Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17432

«Գալուստ Կիւլպէնկեան» Հիմնարկութեան Լիբանանի Ռազմավարութիւնը Ուղղուած Հայկական Դպրոցներուն Ու Արեւմտահայերէնին

$
0
0

«Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան հայկական բաժանմունքը( ԳԿՀ) կը հաւատայ, որ բարենորոգումի եւ կենսական փոփոխութիւններ բերելու նախաձեռնութիւնը պէտք է գայ նոյնինքն դպրոցէն, այսինքն անիկա հիմնուի դպրոցին պահանջներուն եւ զարգացումի հեռանկարներուն վրայ: Դպրոցի վարչութիւնը եւ անձնակազմը, ուսուցիչները ներառեալ, աւելի լաւ կրնան ախտորոշել իրենց պահանջները եւ սերտօրէն համագործակցելով` կրնան մշակել ծրագիր մը, որ միտի այդ յատուկ պահանջները հոգալու եւ, հետեւաբար, իսկական բարեփոխումներ իրականացնելու:

ԳԿՀ-ն կը գիտակցի, որ վերանորոգումի եւ բարեկարգումի ջանքեր յաճախ չեն յաջողիր, տրուած ըլլալով, որ դպրոցները կը դժուարանան ռազմավարական ուղեգիծ մը կազմելու եւ առաւել եւս զայն կիրարկելու մէջ, նիւթական միջոցներու չգոյութեան պատճառով: Հետեւաբար ԳԿՀ-ն նիւթական միջոցներ պիտի հայթայթէ այն դպրոցներուն, որոնք յստակ ծրագիրներու ճամբով պիտի ձգտին իրենց մանկավարժական համակարգի բարեփոխումին` հասնելու շօշափելի վերանորոգումի:

ԳԿՀ հայկական դպրոցներու նպաստի ծրագիրը կը միտի դպրոցներու կարելիութիւն ընձեռելու, որ մշակեն հիմնական ծրագիր մը, որ վերաբերի ամբողջ դպրոցին, այսինքն` անոր ներքին կազմակերպական կամ կրթական հարցերուն: Այս նպաստին շնորհիւ` դպրոցները պիտի կարենան դասաւանդումի նորարար միջոցներ կիրարկել կամ փորձարկել նոր կրթական մտածողութեան մը վրայ հիմնուած մօտեցումներ: Նախաձեռնութիւնները կրնան ունենալ հետեւեալ ձեւաչափերը. նոր կրթական ծրագիրներու մշակում, կրթական նոր սարքաւորումներու ձեռքբերում, կրթութեան մէջ արհեստագիտութեան ներառում (լեզուի հետ կապուած «ծրագիրներ»/applications), դասարանային գրադարաններու ստեղծում, արտադպրոցային աշխատանքներ կամ աշակերտներու կողմէ նախաձեռնուած ծրագիրներ եւ առաւելաբար ուսուցումի նորարարական մեթոտաբանութեան մշակում, որուն լաւ օրինակներէն է յատուկ ուսուցողական ծրագիրներու (project-based learning) ընդգրկումը դպրոցի ընդհանուր կրթական ծրագիրին մէջ:

Կու տանք օրինակ մը, որ ձեւով մը կը մարմնաւորէ ԳԿՀ-ի առաջնահերթութիւնները` լեզուի կենսունակութեան ծիրին մէջ: Յատուկ ուսուցողական ծրագիրները կ՛օգնեն, որ լեզուն քայլ պահէ ներկային հետ եւ արծարծէ ժամանակակից նիւթեր, հետեւաբար ապրի եւ զարգանայ: Այս ծրագիրին ճամբով աշակերտները պիտի կարենան թօթափել այն մտայնութիւնը ըստ որուն, իրենց միայն վերապահուած է ժառանգուած լեզու մը պահպանելու պարտականութիւնը, եւ պիտի կարենան արեւմտահայերէնը դարձնել մտածելու ներկան եւ ապրելու լեզու մը: Անոնք զուգահեռաբար պիտի տիրապետեն այլազան նիւթերու եւ միաժամանակ զարգացնեն իրենց քննական մտածողութիւնը, ստեղծագործ միտքը, ինչպէս նաեւ` հաղորդակցութեան հմտութիւնները: Եթէ դպրոց մը ուզէ ներառել նման ծրագիր մը իր կրթական համակարգին մէջ, կրնայ դիմել ԳԿՀ հայկական դպրոցներու նպաստի ծրագիրին:

Այս ծիրին մէջ պիտի համագործակցինք լիբանանահայ համակարգողի մը հետ, որ պիտի ղեկավարէ ԳԿՀ հայկական դպրոցներու նպաստի ծրագիրը եւ սերտօրէն պիտի աշխատի դպրոցներու վարչութիւններուն, անձնակազմերուն, ուսուցիչներուն, նաեւ աշակերտներուն հետ, եթէ հարկ ըլլայ, որպէսզի մշակուին եւ կիրակուին տուեալ նպաստառու դպրոցական ծրագիրները: Ծրագիրներու պատրաստութեան եւ կիրարկութեան բոլոր փուլերը տեղի պիտի ունենան դպրոցներու եւ ԳԿՀ-ի սերտ համագործակցութեամբ:

Գործնական քայլեր

– ԳԿՀ-ն Լիբանանի մէջ համակարգող մը պիտի նշանակէ, որ պիտի հետեւի ԳԿՀ հայկական դպրոցներու նպաստի ծրագիրի աշխատանքներուն. ան պիտի աշխատի դպրոցներու վարչութիւններուն եւ անձնակազմերուն հետ:

– ԳԿՀ-ն այս ծրագիրներու մշակումին եւ կիրարկումին համար աջակցութիւն եւ նպաստ պիտի յատկացնէ: ԳԿՀ-ի Լիբանանի համակարգողը ի հարկին պատրաստ պիտի ըլլայ թելադրութիւններ կատարելու դպրոցներուն, որպէսզի անոնք ԳԿՀ-ի առաջնահերթութիւններուն համապատասխանող ծրագիրներ կարենան կազմել:

– ԳԿՀ հայկական դպրոցներու նպաստի ծրագիրին միջոցով ԳԿՀ-ն նպատակադրած է մինչեւ երեք մեծ նպաստ յատկացնել Լիբանանի ա՛յն հայկական դպրոցներուն, որոնք պատրաստ են մշակելու իրենց ծրագիրը, եւ որոնց դիմումնագիրը ընդունուի:

2.- Երկրորդ Հիմնասիւն – Պատրաստել Ապագայի Ուսուցիչները

Այսօրուան ուսուցիչներուն վերապատրաստութեան եւ նորարարական ծրագիրներու մշակումին առընթեր, կը հաւատանք, որ անհրաժեշտ է խորհրդածել արեւմտահայերէնի եւ արեւմտահայերէնով դասաւանդող ապագայի ուսուցիչները պատրաստելու շուրջ: Ուսուցիչներ պատրաստելու անյետաձգելի եւ անժխտելի անհրաժեշտութիւնը կայ, որովհետեւ ակնյայտ է, որ նոյնիսկ այսօր Լիբանանի եւ առաւել եւս սփիւռքի մէջ արեւմտահայերէնի եւ արեւմտահայերէնով աշխատող ուսուցիչներու մեծ պակաս մը գոյութիւն ունի:

Ներկայիս, երբ ընդհանրապէս կը խօսինք կրթական նորարարութեան մասին, զայն անմիջապէս կը զետեղենք արհեստագիտական միջոցներու կիրարկութեան պարունակին մէջ: Բայց զուտ արհեստագիտական նորարար մեթոտները չեն կրնար փոխարինել լաւ մանկավարժներն ու առողջ մանկավարժութիւնը. կրթութեան ոլորտին մէջ նոր արհեստագիտական միջոցներու կողքին, անհրաժեշտ է նորարարական մօտեցումներ կիրարկել նաեւ մանկավարժական ոլորտի այլ բաժանմունքներու մէջ (ինչպէս օրինակ, երեխայի հոգեբանութիւնը, դասաւանդելու նոր տեսութիւններն ու մեթոտները եւ այլն): Հետեւաբար պահանջն ունինք նոր մանկավարժներու, որոնք գիտակից ըլլան, որ առկայ կառոյցներու որդեգրած դասաւանդումի ձեւերը հետզհետէ ժամանակավրէպ կը դառնան, եւ որոնք պատրաստ ըլլան կրթական նորարարական գաղափարներ ու միջոցներ փորձարկելու եւ որդեգրելու: Ուրեմն ԳԿՀ-ն պիտի հիմնէ Կրթաթոշակներու ծրագիր մը, որուն շնորհիւ ուսանողներու առիթը պիտի ընծայուի կրթութեան ոլորտին մէջ մասնագիտանալու:

Առիթէն օգտուելով, այս նպաստի ծրագիրի շրջանակին մէջ, կը յուսանք նաեւ հաստատել եւ զարգացնել գիտական եւ քննական արհեստավարժ ուսումնասիրութիւններ ընելու, ինչպէս նաեւ` զանազան ռազմավարութիւններ մշակելու սովորութիւն մը, որ վերաբերի ընդհանրապէս հայկական դպրոցներուն եւ յատկապէս արեւմտահայերէնի ուսուցման: Ասիկա կը միտի երկար ժամանակի վրայ ուսուցողական լաւագոյն ձեւերը ընտրելու եւ զանոնք կիրարկելու: Կը յուսանք այս մշակոյթը որոշ չափով գոյացնել` մանկավարժութեան ոլորտին մէջ մասնագիտացող աշակերտները քաջալերելով, որ իրենց գիտութիւնն ու ձեռք բերած կարողութիւնները ի սպաս դնեն հայկական կրթական համակարգին եւ իրենց մասնագիտական աշխատութիւնները, ծրագիրները եւ աւարտաճառերը իրականացնեն` նիւթ ունենալով Լիբանանի հայկական դպրոցներն ու արեւմտահայերէնով ուսուցումը:

(Շար. 2)

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17432

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>