ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
«Ազդակ»-ի իննսունամեակին ընդառաջ եւ այս առիթով իրագործուելիք ձեռնարկներուն ու հանդիսութիւններուն շրջագիծին մէջ, անդրադարձ պիտի կատարուի թերթին անցած ուղիին եւ ժամանակի հոլովոյթին հետ իրագործուած նուաճումներուն` յատուկ կարեւորութեամբ արձանագրելով հայ կեանքին հետ առնչութիւն ունեցող իրադարձութիւնները, որոնք արձագանգ գտած են «Ազդակ»-ի մէջ: Նախապէս արդէն անդրադարձ կատարուած էր վրանաքաղաքներու օրերէն մինչեւ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին աւարտը հասնող ժամանակաշրջանին: Ուստի, ասկէ ետք լուսարձակի տակ պիտի առնուին արցախեան շարժումը եւ Հայաստանի վերանկախացումը, հասնելով մինչեւ ներկայ ժամանակները:
Առանձնաբար պիտի խօսինք նաեւ «Ազդակ»-ի կազմաւորման օրերէն թերթին աշխատակցած եւ անոր զարգացման ու անխափան հրատարակութեան մէջ իրենց ներդրումը ունեցած երախտաւորներուն, խմբագիրներուն, գրաշարներուն, էջադրողներուն, տպագրիչներուն եւ թղթակիցներուն մասին, կարելիութեան սահմանին մէջ յիշելով բոլոր անոնք, որոնք իրենց կնիքը դրած են թերթի ուրոյն դիմագիծի, վարկի ու որակի կերտման հոլովոյթին մէջ:
***
«Ազդակ» արցախեան շարժման վերաբերեալ առաջին լրատուութիւնը կատարած է 23 փետրուար 1988-ին` գրելով, որ հայկական ազգային ինքնորոշման շարժումը հեռագիր մը յղած է Խորհրդային Միութեան արտաքին գործոց նախարար Անտրէյ Կրոմիքոյի եւ անկէ պահանջած, որ Ղարաբաղի շրջանը վերստին կցուի հայկական հանրապետութեան:
«Ազդակ» կը շարունակէ` ըսելով, որ Ստեփանակերտի մէջ 12 եւ 13 փետրուարին ցոյցեր տեղի ունեցած են արտայայտելու համար յիշեալ փափաքը: 15 փետրուարին Երեւանի մէջ տեղի ունեցած է ղարաբաղցիներուն զօրակցութեան ցոյց մը:
24 փետրուարի թիւով «Ազդակ» կը գրէ, որ 22 փետրուարի գիշերը ժողովրդային մեծ ցոյց մը տեղի ունեցած է Երեւանի մէջ, Ղարաբաղի հարցին համար: Մօտաւորապէս 50 հազար հայեր մասնակցած էին ցոյցին` պահանջելով Ղարաբաղի շրջանին Հայաստանի կցումը: Միւս կողմէ, Ղարաբաղի մէջ հակահայ վայրագութեան դէպքեր արձանագրուած էին, եւ բանակային ուժ ղրկուած էր Ղարաբաղ:
25 փետրուարի թիւով «Ազդակ» կը գրէ, թէ Ղարաբաղի վերակցման պահանջը, որ հրապարակաւ կը ներկայացուէր գորբաչովեան հրապարակայնութեան ստեղծած մթնոլորտին մէջ, պահանջն էր ողջ հայութեան` Հայաստանի թէ սփիւռքեան գաղութներու հայորդիներուն:
«Ազդակ» կը շարունակէր ըսելով, որ սթալինեան բռնատիրական շրջանը բացայայտօրէն քննադատող եւ այդ շրջանին արձանագրուած սխալները սրբագրելու յաւակնութիւնը արտայայտող Կրեմլինի ղեկավարները տրամադիր չէին ընդառաջելու հայութեան արդար պահանջին եւ այդ մերժումը կը փորձէին քողարկել «ազգայնական տրամադրութեանց հակադրուող լենինեան վարդապետութեան» պատրուակով: Նոյնքան յատկանշական էր «եղբայրական ազրպէյճանցիներու» ցեղախմբային տրամադրութեանց դրսեւորումը` հայկական եկեղեցիներու դէմ թշնամական արարքներով:
Միւս կողմէ, «Ազդակ»-ին ղրկուած յատուկ թղթակցութիւն մը կը յայտնէր, որ Լեռնային Ղարաբաղի Գերագոյն խորհուրդը որոշում տուած էր Ղարաբաղը Հայաստանի կցելու: Ղարաբաղի ինքնավար մարզի կոմկուսը ընդունած էր այդ որոշումը: Այդ երկու որոշումներով, Ղարաբաղէն պատգամաւորներ մեկնած էին Մոսկուա, ուր հարցը արագ կերպով քննուած, ապա մերժուած էր:
Այսպիսով, Լեռնային Ղարաբաղի Հայաստանի վերակցման հայրենի հայութեան պահանջատիրական շարժումը ստացաւ աննախընթաց տարողութիւն:
Հայրենի ժողովուրդը համընդհանուր գործադուլի եւ դասադուլի դիմեց. Հայաստանի բոլոր շրջաններէն պահանջատէր հայորդիներ հաւաքուեցան Երեւան, ծովածաւալ եւ խաղաղ ցոյցերով արտայայտելու այն պահանջը, որ պաշտօնապէս ներկայացուած էր Կրեմլինի ղեկավարներուն, Ղարաբաղի ինքնավար շրջանը վերադարձնելու համար հայութեան եւ սրբագրելու` սթալինեան բռնատիրութեան օրով գործուած պատմական սխալը:
Պետական ուժեր անյաջող փորձեր կատարեցին ցրուելու ծովածաւալ ցոյցերը եւ վերջ տալու ժողովրդային աճող շարժումին: Ղարաբաղի մէջ բախումներ ծայր առին հայերու եւ ազերիներու միջեւ, պատճառելով զոհեր եւ վիրաւորներ:
***
«Ազդակ» 1 մարտ 1988-ի թիւով եւ «Բացուեցաւ հայոց պատմութեան նոր էջը» խորագիրով խմբագրականով կը գրէր, որ փետրուար 20-ին, Ղարաբաղի մայրաքաղաք Ստեփանակերտի մէջ ծայր տուաւ ազգային պահանջատիրութեան ալիք մը, որ կու գար հայոց պատմութեան խորերէն: Ալիքը դիզուեցաւ, ծաւալեցաւ, ստացաւ տարերային թափ եւ վերածուեցաւ համաժողովրդային կեցուածքի, ի խնդիր Լեռնային Ղարաբաղի Խորհրդային Հայաստանի վերակցման:
Հայաստանի ամբողջ ժողովուրդը ելաւ ոտքի: Հարիւր հազարաւորներ հաւաքուեցան Երեւանի մէջ, յանուն պատմական ճշմարտութեան, ժողովուրդներու բարեկամութեան եւ իրա՛ւ եղբայրութեան, յանուն արդարութեան:
«Ազդակ» կը շարունակէր ըսելով, որ Երեւանի Օփերայի հրապարակին վրայ ներկայ էին նախ եւ առաջ` աշխատաւորները, որոնք յանձն առած էին զրկուիլ իրենց ապրուստէն, ի խնդիր գաղափարին:
Այդ պատմական ասպարէզին վրայ, ներկայ էին մտաւորականները, որոնք ելած էին քաջաբար ստանձնելու գաղափարը հունաւորելու պատասխանատու պարտականութիւնը:
Հոն ներկայ էին Խորհրդային Միութեան համար կռուած հայ զինուորները, որոնք պատրաստ էին հրաժարելու ամէն պատիւէ, ի խնդիր ազգային արժանապատուութեան:
«Ազդակ» կը նշէր, որ բոլորէն առաջ եւ բոլորէն վերջ, հայութեան ինքնահաստատման պատմական ելոյթին ներկայ եղաւ Հայաստանի ամբողջ ժողովուրդը: Երեւանի արուարձաններէն մինչեւ Լենինական, ծայր տուաւ յանձնառու քայլարշաւը հայորդիներուն: Անոնք տողանցեցին գիտակից զսպուածութեամբ եւ պահանջատէր կամքով:
Ղարաբաղի եւ Հայաստանի ժողովուրդին կողքին կանգնեցան նաեւ սփիւռքի հայերը:
«Ազդակ» կ՛աւելցնէր, որ ցեղասպանութեամբ մասնատուած հայը, որ կերտած էր հայրենիք եւ պետականութիւն, սթալինեան բռնատիրութեան տակ իր ղեկավարութիւնը կորսնցուցած ժողովուրդը, որ անշեղօրէն կառչած էր իր մշակութային եւ մարդկայնական արժէքներուն, գործեց հրաշք մը եւս:
«Ազդակ» կը շարունակէ` նշելով, որ հայոց պատմութիւնը անցաւ նեղ եւ վտանգաւոր կիրճէ մը եւ դարձաւ առանցքային կարեւորութիւն ունեցող անկիւն մը:
Այլեւս ամէն բան փոխուած էր հայ ժողովուրդին համար: Բացուած էր նոր էջը հայոց պատմութեան մէջ:
«Ազդակ» կ՛եզրափակէր` գրելով, որ ձայն մը հնչեց Ղարաբաղի լեռներէն եւ այդ ձայնը փոթորկեց համայն հայութեան հոգիներն ու միտքերը: Ծայր տուաւ խոր գիտակցութեան, ամբողջական յանձնառութեան եւ անկեղծ գաղափարական միակամութեան նոր փուլը, որ հայ ժողովուրդը պիտի տանէր ծաւալուն եւ յարատեւ պայքարի` Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդին համար, ի սէր ազգութեան:
***
Պաքուի եւ Սումկայիթի մէջ, ազերի թուրքերը, իրենց աւանդական եւ նկարագիրին համապատասխանող ոճով` բիրտ արարքներով արտայայտեցին հայկական պահանջներուն իրենց մերժումն ու պատմական ճշմարտութեանց դրժումը: Սումկայիթի մէջ արիւնալի հաշուեյարդար սկսաւ հայերուն դէմ: Հայերու դէմ խժդժութիւնները հասան սպանդի տարողութեան:
Սումկայիթի մէջ ջարդերը տեղի ունեցան կազմակերպուած կերպով եւ ահաւոր վայրագութեամբ: Խուժանային յարձակումներ գործուեցան, եւ օր ցերեկով ջարդեր տեղի ունեցան: Հայեր իրենց տուներէն բռնի ուժով հանուեցան եւ սպաննուեցան:
Յաջորդող օրերուն, հայեր զանգուածաբար հեռացան Սումկայիթէն, եւ անոնցմէ շատեր Հայաստան ապաստան գտան:
«Ազդակ», 10 մարտ 1988-ի թիւով եւ «Ջարդարարին հատուցումը Հայաստանի ամբողջացումն է» խորագիրով խմբագրականով կը գրէր, որ իբրեւ հակազդեցութիւն` Ղարաբաղի վերակցման հայկական պահանջին, Ազրպէյճանի մէջ տեղի ունեցած են զանգուածային սպանդ, բռնաբարումներ, կողոպուտ եւ բռնագաղթ:
«Ազդակ» կը նշէր, որ ոչինչ փոխուած է թրքութեան բնազդային աշխարհին մէջ: Երբ առիթը ներկայանայ, թրքական գազանային բարքերը կը դրսեւորուին անմիջապէս եւ կ՛ընտրեն իրենց սովորական թիրախները` անպաշտպան կիներ, ծերեր, երեխաներ:
«Ազդակ» կը շարունակէր` գրելով, որ թրքութեան ցեղապաշտ քաղաքականութեան եւ ջարդարար բնազդին դիմաց, հայորդիներուն սիրտերը, բնականաբար կը լեցուին վրէժի զգացումով. կը վերաթարմանայ պատմական թշնամութիւնը, որուն արատները կը գտնուին հորդաներու քանդիչ արշաւանքներուն, հայ ժողովուրդի կոտորակումին եւ ստրկացումին, հայ մշակոյթի բնաջնջումին, բռնագաղթին, հայկական ցեղասպանութեան եւ հայկական հողերու բռնագրաւումին մէջ:
«Ազդակ» կը շեշտէր, որ երբ նժարի մէջ է Հայաստանի մասնակի ամբողջացման հարցը եւ հայութեան նոր վերելքի կարելիութիւնը, երբ հայ ժողովուրդը կը գտնուի ազգային ինքնահաստատման եւ յառաջդիմութեան նոր հանգրուանի մը դիմաց, անհրաժեշտ էր ըլլալ պաղարիւն եւ հեռատես, չիյնալ այն թակարդին մէջ, որ թրքութիւնը կը լարէր` իրեն յատուկ գազանային խորամանկութեամբ:
«Ազդակ» կը մեկնաբանէր, որ Ազրպէյճանի թրքութիւնը դիմեց իրեն յատուկ միջոցառումներու եւ հակահայ հալածանքով ու ջարդով փորձեց կացութիւնը շրջել ի նպաստ իրեն: Ան կը միտէր մէկ կողմէ ահաբեկել Ազրպէյճանի հայութիւնը, ծայր տալ գաղթի եւ «բիւրեղացնել» ազրպէյճանցի կոչուած արուեստական ազգութիւնը, միւս կողմէ` կը փորձէր հայութիւնը ներառել ազգամիջեան արիւնահեղութեան ոլորապտոյտին մէջ, աղաւաղել հայկական պահանջին օրինական եւ բարոյական բնոյթը, յառաջացնել ընդհանուր խռովութեան մթնոլորտ եւ այդպէս մոռցնել տալ բուն հարցը` Ղարաբաղը:
Նենգափոխումի, կեղծիքի, անուանական վայրագութեան եւ ցեղային խտրականութեան վրայ հիմնուած այս քաղաքականութեան դիմաց, մենք կը մերժենք փոխել պայքարի ասպարէզը եւ իյնալ «ակն ընդ ական»-ի զգացումները գոհացնող, բայց քաղաքականօրէն տհաս մակարդակին, կը հաստատէր «Ազդակ»` նշելով, որ կը յաղթանակեն ա՛յն ժողովուրդները, որոնք գիտեն ղեկավարել իրենց ենթակայական աշխարհը, ճիշդ գնահատել առարկայական պայմանները եւ գործել տեղին ու ժամանակին:
«Ազդակ» կ՛եզրափակէր, որ պէտք է պահանջել արդար հատուցում: Անմեղ հայ զոհերու արեան հատուցումը կը պահանջէ արդարութեան գործադրութիւնը, թէ՛ քաղաքական, եւ թէ հողային իմաստով: Փանթուրանականութեան եւ շրջանային բոլոր քանդիչ ծրագիրներուն դէմ պատուար կանգնող ամբողջական Հայաստանն է պատասխանը բոլոր ջարդարարներուն:
***
Ղարաբաղի վերակցման պահանջը խափանելու համար խորհրդային բանակի կարեւոր թիւով զօրաբաժիններ մուտք գործեցին Երեւան: Մայրաքաղաքի բոլոր գլխաւոր կեդրոնները, պողոտաները եւ շրջակայ ճամբաներու խաչմերուկները բռնուեցան բանակային կառքերով եւ հրասայլերով:
Սակայն Ղարաբաղի վերակցման պահանջը չշեղեցաւ նպատակէն: Երեւանն ու Ստեփանակերտը լուռ գործադուլով վերահաստատեցին վերամիացման պահանջը:
Հետզհետէ, ղարաբաղցիք նոր թափ տուին Հայաստանի վերամիանալու պայքարին:
Խորհրդային Հայաստանի եւ խորհրդային Ազրպէյճանի հանրապետութեանց համայնավար կուսակցութեանց առաջին քարտուղարները` Կարէն Դեմիրճեան եւ Քեամրան Պաղիրով մայիս 21-ին պաշտօնանկ եղան եւ շնորհազրկուեցան, Լեռնային Ղարաբաղի հարցին հետեւանքները չկարենալ դարմանելու յանցանքով: Իբրեւ Հայաստանի համայնավար կուսակցութեան առաջին քարտուղար Կարէն Դեմիրճեանի յաջորդեց Սուրէն Յարութիւնեան:
Քանի մը օր ետք խորհրդային բանակէն ուժեր Ստեփանակերտ մտան եւ իրենց հակակշիռին տակ առին Լեռնային Ղարաբաղի մայրաքաղաքին գլխաւոր փողոցները:
Խորհրդային Հայաստանի գերագոյն խորհուրդը յունիս 15-ին որդեգրեց պատմական որոշում մը` պահանջելով որ 1923-ին, Խորհրդային Ազրպէյճանի տրուած Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավար մարզը վերամիացուի խորհրդային Հայաստանի: Բանաձեւը որդեգրուեցաւ միաձայնութեամբ: Թեր քուէարկեցին նաեւ խորհրդարանին ազերի անդամները:
***
«Ազդակ», 18 յունիս 1988-ի թիւով եւ «Հայաստանը յայտարարեց հայ ազգային քաղաքականութիւնը» խորագիրով խմբագրականով կը գրէր, որ 1988 յունիս 15-ին Հայաստան իբրեւ պետութիւն եւ իբրեւ ժողովուրդ յայտարարեց հայ ազգային քաղաքականութիւնը եւ պաշտօնապէս մտաւ շրջանային քաղաքական թատերաբեմէն ներս:
«Ազդակ» կը նշէր, որ Հայաստանի գերագոյն խորհուրդը դուրս ելաւ կամակատարի վիճակէն եւ դարձաւ օրինակելի որեւէ խորհրդարանի համար: Ցնցիչ եւ սթափեցնող էր հինգ հարիւր հազար հայ քաղաքացիներու յանպատրաստից հաւաքը` խորհրդարանին առջեւ: Անոնք համաձայն գտնուեցան որ հայկական խորհրդարանը, Ղարաբաղի վերամիացման գծով, դիմում չկատարէր Ազրպէյճանի խորհրդարանին, որովհետեւ այդ քայլը պիտի ըլլար անօգուտ եւ նուաստացուցիչ եւ միւս կողմէ` Սումկայիթի ջարդը պաշտօնապէս յայտարարուի ոճիր:
«Ազդակ» կը հաստատէր ըսելով, որ հայ ժողովուրդին հասուն արտայայտութիւնը անդին անցաւ սկզբունքային կեցուածքներէն եւ վերածուեցաւ համաժողովրդային հանրաքուէի:
Հայաստանի հայութիւնը հանդիսացաւ հրապարակայնութեան լաւագոյն արտայայտիչը, վերակառուցման առաջին պահանջատէրը եւ ժողովրդավարականացումին յառաջապահ օրինակը:
«Ազդակ» կ՛եզրափակէր, որ արդարութիւն կատարել Հայաստանին եւ հայ ժողովուրդին` կը նշանակէ ծառայել յառաջդիմութեան, գաղափարական մաքրութեան ու քաղաքական իրապաշտութեան: