Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17158

125 Դէմք Եւ Խորհուրդ` ՀՅԴ 125-Ամեակին

$
0
0

Apraham-Kulkhantanian_111915

Ո՜վ գիտէ, թէ ինչպիսի զարգացում կ՛ունենար ՀՅ դաշնակցութիւնը, եթէ իր կազմակերպութեան հէնց սկզբի շրջանում  «ապակեդրոնացման» ձեւը չստանար: Շատ հաւանական է, որ ՀՅ դաշնակցութեան եւս պիտի վիճակուէր այն, ինչ-որ վիճակուեց մեր միւս կուսակցութիւններին: Իւրաքանչիւր Դաշնակցական մարմին` զարգանալով իր համապատասխան միջավայրում ու զգալով իր ամէն մի քայլի պատասխանատուութեան ամբողջ ծանրութիւնը, գիտակցօրէն էր մօտենում իր անելիքներին…

ԱԲՐԱՀԱՄ ԳԻՒԼԽԱՆԴԱՆԵԱՆ

 

Ռ.-Դարբինեան_111915

Քաղաքական կազմակերպութեան մը ուժին աղբիւրը ոչ թէ անոր տեսական, աշխարհայեցողական կառուցուածքը կամ ծրագիրն է, որ, ինչպէս ալ ըլլայ, միշտ թերի, խոցելի, շարունակ փոփոխութեանց ու վերագնահատութեանց կարօտ պիտի ըլլայ, այլ անոր բարոյական դրամագլուխը, որ կարող է կուտակուիլ միմիայն ղեկավար անհատներու եւ հետեւորդ զանգուածներու տոկուն ու անձնուէր աշխատանքի եւ անչափելի զրկանքներու ու զոհողութեանց միջոցով:

Ռ. ԴԱՐԲԻՆԵԱՆ

 

 

Libarid Nazarianz_111915

Մէկ բան գիտնալու էք սակայն. հայերը վարժուած են բանտի եւ աքսորի. վարժուած են ժպտուն դէմքով մինչեւ կախաղան երթալ: Ասոր մէջ է իրենց ուժը: Եւ այդ ուժին շնորհիւ անոնք պիտի հասնին իրենց նպատակին, այն է` կարենալ անկաշկանդ կերպով, միւս ժողովուրդներու հետ համերաշխ, ապրիլ ու բարգաւաճիլ իրապէս ազատ հայրենիքի մէջ, ուր ձենէ միայն տխուր յիշողութիւններ մնացած կը լինին…

ԼԻՊԱՐԻՏ ՆԱԶԱՐԵԱՆՑ

 

ԻՐԱԶԵԿ_111915

Յեղափոխութիւնը անպատճառ տուրուդմբոց չէ: Մտքերի յեղափոխութիւնը աւելի հզօր է, քան բռունցքը, այսինքն` ֆիզիքական ուժը: Ամենալաւն այն է, որ մտաւոր յեղափոխութիւնը զուգորդուի ֆիզիքական ուժին: Չե՞ս կարծում, որ Դաշնակցութիւնը հէնց այդ – մտաւոր զօրութեան եւ մարմնական ուժի միացումն է: Եւ, ի հարկէ, աշխատանքի: Կարելի՞ է պատկերացնել աւելի գեղեցիկ խորհրդանշան, քան Դաշնակցութեան զինանշանը:

ԻՐԱԶԵԿ

 

Arsen-Mikayelian_111915

Հայաստանի Հանրապետութեան վիճելի հողամասերու մեծագոյն մասը Հայաստանի լեռնային շրջաններն էին` մեր բնական յենարաններն ու սահմանները, որոնց մէջ կը բնակէին կռուի եւ զէնքի համար ամէնէն ընդունակ ու համեմատաբար ամէնէն աւելի առողջ հայ տարրերը, որոնց պէտքն այնքան զգալի էր` հանրապետութեան մանուկ բանակի վերակազմութեան եւ ամրացման համար: Մեզի համար կենաց եւ մահու չափ անհրաժեշտ էր խափանել Ազրպէյճանի եւ Տաճկաստանի Ղարաբաղ-Զանգեզուրի վրայով միանալու ծրագիրը:

ԱՐՍԷՆ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ

ՀՅԴ 125-Ամեայ Ուղին`
125-Ամեայ Դրուագով

75.- Դաշնակցութեան պատմութեան տխուր երեւոյթներէն մէկն է այսպէս կոչուած Միրզոյեանական շարժումը, որ ուղղուած էր Դաշնակցութեան ընթացիկ քաղաքականութեան եւ գործի վրայ գտնուող ղեկավարութեան դէմ: Քանի մը տարի զբաղեցնելէ յետոյ Պարսկաստանի, յատկապէս Թեհրանի, մեր կազմակերպութիւնը` շարժումը փշրուեցաւ, բախելով Դաշնակցութեան կուռ ու կարգապահ կազմակերպութեան եւ անցաւ պատմութեան գիրկը` իր հետ տանելով թէ՛ իրեն հեղինակը` Յովսէփ Միրզոյեանը եւ թէ անոր յարած ու անոր քաղաքական գիծին հետեւող փոքրաթիւ խմբակը: 20-ական թուականներու սկիզբները դրսեւորուած Միրզոյեանական-հակամիրզոյեանական շարժումը արդէն 1925-ին սկսած էր խամրիլ:

76.- Տարագիր իր գործունէութեան առաջին տարիներէն իսկ, ՀՅԴ ոչ մէկ ճիգ խնայեց, որպէսզի արտերկրի հայութեան խնայէ միջկուսակցական ներքին վէճերը: Այդ իմաստով պարբերական բանակցութիւններ վարեց յատկապէս ռամկավարներուն հետ, որոնք հայ եկեղեցւոյ ճամբով իրենց ազդեցութեան ծիրը տարածած էին գաղութներու մէջ: 1922-ին` Պոլսոյ մէջ, 1932-ին` Փարիզի եւ 1936-ին Նիւ Եորքի մէջ տեղի ունեցած ՀՅԴ-ՌԱԿ բանակցութիւնները մինչեւ իսկ համաձայնութեանց յանգեցան: Սակայն ամէն անգամ ալ, ինչպէս որ կը վկայէ Վահան Նաւասարդեան, «գրեթէ գոյացած համաձայնութիւնները վերջին պահուն բոլշեւիզմը եկաւ եւ խափանեց` ռամկավարներին իր քմայքները պարտադրելով, նախ նրանց դէպի հաշտութիւն մղելով, իսկ յետոյ` դէպի անջատում եւ պայքար»:

77.- 28 մայիս 1928-ին, Եգիպտոսի մէջ, Դաշնակցութեան ղեկավար գործիչներու նախաձեռնութեամբ, հիմնուեցաւ «Հայ կրթական եւ հրատարակչական համազգային միութիւն»-ը, որ ժամանակի ընթացքին կոչուած էր դառնալու Դաշնակցութեան մշակութային որակն ու գործը մարմնաւորող մեծ կազմակերպութիւնը` այսօրուան «Համազգային»-ը: Միութեան առաջին եւ կարեւորագոյն իրագործումներէն մէկը եղաւ Ճեմարանի հիմնումը, որ բախտորոշ դեր ունեցաւ Դաշնակցութեան շունչով սնած ամբողջ սերունդներու կազմաւորման մեծ գործին մէջ:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17158

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>