Պատրաստեց` ԱՐՇՕ ՊԱԼԵԱՆ
Պէյրութի գետին զուգահեռ կապոյտով արծաթագոյն կառոյցը, որ վերջերս անշուք եւ լքուած տարածութեան մը վերածուած էր, երեք շաբաթ առաջ սկսաւ գեղեցկանալ, փայլք ստանալ ու լուսաւորուիլ` դառնալու համար հոգի հանգստացնող մանիշակագոյնով ճաճանչող վայր մը եւ գեղեցկանալու համար Գիմ, Ո, Հօ, Այբ, եւ Րէ տառերով:
Արդէն յստակ էր բոլորին համար, որ ԳՈՀԱՐ-ը մեծ անակնկալներով եւ բացառիկ կազմակերպուածութեամբ կը պատրաստուի իր համերգին, որ նուիրուած էր Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին:
Եւ իբրեւ այդպիսին, հարիւրամեակի խորհրդանիշ անմոռուկին գոյնը` մանիշակագոյնը կը մնար տիրական ելոյթին կապուած յարդարումին եւ հրատարակութիւններուն պարագային, առանց մոռնալու սակայն, որ յարդարումի համար օգտագործուած էր հայութեան խորհրդանիշ նուռը, որ հայկական շունչ եւ խորքայնութիւն տուած էր լիբանանեան քաղաքական տարբեր ուժերու հիմնադրութեան ամեակներ նշելու վայրի վերածուած այդ շինութեան:
ԳՈՀԱՐ-ի համերգները եղան հազարաւոր հայերու ժամադրավայրը, հանդիսացան նաեւ լիբանանցիին եւ օտարներուն հանդիպման վայրը` լիբանանահայուն եւ հայկական մշակոյթին, երգարուեստին եւ պարարուեստին հետ:
Հայ աշակերտին կրթութեան, հայ ուսուցիչին առաքելութեան նեցուկ կանգնելու եւ հայուն աշխատանք ու արժանապատիւ կեանք ապահովելու մարդկային վսեմ նպատակներով օժտուած եւ այդ հիմամբ գործող այս խումբը չորս օր շարունակ մատուցեց բարձրորակ ներկայացումներ` հմայելով բոլորը:
Իր ոճով միշտ իւրայատուկ նկատուող ԳՈՀԱՐ-ը ամբողջ երեք ժամ գրաւեց հանդիսատեսը, եւ հայկական արուեստը կատարեալ բծախնդրութեամբ ու նուազագոյն սխալներով հրամցուեցաւ` շեշտը ամէնէն աւելի դնելով ազգային երգերու մատուցման վրայ:
ԳՈՀԱՐ-ը գնահատող լիբանանահայ հանդիսատեսը, որ հինգ տարուան կարօտը յագեցնելու համար ուղղուած էր համերգի, իր փոխներգործօն մասնակցութեամբ, յոտնկայս ծափողջոյններով եւ «Կեցցէ՛» կոչերով բարձր գնահատեց խումբը:
Ներկայացուած երգերուն ընդմէջէն հանդիսատեսը հպարտացաւ իր ազգային պատմութեամբ, յագեցուց իր հոգին սիրոյ ազնիւ զգացումներով, յուզուեցաւ Արարատը, այբուբենը, Ծիծեռնակաբերդն ու յաւերժութեան խորհրդանիշը ներկայացնող պարադրումներով, իսկ չորս օրերու ներկայացումները եզրափակող վերջին երգին` «Երեւան – Էրեբունի»-ին ընթացքին երգեցողութեան իր մասնակցութեամբ թնդացուց սրահը` այս անգամ յուզելով ԳՈՀԱՐ-ի անձնակազմն ու երաժիշտները:
Լիբանանը եւ լիբանանցին մտահոգող աղբի եւ տնտեսական տագնապներու, ինչպէս նաեւ ՏԱՀԵՇ-ի սպառնալիքներու այս դառն օրերուն լիբանանահայուն համար ԳՈՀԱՐ-ը եղաւ առիթ մը` հայկականութեամբ համակուելու եւ քաղաքակիրթ ժողովուրդի մը զաւակը ըլլալու զգացումով մեծապէս հպարտանալու` 3, 6, 9 կամ 12 ժամուան համար:
Իսկապէս ողջունելի է եւ գնահատելի ԳՈՀԱՐ-ի կատարած այս հսկայ աշխատանքը: Յաջողութիւն կը մաղթենք ԳՈՀԱՐ-ի առաքելութեան` անհամբեր սպասելով անոր ապագայ զգլխիչ ելոյթներուն:
Ա. Պ.
Լիբանանեան մամուլը իր կարգին անդրադարձաւ Պէյրութի մէջ ԳՈՀԱՐ-ի ելոյթներուն:
Ընդհանրապէս նոյն տեղեկութիւններով, սակայն իւրաքանչիւրը իր ոճով եւ տպաւորութեան տարբերութեամբ հրապարակած էր ԳՈՀԱՐ-ի ելոյթին յատկացուած յօդուածները` օգտագործելով ելոյթը ներկայացնող տպաւորիչ լուսանկարներ:
Այս էջերով կ՛անդրադառնանք լիբանանեան գրաւոր մամուլի վեց օրաթերթերուն մէջ լոյս տեսած յօդուածներուն եւ ելեկտրոնային երկու կայքերու տեղադրած անդրադարձներուն:
ԳՈՀԱՐ-ի Սիմֆոնիք Նուագախումբն Ու Երգչախումբը
«Ֆորում»-ի Մէջ. Հայկական Երգի, Նուագի
Եւ Պարի Ստեղծագործութիւն
«Նահար» օրաթերթը իր այս խորագիրով կ՛անդրադառնայ ԳՈՀԱՐ-ի ելոյթներուն եւ կը գրէ.
«Արդէն 100 տարի անցած է Հայոց ցեղասպանութենէն, որ ամէն բան տարած է իրեն հետ, բացի` յոյսէն: Իսկ մէկուկէս միլիոն հերոս նահատակներուն արիւնը տակաւին ենթադրաբար կը հոսի պատմութեան ստուերին նայող եւ անկէ չբաժնուող դէմքի արտայայտութիւններուն մէջ:
Պայքարող հայ ժողովուրդը, ո՛ւր որ ալ գտնուեցաւ, ամբողջ աշխարհին մէջ փաստեց, որ մոռացութեան դէմ պայքարելու լաւագոյն միջոցը իր ինքնութեան ու մշակոյթին պահպանումն է:
Այդ մէկը ամէնէն գեղեցիկ ողջոյնն է, որ հայը կրնայ պարգեւել` մեծարելու համար իր նահատակները, որոնց յիշատակը պէտք է պահպանել: Պէտք է կառչած մնալ յիշողութեան այս հիւսուածքին, որմէ անմասն կը մնան Օսմանեան կայսրութեան կողմէ հայութեան դէմ գործուած ցեղասպանութեան արհաւիրքը խորհրդանշող պատկերները:
ԳՈՀԱՐ-ի սիմֆոնիք նուագախումբն ու երգչախումբը կրցան իրենց համերգներուն ընդմէջէն վերականգնել հայ ժողովուրդին դարաւոր պատմութիւնը, որ վերածուեցաւ ներշնչման աղբիւրի մը եւ երգի, նուագի ու պարի ամբողջական ներկայացումի:
Ներկայացում մը, որուն ընթացքին երգչախումբը, նուագախումբն ու պարախումբը հնչեցուցին հայ երգի այնպիսի փունջեր, որոնք ամէնէն աւելի կը խօսին ժողովուրդին սրտին:
ԳՈՀԱՐ-ի համերգներով «Ֆորում տը Պէյրութ»-ը իր կարգին գեղեցկացաւ` ստանալով տարբեր գրաւչութիւն: Անոր մէջ շինուած բեմը զարդարուեցաւ մոմերով ու ծաղիկներով, իսկ առաստաղը՝ հարիւրաւոր աստղերով:
ԳՈՀԱՐ-ի համերգը լեցուն էր ստեղծագործ երաժշտութեամբ, սիրային, յեղափոխական, ազգային եւ ժողովրդային երգերով: Հոն հնչեցին թովիչ ձայներ, մատուցուեցան գեղեցիկ պարեր, որոնց իր ճկունութեամբ ընկերակցեցաւ մնջախաղի արուեստով Համլեթ Չոպանեանը:
Բոլորին համար յստակ էր, որ բարձրորակ արուեստը ներկայացնելու այս հսկայ ներկայացումը իր ոճին մէջ միաժամանակ անցեալը յիշեցնող եւ ներկան վայելող ելոյթ է:
Մէկ կողմէ ԳՈՀԱՐ-ի մենակատարներուն տեղ տուող, իսկ միւս կողմէ` երգչախումբն ու նուագախումբը կրող զոյգ բեմերը փայլեցան զանոնք լեցնող արուեստագէտներուն ստեղծագործ կատարողութեամբ, որուն արձագանգեց ամբողջ սրահը իր անլռելի ծափողջոյններով, ինչպէս նաեւ` ներկայացուած պարադրումները արժեւորելու նպատակով հանդիսատեսին կողմէ հնչող «Պրաւօ»-ներով:
Անդրադարձին նախավերջին բաժնով նշուած է, որ ԳՈՀԱՐ-ը հիմնուած է 1997-ին, հայկական մշակոյթի պահպանման յանձնառու Յարութ Խաչատուրեանի կողմէ:
ԳՈՀԱՐ-ը հիմնուելէն ի վեր ան կը հոգայ խումբին բոլոր ծախսերն ու կարիքները եւ կը ֆինանսաւորէ զայն` վառ պահելու համար իր հօր` Արամի յիշատակը եւ արժեւորելու ու գնահատելու համար իր մայրը, որուն անունով իսկ կոչուած է խումբը:
Անդրադարձը կ՛անդրադառնայ նաեւ ԳՈՀԱՐ-ի հայերէն իմաստին` հաստատելով, որ խումբը ինքնին գոհար մըն է երգի, պարի, նուագի ու պարադրումի առումով: Անիկա նաեւ ինքզինք կը պարտադրէ իբրեւ վերահսկիչ այնպիսի պատմութեան, որ օրերուն ալիքները զայն չեն կրցած դուրս շպրտել հաւաքական յիշողութեան սահմաններէն:
Ա՜Խ… Եթէ Օսմանցիները ԳՈՀԱՐ Ունկնդրէին
«Ժումհուրիա» օրաթերթը վերոնշեան խորագիրով կը սկսի ԳՈՀԱՐ-ի ելոյթին մասին իր անդրադարձը:
Իսկ մուտքի բաժինին մէջ կը գրէ հետեւեալը.
«ԳՈՀԱՐ-ի մատուցած հայկական պարախառն համերգներուն ընթացքին գոյութիւն ունէին այնքան տաղանդներ, որոնց շնորհիւ կարելի էր տապալել 100 Օսմանեան կայսրութիւն եւ շրջանցել 1000 զինուորական պատասխանատուի կողմէ գործուած ոճիր: ԳՈՀԱՐ-ը նուագեց, երգեց, պարեց եւ ստեղծագործեց` ոգեկոչելու համար Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը:
Ա՜խ եթէ օսմանցիները ունկնդրէին այդ երգերը, ձայներն ու երաժշտական հնչեղ ձայնանիշները: Եթէ թուրքերը տեսնէին ներկայացուած պարադրումներն ու երեք տարաչափութեամբ կազմուած պատկերներուն գեղեցկութիւնը, որոնք մատուցուեցան ԳՈՀԱՐ-ի ելոյթներուն ընթացքին, անոնք պիտի զղջային այն վայրկեանին համար, երբ գործած էին Հայոց ցեղասպանութիւնը:
Այն ժողովուրդը, որ Միջին Արեւելքի պատմութեան այդ սեւ ու մութ հանգրուանին ընթացքին պէտք էր անհետանար եւ բնաջնջուէր, այն ժողովուրդը, որ բռնագաղթի ենթարկուած էր եւ ցրուած աշխարհի չորս կողմերը, յարութիւն առած էր, ըմբոստացած եւ ստեղծած Ցեղասպանութեան արգանդէն ծնած ինքնութիւն մը:
Հայ ժողովուրդը իր ապագան սկսած էր կերտել այն պահէն, երբ արդէն իսկ ցեղասպանութեան կ՛ենթարկուէր:
Շատեր հարց կու տան, թէ հայ ժողովուրդին պատմութիւնը ե՞րբ սկսած է. հազարաւոր տարիներ առա՞ջ, թէ՞ այն օրէն, երբ ան ցեղասպանութեան ենթարկուեցաւ:
Սակայն ԳՈՀԱՐ-ի բեմին վրայ մարմնաւորուած արուեստին ու ստեղծագործութեան վկայողին մօտ կը փարատին բոլոր այն կասկածները, թէ այս ժողովուրդին պատմութիւնը իր ցեղասպանութեան ենթարկուած թուականէն սկսած է:
Աւելի քան մէկուկէս միլիոն հայեր օսմանեան սուրերով սպանդի ենթարկուեցան, սակայն անոնց արիւնէն ծնունդ առին միլիոնաւոր հայեր, որոնք պատրաստ էին ամէն առիթի իրենց նահատակներուն յիշատակը սրբացնելու:
«Ֆորում տը Պէյրութ»-ը ցնցող այդ հսկայ ներկայացումը այն փաստերէն մէկն է, որ հայը իր տաղանդներով, հանճարներով, կարողութիւններով, կամքի զօրութեամբ եւ կորովով հաւատարիմ կը մնայ հայոց պատմութեան, ինչ որ ալ ըլլայ անոր սկզբնակէտը»:
Նոյն օրաթերթը կ՛անդրադառնայ նաեւ ԳՈՀԱՐ-ի հիմնադրութեան, անոր ելոյթներուն մասնակցող երաժիշտներուն եւ բեմին վրայ կատարուող ստեղծագործութեան, որուն հմայքը ներկայ գտնուող եւ ուղղակի սփռումին հետեւող հանդիսատեսին հոգւոյն համար եղաւ հպարտանք եւ մղեց զայն յաւելեալ կառչածութեամբ մօտենալու իր նահատակներուն յիշատակին:
«Ժումհուրիա» իր անդրադարձին մէջ նշեց նաեւ, որ ԳՈՀԱՐ-ը հիմնուած է Յարութ Խաչատուրեանի կողմէ` պահպանելու համար հայկական մշակութային աւանդը: «ԳՈՀԱՐ-ը հայկական աւանդ մըն է, որ կը միտի պահպանել հայկական ինքնութիւնը եւ նպաստել հայ աշակերտին ուսում ջամբելու առաքելութեան», նշուեցաւ թերթին մէջ:
ԳՈՀԱՐ ելոյթ ունեցաւ իւրայատուկ համերգով մը, որ հմայեց նաեւ լիբանանցի հանդիսատեսը, որովհետեւ ԳՈՀԱՐ-ի ներկայացուցած հայկական երաժշտութիւնը միախառնուեցաւ լիբանանեան մշակոյթին:
ԳՈՀԱՐ… Հայոց Ցեղասպանութեան
100-Ամեակին Յիշատակի Մեծութիւնը
«Սատա Պալատ» օրաթերթը իր անդրադարձին մէջ ԳՈՀԱՐ-ի ելոյթներուն մասին կը գրէ հետեւալը.
«Հայկական մշակոյթը աշխարհով մէկ տարածող ԳՈՀԱՐ-ը 29 հոկտեմբեր – 1 նոյեմբերին «Ֆորում տը Պէյրութ»-ի մէջ ունեցաւ իր ելոյթները, որոնք լիբանանահայուն հոգին լեցուցին գոհունակութեամբ եւ հարստացուցին զայն հայկական երաժշտութեամբ:
1997-ին երբ Յարութ Խաչատուրեան հիմնեց ԳՈՀԱՐ-ը, անոր նպատակն էր հայկական մշակոյթը անմահացնել:
165 երաժիշտ, 16 մենակատար եւ 15 պարող ունեցող այս խումբը իր ելոյթներուն ընդմէջէն Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի յիշատակը յարգելու պատգամ մը փոխանցեց հանդիսատեսին:
ԳՈՀԱՐ-ի համերգները կազմակերպեց ICE International Events ընկերութիւնը: Այդ ելոյթները օրական դրութեամբ սփռուեցաւ Հայաստանի պետական կայանէն, ինչպէս նաեւ` համացանցի միջոցով, ամբողջ աշխարհի տարածքին ապահովելով մեծ թիւով հետեւողներ:
Երեք ժամ տեւած ձեռնարկին ընթացքին հանդիսատեսը ըմբոշխնեց հայկական ազգային, ժողովրդային եւ սիրային երգերու շարք մը եւ դիտեց պարային հոյակապ ներկայացումներ եւ պատգամ փոխանցող պարադրումներ:
ԳՈՀԱՐ-ի հետ երգեց ու պարեց ամբողջ սրահը, որ լուսաւորուած էր Ռոժէ Պախոսի կողմէ, օժտուած էր LED արհեստագիտութեամբ, որուն կը հսկէր Փեթրօ Հաժ, ինչպէս նաեւ կը կրէր ձայնի ամէնէն արհեստագիտական սարքաւորումը, հսկողութեամբ` Շատի Աքիքիի:
Համերգին ընթացքին օգտագործուած այս բոլոր չափանիշները ԳՈՀԱՐ-ի ելոյթները վերածեցին միջազգային մակարդակի համազօր համերգներու:
ԳՈՀԱՐ-ը հայկական աւանդ մըն է, որ կը միտի պահպանել հայկական ինքնութիւնը եւ նպաստել հայ աշակերտին ուսում ջամբելու առաքելութեան:
Այս նպատակով ԳՈՀԱՐ-ի ելոյթներուն հասոյթին մէկ չորրորդը պիտի տրամադրուի 100 լիբանանահայ աշակերտներու, որպէսզի անոնք շարունակեն իրենց ուսումը:
«Սատա Պալատ» իր անդրադարձին մէջ կ՛ակնարկէ նաեւ ԳՈՀԱՐ-ի գործադիր տնօրէն Սեւակ Սերոբեանի յայտարարութեան, որուն մէջ ան շեշտած է, որ ԳՈՀԱՐ-ի համերգներուն գլխաւոր նպատակը հայկական տարբեր գաղութներուն մշակութային եւ կրթական մարզերուն օժանդակութիւնն է: Ան աւելցուցած է նաեւ, որ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակէն ներշնչուելով է, որ ԳՈՀԱՐ նախաձեռնած է 100 լիբանանահայ աշակերտի նպաստ տրամադրել:
Օրաթերթը կ՛անդրադառնայ նաեւ այն իրականութեան, որ ԳՈՀԱՐ Հայաստանը հարուածած երկրաշարժէն ետք աշխատանք ապահոված է այդ շրջանի ընտանիքներուն, ինչպէս նաեւ կը սատարէ հայկական բոլոր գաղութներուն մէջ գործող ուսուցիչներուն:
ԳՈՀԱՐ հայկական մշակոյթի եւ արուեստի կախարդանքը մատուցեց լիբանանահայուն եւ լիբանանցիին: Ան չորս օր շարունակ ներկայացուց իւրայատուկ արուեստ մը, որ կը տարբերի բոլորէն եւ կատարեալ կերպով կ՛իրագործէ իր աւանդը` պահպանելով հայ երգն ու երաժշտութիւնը:
ԳՈՀԱՐ Հայկական Արուեստի
Եւ Պատմական Հանճարի Զեփիւռ Մը
«Լեպանոն 24» կայքը իր կարգին, իբրեւ անդրադարձ Լիբանանի մէջ ԳՈՀԱՐ-ի ունեցած ելոյթներուն, հրապարակած է հետեւեալ գրութիւնը.
«Հայկական շրջանակէն հեռու անհատներու համար կրնայ տարօրինակ ըլլալ այս այցելութիւնը, բայց եւ այնպէս անիկա կարելի է բացատրել նոր բան մը բացայայտելու մարմաջով` այս օրերուս հազուադէպ դարձած բարձրորակ արուեստի փնտռտուքի շրջագիծին մէջ:
Արդէն «Ֆորում տը Պէյրութ»-ի մուտքին ենք, ուր Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով ԳՈՀԱՐ-ի համերգին ներկայ պիտի գտնուինք: Առաջին վայրկեանէն սկսեալ մեր ուշադրութիւնը կը գրաւէ բացառիկ կազմակերպուածութիւնը, եւ հիւրընկալելու պատշաճութիւնը: Մուտքին հայ երիտասարդուհիներ քեզ կը դիմաւորեն հայերէն լեզուով եւ այդ պահուն իսկ ինքզինքդ կը զգաս հայկական յիշողութեան սրտին մէջ:
Հայկական սիմֆոնիք այս նուագախումբին ելոյթը ինքնին պատգամ է Ցեղասպանութեան արհաւիրքը ապրած ժողովուրդին զաւակներուն: Պատգամ մը, որ երաժշտական հսկայ, շքեղ եւ ներդաշնակ ներկայացումի մը ընդմէջէն կը պանծացնէ հայոց դարաւոր պատմութիւնը, որոնք ներկաներուն հասաւ հոն հնչած ազգային եւ ժողովրդային երգերով:
29 հոկտեմբերէն 1 նոյեմբեր, 4 գիշեր շարունակ, օրական երեք ժամուան դրութեամբ ԳՈՀԱՐ լիբանանահայութեան հոգիները լեցուց մայր հայրենիքին կարօտով, անոնց փոխանցեց երկրին եւ հայրենի հողին յիշատակը` պահպանելով սերունդէ սերունդ փոխանցուած կտակը: Իսկ ոչ հայ հանդիսատեսը առիթը ունեցաւ բացայայտելու նոր մշակոյթ մը եւ ծանօթացաւ նոյն հողին վրայ ապրող շրջանակին ժողովրդային երգերուն:
ԳՈՀԱՐ Կ՛ոգեկոչէ Հայոց Ցեղասպանութեան
100-Ամեայ Յիշատակը
«Ախպար» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանի եւ աշխարհի չորս կողմերուն գտնուող հայկական գաղութները ուրախացնելու եւ անոնց հոգիները հայկական արուեստով, մշակոյթով ու աւանդով համակելու համար ԳՈՀԱՐ հինգ տարի ետք վերադարձած է Պէյրութ, ուր կատարած է իր համերգները:
Չորս գիշերուան համար ԳՈՀԱՐ-ը ներկայացուցած է չորս հսկայ համերգներ, որոնք ունին մէկ պատգամ` ոգեկոչել Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը:
Իսկ չորս գիշերուան ընթացքին համերգներուն ներկայ գտնուած են ինը հազար հանդիսատես:
Օրաթերթը իր ամփոփ անդրադարձին մէջ նշած է նաեւ, որ ԳՈՀԱՐ-ի առաքելութիւնն է օժանդակել սփիւռքահայ գաղութներուն ուսման, կրթական եւ մշակութային մարզերուն: «Այս նպատակով ալ ԳՈՀԱՐ-ի համերգներու հասոյթին մէկ չորրորդը պիտի տրամադրուի տարբեր երկիրներու մէջ գործող հայկական դպրոցներուն, իսկ Լիբանանի համերգներու հասոյթին մէկ չորրորդը պիտի տրամադրուի 100 լիբանանահայ աշակերտի», նշուեցաւ «Ախպար»-ի մէջ:
Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին Առիթով
ԳՈՀԱՐ Կը Ստեղծագործէ
«Մուսթաքպալ» եւ «Պինա» օրաթերթերը, ինչպէս նաեւ «Ալ Քալիմա անլայն» կայքը վերոնշեալ խորագիրով եւ նոյն յօդուածով անդրադարձած են ԳՈՀԱՐ-ի ելոյթներուն:
«Զուք Մքայէլի հռոմէական ամփիթատրոնին մէջ իր ելոյթէն հինգ տարի ետք, հայ երաժիշտներու եւ հայկական մշակոյթի ներկայացուցիչներու ԳՈՀԱՐ երգչախումբն ու սիմֆոնիք նուագախումբը վերադարձած է Լիբանան` իրեն հետ բերելով հայկական մշակոյթը, որուն` ամբողջ աշխարհի մէջ տարածումին համար մեծ ջանքեր ի գործ կը դնէ ԳՈՀԱՐ-ի հիմնադիր Յարութ Խաչատուրեան:
Չորս գիշերուան ընթացքին` 29 հոկտեմբեր – 1 նոյեմբեր 2015-ին, ԳՈՀԱՐ «Ֆորում տը Պէյրութ»-ի մէջ ունեցաւ ելոյթներ` կատարողութեամբ 165 երաժիշտներու եւ երգչախումբի անդամներու, 16 մենակատարներու եւ 15 պարողներու, որոնք թէեւ տարբեր յայտագիրներ ներկայացուցին, սակայն պահպանեցին մէկ պատգամ` Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի նշում:
ԳՈՀԱՐ-ի ելոյթները ուղիղ կերպով սփռուեցան՝ ամբողջ աշխարհի տարածքին ապրող հայորդիները ներգրաւելով մշակութային այդ հսկայ ներկայացումին ներքեւ:
Ամբողջ երեք ժամուան ընթացքին երգչախումբն ու նուագախումբը վերյիշեցուցին հայկական ազգային, ժողովրդային եւ սիրային երգերը, որոնք զարդարուեցան պարային ներկայացումներով` սրահին մէջ ստեղծելով փոխներգործօն մթնոլորտ:
Հսկայ պիւտճէ տրամադրուած այս ելոյթին ընթացքին ձայնի սարքաւորման, լուսաւորումի եւ նկարահանումի լաւագոյն եւ ամէնէն արդիական միջոցները օգտագործուեցան` զայն հաւասարեցնելով համաշխարհային մակարդակի ելոյթներու:
ԳՈՀԱՐ-ի գործադիր տնօրէն Սեւակ Սերոբեան շեշտեց, որ ԳՈՀԱՐ-ի հիմնական նպատակը սփիւռքահայութեան մշակութային եւ կրթական մարզերուն նեցուկ կանգնիլն է, եւ այդ նպատակին լոյսին տակ ԳՈՀԱՐ 100 լիբանանահայ աշակերտի կրթական նպաստ պիտի տրամադրէ, որպէսզի անոնք կարենան շարունակել իրենց ուսումը:
Սերոբեան յայտնած է նաեւ, որ հարիւր թիւը ընտրուած է` նկատի ունենալով Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեայ յիշատակը:
Յօդուածին մէջ կը նշուին նաեւ ԳՈՀԱՐ-ի հիմնադրութեան մասին տեղեկութիւններ, որոնց համաձայն, «ԳՈՀԱՐ-ը հիմնուած է Յարութ Խաչատուրեանի կողմէ` առ ի գնահատանք իր մօր եւ վառ պահելու համար իր հօր յիշատակը: 1988-ին Հայաստանը հարուածած երկրաշարժէն ետք ԳՈՀԱՐ որոշած է հայկական մշակութային եւ երաժշտական մարզին մէջ աշխատանք հայթայթել, երկրաշարժի ենթարկուած շրջանի բնակչութեան, ինչպէս նաեւ օժանդակել սփիւռքի մէջ գործող հայ ուսուցիչին եւ աշակերտին»:
Յօդուածը կ՛եզրափակուի` նշելով, որ ԳՈՀԱՐ հայկական երաժշտութեան հմայքը միախառնած է լիբանանեան մշակոյթին եւ այդ երկու մշակոյթներուն միաձուլումը ներկայացուցած է` իբրեւ իւրայատուկ ելոյթ, փաստելով Լիբանանի մէջ հայկական աւանդը պահպանելու կարեւորութիւնը:
Յօդուածին մէջ նշուեցաւ նաեւ, որ ԳՈՀԱՐ-ի իւրաքանչիւր համերգի աւարտին, չորս օր շարունակ համերգին ներկաներուն բաժնուած են երգարաններ, որոնք կը պարունակեն թէ՛ երգի բառերը եւ թէ նոթագրութիւնը։