Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Հայրենի Կեանք

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

Արարատի Մարզպետարանին
Կը Յատկացուի 11 Միլիոն Դրամ

Araradian_33016

Հայաստանի Արարատի մարզի Դիտակ համայնքի մանկապարտէզի օժանդակութեան նպատակով կառավարութեան պահեստային ֆոնտէն Արարատի մարզպետարանին պիտի յատկացուի 11 միլիոն դրամ:

Հայաստանի տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարար Դաւիթ Լոքեան նշած է, որ «Հայ կանայք յանուն առողջութեան եւ առողջ շրջակայ միջավայրի» հասարակական կազմակերպութիւնը զուիցերիական «Սուրի վեր լ՛աւընիր» հիմնադրամին տրամադրած ֆինանսական աջակցութեան շնորհիւ Դիտակ շրջանին մէջ կատարած է մանկապարտէզի վերակառուցման եւ վերանորոգման աշխատանքներ: Ան յայտնած է, որ մանկապարտէզը օգտագործման յանձնելու համար համայնքապետարանը համապատասխան ֆինանսական միջոցներ չունի: Յատկացուող գումարը պիտի տրամադրուի առկայ հարցի լուծման:

«Հայաստանի Մէջ Սուրիահայերը Աշխատանքի
Եւ Բնակարանային Խնդիրներ Ունեն.
Նախարար Յակոբեան

0325interagency

Սուրիահայերուն հիմնախնդիրները համակարգող միջգերատեսչական յանձնաժողովի նիստի ընթացքին,      24 մարտին, Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան յայտարարած է, որ Հայաստան հաստատուած սուրիահայերը աշխատանքային եւ բնակարանային հարցեր ունին:

«Սուրիական տագնապը դեռ չէ աւարտած, այս առումով անընդհատ մեր հայրենակիցները շարժման մէջ են: Գլխաւոր խնդիրները աշխատանքային եւ բնակարանի վերաբերող են: Ամէն ամիս մենք կը գումարենք միջգերատեսչական յանձնաժողովի նիստ եւ կը քննարկենք տարբեր հարցեր», յայտնած է Հրանուշ Յակոբեան:

Նիստին ընթացքին քննարկուած են քաղաքացիութիւն եւ կեցութեան կարգավիճակ ստացած սուրիահայերուն հարցերը, ներկայացուած են ՄԱԿ-ի կողմէ 2016-ին նախաձեռնուող ծրագիրները, ամփոփուած են կատարուած աշխատանքները: «Այսօր սփիւռքի մէջ սկսած է  շարժում ` գումարներ հանգանակելու նպատակով, որպէսզի 600 եւ աւելի ընտանիքներու համար բնակարանի վարձք կարելի ըլլայ ապահովել: Անհրաժեշտ է 1 միլիոն 200 հազար տոլար: Հանգանակութեան շնորհիւ հաւաքուած է 350 հազար տոլար: Ասոր պէտք է միանան ՄԱԿ-ի գրասենեակը եւ այլ միջազգային կառոյցներ: Պէտք է միջազգային կազմակերպութիւնները լրջօրէն օգնեն մեր հայրենակիցներին», շեշտած է նախարար Յակոբեան: Ան դժգոհութիւն յայտնած է այն մասին, որ Հայաստանի եւ սփիւռքի բարեհամբոյր վերաբերումին պատճառով միջազգային կազմակերպութիւնները նուազ կ՛օգնեն Հայաստանին, քան` այլ երկիրներու: «Մենք կը փորձենք անոնց ուշադրութիւնը հրաւիրել մեր հայրենակիցներուն խնդիրներուն վրայ», նշած է նախարարը:

Սեփական Ընկերութիւնը Ոսկերչութեան
Ոլորտին Մէջ Պիտի Ներդրէ 68,5 Միլիոն Տոլար

«Բագեզեան» սահմանափակ պատասխանատուութեամբ ընկերութեան «Մերիտիան» ազատ տնտեսական գօտիին մէջ կը նախատեսուի կատարել ոսկերչութեան եւ արծաթագործութեան վերաբերող 68,5 միլիոն տոլարի ներդրումային ծրագիր:

Կառավարութիւնը 24 մարտի նիստին պիտի քննարկէ «Բագեզեան»-ի «Մերիտիան»-ի մէջ շահագործողի թոյլտուութիւն տրամադրելու հարցը: Կը նախատեսուի, որ ընկերութիւնը յառաջիկայ 5 տարուան ընթացքին ստեղծէ առնուազն 70 նոր աշխատատեղ` 250–500 տոլար միջին աշխատավարձով: Ընկերութիւնը կը ծրագրէ ընդարձակել արտածման հիմնական ուղղութիւնները` դէպի Ռուսիա եւ Եւրասիական տնտեսական միութեան երկիրներ, Միացեալ Նահանգներ, Քանատա, Եւրոպական միութեան երկիրներ, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ, Հոնկ Քոնկ, Մեքսիքա, Իրաք, Իսրայէլ` ապահովելով արտածման տարեկան շուրջ 9,5 միլիոն տոլարի մուտք:

Արցախի Ձեւագիտական-Կիրառական Արուեստը`
Շարամբէեան Կեդրոնին Մէջ

0323artsakhart

Արցախի գորգագործութեան, խեցեգործութեան եւ ժողովրդական արուեստի այլ ուղղութիւններ ներկայացնող նմուշներ ամփոփուած են մէկ ցուցահանդէսի մէջ: Յովհաննէս Շարամբէեանի անուան ժողովրդական ստեղծագործութեան կեդրոնին մէջ բացումը կատարուած է «Արցախի դեկորատիւ-կիրառական արուեստը» խորագիրով ցուցահանդէսին:

Բացման օրը տեղի ունեցած է նաեւ բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր Արմէն Սարգսեանի «Արցախի բանահիւսութիւնը» գիրքին շնորհահանդէսը, որուն ընթացքին խաղիկներու ձեւով ներկայացուած են պատառիկներ Արցախի բանահիւսութենէն, հնչած են ժողովրդական երգեր, ցուցադրուած է Արցախի այցեքարտերէն մէկուն` «Ժենգեալով հաց»-ի պատրաստութեան գործընթացը ներկայացնող ժապաւէն:

Ձեռնարկը կազմակերպած էին Հայաստանի եւ Արցախի մշակոյթի նախարարութիւնները:

Լիբանանահայ Լուսանկարիչ Գաբրիէլ Փանոսեանի
Աշխատանքներուն Ցուցահանդէսի Բացում

Gabriel_32316

Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան եւ Հայաստանի մէջ Ամերիկեան համալսարանին աջակցութեամբ, 23 մարտին Ամերիկեան համալսարանի դահլիճին մէջ տեղի ունեցած է լիբանանահայ  լուսանկարիչ Գաբրիէլ Փանոսեանի լուսանկարներու «Լուսին մթութեան մէջ» խորագրեալ ցուցահանդէսը` ներկայութեամբ սփիւռքի նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեանի, Ամերիկեան համալսարանի նախագահ Արմէն Տէր Կիւրեղեանի, մտաւորականներու եւ արուեստագէտներու:

Բացման խօսքը արտասանած է համալսարանի նախագահ Արմէն Տէր Կիւրեղեան, որ նշած է, թէ լուսանկարներու իւրայատկութիւնը հիմնականօրէն լոյսի եւ ստուերի բնական խաղերու արտացոլացումն է` գիշերային երկինքին վրայ:

Gabriel2_32316

Սերժ Սրապիոնեան փոխանցած է սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանի ողջոյնի խօսքը, որուն մէջ նշուած է. «Գաբրիէլ Փանոսեանի` լուսանկարչական այս իւրայատուկ արուեստի յայտնագործողը սփիւռքի նախարարութիւնն է, որուն աջակցութեամբ առաջին անգամ կազմակերպուեցաւ լուսանկարներու առաջին ցուցահանդէսը: Լուսանկարները բնութեան հրաշալիքներու իւրօրինակ ամրագրումն են, հայուն զգացումներու եւ մտքի արտայայտման ինքնատիպ դրսեւորումներն են»: Ան  դիտել տուած է, որ լուսանկարիչը պէտք է օժտուած ըլլայ տուեալ պահը որսալու եւ անմահացնելու կարողութեամբ, բան մը, որ կրցած է ընել Գաբրիէլ Փանոսեան:

Սերժ Սրապիոնեան ստեղծագործական բեղուն գործունէութիւն եւ յաջողութիւններ մաղթած է Գաբրիէլ Փանոսեանին:

Gabriel1_32316

Շնորհակալութիւն յայտնելով սփիւռքի նախարարութեան ու անձամբ նախարարին` իր աշխատանքներու ցուցադրութեան նախաձեռնելու եւ նման ցուցահանդէս կազմակերպելու համար` Գաբրիէլ Փանոսեան նշած է. «Ես երբեք չեմ մտածած, որ լուսանկարներու ցուցահանդէսս պիտի կազմակերպեմ:  Այդ գաղափարը յուշած է սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանը, երբ առաջին անգամ տեսաւ լուսանկարներս, նկատել տալով, որ անոնք լուսանկարչական արուեստի նոր դրսեւորումներ են»:

Լուսանկարիչը նաեւ աւելցուցած է, որ 6-րդ անգամն ըլլալով կայացող ցուցահանդէսին, Արմէն Տէր Կիւրեղեանի առաջարկով, կը կազմակերպուի լուսանկարներու վաճառք, որուն հասոյթը ամբողջութեամբ պիտի փոխանցուի Ամերիկեան համալսարանին մէջ ուսանող սուրիահայերուն:

Այնուհետեւ իրենց ելոյթներով ներկաները ողջունած են ասմունքող Նարեկ Ղազարեանը եւ երգիչ Արեգ Միքայէլեանը:

Ջրային Պաշարներու Հիմնախնդիրներու
Քննարկման Նպատակով
Կայացած Է Տարեկան Համաժողով

0323water

«Լինենք հոգատար Հայաստան» եւ «Ջուրի համաշխարհային օր 2016» ընկերային բնապահպանական նախագիծը կը գործադրուի արդէն 6 տարիէ ի վեր: Անիկա կը միաւորէ ոլորտի մասնագէտները, պետական կառոյցները, միջազգային կազմակերպութիւնները, անուանի անձնաւորութիւններ եւ լրագրողներ` լուսարձակի տակ առնելու Հայաստանի մէջ ջուրի ոլորտին կապուած հիմնախնդիրները: Ամէն տարի տեղի կ՛ունենայ մօտ 2 ամիս տեւող իրազեկման արշաւ, որ կը սկսի փորձագիտական քննարկումներով եւ կ՛ամփոփուի ազգային համաժողովին ընթացքին, որ ամէն տարի խորագիր մը կ՛ունենայ. այս տարուանը «Ջուրը կայուն զարգացման հիմքում» խորագրը կը կրէ:

«Արմէնփրես»-ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին «Լինենք հոգատար Հայաստան» նախագիծի ղեկավար Տաթեւ Սիմոնեան ըսած է, որ ամէն տարի ելոյթ կ՛ունենան եւ հաշուետուութիւն կը ներկայացնեն «Համաշխարհային ջրային համագործակցութիւն» հասարակական կազմակերպութեան, որ կը գործէ աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ` փորձելով անոնց միջոցով լուծում գտնել առկայ հարցերուն:

«Կայուն զարգացման հիմքում» թեմայով համաժողովի նպատակն է հանրութեան եւ ջրային ոլորտի մասնագէտներուն ուշադրութիւնը սեւեռել այն թեմային վրայ, թէ ինչպէ՛ս որակեալ եւ բաւարար քանակութեամբ ջուրը կրնայ նպաստել կայուն զարգացման նպատակներու իրագործման եւ փոխել կենսամակարդակը բազմաթիւ երկիրներու մէջ: Ամէն տարի կը փորձենք ուշադրութիւն դարձնել մէկ հիմնական հարցի եւ կը խօսինք նոր մարտահրաւէրներու մասին նմանատիպ ձեռնարկներու շնորհիւ», ըսած է Սիմոնեան: Անոր համաձայն, տարեկան դրութեամբ նաեւ կը կազմակերպուի լուսանկարներու նախագիծ, որուն ընդմէջէն պատկերասփիւռի եւ արուեստի ներկայացուցիչներ, ջրային հարցերով անհանգիստ մասնագէտներ լուսարձակի տակ կ՛առնեն որոշ հիմնախնդիրներ: Սիմոնեան շեշտած է, որ մեծ յաջողութիւն է այս խնդիրին շուրջ մէկ հարթակի վրայ միաւորել տարբեր ոլորտներու ներկայացուցիչներ «Ազգային ջրային համագործակցութիւն» կազմակերպութեան նախագահ Արեւիկ Յովսէփեան հիմնական եւ առաջնահերթ նկատած է կեղտաջուրերու մաքրման կայաններու բացակայութիւնը եւ ջրային պաշարներու կառավարման խնդիրը: Ան  նաեւ նշած է, որ Արարատեան դաշտի սխալ կառավարման իբրեւ հետեւանք` ստորերկրեայ ջրային պաշարներուն մակարդակը տարբեր տեղեր 5-25 մեթրով նուազած է: Բացի ատկէ, 30 շրջաններ ըմպելի եւ ոռոգման ջուրի իմաստով կը գտնուին վատ վիճակի մէջ, իսկ մօտ 560 համայնքներու մէջ պատշաճ ջրամատակարարում չի կատարուիր: Մասնագէտին  համաձայն, այդտեղ ջրային ծառայութիւնները տեղական ինքնակառավարման մարմիններու պատասխանատուութեան տակ են, իսկ անոնք, չըլլալով մասնագիտական կազմակերութիւններ, չեն կրնար ճիշդ ձեւով կատարել կառավարումը եւ որակեալ, մաքուր ջուր մատակարարել բնակիչներուն: «Խնդիրներու լուծման համար հարկաւոր է համալիր մօտեցում եւ ուժերի համախմբում: Բոլորը` կառավարման օղակներէն մինչեւ պարզ քաղաքացի, պէտք է հոգ տանեն բնութեան ու տարբեր պաշարների մասին: Ջրային պաշարներուն վիճակը գնահատելու համար հարկաւոր է ոչ թէ բաղդատութիւն կատարել ափրիկեան կամ եւրոպական երկիրներու հետ, այլ հասկնալ, թէ մեր երկիրը ճիշդ ուր կը գտնուի եւ ինչ պէտք է ընէ` նպատակներուն հասնելու համար», շեշտած է Յովսէփեան: Ան աւելցուցած է, որ իրականացուած տարբեր նախագիծներ յառաջընթաց արձանագրած են բնապահպանութեան ոլորտին մէջ, բայց դեռ կան չլուծուած խնդիրներ:

Հայկազեան Շրջանին Մէջ
Նոր Դպրոց Կը Կառուցուի

haygazian_33016

Լեռնային Ղարաբաղի Քաշաթաղի շրջանի Հայկազեան համայնքին մէջ դպրոց կը կառուցուի: Այս մասին տեղեկացուցած է Լեռնային Ղարաբաղի քաղաքաշինութեան նախարարութիւնը:

Նորակառոյց կրթօճախը, ըստ նախագիծի, տիպային, եռայարկ շէնք է` նկուղային ու վերին յարկերով: Արդէն աւարտած են պատերու շարուածքը, աշխատանքներ կը տարուին երկրորդ յարկի ծածկի եւ տանիքի կառուցման ուղղութեամբ: Հայկազեանի դպրոցը պիտի ունենայ նաեւ ձեռնարկներու սրահ: Կը նախատեսուի բակին մէջ կաթսայատուն կառուցել, իսկ դասարաններուն մէջ պիտի տեղադրուին ջեռուցման համակարգեր: Դպրոցը պիտի օժտուի նոր գոյքով: Շինարարութեան աւարտէն ետք պիտի բարեկարգուի նաեւ դպրոցին յարող տարածքը եւ պիտի ցանկապատուի: Հայկազեանը պիտի ունենայ ժամանակակից չափանիշներուն համապատասխան կրթօճախ: Դպրոցը կը կառուցուի Լեռնային Ղարաբաղի պետական պիւտճէէն յատկացուած նիւթականով:

Նշենք, որ Հայկազեան Քաշաթաղի շրջանի հարաւային թեւի համայնքներէն է. հոն կը  յաճախեն նաեւ հարեւան Ջանֆիդա, Սահար, Դարբնոց եւ Որոտան շրջաններու աշակերտները:

Վերջին Տարիներուն Արցախ Այցելող
Օտար Զբօսաշրջիկներուն Թիւը
Աւելցած Է 30-40 Տոկոսով

artsakhtourism_33016

Արցախի տնտեսութեան փոխնախարար Սերգէյ Շահվերդեան 21 մարտին լրագրողներու հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին հաստատած է, որ վերջին տարիներուն Արցախ այցելող օտար զբօսաշրջիկներուն թիւը տարեկան 30-40 տոկոսով աճ արձանագրած է: «Նման աճ մենք ունեցած ենք մինչեւ 2014 թուականը, սակայն 2014 թուականին այդ ցուցանիշը քիչ մը նուազած է: 2015 թուականին կրկին աճի միտում նկատուած է: 2015-ին արձանագրուած է օտար զբօսաշրջիկներու 13 տոկոս աճ: Հիմնականին մէջ Արցախ կու գան` Միացեալ Նահանգներէն, Եւրոպայէն, Ռուսիայէն եւ իսլամական երկիրներէն: Ընդհանուր առմամբ, կարելի է ըսել, որ Արցախի մէջ զբօսաշրջութեան զարգացումը կ’ընթանայ աշխուժ կերպով», դիտել տուած է Սերգէյ Շահվերդեան:

Ըստ անոր, Արցախը աշխարհի տարբեր երկիրներու ներկայացնելու համար ոչ միայն զբօսաշրջութեան ցուցահանդէսները կ՛օգտագործուին, այլ նաեւ` տեղեկատուական միջոցները, ընկերային ցանցերը, ինչպէս նաեւ ժապաւէններ կը պատրաստուին` Արցախը ներկայացնելով իբրեւ զբօսաշրջութեան երկիր: «Արցախում զարգացում է ապրում հնագիտական, մշակութային, քայլարշաւային  զբօսաշրջութիւնը: Զբօսաշրջիկներին փորձում ենք գրաւել ոչ միայն տաճարներով, այլեւ իւրայատուկ ճարտարապետական կառոյցներով: Մենք ունենք 4 պատմամշակութային արգելոցներ: Աշխատանք է տարւում գիւղական զբօսաշրջութիւնը զարգացնելու ուղղութեամբ», ըսած է փոխնախարարը: Ան նշած է, որ Արցախի մէջ որեւէ ատեն բնակած փոքրամասնութեան մշակոյթը Արցախի մշակութային ժառանգութիւնն է: Արցախը հաւասարաչափ ուշադրութիւն կը դարձնէ յուշարձաններու պահպանման: «Ասոր լաւագոյն դրսեւորումն է Շուշիի, Աղտամի մզկիթներու պահպանումը: Արցախ այցելած զբօսաշրջիկները կը տեսնեն, որ ի տարբերութիւն Ազրպէյճանի, Արցախի մէջ կը պահպանուին մշակութային արժէքները», յայտնած է ան:

Սերգէյ Շահվերդեան նաեւ դիտել տուած է, որ Ազրպէյճան միշտ ալ կը փորձէ խոչընդոտել Արցախի մասնակցութիւնը միջազգային զբօսաշրջութեան ցուցահանդէսներու, նաեւ յայտնելով, որ գրեթէ բոլոր ցուցահանդէսներուն ալ կայ այդ միտումը: Անոր համաձայն, սկիզբը ազրպէյճանցիները կ՛աշխատին պաշտօնական խողովակներով, կը բողոքեն կազմակերպիչներուն, տուեալ երկրի արտաքին գործոց նախարարութեան, իսկ երբ իրենց փորձերը կը ձախողին, անոնք ցուցահանդէսին ընթացքին կը փորձեն ստեղծել անընդունելի իրավիճակ, որպէսզի այդ ձեւով պարտադրեն իրենց կամքը եւ խանգարեն Արցախի մասնակցութիւնը այդ ցուցահանդէսներուն: Բայց եւ այնպէս միշտ ալ նման փորձեր ձախողութեան կը մատնուին:

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>