ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Լեռնային Ղարաբաղի քաջարի ժողովուրդը կը մնար պահանջատիրական պատնէշի վրայ, մինչ կը բազմանային ճնշումները` ժողովուրդին եւ ղեկավարութեան վրայ:
Միաժամանակ, 1988 յունիս 24-էն սկսեալ միջադէպեր արձանագրուեցան Երեւանի հարաւը, հայերու եւ ազերիներու միջեւ: Նոյն օրերուն հազարաւոր ազերիներ խոյս տուին Հայաստանէն եւ Ազրպէյճան ու Լեռնային Ղարաբաղ փոխադրուեցան, փոխադարձաբար ալ հազարաւոր հայեր Ազրպէյճանէն հեռանալով Հայաստան փոխադրուեցան: Պաքուի հայերուն վրայ ճնշումները սաստկացան: Պաքուցի հայեր հաւաքական ստորագրութեամբ «Փրաւտա»-ին նամակներ ուղարկելով խոր մտահոգութիւն կը յայտնէին եւ կը խօսէին «Հայերու վախի զգացումին սաստկացման» մասին:
Միւս կողմէ, Խորհրդային Միութեան Համայնավար կուսակցուըեան ընդհանուր համագումարին ընթացքին Քրեմլինի ղեկավար Միխայիլ Գորբաչով քննադատեց Անդրկովկասի մէջ սահմանային փոփոխութեան պահանջները եւ Խորհրդային Միութեան ժողովուրդները հրաւիրեց միասնաբար գոյակցելու եւ լուծելու իրենց հարցերը, փոխանակ հակադրութիւններ ստեղծելու ազգային տարբերութիւններու շուրջ:
Այս խօսքերով, Գորբաչով բացայայտօրէն մերժեց վերատեսութեան ենթարկել Հայաստանի սահմանները, որպէսզի Լեռնային Ղարաբաղը առնուի նաեւ կազմին մէջ:
Երեքշաբթի, 5 յուլիս 1988-ին խորհրդային ապահովութեան ուժեր զրահապատ կառքերով Երեւան մտան: Մայրաքաղաքին գործարանները եւ փոխադրական միջոցները արդէն անդամալուծուած էին ընդհանուր գործադուլին պատճառով: «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ բախումներ տեղի ունեցան հայ ցուցարարներուն եւ խորհրդային ապահովութեան ուժերուն միջեւ, արձանագրուեցան զոհեր եւ վիրաւորներ: Այսպիսով, առաջին անգամ ըլլալով հայկական արդար եւ նպատակասլաց պահանջատիրութիւնը բախեցաւ բիրտ ուժի, եւ արիւն հոսեցաւ. Երեւանի օդակայանէն թռիչքները առկախուեցան եւ օփերայի հրապարակը փակուեցաւ ապահովութեան ուժերուն կողմէ:
Հինգշաբթի, յուլիս 7-ին, ինքնաշարժներ իրենց ճչակները հնչեցնելով եւ դրօշակներ պարզած` շրջեցան Երեւանի փողոցներէն եւ ուղղուեցան դէպի շրջակայ քաղաքներ` գործադուլը շարունակելու կոչեր ուղղելով: Ոստիկան ուժերը ներկայութիւն էին միայն գլխաւոր փողոցներուն մէջ եւ երբեմն կը ստուգէին երթեւեկողներու ինքնութիւնը: Այսպիսով գործադուլը տարածուեցաւ Հայաստանի բոլոր շրջանները:
Պաքուի մէջ, հայկական թաղերը կը մնային բանակայիններու հսկողութեան տակ:
***
Լեռնային Ղարաբաղի խորհրդարանը երեքշաբթի, 12 յուլիսին որոշեց շրջանը անջատել Ազրպէյճանէն եւ որդեգրել ինքնավար մարզը գործնապէս Խորհրդային Հայաստանի կապելու քայլեր: Խորհրդարանը նաեւ որոշեց շրջանը վերամկրտել իր պատմական անունով` Արցախ:
Ազպէյճանի խորհրդարանը «ապօրինի» հռչակեց որոշումը, իսկ Գորբաչով դէմ արտայայտուեցաւ սահմաններու վերագծումի որեւէ քայլի:
Նշենք, որ անջատուելու որոշումը հիմնաւորուած էր Խորհրդային Միութեան սահմանադրութեան 78-րդ յօդուածին հիմամբ, որ կը ճանչնար ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքը:
***
Խորհրդային Միութեան գերագոյն խորհուրդի նախագահութիւնը յուլիս 18-ին մերժեց ընդառաջել Խորհրդային Հայաստանի վերամիանալու Լեռնային Ղարաբաղի պահանջին եւ յայտարարեց, որ ինքնավար մարզը պիտի մնայ Ազրպէյճանի մէկ մասը:
Իր կարգին, Խորհրդային Միութեան նախագահ Անտրէյ Կրոմիքօ ընդգծեց, որ Ղարաբաղի հարցին լուծումը պէտք է որոնել «Խորհրդային Միութեան սահմանադրութեան տրամադրութեանց շրջագիծին մէջ, նկատի ունենալով ընկերվարութեան արժէքները, միաժամանակ եւ փոխադարձաբար յարգելով տեսակէտները, աւանդութիւնները եւ իւրաքանչիւր ժողովուրդի ազգային արժանապատուութիւնը»:
Քրեմլինի պատասխանատուները յայտարարեցին, որ կրնան կրակմար հաստատել Հայաստանի եւ Ղարաբաղի մէջ:
***
Գերագոյն խորհուրդի որոշումին գծով խոր ընդվզում արտայայտելով, Երեւանի եւ Արցախի բնակիչները ընդհանուր գործադուլի եւ հսկայական հաւաքներու դիմեցին, հաւատարիմ մնալով Արցախի պահանջատիրութեան օրինապահ հետապնդումին:
Սեպտեմբերի սկիզբը շարժումը նոր թափ ստացաւ: Ժողովրդային մեծ ցոյցեր տեղի ունեցան Երեւանի օփերայի հրապարակին վրայ: Լեռնային Ղարաբաղի վերամիացման պահանջի կողքին, ցուցարարները արծարծեցին հայ լեզուի ու մշակոյթի պաշտպանութեան եւ հայկական ազգային դրօշակին` եռագոյնին վերահաստատման պահանջները:
Ղարաբաղի հայութեան գլխաւոր պահանջներէն մէկն էր Հայաստանէն Ղարաբաղ գաղթած ազերիներու ազրպէյճանական այլ շրջաններ հաստատումը: Այդ գաղթականները հայերու կողմէ «սուտ գաղթականներ» կը նկատուէին:
Սեպտեմբեր 21-ին Ստեփանակերտի եւ Աղտամի մէջ ստիպողական վիճակ եւ կրակմար հաստատուեցաւ, կանխարգիլելու համար ազգամիջեան բախումներու զարգացումը:
Սեպտեմբեր 21-էն 22 լուսցող գիշերուան ընթացքին խորհրդային հազարաւոր զինուորներ մուտք գործեցին Երեւան եւ տարածուեցան փողոցներու մէջ ու պաշտօնական հաստատութեանց շուրջ: Բանակային ուժերը յատկապէս հաստատուեցան կառավարութեան, խորհրդարանին եւ Համայնավար կուսակցութեան կեդրոնի շէնքերուն շուրջ եւ զանոնք խիստ հսկողութեան տակ առին: Բանակային ուժերը իրենց տրամադրութեան տակ ունէին հրասայլեր:
Սեպտեմբեր 23-ին խորհրդային բանակային ուժերը պաշարման օղակ մը հաստատեցին Երեւանի կեդրոնական գօտիին շուրջ, արգիլելով կարգ մը շրջաններու մէջ հաւաքները, սակայն օփերայի հրապարակին մուտքերը կը մնային բաց, ուր հաւաքները կը շարունակուէին:
Խորհրդային Հայաստանի գերագոյն խորհուրդի նախագահութիւնը սեպտեմբեր 25-ին կոչ մը ուղղեց Քրեմլինի` երաշխաւորելու Լեռնային Ղարաբաղի հայութեան կեանքի ապահովութիւնը:
Խորհրդային Միութեան Համայնավար կուսակցութեան առաջին քարտուղար Միխայիլ Գորբաչով շաբաթ, 1 հոկտեմբերին ընտրուեցաւ Խորհրդային Միութեան նախագահ:
Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի Համայնավար կուսակցութեանց առաջին քարտուղարներ Սուրէն Յարութիւնեան եւ Ապտիւլ Ռահման Վեզիրով հոկտեմբեր 13-ին Ստեփանակերտի մէջ հանդիպում ունեցան, քննարկելու համար Լեռնային Ղարաբաղի դիմագրաւած հարցերուն լուծման միջոցները: Տեսակցութեան ներկայ գտնուեցաւ Կրեմլինի յատուկ պատուիրակ Վոլսքի: Անհրաժեշտ նկատուեցաւ որոնել հարցերու լուծման փոխադարձ զիջողութեան ուղիներ, ընդառաջ երթալ իրարու եւ ազգամիջեան հարցերու լուծման համար, կուսակցական գետնի վրայ թափ տալ գործակցութեան:
* * *
Ազրպէյճանական Կիրովապատ քաղաքին 270 հազար բնակիչներուն 120 հազարը հայեր էին: Քաղաքին մէջ հայերու դէմ բռնարարքները, հալածանքներն ու խժդժութիւնները սկսան նոյեմբեր 21-ին: Հազարաւոր հայեր փախուստի դիմեցին, իսկ ուրիշներ պահուըտեցան իրենց տուներուն մէջ: Երեխաները հաւաքուեցան եկեղեցիներու մօտ եւ սպասեցին զիրենք քաղաքէն դուրս բերող փոխադրամիջոցներու: Ներքին գործոց նախարարութեան զինուորները միջամուխ չէին ըլլար, որովհետեւ հրահանգ չէին ստացած:
Երեւանէն զինուորական քսան ուղղաթիռներ ճամբայ ելան, խմբուած երեխաները Կիրովապատէն դուրս բերելու համար: Իսկ Հայաստան գտնուող բանակային ուժերը շարժեցան դէպի Կիրովապատ եւ հեռացուցին քանի մը հարիւր հայեր: Տարեցները քաղաք կը մնային ինքնապաշտպանութեան համար:
Կիրովապատ ամբողջովին անդամալուծուած էր. բանակը տարածուած էր ամէն կողմ, խանութները փակ էին, իսկ ազերիներ ինքաշարժներ կ՛այրէին: Ազերիները կը փորձէին բռնի ուժով մտնել հայերու տուները:
Նոյեմբեր 23-ին խորհրդային զինուորներ դիրքեր հաստատեցին հայկական թաղերը քաղաքի մնացեալ մասէն բաժնող կամուրջին վրայ, երբ ազերիները փորձեցին խուժել դէպի հայկական թաղերը: Աւելի ուշ ազերիները շրջանցեցին կամուրջը եւ օղակի մէջ առին հայկական թաղերը:
Ազերի խուժանը յարձակումներ գործեց այն թաղամասերուն եւ շէնքերուն վրայ, ուր հայերը համեմատաբար փոքրամասնութիւն կը կազմէին եւ ցանցառ էին: Այդ շրջաններու հայ բնակիչները սկսան քաղաքին հայկական թաղերուն մէջ ապաստան գտնել:
«Մահ հայերուն» բացագանչութիւններ արձակելով, ամբոխը ջարդեց ու փշրեց բոլոր ցուցափեղկերն ու արձանագրութիւնները, ուր հայերէն եւ ռուսերէն արձանագրութիւն գրուած էր: Շրջանի հայ բնակիչները զինուորական փոխադրակառքերով եւ ինքնաշարժներով հայկական թաղամասեր փոխադրուեցան: Անոնց հեռացումէն ետք խուժանը յարձակեցաւ դատարկուած բնակարաններուն վրայ եւ ջարդեց, փշրեց եւ փողոց նետեց կահ-կարասիներ, առտնին գոյքեր, ձայնապնակներ, եւ այլն, ապա կրակի տուաւ ամէն բան: Աւերիչ «առաքելութիւն»-ը կատարուեցաւ 30-էն 50 հոգիէ կազմուած խումբերով: Ամէն անգամ, երբ ոստիկանութիւնը կը հասնէր խռովարարներու աւերումներուն վայրը, ամէն բան քանդուած ու այրած կ՛ըլլար արդէն:
Խուժանը պաշարեց նաեւ Կիրովապատի ոստիկանատունը, ուր աւազակներ բանտարկուած էին: Սպառնալիքի տակ անոնք ազատ արձակել տուին աւազակները:
Ոչ հայկական թաղամասերուն մէջ վերոյիշեալ «հերոսութիւնները» կատարելէ ետք, ազերի խուժանը փորձեց յարձակում գործել հայկական թաղամասերուն վրայ: Առաջին հերթին խուժանը ուղղուեցաւ դէպի հայկական եկեղեցին, որուն դուռները հապճեպով փակուած էին կրօնաւորի մը կողմէ: Չկարենալով մուտք գործել եկեղեցիէն ներս, ամբոխը յարձակեցաւ եկեղեցիին առջեւ գտնուող խաչին վրայ եւ փորձեց տեղահան ընել զայն: Հրասայլերով եւ զրահապատ կառքերով բանակայիններ վրայ հասան եւ ցրուեցին ամբոխը: Խաչը վերահաստատուեցաւ իր տեղը:
Այնուհետեւ հայկական թաղամասերը պաշարման օղակի մէջ առնուեցան բանակին կողմէ: Բանակայիններուն մեծ մասը ռուսերէ բաղկացած էր, սակայն անոնց մէջ կային նաեւ զանազան ազգութիւններէ զինուորներ: Բազմաթիւ զինուորներ վիրաւորուեցան ազերիներու կողմէ արձակուած քոքթէյլ մոլոթովներով, որովհետեւ բանակը հայկական թաղամասերը կը պաշտպանէր:
Ազերի խուժանը քանի մը անգամ փորձեց ջարդ կազմակերպել հայկական թաղմասերուն վրայ իր յարձակումներով. սակայն բանակը միշտ ալ ետ մղեց ամբոխը:
Միւս կողմէ, բազմաթիւ հայեր այլեւս չէին կրնար աշխատիլ քաղաքին մէջ: Անոնց գործատէրերը թելադրած էին, որ աշխատանքի վերադառնան «երբ կացութիւնը հանդարտի», կամ` պարզապէս գործէ արձակած էին զանոնք:
Մինչ այդ արդէն Կիրովապատէն գաղթականական հոսանք մը Հայաստան կը թափէր եւ պատմական Գանձակը օրըստօրէ կը հայաթափուէր: Գաղթականներէն ոմանք զինուորական ուղղաթիռներով Երեւան փոխադրուեցան: Շատ մը երեխաներ ալ օդանաւով փոխադրուեցան: Շատ մը տղամարդիկ իրենց ընտանիքները, կիներն ու զաւակները Հայաստան ուղարկեցին, իսկ իրենք մնացին դիմադրելու համար:
Ազերիները հետեւողականօրէն կողոպտեցին, աւերեցին ու քանդեցին յատկապէս խառն բնակչութեամբ թաղամասերու հայերու բնակարանները, իսկ անպաշտպան կիներն ու աղջիկները բռնաբարեցին:
Ականատեսներ օրին հաստատեցին, որ Կիրովապատի դէպքերը շատ աւելի վատ էին, քան ինչ որ պատահեցաւ Սումկայիթի մէջ:
* * *
Միաժամանակ հայերու դէմ հալածանքներ ծայր առին Նախիջեւանի մէջ: Բանակը 500 հայ կիներ եւ երեխաներ Հայաստան փոխադրեց: Քանի մը օրուան ընթացքին շուրջ 1200 հայեր Նախիջեւանէն խոյս տուին դէպի Հայաստան, ուր կազմուեցաւ անոնց խնամք տանող յատուկ յանձնախումբ մը:
Դրութիւնը ծանր էր նաեւ Պաքուի մէջ, ուր գիշերուան ժամը 10:00-էն մինչեւ առաւօտեան ժամը 5:00 կրակմար հաստատուեցաւ: Բանակը զրահապատ կառքերով սկսաւ շրջիլ քաղաքի փողոցներուն եւ հայկական թաղերուն մէջ: Բանակին եւ ազերիներուն միջեւ բախումներ արձանագրուեցան:
Ազերիներ օրին պահանջեցին, որ Հայաստանի մէջ ազերիներուն համար ինքնավար մարզ մը պէտք է ստեղծուի, ապահովուի ազերիներուն անդորրութիւնը եւ Լեռնային Ղարաբաղի պատասխանատուները պէտք է պաշտօնազրկուին:
* * *
«Ազդակ», արցախեան շարժման դէպքերուն հոլովոյթը ներկայացնելով կ՛ըսէր, որ կարելի չէ տիրանալ հաւաքական իրաւունքներու, եթէ չմղուի հաւաքական եւ յարատեւ կռիւ: Արցախը Հայաստանի վերամիացած տեսնելու վճռակամութեամբ ոտքի ելած հայութիւնը կը գտնուէր ինքն իր ազգային արժանապատուութիւնը յարգելու պայմանին դիմաց:
«Ազդակ» կը նշէր, որ թէ՛ քեմալական Թուրքիան եւ թէ խորհրդային թրքութիւնը կը մնային հարազատօրէն թուրք: Այսպէս կոչուած քաղաքակրթեալ եւ յառաջադէմ աշխարհը կը ղեկավարուի կայսերապաշտ, ծաւալապաշտ եւ ազգայնամոլ ուժերու կողմէ, մարդկային եւ ընկերային իրաւունքները կը մնան ենթակայ` դրամի եւ զէնքի ուժին, այն աստիճան, որ Սումկայիթի ցեղասպանական ոճիրը կը մոռցուէր իբրեւ լրատուական հասարակ դէպք:
«Ազդակ» կ՛եզրափակէր ըսելով, որ որքան ազնիւ, որքան ալ վեհանձն, սակայն վերջիվերջոյ կտրուկ եւ հատու կրնայ ըլլալ ռազմաքաղաքական այն շարժումը, որ կրնայ կատարել իր մարդկային եւ ազգային արժանապատուութեան մէջ խորապէս խոցուած հայ ժողովուրդը: