Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17432

Տարօնի Աւանդները Պահած Արշակ Պապուկի Զայրոյթը

$
0
0

ՄԱԿԱՐ ի Քուինզ

Նիւ Եորքի կից Քուինզի մեծ վաճառատուները ունին աժանագին ճաշի սպասարկութիւն, ուր կը խռնուին մարդիկ` իրենց գնումներէն առաջ կամ վերջ:

Այդպէս, կէսօրը անցած էր, մենք ալ բրդուճ մը հացի համար հերթի կանգնեցանք, ապա քոքա-քոլայի խոշոր լեցուն բաժակով մը նստարանի մը վրայ տեղ գտանք: Սեղանակից դարձանք Միացեալ ազգերու ժողովի մասնակիցներու պատկերով ճաշողներու միջազգային խումբին:

Կողքէս հայերէն լսեցի: Ո՞ւր հայ չկայ, քանի որ տանիքներէն կը պոռանք, որ  համաշխարհային ազգ ենք, չըսելու համար` յաւերժի յաւերժ գաղթական:

Պետական նպաստով (ուելֆեր) ապրող կամ թոշակառու զոյգի մը քրթմնջոց լսեցի:

Հակառակ Մակարուհիի արգելքին` բարեւեցի, ծանօթացանք: Սուրիոյ գաւառական քաղաքէ մը աւետեաց երկիրը եկած էին տարօնցի վարժապետ Արշակը եւ վարժուհի Լուսոն: Բացառիկ ոչինչ: Քանինե՜ր այդպէս եկած են եւ դեռ պիտի գան:

«Ուրկէ՞ եկած էք, ուրկէ՞ կու գաք» հարցումներէ ետք մտերմացանք: Տարօնցի Արշակը լսող ականջ գտած ըլլալու հրճուանքով խօսեցաւ եւ աներեւակայելի բաներ պատմեց, յուզիչ եւ ցաւցնող, որոնց մասին մեր թերթերը, քիչ մը զեղչելով յուշագրութիւնները եւ քաղաքական տեսութիւնները, չեն խօսիր:

– Այս ի՜նչ կրակի ձգեցին մեզ,- ըսաւ հառաչելով:

Խորհեցայ, որ Ցեղասպանութեան կամ արցախեան պատերազմի մասին պիտի խօսի: Երկար չսպասեցի: Շարունակեց.

– Բարեկա՛մս, հոս ինչե՜ր կը լսես եւ կ’ապրիս: Անցեալ շաբաթ աղջկանս տունը սուգ կար: Ինք եւ փեսաս իրենց սատկած շան սուգը պահեցին: Նոյնիսկ իրենց պէս շանտէրեր ցաւակցութեան եկան, մխիթարեցին: Այս Ամերիկա է, արդիականութիւն:

Քաղաքավարութեամբ ըսի.

– Պարո՛ն Արշակ, շունը հաւատարիմ կենդանի է, երբ վարժուած կ’ըլլաս, կը յուզուիս:

– Այդ չէ միայն: Հոս սրբութիւն չկայ: Աղջիկս եւ փեսաս, երբ պիտի ամուսնանային, որոշեր էին, որ իրենց ամուսնական մատանիները բարձիկի մը դնեն եւ ամրացնեն այդ շան գլխուն վրայ, եւ ան այդ մատանիները խորան բերէ: Ուզած էին արտակարգ փայլ մը տալ իրենց ամուսնութեան: Հակառակ տարիքիս` ինքնիրմէս ելայ, հայհոյեցի, պոռացի, կանչեցի: Լուսոն վախցաւ, որ տեղւոյն վրայ կը մեռնիմ: Տուն հասցուցին զիս, բժիշկ կանչեցին:

Լուսոն միջամտեց.

– Է՜, մարդ, նորէն մի՛ յուզուիր:

Չէի միջամտեր, բայց կը սպասէի գիտնալու, թէ ինչպէ՞ս պիտի աւարտէր խորան գացող եւ մատանի տանող շան պատմութիւնը:

Տարօնցի Արշակ հանդարտելէ ետք շարունակեց.

– Աղջիկս եւ փեսացուս եկան հիւանդտեսի: Անկողինիս մէջ շտկուեցայ եւ ըսի, որ մեր եկեղեցիի խորանը շուներու համար չէ, եւ ես կ’ուրանամ զիրենք: Ըսի ուրիշ բաներ ալ: Գացին: Բայց իմ եւ շան միջեւ ընտրութիւն կատարելու չափ խելք ունեցան: Շունը մատանիները խորան չբերաւ:

Տարօնցի Արշակ լռեց: Յուզուած էր, տխուր եւ քիչ մը հպարտ` առաջքը առած ըլլալու համար հայ խորանին պղծումին:

Թոյլ չէր տուած, որ շունը խորան հասնի:

Բայց այդ շան համար սուգ եղած էր, եւ մարդիկ եկած էին այդ սուգին մասնակից ըլլալու:

Կ’ըսեն, որ յառաջդիմութիւնը կարելի չէ կասեցնել:

Կրնա՞յ պատահիլ, որ արդիականութիւնը օր մը շուները խորան տանի:

Այն ատեն տարօնցի Արշակ եւ Լուսօ այլեւս այս աշխարհէն չեն ըլլար:

Եւ թերեւս շուներու իրաւունքը կը դառնայ օրէնք:

Նիւ Եորք, 3 հոկտեմբեր 2019

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17432

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>