Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Զաւէն Թաշճեանի Նահատակութեան 30-Ամեակի Առիթով ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Անունով Յակոբ Հաւաթեանի Արտասանած Խօսքը

$
0
0

Hagop Havatian_31116

Երեսուն տարիներ առաջ Այնճար հայաւանի ամբողջ բնակչութիւնը լուռ, մեծ յուզումով, ցասումով ու արցունքոտ աչքերով կը քալէր մուսալեռցի արժանաւոր զաւակ, հայ մշակոյթի հանդէպ պաշտամունքով լեցուն, հայ ընտանիքը իբրեւ սրբութիւն եւ ազգային արժէք ընկալած եւ,  վերջապէս բառին բովանդակ իմաստով դաշնակցական ղեկավար ընկ. Զաւէն Թաշճեանի դագաղին  ետեւէն:

Վստահաբար նահատակ ընկերոջ սերնդակիցներուն, օրուան երիտասարդութեան մէջ տակաւին թարմ է այդ պահը, պահ մը, որ իր հիմնադրութենէն ի վեր այս գիւղը չէր ապրած, պահ,  որ ծանրակշիռ ցաւի, ընդվզումի եւ խոր մտահոգութիւններու իր ամբողջ հանրագումարը կը դնէր այնճարցիի հոգիին ու մտքին մէջ: Այո՛, ցաւը կը ճնշէր ամբողջ Այնճարը:

Հայանուն վարձկաններ յաջողած էին թափանցել այս անառիկ ամրոցը եւ օր ցերեկով, դաւադրաբար սպաննել գիւղի ղեկավարը: Այո՛, այդ օրուան դաշնակցական քաջ տղոց հոգիներուն մէջ անխառն էին զգացումները, տղաք, որոնք դաստիարակուած ու կազմաւորուած էին այս լուռ եւ դաշնակցական արժէքներու եւ իտէալներու ջերմ պաշտպան առաջնորդին անմիջական շունչով, վայելած էին անոր մշակութային տաղանդը, ականատես դարձած`  հարցերու լուծման անոր լայնախոհ ու լրջախոհ մօտեցումներուն եւ վերջապէս վկան` անոր ցուցաբերած ծով համբերութեան, չէին ուզեր հաշտուիլ պատահարին հետ: Այնճար հայաւանը կը կորսնցնէր երիտասարդ, արի եւ Հայ դատի հետապնդման անխոնջ աշխատող մը ու բացառիկ անհատականութեան տէր, սակայն խոնարհ նուիրեալ մը: Գիւղը կը կորսնցնէր դաշնակցական ընկեր Զաւէնը:

Այսօր ծանր պարտականութիւնը ունիմ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի խօսքը փոխանցելու այս յիշատակի հանդիսութեան: Բայց ի յառաջագունէ ներեցէք, եթէ պահ մը դառնամ նաեւ զգայուն ու անձնական ապրումներով նաեւ համալրեմ ընկերոջ յիշատակին առիթով արտասանուելիք այս խօսքը, որովհետեւ ես ալ այդ օրերուն, երիտասարդական տարիքը նոր թեւակոխած, մաս կազմած եմ թաղման թափօրին եւ ապրած պահը` ամբողջ էութեամբ ու ծանրութեամբ:

Աւելի՛ն. պատանեկան տարիքիս մեր տան մէջ ապրած ու վայելած եմ ընկերոջ փոխանցած լուռ, բայց առինքնող ջերմութիւնը եւ բարութիւնը: Անկեղծութիւն եւ ինքնավստահութիւն յորդող ժպիտը մինչեւ օրս դրոշմուած է մտապատկերիս եւ յիշողութեանս մէջ: Մինչեւ օրս իր զաւակները` Կարոն եւ Արմէնը երբ կը տեսնեմ, իրենց հետ կը խօսիմ, կամ ժողովի սեղանի վրայ միասին ներկայ կը գտնուիմ, իրենցմէ առաջ ընկ. Զաւէնի դէմքը կ՛ուրուագծուի դիմացս եւ հեռուէն իր ձայնն է որ կը լսեմ: Այո՛, հաւատացած եմ ու կը շարունակեմ հաւատալ, որ դաշնակցական անհատի կատարած գործէն ու քալած ուղիէն շատ բան պիտի պակսի,  եթէ երբեք այսպիսի յիշողութիւն եւ արժէքներու նկատմամբ խոր յարգանք ու պաշտամունքի հասնող ապրում նահանջ արձանագրեն անոր մէջ:

Յարգելի՛ ներկաներ եւ սիրելի՛ ընկերներ,

Ընկեր Զաւէնի գործին ու վաստակին մասին անդրադառնալու համար դաշնակցական խօսք ու գրութիւն մի՛շտ ալ պիտի մնայ անբաւարար: Այո՛, ապագային, երբ պատեհ ու ճիշդ հանգրուանը հասնի եւ առիթ տրուի հրապարակայնօրէն ուսումնասիրելու հայութեան այդ ժամանակահատուածի պատմութիւնն ու իրադարձութիւնները, վստահաբար այն ատեն գալիք սերունդները պիտի գիտակցին, թէ ի՛նչ վճռորոշ դերակատարութիւն ստանձնած էր ընկեր Զաւէն հայ կեանքէն ներս Հայոց պատմութեան ճակատագրորոշ մէկ հանգրուանին: Մինչ այդ,  սակայն, ընկեր Զաւէնի առաքինի արժանիքները, առթած ոգին ու վեհութիւնը պիտի շարունակէ համակել իրերայաջորդ սերունդներ:

Մեր ղեկավար ընկերը իր կեանքով ու գործով դարձաւ տիպար ներկայութիւն, պարտադրեց յարգանք, մնաց բարձրաճակատ եւ թշնամին նոյնիսկ չհամարձակեցաւ իր անարգ փամփուշտը ճակատէն ուղղել եւ վատագոյն ձեւով կռնակէն հարուածեց «դաշնակցական դալար բարտին»:

Ընկ. Զաւէն մտաւորական յատկութիւններով եւ արժանիքներով օժտուած ղեկավար էր: Ղեկավար, որուն համար հայկական աւանդութիւնները, հայկական արժէքներու պահպանումն ու զարգացումը առանցքային կարեւորութիւն կը ներկայացնէին: Այո՛, համալսարանական ուսում չէր ստացած, սակայն հանրային ու հասարակական կեանքի դպրոցի ուշիմ «ուսանող» դարձած էր եւ ինքնաշխատութեամբ տիրապետած հայութեան հոգեմտաւոր արժէքներու գանձարանին:

Ընկերոջ համար Այնճարը մեծ ներաշխարհ մըն էր, եւ ինք հմտութեամբ թափանցած էր այդ ներաշխարհին բոլոր մանրամասնութիւններու` պարի, երգի, ասմունքի բնագաւառներուն, աւանդութիւններուն, մուսալեռցիի նկարագրային գիծերուն եւ, վերջապէս, Մուսա Լերան քառասնօրեայ համաժողովրդային դիմադրութեան փաստը վերածած համազգայինի մեծ նուաճումի: Ան մեծապէս կը գուրգուրար այդ նուաճումին վրայ եւ կը մնար անզիջող այդ նուաճումը իր պատուանդանէն դուրս բերել փորձող ամէն տեսակի տեղատուութեան եւ փորձութեան դիմաց:

Այո՛, իր խօսքը կշիռ ունէր, իր կեցուածքը ինքնուրոյն էր: Երբեմն այս նկարագրային յախուռն գիծին պատճառով մնաց անհասկնալի, բայց ժպիտով դիմաւորեց նաեւ այդ բոլոր անհասկացողութիւններէն բխած եւ իր ստացած անհատական վիրաւորանքները նաեւ, որովհետեւ զանոնք նկատեց մանրամասնութիւն եւ իր մէջ պահեց գերագոյն արժէքներու հսկայ շտեմարան մը ու մնաց հաւատարիմ` իր դաւանած սկզբունքներուն:

Գիւղի բարգաւաճումն ու յառաջընթացը, գիւղի կուսակցական կազմակերպական կառոյցի ամրակուռ պահպանումն ու միութիւններու աշխուժ գործունէութիւնը մի՛շտ ալ ընկեր Զաւէնին առաջնահերթութեանց ու անմիջական հետաքրքրութեան մաս կազմեցին: Յատուկ սէր եւ հետաքրքրութիւն կը տածէր գիւղի կրթական համակարգին նկատմամբ եւ, վերջապէս, գիւղի հայեցի դիմագիծի անաղարտ պահպանումը իրեն համար գերխնդիր էր անտարակո՛յս:

Ընկեր Զաւէնին կատարած գործին ու ներդրումին մասին իր նահատակութենէն մինչեւ այսօր բազմիցս խօսուած է եւ ընկերոջ վաստակը կը շարունակէ մնալ անթառամ, նոյնիսկ այն սերունդին մօտ, որ ընկերոջ նահատակութեան օրը տակաւին չէր ծնած:

Անցնող երեսուն տարիներուն բովանդակ հայութիւնն ու Հայաստանը ապրեցան պատմական նշանակալից հանգրուաններ, եւ այդ բոլորը կենսաւորեցին հայոց ժամանակակից պատմութիւնը: Վստահաբար ընկեր Զաւէն շատ բան ըսելիք ու ընելիք պիտի ունենար, Հայաստանի ապրած ճակատագրորոշ այդ բոլոր հանգրուաններուն: Հայութեան թշնամիները կասեցուցին անոր երթը, գործն ու նուիրումը: Բայց շնորհիւ իր դրած դրոշմին ան մնայուն ոգեղէն ներկայութիւն մը դարձաւ այդ բոլոր հանգրուաններուն:

Այս պահուն, որքան համահունչ է մուսալեռցի արժանաւոր մտաւորական Եդուարդ Պոյաճեանի հետեւեալ միտքը, որ կարծէք հարազատօրէն կը բնութագրէ դաշնակցական Զաւէն Թաշճեանը, երբ կ՛ըսէ. «Դաշնակցականը մարդ է պարզ, թէեւ խոշոր ու խորունկ, թէեւ կշիռքի չեկող ապրումներ ունի ան. ազգային եւ հասարակական կեանքի այդ ապրումները իրենց զօրութենական բնոյթով բառ ու բացատրութենէ անդին ըլլալով հանդերձ, պարզ են, որովհետեւ կը մնան ուղիղ, մի՛շտ մաքուր»:

Զաւէն Թաշճեան ապրեցաւ, գործեց, տագնապեցաւ այդ կշիռքի չեկող ապրումներով, հարուստ տեսլականով, ազնիւ նկարագրով ու հայ ժողովուրդի ապագայի վարդահեղեղ արշալոյսի խորունկ հաւատքով:

Ահաւասիկ երեսուն տարիներ ետք, կրկին հաւաքուած ենք յարգելու իր յիշատակը, վերանորոգուելու եւ վերալիցքաւորուելու իր օրինակով, հաւաքաբար հպարտանալու իր կատարած գործով ու միասնաբար որոշելու անշեղօրէն շարունակել իր եւ բազում անձնուրացներու ու նուիրեալներու գործն ու առաքելութիւնը:

Այո՛, ընկեր Զաւէն Թաշճեանի մասին խօսիլը պարտաւորեցնող է, պարտաւորեցնող դառնալու անկեղծ, խօսքը ըսելու յստակ, առանց մշուշապատումի, մտահոգութիւնները բերելու լուսարձակի տակ, որպէսզի մեր սիրելի ընկերը եւ այս գիւղին համար մնայուն կերպով բաբախած իր սիրտն ու հոգին հանգիստ ննջեն:

Սիրելինե՛ր,

Ընդունինք, որ գիւղի ապրած այսօրուան մարտահրաւէրներուն ու դիմագրաւած դժուարութիւններուն մէջ մենք խիստ կարիքը ունինք ընկ. Զաւէնի ներկայութեան: Անոր բացակայութիւնը զգալի է ամէնուրեք` կուսակցական կազմակերպական կեանքէն մինչեւ Համազգային թատերական բնագաւառի գործունէութիւն: Ընդունինք, որ կարօտը ունինք ընկերական-մշակութային այն հանդիպումներուն, ուր իր ձայնով, խօսքով ու ներկայութեամբ կը հարստացնէր միջավայրը, կը խորացնէր դաշնակցական ընկերականութիւնը եւ բոլորը կը համակէր գիւղի հանդէպ ամրակուռ հաւատքով: Ան կը պարտադրէր,  որ փոխադարձ յարգանքն ու վստահութիւնը միշտ ալ առանցքը հանդիսանան բոլոր քննարկումներուն:

Երեսուն տարիներ առաջ հայանուն վարձկաններ կը փորձէին կասեցնել Այնճար հայաւանի յառաջընթացը, կը փորձէին հարուածել գիւղի անդորն ու խաղաղութիւնը, կը փորձէին հարուածել Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւը, կը փորձէին արգելակել Հայ դատի պահանջատիրութեան երթը: Այնճարի ժողովուրդը, մեծով պզտիկով, կը քալէր իր նահատակի դագաղին ետեւէն ու անոր շիրմին դիմաց կ՛ուխտէր շարունակել գործը, ընդարձակել պայքարը, որպէսզի Պետիկ Ինճէեաններու, Սարգիս Զէյթլեաններու, Զաւէն Թաշճեաններու եւ բազում անձնուրացներու արեամբ, նահատակութեամբ ու քրտինքով կերտուած այս ամրոցը մնայ անսասան, կանգուն ու շարունակէ հայ կեանքին մէջ իր ճառագայթող ներկայութիւնը, որպէսզի իրաւամբ շարունակէ հաւատարիմ մնալ դաշնակցական մեծ առաջնորդ ու գաղափարի անխոնջ մարտիկ Սարգիս Զէյթլեանի պարգամին, որ կ՛ըսէ. «Հալածանքը տարածանք է: Որքա՛ն զօրանայ թուրք ֆաշական բռնապետութեան ճնշումը, այնքան աւելի պիտի ամրանայ հայութիւնը իր ազատագրական պայքարին մէջ:

«Որքան բազմանայ ինկողներու թիւը` յանուն հայ ժողովուրդի անժամանցելի իրաւունքներուն եւ արդարագոյն դատին, այնքան աւելի պիտի բազմապատկուին ծառայողներու եւ պայքարի ասպարէզ կերտողներու համարանքն ու վճռակամութիւնը»:

Այո՛, սիրելիներ, մեր պայքարը դադար եւ ընկրկում չի ճանչնար: Մուսա Լերան կտակն ու աւանդը վառ պահող այս հայաւանը պարտութիւն չի ճանչնար: Ըմբոստացումը, դիմադրութիւնը, հերոսական խոյանքները ներկայ են հոն ու պիտի ըլլան ներկայ մի՛շտ, ուր վտանգուած են գիւղի շահերը, հայեցի դիմագիծը եւ կայունութիւնն ու ապահովութիւնը:

Ընկեր Զաւէն Թաշճեան նահատակուեցաւ այս հայաւանին մէջ, բայց համահայկական մեծ իտէալներու իրականացման ճամբուն վրայ: Այս գիւղի նշանակութիւնը, գոյութիւնը եւ յառաջընթացը ինքնանպատակ չէ եղած ու պիտի չըլլայ նաեւ ասկէ ետք: Ամրոց ու հնոց է այս հողատարածքը: Թող որ հողը լեզու ունենայ ու խօսի, եւ այն ատեն բոլորս պիտի զարմանանք, թէ ի՛նչ արժէքներու ընձիւղում, ի՛նչ մարդուժի կենարար ուժ ու ոգի ներարկած է ան հայ կեանքին եւ մեր համազգային երթին մէջ: Սովորական օդափոխութեան վայր մը չէ, ոչ ալ` հանգստարան ամարանոց: Մաշած, աղքատացած ու պարտեալ հոգիներու, բախտախնդիրներու, պատեհապաշտներու հաւաքավայր չէ այս տարածքը, այլ բնօրրան` ազնիւ պայքարի, անշահախնդիր աշխատանքի, արդար քրտինքի, խիզախութեան, արիութեան ու գաղափարական ներուժի կուտակման: Թող ո՛չ ոք, թշնամի թէ բարեկամ, համարձակի այս տարածքի ճակատագրին հետ խաղալ, որովհետեւ վերջաւորութեան պիտի դառնան հաշուետու անպայմա՛ն: Այս գիւղը  բովանդակ առումով երեւոյթ է մեր կեանքէն ներս ու իր արժանի տեղն ու դերը ունեցող անզուգական հայկական միջավայր:

Հետեւաբար, զգո՛ւշ, ներս թէ դուրս գտնուող, մօտակայ թէ հեռակայ մուսալեռցիներ եւ այնճարցիներ, զօրակցութեան կողքին եւ, աւելի՛ն,  ակնկալուածը հայավայել ու այնճարավայել մօտեցումն է: Իրերայաջորդ սերունդներ բազում զոհողութիւններով կերտեցին այս գիւղը եւ այսօր վաղանցուկ դժուարութիւններու դիմաց լուծումներու որոնման մէջ իւրաքանչիւրը պէտք է ըլլայ հեռատես ու շրջահայեաց:

Բոլոր ժամանակներէ աւելի` հաւաքական աշխատանքի ու հաւաքական պատասխանատուութեան գործօնը պէտք է դարձնել գերիշխող: Բոլոր ճակատամարտերը կարելի է շահիլ միասնական պայքարով, դժուարութիւնները շրջանցել հաւաքական ճիգով եւ յառաջընթաց ապահովել անհատական կարողականութեանց ամբողջական համակարգումով: Այս բոլորը կ՛ենթադրէ ուժերու գերլարում, զգաստ մօտեցում եւ հաւատքի ամուր ջրդեղում:

Անցնող տարի ազգովին նշեցինք Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը: Հայոց ցեղասպանութեան համահայկական հռչակագրի յայտարարութիւնը Ծիծեռնակաբերդէն` նոր ուղենիշներ բացաւ մեր համազգային պահանջատիրութեան ու համահայկական երթին դիմաց` հայ ժողովուրդի արդար իրաւունքներու ձեռքբերման ի խնդիր: Իր կատարած գործով ու ողջ կեանքով Զաւէն Թաշճեան այդ պահանջատիրութեան համեստ զինուորագրեալը, ինչպէս նաեւ պատասխանատուութիւններ ստանձնած նուիրեալը դարձաւ ու իր նահատակութեամբ եկաւ հանգչելու  զոհաբերութեան բագինին վրայ:

Այս առիթով, վստահ եմ, որ կու գամ դառնալու թարգմանը ձեր բոլորի ապրումներուն եւ մտքերուն` արդարօրէն ակնկալելով, որ ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէն հարկն ու պատշաճը տնօրինէ, նահատակութեան 30-ամեակին առիթով, մշակելով ծրագիր ընկեր Զաւէնի յիշատակը յաւերժացնելու հայրենի հարազատ հողին վրայ: Այս արժէքի հայրենացումը դաստիարակութեան ու ներշնչման անսպառ աղբիւր պիտի դառնայ գալիք սերունդներուն ու հայրենիքի հետ հայաւանի կամրջումը դարձնէ աւելի՛ ամուր, հետեւողական ու անքակտելի:

Սիրելի՛ ընկեր Զաւէն,

Նահատակութեանդ երեսնամեակին առիթով, յանուն Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Լիբանանի մեծ ընտանիքին եւ յանուն Այնճարի հայութեան, կը խոնարհինք վաւերական գործիդ, մեծ վաստակիդ, անբասիր նկարագրիդ ու դաշնակցական ղեկավարի արժանիքներուդ դիմաց եւ անգամ մը եւս կու գանք վերանորոգելու մեր ուխտը` շարունակելու սուրբ գործը, էապէ՛ս դաշնակցական գործը, անառիկ դարձնելու այս ամրոցը, անսասան պահելու մեր ազգային պահանջատիրական երթը, մի՛շտ ի խնդիր մեր մեծ երազի իրականացման, որուն համար ծնար, գործեցիր ու նահատակուեցար:

Յարգա՛նք քե՛զ:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Trending Articles