Քսանութ տարիներ առաջ, 20 փետրուար1988-ին, Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզի Գերագոյն խորհուրդը արտակարգ նիստի մը ընթացքին, Խորհրդային Միութեան սահմանադրութեան` ազգերու ինքնորոշման վերաբերեալ յօդուածին տրամադրութիւններուն համաձայն, կ՛որոշէր անջատուիլ Ազրպէյճանական Խորհրդային Սոցիալիստական Հանրապետութենէն եւ միանալՀայկական Խորհրդային Սոցիալիստական Հանրապետութեան:
Սահմանադրական քայլ մը որ ազդանշան պիտի տար Արցախի ազատագրական պայքարին:
Ի՞նչ էին այն առարկայական պատճառները որոնք մղեցին Ժողովուրդի կողմէ ընտրուած պատգամաւորները՛ այսպիսի որոշում մը կայացնելու: Կայի՞ն արդեօք պատմական հիմնաւորումներ, որոնք կը ստիպէին նման քայլի մը դիմելու: Սահմանադրական, օրինական հիմքեր ունէ՞ր որոշումը: Կը վայելէ՞ր արդեօք ժողովուրդին նեցուկը: Հարցումներ, որոնք անժխտելի պատասխաններ ունին, սակայն տագնապին արդարացի լուծում գտնելու փորձերու ընթացքին երբեմն մոռացութեան կը մատնուին, կամ նոյնիսկ դիտումնաւոր կերպով կ՛անտեսուին:
Այսպէս, 1920 նոյեմբերին, Հայաստանի մէջ խորհրդային կարգերու հաստատումէն անմիջապէս ետք, Ազրպէյճանի համայնավար կուսակցութիւնը, ողջունելով Հայաստանի խորհրդայնացումը, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ եղած սահմանային վէճերը վերջացած կը համարէր ու Լեռնային Ղարաբաղը, Զանգեզուրն ու Նախիջեւանը կը ճանչնար իբրեւ խորհրդային Հայաստանի հանրապետութեան անբաժան մաս: 1 դեկտեմբեր 1920-ին Պաքուի կողմէ վաւերացուած այս որոշումը յունիս 1921-ին կ՛ամրագրուէր Հայաստանի ու Ազրպէյճանի կառավարութիւններուն միջեւ կնքուած համաձայնութեամբ:
Սակայն, Ստալինի անմիջական միջամտութեամբ, 5 յուլիս 1921-ին կը վերանայուէր նախորդ որոշումները եւ կը պարտադրուէր Լեռնային Ղարաբաղը Խորհրդային Ազրպէյճանի կազմին մէջ ընդգրկելու եւ այդ տարածքին մէջ ինքնավար մարզ կազմաւորելու վերաբերեալ որոշում մը՛ կամայականօրէն անոր սահմաններէն դուրս ձգելով պատմական հսկայական հայահոծ տարածքներ, Հայաստանի հետ ընդհանուր սահման չունենալու յստակ նախապայմանով:
Աննախադէպ այս որոշումը ոչ միայն որեւէ իրաւական հիմք չունէր ու նկատի չէր առներ հազարամեակներէ ի վեր այդ տարածքներուն վրայ բնակող ժողովուրդին կամքը, այլեւ շրջանը կառավարելի դարձնելու հեռանկարով ազգամիջեան բախումներու պարարտ ենթահողը կը ստեղծէր:
Եօթանասուն տարիներու խորհրդային կարգերու ամբողջ ժամանակահատուածին ընթացքին Ազրպէյճանի իրերայաջորդ վարչակարքերը ծրագրուած ու հետեւողական աշխատանքով, ճնշումներով ու հալածանքներով, շրջանի հայաթափման ու թուրքերով բնակեցման պայմանները ստեղծեցին` զլանալով հայ ազգաբնակչութեան զարգացման տարրական որեւէ նախաձեռնութիւն: Այսպէս ըսուած` «Ազգերու համերաշխութիւն» դաւանող կայսրութեան սահմաններուն մէջ, ցեղային զտումներու պետական լուռ քաղաքականութիւնը, իր աւերը գործեց, Նախիջեւանը ամբողջութեամբ հայաթափելով, սակայն չյաջողեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի պարագային` բախելով Արցախի մեր ժողովուրդի անհաշտ ու յամառ ընդդիմութեան:
Հայութիւնը չհաշտուեցաւ այս պարտադրուած իրավիճակին եւ տասնեակ տարիներ խաղաղ ու օրինական միջոցներով պայքարեցաւ մայր հայրենիքին վերամիաւորուելու ձգտումով:
Թռուցիկներով, ստորագրահաւաքներով, թէ մտաւորականներու եւ ականաւոր արուեստագէտներու դիմումներով խորհրդային կարգերէն պարբերաբար պահանջուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզ-ի վերամիաւորումը Հայկական Խորհրդային Սոցիալիստական Հանրապետութեան:
Հետեւաբար բնական էր Գերագոյն խորհուրդի 20 փետրուար 1988-ի որոշումը, որ հիմնուելով Խորհրդային Միութեան սահմանադրութեան` ազգերու ինքնորոշման իրաւունքին վերաբերող յօդուածին տրամադրութիւններուն վրայ ու օգտուելով 80-ական թուականներու վերջերը, խորհրդային կարգերու մէջ բարեկարգումներու ու խօսքի ազատութեան պայմաններէն, անգամ մը եւս կը դիմէր Խորհրդային Հայաստանին միանալու: Դիմում մը, որ Երեւանի փողոցներուն մէջ, միլիոնանոց հաւաքներով արտայայտուած, հայրենի մեր ժողովուրդի անմիջական ու ամբողջական զօրակցութիւնը վայելեց:
Սահմանադրական ու օրինական այս դիմումը, սակայն, ընդունուեցաւ Ազրպէյճանի պետական մակարդակով ծրագրուած` Սումկայիթի եւ Պաքուի ջարդերով, խորհրդային բանակի օժանդակութեամբ` «Օղակ գործողութեամբ»` շղթայազերծուած` խաղաղ ազգաբնակչութեան բռնի տեղահանութեամբ, հալածանքներով ու սպանութիւններով, քաղաքներու ռմբակոծութեամբ ու վերջապէս` ամբողջական պատերազմով:
Մեծ եղեռնի դառն փորձարութիւնը ապրած մեր ժողովուրդին կը մնար կազմակերպուիլ ու դիմել ինքնապաշտպանութեան:
Կարելի չէր ապաւինիլ օտար միջնորդութեան ու ոչ իսկ սեփական պետութեան ու հարկ էր ժողովուրդի ճակատագրի քաղաքական թէ ապահովական պատասխանատուութիւնը վերցնել:
Երբ յստակացաւ որ Խորհրդային Միութիւնը կորսնցուցած էր շրջաններու վրայ իր վերահսկողութիւնը եւ միութեան փլուզումը անխուսափելի էր, 2 սեպտեմբեր 1991-ին Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզի եւ Շահումեանի շրջանի պատգամաւորները միաձայնութեամբ անկախութիւն հռչակեցին ու ընդունեցին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Հռչակագիրը: Քանի մը ամիս ետք, 10 դեկտեմբերին, բնակչութիւնը հանրաքուէով ամրագրեց Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութեան հռչակումը: Միջազգային դիտորդներու ներկայութեամբ ու սաստիկ ռմբակոծումներու պայմաններուն մէջ կազմակերպուած հանրաքուէին գրանցուած ընտրողներուն 82,2 տոկոսը այսինքն` 108.736 մարդ մասնակցեցաւ որոնց 99,89 տոկոսը «Այո» քուէարկեց անկախութեան: Ուշացումով, 46 օրեր ետք միայն, Ազրպէյճանի Գերագոյն խորհուրդը անկախութիւն հռչակեց ու այսպիսով, նախկին Խորհրդային Ազրպէյճանի տարածքին մէջ ձեւաւորուեցան երկու իրաւահաւասար պետական կազմաւորումներ՛ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն եւ Ազրպէյճանի Հանրապետութիւն: Յստակ է, որ խորհրդային համակարգի փլուզման պայմաններուն մէջ, ՄԱԿ-ի «ժողովուրդներու ազատ ինքնորոշման իրաւունք»-ի սկզբունքին վրայ հիմնուած այս քայլը չէր խախտեր միջազգայնօրէն ընդունուած՛ պետական սահմաններու անփոփոխելիութեան կամ տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքները:
Արցախի ժողովուրդը անկախութեան հռչակման ամբողջ գործընթացը հիմնեց միջազգային իրաւունքի վրայ` յարգելով նախ խորհրդային սահմանադրութեան տառն ու ոգին ապա ՄԱԿ-ի 1948-ի Մարդու իրաւունքներու հռչակագրով ամրագրուած «ժողովուրդներու ազատ ինքնորոշման իրաւունք»-ի սկզբունքը: Բ. Համաշխարհային պատերազմէն ետք բազամաթիւ ժողովուրդներ նոյն այս գործընթացին հետեւելով` միջազգային ընտանիքին լիիրաւ անդամը դարձան, բան մը, որ մինջեւ այսօր, անընդունելի կերպով կը զլացուի Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան:
Ազրպէյճանի կողմէ սկսած յարձակումները ջարդերն ու ռմբակոծումները ցոյց տուին, թէ հարցի կարգաւորման համար Պաքու ընտրած էր բռնի ուժի ուղին: Իսկ արցախահայութեան միայն կը մնար դիմել ինքնապաշտպանութեան: Նախնական միջոցներով սկսած ինքնապաշտպանութիւնը շուտով կազմակերպուեցաւ ու ընդգրկելով հայրենաբնակ թէ սփիւռքեան մեր ժողովուրդի բոլոր խաւերը` վերածուեցաւ համահայկական շարժումի, զօրաշարժի ենթարկելով հայութեան բովանդակ ներուժը: Սկզբունքային նշանակութիւն չունեցան ուժերու անհամեմատ տարբերութիւնը, Հայաստանի հետ ցամաքային կապի բացակայութիւնը, ոչ ալ խորհրդային բանակէն ժառանգութիւն մնացած Ազրպէյճանի ի նպաստ շուրջ քսան անգամ աւելի զինամթերքի քանակութիւնը: Հայը համոզումով պաշտպանեց իր հայրենի հողը ու Մեծ եղեռնէն ետք հայութիւնը համակած զոհի բարդոյթը յաղթահարելով ու ի գին ամենածանր զոհողութիւններու` ազատագրեց ու պաշտպանեց հայրենիքի էական այս հատուածը: Այլապէս, ռազմագիտական ի՞նչ տրամաբանութեամբ բացատրել անառիկ Շուշիի, գերպաշտպանուած Լաչինի, ռազմականացուած Աղտամի, անհասանելի Քելբաջարի, Ֆիզուլիի ու Ճեպրայիլի դաշտերու ազատագրումը: Վարձկաններուու թալանճիներու դիմաց հայ ազգային ազատագրական կռուի նորագոյն խոյանքով ազատագրուեցան հայրենի պատմական տարածքներ ու Հայաստանի Հանրապետութեան հետ ցամաքային միացման կապով իրողապէս նուաճուեցաւ Արցախի ազատ ու անկախ ապրելու իրաւունքը:
Քսանհինգ տարիներու անկախութեան ընթացքին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը քաղաքակիրթ հասարակութեան մը յատուկ օրինակելի ճանապարհով կերտեց պետական կառոյց, որդեգրեց ժողովրդավարութեան, մարդկային իրաւունքներու ու ընկերային արդարութեան հիմունքներով սահմանադրութիւն, կազմաւորեց թշնամիին ոտնձգութիւնները զսպող ու բնակչութեան ապահովութիւնը երաշխաւորող հզօր բանակ ու հիմը դրաւ տնտեսական զարգացման նպաստող հիմնական դրոյթներուն:
Սակայն, մինչ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան միջազգային ընտանիքի լիիրաւ անդամակցութիւնը ու հակամարտութեան վերջնական ու արդար կարգաւորումը, այս ձեռքբերումները պահպանելու եւ ամրապնդելու խնդիրը անխուսափելիօրէն կը տեղափոխուի Ազրպէյճանի հետ ռազմավարական դիմակայութեան հարթութիւն: Դիմակայութիւն բոլոր բնագաւառներուն մէջ` քաղաքականութիւնէն մինչեւ տնտեսութիւն, բանակաշինութիւնէն մինչեւ գիտութիւն, ժողովրդագրական իրավիճակէն մինչեւ կենսամակարդակ: Ժամանակի գործօնի վճռորոշ դերակատարութեանը գիտակցելով` թոյլատրելի չէ յաղթանակի դափնիներու վրայ հանգիստ ննջելը, մանաւանդ երբ իրապաշտ ու առարկայական մօտեցումով կ՛անդրադառնանք թէ արձանագրուած ձեռքբերումներու կողքին կան բացթողումներ ու երբեմն նոյնիսկ` զգալի նահանջներ:
Այսպէս, օրինակ, եթէ 80-ական թուականներու վերջաւորութեան, Հարաւային Կովկասի մարդահամարներու տուեալներով, հայութիւնը իր 4,5 միլիոն հաշուարկով պատկառելի թիւ կը ներկայացնէր 7,2 միլիոն ազերիներու դիմաց, այսօր, ըստ ազրպէյճանական պաշտօնական աղբիւրներու, թէեւ` ուրճացուած, 9,4 միլիոն տարածաշրջանի ազերի ազգաբնակչութեան համրանքը երեք անգամով կը գերազանցէ Հայաստան-Ղարաբաղ միացեալ հանրապետութիւններու 3,2 միլիոն գնահատուող բնակչութիւնը:
Տնտեսական բնագաւառին մէջ եթէ 90-ական թուականներու վերջերու վիճակագրական տուեալներով Ազրպէյճանի պետական պիւտճէն Հայաստանի պիւտճէին մէկ ու կէս անգամն էր, քարիւղի միջազգային գիներու թռիչքային բարձրացումով, անցնող քանի մը տարիներուն, այդ համեմատութիւնը հասաւ մինչեւ 4-5 անգամի: Այսպէս, եթէ Հայաստանի Հանրապետութիւնը գումարած Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան 2013 թուին, ունէր մօտ 18 միլիառ տոլարի համախառն ներքին արդիւնք (GDP), Ազրպէյճանն արդէն ունէր 94 միլիառ տոլարի հասնող տպաւորիչ արդիւնք:
Քաղաքական բնագաւառի մէջ, Խորհրդային կարգերու փլուզման օրերուն, ընդհանրապէս համաշխարհային եւ յատկապէս արեւմտեան երկիրներու, Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի հանդէպ ցուցաբերած անվերապահ դրական կեցուածքը, այսօր իրավիճակներու փոփոխութեամբ ու քարիւղային-խավիարային դիւանագիտութեամբ, ինքնորոշման համամարդկային անժամանցելի իրաւունքը հաւասարեցուած է արհեստական ու ժամանցելի հողային ամբողջականութեան սկզբունքին:
1994 թուականի զինադադարի եռակողմ պայմանագիր ստորագրող` իբրեւ երրորդ կողմ ճանչցուած եւ ընդունուած Ղարաբաղի ներկայացուցիչները, այսօր կը բացակային բանակցային գործընթացէն ու բանակցութեան սեղանին հայութիւնը կը ներկայանայ մէկ, փոխան երկու ներկայացուցիչներու:
Իսկ Պաքու-Ճէյհան քարիւղատարի կառուցումով կամ տարածաշրջանի երկիրներու տնտեսական համարկման ու գործակցութեան ծրագիրներէն հետեւողականօրէն Հայաստանը դուրս պահելով` կը փորձուի մասնակի շրջափակման ու մեկուսացման մէջ պահել Հայաստանի տնտեսութիւնը:
Եզրակացութիւնը պարզ է, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութեան 25-ամեակի նախօրէին, պատերազմին ձեռք բերուած փայլուն յաղթանակէն ետք, խաղաղ մրցակցութեան պայմաններուն մէջ, Հայաստան-Ղարաբաղ միացեալ զոյգ հանրապետութիւնները նահանջ արձանագրած են, գէթ` տնտեսական եւ ժողովրդագրական բնագաւառներուն մէջ: Իսկ հակամարտութեան վերջնական ու արդար կարգաւորման բացակայութեան, մրցակցային որեւէ բնագաւառի մէջ նահանջ նոր պատերազմի հաւանականութիւնը կ՛աւելցնէ:
Այս մէկը չի նշանակեր, որ վճռուած է արդէն Արցախի ճակատագիրը ու ժամանակի հարց է միայն, մինչեւ որ ուժերու յարաբերակցութեան տարբերութիւնը հասնի այն «քրիթիքական» պահուն, որ պատերազմը բռնկի:
Պատմութեան ընթացքին շատ աւելի ծանր ու օրհասական պայմաններ յաղթահարած մեր ժողովուրդը, իր միասնակամութեամբ ու վճռականութեամբ, հետեւողական ու ծրագրուած աշխատանքով, իր մարդկային արժանիքներով ու հմտութեամբ կը կարողանայ կացութիւնը շրջել ու ռազմավարական գերակշռութիւն ապահովել: Հարկ է ճշդել տարբեր բնագաւառներու մէջ ունեցած, մեր առաւելութիւններն ու հնարաւորութիւնները ու օգտագործել համաշխարհային տարածում ունեցող մեր ազգային ամբողջական ներուժը:
Անցնող տարիներուն աշխարհաքաղաքական իրավիճակներու փոփոխութեամբ որոշ բարենպաստ պայմաններ ստեղծուած են, որոնք առաւելագոյն չափով հարկ է օգտագործել:
Այսպէս, օրինակ, ուժանիւթի գիներու հետեւողական անկման պատճառով համաշխարհային քաղաքական ասպարէզի մէջ Ազրպէյճանի նաւթն ու կազը արդէն կորսնցուցած են իրենց մասին հետաքրքրութիւնը, ու Ազրպէյճանի բացառապէս քարիւղի եկամուտներուն վրայ խարսխուած տնտեսութիւնը ծանր տագնապի մէջ է յայտնուած: Տեղական դրամանիշի` մանաթի 55 տոկոսով արժեզրկումը, ընկերային սուր տագնապներու դուռ բացած է: Իսկ ներքին ընդիմութեան չէզոքացումը, խօսքի ազատութեան կաշկանդումը, հասարակական կազմակերպութիւններու գործունէութեան սահմանափակումը եւ փոքրամասնութիւններու հանդէպ կիրարկուած խտրականութիւնը, տնտեսական ճգնաժամին հետ միատեղ, պայթիւնավտանգ իրավիճակ մը ստեղծած են:
Արեւմտեան աշխարհի ու յատկապէս Եւրոպական Միութեան շարք մը երկիրներ բացայայտ իրենց անհանգստութիւնը սկսած են արտայայտել ու բողոքել Ազրպէյճանի մէջ մարդու իրաւունքներու հետեւողական խախտման ու ժողովրդավարական սկզբունքներու ոտնակոխման մնայուն երեւոյթներուն դէմ:
Իսկ Իրան-Արեւմուտք համաձայնութիւնը տնտեսական զարգացման ու շրջանային համարկման նոր հեռանկարներ կը բանայ Հայաստան-Արցախ զոյգ հանրապետութիւններու առջեւ:
Հարկ է նաեւ համաշխարհային տարածում ունեցող մեր ազգային քաղաքական, տնտեսական թէ մարդկային ամբողջական ներուժը լարել ու բոլոր բնագաւառներուն մէջ ռազմավարական գերակշռութիւն ապահովելով` վստահութիւն ներշնչել Արցախի ապագայի նկատմամբ:
Արցախեան հիմնահարցի վերաբերեալ, դժբախտաբար, հայ քաղաքական միտքը միանշանակ կեցուածք չէ ցուցաբերած ու պատճառ դարձած, գէթ սկզբնական շրջանին, ներքին պառակտումներու ու հակասական կեցուածքներու:
Որոշ ժամանակ կար մտածողութիւն, որ ինքզինք «իրատեսական» որակելով, մեծապետական հաշուարկները նկատի առած, «արկածախնդրութիւն» կը նկատէր որեւէ ըմբոստութիւն կամ ինքնապաշտպանութեան փորձ ու գրաւը կը դնէր բանակցային գործընթացով ապահովելու Արցախի ժողովուրդի գոյութիւնը, թէկուզ` Ազրպէյճանի պետական հակակշիռի տակ: Այս մօտեցման ներկայացուցիչները կը հաւատային որ հիմնականը Հայաստանն է իր 29,743 քմ2 տարածքով եւ բնակչութեամբ, իսկ Արցախը` հարեւան երկրի մէջ գտնուող հայահոծ շրջան, որուն ապահովութեան համար կարելի է բանակցիլ բայց` ոչ պայքարիլ:
Կար նաեւ այլ մտածողութիւն որուն համար հայ ժողովուրդի լինելութեան պայքարը արկածախնդրութիւն չէր, այլ` ազգային հրամայական, որ համոզուած էր, որ Արցախը Հայաստանի գոյութեան ու ապահովութեան հիմնական երաշխիքն է ու անոր դատը` մեր բոլորինը: Կը մերժէր հայութիւնը արհեստական բնութագրումներով մասնատելու ու կոտորակելու որեւէ փորձ: Կը հաւատար, որ արցախցին, ինչպէս ոեւէ ազգ, իրաւունքը ունի ապրելու ազատ ու անկախ, որոշելու իր ճակատագիրը ու կերտելու իր տարրական իրաւունքը հանդիսացող, բնականոն զարգացման ապահով միջավայրը` իր հայրենիքը:
Արցախեան պայքարի ամբողջ տեւողութեան ու անկէ ետք ալ հայ քաղաքական մտքի այս բեւեռացումը զանազան առիթներով դրսեւորուեցաւ` հասնելով մինչեւ 1997 թուական` Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին նախաքահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի հրաժարականին: Նման բեւեռացման որեւէ նոր դրսեւորում, միայն աղէտալի հետեւանքներ կրնայ ունենալ մեր ազգային գոյութեան:
Ժամանակն է, որ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութեան քսանը հինգ ամեակի առիթով, հաւատարիմ մնանք 28 տարիներ առաջ սկսած շարժման իտէալներուն ու յարգելով մեր հազարաւոր նահատակ-մարտիկներու յիշատակը` ազգովին տէր կանգնինք արեամբ ազատագրուած տարածքներուն ու զայն վերածենք հզօր ու կենսունակ Հայրենիքի: