Կարօ Յովհաննէսեան`
Մտաւորականը Եւ Խմբագիրը
Նշումներ Եւ Ընդգծումներ
Վեհափառ հայրապետը տաղանդը ունի եկեղեցին իր պատերէն անդին տանելու եւ զայն աշխուժ պահելու լուսաւորող փարոսի առաքելութեան մէջ` մեր ժողովուրդի կեանքն ու հաւաքական երթը հունաւորելով:
Այսօրուան մեր հաւաքը խօսուն ապացոյց է:
Վեհափառ հայրապետը այսօր կ՛արժեւորէ ազգային, մտաւորական եւ մանկավարժական ծառայութիւնը Կարօ Յովհաննէսեանի` հայ մտքի արժանաւոր այս մշակն ու գործիչը հանդիսաւորապէս մեծարելով եւ պարգեւատրելով:
Անձնապէս պատիւն ու բախտաւորութիւնը ունիմ, յանուն Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, երկար տարիներու գործակիցի եւ գաղափարի ընկերոջ սրտի իմ խօսքն ու վկայութիւնը փոխանցելու այս առիթով` կեդրոնանալով Կարօ Յովհաննէսեան մտաւորականին եւ խմբագիրին վաստակին ու արժանաւորութեան վրայ:
Ա. Ճիտին պարտքը
Կարօ Յովհաննէսեան յիշողութեանս պաստառին կը պատկերանայ, առաջին հերթին եւ ամէն բանէ անդին, իբրեւ պատգամաբերը Գրիգոր Զոհրապի «Ճիտին պարտքը» նորավէպի խորագրով բանաձեւուած խորհուրդին:
Մեր երիտասարդութեան, 1970-1971 տարիներուն, Կարօ Յովհաննէսեան ընկերական մեր հաւաքները կը ջերմացնէր հայ գրականութենէն դիպուկ էջեր անգիր արտասանելով:
Առաւելաբար Ինտրայի գրական ժառանգութեան նկատմամբ յատուկ գուրգուրանք ունէր Կարօ, բայց մասնայատուկ տկարութեամբ ու բեմականութեամբ կ՛ասմունքէր Զոհրապի «Ճիտին պարտքը» պատմուածքը:
Իր պատմուածքին մէջ Զոհրապ կը ներկայացնէ ողբերգութիւնը սնանկացած` երբեմնի յաջողակ առեւտրականի մը, որ երկու անչափահաս աղջիկներու հոգատար հայր է: Հնամաշ պայուսակ մը ձեռքին` ան օրն ի բուն կը շրջի շուկային մէջ, իր երեխաներուն օրուան հացը ապահովելու ապարդիւն ճիգով, որ կը յանգի անձկութեան ու մղձաւանջի, որովհետեւ ի վիճակի չէ իր աշխատանքով ապրուստ վաստակելու` իր տան եւ երեխաներուն տարրական կարիքները հոգալու համար: Ողբերգութիւնը կ՛աւարտի ծովուն վրայ ծփացող մարմնին եւ վիզէն կախուած հնամաշ ու դատարկ պայուսակին… նկարագրութեամբ, ուր Զոհրապ հանապազօրեայ հացի այդ պայուսակը կը կոչէ իր հերոսին «ճիտին պարտքը»…
Այդ օրերուն վստահաբար ո՛չ Կարօ Յովհաննէսեան ինք, ո՛չ ալ ընդհանրապէս մեր սերունդի այսօր հոս կամ հոն ցրուած կամ մեր աշխարհէն առյաւէտ հեռացած տղաքը կ՛անդրադառնայինք, թէ Զոհրապի տարազումը փոխաբերաբար կու տար սահմանումն ու բնութագրումը հայ մտաւորականի մեր հաւաքական ընկալումին` մտատիպարին:
Հայ մտաւորականը իր կոչումէն ու առաքելութենէն խուսափում չունի, որքան ալ դաժան պայմաններու տակ ապրելու յանձնառութիւն ենթադրէ Թուրքիոյ գործադրած ցեղասպանական ոճիրէն մազապուրծ` վերապրող հայութեան մտքի մշակը դառնալու նուիրումը:
Որոշապէս ինք` Կարօ Յովհաննէսեան արժանաւոր ներկայացուցիչներէն մէկն է մանկավարժական, խմբագրական եւ ընդհանրապէս մտաւորական աշխատանքին իբրեւ «Ճիտին պարտքը» փարելու եւ, մոմի պէս, մինչեւ վերջին բոց հոգեմտաւոր լոյս բաշխելու սփիւռքահայ մտաւորականի վարքագծին:
Կարեւորութեամբ կ՛ընդգծեմ, որ խօսքը չի վերաբերիր ուրիշ գործ ընելու կամ եկամտաբեր ասպարէզ գտնելու դժուարութեան պատճառով ուսուցիչի կամ խմբագիրի անդաստանին մէջ յայտնուած պարագայական մարդոց…
Խօսքը կը վերաբերի համալսարանական կրթութեան ու մասնագիտութեան որակ եւ վկայական նուաճած կոչեցեալներուն, որոնք կամաւոր յանձնառութեամբ իրենց կեանքը կը կապեն եւ կ՛իմաստաւորեն մտաւորական ծառայութեան նուիրուելով:
Նուիրում, որ խարսխուած է հայ մշակոյթին եւ հայ գրականութեան ջահը վառ պահելու եւ հայապահպանման ու հայակերտման առաքելութիւնը անխառն ու անխոցելի հպարտութեամբ յառաջ մղելու գիտակից ընտրանքին վրայ:
Կարօ Յովհաննէսեան այս իմաստով իր «ճիտին պարտքը» կատարող մտաւորականի կերպարն է, որ ծառայութեան ամբողջ կեանք մը ու մտաւորական վաստակ մը կապեց իր անունին` համապատասխան յարգանք պարտադրելով մեր իրականութեան մէջ նոյնիսկ ա՛յն մտայնութեան տէր շրջանակներուն, որոնք «աղքատ Ղազարոս» կը նկատեն հայ մտքի անձնուէր մշակները:
Հայ մտաւորականի արժանապատուութիւնը անձեռնմխելի դարձնելու եւ իբրեւ այդպիսին անխաթար պահպանելու ուղիով քալեց այս պահուն մեծարուող արժանաւորը, որ իրեն սիրողին թէ չսիրողին, իր գաղափարները բաժնողին թէ անոնց ընդդիմացողին հաւասարապէս յարգանք պարտադրեց` իր աշխատանքով ու յատկապէս անկաշառ սկզբունքայնութեամբ:
Բ. Ժողովուրդին ձայնը
Կարօ Յովհաննէսեան կը պատկանի լիբանանահայ եւ որոշ իմաստով սփիւռքածին այն սերունդին, որ կազմաւորուեցաւ ու ազգային նկարագիր
եւ գաղափարական ինքնութիւն արմատաւորեց Մեծ եղեռնի յիսնամեակին` պահանջատիրական զարթօնքի յաղթ ալիքին մակընթացութեան հետ:
Յատկանշականօրէն, Կարօ Յովհաննէսեան «Յովակիմեան-Մանուկեան» վարժարանէն ուղղակի Դաշնակցութիւն` ՀՅԴ «Զաւարեան» ուսանողական միութիւն եկած տղոցմէ էր: Միայն դաշնակցական միջավայրի մէջ կազմաւորուած երիտասարդ մը չէր, այլ գաղափարական տարբեր մօտեցումներու մէջէն իր ուղին գտած խոստմնալից մտաւորական ուժ էր: Թէեւ Նոր Ամանոս թաղին մէջ դէմ-դիմաց ապրող դրացի ընտանիքներու զաւակներ էինք, բայց զիրար ճանչցանք եւ մտերմացանք «Զաւարեան»-ի հնոցին մէջ, ուրկէ եւ նետեցինք մեր առաջին քայլերը «Ազդակ»-ի էջերուն, շաբաթական կանոնաւորութեամբ, չորեքշաբթի օրերը լոյս տեսնող «Զաւարեանական Էջ»-ի սիւնակներէն: Ազգային մեր հարցերուն` ցաւերուն եւ նուաճումներուն քննական արժեւորման նոր խօսք բերող «Զաւարեանական Էջ»-ով կազմաւորուեցաւ գաղափարական նկարագիրը Կարօ Յովհաննէսեան մտաւորականին, որ ուսանող իր տարիներէն արդէն իբրեւ ասպարէզ ընտրած էր ուսուցչութիւնը:
Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի բռնկումին հետ, 1976-ին, Կարօ Յովհաննէսեան ուսուցչութեան կողքին միացաւ ՀՅԴ Բիւրոյի նորաստեղծ Մամլոյ դիւանին, որ հրապարակագրական եւ ազգային-քաղաքական մտածողութիւն զարգացնելու եւ հունաւորելու առումներով` գաղափարական հասունացման օրրան մը հանդիսացաւ: Միաժամանակ` ՀՅԴ կազմակերպական կեանքին մէջ Կարօ Յովհաննէսեան ցուցաբերեց աշխուժ գործունէութիւն, որ պսակուեցաւ ՀՅԴ Բիւրոյի համակուսակցական Երիտասարդական գրասենեակին պատասխանատու նշանակուելով եւ համասփիւռքեան տարածում ունեցող «Կայծեր» պարբերաթերթի խմբագրումը ստանձնելով: Կարօ Յովհաննէսեան տարբեր հանգրուաններու ընտրուեցաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ, նաեւ շրջանը ներկայացնող պատգամաւոր ընտրուեցաւ ՀՅԴ Ընդհանուր Ժողովին:
Մտաւորական-խմբագիրի եւ ազգային-կուսակցական գործիչի իր երկարամեայ գործունէութեան ընթացքին, Կարօ Յովհաննէսեան առաջնորդուեցաւ մէկ ու միակ դաւանանքով, որ կը բխէր սեփական ժողովուրդին ձայնը լսելի դարձնելու կոչումէն: Կարօ Յովհաննէսեան իր ամբողջ էութեամբ ապրեցաւ մեր ժողովուրդի լայն խաւերուն ազգային թէ ընկերային առօրեան, սեփական մորթին վրայ զգաց կեանքի դժուարութիւնները յաղթահարելու եւ հայ ընտանիք կազմելու եւ պահելու հայ մարդոց ազգապահպան պայքարին տարողութիւնն ու ծանրութիւնը: Եւ այդ ներշնչումով իր ուժն ու կարողութիւնները լարեց ի խնդիր ժողովուրդին ձայնը դառնալու` ժողովրդային ձայնը լսելի դարձնելու առաքելութեան:
Մեր ժողովուրդին բարոյական նախանձախնդրութիւն ներշնչելու եւ անոր իրաւունքներուն ու շահերուն արտայայտիչն ու պաշտպանը դառնալու խստապահանջ վարքագծին տէր մտաւորականն է Կարօ Յովհաննէսեան, որ խիզախութեամբ ծառացաւ ու ծառացման մղեց շրջապատը` ընդդէմ ազգային եւ հանրային մեր ինքնավստահութիւնն ու մարտունակութիւնը խոցող յոռի բարքերուն, հանգամանքի չարաշահումներուն եւ ամէն կարգի արատներուն ու սայթաքումներուն:
Գ. Յանձնառութիւն եւ ինքնահաւատարմութիւն
Կարօ Յովհաննէսեան մտաւորականին ու խմբագիրին բնորոշ են յանձնառութիւնն ու ինքնահաւատարմութիւնը:
Պայմաններուն կամ կացութեանց համաձայն կողմնորոշում որդեգրելու, տեսակէտ արտայայտելու կամ տիրող հոսանքին հետ քայլ պահելու մտաւորական յարմարուողականութիւնը խորթ է Կարօ Յովհաննէսեանին:
Ընդհակառա՛կն, իր պաշտպանած գաղափարներուն եւ ջատագոված արժէքներուն խոր համոզումը մղիչ ուժն է Կարօ Յովհաննէսեան յանձնառու մտաւորականին:
Յանձնառութեան արժանիքը ամբողջացնելու եւ արմատաւորելու կու գայ Կարօ Յովհաննէսեանի ինքնահաւատարմութիւնը: Եթէ մարդ էակին խղճմտանքն է անխարդախ դատաւորը անոր վարքուբարքին, Կարօ Յովհաննէսեան մտաւորականին մօտ ինքնահաւատարմութիւնն է այդ դատաւորը: Ան պարտքի ու պատասխանատուութեան անկաշառ զգացումով տէր կը կանգնի իր հաւատարմութեանց:
Դ. Երիտասարդութեան խօսակիցը եւ… ընկերը
Մտաւորական մարդուն գերագոյն բաւարարութիւն առթող նուաճումներէն մէկը երիտասարդութեան` նորահաս սերունդներուն հաղորդական ըլլալն է, անոնց հետաքրքրութիւնը գրաւելն է, անոնց կողմէ ընդունուիլն է եւ, մանաւանդ, անոնց հոգեհարազատ ընկեր մնալն է:
Կարօ Յովհաննէսեան ստեղծեց երիտասարդ ընթերցողներու իր շրջանակը, կրցաւ խօսիլ` իր գաղափարները եւ կեցուածքները հասցնել անոնց մտքին ու սրտին, ինչպէս որ ուսուցչական իր ասպարէզին մէջ յաջողեցաւ մտերիմն ու մեծ ընկերը ըլլալ իր աշակերտներուն:
Երիտասարդութեան խօսակիցը մնալու այդ մղումը ոչ միայն նոր մտքերու եւ գաղափարներու առջեւ բաց պահեց միտքը Կարօ Յովհաննէսեան մտաւորականին, այլեւ խմբագիրը օժտեց նոր ուժեր յայտնաբերելու եւ մամուլին կապելու իւրայատուկ շնորհքով:
Ե. Ժամանակին հետ քայլ պահել
Մտաւորականին ու յատկապէս խմբագիրին սպառնացող գլխաւոր վտանգը լճացումն է, սովորամոլութեան ախտէն վարակուիլն է:
Կարօ Յովհաննէսեանի մօտ տիրական եղաւ ինքնազարգացման ու վերանորոգման մղումը, ինչ որ ժամանակին հետ քայլ պահելու եւ լճացման չմատնուելու երաշխիք դարձաւ:
Նոյնիսկ անցեալի եւ ժամանակի մաշումին դիմացող արժէքները ծանօթացնելու, տարածելու եւ վերանորոգելու իր աշխատանքին ընթացքին, Կարօ Յովհաննէսեան հետամուտ եղաւ նոր լուսարձակի տակ քննելու, ուսումնասիրելու եւ արժեւորելու ազգային մեր հոգեմտաւոր ժառանգութիւնը հարստացնող գանձերը:
Նորօրեայ հրամայականներու եւ մարտահրաւէրներու լոյսին տակ է, որ Կարօ Յովհաննէսեան կը ներկայացնէ արդէն պատմութեան պատկանող դէմքերն ու դէպքերը, արժէքներն ու պատգամները:
Զ. Գիտական մշակում եւ վերլուծող միտք
Վստահաբար գիտական ուսումը եւ մասնագիտական պատրաստութիւնը կարեւոր դեր ունեցան` Կարօ Յովհաննէսեանի մօտ շեշտելու գիտական մշակումի եւ վերլուծող միտքի ընդունակութիւնները:
Եթէ մանրակրկիտ ուսումնասիրութեան, հետազօտութեան եւ ծանօթագրումի կարիքը ունիք, ամենայն հանգստութեամբ կրնաք դիմել Կարօ Յովհաննէսեանին: Ոչ միայն նախանձախնդիր ու բծախնդիր պրպտող եւ ընթերցող է, այլեւ իր ուսումնասիրած նիւթին հետ նոր ծանօթացող ուսանողի ջերմեռանդութեամբ, ան ուղղակի կը կլանուի իր յայտնագործած նորութիւններով, կը կորսուի մտաւորական աշխատանքի վայելքին մէջ:
Յատկանշականօրէն` գիտական մշակումը եւ իմաստասիրական վերլուծութիւնը զիրար չեն բացառեր, ընդհակառա՛կն, փոխհարստացնող գործօններ են Կարօ Յովհաննէսեանի յօդուածներուն կամ ուսումնասիրութեանց մէջ:
Մեր օրերու հայ հրապարակագրութեան մէջ Կարօ Յովհաննէսեան իր ուրոյն ոճը ստեղծեց այս իմաստով: Դրօշակիրը հանդիսացաւ գիտական յստակութեամբ եւ խորաքնին վերլուծութեամբ մեր ազգային-քաղաքական հարցերն ու առաջադրանքները ընթերցող լայն հասարակութեան մատուցելու, նորահաս սերունդները նոր ժամանակներու շունչով ոգեւորելու մարզին մէջ:
Է. Աշխատանքը կ՛ազնուացնէ հոգին
Մեղկութեան արատը մեծագոյն թշնամին է հայ մտաւորականին:
Մտաւորական ծուլութիւնը եւ հանգստամոլութիւնը կազմած են Աքիլլէսեան գարշապարը հայ ժողովուրդի ամբողջական ազատագրութեան պայքարը առաջնորդելու, այլեւ հունաւորելու կոչուած հոգեմտաւոր ներուժին:
Այսօր մեծարուող Կարօ Յովհաննէսեան մտաւորականին անփոխարինելի հարստութիւնը իր աշխատասիրութիւնն է:
Կրնայ պատահիլ, որ Կարօ Յովհաննէսեան մերժէ ստանձնել այս կամ այն մտաւորական աշխատանքը: Կրնայ պատահիլ նաեւ, որ ան մեծ դժուարութեամբ ընդունի այս կամ այն ուսումնասիրութեան կամ խմբագրումի աշխատանքին լծուիլ: Բայց անգամ մը, որ ան համաձայնած ու ընդունած է գործ մը գլուխ հանել, վստահ եղէք, որ շատ հազուադէպ պարագաներու միայն կարելի է զինք դուրս բերել իր խորասոյզ աշխատանքէն:
Կարօ Յովհաննէսեան սիրեց եւ սիրցուց աշխատանքը, հոգեմտաւոր զարգացման ծառայող աշխատանքը:
Մեր ուսուցիչները ատենին կը սիրէին մեզ խրատել, թէ աշխատանքը կ՛ազնուացնէ մարդու հոգին:
Այսօր կրնանք լրացուցիչ ընդգծել, որ մտաւորական մարդուն ազնուականութիւնը պայմանաւորուած է իր աշխատասիրութեամբ:
Կարօ Յովհաննէսեան արժանաւոր վկան է ոչ միայն աշխատանքի շնորհիւ ազնուացած մարդու հոգիին, այլեւ` ազնուականի պատուանդանին յաղթահասակ կանգնած հայ մտաւորականին: