Թուրքիոյ «Իլեթիշիմէ» հրատարակչութիւնը «Հայոց ցեղասպանութիւնը 100 տարի անց» վերնագիրով լոյս ընծայած է այն զեկուցումներու ժողովածուն, որ ներկայացուած է 2015-ին Փարիզի մէջ: Այս մասին կը հաղորդէ «Ակունք» կեդրոնը` հիմնուելով վերոնշեալ հրատարակչութեան կայքէջին մէջ հրապարակուած տեղեկութեան վրայ:
Աղբիւրին համաձայն, ժողովածուն կ՛ընդգրկէ ցեղասպանագիտութեան ոլորտի լաւագոյն մասնագէտներուն զեկուցումները, որոնք ոչ միայն կը մեկնաբանեն Հայոց ցեղասպանութիւնը, այլեւ կ՛անդրադառնան օսմանեան տարածքներուն մէջ բնակուած միւս փոքրամասնութիւններուն նկատմամբ տարուած բռնատիրական քաղաքականութեան, Թուրքիոյ ժխտողական քաղաքականութեան, իրաւագիտական հարցերուն եւ այլ յարակից նիւթերու:
«Ակունք»
![Nevzat-Onaran_31916]()
Օսմանեան Կայսրութեան Մէջ Հայկական Եւ
Յունական Ունեցուածքի Թրքացումը (1914-1919)
(Լքեալ Գոյքի Լուծարումը – 1-2)
Թրքական քաղքենիութեան կողոպտման դարաւոր պատմութիւնը…
«Էւրենսելէ» հրատարակչութիւնը հրատարակած է երկու հատորէ բաղկացած Նեւզաթ Օնարանի նոր գիրքը, ուր կը քննարկուի թրքական ազգայնականութեան տնտեսական քաղաքականութիւնը… Գիրքին մէջ կ՛ուսումնասիրուի Ա. Համաշխարհային պատերազմի ընթացքին, Միութիւն եւ յառաջադիմութիւն կուսակցութեան կառավարութեան «ուրիշներու» ունեցուածքի լուծարումին հիմքը եղած, տնտեսական քաղաքականութեան պատմութիւնը` սկսած 1915 թ. մինչեւ մեր օրերը:
Հետազօտութեան մէջ կը շեշտուի, որ 1920-ական թուականներուն հանրապետութեան «ազգային քաղաքականութիւնը» հիմնուած է Միութիւն եւ յառաջադիմութիւն կուսակցութեան տնտեսական քաղաքականութեան վրայ, եւ հետեւաբար, կը հանդիսանայ այդ քաղաքականութեան բնական շարունակութիւնը: Միաժամանակ այս երկու գիրքերուն մէջ կը վերլուծուին, թէ ինչպէ՛ս Օսմանեան կայսրութեան վերջին շրջանին եւ հանրապետական Թուրքիոյ առաջին տարիներուն պետութեան միջոցով իւրացուած է «ուրիշներու» գոյքը եւ կուտակուած` թուրք-իսլամական դրամագլուխը: Օնարանի աշխատութիւնը կ՛ուսումնասիրէ թրքական ազգայնականութեան «արիւնոտ» տնտեսական քաղաքականութիւնը եւ ատոր ազդեցութիւնը այդ հողերուն վրայ բնակող ոչ թուրքերու եւ իսլամներու վրայ:
Գիրքին մէջ Օնարանը օգտագործած է Թուրքիոյ կառավարութեան կից օսմանեան եւ հանրապետական արխիւային փաստաթուղթերը եւ «Ակօս» ու «Ճումհուրիյէթ» թերթերու արխիւային նիւթերը: Ուսումնասիրած է նաեւ տնտեսական քաղաքականութեան մասին օրէնքն ու դրոյթները, ինչպէս նաեւ` օրէնքի վերաբերեալ խորհրդարանին մէջ կատարուած քննարկումները:
2016/02/17