Պարո՛ն նախագահ,
Համայն աշխարհ հիմա գիտցաւ, որ վերջին երեք ամիսներու բանտարկութեանս պատճառը քու` ինծի դէմ ներկայացուցած քրէական դատն էր անձնապէս, եւ` քրէական ատեաններու կեցուածքը, որոնք ձեր խաթիրը չեն կտրեր եւ ձեր որեւէ մէկ պահանջը չեն մերժեր: Սակայն ես կը կարծեմ, թէ ձեզի հանդէպ շնորհակալութեան պարտք մը ունիմ ձեր այս քայլին համար: Իմ լրագրական գործնական փորձառութեանս կը պակսէր բանտ մտնելու փորձառութիւնը եւ ձեր շնորհիւ` ամբողջական դարձաւ լրագրական փորձառութիւնս: Եւ բանտին մէջ ես կրցայ երկար ժամեր ապրիլ հեռու բջիջայինէս, որ մոլին դարձած էր գաղտնի սպասարկութեանց գաղտնի լսումներուն` իմ խօսակցութիւններուս, ինչ որ ինծի տուաւ ժամանակ կարդալու դե՛ռ չկարդացած գիրքերս, նաեւ` գրելու, եւ ես նախկինէն աւելի գրելու ժամանակ ունեցայ, այլեւ` աւելի լաւ մթնոլորտի մէջ` քանի որ այլեւս չէի մտահոգուիր թէ դուն պիտի զայրանաս գրածներուս վրայ եւ ինծի պիտի սպառնաս բանտարկութեամբ, որովհետեւ ես արդէն փաստօրէն բանտարկուած էի…
Բանտէն դուրս ես առիթը չէի ունենար մարզանք ընելու, բայց բանտի ճաղերու ետին ես առիթը ունեցայ նաեւ ֆութպոլ խաղալու` հատուցելով կորսնցուցած առիթս եւ ծանօթացայ շատ մը անձերու եւ նոր բարեկամներ ունեցայ, եւ ուղեղիս մէջ ամբարեցի մամուլին մէջ գրելիք անհամար պատմութիւններ, որոնք բաւարար են մինչեւ կեանքիս վերջաւորութիւնը: Նաեւ ծանօթացայ մեծ թիւով երեսփոխաններու եւ փաստաբաններու, որոնք եկան ինծի նեցուկ կանգնելու, իսկ ես զանոնք նախապէս չէի ճանչնար, այս բոլորը պատահեցան ձեր շնորհիւ:
Բանտին մէջ, առաջին անգամ ըլլալով Նոր տարին տօնեցի, որ կարեւոր առիթ մը չէի սեպեր, բայց հոս սորվեցայ այս տօնին կարեւորութիւնը, զայն տօնելու ընտանեկան պարագաներու հետ, շնորհակալութիւն` նաեւ այս դասին համար: Այս միջոցին մեր բանտ դրուիլը մեզ պաշտպանեց այն պայթումներէն, որոնք տեղի ունեցան Թուրքիոյ մէջ, եւ հոս ընթացող պատերազմէն, որ հրոյ ճարակ կը դարձնէ թացն ու չորը, նաեւ` խոզի կրիփի եւ տարբեր հիւանդութիւններու վերադարձէն: Պարտ եմ շնորհակալութիւն յայտնելու քեզի կրկին անգամ այն բանին համար, որ բանտի փորձառութիւնս ինծի առիթ տուաւ աննախադէպ բանի մը արժանանալու, զոր մարդիկ կը ստանան միայն յետմահու, այդ է` գիտնալ մարդոց մօտ իմ վայելած դիրքս, թէ որքա՛նով մարդիկ կը համակրին ինծի մահէս վերջ, եւ թէ ովքեր էին անկեղծ բարեկամներս ու կեղծաւորները: Այս փորձ-քննութիւնը կը պարտիմ ձեզի, որուն շնորհիւ գիտցայ, թէ ընթերցողներս զիս ընտրեցին որպէս անցեալ տարուան լաւագոյն գրողը` գերազանցելով նոյնիսկ Նոպէլեան մրցանակակիր Օրհան Փամուքը, հակառակ անոր որ ես նոր գիրք մը չգրեցի անցեալ տարի… Շնորհիւ ձեզի, մենք գիտցանք նաեւ` որ ամէն թռչող կենդանիի միս չուտուիր եւ ամէն լրագրող կարելի չէ գնել կամ` կը ծախուի: Ես պարտիմ շնորհակալութիւն յայտնել ձեզի նաեւ այն պատճառով, որ իմ երեք ամիսներու բանտարկութիւնս անբաղդատելի է այն մեծ թիւով լրագրող պաշտօնակիցներուս մութ խցիկներու մէջ երկար տարիներ ապրած փորձառութեան հետ, որոնք զրպարտուեցան «հայհոյելու եւ անարգելու» յանցագործութիւններով, ընդհակառակը, իմ փորձառութիւնս ինծի տուաւ բեմ մը, որպէսզի այդ բեմէն ես պաշտպանեմ անոնց իրաւունքները եւ խօսիմ անոնց դէմ գործուող բռնութեան ու զուլումին մասին, եւ դառնամ անոնց խօսափողը եւ անոնցմէ մէկը… կրկի՛ն շնորհակալութիւն:
Ապա նաեւ` այն լուրը, որ դուն պետական գաղտնիք յորջորջեցիր եւ մեզ դատի տուիր զայն հրատարակելու յանցանքով, եւ որ կը վերաբերի հետախուզութեան պաշտպանութեան տակ Սուրիա փոխադրուող զէնքերուն, այս լուրը լոյս տեսաւ մեր թերթին մէջ, Թուրքիոյ մէջ, սակայն հասաւ մինչեւ Ճափոն, Եւրոպա եւ Ամերիկա այն աղմուկին պատճառով, որ բարձրացաւ իմ բանտարկութեանս առիթով, ուրեմն` շնորհակալութիւն նաեւ ասոր համար, որ ինծի օգնեցիր այս լուրի տարածումին աշխարհի չորս ծագերուն մէջ…
Ոչ միայն այսքանը, այլեւ այն, որ դուն ինծի առիթ տուիր աշխարհին բացայայտելու թէ ինչպէ՛ս մեր հանրապետութիւնը կ՛ուղղուի դէպի բռնատիրական իշխանակարգ, որ կը կղպէ բերանները, որ` թշնամին է ազատութեանց: Եթէ բանտարկուած չըլլայի, առիթը ունեցած պիտի չըլլայի անգամ երազելու` յօդուածներ գրելու եւ հարցազրոյցներ տալու, որոնք լոյս պիտի տեսնէին այնպիսի թերթերու մէջ, ինչպիսին են` «Կարտիըն»-ը, «Տէր Շփիկըլ»-ը եւ «Նիւ Եորք Թայմզ»-ը: Եւ Ամերիկայի փոխնախագահը` Ճօ Պայտըն, Անգարա տուած իր այցելութեան առիթով պիտի չպահանջէր տեսակցիլ կնոջս եւ դուստրիս հետ: Դուն մեզմէ շատերուն մէջ սերմանեցիր համերաշխութեան, փոխօգնութեան եւ համագործակցութեան ոգին, եւ հարիւրաւոր լրագրողներ եւ ազատութեան ջատագովներ բանտիս առջեւ զօրակցական արշաւներ կազմակերպեցին:
Բայց նաեւ պարտիմ շնորհակալութիւն յայտնել Սահմանադրական դատարանին, որուն նշանաբանը եղաւ` «Ալ բա՛ւ է զուլումն ու օրինազանցութիւնը, այս երկրին մէջ կայ նաեւ արդարութիւն ու կան յարգարժան դատաւորներ»: Եւ` բանտ մտնելէ առաջ նիւթական վիճակս վատթար էր, իսկ պարտքերս` կուտակուած. այսօր կ՛ակնկալեմ, որ ապօրինի կերպով կանխազգուշական բանտարկութեանս դիմաց Սահմանադրական դատարանին որոշած հատուցումը ինծի պիտի օգնէ` մարելու այդ պարտքերս եւ բարելաւելու նիւթական վիճակս…
Ուրեմն` կրկին անգամ շնորհակալութեամբ եւ` մեծ յարգանքով:
(*) «Ճումհուրիէթ» թերթի խմբագիր: Այս բաց նամակը լոյս տեսած է թերթի 28 փետրուար 2016 թուակիր համարին մէջ: Թարգմ.` Գ. Տ.