ՎԱՐՈՒԺ ՉԻԼԻՆԿԻՐԵԱՆ
«Իմ սիրտը լեռներումն է»… մեր բոլորին սիրտը` այսօր: Այդ լեռներուն մէջ օր մը հանդիպեցայ Արայիկին` անծանօթ զինուորին, հազարաւոր այն զինուորներէն, որոնք այսօր խրամատներուն մէջ կը պաշտպանեն մեր հողը: 2013-ի ամրան էր, երբ ընտանիքիս հետ Մարտակերտէն վերադարձին մեր ճամբան կորսնցուցինք Նոր Մարաղայէն դէպի Գանձասար տանող լեռներուն մէջ, որովհետեւ վստահեր էինք մեր GPS-ին, որ ցոյց կու տար լեռներու միջով, անբնակ գիւղերու եւ եռուն զօրանոցներու կողքով, Խաչենի ջրամբարը շրջանցող անասֆալթապատ ճամբայ, որ երկար չարչարանքէ ետք մեզ հասցուց Հովտաշէն, ուր մենք զմեզ գտանք Գանձասար տանող ասֆալթապատ ճամբուն վրայ:
Հակառակ քանի մը ժամ տեւած քարքարոտ ճամբուն ճնշիչ ցնցումներուն` վերադարձը դուրս եկաւ աւելի ճնշիչ եւ ցնցող… Արդէն իրիկնամուտ էր, երբ վանքէն անմիջապէս վար, ճամբու եզրին կանգնած էր ընտանիք մը: Հայրը` զինուորական համազգեստով, մայրը` յղի, եւ երկու երեխայ, մեծը` հինգ տարեկան: Կը սպասէին ինքնաշարժի: Բնազդաբար կանգ առի` առաջարկելու համար, որ միանան մեզի: Մենք արդէն հինգ հոգի էինք Երեւանէն վարձուած NIVA 4×4-ին մէջ, որ թէեւ լեռներուն մէջ «կորսուելու» համար լաւագոյն ընտրութիւնն էր, սակայն ինը հոգի փոխադրելու` ոչ: Բայց ինչ-որ ձեւով յաջողեցանք յարմարուիլ եւ ճամբայ ելանք: Արայիկը իր ընտանիքով կ՛ապրէր սահմանամերձ գիւղի մը մէջ, ուր ամենամօտ հիւանդանոցը կլիմայական լաւագոյն պայմաններուն մէջ ինքնաշարժով մէկ ժամուան ճանապարհ կ՛ենթադրէր: Ինք կը ծառայէր Արցախի պաշտպանութեան բանակին, շփման գիծերուն վրայ: Իր լաւատեսութեան եւ քաջութեան վկան իր փոքր ընտանիքն էր, որ երրորդ զաւկի ծնունդով կը դառնար մեծ ընտանիք…
Արտերկրի հանգստութեան մէջ նստած` դժուար է ըմբռնել Արցախի լեռներուն օդը շնչող Արայիկին հոգեբանութիւնը: Անկարելի է ըմբռնել ֆիզիքական եւ տնտեսական անապահով պայմաններու մէջ ապրող մարդուն լաւատես փիլիսոփայութիւնը: Ինչ որ կարելի է հասկնալ, այն է միայն, որ գոյութիւն ունի այդպիսի հոգեբանութիւն, որ կը սնանի յամառութեամբ, քաջութեամբ, անձնուրացութեամբ եւ անձնազոհութեամբ, հայրենասիրութեամբ եւ ինքնավստահութեամբ… եւ զայն կարելի է գտնել բարձր լեռներուն մշուշներուն մէջ:
Կանգ առինք իր ծնողքին տան շեմին, բաժնուեցանք: Մենք` վերադառնալու Շուշի, իրենք ալ ինքնաշարժ ճարելու` հասնելու համար իրենց գիւղը: Մեր երկխօսութիւնը վերջ գտաւ այնտեղ, ու սկիզբ առաւ իմ նուաստացնող մենախօսութիւնը` անձիս հետ… քանի մը օրէն այդ լեռները ետին թողած եւ Գահիրէ վերադարձող Վարուժին հետ… Արայիկները իրենց անմեղ ընտանիքներուն հետ իրենց անորոշ ճակատագրին ձգած եւ իր տան ապահովութեան վերադարձող յանցաւորիս հետ… Այդ մենախօսութիւնը յարանորոգ է եւ անաւարտ… Անբացատրելիօրէն անհանգստացնող զգացում է այսօր, երբ կը մտածեմ Արայիկին մասին: Անպայման որ զէնքը գրկած, առաջին գծերուն վրայ, իր եւ իր ընտանիքին կեանքն ու ճակատագիրը զէնքին բլթակէն կախուած` յամառօրէն կը պաշտպանէ իր հողը, պատիւը, ընտանիքը եւ հայրենիքը… Սիրտ խոցող զգացում է, երբ կը փորձեմ պատկերացնել իր համեստ տունը, ընտանիքը, իր ամուսնուն եւ իրենց հօր անվտանգութեան համար երկինք բարձրացող աղօթքները… խառնուած հեռուէն, երբեմն նաեւ մօտէն եկող կրակոցներու եւ պայթումներու ձայներուն… խեղդող եւ սպաննող զգացոմ է, երբ ակամայ արցունքներդ կը կաթին մտածումներուդ վերջին տողերուն վրայ, երբ յանկարծ կը յիշես նաեւ իր վերջին խօսքը` «Բարի ճանապարհ, չմոռանա՛ք մեզ…»: