Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17601

Հայրենի Կեանք

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

«Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ը Կը Քաջալերէ
Աշակերտական Կազմակերպութիւնները

0317vivacell

«Ձեռնարկատիրական եւ քաղաքացիական կրթութիւն Հայաստանի Հանրապետութեան խոցելի համայնքների դպրոցների աշակերտների համար» դասընթացքի ծիրին մէջ դրամաշնորհ տրուած է աշակերտական 12 հասարակական կազմակերպութիւններու:

«Հայաստանի պատանեկան նուաճումները» կազմակերպութիւնը եղած է առաջինը, որ համագործակցական ընկերային պատասխանատուութեան վերաբերեալ գիտելիքները հանրակրթութեան ոլորտ ներմուծած է:

Գաղափարը ուսումնասիրող աշակերտներուն համար ուսանելի օրինակ հանդիսացած է «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի գործունէութիւնը: Այս նպատակով ալ 2011-ին «Հայաստանի պատանեկան նուաճումներ»-ու եւ «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի միջեւ յուշագիր կնքուած է, եւ ընկերութեան մասնագէտները ներգրաւուած են որպէս ծրագրային խորհրդատուներ:

«Շատ կարեւոր է կեանքէն քաղել օգտակարը: Այս իմաստով ողջունելի է հոս հաւաքուած պատանիներուն աշխուժութիւնը: Յաջողութեան հասնելու համար եղէք համարձակ, երբեք մի՛ անտեսէք ոեւէ մէկուն յաջողութիւն գտած փորձառութիւնը: Անիկա կրնայ ամբողջացնել հիմնական գիտելիքները` ձեզ դարձնելով առաւել հեռատես, մրցունակ եւ յաջողակ: «Վիվասել-Էմ.Թի. Էս.»-ը կը շարունակէ գնահատել եւ խրախուսել գիտելիքով զինուելու, առաւել հմտանալու` երիտասարդներու ձգտումը», ըսած է «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեան:

Ծրագիրը կը ֆինանսաւորուի JHM բարեգործական հիմնադրամին եւ HSBC դրամատան կողմէ:

Անկախութեան 25-Ամեակի
Տօնակատարութիւնները
Մեծ Շուքով Պիտի Ըլլան

Կառավարութեան նիստին 18 մարտին տեղի ունեցած է Հայաստանի անկախութեան տօնին նուիրուած նախաձեռնութիւններու նախապատրաստման եւ կազմակերպման պետական յանձնաժողովի նիստը, զոր վարած է վարչապետ, յանձնաժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեանը:

Շեշտելով, որ ասիկա Հայաստանի ամէնէն նուիրական տօնն է, վարչապետը նշած է, որ ասիկա հրաշալի առիթ է արժեւորելու, յիշելու, քննարկելու, վերլուծելու, գնահատելու մեր ձեռքբերումները: Առ այդ, ան կարեւոր նկատած է, որ յանձնաժողովը մեծ աշխատանք տանի, որպէսզի 25-ամեակը նշուի մեծ շուքով:

Այնուհետեւ վարչապետը խօսքը փոխանցած է Հայաստանի նախագահի աշխատակազմի ղեկավար, յանձնաժողովի նախագահի տեղակալ, տօնական նախաձեռնութիւնները համակարգող Վիգէն Սարգսեանին, որ անկախութեան 25-ամեակի նախաձեռնութիւններուն վերաբերեալ մանրամասնութիւններ ներկայացուցած է:

«Կ՛առաջարկեմ անկախութեան 25-րդ տարեդարձի նախաձեռնութիւններու հիմնական ուղղուածութիւնը դիտարկել հանրապետութեան նախագահին մատնանշած երկու գաղափարախօսական առանցքի` որպէս կայացած անկախ պետութիւն, պետականութիւն առաջ շարժուելու եւ անկախութեան 25-ամեայ սերունդի ձեռքբերումները ներկայացնելու գաղափարներու շուրջ», նշած է Վիգէն Սարգսեան:

Նիստին ընթացքին քննարկուած են անկախութեան 25-ամեակի խորհրդանիշի եւ կարգախօսի ընտրութեան, տօնակատարութիւններուն սփիւռքահայութեան եւ երիտասարդութեան աշխուժ մասնակցութեան, համահայկական տնտեսական համաժողովի կազմակերպման, Երեւանի եւ մարզերուն մէջ տօնական նախաձեռնութիւններու կայացման վերաբերող եւ այլ հարցեր, ներկայացուած են տարբեր առաջարկներ:

Վարչապետը, ամփոփելով քննարկումը, կարեւոր նկատած է, որ անկախութեան 25-ամեակի ձեռնարկները տեղի ունենան  բարձր մակարդակով եւ յաւուր պատշաճի, եւ պատկան բոլոր գերատեսչութիւնները այս գծով համակարգուած աշխատանք տանին: Կառավարութեան ղեկավարը յանձնաժողովի անդամներուն առաջարկած է մինչեւ մարտի աւարտը նախաձեռնութիւններուն վերաբերեալ առաջարկները եւ գաղափարները ներկայացնել յանձնաժողովի քարտուղարութիւն, որմէ ետք մինչեւ 15 ապրիլ պիտի մշակուին եւ քննարկման ներկայացուին անկախութեան 25-ամեակին նուիրուած նախաձեռնութիւններու ծրագիրին նախագիծն ու ժամանակացոյցը:

23 Ապրիլին Տեղի Պիտի Ունենայ
«
Ընդդէմ Ցեղասպանութեան Յանցագործութեան»
Միջազգային Համաժողով

VickenSargsyan_32316

23 ապրիլին Երեւանի մէջ տեղի պիտի ունենայ միջազգային համաժողով: 15 մարտին լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս մասին յայտնած է Հայաստանի նախագահի աշխատակազմի ղեկավար Վիգէն Սարգսեան:

Ան ըսած է, որ Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան խմբակցութիւնը քննարկած է «Ընդդէմ ցեղասպանութեան յանցագործութեան» խորագիրը կրող համաժողովի կայացման առնչուող հարցեր:

Հայկական Արտադրութեան Հեռաձայնները
Ապրիլին Տրամադրելի Պիտի Ըլլան

0318telephones

Ապրիլին շուկայի վրայ տրամադրելի պիտի ըլլան հայկական արտադրութեան հեռաձայնները, զորս 17 մարտին լրագրողներուն ներկայացուց «Թեքնոլոճի էնտ սայընս տայնամիքս» ընկերութեան ղեկավարը` նշելով, որ այդ հեռաձայններուն յիշողութիւնը փոքր է, պաստառի ապակին ալ բարձրագոյն որակի չէ, այլապէս անոնք ոչինչով կը զիջին շուկայի վրայ առկայ նմանատիպ հեռաձայններուն: Անոր համաձայն, հայկական հեռաձայններուն գինը բաւական ցած է, բայց եւ այնպէս անիկա մեծ ճանաչում չունի տակաւին, այդ պատճառով ալ մեծաքանակ պատուէրներ չկան:

Հայկական հեռաձայն արտադրողը «Արմֆոն» հեռաձայններ, «Արմթաբ» փլանշեթներ արտադրող եւ գիտահետազօտական ծրագիրներ մշակող նոյն հայկական ընկերութիւնն է, որ եղաւ առաջինը «Ալեանս» ազատ տնտեսական գօտիին մէջ գործունէութիւն ծաւալող:

2013-ի աւարտին յայտնի դարձաւ, որ Հայաստանի տեղեկատուական արհեստագիտութեան ոլորտին մէջ գործող հայ-ամերիկեան Technology and Science Dynamics Inc./Armtab Technologies ընկերութիւնը Հայաստանի մէջ առաջին հայկական փլանշեթներու արտադրութեան նախաձեռնողն է:

Ազգային Պատկերասրահը Պիտի Գործակցի
Իրանի Մեծագոյն Թանգարաններէն Մէկուն Հետ

Iran_31116

10 մարտին Հայաստանի Ազգային պատկերասրահին եւ Թեհրանի Ժամանակակից արուեստներու թանգարանին միջեւ ստորագրուեցաւ յուշագիր, որ կ՛ենթադրէ յառաջիկային հայ եւ իրանցի նկարիչներու աշխատանքներու ցուցադրութիւններու կազմակերպում: «Ասիկա մեզի համար կարեւոր փաստաթուղթ է, որ սկիզբն է Իրանի մեծագոյն թանգարաններէն մէկուն հետ աշխատանքի: Թանգարանը բաւական լուրջ հաւաքածոյ ունի` իրանական արուեստէն մինչեւ Եւրոպայի լաւագոյն նկարիչներու աշխատանքներ», յայտնած է Հայաստանի ազգային պատկերասրահի տնօրէն Արման Ծատուրեան:

Թեհրանի ժամանակակից արուեստներու թանգարանի տնօրէն Մաճիտ Մոլլա Նորուզի նկատել տուած է, որ պատկերասրահի հետ  գործակցութիւնը նոյնիսկ ուշացած է. «Հայերը եւ իրանցիները պէտք է ծանօթանան իրարու մշակոյթի գլուխ գործոցներուն: Յոյսով եմ, որ յառաջիկային հայ նկարիչներու գործերը կը ցուցադրուին Իրանի մէջ»:

Նշենք, որ 11 մարտին Ազգային պատկերասրահին մէջ բացումը կատարուած է «Իրանական արուեստ» խորագիրով ցուցահանդէսին, որուն ծիրին մէջ ներկայացուած են Իրանի ժամանակակից նկարիչներու աշխատանքները: «Ազգային պատկերասրահը աշխարհի լաւագոյն պատկերասրահներէն է, եւ ուրախ ենք այստեղ ներկայացնելու իրանցի մանրանկարիչներուն ստեղծագործութիւնները: Արուեստը եւ մշակոյթը իւրաքանչիւր ժողովուրդի հայելին են, եւ այցելուները հետաքրքրական նմուշներ պիտի տեսնեն: Մենք կը հպարտանանք անոնցմով: Իրանական մանրանկարչութիւնը բաւական մեծ համբաւ կը վայելէ, անոր միջոցով կարելի է նաեւ  ծանօթանալ իրանական մշակոյթին ու գրականութեան», յայտնած է Նորուզի:

Գիւմրին Զարգացնելու Եւ Մարզերուն
Աղքատ Վիճակը Բարելաւելու Ծրագիրներ

davit-loqyan-gyumri-vark-vzeb

Հայաստանի տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարարութիւնը ապրիլի վերջաւորութենէն սկսեալ պիտի իրականացնէ բազմաթիւ ծրագիրներ, որոնք պիտի նպաստեն աղքատութեան բարձր ցուցանիշ ունեցող մարզերու մէջ տնտեսական աշխուժացման: Այս մասին յայտնած է տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարար Դաւիթ Լոքեան, 16 մարտին գումարուած Ազգային ժողովի նիստին:

«Կ՛առաջարկեմ ծանօթանալ նախարարութեան կողմէ պատրաստուող տարածքներու տնտեսական զարգացման ռազմավարութեան փաստաթուղթին, զոր կառավարութիւնը հաւանաբար պիտի հաստատէ ապրիլին: Անոր հիմնական նպատակն է խթանել տնտեսութիւնը յատկապէս այն մարզերուն մէջ, ուր կայ համախառն ներքին արտադրութեան ցած մակարդակ, կը բացակային աշխատատեղերը, որուն պատճառով ալ աղքատութեան տոկոսը մեծ է», յայտնած է Լոքեան:

Խօսելով Գիւմրի քաղաքին վերաբերող ծրագիրներուն մասին` Դաւիթ Լոքեան կարեւոր եւ օգտակար նկատած է Գիւմրիի զարգացման համար Վերակառուցման եւ զարգացման եւրոպական դրամատունէն 23,5 միլիոն եւրօ վարկ ստանալու ծրագիրը: «Վարկային համաձայնագիրը ներկայիս քննարկման փուլի մէջ է եւ մինչեւ 15 ապրիլ անիկա պիտի դրուի ընթացքի մէջ: Անկէ ետք դրամատան մէջ հարցը պիտի քննարկուի, եւ եթէ Հայաստան բաւարարէ բոլոր պայմանները, ապա վարկային փաթեթը հասանելի պիտի դառնայ նոյեմբերին», ըսած է նախարարը: Նախարարը աւելցուցած է, որ փաթեթի 33,5 տոկոսը դրամաշնորհ է, մնացածը` բաւական լաւ պայմաններով վարկ: «Միշտ չի պատահիր, որ կարենանք նման վարկ ստանալ համայնքներու զարգացման ծրագիրներուն համար: Ֆինանսական տեսանկիւնէ եւս վարկի ներգրաւումը դրական է, իսկ վարկի ներգրաւման պարագային Գիւմրիի իշխանութիւնները հնարաւորութիւն կ՛ունենան Հայաստանի երկրորդ մայրաքաղաքը ուղղակի բարեկարգ քաղաքէն վերածել զբօսաշրջային կեդրոնի` կապելով Հայաստանի հիւսիսը միւս զբօսաշրջային կեդրոններուն հետ», եզրափակած է Լոքեան:

2015-ին Հայաստանի Մէջ Համացանցէն
Օգտուողներուն Թիւը Հասած Է 2,2 Միլիոնի

2015 թուականին համացանցէն օգտուողներուն թիւը հասած է 2,2 միլիոնի` ապահովելով ծածկոյթի 69 տոկոսը: Այս թիւին մէջ են շարժական հեռահաղորդակցութեան, լայնաշերտ համացանցի եւ համացանցային կապի ոլորտները:

Այս մասին նշուած է «Ձեռնարկութիւնների ինկուբատոր հիմնադրամ»-ի «Հայաստանում տեղեկատուական եւ հեռահաղորդակցութեան տեխնոլոգիաների ոլորտի հետազօտութիւն» զեկուցման մէջ, որ ամփոփուած է 2015-ին:

Զեկոյցին համաձայն, Հայաստանի մէջ համացանցի ծառայութիւններու ընդհանուր եկամուտին 94 տոկոսը կ՛ապահովուի համացանց մատակարարող հինգ մեծ ընկերութիւններուն կողմէ:

2015-ին լայնաշերտ համացանցի (որոնց կարգին 3 Ճի.ն) ծառայութիւններէն օգտուողներուն թիւը հասած է մօտ 2 միլիոնի, իսկ անթել (WiMax4 WiFi) ծառայութիւններու բաժանորդներուն թիւը հասած է 247 հազարի:

Նախորդ տարուան աւարտին 3 Ճի. կապի ծածկոյթը հասած է 98 տոկոսի: Անթել ցանցերով տուեալներու փոխանցումը եւ համացանցի կապի ծառայութիւնները կը կազմակերպուին GSM/EDGE, UMTS 2100 եւ UMTS 900 արհեստագիտական միջոցով:

2015-ի դրութեամբ հեռաձայնային ծառայութիւններէն օգտուողներուն թիւը կազմած է 534 հազար:

Զեկոյցը կը հաստատէ, որ շարժական կապի ծառայութիւններէն ստացուած եկամուտները մեծագոյն կշիռը ունին Հայաստանի հեռահաղորդակցութեան ոլորտի եկամուտներուն մէջ:

«Հայաստանի Ելեկտրական Ցանցեր» Ընկերութիւնը
Գիւմրիի 10 Ընտանիքներու
Բնակարաններ Պիտի Տրամադրէ

SamuelGarabedian_32316

«Հայաստանի ելեկտրական ցանցեր» ընկերութեան բաժնետէր Սամուէլ Կարապետեանի որոշումով, ընկերութեան եւ «Գիւմրին առանց տնակների» հիմնադրամին միջեւ 18 մարտին կնքուած է նուիրատուութեան համաձայնագիր` Գիւմրի քաղաքի տնտեսական ծանր վիճակի մէջ եւ տնակներուն մէջ բնակող տասը ընտանիքներու բնակարաններ տրամադրելու նպատակով:

Gumri_32316

Ընկերութեան աշխատակազմին կողմէ պիտի ընտրուին ծայրայեղ ծանր պայմաններու մէջ ապրող այն ընտանիքները, ուր երեխաներ, հաշմանդամներ ու տարեցներ կան:

Համաձայնագիրը նաեւ կը նախատեսէ սեփականութեան իրաւունքով յանձնուող գոյքին նկատմամբ իրաւունքներու որոշ եւ ժամանակաւոր սահմանափակումներ, ինչպէս` վաճառելը, փոխանցելը, վարձու տալն ու գրաւադրելը:

Բացի ատկէ, ընկերութեան ղեկավար անձնակազմին եւ պաշտօնէութեան անձնական միջոցներով պիտի գնուի երկու բնակարան եւս` առաջնորդուելով զանոնք տրամադրելու նոյն սկզբունքներով:

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17601

Trending Articles