոնաւոր երկրպագուներ ունի ամբողջ աշխարհում:  Նրա աստղը Հոլիվուտում փայլելու է, ինչպէս մեծ երգիչն է փայլել ամէնուր իր բազում ելոյթների ժամանակ: Հայաստանի մայրաքաղաքում կայ Ազնաւուրի անուան հրապարակ, նրա արձանը տեղադրուած է Գիւմրիում, եւ այսօր, աշխարհի ամենահզօր նահանգներից մէկում, ժամանցի հռչակաւոր մայրաքաղաքի կեդրոնում է տեղադրւում մեծ երաժիշտի, մարդասէրի ու բարերարի աստղը, ով մշտապէս հաւատարիմ է մնացել իր հայկական արմատներին», իր խօսքում նշեց Քալիֆորնիայի ծերակոյտի նախագահ, 24-րդ ընտրատարածքից խորհրդարանի անդամ Քեւըն տէ Լէոնը:

Հոլիվուտի Համբաւի Ճեմուղում Շարլ Ազնաւուրի աստղը տեղադրելու նախաձեռնութիւնը պատկանում է հէնց Քեւըն տէ Լէոնին ու նրա շրջանային գրասենեակին, որի կառավարիչը  Պայծառ Թովմասեանն է: «Ամէն ինչ սկսուեց անցեալ տարի, երբ Քեւըն տէ Լէոնը Շարլ Ազնաւուրին յանձնեց աստղի ցուցանակ: Մենք, այնուհետեւ, որոշեցինք դիմել տարուայ մեծարեալներին որոշող Հոլիվուտի Առեւտրային պալատին եւ Համբաւի Ճեմուղի  յանձնախմբին` Ազնաւուրի իրական աստղը տեղադրելու հարցով: Կազմակերպեցինք ստորագրահաւաք, ներկայացրեցինք բազմաթիւ փաստաթղթեր ու տուեալներ, եւ արդիւնքում խորհուրդը քուէարկեց Շարլ Ազնաւուրի աստղը մեր ընտրած վայրում` Փոքրիկ Հայաստանին մօտ տարածքում տեղադրելու օգտին», պատմում է Թովմասեանը` նշելով, որ Քեւըն Տէ Լէոնը մշտապէս պատրաստակամ է տարբեր հարցերում հայ համայնքին աջակցելու:

Աստղի բացման արարողութեանը յաջորդած ճաշի ժամանակ, որին ներկայ էր Շարլ Ազնաւուրն իր ամբողջ ընտանիքով, եւ` համայնքի ներկայացուցիչներ, ներկայացուեց «Ազնաւուր» հիմնադրամը, որի համահիմնադիրն է արուեստագէտի որդին` Նիքոլա Ազնաւուրը:

Հիմնադրամի հիմնական առաքելութիւնը` Հայաստանում կրթական, ընկերային եւ մշակութային նախագծերի իրականացումն է լինելու: «Հիմնադրամի նպատակն է Շարլ Ազնաւուրի երեւանեան կեցավայրում թանգարանի ստեղծումը, ինչպէս նաեւ այս վայրը կը դառնայ մշակութային ու կրթական միջոցառումների անցկացման կեդրոն ու Երեւանի տեսարժան վայրերից», ներկայացրեց հիմնադրամի գլխաւոր տնօրէն Քրիստինա Սարգիսեանը:

«Ազնաւուր» հիմնադրամի կեդրոնում կը կազմակերպուեն համերգներ, վարպետութեան դասեր, ժապաւէնների ցուցադրութիւններ, ֆրանսերէնի դասընթացներ, կ՛իրականացուեն ընկերային այլ ծրագրեր, գործելու են ձայնագրման սթիւտիաներ: Թանգարանում կը պահպանուեն եւ կը ցուցագրուեն արուեստի գործեր` չսահմանափակուելով միայն Շարլ Ազնաւուրի կեանքն արտացոլող տեսալսողական նիւթերի ցուցադրութիւններով: Շարլ Ազնաւուրն ու նրա ընտանիքը որոշել են թանգարանին նուիրաբերել երգչի բոլոր պարգեւները, անձնական իրերը եւ այն ամէնն, ինչ կազմում է նրա ժառանգութիւնը: Հիմնադրամի ծրագրերի մշակումը եւ իրագործումը կը ղեկավարի անձամբ Նիքոլա Ազնաւուրը:

Անդրադառնալով հիմնադրամի ստեղծմանը` Շարլ Ազնաւուրը նշել է, որ այն  շարունակելու է 1988-ի աւերիչ երկրաշարժից ի վեր իր կողմից իրականացուող բարեգործական գործունէութիւնը, եւ նպատակն է լինելու աջակցել Հայաստանի բնակչութեան առաւել խոցելի խաւերին: Թանգարանն էլ նախատեսւում է, որ կը դառնայ երիտասարդների համար մշակութային իւրատեսակ կեդրոն: «Այս նախաձեռնութիւնը Հայաստանի ապագայի հանդէպ իմ նուիրուածութեան վկայութիւնն է, ինչը, յուսով եմ, կը խրախուսի Սփիւռքի ներգրաւուածութիւնը եւ կը հետաքրքրի այցելուների աշխարհի բոլոր կողմերից»:

«Ազնաւուր» հիմնադրամը կոչ է անում անհատներին եւ կազմակերպութիւններին` միանալու Երեւանում Շարլ Ազնաւուրի տուն-թանգարանի ստեղծման նախագծին` հիմնադրամին նուիրատուութիւն կատարելով ու տարածելով սիրոյ ու միասնութեան ուղերձը:

Տեղեկանք.- Երեւանում Շարլ Ազնաւուրի կեցավայրը, որ գտնւում է Քասքատի հարեւանութեամբ, բացուել է 2011 թ.ին: Այն ներառում է թանգարանի համար յատկացուած տարածք, բացօթեայ համերգասրահ` նախատեսուած հանդիսատեսի համար, ինչպէս նաեւ` Շարլ Ազնաւուրի կեցավայրը: 2017 թ.ին ՀՀ կառավարութիւնը որոշում է ընդունել շէնքը նուիրաբերել «Ազնաւուր» հիմնադրամին:

 

 

Ստացուած Գրքեր, «Հեռացող Եզերք» Վէպ (Հեղինակ` Լեւոն Ադեան). Տէր Կանգնենք Նաեւ Մեր Այս Համազգային Ցաւին

$
0
0

ՄԻՔԱՅԷԼ ՀԱՋԵԱՆ

Արցախի Հանրապետութեան կառավարութեան պետպատուէրի կարգով Ստեփանակերտում լոյս է տեսել անուանի արձակագիր, ԽՍՀՄ, Հայաստանի, Արցախի եւ Ռուսաստանի գրողների միութիւնների անդամ Լեւոն Ադեանի «Հեռացող եզերք» վէպը` տողերիս հեղինակի խմբագրութեամբ (Արցախի Գրողների միութեան «Վաչագան Բարեպաշտ» հրատարակչութիւն, «Դիզակ պլիւս» տպարան, 19 մամուլ, տպաքանակ` 500 օրինակ, որից 250-ը` համացանցի հայ օգտատէրերի հանգանակութեան շնորհիւ, որ նախաձեռնել էր Արցախի Շուշիի շրջանի Քարինտակ հերոսական գիւղից սերուած, ներկայումս մոսկուաբնակ հայուհի Գոհար Յովհաննիսեանը):

Գրուած լինելով 1990թ.` Պաքուի յունուարեան ջարդերից անմիջապէս յետոյ, վէպն առաջին անգամ հրատարակուել է այդ արիւնալի իրադարձութիւններից միայն տասնամեակներ անց` 2012թ.: Այն հետագայում` 2015-ին,  վերահրատարակուել է նաեւ Երեւանում` գործարար, բարերար Եուրի Ադեանի հովանաւորութեամբ: Վէպը, դարձեալ համացանցի օգտատէրերի հանգանակած միջոցների հաշուին, առաջին անգամ ռուսերէն թարգմանութեամբ լոյս է տեսել 2014թ., Ստեփանակերտում: Նոյն կարգով վէպի ռուսերէն տարբերակը, ինչպէս նաեւ «Այն հեռաւոր ամրանը» վիպակների եւ պատմուածքների ժողովածուն (թարգմանիչ` Նելլի Աւակովա-Գրիգորեան) վերջերս հրատարակուել են Ռուսաստանի հիւսիսային մայրաքաղաք Ս. Փեթերսպուրկում: Վերստին համացանցային հանգանակութեան շնորհիւ` Ստեփանակերտում վերջին տարիներս լոյս են տեսել Լեւոն Ադեանի նաեւ «Իրիկնային աղջամուղջ» վիպակների եւ պատմուածքների, «Անձրեւից յետոյ» պատմուածքների եւ մանրաքանդակների ժողովածուները (տողերիս հեղինակի խմբագրութեամբ):

Ադեան արձակագիրը  վաղուց ի վեր սիրուած եւ մշտապէս սպասուող հեղինակ է Արցախում, եւ` ոչ միայն Արցախում:  Նրա ստեղծագործութիւններով` մանրաքանդակներ, պատմուածքներ, վիպակներ, թարգմանութիւններ, որոնք ամփոփուած են աւելի քան երեսուն գրքերում, սկսած` անցեալ դարի վաթսունականների սկզբից,  սերունդներ են աճել ու դաստիարակուել: «Կեանքի ճանապարհին», «Հեռու լեռներում», «Այն հեռաւոր ամրանը», «Իմ երկրի մարդիկ», «Կորսուած բարդիներ», «Տունը գիւղի ծայրին», «Ձորում աղմկում է գետը», «Աշնանային ցրտեր», «Մոռացուած երգ»,  «Դարձ ի շրջանս իւր», Ադեանի շատ այլ ստեղծագործութիւններ, լինելով հայ ժամանակակից արձակի ձեռքբերումներ, այսօր էլ իրաւամբ սեղանի գրքեր են:

Ծնունդով արցախցի գրողը, որի մանկութիւնն ու վաղ պատանեկութիւնն անցել են Մարտակերտի շրջանի Չլդրան գիւղում, հանգամանքների բերումով հետագայ տասնամեակներում բնակուելով  Սումկայիթում, Պաքւում, իսկ 80-ական թուականների վերջերի յայտնի իրադարձութիւններից յետոյ` Լենինկրատում,  Փեաթիկորսքում, Սոչիում,  ներկայումս` Ս. Փեթերսպուրկում, մշտապէս եւ ամէնուրեք հոգու ու սրտի բազում թելերով կապուած է եղել  եւ է հայրենի եզերքին: Եւ ուր էլ որ նրան տարել են բախտի խառնուղիները եւ ինչ խաչմերուկներում էլ առժամանակ հանգրուանել է նա` Ադեանի  հոգու ու մտքի մշտարթուն, տրոփուն ուղեկիցներն էին եւ են մանկութեան բնաշխարհի անզուգական գեղեցկութիւնն ու նրա մարդիկ` իրենց  մեծ ու փոքր ուրախութիւններով, բազում հոգս ու ցաւերով, տառապանքներով, տուայտանքներով, նուիրական իղձ ու երազանքներով, անմոռաց յիշատակներով: Ու ոչ այլ կերպ, քան հէնց հայրենի Խաչէն ու Թարթառ  սրընթաց գետերի պէս յորդաբուխ ու վարար` Ադեանի շնորհալի, բեղմնաւոր գրիչը նրբահիւս վերակերտել է մայր հայրենիքից ոչ սեփական կամքով զատուած, երամից դուրս մնացած կարապի պէս անհեռանկար թեւածող Արցախ լեռնաշխարհի իրական ու գեղարուեստական պատկերը` բազմաբարդ կեանքի բոլոր տեսանելի եւ անտեսանելի կոլիզիաներով հանդերձ:

Իմ համոզմամբ, «Հեռացող եզերք» վէպն իրենից ներկայացնում է գեղարուեստական պատկերաւորման ուրոյն ձեւերի ու  միջոցների, ուշագրաւ տրամաբանական ընդհանրացումների, բառապաշարի հարստութեան ու գունագեղութեան, այլ ակնյայտ արժանիքների մի իւրօրինակ գանձանակ, որի մէջ  ամփոփուած, ի մի բերուած լինելով` նոյն այդ յուսալի հենքի վրայ գրողական վարպետութեան մի նոր աստիճանի են հասցուած Ադեան արձակագրի անցած շրջանի ստեղծագործական բոլոր մեծ ու փոքր յայտնութիւնները:

Վէպն արտացոլում է հայ ժողովրդի մի ամբողջ հատուածի` պատմական Արցախի եւ Արեւելեան Անդրկովկասի (ներկայիս Ազրպէյճան յորջորջուածի) բնիկ հայութեան դառը ճակատագիրը` 20-րդ հարիւրամեակի գրեթէ ողջ ընթացքում` տարածաշրջանում տեղի ունեցած  ողբերգական ու հերոսական իրադարձութիւնների հակադրամիասնութեան մէջ:

Խորանալով պատմական իրողութիւնների էութեան մէջ` Լեւոն Ադեանը փաստական հարուստ հենքի վրայ եւ  գեղարուեստական խօսքի ներկապնակի բոլոր գոյներով, սակայն առանց աւելորդ գունազարդման ու խտացման,  «Հեռացող եզերք»-ում երեւակում է նախախորհրդային եւ խորհրդային  ժամանակաշրջանում տարածաշրջանում գերիշխող հասարակական-քաղաքական, ազգամիջեան յարաբերութիւնների իրական, ճշմարտացի պատկերը: Վէպի հերոսները, որոնք ներկայացնում են Խորհրդային Ազրպէյճանի բնակչութեան տարբեր ազգային հանրութիւններն ու ընկերային շերտերը, հիմնականում հանդէս են գալիս իրական անուն-ազգանուններով, ինչն աւելի հաւատ է ներշնչում պատումի հաւաստիութեան նկատմամբ: Նրանցից իւրաքանչիւրը ներկայանում է իր կեցութեան որոշակի միջավայրի, ազգային պատկանելութեան, գործունէութեան ասպարէզի, տուեալ ազգային հանրութեան մտաւոր զարգացածութեան մակարդակի, աշխարհընկալման, անձնական ապրումների  եւ այդ ամէնից բխող իւրայատուկ մտածելակերպի ու բառապաշարի տիպական, կոլորիտային դրսեւորումներով:

«Հեռացող եզերք»-ի հիմնական դիպաշարի առանցքը` ֆապուլան, երիտասարդ հայ լրագրող Լէոյի եւ ազրպէյճանցի ուսանողուհի Ռենայի սիրոյ պատմութիւնն է Պաքւում, որ, չնայած իր լուսաշաղախ դրսեւորումներին, ի սկզբանէ հիմքում տրամաթիք էր եւ, բնականաբար, ողբերգական աւարտ պէտք էր ունենար` 80-ական թուականների վերջերին Ազրպէյճանում նորովի թափ առած հայատեաց քաղաքականութեան  մթնոլորտում: Հայ ազգաբնակչութեան` այդ տարիներին սկիզբ առած զանգուածային ջարդերի ու բռնատեղահանումների ընթացքում, որոնց վերջին ակորդը Պաքուի հայերի 1990թ. յունուարեան կոտորածն էր, գլխաւոր հերոսը, ծեծուջարդից մազապուրծ, պատահաբար  փրկւում է գեհենից, իսկ նրա ազրպէյճանուհի սիրեցեալը, ի նշան ներքին ընդվզման ու բողոքի` տեղի ունեցող արիւնահեղութեան, ջարդ ու կոտորածի դէմ, գազազած ամբոխից գիտակցաբար թաքցնում է իր իրական ազգութիւնը եւ, ազգակիցների կողմից ընդունուելով որպէս հայուհի` չարչար կիսում է հարիւրաւոր ու հազարաւոր  հայերի զարհուրելի  ճակատագիրը: Վէպում նկարագրուող դարասկզբի եւ, մանաւանդ, դարավերջի  իրադարձութիւնները, որոնք ծաւալւում են դիպաշարային առանցքի շուրջ, իրենց ընդհանրութեան մէջ նախապատրաստում ու կազմում են այն ատաղձը, որի վրայ հիւսուած սիրահար զոյգի երջանկութեան պատրանքները դատապարտուած էին կործանման:

«Հեռացող եզերք»-ում, արիւնալի իրադարձութիւնների ականատեսների եւ տուժածների իրապատում վկայութիւնների հիմքով, կարելի է ասել` ստոյգ վաւերագրական մանրամասնութեամբ, դրուագ առ դրուագ  նկարագրւում են Սումկայիթի 1988թ. փետրուարեան եւ Պաքուի 1990թ. յունուարեան հայկական ջարդերը, որոնք  հանդիսացան Ազրպէյճանում հայ ժողովրդի նկատմամբ  պետականօրէն իրագործուած ցեղասպանութեան ակնյայտ արտայայտութիւնը, եւ որոնք առ այսօր չեն ստացել իրենց իրաւական ու քաղաքական գնահատականը միջազգային հանրութեան կողմից: Աւելի՛ն. աշխարհը, որի աչքի առաջ 20-րդ դարավերջին արդէն մէկ այլ աշխարհագրական հարթութեան վրայ,  թէկուզ եւ փոքր ծաւալներով, կրկնուեց Օսմանեան Թուրքիայում 1915-1923 թթ. իրագործուած հայոց Մեծ եղեռնը, այսօր արդէն մոռացութեան է մատնել Ազրպէյճանական ԽՍՀ տարածքի  խաղաղ հայ բնակչութեան` ծերունիների, կանանց ու երեխաների զանգուածային սպանութեան, կտտանքի, բռնաբարութեան, ողջակիզման, անգամ` բացայայտ մարդակերութեան, միով բանիւ` գազանային վայրագութեամբ իրագործուած սպանդի ու բռնատեղահանման իրողութիւնը:

Ցաւօք, առ այսօր հայութիւնը լիարժէք տէր չի կանգնել իր նաեւ այս ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ ՑԱՒԻՆ: Հայկական մամուլն այդ եղերական իրադարձութիւններին անդրադառնում է առիթից առիթ` ընդամէնը տարեդարձային պարբերականութեամբ:

Այս առումով` եւս մէկ դիտարկում վէպի առնչութեամբ: «Հեռացող եզերք»-ի որոշ ազրպէյճանցի հերոսներ` ստեղծագործական մտաւորականութեան ներկայացուցիչներ, ովքեր վէպում ներկայացուած են իրական անուն-ազգանուներով, Ազրպէյճանում ծաւալուած ջարդերը, թէկուզ եւ` զուտ անձնական զրոյցներում,  գնահատում են ոչ այլ կերպ, քան հանրապետութեան հայ ազգաբնակչութեան հանդէպ իրագործուող ցեղասպանութիւն, այն, ինչ վերջերս լոյս տեսած «Քարէ երազներ» է վէպում հրապարակաւ յայտարարեց նրանց գրչընկեր Աքրամ Այլիսլին` ենթարկուելով պետականօրէն կազմակերպուած ամենայն հալածանքի ու հանրային պախարակման:

Ընդհանրացնենք: Նախ` Լեւոն Ադեանի «Հեռացող եզերք» վէպն իրադարձութիւնների ծաւալային ու  խորքային ընդգրկմամբ հայ իրականութեան մէջ միակ լիարժէք արձակ ստեղծագործութիւնն է այս առումով: Ու թող չափազանցութիւն չթուայ, եթէ ասեմ, որ իր թեմայով, պատմական իրողութիւնների եւ իրադարձութիւնների արտացոլման խորութեամբ, ճշմարտացիութեամբ ու հաւաստիութեամբ, պատմա-քաղաքական եւ իրաւաքաղաքական ընդհանրացումներով, գեղարուեստական արժանիքներով ու  նշանակութեամբ այն կարելի է դասել Լեւոն-Զաւէն Սուրմելեանի «Ձեզ եմ դիմում, տիկնա՛յք եւ պարոնա՛յք», Ֆրանց Վերֆելի «Մուսա լերան քառասուն օրը», Մուշեղ Գալշոյեանի «Ձորի Միրոն», Հրաչեայ Քոչարի «Կարօտ» եւ այդ թեմաթիք ընդգրկման այլ նշանակալի ստեղծագործութիւնների շարքին:

Եւ ապա`  «Հեռացող եզերք»-ի   հրատարակութիւնը խիստ անհրաժեշտութիւն է ոչ միայն հեղինակի հայրենակիցների` հայ ընթերցողների համար, այլ նաեւ` թարգմանաբար, աշխարհի հանրութեան համար: Կարծում ենք` արժէ խորհել հարցի լուծման շուրջ, նկատի առնելով, որ  այդ հեռանկարը խստիւ հետաքրքրում է շատ-շատերին, նրանց, ովքեր հասցրել են հաղորդակից լինել Լեւոն Ադեանի վէպին: Ուստի, նկատի առնելով անցած դարում եւ առանձնապէս դարավերջին Ազրպէյճանում իրագործուած հայկական ջարդերը  «Հեռացող եզերք»-ի միջոցով աշխարհի ուշադրութեանը ներկայացնելու անհրաժեշտութիւնը, հեղինակի գրչակից ընկերները եւ մտերիմները ներկայումս կազմակերպական ջանքեր են գործադրում «Հեռացող եզերք» վէպը այլ լեզուներով եւս, այդ թւում` նաեւ անգլերէն եւ արաբերէն թարգմանութեամբ տպագրելու ուղղութեամբ: Խնդրի իրագործումը, ցաւօք, առայժմ առկախ է` պայմանաւորուած հիմնականում նիւթական բնոյթի, յուսանք, ժամանակաւոր դժուարութիւններով:

Արցախ

Յատուկ «Ազդակ»-ի համար

Մհեր Ջուլհաճեանի Նահատակութեան »24-ամեակին Նուիրուած Ձեռնարկին Անի Բագրատունիի Արտասանած Խօսքը

$
0
0

Երբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Րաֆֆի» մասնաճիւղի ատենապետը ինծի առաջարկեց Մհեր Ջուլհաճեանի նահատակութեան 24-րդ ամեակի բանախօսութիւնը ստանձնել, առաջին մտածումս եղաւ այն, որ 24 տարի շարունակ ձեռնարկներ կազմակերպուած են նոյն նպատակին համար, բազմաթիւ յօդուածներ գրուած են Մհերին մասին, ԶՈՄ-ը գիրք հրատարակած է անոր մասին… Հաւանաբար ամէն բան ըսուած է, ի՞նչ կարելի է խօսիլ, ի՞նչ կարելի է ըսել, որ ցարդ չէ ըսուած…

Բայց երբ առաջարկը կու գայ ԼԵՄ-էն, որուն երիցագոյն անդամը 23 տարեկան է, երբ իմ երիտասարդ ընկերներս` դաշնակցական երիտասարդ ընկերներս այսպիսի ձեռնարկ կը կազմակերպեն, ինծի կը մնայ ենթարկուիլ անոնց կամքին, որովհետեւ անոնք մեր ապագան են, որովհետեւ անոնք կը գիտակցին Մհերին ու մեր բոլոր նահատակներուն կատարած սուրբ գործին, որովհետեւ անոնք կ՛ուզեն հաղորդուիլ անոնց հետ, հասարակաց կէտեր գտնել, նմանութիւններ, նոյնիսկ` փորձել նոյնանալ անոնց հետ…

Մհերը… թերեւս` ԼԵՄ-ականի մը հօրը կամ մօրը ընկերը, կամ անոնց դրացին, ծանօթի մը ազգականը, թերեւս` դասընկերը, բայց պատանի Մհերը, ԼԵՄ-ական Մհերը, ԶՈՄ-ական Մհերը իրենց ընկերն է, իրենց պէս այս թաղերէն անցած է, խաղացած է: Ա՛յս ակումբին մէջ դաստիարակուած է, անոր աստիճաններէն ելած-իջած է, անոր սենեակներուն մէջ ժողով ըրած է եւ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին պատճառով նաեւ պաշտպանած է այս թաղերն ու ակումբը:

Մհերը իրենց համար դարձած է այն օղակը, որ զիրենք կը կապէ հերոսի մը, եւ իրենք անոր ընդմէջէն կը կապուին մեր բոլոր հերոսներուն` Վաչէին, Պարոյրին, Գէորգ Չաւուշին, Քրիստափորին:

Այո՛, Մհերը ծնողքի մը զաւակն էր, եղբայր, ընկեր, վարիչ, դաստիարակ, ուսուցիչ, ամուսին…

Եթէ կարդանք Մհերին մասին գրուածները,  կ՛անդրադառնանք, որ բոլորը յիշատականեր են եւ կամ ուսումնասիրութիւններ` գրուած ընկերներու կամ ուսումնասիրողներու կողմէ, հոն կը հանդիպինք Մհերի միտքերուն` գրուած նամակներու մէջ, բոլորը կը փորձեն ըսել-գրել ամէն մանրամասնութիւն, որ կը յիշեն, եւ բոլորն ալ կ՛եզրակացնեն, որ Մհերին պէս երիտասարդի մը համար այդ ճակատագիրը անխուսափելի էր…

Մհերը ծնած էր սասունցի ընտանիքի մէջ, կնքուած էր` Սասունցի Դաւիթի հօր` Առիւծ Մհերի կամ անոր թոռան` Փոքր Մհերի անունով, կարելի է երեւակայել փոքրիկ Մհերը իր հօր կամ մեծ հօր ծունկերուն նստած` կը լսէ այդ առասպելական հերոսներուն` մասին եւ իր երեւակայութեամբ կը դառնայ անոնց նման: Կը յաճախէ Ազգային վարժարան, ուր կը ծանօթանայ իր ազգի պատմութեան, կը տիրապետէ հայոց լեզուին եւ գրականութեան, կը սիրէ բնագիտութիւնը եւ զայն կ՛ընտրէ իբրեւ մասնագիտութիւն: Մինչ այդ արդէն արձանագրուած ու դաստիարկուած էր ՀՅԴ-ի պատանեկան, երիտասարդական եւ ուսանողական շարքերուն մէջ: Ժամանակը հասած էր իր դաստիարակութիւնը փոխանցելու պատանիներու եւ դարձած էր սիրուած ու փնտռուած վարիչ: Գիւմրիի երկրաշարժը անկիւնադարձային եղած էր իր կեանքին եւ մասնագիտութեան համար, եւ ան որոշած էր մասնագիտանալ նաեւ երկրաբանութեան մէջ` գիտակցելով, որ երկրաշարժերը կրնան կրկնուիլ, եւ մենք պէտք ունինք մասնագէտներու, որոնք թերեւս կարենան վնասը նուազագոյնի իջեցնել:

Կեանքը սիրող, ապագայի հետաքրքրական ծրագիրներով այս երիտասարդը Հայաստանը ընտրեց` իբրեւ իր նպատակներու իրագործման վայր. հայրենիքը կ՛եռար, մէկ կողմէ երկրաշարժի գործած աւերը, միւս կողմէ` Ղարաբաղ-Արցախը Հայաստանին վերադարձնելու պահանջով փողոց իջած միլիոնին կանչը եւ մանաւանդ ՀՅԴ-ի «Դէպի Երկիր» կոչը անտարբեր պիտի չձգէին Մհերը, եւ անպայման պիտի ընդառաջէր անոնց: Մէկ կողմէ` ուսանող, միւս կողմէ դաշնակցական գործիչ, նոյն ատեն` ռազմական սարք մը ստեղծելու փորձ: Այս էր Մհերը, կեանքով եւ ապագայի հեռանկարներով լեցուն այդ երիտասարդը:

Եւ վերջին կանչը, վերջի՞ն… ո՛չ Մհերի համար, Մհերը գնաց Արցախ, բնականաբար պիտի երթար, Հայաստան ըլլալ այդ միջոցին եւ Արցախ չերթա՞լ, հապա ո՞ւր մնաց իր սասունցի ըլլալը, Հայաստան ըլլալ ու Արցախ չերթա՞լ, հապա ո՞ւր մնաց իր ազգային եւ դաշնակցականի դաստիարակութիւնը, Հայաստան ըլլալ եւ Արցախ չերթա՞լ, հապա ի՜նչ դաստիարակ, ի՜նչ  վարիչ…

Երանի՜ Արցախ երթար եւ ողջ վերադառնար, երանի՜ Արցախ երթար եւ հոն հաստատուէր, երանի՜ Արցախ երթար եւ ապրէր, ծառայէր, ստեղծէր, դաստիարակէր, երանի՜… Հաւանաբար միա՛կ բանը, որուն մասին չէր մտածած, մեռնիլն էր. այո՛, ես վստահ եմ, որ այդ կեանքը ապրած, այդ ծրագիրները ունեցող երիտասարդը մահուան մասին չէր մտածած: Ճիշդ է` պատերազմի գացողը աչքը կ՛առնէ մեռնիլ, բայց մեռնելու չ՛երթար, կ՛երթայ իր եւ ուրիշներու արդար կեանք մը ապահովելու, կ՛երթայ բռնութեան յաղթելու կ՛երթայ ժողովուրդին արժանավայել կեանք ապահովելու: Կ՛երթայ այդ բոլոր երազներով, բայց մանաւանդ` իր եւ իրմէ ետք գալիք սերունդներուն գոյութիւնը ապահովելու:

Մհերը մեռնելու չգնաց բայց դժբախտաբար մահը զինք գտաւ, դարանակալ մահը, թշնամիին թակարդած ականը զինք գտաւ ու տարաւ…

Յետո՞յ, սուգ, ցաւ, կորուստ: Կորուստ` նախ ընտանիքին, յետոյ` իր շա՜տ սիրած կուսակցութեան եւ անշուշտ մեծ կորուստ` իր հայրենիքին: Երիտասարդ, խոստմնալից կեանք մը, կեանքեր մարեցան եւ կը մարին տակաւին` ի խնդիր հայրենիքի գոյութեան: Ծնողներ զաւակներ կը կորսնցնեն, ուրիշներ` գաղափարի ընկեր, ոմանք ալ կը վերածնին անոնց ձգած աւանդով:

Ճիշդ է` Մհերին ընտանիքը զաւակ կորսնցուց, բայց հերոս ազգը հերոս մը շահեցաւ, այլեւս Մհերը եւ մեր նոր ու հին բոլոր հերոսները կարելի չէ սահմանափակել ընտանիքի մը նեղ սահմաններուն մէջ: Անոնք ազգին զաւակներն են այլեւս, անոնք ազգին պարծանքն են, անոնք հայ ազգին հերոսներն են: Սիրելի՛ նահատակի ծնողներ, յարգա՛նք ձեզի, որ մեր ազգին նուիրեցիք այսպիսի հերոսներ:

Մհերը չէր գացած մեռնելու, ան գացած էր ապրելու եւ հայրենի հողը ապրեցնելու: Եթէ հարցնենք իրեն, թէ ի՞նչ կը սպասէ մեզմէ վստահաբար` ո՛չ այս ձեռնարկներն ու տիտղոսները: Այսպէս կոչուած, նահատակ-հերոսները իրենք չեն ընտրեր նահատակութիւնը, մենք` մնացողներս իրենց կու տանք նահատակ-հերոսի կոչումը: Մենք` ապրողներս մեր մխիթարութիւնը կը գտնենք զանոնք այսպէս յիշելով:

Աշխարհահռչակ ռուս վիպասան Ալեքսէյ Թոլսթոյ ըսած է. «Հայրենասիրութիւն` չի նշանակեր միայն սիրել իր հայրենիքը: Ան անհամեմատ կերպով աւելի շատ բան է… Ան հայրենիքէն անբաժանելիութեան գիտակցութիւնն է եւ անոր երջանիկ ու դժբախտ օրերուն իրեն հետ անբաժանելի կերպով ապրիլը»:

Իսկ Մհերը, վստահ եմ, մեր երիտասարդներէն պիտի սպասէր, որ զինք յիշելով հանդերձ, շարունակեն այն գործը, որ ինք ակամայ կիսատ ձգած էր. իր գործը պէտք է շարունակուի իր գաղափարի ընկերներուն կողմէ, դաշնակցական երիտասարդին` ԼԵՄ-ականին կամ ԶՈՄ-ականին կողմէ: Մհերը կը սիրէր ապրիլ, Մհերը ծրագիրներ ունէր Արցախի համար, Հայաստանի եւ Արցախի բանակին համար, բայց չկրցաւ աւարտել զանոնք: Կը սիրէ՞ք Մհերը, շարունակեցէք անոր ծրագիրներու իրագործումը: Մհերը Արցախ գնաց զայն ազատագրելու եւ իր արիւնով ոռոգեց Արցախի հողը, այսօր Արցախը անկախ է, մէկի փոխարէն` երկու անկախ հայրենիք ունինք, անոնք մեր քրտինքին պէտք ունին այսօր, անոնք մեր գիտութեան, մեր հանճարին պէտք ունին: Մի՛ սպասէք կանչերու, որոշեցէք երթալ, հաստատուիլ հիմնուիլ հոն: Այսօր ես կը խոստովանիմ, որ մեր սերունդը չկրցաւ այդ որոշումը տալ. թերեւս, նոր դուրս եկած Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմէն, տարուեցաւ այս գաղութի վերակառուցումի աշխատանքներով, արտագաղթի ձգած բացը դարմանելով, նօսրացած գաղութը վերակազմակերպելով… Այդ բոլորը կարեւոր էին, բայց սփիւռքը չի կրնար ինքնանպատակ ըլլալ, սփիւռքը ուշ կամ կանուխ պիտի կորսուի: Այնքան ատեն որ սփռուած հայեր ունինք, ՀՅԴ անշուշտ հայապահպանման իր աշխատանքները պիտի չդադրենցէ: Բայց դո՛ւք, սիրելի երիտասարդներ, դո՛ւք, որ պիտի սկսիք  ձեր ապագան ծրագրել, ձեր ծրագիրներուն մէջ անպայմսան Հայաստան կամ Արցախ հաստատուիլը ունեցէք: Կեանքը ամէն տեղ պայքար է, բայց եթէ ձեր պայքարը տանիք Հայաստանի հողին վրայ, թերեւս ձեր զաւակներուն աւելի լաւ կեանք մը կ՛ապահովէք:

 

Անդրադարձ. Միջազգային Քաղաքականութեան Նոթակալին Վրայ Դրուածը

$
0
0

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

11 սեպտեմբեր 2001-ին Քայիտա ահաբեկչական կազմակերպութիւնը Միացեալ Նահանգներու մէջ գործեց շարք մը յարձակումներ: 16 տարի ետք, ահաբեկչութիւնը ամէնուրեք կը շարունակէ իր անմարդկային արիւնալի արշաւը, եւ անոր դէմ պայքարը դարձած է միջազգային քաղաքականութեան թիւ մէկ օրակարգը:

Ատիկա մասնաւորաբար ակներեւ է Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ: Ահաբեկչութիւնը պարտութեան մատնելու գերհրամայականը Միացեալ Նահանգներն ու անոր դաշնակիցները մղած է Սուրիոյ մէջ վարչակարգի փոփոխութեան օրակարգը նետելու դարակը: Ներկայ ժամանակաշրջանին ահաբեկչութեան դէմ պայքարի յաջողութիւնը արգելակող որեւէ հարց անտեսուած է եւ այդ պայքարը խանգարող որեւէ քայլ արգիլուած:

Տիրող մթնոլորտին մէջ Իրաքի Քրտական ինքնավար մարզէն հնչող անկախութեան հանրաքուէի մասին ձայները միջազգային քաղաքականութեան «նոթակալին վրայ դրուած երաժշտական կտորէն» շեղումներ են: «Խմբավար»-ը առայժմ ճպոտը նոթակալին հարուածելով շարունակ կը զգուշացնէ Քրտական ինքնավար մարզի ղեկավարութիւնը, թէ «ահաբեկչութեան դէմ պայքար» խորագիրով տուեալ երաժշտական կտորի բնագիրէն շեղելու կամագնացութիւնը անհանդուրժելի է:

Քրտական կողմը կրնայ մետասաներորդ պահուն` Պաղտատի իշխանութիւններուն հետ համաձայնութիւն մը գոյացնելով «յետաձգել» ինքնորոշման իր բնական ու արդար իրաւունքի կիրարկումը, այլապէս անխուսափելի պիտի դառնայ «խմբավար»-ին կտրուկ միջամտութիւնը` անկէ բխող ահաւոր բոլոր հետեւանքներով: Քիւրտերուն յամառութիւնը զանոնք պիտի վերածէ ահաւոր օրինակի մը, որ ուրիշներուն դաս դառնալով` անոնց մտքէն արմատախիլ պիտի ընէ անուղղայութեան մասին նուազագոյն մտածումն իսկ:

 

 

Ակնարկ. Նուրբ Դիրք` Պրիւքսելի Եւ Մոսկուայի Միջեւ

$
0
0

Համաեւրոպական մակարդակի վրայ Պաքուի ուղղութեամբ բացասական մթնոլորտի տարածման միտումները թափով զարգանալու նախադրեալներ կը փոխանցեն:

Խաւիարային դիւանագիտութեան ծալքերու բացայայտման դրսեւորումները, ամբողջացման կարգով արձանագրած են Փարիզի մէջ պաշտօնական Պաքուի բացած դատը երկու լրագրողներու դէմ, որոնք ալիեւեան իշխանութիւնը որակած էին բռնատիրութիւն. պուլկարական մամուլին կատարած բացայայտումները ազրպէյճանական զինամթերքի ահաբեկչութեան տրամադրումին մասին, ինչպէս նաեւ Պուտափեշթ-Պաքու արտայանձնման գործարքային գործողութիւնը իրականացնելու համար միլիոնաւոր տոլարներու յատկացման փաստի շրջանառութիւնը եւ նորագոյնը` ազրպէյճանական լուացքատան գաղտնազերծումը` կը խօսին տնտեսաահաբեկչական պետական միաւորի մը մութ, սակայն հետզհետէ լոյսին եկող գործունէութեան մասին:

Այս բոլորը, ի հարկէ կ՛արժէ հարց տալ, որ հետաքննական լրագրութեամբ բացայայտուող երեւոյթներ չեն կրնար ըլլալ իրենց բացարձակին մէջ: Կ՛ենթադրուի, որ հետեւող պետութիւնները թէ՛ արտայանձնման մանրամասնութիւններէն, թէ՛ ահաբեկչական խմբաւորումներու հայթայթուած գումարներէն, թէ՛ ալ դրամական հսկայական գումարներու լուացման մեքենականութիւններու մանրամասնութիւններէն տեղեակ էին օրին:

Հիմա պահն է, որ այդ բոլորին լուռ հսկած կեդրոնները, յաճախ ալ այդ գործընթացները տուեալ պահուն արտօնածները, այժմ գէթ տեղեկատուական մակարդակի վրայ գայթակղութիւններու թղթածրարը կ՛ուզեն հարստացնել Պաքուի հետ երկխօսելու նոր պայմաններ ստեղծելու համար:

Դիտարժան երեւոյթ է այն, որ որքա՛ն մօտենայ Երեւան-Պրիւքսել նոր համաձայնագիր ճշդելու թուականը եւ որքա՛ն շատնան այդ ուղղութեամբ եւրոպական համապատասխան կառոյցներու ներկայացուցիչներուն դրական ու հեռանկարային յայտարարութիւնները, միաժամանակ այնքան բացասական ընթացք կը ստանան Անգարա-Պրիւքսել կամ Անգարա-Եւրոպական Միութեան անդամ պետութիւններ յարաբերութիւնները: Կը թուի, որ Անգարայի ուղղութեամբ սկսած է ընթանալ նաեւ Պաքուի նկատմամբ եւրոպական քաղաքականութիւնը: Առայժմ` յայտարարողական եւ տեղեկատուական մակարդակներու վրայ:

Այս առումով անտեսելի չէ պաշտօնական Մոսկուայի յայտարարութիւնը: «Ազրպէյճանի լուացքատուն» անուանումը ստացած հետաքննութեան կապակցութեամբ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան յայտնի բանբեր Մարիա Զախարովան հանդէս եկած է ի պաշտպանութիւն ալիեւներուն եւ Ազրպէյճանը անուանած է «Ռուսիոյ դաշնակից»: «Տեղի ունեցածը ցոյց կու տայ, որ Արեւմուտքը ճնշում կը գործադրէ Ռուսիոյ դաշնակիցներուն վրայ: Կը կարծեմ` խօսքը քանի մը ուղղութիւններով տեղեկատուական ուժեղ ճնշման մասին է: Ատիկա կը կատարուի մեծ քանակութեամբ կեղծ նորութիւններու հրապարակման միջոցով: Մենք կը փորձենք միշտ արձագանգել անոնց», ըսած է Զախարովա:

Յայտնապէս նուրբ է ու բարդ իրավիճակը: Հայկական կողմը ռուսական պահուածքը նկատի ունենալով խանդավառութեան ալիք բարձրացնելու շատ պատճառներ չունի` Պաքուի նկատմամբ եւրոպական քաղաքական բեմերու վրայ զարգացող հակաազրպէյճանական մթնոլորտին դիմաց: Պրիւքսելի հետ նոր համաձայնութիւն ստորագրելու նախաշեմին գտնուող Երեւանը մէկ կողմէ փոխլրացնող բազմաշառաւիղային արտաքին քաղաքականութեան մէջ նոր շրջափուլ թեւակոխելու պատրաստ, միւս կողմէ ռազմավարական յատուկ գործընկերոջ ցուցաբերած զգայնութիւնները  հաշուի առնելով, ծայրայեղօրէն հաւասարակշռուած քայլեր առնելու հարկադրանքին առջեւ կը գտնուի:

Քաղաքական հաշուարկային տրամաբանութիւնը այս բոլորին մէջ կը յուշէ, որ Մոսկուան Պաքուի նկատմամբ սիրաշահելու մօտեցումները պիտի շարունակէ, մինչ եւրոպական պետութիւններ հակաազրպէյճանական տրամադրութիւններու զարգացման պարագային հաւանաբար յիշեն ինքնորոշման իրաւունքի վերաբերող միջազգային իրաւաչափութիւնները:

«Ա.»


Ստացուած Գիրքեր. «Ի՞Նչ Կ՛ըսեն Սուրբ Հայրերը Պահեցողութեան Մասին» (Պատրաստեց` Վաղինակ Ծ. Վրդ. Մելոյեան)

$
0
0

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Անթիլիասի տպարանէն 2016-ին լոյս տեսաւ կրօնական եւ դաստիարակչական հրատարակութիւններու բաժանմունքի «եկեղեցի եւ ժողովուրդ» մատենաշարի առաջին հրատարակութիւնը` «Ի՞նչ կ՛ըսեն սուրբ հայրերը պահեցողութեան մասին»,  պատրաստած` Վաղինակ ծ. վրդ. Մելոյեան:

Գիրքը կը բացուի Արամ Ա. վեհափառի ողջոյնի խօսքով: Վեհափառը կ՛ըսէ, որ քրիստոնէական դաստիարակութիւնը եկեղեցւոյ առաքելութեան ամէնէն կարեւոր տարածքներէն մէկն է: Եկեղեցին եկեղեցի կը դառնայ ժողովուրդով, երբ եկեղեցին ժողովուրդի կեանքին մէջ դառնայ ներկայութիւն եւ ծառայութեան ու դաստիարակութեան ճամբով զՔրիստոս տանի ժողովուրդը:

Վաղինակ հայր սուրբ կ՛ըսէ, որ պահեցողութիւնը կարեւոր տեղ գրաւած է եկեղեցւոյ հայրերուն հաւատքի կեանքին մէջ: Անոնք ընդարձակ կերպով անդրադարձած են պահեցողութեան կարեւորութեան: Այնուհետեւ հայր սուրբը կը ներկայացնէ անոնց խօսքերէն փունջ մը:

Այնուհետեւ Վաղինակ հայր սուրբ պահեցողութեան մասին խորհրդածութիւններ կը կատարէ եւ կ՛ըսէ որ պահքին առաջին նպատակը Աստուծոյ մօտենալն է:

Պահքին նպատակը` երկրայինէն դատարակուիլ ու երկնայինով լեցուիլն է: Եթէ երկնայինով չենք լեցուիր, երկրայինէն հեռու մնալը օգուտ չ՛ըներ մեզի: Ոչինչով կ՛օգտուինք եթէ երբեք հեռու կը մնանք նիւթական հացէն, բայց չենք մօտենար աննիւթական հացին եւ զայն մեր մէջ չենք առներ ու անով չենք սնանիր:

Հայր սուրբը կը շարունակէ ըսելով, որ պահքին նպատակը մեր ստամոքսները անօթի թողուլը չէ միայն, այլ` մեր սիրտերը Յիսուսի սիրով ու հաւատքով լեցնելը:

Պահքին երկրորդ նպատակը պէտք է ըլլայ մեր նմանին օգնելը: Պահքին նպատակն է որ քիչ մը անօթի մնանք եւ մեր անօթի մնալով` ուրիշ անօթի մը կշտացնենք:

Պահքին երրորդ նպատակն է մեր մեղքերէն հրաժարիլը: Քառասնօրեայ պահեցողութեան ժամանակ մենք չենք կրնար փնտռել Տիրոջ ներկայութիւնը, եթէ չանդրադառնանք մեղքի կործանարար ներկայութեան եւ չխոստովանինք մեր մեղքերը:

Ոչինչով կ՛օգտուինք եթէ հեռու մնանք կերակուրներէ, բայց հեռու չմնանք մեղքէն, որ մեզ կը հեռացնէ Աստուծմէ:

Պահքին չորրորդ նպատակը պէտք է ըլլայ անդրադառնալ մեր տկարութեան եւ ոչնչութեան:

Վաղինակ ծայրագոյն վարդապետ կ՛եզրափակէ ըսելով, որ պահքին նպատակը մեր տկարութեան անդրադառնալն է, բայց մեր տկարութեան անդրադառնալը պատճառ պէտք չէ ըլլայ որ դադրեցնենք մեր պահեցողութիւնը: Շատեր վախնալով որ կրնան մարմինով տկարանալ կամ հիւանդ ըլլալ` կը դադրեցնեն իրենց պահեցողութիւնը: Չարը ինքն է որ այս վախը կը դնէ պահեցողին մէջ, որպէսզի զինք հեռու պահէ պահեցողութենէն:

 

 

Ստացուած Գիրքեր. «Հաւատամքի Մեկնութիւն» (Հեղինակ` Զարեհ Արք. Ազնաւորեան)

$
0
0

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Երեւանի մէջ 2016-ին լոյս տեսաւ Զարեհ արք. Ազնաւորեանի «Հաւատամքի մեկնութիւն»-ը, բաղկացած` 635 էջերէ: Գիրքը հրատարակութեան պատրաստած են Յակոբ Քորթմոսեան եւ Գէորգ Եազըճեան:

Զարեհ սրբազան կ՛ըսէ, որ «Հաւատամք»-ը մեր հաւատքին արտայայտութիւնն է: Քրիստոնէական հաւատքի ճշմարտութիւնները Քրիստոս Ինք յայտնեց մեզի, թէ՛ Հին Կտակարանով` գրաւոր, թէ՛ ալ Իր մարդեղութեան ընթացքին` բերանացի: Առաքեալները այս ճշմարտութիւններուն պահապանները եւ փոխանցողները եղան, թէ՛ բերանացի քարոզութեամբ եւ թէ՛ գրաւոր` Նոր Կտակարանի գիրքերուն մէջ: Եկեղեցին ժառանգեց այդ ճշմարտութիւններուն աւանդը եւ զ այն նախաձախնդրօրէն պահեց առաքելական յաջորդութեամբ:

Զարեհ սրբազան կը շարունակէ ըսելով, որ եկեղեցին հաւատքի համայնք մըն է, այսինքն` հաւատացո՛ղ համայնք մըն է, միակ հաւատքի մը շուրջ խմբուած եւ միակ հաւատքով մը կապուած համայնք մըն է: «Հաւատամք»-ը արտացոլումն է այդ հաւատքին: Ո՛չ միայն խտացումն է եկեղեցւոյ հաւատալիքներուն, այլ նաեւ` հաւատքի փորձառութեան: «Հաւատամք»-ը հիմքն է եկեղեցւոյ դաւանութեան, որով կ՛արտայայտենք Քրիստոսի մեր պատկանելիութիւնը, մեր ինքնութիւնը: Եկեղեցին հաւաքական մարմին մըն է: Միակ մարմնին մը` բազմաթիւ անդամներով: Իսկ այդ անդամները տեղական եկեղեցիներն են, ինչպէս նաեւ իւրաքանչիւր եկեղեցին բաղկացնող անդամները` առանձնաբար ու հաւաքաբար: «Հաւատամք»-ը հիմքն է եկեղեցւոյ միութեան:

Շատ կարեւոր է գիտնալ, որ մեր «Հաւատամք»-ը զուտ Աստուածաշնչական տուեալներու վրայ կը հիմնուի: Կարելի է ըսել, որ ան Աստուածաշնչական ճշմարտութիւններու խտացումը եւ համագումարն է:

«Հաւատամք»-ը յատկապէս կը շեշտէ, թէ Աստուած է «Արարիչը տեսանելի թէ անտեսանելի (արարածներուն)»: «Հաւատամք»-ը յստակօրէն կը հաստատէ, թէ բոլոր գոյութիւնները, հոգեղէն ըլլան թէ մարմնեղէն, մեզի համար տեսանելի ըլլան թէ անտեսանելի, ստեղծուած են միակ Արարիչէն, Աստուծոյ կողմէ: Աստուած միայն տիեզերքի ստեղծիչը չէ, այլ նաեւ` նախախնամողը. այսինքն` զայն խնամողը, պահողը, անոր մասին հոգացողը, աշխարհին եւ մարդուն վիճակով զբաղողը: «Հաւատամք»-ը յստակօրէն  կը հաստատէ, թէ Աստուծոյ բոլոր ստեղծածներն ալ բարի են, ո՛չ միայն հոգեղէնները, այլ նաեւ` մարմնաւորները: Աստուած աշխարհը մարդուն համար ստեղծեց եւ մարդը` Իր սիրոյն եւ Իր փառքին համար:

Զարեհ սրբազան կ՛ըսէ, որ Աստուած մէկ է: Մէկութիւնը յատուկ է Ամենասուրբ Երրորդութեան անձերէն իւրաքանչիւրին եւ երեքին միասնաբար: Մէկ եւ նոյն Տէր Յիսուս Քրիստոսի երկու բնութիւններուն, այսինքն` Աստուածութեան եւ մարդկութեան միջեւ բաժանում չկայ:

Յիսուս եբրայերէն անուն մըն է, որ կը նշանակէ` «Տէրը կը փրկէ»: «Քրիստոս»-ը անուն չէ, այլ` տիտղոս մը: «Քրիստոս» յունարէն բառ մըն է, որ կը նշանակէ` Օծեալ:

Քրիստոս Իր մարդեղութեամբ մարդը վերադարձուց իր սկզբնական արդարութեան եւ սրբութեան` փորձութիւններու դիմաց եւ չարին վրայ մարդուն կատարեալ յաղթանակը ապահովելով, Իր մարմինին մէջ սպաննելով մեղքը, մարդը ազատագրելով մեղքին ճիրաններէն:

Զարեհ սրբազան կը նշէ, որ եկեղեցի կը նշանակէ հաւաքոյթ, մանաւանդ` պաշտամունքային հաւաքոյթ: Եկեղեցին այս աշխարհին վրայ Աստուծոյ ժողովուրդն է, Անոր «ժառանգութիւնը»: Աստուծոյ հաւատարիմներուն հաւաքոյթն է ան, մարդկութեան աստուածապաշտ սերունդը, Սէթի սերունդը, Աստուծոյ «սեփական ժողովուրդը», Իր «ժառանգութիւնը»: Եկեղեցին այս աշխարհին վրայ երկինքի քաղաքացիութեան պատրաստութեան վայրն է` Աստուծոյ օրէնքներուն պահպանութեամբ: Եկեղեցին, իբրեւ Աստուծոյ ժողովուրդ, պէտք է ապրի համաձայն Աստուծոյ դրած օրէնքներուն, որոնք Երկնային Հայրենիքին սահմանադրութիւնը կը կազմեն: Եկեղեցին այս աշխարհին վրայ Աստուծոյ ընտանիքն է: Իր ժողովուրդին հետ Աստուծոյ կապը ծնողական ջերմ  կապն է: Եկեղեցին ոչ միայն Աստուծոյ ժողովուրդն է, այլ մանաւանդ` Անոր ընտանիքը, ուր բոլորը Անոր որդիներն ու դուստրերն են:

Եկեղեցին այս աշխարհին վրայ Աստուծոյ Արքայութեան նախանկարն է: Մենք ամէն օր Աստուծմէ կը խնդրենք, որ Իր թագաւորութիւնը գայ: Ամբողջ եկեղեցին արքայութեան այդ սպասումով է, որ կ՛ապրի, կ՛աղօթէ եւ արթուն կը հսկէ:

Զարեհ սրբազան կը բացատրէ ըսելով, որ եկեղեցին միայն մէկ վայրի մէջ հաւաքուած հաւատացեալները չի նշեր, այլ` աշխարհի վրայ որեւէ տեղ գտնուող հաւատացեալներու ամբողջութիւնը, իբրեւ ընդհանրական մէկ մարմին: Եկեղեցին միայն այս աշխարհի վրայ գտնուող հաւատացեալներուն ամբողջութիւնը չէ, այլ նաեւ` գումարը անոնց, որոնք այժմ մեզմէ բաժնուած, բայց անբաժանելի մասն են Քրիստոսի մարմինին`  եկեղեցիին: Այս աշխարհին վրայ գտնուողները կը կոչենք Զինուորեալ եկեղեցին, որովհետեւ ներկայ կեանքին մէջ կը շարունակեն իրենց հոգեւոր պայքարը մղել չարին դէմ. մինչդեռ այս կեանքէն հեռացածները կը կոչենք Յաղթական եկեղեցի, որովհետեւ իրենց պայքարը մղած, չարին դէմ յաղթած եւ երկինքի մէջ վերջնականօրէն Քրիստոսի միացած` իրենց ապագայ փառքն ու երանութիւնը կը նախաճաշակեն այժմէն:

Եկեղեցին մէկ է իր գլուխով` Քրիստոսով: Քրիստոս Ինքն է եկեղեցին ղեկավարողը եւ առաջնորդողը: Այդ կառավարութիւնը Քրիստոս կ՛իրագործէ մարդկային ձեռքերով, Իր առաքեալներով եւ եկեղեցւոյ վրայ կարգուած հովիւներով: Ինքն է եկեղեցին խամողը եւ պահողը, անոր ճշմարիտ հովիւը:

Եկեղեցին մէկ է իր հաւատքով: Այս հաւատքը ամբողջութիւնն է այն հաւատացեալներուն, որոնց վրայ խարսխուած է ան: Այդ հաւատալիքները Աստուածաշունչին մեզի ընծայած ճշմարտութիւններն են, որոնք Աստուծոյ եւ մեր փրկագործութեան վերաբերող դաւանութիւնը կը կազմեն:

Եկեղեցին մէկ է իր միակ ծնունդով` եկեղեցւոյ սուրբ աւազանէն: Եկեղեցին մէկ է իր կառավարութեամբ, իր հոգեւոր առաջնորդներով: Եկեղեցիին միութեան կեդրոնը Քրիստոս Ինքն է: Եկեղեցին մէկ է իր պաշտամունքով եւ ծէսով: Այս միութեան գերագոյն նշանը եւ զայն ճշմարտապէս իրագործող խորհուրդը Ս. պատարագի խորհուրդն է: Եկեղեցին մէկ է իր միաւորիչ զօդով` Սուրբ Հոգիով: Սուրբ Հոգին է եկեղեցւոյ միութեան շաղկապը:

Զարեհ սրբազան կ՛ըսէ, որ ընդհանրական կամ տիեզերական եկեղեցին տեղական եկեղեցիներու ամբողջութիւնն է. հոսկէ կու գայ բոլոր եկեղեցիներուն գործակցութեամբ գումարուած ընդհանրական ժողովներուն տրուած տիեզարական ժողով անուանումը: Այս իմաստով ճշմարտապէս միայն երեք տիեզերական ժողովներ կը ճանչնան հայ, ղպտի, ասորի եթովպիական, հնդիկ մալաբարի եւ էրիթրէայի եկեղեցիները, մինչեւ բիւզանդական աւանդութեամբ պատկանող եկեղեցիներու խումբը եօթը տիեզերական ժողովներ կը ճանչնայ, իսկ  հռոմէական եկեղեցին` 21 ժողովներ:

Զարեհ սրբազան կը շեշտէ ըսելով, որ եկեղեցին առաքելական կը կոչուի, որովհետեւ առաքեալներու հիմքին վրայ շինուած է, առաքելական հաւատքին վրայ կը կանգնի եւ առաքելական (աւետարանչութեան) գործ կը կատարէ: Եկեղեցին սուրբ է իր գլուխով` Քրիստոսով, սուրբ է, որովհետեւ Քրիստոսով սրբուած է, սուրբ է, որովհետեւ իր մէջ ունի Սուրբ Հոգիին սրբարար ներկայութիւնը եւ զօրութիւնը, սուրբ է, որովհետեւ իր մէջ ունի սրբութեան աւազանը, այսինքն` մկրտութեան աւազանը, որմէ երկրորդ անգամ կը ծնինք` մաքրուած մեր մեղքերէն, եւ այնուհետեւ միւս խորհուրդներուն մատակարարումով կը ստանանք Սուրբ Հոգիին պարգեւները եւ սուրբ կենցաղի մը անհրաժեշտ հոգեւոր զօրութիւնը:

Այնուհետեւ Զարեհ սրբազան կը խօսի մկրտութեան, ապաշխարհութեան եւ մեղքերու թողութեան մասին: Մկրտութիւնը անհրաժեշտ նախապայման է Քրիստոսի եւ եկեղեցիին պատկանելիութեան: Մկրտութիւնը աւազանի ջուրերէն վերստին ծնունդ է, որ մեզ կը ծնի յաւիտենական կեանքին համար: Մկրտութիւնը Քրիստոսի հետ նոյնացում մըն է: Մկրտութիւնը Ամենասուրբ Երրորդութեան անունով կատարելու հրահանգը կու գայ Քրիստոսէն: Քրիստոսի Աստուածութիւնը խոստովանիլ` կը նշանակէ Ս. Երրորդութիւնը խոստովանիլ: Մկրտութիւնը անկրկնելի է: Մկրտութեան անկրկնելիութիւնը սերտօրէն կապուած է եկեղեցւոյ մէկութեան եւ մեր Տիրոջ ու մեր հաւատքին մէկութեան:

Ապաշխարութիւնը բացարձակապէս անհրաժեշտ է մեր փրկութեան համար: Ապաշխարութիւնը միակ ճանապարհն է Քրիստոսի գալու: Ապաշխարութիւն կը նշանակէ. ա) հրաժարում Աստուծմէ հեռու կեանքէն եւ դարձ դէպի Աստուած, բ) մեղքերու խոստովանութիւն Աստուծոյ դիմաց` որ մեր հոգիներուն բժիշկն է, գ) կեանքի կտրուկ շրջադարձ կամ փոփոխութիւն, դ) անիրաւութեանց դարմանում եւ ե) ուղիղ հաւատք եւ ուղիղ կեանք ու գործ:

Ապաշխարութիւնը ոչ միայն մեր նախաքրիստոնէական կեանքին համար է, այլ նաեւ` յետ մկրտութեան քրիստոնէական կեանքին համար` եթէ իյնանք որեւէ մահացու մեղքի մէջ, որ դարձեալ մեզ կ՛անջատէ Աստուծմէ:

Միայն Աստուած կրնայ մեղքերը ներել: Բայց ինչպէս որ Քրիստոս իր մարդեղութեան մէջ ցոյց տուաւ, որ Մարդու Որդին երկրի վրայ իշխանութիւն ունի մեղքերը ներելու, նոյնպէս ալ Իր եկեղեցիին իշխանութիւն տուաւ մեղքերը ներելու: Եկեղեցին, իբրեւ մարմին, ունի իր առաջնորդները, Տիրոջ կողմէ կարգուած հովիւները, որոնք կարգի եւ բարոյականութեան խնդիրներուն մէջ վճռական ձայն ունեցող Աստուծոյ պաշտօնեաներն են:

Ապաշխարութիւնը սրբութեանց ճանապարհն է, կարելի չէ ապաշխարութիւնը հասկնալ` առանց անոր յաջորդող Ս. Հաղորդութեան խորհուրդին: Առանց ապաշխարութեան` կարելի չէ ստանալ եկեղեցւոյ միւս խորհուրդները, սուրբ պսակը, ձեռնադրութեան կարգը, հիւանդներուն օծումը:

Յարութեան օրը բոլոր մարդիկ պիտի փոխակերպուին այնպէս, որ մարմինները վերագտնեն իրենց սկզբնական վիճակը, առաջին կատարելութիւնը:

«Հաւատամք»-ը կը խօսի միակ դատաստանի մը մասին, որ կը կոչէ յաւիտենական: Այդ միակ դատաստանն է որ կը կոչենք ընդհանրական դատաստան: Արդարներուն ընծայուած գերագոյն հատուցումը Աստուծոյ երանական տեսութիւնն է, որ անոնց կատարեալ հաւատքին վարձատրութիւնն է: Բայց անոնց վրայ պիտի գայ աւելնալու այն պսակումը, որ Աստուած պիտի տայ ըստ իւրաքանչիւրի գործերուն: Գալով մեղաւորներուն կամ կորուստի դատապարտուածներուն, անոնց գերագոյն դատապարտութիւնը Աստուծոյ տեսութենէն ընդմիշտ զրկումն է:

Զարեհ սրբազան կը հաստատէ ըսելով, որ երկինքի արքայութիւնը ամբողջացումն է Աստուածաշնչական խոստումներուն: Արդարներուն վերապահուած վարձատրութիւնը անսպառ ուրախութիւնն է կամ երանութիւնը, որ ինքնին երկինքի արքայութիւնն է: Երկինքի արքայութիւնը արդարներուն վերապահուած հատուցումը կամ վարձատրութիւնն է` իբրեւ ժառանգութիւն:

Յաւիտենական կեանքը անմահութիւնն է, որ Աստուծոյ յատուկ է իբրեւ Անոր բնութեան մաս: Աստուած զայն իբրեւ հայրական պարգեւ պիտի շնորհէ մարդուն:

Զարեհ սրբազան կ՛եզրափակէ ըսելով, որ մենք կոչուած ենք հաւատքի եւ առաքինութիւններու սանդուխներէն քայլ առ քայլ բարձրանալու դէպի երկինք, որովհետեւ Աստուած մեզ Իր որդիները դարձուցած է: Երբ Քրիստոս յայտնուի` Իրեն նման պիտի ըլլանք: Ով որ այս յոյսը ունի` ինքզինք կը մաքրէ, ինչպէս որ Քրիստոս Ինք մաքուր է:

Հոգելոյս Զարեհ սրբազանի սուրբ եւ անթառամ յիշատակը յաւերժացնող եւ մեր եկեղեցւոյ սուրբ հաւատքին մասին մեր գիտելիքները եւս առաւել հարստացնող մեծարժէք եւ հոգեշէն հրատարակութիւն մը: Յաւերժական լոյս Զարեհ սրբազանի սուրբ հոգիին:

 

 

 

Հայրենի Կեանք

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

«Ապրիլեան Քառօրեայ Պատերազմի Նահատակները» Խորագիրով Գիրք Պիտի Տպագրուի

Հայաստանի մէջ գործող «Ղարաբաղեան պատերազմի վեթերաններ» հասարակական կազմակերպութեան կողմէ շուտով լոյս պիտի տեսնէ «Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմի նահատակները» խորագրով գիրքը: «Արցախփրես»-ին այս մասին յայտնած է կազմակերպութեան լրատուական բաժինի նախագահ Հայկ Կիսեբլեանը:

«Ապրիլեան պատերազմի օրերուն մեր կազմակերպութեան նախագահ Եուրի Միքայէլեանի գլխաւորած ջոկատը կը գտնուէր Արցախ: Ռազմական գործողութիւններու աւարտէն ետք մեր ծրագիրի ծիրին մէջ այցելեցինք ապրիլեան մարտերու գործողութիւններու ընթացքին զոհուած մօտաւորապէս 101 զինուորականներու եւ կամաւորականներու ընտանիքներուն եւ հաւաքեցինք մերօրեայ հերոսները ներկայացնող կենսագրական տուեալները, անցած մարտական ուղին, յուշերը, որոնք թէեւ կարճ, բայց ուսանելի են մեր յաջորդ սերունդներուն համար», ըսած է Հ. Կիսեբլեան:

Ըստ վերջինիս, գիրքը կազմած է ազատամարտիկ-գրող Թորգոմ Նալբանդեան, որուն համար հիմք ծառայած են թէ՛ իր կողմէ գրի առնուած տեղեկութիւնները եւ թէ՛ լուսանկարները, նիւթերն ու տեսանիւթերը: Պատմութիւններուն ստուար մէկ մասն ալ գրի առած են եւ լուսանկարներ տրամադրած` Վազգէն Սարգսեանի անուան եւ Մարշալ Արմենակ Խանփերեանցի անուան ռազմական թռիչքներու ուսումնարաններու ուսանողները, որոնք «Դուք մենակ չէք» ծրագիրի ծիրին մէջ կ՛ընկերանային մեր հերոսներու ընտանիքներուն: Գիրքին հետ կապուած աշխատանքները կը գտնուին զօրավար Վարդան Աւետիսեանի եւ ՂՊՎ ներկայ նախագահ Ստեփան Թարոյեանի վերահսկողութեան տակ:

Գիրքին նմուշ-օրինակները արդէն տպագրուած են եւ այժմ կը գտնուին քննարկման փուլին մէջ: Կարելիութեան սահմաններուն մէջ գիրքը պիտի տրամադրուի դպրոցներուն եւ համայնքային գրադարաններուն:

Սփիւռքի Նախարարութեան Նախաձեռնութեամբ Տեղի Ունեցաւ Ստեփանոս Երէցի «Հանգիտագիրք»-ի Աշխարհաբար Թարգմանուած Գիրքին Շնորհահանդէսը

Սեպտեմբեր 7-ին Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ, Մաշտոցի անուան մատենադարանի եւ Թեհրանի Փերիոյ Կրթասիրաց միութեան հետ համագործակցութեամբ, Մատենադարանի նիստերու դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ Ստեփանոս Երէց Հազարջրիբեցու (18-րդ դար) «Հանգիտագրք»-ին շնորհահանդէսը:

Բնագիրը պատրաստած եւ աշխարհաբարի թարգմանած են Մատենադարանի աւագ գիտաշխատողներ՛ Թամարա Մինասեանը, Լուսինէ Թումանեանը եւ Յասմիկ Կիրակոսեանը: Յառաջաբանը գրած է իրանագէտ Վահան Բայբուրդեանը: Գիրքը հրատարակուած է Թեհրանի «Ալիք» տպարանին մէջ՛ Փերիոյ Կրթասիրաց միութեան վարչութեան նախաձեռնութեամբ: Գիրքը նուիրուած է 17-րդ դարու երկրորդ կէսին եւ 18-րդ դարու իրանահայ համայնքի պատմութեան եւ կ՛ընդգրկէ տուեալներու շատ լայն շրջանակ. Ստեփանոս Երէցի պատմութիւնը կարեւորագոյն տեղեկութիւններ կը պարունակէ նաեւ դրացի երկիրներու՛ Աֆղանիստանի, Հարաւային Կովկասի երկիրներու, յատկապէս Վրաստանի պատմութեան մասին:

Ձեռնարկին բացման խօսքով հանդէս եկած է Մատենադարանի տնօրէնի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Վահան Տէր Ղեւոնդեանը` նշելով, որ բացառիկ աղբիւրագիտական արժէք ներկայացնող այս գիրքին լոյսընծայումը Մատենադարանի եւ սփիւռքի նախարարութեան փայլուն համագործակցութեան արդիւնքն է:

Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանի ողջոյնի խօսքը մասնակիցներուն արտասանեց նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեանը` նշելով. «Այս գիրքին շնորհիւ` հայ պատմագրութիւնը հարստացաւ եւս մէկ սկզբնաղբիւրով: Դարեր շարունակ, պատմական ճակատագրի բերումով հայ ժողովուրդը արմատախիլ եղած է սեփական հայրենիքէն եւ սփռուած` ամբողջ աշխարհի տարածքին, ապրելով օտարներու տիրապետութեան տակ` մարտնչած, պայքարած, ապրած եւ արարած է` պահպանելով իր ինքնութիւնը, լեզուն եւ մշակոյթը: Ուրախալի է, որ Մատենադարանի գիտաշխատողներուն օգնութեամբ իրականացուած է ձեռագիր մատեանի աշխարհաբար թարգմանութեան դժուարին աշխատանքը, եւ այսօր մենք կ՛արձանագրենք, որ Իրան մեր հայրենակիցներուն ապրելու եւ ստեղծագործելու համար ստեղծած է լաւագոյն պայմաններ: Իրանի հայ համայնքը դարձած է Հայաստան-Իրան դարաւոր բարեկամութեան ամրակուռ կամուրջը»:

Նախարարը իր խօսքին մէջ բարձր գնահատած է գիրքը հրատարակելու` Փերիոյ Կրթասիրաց միութեան նախաձեռնութիւնը, աշխատութիւնը գրաբարէ աշխարհաբար թարգմանելու՛ Մատենադարանի տնօրինութեան պատրաստակամութիւնը եւ Մատենադարանի գիտաշխատողներու բարեխղճութիւնն ու բարձր մասնագիտացումը:

Փերիոյ կրթասիրաց միութիւնը արժանացած էր Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան ոսկիէ մետալին, որ անոնց յանձնեց Սփիւռքի նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեանը:

Այնուհետեւ ողջոյնի խօսքով հանդէս եկած է Հայաստանի մէջ Իրանի դեսպանատան առաջին քարտուղար Հոսէյն Շիրխանին` ներկայացնելով Իրանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սէյետ Քազեմ Սաճատի խօսքերը՛ առաջին քարտուղարը նախ շնորհակալութիւն յայտնեց Փերիոյ Կրթասիրաց միութեան` գիրքի տպագրութեան գործը նախաձեռնելուն համար: Ան նշեց, որ հայերը դարեր շարունակ ապրած են Իրանի մէջ եւ օգնած` իրանեան մշակոյթի զարգացման: Հայաստանի մէջ Իրանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպանութեան առաջին քարտուղարը շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ Մատենադարանին՛ գիրքի աշխարհաբար թարգմանութեան գործը եւ շնորհահանդէսը կազմակերպելուն համար:

Թեհրանի Փերիոյ Կրթասիրաց միութեան կողմէ գիրքի հրատարակման պատասխանատու Գասպար Ամիրխանեան ներկայացուց գիրքի աշխարհաբար թարգմանութեան աշխատանքները նախաձեռնելու եւ զայն տպագրելու պատմութիւնը: Գիրքի թարգմանութեան եւ տպագրութեան աշխատանքներուն աջակցելու եւ շնորհահանդէսը կազմակերպելու համար Գասպար Ամիրխանեան Փերիոյ Կրթասիրաց միութեան շնորհակալագրերով պարգեւատրեց` Վահան Բայբուրդեանին, Թամարա Մինասեանին, Լուսինէ Թումանեանին, Յասմիկ Կիրակոսեանին եւ Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան Մերձաւոր եւ Միջին Արեւելքի հայ համայնքներու վարչութեան:

Իրանի մէջ Հայաստանի առաջին արտակարգ եւ լիազօր դեսպան, պատմական գիտութիւններու դոկտոր, գիրքի նախաբանի հեղինակ, փրոֆեսէօր Վահան Բայբուրդեան ընդգծեց, որ պատմագիտական արժէք ներկայացնող գիրքի լոյսընծայման հարցին մէջ լուրջ խթան հանդիսացած է սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանին նուիրումը` գործին: Փրոֆեսէօրը խօսեցաւ հայ մշակոյթի զարգացման գործին մէջ իրանահայ համայնքի ներդրման մասին:

Գիրքի պատմագիտական-աղբիւրագիտական եւ բանասիրական արժէքներու մասին զեկոյցներով հանդէս եկան` Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Պատմութեան հիմնարկի տնօրէն Աշոտ Մելքոնեանը, Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի գրականութեան հիմնարկի տնօրէն Վարդան Դեւրիկեան եւ Մատենադարանի Արուեստի պատմութեան եւ գրչութեան կեդրոններու ուսումնասիրման բաժինի վարիչ Կարէն Մաթէոսեանը, նշելով, որ Ստեփանոս Երէցի «Հանգիտագրքի» բնագրի եւ աշխարհաբար թարգմանութեան ամբողջական հրատարակութեամբ առաջին անգամ շրջանառութեան մէջ կը մտնէ երկ մը, որ կարեւոր սկզբնաղբիւր է իրանահայ գաղթօճախին, յատկապէս` Փերիա, Բուրվառ, Նոր Ջուղա գաւառներու պատմութեան եւ ընդհանրապէս Իրանի ուշ միջնադարի պատմութեան ուսումնասիրութեան համար:

Գիրքի աշխարհաբար թարգմանութեան աշխատանքներուն մասին զեկոյցով հանդէս եկաւ Մատենադարանի աւագ գիտաշխատող Թամարա Մինասեանը: Ան նշեց, որ «Հանգիտագիրք»-ը մեզի հասած է երկու ձեռագրով: Բնագիրը Նոր Ջուղայի ձեռագրատան մէջ պահուող թիւ 654 մատեանն է: Երկրորդ մատեանը կը պահուի Մատենադարանի մէջ, որ 1945-1946 թուականներուն Ջուղայի ձեռագրէն ամբողջութեամբ ընդօրինակած է իրանահայ բանասէր Լեւոն Մինասեանը:

Շնորհահանդէսի աւարտին Հայաստանի մէջ Իրանի դեսպանատան առաջին քարտուղար Հոսէյն Շիրխանին դեսպանին անունով իրանական զարդանաշխերով գորգ նուիրեց Մատենադարանին:

Յարութիւն Խաչատրեան Հրաժարեցաւ «Ոսկէ Ծիրան» Փառատօնի Տնօրէնի Պաշտօնէն

«Ոսկէ ծիրան» Երեւանի միջազգային փառատօնի մամլոյ կեդրոնը կը տեղեկացնէ, թէ փառատօնին տնօրէնը` Յարութիւն Խաչատրեան, նոր ֆիլմաշարի պատրաստութեան աշխատանքներուն  ծանրաբեռնուածութեան պատճառով եւ իր դիմումին համաձայն, հրաժարեցաւ «Ոսկէ ծիրան» փառատօնի տնօրէնի պաշտօնէն:

Աղբիւրը կը յայտնէ նաեւ, որ փառատօնի հիմնադիր խորհուրդին որոշումով «Ոսկէ ծիրան» փառատօնի տնօրէն նշանակուած է փառատօնի գեղարուեստական տնօրէն, շարժապատկերի մասնագէտ Սուսաննա Յարութիւնեանը:

«Տորաութ Սթուտիօ» Ճարտարապետական Ընկերութիւնը Պիտի Զբաղի Հադրութի Քաղաքաշինական Զարգացման Ծրագիրներով

Հադրութ քաղաքին մէջ սեպտեմբերին բացուեցաւ «Տորաութ սթուտիօ» ճարտարապետական ընկերութիւնը:

«Արցախփրէս»-ը կը հաղորդէ, որ ընկերութեան հիմնադիր տնօրէն Նինա Ներսէսեանը ըսած է, որ ընկերութեան բացման հիմնական նպատակն է Հադրութ քաղաքի քաղաքային կենսապատկերին, ինչպէս նաեւ համանուն շրջանի այլ բնակավայրերու կայուն քաղաքաշինական զարգացումը` իբրեւ հիմք ընդունելով թէ՛ իր հիմնած կազմակերպութեան աշխատակիցներուն աշխուժութիւնը եւ թէ՛ հետագայ համագործակցութիւնը արտերկրի յառաջադէմ կազմակերպութիւններու հետ:

«Հադրութի քաղաքային զարգացումը կատարուած է քանի մը փուլով, եւ անոնցմէ անհրաժեշտ է յստակ տարբերել 19-րդ դարու ցարական շրջանի ճարտարապետութիւնը, խորհրդայինը եւ ժամանակակիցը: Ասոնք երեք ամբողջովին տարբեր ժամանակաշրջաններ են, որոնք կ՛ամփոփեն  տուեալ ժամանակներու բնորոշ ճարտարապետական լուծումները, եւ անոնք անպայման պէտք է հաշուի առնուին մեր աշխատանքներուն մէջ», ըսած է Ն. Ներսէսեան:

Աւարտելով Ճարտարապետութեան եւ շինարարութեան Հայաստանի ազգային համալսարանը` ան իր ուսումը շարունակած է Իտալիոյ Միլանօ քաղաքի Ճարտարագիտական համալսարանին մէջ:  «Ընկերութիւն բանալու գաղափարը ծագած է մագիստրոսական թեզս ուսումնասիրելու ընթացքին. անիկա կը վերաբերէր Հադրութ քաղաքի հին թաղամասի վերակառուցման», ըսած է արմատներով հադրութցի երիտասարդ ճարտարապետը եւ` աւելցուցած, որ նոյնիսկ կազմակերպութեան անունը ընտրելու ատեն հաշուի առած է Հադրութ քաղաքի աշխարհագրական դիրքը: «Տորաութ» արտայայտութիւնը պարսկերէնէ կը թարգմանուի «միջագետք»: Իսկ Հադրութ քաղաքը, գտնուելով երկու գետերու միջեւ, ըստ Ն. Ներսէսեանի, միջագետք կը յիշեցնէ:

Ուխտագնացութիւն Դէպի Մայր Հայաստան

Սեպտեմբեր 5-ին «Ուխտագնացութիւն դէպի մայր Հայաստան» այցելութեան շրջանակներուն մէջ Հայաստանի մէջ գտնուող պուլկարահայ աշակերտներու եւ ուսուցիչներու խումբը, Պուլկարիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Իսահակ վրդ Պօղոսեանի ղեկավարութեամբ, հիւրընկալուեցաւ Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան կողմէ: Հանդիպման մասնակցած էին նաեւ աշակերտներու ծնողներ եւ պուլկարացի երիտասարդներ:

Սեպտեմբեր 5-ին «Ուխտագնացութիւն դէպի մայր Հայաստան» այցելութեան շրջանակներուն մէջ Հայաստանի մէջ գտնուող պուլկարահայ աշակերտներու եւ ուսուցիչներու խումբը, Պուլկարիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Իսահակ վրդ Պօղոսեանի ղեկավարութեամբ, հիւրընկալուեցաւ Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան կողմէ: Հանդիպման մասնակցած էին նաեւ աշակերտներու ծնողներ եւ պուլկարացի երիտասարդներ:

Սփիւռքի նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեան բարձր գնահատեց հայրենաճանաչութեան միտում ունեցող այս այցելութիւնը: «Սփիւռքի նախարարութիւնը ձեր տունն է, հիւրընկալ օճախ, ուր դուք միշտ սպասուած էք: Հայրենիք եկած էք Հայաստան-սփիւռք համահայկական 6-րդ համաժողովի նախաշեմին, որուն պիտի մասնակցին 1400 հայեր աշխարհի 70 երկիրներէ, եւ որ կ՛ապացուցէ, թէ սփիւռքը ներկայ է մեր երկրի պետականաշինութեան, զարգացման, առաջընթացի գործընթացներուն մէջ: Դուք էք ապագան կերտողները: Մեր հայրենիքը զուրկ է քարիւղէ եւ կազէ, սակայն այն շահեկանօրէն կը տարբերի բազմաթիւ երկիրներէ` իր ստեղծագործ մտքով եւ ներուժով», նշեց Սերժ Սրապիոնեանը: Ան առանձնակի ողջունեց նաեւ հանդիպման ներկայ պուլկարացի երիտասարդները` ընդգծելով, որ մեր երկու ազգերը մնայուն եղած են բարեկամներ եւ գործընկերներ:

Իսահակ վրդ. Պօղոսեանը շնորհակալութիւն յայտնեց նախարար Հրանուշ Յակոբեանին, սփիւռքի նախարարութեան աշխատակիցներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք կը նպաստեն ու կ՛աջակցին Հայաստան-սփիւռք գործակցութեան ամրապնդման, սփիւռքի մէջ հայ ինքնութեան, մշակոյթի, մայրենիի պահպանման: «Դէպի հայրենիք այս ուխտագնացութեան նպատակը Հայաստանի քաղցրութիւնը, հայրենի հողի ուժը զգալն է: Երբ կը տեսնեմ այս պատանիներուն, երիտասարդներուն ոգեւորութիւնը, կը հասկնամ, որ ոչ մէկ ջանք ի զուր չէ տարուած», յայտնած է Իսահակ վրդ Պօղոսեանը:

Այնուհետեւ պուլկարահայ պատանիները պատմեցին իրենց տպաւորութիւններուն եւ զգացողութիւններուն մասին:

Հանդիպման աւարտին հիւրերը ողջունեց Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանը եւ զանոնք հրաւիրեց մասնակցելու նախարարութեան ծրագիրներուն:

Պատանիները նշեցին, որ յաջորդ անգամ Հայաստան պիտի գան «Արի տուն»-ի շրջանակներուն մէջ:

Խաչարձանցի Փոքրիկները Գրենական Պիտոյքներ Ստացան Արժանթինահայերէն

Տաւուշի մարզի Խաչարձան գիւղը բնակեցուած է 1990-ականներու սկիզբը` Ազրպէյճանէն գաղթած հայերով: Գիւղին մէջ բարերարներու աջակցութեամբ, տարբեր տարիներու կառուցուած են ոռոգման համակարգ, խաչքար, դպրոց, մարզահամալիր, խաղահրապարակ, ջերմոցներ:

Այս անգամ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի արժանթինահայ բարերարները` Կալչիեան եւ Աւագեան ընտանիքները, գիւղի դպրոցի բոլոր` 56 աշակերտներուն նուիրեցին ուսապարկեր, որոնց մէջ կային ուսանողութեան տարուան համար անհրաժեշտ բոլոր գրենական պիտոյքները:

Կալչիեան եւ Աւագեան զոյգերը առաջին ծրագիրը չէ, որ կ՛իրականացնեն Խաչարձանի մէջ: Գիւղը մնայուն անոնց ուշադրութեան մաս կը կազմէ: Գիւղացիներուն մէկ մասը այս ընտանիքներուն ֆինանսաւորման շնորհիւ` ջերմոցներ ունի, ուր կ՛աճեցնեն` լոլիկ, սմբուկ, վարունգ, պղպեղ:

Իբրեւ շնորհակալութիւն, գրենական պիտոյքներու նուիրաբերման աւարտին, գիւղացիները արժանթինահայերուն հիւրասիրեցին ջերմոցներուն մէջ աճեցուած բանջարեղէնով:

Անդրադարձ. Հայաստանը Երկրագործակա՞ն, Ճարտարարուեստակա՞ն, Թէ՞ Այլ Բնագաւառի Երկիր

$
0
0

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

24 oգոստոս 2017-ի ՀՀ կառավարութեան ժողովին ընթացքին վարչապետ Կարէն Կարապետեան ժողովին ուշադրութեան յանձնեց հետեւեալը. «Համաձայն հողային հաշուեկշռի տուեալների, հանրապետութեան ոռոգելի հողատարածքները կազմում են շուրջ 208 հազար հեկտար, սակայն վերջին տարիներին փաստացի ոռոգուող հողատարածքները տատանւում են 90-130 հազար հեկտարի սահմաններում: Կատարուած վերլուծութիւններից հետեւում է, որ ոռոգուող եւ ոռոգելի հողատարածքների այդպիսի տարբերութիւնը յատկապէս պայմանաւորուած է հողային եւ ջրային ռեսուրսների (միջոցներու), ինչպէս նաեւ ոռոգման ենթակառուցուածքների հնարաւորութիւնների ոչ արդիւնաւէտ օգտագործմամբ, ինչն անթոյլատրելի է որդեգրուած գիւղացիական տնտեսութիւնների զարգացման ծրագրերի պայմաններում» (1), (1 հեկտար= 10 հազար քառ. մեթր):

23 Դեկտեմբեր 2016-ին հրապարակուած «ՀՀ 2014-ի գիւղատնտեսական համատարած հաշուառման հիմնական արդիւնքները (2)

Կ՛արժէ նշել սակայն, որ, ըստ ՀՀ Ազգային վիճակագրական ծառայութեան, Հայաստանը ունի 2,1 միլիոն հեկտար երկրագործական հողատարածք` հանրապետութեան տարածքին 72 տոկոսը, որուն մեծամասնութիւնը, սակայն, լեռնային արօտավայրեր են: Կը զարմանամ, որ իրականութենէն անտեղեակ` կարգ մը բանաստեղծներ «քարքարուտ երկիր» կ՛որակեն Հայաստանը, յատկապէս` «Երազ իմ երկիր հայրենի» հանրայայտ երգին մէջ, եւ այս երգի բառերուն հեղինակը, երգողները եւ ծափահարողները բոլորը ակամայ կը մեղանչեն մեր դալար հայրենիքին հանդէպ` տեսնելով միա՛յն 28 տոկոս ոչ դալար տարածքները… Արդեօք աշխարհի երեսին քանի՞ լեռնային երկիր ունի 72 տոկոսէն աւելի երկրագործական հողատարածք:

Մշակելի հողերը կը կազմեն 480 հազար հեկտար` որուն 452 հազար 900 հեկտարը հերկելի հողեր (3): Այստեղ հակասութիւն կայ վարչապետին տուեալներուն մէջ, սակայն հաւանաբար «ոռոգելին» է այս մեծ տարբերութեան պատճառը: Միւս կողմէ` նաեւ հակասութիւն կը նկատուի վերոնշեալ, նոյնպէս ՀՀ Ազգային վիճակագրական ծառայութեան պատրաստած տեղեկագիրին` «ՀՀ 2014-ի գիւղատնտեսական համատարած հաշուառման հիմնական արդիւնքները»-ուն հետ, ուր գիւղատնտեսական հողերը 513 հազար հեկտար կը կազմեն: Ո՞րն է իրական պատկերը:

Երկիր մը, որուն 72 տոկոսը երկրագործական կարողականութիւն ունի, կը դասուի իբրեւ ԵՐԿՐԱԳՈՐԾԱԿԱՆ ԵՐԿԻՐ: Պէտք է ընդունիլ եւ համոզուիլ, որ Հայաստանը, իր բոլոր շրջանները նկատի առած, հիմնականին մէջ, ընկերաբանական սահմանումով, «ագարակային ընկերութիւն» է (agrarian society) (4) եւ կը պահանջէ համապատասխան ուշադրութիւն եւ քաղաքականութիւն: Նաեւ` ջուրով հարուստ, ըստ ՖԱՕ-ի (Պարէնաւորման եւ երկրագործական միջազգային կազմակերպութիւն) Հայաստանը անձ գլուխ տարեկան ունի 2780 խորանարդ մեթր (2780 հազար լիթր) օգտագործելի ջուր (5):

Ամէն գնով, արդիական միջոցներով պէտք է պահպանել դարուս ամէնէն թանկագին նիւթերէն` մեր ջուրի պաշարը, յաւելեալ ջրամբարներ եւ ջրելեկտրակայաններ կառուցելով: Կաթիլային դրութեամբ ոռոգել արտերը` առաւելագոյնս օգտագործելով աւելի բարձր ջրամբարներէ մղուող բնական հոսքով ջուրը` նուազեցնելով ելեկտրականութեամբ կամ վառելանիւթով բանող ջրմուղ սարքերու գործածութիւնը: Այս ուղղութեամբ որոշ աշխատանքներ կը կատարուին արդէն, սակայն պէտք է առաւելագոյն արդիւնաւէտութեամբ հասցնել այս բնագաւառը:

Հայկական բանակէն եւ ռազմական հզօրացման առաջադրանքէն ետք, երկրագործութիւնը, ներառեալ` անասնաբուծութիւնը եւ ջրային պաշարի լաւագոյնս կառավարումը, պէտք է դասուի, հանրապետութեան երկրորդ կարեւորագոյն բնագաւառը: Վերջին տարիներուն այս ուղղութեամբ գնահատելի աշխատանք կը կատարուի, փաստը` վարչապետին վերոնշեալ ելոյթը:

Գիւղատնտեսական ուսանողներու գործնական աշխատանք

Սակայն նկատելի է, համաժողովրդային եւ պետական առումով, այս բնագաւառի մասնագիտութեան հանդէպ համապատասխան շեշտադրումի պակասը` բաղդատելով համակարգչային մարզին հետ: Երկրին նախագահը եւ վարչապետը քանիցս այցելեցին «Թումօ» կեդրոններ, որոնց մասնաճիւղերը օրէ օր կը տարածուին Հայաստանի եւ Արցախի զանազան շրջաններուն մէջ: Նկատելի է բացառիկ` անբնական խանդավառութիւն, քաջալերանք եւ հիացում…

Եթէ մեր պատանիները եւ երիտասարդութիւնը ապագային գրասենեակներու մէջ համակարգիչին առջեւ նստած աշխատանք պիտի տանին, ո՞վ պիտի մշակէ հողերը, ո՞վ պիտի արածէ հօտերը եւ արջառը, ո՞վ պիտի զբաղի երկրագործութեամբ, ո՞վ պիտի ապահովէ երկրին անվտանգ պարէնաւորումը… Լիբանանի եւ Յորդանանի նման` արտերկրէն բանուորնե՞ր պիտի ներածենք: Արդեօք բոլորը պիտի կարենա՞ն աշխատանք գտնել Հայաստանի մէջ, թէ՞ ուղղակի կամ անուղղակի կերպով ճամբայ կը հարթենք դէպի արտասահման արտագաղթի, ուր համակարգչային մասնագէտներուն պահանջը մեծ է:

Վերոնշեալ տուեալները նկատի առնելով` իրողութիւնը եւ տրամաբանութիւնը կը պարտաւորեցնեն հիմնելու նաե՛ւ երկրագործական եւ ագարակային ծրագիրով «Թումօ»-ի նման կեդրոններ` Հայաստանի եւ Արցախի տարածքին արդիական երկրագործական եւ ագարակային նախնական գիտելիքներ ջամբելու մեր պատանիներուն եւ երիտասարդներուն, զանոնք մղելով ա՛յս ասպարէզին, պահելով զանոնք իրենց հողին վրայ: Արդի հողագործութեան մէջ նաեւ համակարգիչի օգտագործումը մեծ դերակատարութիւն ունի` օդերեւութաբանութիւն, հողի խոնաւութեան աստիճան, կաթիլային ոռոգումի եւ այլ աշխատանքներու ինքնաշխատ սարքերու կառավարում, եղանակային ծրագրաւորում, ջերմոցներու ինքնաշխատ կառավարում եւ այլն: Անհրաժեշտ է պահպանել եւ աւելցնել այժմու երկրագործութեամբ զբաղող ժողովուրդին թիւը` ապահովելով նաեւ ապագայի հողագործը եւ ագարակապանը:

«Երկրագործութիւն մէկ բեռնարկղէ»` արեւային ուժանիւթով, համակարգիչով եւ «Ուայ Ֆայով» կառավարուող, 8 հազար քառ. մեթր հողի վրայ, կ՛ապահովէ 150 անձի տարեկան երկրագործական սնունդը (7), (8)

Կրնամ սխալած ըլլալ, սակայն պետութեան կողմէ նոյն խանդավառութիւնը նկատելի չէ Հայաստանի Ազգային ագրարային համալսարանի երկրագործութեան մասնագիտութիւնը ընտրած ուսանողներուն հանդէպ: Համալսարանը ունի հինգ մասնաճիւղեր` Երեւանի, Վանաձորի, Սիսիանի, Շիրակի եւ Շուշիի (Արցախ) մէջ` եօթը բաժանմունքներով, իւրաքանչիւրը իր կարգին յատուկ մասնագիտութեան ենթաբաժանումներով` 1. Գիւղատնտեսութիւն, 2. Պարէնամթերքի ճարտարարուեստ, 3. Ջուրի բարելաւման, հողամշակման եւ կալուածաչափութեան, 4. Գիւղատնտեսութեան մեքենականացման եւ փոխադրութեան, 5. Անասնաբուժական բժշկագիտութիւն եւ անասնաբուծութիւն, 6. Գիւղատնտեսական առեւտուր եւ շուկայագիտութիւն եւ 7. Տնտեսագիտութիւն (6):

Փաստօրէն երկրագործական ուսանողներու վերի նկարը միա՛կ նկարն է, որ գտայ համացանցին վրայ, այդ ալ համալսարանի կայքէջէն: Թէպէտ կայքէջի նկարներու բաժինը հարուստ է իր 17 էջերով, իւրաքանչիւր էջ` շուրջ 100 լուսանկարներով, սակայն` տարօրինակ է 1700 նկարներուն մէջ միա՛յն մէկ նկարի գոյութիւնը` երիտասարդ համալսարանականներու հողի՛ն վրայ կատարած գործնական աշխատանքին… Կարելի չեղաւ ստուգել տարեկան այս մասնագիտութիւնները ընտրող ուսանողներուն թիւը, սակայն, ըստ երեւոյթին, բարեբախտաբար մեծ է անոնց թիւը:

Հողին կառչած, սահմանամերձ Բերքաբեր գիւղի Վարդանեան ընտանիքին ջերմոցը (9)

Բոլոր տուեալները կ՛ապացուցեն, որ գիւղատնտեսութեան մարզը տակաւին իր կարողականութեան միայն շուրջ 30 տոկոսը կ՛օգտագործէ` հսկայական անսպառ ասպարէզ ընծայելով ներկայի եւ ապագայի սերունդներուն, յատկապէս` մայրաքաղաք Երեւանէն դուրս ապրող մեծամասնութեան համար: Պէտք է գրաւիչ դարձնել երկրագործական ասպարէզը իր զանազան ճիւղաւորումներով` երիտասարդ հայը հողին կապող եւ արտագաղթը, հայրենալքութիւնը կասեցնող, նաեւ հայրենադարձութիւն ապահովող այս բնագաւառը, ժողովուրդը ի՛ր բնակավայրին մէջ պահելու արմատացնելու` իբրեւ բնական ու պահանջուած ասպարէզ:

19-րդ դարու ճարտարարուեստական յեղափոխութեան պատճառով գիւղերէն մայրաքաղաք աշխատաւորներու հոսքը դասական վարակ մըն էր, որմէ կրցան ձերբազատիլ աշխարհի զարգացած երկիրները` շնորհիւ երկրի բոլոր շրջաններու զարգացման տնտեսական եւ ընկերային քաղաքականութեան: Երկրորդ եւ երրորդ կարգի դասուած երկիրները տակաւին կը տառապին դէպի գլխաւոր քաղաքներ ժողովուրդի հոսքէն եւ արտագաղթէն: Հայաստանը դժբախտաբար կը գտնուի երկրորդ դասակարգին մէջ, ոչ թէ` ճարտարարուեստի յեղափոխութեան պատճառով, այլ` վերանկախացումէն ետք փոքրաթիւ անհատներու կողմէ հայրենիքին հարստութիւնը, տնտեսական կարողականութիւնը վայրագ կերպով յափշտակելու մոլուցքին հետեւանքով եւ երկրի ընդհանուր բարգաւաճման, զարգացման եւ հայրենադարձութեան քաղաքականութեան բացակայութեան պատճառներով:

Գնահատելի է այս կառավարութեան կողմէ բոլոր մարզերը զարգացնելու շեշտուած քաղաքականութիւնը եւ տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարարութեան ցարդ կատարած եւ կատարուող աշխատանքը: Գնահատելի է նաեւ կարգ մը հայաստանեան ձեռնարկութիւններու կողմէ երկրագործական ենթակառուցուածքներու տեղական արտադրութիւնը, ինչպիսիքն են` կաթիլային ոռոգումի խողովակներն ու սարքերը եւ երկրագործութեան յատուկ ջրաբաշխումի այլ պիտոյքները: Զուգահեռ կերպով պէտք է ստեղծուին երկրագործութեան եւ անասնաբուծութեան պահանջները մատակարարող գործարաններ եւ ծառայութիւններ`  առաւելագոյնս արտադրելու երկրագործական եւ ագարակային տնտեսութեան համար պիտանի լրացուցիչ բոլոր սարքերը, կազմածները, գործիքները եւ մեքենաները:

Այս ուղղութեամբ, հետաքրքրական է վերեւ երեւցող «երկրագործութիւն մէկ բեռնարկղէ» դրութիւնը` սկսած Ամերիկայի մէջ, որ 12 ամիս բանջարեղէն կ՛ապահովէ նոյնիսկ սառուցեալ Ալասքայի մէջ: Կ՛արժէ ագրարային համալսարանի ուսանողութեան եւ յատուկ ձեռնարկութիւններու կողմէ նմանօրինակ նախաձեռնութիւններ ուսումնասիրել եւ պատրաստել` արտադրել հայաստանեան եւ արցախեան պայմաններուն յարմարող, համակարգիչով եւ բջիջային ծրագիրներով, գիտելիքներով, երկրագործական ցուցմունքներով եւ գործիքներով համալրուած բեռնարկղներ, կարելի դարձնելով նոյնիսկ գիւղատնտեսութենէ գաղափար չունեցող անհատներուն` դառնալու հողին կառչած մշակներ:

Անյապաղ պէտք է հիմնել երկրագործական եւ ագարակային` «Թումօ»-ի նման կեդրոններ Հայաստանի եւ Արցախի տարածքին, նաեւ` երկրագործութիւնը մտցնել կրթական ծրագիրին մէջ:

2 Սեպտեմբեր 2017

———-

(1) ( http://www.gov.am/am/news/item/13120/ )
(2) ( http://www.armstat.am/file/doc/99501108.pdf )
(3) ( https://en.wikipedia.org/wiki/Agriculture_in_Armenia )
(4) ( http://www.aztagdaily.com/archives/273766 )
(5) ( ftp://ftp.fao.org/agl/aglw/docs/wr23e.pdf )
(6) ( https://www.anau.am/hy/faculties )
(7) ( http://www.farmfromabox.com/ )
(8) ( https://www.curbed.com/2017/1/3/14146788/farm-from-a-box-shipping-container-kit )
(9) ( https://www.youtube.com/watch?v=-GzecorjGBk ) Տեսանիւթ

 

Խաչվերացը Ղարաբաղի (Նուէր` Ղարաբաղի Հերոսներուն)

$
0
0

ԹԱԴԷՈՍ ԵՍԱՅԵԱՆ

Խաչ-Մասունքը ազատագրող` Խաչվերացի օրն է այսօր
Սասնայ Ծոռեր Ղարաբաղի հող-մասունքը տուն կը տանին
Ու Շուշիի ծառերն ամէն կարծես մեն մի սպարապետ
Կ՛աղաղակեն հովի ձայնով «Ղարաբաղը մերն է յաւետ»:

Արձագանգներ կու գան հեռուի դարախօսիկ քար ու քարէն…
Արձագանգներ շարականի մելիքներու մատուռներէն,
Ու վերեւէն ազատն Աստուած կարծես հիմա ծիծառ դարձած`
Տուն կը կանչէ, տուն դէպի տուն` կռունկներուն հեռագնաց…

Գոյն կը տեղայ, բոյր կը տեղայ կանաչորակ մարմանդներէն,
Վարդենիներ երեք գոյնով` կարմիր, կապոյտ, ծիրանագոյն,
Կը ծածանին դրօշի պէս ու շուշաններ բաժակ-բաժակ
Ցօղ կը խմեն կենաց արտէն կենաց սարին հայապատկան…

Երգ է, շուրջպար` սարի լանջին: Եղէգնուտներ հեղ մը սրինգ,
Հեղ մը շեփոր հովի շուրթին` կը ձայնակցին յաղթարշաւին,
Ու Չարենցի հեզաճկուն աղջիկներու «Տուն դարձ» պարին
Կը ղօղանջէ, կը թրթռայ Ղարաբաղի երգը ցնծուն`
Մերն է սարը, մերն է արտը խամսայի հայ մելիքներուն»:

tatiosyessayan@hotmail.com

 

 

Խմբագրական «Նոր Յառաջ»-ի. Խաղաղութեան Հեռանկարը Կը Մնայ Մութ (Արցախի Հանրապետութեան 26-րդ Տարեդարձին Առիթով)

$
0
0

Ժ. Չ.

26 տարի անց Արցախի անկախութեան ձեռքբերումը դեռ կը մնայ արիւնալի, իսկ միջազգային ճանաչումը` հորիզոնին վրայ անտեսանելի: Սակայն Արցախի ժողովուրդին համար յստակ է, որ անկախութեան հռչակումէն ետք ազրպէյճանական գերիշխանութեան վերադարձը այլեւս անկարելի է, որքան ալ Ազրպէյճան պնդէ, որ զէնքով պիտի վերագրաւէ ղարաբաղեան բարձրաւանդակը, որքան ալ միջազգային հաւաքականութիւնը խաղաղութեան գործընթացի ծիրին մէջ անոր համար նախատեսէ միջանկեալ կարգավիճակ մը:

Քաղաքական եւ ռազմական գործողութիւնները ցոյց կու տան, որ կողմերը բնաւ տրամադիր չեն զիջումներ կատարելու: Հայաստան մէկ կողմէ կը յայտարարէ, որ պատրաստ է «ազատագրեալ» եօթը տարածքները յանձնելու, սակայն միւս կողմէ կը շարունակէ ներդրումներ կատարել Արցախի եւ յարակից տարածքներուն մէջ` սփիւռքահայութիւնն ալ մասնակից դարձնելով իր այս նախաձեռնութեան, ինչ որ հողատարածք յանձնելու բոլորովին հակառակ ռազմավարութեան հետապնդում է: Վարչապետ Կարէն Կարապետեան իր պապենական գիւղին մէջ անցուցած ամրան արձակուրդի ընթացքին յայտարարեց, որ իր ընտանիքը 200 հեկտար նուռի այգիի մշակման ներդրում պիտի կատարէ Արցախի «ազատագրեալ» շրջանի մը մէջ: «Հայաստան» հիմնադրամը Հայաստանը Արցախին կապող Վարդենիս-Մարտակերտ երկրորդ մայրուղիին կառուցումը աւարտին հասաւ:

Նոյն տրամաբանութիւնը ի զօրու է Իլհամ Ալիեւի մօտ, որ կը սպառազինուի գերարդիական զէնքերով, անդադար յարձակումներ կը գործէ հասկցնելու համար, որ պատրաստ չէ իր հողային ամբողջականութիւնը զիջելու հայկական կողմին: Սակայն ան ալ միջազգային հասարակութեան եւ յատկապէս Մինսքի խումբին կը յայտարարէ իր պատրաստակամութիւնը` Արցախի հարցը բանակցութեամբ կարգաւորելու:

Այսպէս, իւրաքանչիւր օր ճակատին վրայ` հրացանաձգութիւն, տարբեր տրամաչափի արկերով ռմբակոծում, մեռեալներ, վիրաւորներ… Այս պայմաններու մէջ Հայաստան եւ Արցախ կը դիմադրեն, իսկ Ազրպէյճան կը յարձակի: Ըլլա՛յ Հայաստանի, ըլլա՛յ Ազրպէյճանի ռազմավարութիւնը կը մնայ նոյնը` ձգձգել խաղաղութեան դաշինքի կնքումը` այն յոյսով, որ դիմացինը կը դառնայ ուժասպառ ու կը յանձնուի, կամ ժողովրդային յեղաշրջումի կ՛ենթարկուի: Այսպէս, Ազրպէյճան կը սպասէ, որ Հայաստան տնտեսապէս շնչահեղձ ըլլայ, արտագաղթի հոսքը զօրանայ եւ արդիական սպառազինումով զայն զինուորական պարտութեան մատնէ: Իսկ Հայաստան կը սպասէ Ազրպէյճանի քարիւղային եկամուտներու նուազումին եւ կը յուսայ վարչակարգին փլուզումը ժողովրդային յեղափոխութեամբ կամ պալատական յեղաշրջումով:

Եւ այս խուլ պատերազմին բուն շահողները կը մնան զէնք մատակարարող երկիրները:

 

Յուշատետր. Մեզմէ Վերջ, Մեզմէ Առաջ (Ա.)

$
0
0

Ռ. Հ.

Նշանաւոր խօսք է:
«Ինձմէ վերջ` ջրհեղեղ»:

Այս խօսքը միայն մեզի չի պատկանիր: Բոլոր ժողովուրդներուն կը պատկանի: Որքա՜ն յաճախակի կերպով լսած եմ նաեւ այս նախադասութեան թրքերէնը, մանաւանդ` ֆրանսերէնը: Ինձմէ վերջ` ջրհեղեղ: Հոգս չէ: Կը բաւէ, որ հիմա չըլլայ, իմ օրերուս` չըլլայ: Ինձմէ վերջ ի՛նչ կ՛ուզէ, թող ըլլայ:

Իբր թէ շատ իմաստուն խօսք մըն է այս, որ սակայն հարիւր տոկոս եսասիրութիւն կ՛արտայայտէ, նաեւ կ՛անդրադառնայ հարցի մը, որ մեզ խորապէս պէտք է տառապեցնէ:

Եսասիրութիւն: Հարիւր տոկոս: Աղէտը աղէտ չէ, եթէ ես պիտի չտեսնեմ, եթէ ինծի վնաս պիտի  չպատճառէ: Այսպէս կը մտածէ մարդ: Եւ իրաւացի է: Ի՛նչ եսասիրութիւն: Մարդը ի՞նչ յանցանք ունի, երբ այսպէս կը մտածէ: «Ինձմէ վերջ` ջրհեղեղ» ըսելը չի նշանակեր մաղթել` որ իրմէ վերջ ջրհեղեղ պատահի, չի նշանակեր անէծք տեղացնել գալիք սերունդներուն վրայ: Ասիկա պարզապէս կը նշանակէ մաղթել, որ իր ապրած օրերուն ջրհեղեղ մը չպատահի, կամ տարբեր տեսակէ աղէտ մը չպատահի:

Աղէտալի կացութիւններ կան, որոնց  մասին երբ ահազանգ կը հնչեցնեն, կամ` որոնց մասին երբ  կը խօսին սեւ կանխատեսութիւններով, կ՛ըսենք անպայման.

– Ես չտեսնեմ:

Իսկապէս: Չտեսնե՛նք այդպիսի սեւ օրեր: Երբ «ես չտեսնեմ» կ՛ըսեմ, կ՛ուզեմ այդ «ես»-ին մէջ տեսնել նաեւ իմ բոլոր սիրելիներս, իմ բոլոր բարեկամներս, նոյնիսկ` ինծի անծանօթ դրացիներ, կամ համայն մարդկութիւնը: Անոնք ալ չտեսնեն, անոնք ալ չապրին այդ աղէտը: Եթէ օր մը աղէտ մը պիտի պատահի, ատիկա թող պատահի ուրիշ ատեն մը, ինծի անծանօթ մարդոց համար, թէեւ ես այդ անծանօթ մարդոց համար ալ չարիք չեմ ցանկար: Բայց այդ «ուրիշ ատեն»-ը զիս չի խոցեր, սիրտս չի ցաւցներ: Կարծես` այդ «ուրիշ ատեն»-ը իրականութեան մէջ գոյութիւն չունեցող ատեն մըն է: Կրնանք անոր մասին խօսիլ առանց ձեռնոցի, առանց աջը-ձախը մտածելու:

Բայց ամէն անգամ որ ես կը լսեմ սա թախծոտ «Ինձմէ վերջ` ջրհեղեղ» նախադասութիւնը, միտքս կը բաժնուի երկու մասերու: Առաջին մասը կը մտածէ «ինձմէ առաջ»-ին մասին, երկրորդը կը մտածէ «ինձմէ վերջ»-ին մասին:

Եկէք` յոգնակիի վերածենք սա երկու մտածողութիւնները:

Մեզմէ առաջ:
Մեզմէ վերջ:

Աստուա՛ծ իմ, եթէ կեանքի խորհուրդներուն կը նայինք, երբեմն, երբեմն եթէ այդ խորհուրդներուն նայելով` կը թաղուինք վերլուծական կամ փիլիսոփայական մտածումներու մէջ, այն ատեն որքան յաճախակի մտածումներու մէջ, այն ատեն որքան յաճախակի կերպով պէտք է գործածենք սա` «մեզմէ վերջ» ասութիւնը: Մեզմէ վերջ կեանքը պիտի շարունակուի: Մեզմէ վերջ մարդիկ պիտի ապրին: Մեզմէ վերջ նորանոր սերունդներ նոր կեանքի պիտի սկսին, մեզմէ վերջ Մայր Բնութիւնը դարձեալ  պիտի հմայէ մարդիկը, մարդիկ պիտի նային ծառերուն, ամպերուն, ծովուն, ծաղիկներուն ու պիտի ըսեն, թէ ապրիլը որքա՛ն լաւ բան է: «Մեզմէ վերջ»-ը շատ տխուր բան մը ունի իր մէջ, բայց վարժուած ենք այդ տխրութեան: Որքան ալ մեր սիրտը ցաւի այն մտածումով, թէ մեզմէ վերջ ալ կեանքը պիտի շարունակուի ու մենք պիտի չտեսնենք, ասիկա տանելի տառապանք մըն է: Ապագայէ զրկուելու այս զգայնութիւնը արդէն այն մեծագոյն ողբերգութիւնն է, որ առաջին վայրկեանէն խմորուած է մեր գոյութեան հետ: Մեր գոյութեան շաղախը կը կազմէ այդ ողբերգութիւնը, ապագայի մասին մեր բոլոր մտածումներուն սեւ պղպեղն է ան` այրող, խայթող, սիրտ ծակող:

Բայց «Մեզմէ վերջ»-ը ունի, կամ պէտք է ունենայ եղբայր մըն ալ, որուն մասին շատ չենք մտածեր: «Մեզմէ առաջ»-ն է այդ: Եթէ կայ «Մեզմէ վերջ» մը, կը մոռնանք, որ կայ  նաեւ «Մեզմէ առաջ» մը: Մեզմէ առաջ ալ կեանքը գոյութիւն ունեցած է, անհաշիւ ժամանակէ ի վեր անհաշիւ մարդիկ ապրած են մեզմէ առաջ ալ, մեզմէ առաջ ալ մարդիկ` ով գիտէ, որքան յաճախ ըսած են. «Մեզմէ վերջ` ջրհեղեղ»: Իրենց այդ «Մեզմէ վերջ»-ը մենք էինք:

Աստուա՛ծ իմ, դուք կը հաւատա՞ք, որ մեզմէ առաջ այսպիսի կեանք մը գոյութիւն ունեցած է, այս երկրագունդին վրայ: Դուք կը հաւատա՞ք: Ես ո՛ւր որ է, պիտի չհաւատամ: Ի՞նչ: Այս երկրագունդը գոյութիւն ունէր միլիոնաւոր տարիներէ ի վե՞ր: Ի՞նչ: Հազար տարի առաջ մարդի՞կ կ՛ապրէին երկրագունդին վրայ: Դուք կը հաւատա՞ք, որ իրաւ են այն առարկաները, որոնք թանգարաններու մէջ կը ցուցադրուին` որպէս մեզմէ առաջուան կեանքի վկայութիւններ: Դուք կը հաւատա՞ք այն պատկերներուն, որոնք տպուած են պատմութեան գիրքերու մէջ, կամ կը հաւատա՞ք անցեալի քաղաքական ու ընկերային հեքիաթներուն, որոնց մասին դպրոցը մեզի  կը խօսէր մեր պատմութեան ուսուցիչը: Մեզ չէի՞ն խաբեր, մեզմէ առաջ ինչպէ՞ս կրնար գոյութիւն ունեցած ըլլալ կեանքը, եթէ մենք չկայինք: Այո՛, ես կարծես պիտի չհաւատամ, որ մեզմէ առաջ կեանք կար: Կեանքը մեզմով չէ՞ սկսած:

Է՛հ,  բոլորս ալ  ծննդեան թուական մը ունինք: Մեր կեանքը սկսաւ այդ թուականին: Անկէ առաջը գոյութիւն ունէ՞ր:

rh@normarmara.com

 


11 Սեպտեմբեր 2001-ին Սանձակոտոր Մոլեգնեցաւ Միջազգային Ահաբեկչութեան Եւ Հակաահաբեկչութեան Խելայեղ Ոլորապտոյտը

$
0
0

Ն. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Դարձեալ 11 սեպտեմբեր է, եւ ողջ մարդկութեան հետ հայութիւնը եւս զարհուրանքով կը յիշէ 16 տարի առաջ Նիւ Եորքի մէջ գործուած մոլեգին ահաբեկչութեան ահաւոր ողբերգութիւնը:

2001 թուականի սեպտեմբեր 11-ի այս օրը աննախընթաց բնոյթի յարձակում մը գործուեցաւ Նիւ Եորքի Համաշխարհային առեւտուրի կազմակերպութեան կեդրոնատեղիին երկնաքեր զոյգ աշտարակներուն դէմ:

Ոչ միայն անմոռանալիօրէն ցնցիչ եղան ահաբեկչական գործողութեան ահաւորութիւնը, վայրկեանը վայրկեանին արարաշխարհին փոխանցուող լուսանկարներն ու տեսաժապաւէնները, այլեւ` անոնց պատեհ թէ անպատեհ առիթներով շարունակական յիշեցումները, փաստօրէն, մնայուն մղձաւանջը դարձան ողջ մարդկութեան` երկրագունդի բոլոր ծագերուն:

Ժամանակակից մարդկութեան յիշողութեան պաստառին աջնջելիօրէն քանդակուած կը մնան պատկերները`

– Դրամատիրական աշխարհի ելեւմտական հզօրութիւնը խորհրդանշող զոյգ աշտարակներուն մէջ բառացիօրէն մխրճուող օդանաւերուն,

–  Երկնակամարը քերող շէնքերու բարձունքին բռնկած հրդեհներուն եւ ամբողջ հորիզոնին վրայ տարածուած ծխածածկոյթին,

– Խաւաքարտէ տուփերու պէս փլուզուող շէնքերուն եւ օգնութեան փութացող հրշէջներուն եւ փողոցի խուճապահար մարդոց շրթներուն եւ դէմքերուն յայտնուած զարհուրանքի արտայայտութիւններուն…

Նոյնպէս` սեպտեմբեր 11-ի ահաբեկչութեան խլած հազարաւոր զոհերուն եւ գործած քանդումին ու հասցուցած նիւթական մեծ կորուստին վերաբերեալ տեղեկութիւնները, իրենց կարգին` ցնցիչ, անջնջելիօրէն դրոշմուած կը մնան մարդոց յիշողութեան մէջ:

Բայց 11 սեպտեմբեր 2001-էն 16 տարի ետք, երբ կը վերյիշենք այդ բոլորը, արդէն միայն 11 սեպտեմբերի ողբերգութեամբ չեն սահմանափակուիր մեր մտածումներն ու ապրումները:

11 սեպտեմբերի խլած զոհերուն ու պատճառած կորուստներուն համար ցաւելու եւ կատարուած յանցագործութիւնը դատապարտելու համընդհանուր տրամադրութեան վրայ գումարուելու կու գայ ահաւորութիւնը այն հակահարուածին, որ օրին Մ. Նահանգներու նախագահ Ճորճ Պուշի վարչակազմին շղթայազերծած հակաահաբեկչական արշաւով հասցուեցաւ թէ՛ նոյնինքն ամերիկացիներուն, թէ՛ ամբողջ աշխարհին:

Իբրեւ այդպիսին, սեպտեմբեր 11-ը պատշաճ պահն է ընդգծելու եւ դատապարտելու միջազգային ահաբեկչութեան եւ հակաահաբեկչութեան շարունակուող ալիքին եւ անոր մոլեգին ծայրայեղութիւններուն մասին:

Այսօր պահն է, մանաւա՛նդ, ոգեկոչելու զոհերն ու կորուստները ոչ միայն 2001-ի նիւեորքեան ողբերգութեան, այլեւ այնուհետեւ, մինչեւ մեր այս օրերը, ամէն քայլափոխի կրկնուած նորօրինակ ահաբեկչութեանց, որոնց պատճառած ցաւն ու զարհուրանքը անդարմանելիօրէն խոր են եւ ցնցիչ:

Բայց նաեւ 11 սեպտեմբեր 2001-ի ողբերգութենէն, ներկային եւ ապագային հաշուոյն, անհրաժեշտ դասերը քաղելու պահն է այսօր, որպէսզի 21-րդ դարու երկրորդ տասնամեակն ալ երեք տարիէն աւարտող ողջ մարդկութիւնը կարենայ քաղաքակիրթ միջոցներով լուծել իր կեանքն ու համերաշխ զարգացումը խանգարող բոլոր դժուարութիւններն ու հակադրութիւնները, ըլլան անոնք հասարակական, կրօնական, ազգային թէ աշխահաքաղաքական:

Այդ առումով, ոսկի առիթ մը կորսնցուց ողջ մարդկութիւնը, երբ 11 սեպտեմբեր 2001-ի յանցագործութիւնը միահամուռ դատապարտանքի արժանացնելէ ետք չկրցաւ իր միասնականութիւնը տարածել չարիքը դիմագրաւելու ճակատին վրայ եւս:

Ահաբեկչութեան հակաահաբեկչութեամբ պատասխանելու ամերիկեան կամակորութիւնը փաստօրէն լուսանցքային դերակատարութեան մղեց չարիքը իր արմատէն դիմագրաւելու եւ բուժելու միջազգային ողջմտութիւնը:

Մ. Նահանգներու վարչակազմը աշխարհը ուզեց բաժնել ահաբեկիչներու եւ հակաահաբեկիչներու ու, փաստօրէն, պարտադրեց իր կամքը անխտիր բոլորին` պայթունավտանգ պատերազմի հրդեհներ վառելով աշխարհի տարածքին քիչ մը ամէն տեղ:

Մոլեռանդ եւ անհակակշռելի ահաբեկչութեան Չարիքը արմատախիլ ընելու ողջմիտ ճամբան չ’անցնիր ամէնուր թշնամիներ փնտռելու ծայրայեղականութենէն: Ամէն կարգի` կրօնամոլական թէ գաղափարամոլական, ազգայնամոլական թէ ցեղապաշտական արմատականութեան չարիքին դէմ պայքարը, յատկապէս 21-րդ դարուն, կը պահանջէ ամէն կարգի անհաւասարութիւններն ու անարդարութիւնները, քաղաքակրթական հ-մընդհանուր գործակցութեամբ, մերձեցման առաջնորդելու եւ հարթելու ողջմտութիւնը` բառին ամէնէն ընդգրկուն եւ մարդկայնակա՛ն իմաստով:

Բայց 11 սեպտեմբեր 2001-էն ետք պատահեցաւ ճիշդ հակառակը. միջազգային «օրինականութիւն» ստացաւ արմատականութեան եւ ծայրայեղականութեան միջեւ անհաշտ պատերազմի շղթայազերծումը, որ փաստօրէն պատճառ դարձաւ քաղաքակիրթ մարդկութիւնը աւելի ու աւելի հեռացնելու երկրագունդը իբրեւ իր ընդհանուր տունը ընկալելու եւ բարեկարգելու փրկարար ուղիէն: Այդպէ՛ս, 11 սեպտեմբեր 2001-ին սկսաւ, բայց դեռ վերջ չէ գտած միջազգային մոլեռանդ ահաբեկչութեան եւ հակաահաբեկչութեան խելայեղ ոլորապտոյտը, որուն մէջ այսօր կը գալարուի ողջ մարդկութիւնը:

Այսօրուան երկրագունդը, յատկապէս` Մերձաւոր Արեւելքն ու արաբական աշխարհը, ամէնօրեայ յաճախանքը կ՛ապրին մոլեռանդ ահաբեկչութեան արիւնալի, այլեւ կատաղած ուրուականին:

Քաղաքակիրթ աշխարհի ինքնակոչ «ոստիկան»-ը դարձած Սպիտակ տունը, անկախաբար Մ. Նահանգներու պետական ղեկը ստանձնած քաղաքական ուժի բնոյթէն, մինչեւ մեր օրերը կը շարունակէ ըստ կամս հրդեհներ վառել աշխարհի չորս ծագերուն, յատկապէս` Մերձաւոր Արեւելքի մէջ, ուր կեդրոնացած է ինչպէս մահմետական աշխարհի արմատական ու ծայրայեղական ուժերուն ծանրութեան կեդրոնը, այնպէս ալ` համաշխարհային տնտեսութեան քարիւղի պաշարներուն առիւծի բաժինը…

11 սեպտեմբեր 2001-էն սկսեալ քաղաքակիրթ մարդկութիւնը կ’ապրի խորագոյն եւ ահաւոր անձկութիւնը նոր աշխարհամարտի մը անխուսափելիութեան:

Ահաւորը այն է, որ նոյնինքն ամերիկեան քաղաքականութիւնը կը փութայ զէնք ու նիւթական կռուաններ տրամադրելու կրօնամոլ արմատականութեան դիրքերէ` իբր թէ «գարուն»-ներ խոստացող ահաբեկչական խմբաւորումներու: Արդէն անարդարանալիօրէն սերտաճման մէջ են մէկ կողմէ մոլեռանդ գաղափարախօսութեամբ հոս ու հոն սունկի պէս բուսնող ահաբեկչութեան բոյները, իսկ միւս կողմէ պետական ահաբեկչութեան վտանգը նորանոր ծայրայեղութեանց առաջնորդող երկիրներն ու կառավարութիւնները:

Ահաւոր հակասութիւն մըն է նաեւ այն իրողութիւնը, որ հակաահաբեկչական միջազգային գրոհի յառաջապահ դիրքերուն յայտնուած են Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի օրինակով պետութիւններ, որոնց հետեւողականօրէն գործած ցեղասպանական ոճիրներն ու ազգային հողի վրայ «մաքրազտման» յանցագործութիւնները դեռ չեն արժանացած համապատասխան գնահատականի, չեն ստացած միջազգային անհրաժեշտ պատասխանն ու իրաւական արդար պատիժը:

11 սեպտեմբեր 2001-ի ողբերգութեան տարելիցը ողջ մարդկութեան հետ ոգեկոչելով` պահանջատէր հայութիւնը նաեւ այսօրուան եւ վաղուան հաշուոյն կ’ապրի մղձաւանջը այս աստիճան դառն ու տխուր յիշողութիւններու եւ դաժան ու զարհուրելի ապրումներու:

Ի վերջոյ, մոլեռանդ ահաբեկչութեան կիզակէտին ու անհակակշռելի բոցերուն մէջ յայտնուած են Հայաստան Աշխարհն պարփակող Փոքր Ասիան, այլեւ ու մանաւանդ` հայկական սփիւռքի բաբախուն սիրտը նկատուող Մերձաւոր Արեւելքի հայօճախներուն վերջին բեկորները:

 

 

13 ­Սեպ­տեմ­բեր 1922. ­Քե­մա­լա­կան զօր­քի հրահ­րու­մով՝ թուր­քե­րը հրկի­զե­ցին եւ կոր­ծա­նե­ցին չքնաղ Զ­միւռ­նիան

$
0
0

Սեպ­տեմ­բեր 13ի այս օ­րը, 95 տա­րի ա­ռաջ, տե­ղի ու­նե­ցաւ ար­դի ժա­մա­նակ­նե­րու բար­բա­րո­սա­կան մե­ծա­գոյն ո­ճիր­նե­րէն մէ­կը։
Հա­զա­րա­մեակ­նե­րու պատ­մու­թիւն ու­նե­ցող յու­նա­կան Զ­միւռ­նիա չքնաղ քա­ղա­քը հրկի­զո­ւե­ցաւ եւ հիմ­նա­յա­տակ կոր­ծա­նե­ցաւ քե­մա­լա­կան զօր­քի հրահ­րու­մով մո­լեգ­նած թուր­քե­րու ձե­ռամբ։
Պատ­մու­թիւ­նը փաս­տագ­րած է, որ 1922ի ­Սեպ­տեմ­բեր 9ին, ­Դաշ­նա­կից­նե­րու նա­ւա­տոր­մին ան­տար­բեր եւ ձեռ­նա­ծալ հա­յեաց­քին տակ, քե­մա­լա­կան զօր­քը` Նու­րէտ­տին փա­շա­յի մը հրա­մա­նա­տա­րու­թեամբ, յաղ­թա­կան մուտք գոր­ծեց ե­րեք քա­ռոր­դով յու­նաբ­նակ եւ հա­յաբ­նակ Զ­միւռ­նիա քա­ղա­քը։

Ե­րեք օր շա­րու­նակ թուրք զի­նո­ւոր­նե­րը ա­հա­ւոր վայ­րա­գու­թեանց` կո­տո­րա­ծի, կո­ղո­պու­տի ու բռնա­բար­ման են­թար­կե­ցին Ե­գէա­կա­նի ա­փին հա­զա­րա­մեակ­նե­րով ապ­րած ու բար­գա­ւա­ճած այս գե­ղե­ցիկ, ար­գա­սա­բեր ու վա­ճա­ռա­կա­նա­կան մեծ կեդ­րոն քա­ղա­քը։

Բայց յատ­կա­պէս Զ­միւռ­նիա­յի հայ­կա­կան թա­ղա­մա­սե­րէն 13 ­Սեպ­տեմ­բե­րին սկսած եւ ա­րա­գօ­րէն ամ­բողջ յու­նաբ­նակ քա­ղաքն ու ա­րո­ւար­ձան­նե­րը տա­րա­ծուած ան­զուսպ հրդե­հը աշ­խար­հի քար­տէ­սէն ջնջեց, գրե­թէ ամ­բող­ջու­թեամբ, յու­նա­կան եւ հայ­կա­կան` քրիս­տո­նէա­կա՛ն շեշ­տա­կի դրոշ­մը Զ­միւռ­նիա­յի։

Քա­ղա­քի յոյն թէ հայ բնա­կիչ­նե­րէն բո­լոր ա­նոնք, ո­րոնք չէին կրցած մին­չեւ 8 Սեպ­տեմ­բեր, յու­նա­կան նա­հան­ջող զօր­քին հետ, հե­ռա­նալ ի­րենց ծննդա­վայր քա­ղա­քէն, նոյ­նիսկ ե­թէ յա­ջո­ղե­ցան խու­սա­փիլ թրքա­կան զօր­քի կո­տո­րած­նե­րէն, ի վեր­ջոյ զոհ գա­ցին Զ­միւռ­նիա­յի մեծ հրդե­հին` «բախ­տա­ւոր» պա­րա­գա­յին ծո­վը նե­տո­ւե­լով…

Այդ­պէ՛ս կոր­ծա­նե­ցաւ հել­լէ­նա­կան եւ հռո­մէա­կան դա­րե­րէն` Ք­րիս­տո­սի ծնուն­դէն հա­զա­րա­մեակ մը ա­ռաջ կա­ռու­ցո­ւած ու մին­չեւ 1920ա­կան­նե­րը հո­յա­կերտ քա­ղա­քակր­թու­թիւն մը իր ա­նու­նին կա­պած Զ­միւռ­նիան, որ հան­դի­սա­ցաւ յատ­կա­պէս յոյն ժո­ղո­վուր­դին, բայց նաեւ 11րդ ­դա­րէն սկսեալ հոն հաս­տա­տո­ւած հա­յու­թեան ստեղ­ծա­գործ տա­ղան­դին եւ քա­ղա­քակր­թա­կան շնորհ­նե­րուն խօ­սուն վկա­յու­թիւնն ու փառ­քի դափ­նեպ­սա­կը։

Այ­դօ­րի­նակ բար­բա­րո­սու­թեան վրայ հիմ­նո­ւե­ցաւ Ա­թա­թուրք հռչա­կո­ւած ­Մուս­թա­ֆա Քե­մա­լի ­Թուր­քիոյ ­Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը, որ կոր­ծա­նո­ւած Զ­միւռ­նիա­յի փո­խա­րէն 1928ին ձեռ­նար­կեց Իզ­միր քա­ղա­քի կա­ռուց­ման, որ տաս­նա­մեակ­նե­րու ըն­թաց­քին դար­ձաւ ա­ւե­լի քան 2,5 մի­լիոն թուրք բնակ­չու­թեամբ ա­ռեւտ­րա­կան մեծ նա­ւա­հան­գիստ` մի­ջազ­գա­յին տօ­նա­վա­ճառ­նե­րու կեդ­րոն հան­դի­սա­նա­լով։

Շատ գրո­ւած է թէ՛ 1919էն 1922 մղո­ւած յոյն-թրքա­կան պա­տե­րազ­մին, թէ՛ նոյ­նինքն Զ­միւռ­նիա­յի Ա­ղէ­տին մա­սին։ Այ­սօր եւս լոյս կը տես­նեն զա­նա­զան ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­ներ կամ գրա­կան ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­ներ, ինչ­պէս եւ գե­ղա­րո­ւես­տա­կան գոր­ծեր կը հրա­պա­րա­կո­ւին` ամ­բող­ջա­պէս լու­սա­բա­նե­լու եւ ար­ժե­ւո­րե­լու հա­մար թէ՛ Զ­միւռ­նիա­յի Ա­ղէ­տը, թէ՛ Զ­միւռ­նիա­յի ա­նու­նը յա­ւեր­ժաց­նող քա­ղա­քակր­թա­կան վաս­տա­կը։

Յատ­կա­պէս յոյն ժո­ղո­վուր­դը, աշ­խար­հի չորս ծա­գե­րուն, ա­մէն ­Սեպ­տեմ­բե­րի այս օ­րե­րուն, ոչ միայն կ­’ո­գե­կո­չէ յի­շա­տա­կը բազ­մա­հա­զար իր նա­հա­տակ­նե­րուն, այ­լեւ` կը սգայ կոր­ծա­նումն ու կո­րուս­տը յոյն ազ­գա­յին յի­շո­ղու­թեան մէջ իր ան­փո­խա­րի­նե­լի տեղն ու նշա­նա­կու­թիւ­նը ու­նե­ցող Զ­միւռ­նիա­յին։

Նաեւ իր այժ­մէա­կան դա­սե­րով` 1922ի Զ­միւռ­նիա­յի Ա­ղէ­տը իր վրայ կը կեդ­րո­նաց­նէ ու­շադ­րու­թիւ­նը ոչ միայն յոյն ժո­ղո­վուր­դին, այ­լեւ թրքա­կան ե­ղեռ­նա­գոր­ծու­թեան զոհ գա­ցած բո­լոր ժո­ղո­վուրդ­նե­րուն, ո­րո­շա­պէս ի­րա­ւա­տէր հա­յու­թեան, ո­րով­հե­տեւ 94 տա­րի ա­ռաջ պա­տա­հած Զ­միւռ­նիա­յի մեծ ող­բեր­գու­թեան նկատ­մամբ եւս ­Թուր­քիա օ­րին որ­դեգ­րեց եւ ցարդ կը շա­րու­նա­կէ կառ­չած մնալ պե­տա­կան ու պաշ­տօ­նա­կան ու­րա­ցու­մի եւ չքմե­ղան­քի ա­նըն­դու­նե­լի քա­ղա­քա­կա­նու­թեան։

Ա­ւե­լի՛ն. Զ­միւռ­նիա­յի Ա­ղէ­տը ու­սա­նե­լի շատ ծանր դա­սեր կը փո­խան­ցէ մե­ծա­պե­տա­կան աշ­խար­հի ղե­կա­վար ու­ժե­րուն նեղ-շա­հա­մո­լա­կան վար­քա­գի­ծին` ­Թուր­քիան սի­րա­շա­հե­լու նպա­տա­կով ա­նոնց ներ­քին մրցա­պայ­քա­րին մա­սին։ Ե­րիցս դա­տա­պար­տե­լի շա­հախնդ­րա­կան եւ պա­տե­հա­պաշտ մրցա­պայ­քար մը, որ­մէ ա­ռա­ւե­լա­գոյնս օգ­տո­ւե­ցաւ ­Մուս­թա­ֆա ­Քե­մալ 1922ին, Զ­միւռ­նիան գրա­ւե­լու եւ այդ­պէ՛ս կոր­ծա­նե­լու ժա­մա­նակ, ինչ­պէս որ օգ­տո­ւած էր նա­խա­պէս ալ, 1920ի աշ­նան, ար­շա­ւե­լով Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան վրայ եւ, ա­նոր խոր­տակ­ման ու խորհրդայ­նաց­ման զու­գա­հեռ, բռնագ­րա­ւե­լով հա­յա­պատ­կան ­Կարսն ու Ար­տա­հա­նը, ­Վանն ու ­Կա­րի­նը` ամ­բողջ Ա­րեւմ­տա­հա­յաս­տա­նի վրայ թրքա­կան տի­րա­պե­տու­թիւն հաս­տա­տե­լով։
Մե­ծա­պե­տա­կան ու­ժե­րու ­Պի­ղա­տո­սեան վար­քա­գի­ծը միշտ ալ բա­ւա­րար ե­րաշ­խիք նկա­տո­ւած ու հիմք ծա­ռա­յած է թրքա­կան պե­տու­թեան վա­րիչ­նե­րուն հա­մար, ­Քե­մա­լի ժա­մա­նակ­նե­րէն մին­չեւ Էր­տօ­ղա­նի այս օ­րե­րը, որ­պէս­զի ա­նոնք ար­հա­մար­հեն պատ­մու­թիւնն ու թրքա­կան ե­ղեռ­նա­գոր­ծու­թեան զո­հե­րուն ազ­գա­յին յի­շո­ղու­թիւ­նը` ան­պա­տիժ մնա­ցած ի­րենց յան­ցա­գոր­ծու­թեան վրայ գու­մա­րե­լով Ու­րաց­ման, այ­լեւ Պատ­մա­կան ­Նեն­գա­փոխ­ման ո­ճիր­նե­րը։

Զ­միւռ­նիա­յի Ա­ղէ­տէն 95 տա­րի ետք ալ թրքա­կան պաշ­տօ­նա­կան քա­րոզ­չու­թիւ­նը յան­կեր­գի պէս կը կրկնէ, թէ իբր`

1) ­Յոյ­նե­րը ի­րե՛նք հրահ­րե­ցին ազ­գա­մի­ջեան ա­տե­լու­թիւնն ու թշնա­ման­քը, երբ 1919ի Մա­յի­սին «գրա­ւե­ցին» Զ­միւռ­նիան` օգ­տո­ւե­լով Ա­ռա­ջին Աշ­խար­հա­մար­տի ա­ւար­տին Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թեան կրած խայ­տա­ռակ պար­տու­թե­նէն։
2) Զ­միւռ­նիա մտած յոյն զի­նո­ւոր­նե­րը ուղ­ղա­կի կո­տո­րա­ծի են­թար­կե­ցին քա­ղա­քի թուրք փոք­րա­մաս­նու­թիւ­նը։
3) Զ­միւռ­նիան հրդե­հի տո­ւող­ներն ալ ե­ղան ի­րենք` յոյն զի­նո­ւոր­նե­րը, ո­րոնք ի­րենց նա­հան­ջին եւ Զ­միւռ­նիան պար­պե­լու ժա­մա­նակ ու­զե­ցին քա­րու­քանդ քա­ղաք մը… կոր­ծա­նած «ա­ւար» ձգել յաղ­թա­կան թուրք բա­նա­կին։

Ան­շուշտ ան­պա­տաս­խան մնա­ցած չեն սու­տի ու կեղ­ծի­քի ճամ­բով պատ­մու­թիւ­նը նեն­գա­փո­խե­լու եւ սե­փա­կան ե­ղեռ­նա­գոր­ծու­թիւ­նը ու­րա­նա­լու ­Թուր­քիոյ Ու­րաց­ման պե­տա­կան այդ ոճ­րա­յին վար­քա­գիծն ու քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը։

Յոյն, անգ­լիա­ցի, ա­մե­րի­կա­ցի, ֆրան­սա­ցի եւ հայ պատ­մա­բան­նե­րու սպա­ռիչ ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­նե­րով եւ փա­ստագ­րա­կան հա­ւա­քա­ծո­նե­րով, ինչ­պէս նաեւ պե­տա­կան ար­խիւ­նե­րու մէջ պա­հո­ւած զե­կու­ցա­գիր­նե­րու եւ նա­մա­կագ­րու­թեանց ճամ­բով թրքա­կան յան­ցա­գոր­ծու­թիւ­նը, իր ամ­բող­ջա­կան ա­հա­ւո­րու­թեամբ, մեր­կա­ցո­ւած է ա­մէն կար­գի ու­րաց­ման եւ խե­ղա­թիւր­ման ծած­կոյթ­նե­րէն։

Ա­րար-աշ­խարհ այ­սօր գի­տէ, որ՝

1) ­Դաշ­նա­կից­նե­րը ի­րե՛նք ­Յու­նաս­տա­նի իշ­խա­նու­թեան յանձ­նե­ցին յու­նա­կան Զ­միւռ­նիա­յի հո­գա­տա­րու­թիւ­նը եւ այդ­պէս էր, որ վար­չա­պետ ­Վե­նի­զե­լոս յու­նա­կան զօրք ղրկեց Զ­միւռ­նիա 1919ի ­Մա­յի­սին։
2) ­Պե­տա­կան ար­խիւ­նե­րով հաս­տա­տագ­րո­ւած փաստ է, որ քե­մա­լա­կան զօր­քը, յաղ­թա­կան մուտք գոր­ծե­լով Զ­միւռ­նիա, ուղ­ղա­կի ­Նու­րէտ­տին փա­շա­յի հրա­հան­գով ձեռ­նար­կեց յոյն եւ հայ բնակ­չու­թեան սպան­դին ու քա­ղա­քի հրոյ ճա­րակ կոր­ծա­նու­մին։
3) ­Դաշ­նա­կից­նե­րը իր բախ­տին լքե­ցին Զ­միւռ­նիան եւ ա­նոր յոյն թէ քրիս­տո­նեայ ազ­գաբ­նակ­չու­թիւ­նը պաշտ­պա­նող յու­նա­կան զօր­քը, երբ ­Քե­մալ ձեռ­նար­կեց ­Լե­նի­նի Ռու­սաս­տա­նին հետ իր սի­րա­բա­նու­թեան, իսկ անգ­լիա­ցիք եւ ա­մե­րի­կա­ցիք, ֆրան­սա­ցիք ու ի­տա­լա­ցիք սկսան թրքա­կան ազ­գայ­նա­մո­լու­թեան նո­րա­յայտ ա­ռաջ­նոր­դին սի­րա­շա­հե­լու մի­ջոց­ներ փնտռել, որ­պէս­զի չկորսնցնեն Ա­ռա­ջին Աշ­խա­րա­հա­մար­տին ի­րենց նո­ւա­ճած պա­տե­րազ­մա­կան ա­ւա­րը…
Այս բո­լո­րը ա­ռա­ւե­լա­գոյն ա­ռար­կա­յա­կա­նու­թեամբ եւ գի­տա­կան փաս­տագ­րու­թեամբ ներ­կա­յա­ցո­ւած են տաս­նեակ հա­տոր­նե­րու մէջ, բայց յատ­կա­պէս ա­մե­րի­կա­հայ պատ­մա­բան ­Մար­ճը­րի ­Յով­սէ­փեան-­Տոփ­քի­նի «Զ­միւռ­նիա 1922.- ­Քա­ղա­քի մը կոր­ծա­նու­մը» խո­րագ­րով կո­թո­ղա­կան գոր­ծին մէջ։
Թր­քա­կան ու­րա­ցում­նե­րը եւ խե­ղա­թիւ­րում­նե­րը ո­րե­ւէ հիմք չու­նին։
13 ­Սեպ­տեմ­բեր 1922ին ­Թուր­քիա մեծ ո­ճիր մը եւս ա­ւել­ցուց դա­րա­ւոր իր յան­ցա­գոր­ծու­թեանց տխրահռ­չակ պատ­մու­թեան ու «ժա­ռան­գու­թեան» վրայ։

Թր­քա­կան ե­ղեռ­նա­գոր­ծու­թեէն վե­րապ­րած ժո­ղո­վուրդ­նե­րը չեն կրնար մոռ­նալ ի­րենց նա­հա­տակ­ներն ու քա­ղա­քակր­թա­կան ծան­րա­գոյն կո­րուստ­նե­րը, բայց նաեւ ի­րենց մէջ ու­ժը պէտք է գտնեն չմոռ­նա­լու պատ­մու­թեան դա­ժան դա­սե­րը, որ­պէս­զի ան­պա­տիժ մնա­ցած ցե­ղաս­պան ­Թուր­քիոյ կող­մէ որ­դեգ­րո­ւած Ու­րաց­ման շա­րու­նա­կո­ւող քա­ղա­քա­կա­նու­թեան դար­ձեալ զոհ չեր­թան… ի­րենց նոր սե­րունդ­նե­րով։

Պատ­մու­թեան այդ ող­բեր­գա­կան դա­սե­րը մտա­հան չը­նե­լու հար­կին տակ է, յոյն ժո­ղո­վուր­դին հետ, նաեւ ու մա­նա­ւանդ վե­րապ­րող հա­յու­թիւ­նը։ Ինչ­պէս որ «­Հայ­կա­կան Հարց» հան­րա­գի­տա­րա­նի մէջ (հրա­տա­րա­կո­ւած 1996ին) Ա. ­Խա­ռա­տեան կը վկա­յէ՝ «Այդ ժա­մա­նակ Զ­միւռ­նիա­յում գտնո­ւող ­Թոր­գոմ ­Զօ­րա­վա­րը ընդ­հա­նուր խառ­նաշ­փո­թի մէջ ի վի­ճա­կի չե­ղաւ կազ­մա­կեր­պե­լու բնիկ հա­յե­րի ու Զ­միւռ­նիա­յում հաս­տա­տո­ւած մեծ թո­ւով հայ գաղ­թա­կան­նե­րի ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թիւ­նը: ­Կո­տո­րա­ծից խու­սա­փե­լու հա­մար, հա­զա­րա­ւոր հա­յեր ա­պաս­տա­նե­ցին Ս.Ս­տե­փա­նոս ե­կե­ղե­ցու տա­րած­քում: ­Սեպ­տեմ­բե­րի 13ին քա­ղա­քում ծայր ա­ռաւ վիթ­խա­րի հրդեհ, ո­րը քե­մա­լա­կան­նե­րի ձեռ­քի գործն էր (թուր­քա­կան եւ խորհր­դա­յին պատ­մա­բան­նե­րը ան­հիմն պնդում էին, թէ քա­ղա­քը հրդե­հել են նա­հան­ջող յոյ­նե­րը): Հր­դե­հի հե­տե­ւան­քով ա­ւե­րո­ւե­ցին ա­ւե­լի քան 50 հա­զար տուն, 24 ե­կե­ղե­ցի, 28 դպրոց, բան­կեր (դրա­մա­տուն­ներ), հիւ­պա­տո­սա­րան­ներ, հի­ւան­դա­նոց­ներ: Ք­րիս­տո­նեա­նե­րի կո­տո­րա­ծը կա­տա­րո­ւեց ոչ միայն քա­ղա­քում, այ­լեւ՝ ծո­վա­փին, եւ­րո­պա­կան մար­տա­նաւ­նե­րի Զ­միւռ­նիա­յի անձ­նա­կազ­մե­րի աչ­քի ա­ռաջ, սա­կայն նրանք ի շահ քա­ղա­քա­կա­նու­թեան՝ ո­չինչ ա­րե­ցին զո­հե­րին փրկե­լու հա­մար: «Զ­միւռ­նիա­յում գտնո­ւող ա­մե­րի­կեան գրող Է.­Հե­մին­գո­ւէ­յը մռայլ գոյ­նե­րով է նկա­րագ­րում թուրք բար­բա­րոս­նե­րի գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը քրիս­տո­նեա­նե­րի նկատ­մամբ: Թուր­քե­րը կո­տո­րե­ցին նաեւ Զ­միւռ­նիա­յի շրջա­կայ տա­րածք­նե­րի յոյ­նե­րին եւ հա­յե­րին, ինչ­պէս նաեւ ջրա­սոյզ ա­րե­ցին այն նա­ւե­րը, ո­րոնց վրայ ա­պաս­տա­նել էին բազ­մա­թիւ փրկո­ւած­ներ: ­Կո­տո­րած­նե­րից փրկո­ւե­ցին սա­կա­ւա­թիւ յոյ­ներ եւ հա­յեր, ո­րոնց յու­նա­կան կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը նա­ւե­րով տե­ղա­փո­խեց ­Յու­նաս­տան: «Զ­միւռ­նիա­յի ա­ղէ­տը թուր­քա­կան կա­ռա­վա­րու­թեան կազ­մա­կեր­պած ցե­ղաս­պա­նու­թեան ակտ (քայլ) էր յոյն եւ հայ ժո­ղո­վուրդ­նե­րի նկատ­մամբ»:

Պատ­մու­թեան ող­բեր­գա­կան այս դա­սե­րուն լոյ­սին տակ իր լիար­ժէք ի­մաս­տը կը գտնէ մեր օ­րե­րուն եւ­րո­պա­կան եւ ընդ­հան­րա­պէս մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թեան՝ խորհր­դա­րան­նե­րու եւ կա­ռա­վա­րու­թեանց կող­մէ որ­դեգ­րո­ւած օ­րի­նա­գիծ­նե­րը, ո­րոնք քրէա­կան յան­ցա­գոր­ծու­թիւն եւ պատ­ժե­լի ա­րարք կը հռչա­կեն ­Ցե­ղաս­պա­նա­կան Ա­րարք­նե­րու ու­րա­ցումն ու ժխտու­մը։

Ն.

Անկեղծ պատրաստակամութեամբ

$
0
0

ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ

Արդէն լայնօրէն ծանուցուած է, որ յառաջիկայ Հայաստան-Սփիւռք Խորհրդաժողովի օրակարգին վրայ պիտի գտնուի «Համազգային Խորհուրդ» մը կեանքի կոչելու վաղուց շրջանառուող գաղափարը, որ այս կէտին վրայ նաև կը վայելէ պետական բարձրաստիճան հովանաւորութիւն ՀՀ Նախագահի ուղիղ և անձնական միջամտութեամբ։ Թէ ի վերջոյ ի՞նչ ձևաւորում կ՚ըստանայ Խորհուրդի այս նախագիծը և ի՞նչ չափով ան կը հանդիսանայ հարցերու հանգուցալուծման բևեռ մեր հաւաքական կեանքին մէջ՝ դժուար է կանխագուշակել։ Ան դեռ ճամբայ ունի կտրելիք ենթակայ ըլլալով մեր այսօրուան իրականութենէն բխող թերահաւատութեան բոլոր շերտերուն։ Մէկ բան յստակ է, որ Հայաստան-Սփիւռք Խորհրդաժողովը, իր յղացքով, չունի անհրաժեշտ լիազօրութիւնը այս կարևոր խնդրով որոշումներ կայացնելու։ Ան չունի նաև անհրաժեշտ ձեռնհասութիւնը այս բարդ հարցով զբաղուելու։ Այնուամենայնիւ պէտք է հաստատել, որ Խորհրդաժողովը կը հայթայթէ մեծապէս պիտանի հարթակ մը պետական այս նախաձեռնութիւնը հանրութեան ուշադրութեան յանձնելու և առիթ ընծայելու, որ հարցը համակողմանի քննարկման ենթարկուի Խորհրդաժողովին յաջորդող ամիսներու ընթացքին։

Իրականութիւնը այն է, որ ի վերջոյ այս հարցի քննարկման գործնական դաշտը ՀԱՄԱՍՓԻՒՌՔԵԱՆ կառոյցներու ղեկավար ոլորտն է (կուսակցութիւններ, ազգային իշխանութիւններ, համասփիւռքեան ծաւալով գործող հասարակական կազմակերպութիւններ), ուր ևս գոյութիւն ունին շարք մը անհամաչափութիւններ, որոնց մասին անհրաժեշտ է, որ խօսինք մէկ այլ յօդուածով։

Այսօր կ՚ուզեմ անդրադառնալ այն իրողութեան, որ Համազգային Խորհուրդի ստեղծման գաղափարը անխուսափելիօրէն կը բախի հայրենի իշխանութիւններու ներքին քաղաքական վիճակացոյցի վաղուց գոյութիւն ունեցող բացերուն՝ հարցականներ յարուցելով, առաջին հերթին, տնտեսութենէն ներս ամրացած և ՀՀ իշխանութիւններու կողմէ հանդուրժուող մենաշնորհային համակարգի դերակատարութեան կապակցութեամբ։ Համազգային Խորհուրդի գաղափարը կ՚առաջարկուի այնպիսի ժամանակ, երբ դասակարգային հսկայ խզում մը կը պատուհասէ երկրին հաւաքական կեանքը անհնարին դարձնելով ազգային ընդհանուր համաձայնութեան մը կազմաւորումը երկրէն ներս։ Մենաշնորհային համակարգը մեծագոյն խոչընդոտն է միջին դասակարգի ձևաւորման հոլովոյթը խափանող։ Հասարակութեան այս շերտը, որակաւոր աշխատատեղերու չգոյութեան պատճառով, հետևողականօրէն կը մղուի երկրէն դուրս ամէն օր աւելի խախտելով ժողովրդագրական կշիռը հայրենաբնակ մեր ժողովուրդին և Սփիւռքին միջև։ Մենաշնորհային տնտեսութեան կողմէ խթանուած այս արտագաղթը երկրի թանկագին ուժականութիւնն է, որ կը պարպէ և այդ թարմ աշխատոյժը ամէն օր կը վերածուի նոր ու անկազմակերպ ու բարոյալքուած սփիւռքի մը, որ կու գայ, իր կարգին, բարոյալքելու աւանդական Սփիւռքի հոգեբանական միջավայրը։

Կը խօսինք ազգային ճգնաժամի մը մասին, որ սերտօրէն առընչուած է մենաշնորհային համակարգի շղթայազերծած ներքին փլուզումներուն, որոնք պէտք է անյապաղ և անպայման կասեցուին ՀՀ իշխանութիւններուն կողմէ նոյն իշխանութիւններէն պահանջուող արմատական նախաձեռնութիւններով։ Առ այդ՝ գերազանցօրէն կարևոր է, որ ՀՀ իշխանութիւնները ներկայանան յառաջիկայ Հայաստան-Ափիւռք Խորհրդաժողովին մենաշնորհային համակարգի կազմախօսութեան մասին յստակ, առարկայական և խորքային վերլուծումներով յագեցած զեկուցագրով մը։ Խորհրդաժողովը պէտք է իրազեկուի, թէ ՀՀ իշխանութիւնները ի՞նչ գիտեն երկրի տնտեսութեան այս կործանարար ներքին վարակին մասին։ Յիշեալ զեկուցագիրը պէտք է պատասխան տայ առնուազն հետևեալ հարցադրութեանց.

(ա) Ովքե՞ր են մենաշնորհային համակարգի տէրերը երկրին մէջ։

(բ) Որո՞նք են մենաշնորհային ուժի պաշտօնական և անպաշտօն կառուցակարգերը տնտեսութենէն ներս։

(գ) Ի՞նչ է համակարգի ճիւղային տեղաբաշխումը։

(դ) Ի՞նչ է համակարգի աշխարհագրական տեղաբաշխումը։

(ե) Ո՞րն է համակարգին ազդեցութեան ծիրը մրցակցային դաշտէն ներս և դաշտը առևանգելու իր մեթոտները։

(զ) Որո՞նք են համակարգի քաղաքական լծակները երկրէն ներս և երկրէն դուրս։

(է) Տալ համակարգի վերջին 27 տարիներու ներդրումային գործունէութեան վերլուծութիւնը։

(ը) Տալ ճշգրիտ պատկերը համակարգի կողմէ ցարդ ստեղծուած աշխատատեղերու թիւին (տարիներու կտրուածքով)։

(թ) Տալ ազգային եկամուտի (National Income) վերաբաշխման ծաւալները և համակարգի համեմատական կշիռը այդ ծաւալներուն մէջ։

(ժ) Տալ համակարգի հարկային մուտքերու ծաւալները։

(ժա) Տալ մանրամասնեալ պատկերը մենաշնորհային համակարգի տէրերուն կողմէ ՀՀ առաջին տարիներուն գնուած արտադրողական միջոցներուն յստակ ընելով, թէ ի՞նչ գին վճարած են անոնք պետութեան և թէ ի՞նչ է այդ հարստութեան շուկայական փոխարժէքը այսօր։

(ժբ) Սեփականաշնորհման ի՞նչ պայմաններու մէջ կազմաւորուած է համակարգը անկախութեան առաջին տարիներէն սկսած և ի՞նչ աճ արձանագրած է ան տնտեսական ուժի կեդրոնացման առումով։

(ժգ) Եւ վերջապէս ի՞նչ յստակ ռազմավարութիւն ունին ՀՀ իշխանութիւնները մենաշնորհային համակարգի կազմաքանդման առընչութեամբ։

Համազգային Խորհուրդի գաղափարը կ՚ընթադրէ համազգային պատասխանատւութիւն։ Ան կ՚ենթադրէ ազգային հզօր նախանձախնդրութիւն։ Կ՚ենթադրէ քաղաքական կամք այդ գործին մէջ Սփիւռքի անկախ դատողութիւնն ու լիիրաւ մասնակցութիւնը ընդգրկելու։ Կ՚ենթադրէ անկեղծ պատրաստակամութիւն ՀՀ գործող քաղաքական մշակոյթի նորմերը քանդելու, կաշառակերութիւնը կասեցնելու, տնտեսութիւնը մաքրելու իր ցեցերէն և հայ պետականութեան նոր դարագլուխը հռչակելու։ Այդ բանը չի կրնար տեղի ունենալ որքան ատեն որ երկրի ուժականութիւնները կապտուած են բուռ մը շահագործողներու կողմէ։ Մի ակնկալէք, որ Համազգային Խորհուրդը իր գոյութեամբ գայ լռելեայն հարազատագրելու (legitimize) մեր ժողովուրդին դէմ գործուած և գործուող այս յանցագործութիւնը։

Սեպտեմբեր 12, 2017

Մարմնի Ջրանուազում Dehydration

$
0
0

ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ

Խօսելէ առաջ մարմնի ջրանուազումի մասին` կ՛ուզեմ որոշ տեղեկութիւններ տալ ընթերցողներուն ջուրի կարեւորութեան եւ դերակատարութեան` մարմնի առողջութեան պահպանման մէջ:

Մեր մարմնին 72-75 %-ը կազմուած է ջուրէ, որ կը գրաւէ մարմնին ներբջիջային (intracellular) եւ արտաբջիջային (extracellular) տարածքները: Ներբջիջային ջուրի քանակը արտաբջիջայինին կրկինն է: Արտաբջիջային ջուրին մեծ մասը կը գտնուի անօթներու (vessels) մէջ, իսկ մնացեալը` անօթներէ դուրս եւ կը շրջապատէ բջիջները. իսկ մաս մըն ալ կը գտնուի լորձունքին, քրտինքին, ուղեղա-ողնածուծի հեղուկին (cerebrospinal fluid), մաղձին (bile), յօդահեղուկին (synovial fluid), աւիշին (lymph) եւ մէզին մէջ: Միջին ծանրութեամբ, 65 քիլոկրամ կշռող անձ մը իր մարմնին մէջ կ՛ունենայ մօտաւորապէս 40 լիթր ջուր: Տղամարդոց մարմինը համեմատաբար աւելի ջուր կը պարունակէ, քան` կիներու մարմինը:

Օդէն ետք ջուրը կարեւորագոյն նիւթն է մարդու կեանքի գոյատեւման համար: Մարդ արարածը կրնայ ապրիլ ամիս մը առանց կերակուրի, սննդանիւթի, իսկ առանց ջուրի կրնայ դիմանալ միայն քանի մը օր, առաւելագոյնը` 7 օր:

Մեր մարմինը հիմնականօրէն ջուրի ինքնաղբիւր չունի: Անոր բուն աղբիւրն է մեր խմած ջուրը եւ սննդեղեններու մէջ գտնուած ջուրը:

Ջուրը ունի շատ կարեւոր դերակատարութիւն` մեր մարմնի առողջութեան համար: Ան կը կանոնաւորէ մարմնին ջերմութիւնը, մարմնին զանազան օրկանները եւ հիւսուածքները կակուղ կը պահէ եւ կը պաշտպանէ զանոնք արտաքին հարուածներէ, արգելք կը հանդիսանայ փորի պնդութեան եւ կը նպաստէ բնական կղկղանցումի (defecation), կը կակուղցնէ, կը նրբացնէ եւ առողջ կը պահէ մորթը, կը նպաստէ մարմնի ընդհանուր նիւթափոխարկումին (metabolism), մարսողութեան եւ սննդանիւթերու ներծծումին (absorption) աղիքներու պատերէն, բջիջներու վերանորոգման եւ անոնց թթուածինով եւ սննդանիւթերով մատակարարման, կ՛օգնէ շնչառութեան,կը խոնաւցնէ ներշնչուած օդը, կը կակուղցնէ շնչառական խողովակներու խլնային (mucosal) արտադրութիւնը եւ կ՛օժանդակէ անոնց  դիւրաւ արտահանման, կը ձերբազատէ երիկամները եւ լեարդը թունաւոր նիւթերէ եւ թափօններէ (waste products), կ՛արագացնէ արեան շրջագայութիւնը անօթներուն մէջ, մաս կը կազմէ սաղմնապարկի հեղուկին (amniotic fluid) եւ կը պաշտպանէ սաղմը (fetus) ու կ՛օժանդակէ անոր առողջ աճման:

Մեր մարմինը բնական պայմաններու մէջ ամէն օր կը կորսնցէ մօտաւորապէս 2,5 լիթր ջուր: Այս կորուստը տեղի կ՛ունենայ երկու ձեւերով` նշմարելի (visible) եւ աննշմար (invisible): Նշմարելի կորուստը տեղի կ՛ունենայ մէզի եւ կղկղանքի միջոցով, իսկ աննշմար կորուստը տեղի կ՛ունենայ մորթի մակերեսէն քրտինքի արտադրութեամբ, թոքախորշիկներու (alveoli) մակերեսէն` ջուրի շոգիացումով, լորձունքի գեղձերէն` լորձունքի արտադրութեամբ, արցունքաբեր գեղձերէն` արցունքի արտադրութեամբ, դիեցնող-ստնտու (breast feeder) կիներու կրծքագեղձերէն` (mammary glands) կաթի արտադրութեամբ:

Քրտինքը, ջուրի կողքին, կը պարունակէ նաեւ աղ: Հետեւաբար քրտնելով` կը կորսնցնենք երկուքը` աղ եւ ջուր, որոնց քանակը կախեալ է քրտինքի արտադրութեան պատճառներու տարողութենէն::

Ջուրին վերագրուած բոլոր դերակատարութիւնները կ՛իրականանան միայն ու միայն հաւասարակշռուած պահելով մարմնի ջուրի քանակը: Այս մէկը կ՛ըլլայ, երբ մարմինը նոյնութեամբ կը վերստանայ իր ջուրի կորուստը:

Հիւանդագին ջուրի կորուստ տեղի կ՛ունենայ հետեւեալ պատճառներով` փորհարութիւն, փսխունք, մորթային այրուածքներ, մանաւանդ` երկրորդ եւ երրորդ աստիճանի այրուածքներ, բարձր տենդ (fever). ծանր եւ երկարատեւ ֆիզիքական աշխատանք ու մարզանք, տաք եղանակի եւ միջավայրի ենթակայութիւն:

Հիւանդագին ջուրի կորուստը կը յառաջացնէ մարմնական ջրանուազում (dehydration, որուն տարողութիւնը կախեալ է ջուրի կորուստի քանակէն: Չափահասներու մօտ ան կրնայ պատահիլ երեք լիթր ջուրի կորուստով:

Ջրանուազումին կը նպաստեն նաեւ հետեւեալ ազդակները, օդանաւային ճամբոդութիւն, որովհետեւ օդանաւային ճամբորդութեան ընթացքին կը կորսնցնենք բաւականաչափ ջուր, մեծ քանակութեամբ բնասպիտի (protein) եւ բնաթել (fibre) պարունակող սննդանիւթերու առատ սպառում, կարգ մը դեղերու գործածութիւն, ինչպէս` միզամուղներ (diuretics), հակազարկերակային ճնշումի եւ  հակագերզգայնութեան (anti-allergic) դեղեր, կենսանիւթեր (vitamins) եւ corticosteroid-ներ, ինչպէս նաեւ սուրճի, թէյի, ալքոլի եւ շաքար պարունակող զովացուցիչներու շատ գործածութիւն եւ չախտաճանաչուած շաքարախտ:

Ջրանուազումի ախտանշանները կը սկսին, երբ մարմնի ջուրի քանակը կը նուազի եւ յարաբերաբար  ջուրի կորուստը աւելի կ՛ըլլայ քան ջուրի ամբարումը մարմնին մէջ:

Ջրանուազումի ախտանշանները հետեւեալներն են` ծարաւ, բերնի, լեզուի, շրթունքներու, կոկորդի, քիթի եւ աչքերու չորութիւն, մարմնական ընդհանուր տկարութիւն եւ ցաւ, յոգնածութիւն, ուժասպառութիւն, գլխացաւ, գլխապտոյտ, մորթի չորութիւն եւ մորթի փափուկութեան ու առաձգականութեան կորուստ, յօդացաւ, մարմնի նիւթափոխանակութեան դանդաղում մարսողութեան դանդաղում, աղիքներու դանդաղ պրկումներ, փորի պնդութիւն, դժուար կղկղանցում (defication), մէզի նուազում եւ մութ գունաւորում, զարկերակային ճնշումի (blood pressure) նուազում, արեան նատրիումի (Na, sodium) եւ կալլիումի (K, potassium) նուազում, արագ սրտի զարկ-բաբախում  եւ շնչառութիւն, սրտի մկաններու պրկում, արեան թանձրացում, ջղագրգռութիւն, մտային դանդաղանք, կեդրոնացումի դժուարութիւն, շփոթութիւն, խօսելու դժուարութիւն, մթագնութիւն, նուաղում եւ մահաքուն (coma): Այս ախտանշաններու տարողութիւնը կախեալ է ջրանուազումի քանակէն: Իսկ ծայրագոյն պարագային կը պատահի մահ:

Ջրանուազում կը պատահի որեւէ մէկ տարիքի, սակայն, աւելի մանուկներու եւ տարեցներու մօտ: Մանուկներ աւելի փորհարութիւն եւ փսխունք կ՛ունենան, իսկ տարեցներու մարմնի ջուրի պահեստը նուազած կ՛ըլլայ, ծարաւութեան զգացումի տկարացումով, բնականէն պակաս  ջուր խմելով եւ շաքարախտ ունենալով: Տարեցներ եւ մանուկներ շուտով կ՛ազդուին ջուրի կորուստէն: Մանուկներ ջրանուազումով մարմնի ջերմաստիճանի բարձրացում կ՛ունենան շատ արագ, որ պատճառ կը դառնայ ուղեղային դանդաղումի:

Ջրանուազումի ախտաճանաչումը կը կատարուի` տեսնելով հիւանդին ընդհանուր առողջական վիճակը եւ անոր ունեցած ախտանշանները: Կը կատարուին արեան եւ մէզի քննութիւններ գիտնալու համար մարմնի նատրիումի եւ կալլիումի քանակը եւ երիկամներու իրավիճակը:

Թեթեւ ջրանուազումը կը դարմանուի` առատ ջուր եւ պտղահեղուկ խմելով, աղի կերակուր ուտելով  եւ հանգիստ ընելով: Յառաջացած ջրանուազումի պարագայինն, հիւանդը պէտք է փոխադրուի հիւանդանոց, ուր  ներերակային աղի հեղուկներ կը ներարկուին:

Ջրանուազումը դարմանուելու է շատ արագ, ապա թէ ոչ բարդութիւնները կը սկսին շուտով:  Բարդութիւններէն կարելի է յիշել` երիկամներու աշխատանքի դանդաղում, երիկամներու բորբոքում, միզապարկի (urinary bladder) եւ երիկամներու  քարերու կազմութիւն,փլանք (shock), շնչահեղձութիւն եւ մահ:

Թելադրելի է ընդհանրապէս շատ ջուր խմել, նուազագոյնը` օրական 2 լիթր: Առատ ջուր խմելը ոչ միայն արգելք կը հանդիսանայ ջրանուազումին, այլ նաեւ կը նպաստէ` մեր մարմնի ընդհանուր առողջութեան, մտքի արթնութեան, մորթի առողջութեան, վայելչութեան եւ գեղեցկութեան, հաստ աղիքի եւ սրտի բնական պրկումներուն, սրտի բնական զարկերուն, երիկամներու գործելակերպին, ինչպէս նաեւ` գէր անձերու նիհարնալուն, որովհետեւ առատ խմելով կը նուազի ուտելու ախորժակը:

Մոնրէալ, 1 յուլիս 2017

Գաղութէ Գաղութ

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Յունաստան

Առաջնորդ Գեղամ Արք. Խաչերեանի Ի Պատիւ Պաշտօնական Ընդունելութիւն

6 սեպտեմբերին յունահայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան  պաշտօնապէս ընդունուեցաւ Ազգային առաջնորդարանին մէջ:

Եկեղեցւոյ մուտքին, ՀՄԸՄ-ի սկաուտներու յատուկ պատուոյ արարողակարգով, Կոմիտաս արք. Օհանեան եւ թեմի կրօնական դասը ընդունեցին առաջնորդ սրբազան հայրը, որուն կ’ընկերակցէր Ազգային վարչութեան ատենապետ Պօղոս Չոլաքեանը:

Աղուհացի օրհնութենէն ետք, առաջնորդ սրբազան հայրը թափօրով մուտք գործեց Աթէնքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր եկեղեցի, ուր կատարեց կանոնական աղօթք: Ընդառաջելով Ազգային վարչութեան հրաւէրներուն, ներկայ էին` յարանուանութեանց ներկայացուցիչները, ՀՅԴ Կեդրոնական Կոմիտէի, ՀԿ Խաչի, Համազգայինի, ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցիչները, Ազգային երեսփոխաններ, թաղային խորհուրդներու եւ տիկնանց մարմիններու կազմերը, վարժարաններու տնօրէններ եւ յատուկ հրաւիրեալներ: Կոմիտաս արք. Օհանեան խօսք առնելով, բարի գալուստ մաղթեց առաջնորդին բարձր գնահատելով յունահայ գաղութը իր հարուստ պատմութեամբ եւ ներդրումով:

Իր խօսքի աւարտին Կոմիտաս արք. Օհանեան առաջնորդական գաւազանը յանձնեց առաջնորդ սրբազան հօր եւ մաղթեց քաջառողջութիւն եւ յաջողութիւն:

Գեղամ արք. Խաչերեան խօսք առնելով գնահատեց Կոմիտաս արք. Օհանեանը` գաղութի շատ կարեւոր ժամանակաշրջանի մը ընթացքին իր կատարած ծառայութեան համար: Ան շեշտեց, որ եկեղեցին մէկ հաւաքականութիւն է` քրիստոնէական վարդապետութեան հասկացողութեամբ, աւելցնելով, որ գաղութի զաւակներէն իւրաքանչիւրը, իր հանգամանքով եւ կամ պաշտօնով, երբ եկեղեցի կը յաճախէ, մէ՛կ ամբողջութիւն կը կազմէ ի սպաս գաղութին եւ անոր ծաղկուն ապագային: Սրբազան հայրը Աւետարանի բացատրութեամբ քաջալերեց ու ներշնչեց բոլոր պատասխանատուները, որպէսզի իրենց հաւատքի զօրութեամբ ամրապնդեն իրենց պատասխանատուութեան գիտակցութիւնը եւ, միասնաբար, որպէս մէկ ամբողջութիւն, ապրին ու գործեն շարունակելու համար գաղութի երկարամեայ պատմութիւնը: Սրբազանը հաստատեց, թէ ինք եկած է շարունակելու անցեալի աշխատանքը, սակայն նոր փուլի մը անցնելով: Խօսքի աւարտին Գեղամ արք. Խաչերեան յունահայ գաղութին փոխանցեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի ողջոյններն ու օրհնութիւնը ու շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ ու կազմակերպուած ընդունելութեան համար:

Այնուհետեւ ներկաները ուղղուեցան Ազգային առաջնորդարանի սրահը, ուր ստացան նորընտիր առաջնորդին օրհնութիւնը եւ առիթը ունեցան մտերմիկ զրոյց մը ունենալու անոր հետ: Տեղի ունեցաւ  նաեւ հիւրասիրութիւն:

Սուրիա

Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդին Հովուական Այցելութիւնը Ճեզիրէի Հայ Համայնքին

4 սեպտեմբերին Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեան հովուական այցելութիւն տուաւ Ճեզիրէի հայ համայնքին:

Սրբազան հայրը դիմաւորուեցաւ Ճեզիրէի նորանշանակ առաջնորդական փոխանորդ Ռուբէն աբղ. Նալպանտեանի, քահանայ հօր եւ շրջանի ազգայիններուն կողմէ:

Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ կատարուած աղօթքէն ետք, ան կարճ հանդիպում մը ունեցաւ եւ ճշդեց յաջորդական օրերու գործունէութեան ժամանակացոյցը:

Առաջնորդը եռօրեայ իր կեցութեան ընթացքին, եկեղեցական արարողութեանց մասնակցութեան կողքին, որոնց ընթացքին օծումը կատարեց նորաշէն մոմակալին, տեսակցեցաւ շրջանի բոլոր մարմիններուն, խորհուրդներու եւ միութիւններու հետ, մասնաւորաբար` թաղականութեանց, հոգաբարձութեան եւ Շտապի գործադիր մարմինին հետ:

5 սեպտեմբերին Ճեզիրէի նորանշանակ առաջնորդական փոխանորդ Ռուբէն աբղ. Նալպանտեանի, քահանայ հօր եւ ազգայիններու հետ ան մեկնեցաւ Հասիչէ, ուր Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ առաւօտեան ժամերգութեան ընթացքին իր պատգամը տուաւ եւ տեսակցեցաւ համայնքի զաւակներուն հետ: Դպրոցին ու եկեղեցւոյ պատասխանատուներուն հետ խորհրդակցութիւններ ունենալէ ետք, պաշտօնական այցելութիւն եւ հանդիպում ունեցաւ նահանգապետին ու պետական ներկայացուցիչներուն հետ:

Նոյն օրը, երեկոյեան, Գամիշլիի Ազգային առաջնորդարանին դահլիճին մէջ, առաջնորդը կատարեց ասայի պաշտօնական փոխանցումը` Ռուբէն Աբղ. Նալպանտեանին:

6 սեպտեմբերին սրբազան հայրը ամբողջացնելէ ետք Ճեզիրէի շրջանի հանդիպումները, մեկնեցաւ Դամասկոս:

«Կիլիկեան» Երգչախումբին Համերգը

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Հ. Օհանջանեան» մասնաճիւղի վարչութեան, 26 – 27 օգոստոսին Քեսապի «Սարդարապատ» սրահին մէջ ելոյթ ունեցաւ Համազգայինի «Կիլիկեան» երգչախումբը` խմբավարութեամբ Գայեանէ Սիմոնեան-Տէրեանի, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Երեւանի Կոմիտասի անուան երաժշտանոցի ուսանող, քեսապահայ Ռազմիկ Մելքոնեանի:

Բացման խօսքով Սօսի Կարճիկեան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք սատար հանդիսացան երգչախումբին, յատկապէս` խմբավարին եւ դաշնակահարին ու երգչախումբի 41 անդամներուն, որոնք հետեւողական աշխատանքով լրումին հասցուցին համերգի ծրագիրը` ընդամէնը քանի մը շաբթուան ընթացքին:

Յայտագիրը կը բովանդակէր Էտկար Յովհաննիսեանի, Կոմիտասի, ինչպէս նաեւ` արաբական, ռուսական դասական եւ ժողովրդական երգերու փունջ մը:

Ելոյթի աւարտին խմբավար Գայեանէ Սիմոնեան-Տէրեան գնահատեց դաշնակահարին բծախնդրութիւնն ու նուիրումը, ինչպէս նաեւ` երգչախումբի արուեստասէր անդամները, որոնք 25 օրուան տքնաջան աշխատանքով երգչախմբային նման ծրագիր իւրացուցին:

Այնուհետեւ շնորհաւորական խօսքով ելոյթ ունեցաւ Քեսապի հովիւ Նարեկ քհնյ. Զերէնցեան, որ շնորհաւորեց դաշնակահարը, խմբավարը, երգչախումբի անդամները, ինչպէս նաեւ Համազգայինի «Հ. Օհանջանեան» մասնաճիւղի վարչութիւնը, որ Քեսապի մէջ մշակութային աշխուժութիւնը վառ կը պահէ:

Փարիզ

Ոչ Եւս Է Մշակութային Գործիչ Սիմոն Մնակեանը

Վերջերս Մարսէյի մէջ իր մահկանացուն կնքեց համայնքի ճանչցուած գործիչներէն Սիմոն Մնակեանը:

Վերջին տարիներուն Մնակեան կը վարէր Վալանս քաղաքի Համազգայինի թատրոնի գլխաւոր պատասխանատուի պաշտօնը: Ան նաեւ բեղուն գործունէութիւն ունեցած է համայնքի ազգային-կուսակցական կեանքին մէջ:

Սիմոն Մնակեան, Համազգայինի Պուրճ Համուտ մասնաճիւղի թատրոնի հիմնադիրներէն է, նաեւ բեղուն եւ նորարար ազդեցութիւն ունեցած է թատերական կեանքին մէջ:

Նշենք, որ Սիմոն Մնակեան եղբայրն էր լիբանանահայ անուանի երաժիշտ Ալեքսան Մնակեանի, որ կարեւոր ներդրում ունեցած էր Լիբանանի մշակութային կեանքին մէջ` երկար տարիներ համագործակցելով երգչուհի Ֆէյրուզի համար երաժշտական-թատերական յօրինումներ պատրաստած Մանսուր եւ Ասի Ռահպանի եղբայրներուն հետ:

Թուրքիա

Թուրքիոյ Մէջ Պահպանուած Միակ Հայկական Գիւղին Մէջ Նշուած Է Աստուածածնայ Վերափոխման Տօնը

«Ակօս» շաբաթաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ մէջ պահպանուած միակ հայկական գիւղի` Վագըֆի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ 13 օգոստոսին նշուած է Աստուածածնայ վերափոխման տօնն ու կատարուած է խաղողօրհնէք: Աւարտին տեղի ունեցած է հիւրասիրութիւն, որուն ընթացքին հիւրերուն մատուցուած է աւանդական օրհնուած մատաղը:

Եկեղեցական արարողութենէն ետք տօնակատարութեան մասնակցողները համտեսած են օրհնուած խաղողն ու եօթը կաթսաներու մէջ եռացած մատաղը:

Տօնակատարութեան մասնակցած է նաեւ Պոլսոյ հայոց պատրիարքի տեղապահ Գարեգին արք. Պեքճեան:

Թուրքիոյ միակ հայկական Վագըֆ գիւղը կը գտնուի Ալեքսանտրեթի նահանգին մէջ, Մուսայ  լերան ստորոտը` թուրք-սուրիական սահմանէն 30 քմ հեռաւորութեան վրայ:

Վագըֆի մէջ, որուն բոլոր բնակիչները ծագումով հայ են, գիւղացիները պահպանած են իրենց ազգային եւ կրօնական բոլոր աւանդութիւնները: Գիւղի Ս. Մարիամ Աստուածածին եկեղեցին հիմնովին վերանորոգուած է 1997 թուականին: Եկեղեցւոյ մէջ յաճախ պատարագ կը մատուցուի: Ամէն տարի Վագըֆի մէջ կը նշեն Ս. Ծննդեան եւ Ս. Յարութեան տօները:

Ռուսիա

Ռուսիոյ Վլատիմիր Քաղաքին Մէջ Հայկական Եկեղեցիի Օծում

Ռուսիոյ Վլատիմիր քաղաքին մէջ 13 օգոստոսին օծուած է Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին: Այդտեղ գտնուող հայերուն ջանքերով եկեղեցւոյ կառուցումը տեւած է մօտ 10 տարի:

Հայկական ճարտարապետութեան աւանդութիւնները ամփոփող սրբավայրին բարձրութիւնը 37 մեթր է, իսկ երեսապատման համար օգտագործուած է 250 թոն հայկական տուֆ:

Յայտնենք, որ երկրամասին մէջ մօտ 30.000 հայ կ՛ապրի: Ռուսիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Վարդան Տողանեանի համաձայն, Ռուսիոյ մէջ ներկայիս կը գործէ 47 հայկական եկեղեցի:

Գերմանիա

Դեսպան Սմբատեան Այցելեց Սաքսոնիա-Անհալթ Երկրամասի Վիթենպերկ Քաղաք

4 օգոստոսին Գերմանիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Սմբատեան աշխատանքային այցելութիւն կատարեց Սաքսոնիա-Անհալթ երկրամասի Վիթենպերկ քաղաք, ուր զայն դիմաւորեց Մարթին Լութերի ծննդավայր Վիթենպերկի քաղաքապետ Թորստըն Ցուկեհյոր:

Հանդիպման ընթացքին կողմերը քննարկեցին ապակեդրոնացեալ համագործակցութեան հեռանկարները` մասնաւորապէս, քաղաքներու, դպրոցներու միջեւ փոխադարձ գործակցութեան եւ միջմշակութային կապերու խորացման առնչուած ծրագիրներ:

Դեսպան Սմբատեան նաեւ գրառում կատարեց Վիթենպերկ քաղաքի «Ոսկիէ գիրք»-ին մէջ:

Յայտնենք, որ այս տարի Վիթենպերկ քաղաքին մէջ տեղի կ՛ունենայ բողոքական շարժումի հիմնադիր Մարթին Լութերի 500-ամեակին նուիրուած պետական նախաձեռնութիւններու շարքը:

Լեհաստան

Հայաստանին Նուիրուած Ուսումնական Տարուան Մեկնարկ

4 սեպտեմբերին Լեհաստանի Կիելցէ քաղաքին մէջ Լեհաստանի մշակոյթի և ազգային ժառանգութեան նախարարութեան կից գործող Եուզեֆ Շերմենտովսկիի անուան գեղարուեստի ուսումնարանին մէջ, տեղի ունեցաւ Հայաստանի նուիրուած 2017-2018 ուսումնական տարեշրջանի մեկնարկի պաշտօնական արարողութիւնը:

Լեհաստանի մէջ  Հայաստանի դեսպան Էտկար Ղազարեան խորհրդանշական համարեց այն հանգամանքը, որ Կիելցէի գեղարուեստական ուսումնարանին մէջ Հայաստանին նուիրուած ուսումնական տարեշրջանի մեկնարկը տրուեցաւ Հայաստանի եւ Լեհաստանի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 25-ամեակի եւ Լեհաստանի մէջ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ շնորհուած արտօնութեան 650-ամեակի տարուան: Դեսպանը շեշտեց, որ այս առիթը հնարաւորութիւն կու տայ ուսումնարանի բոլոր սաներուն` աւելի խոր ծանօթանալու հայ ժողովուրդի, Լեհաստանի հայ համայնքի հարուստ պատմութեան եւ մշակոյթին, Լեհաստանի պատմութեան մէջ տեղ գտած հայ մշակութային գործիչներու ստեղծագործութիւններուն:

Գեղարուեստական յայտագրով էսդրատային երգերով ելոյթ ունեցաւ հայազգի երգչուհի Եոաննա Պորքովսքան:

Աւարտին, դեսպան Ղազարեան ուսումնարանին նուիրեց Հայաստանի պետական դրօշը խորհրդանշող արցախեան ձեռագործ գորգ:

Viewing all 17452 articles
Browse latest View live


<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>