Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Ականջապնդագարութիւն Otosclerosis

$
0
0

ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ

Ականջապնդագարութիւնը ականջի հիւանդութիւն մըն է, որ կը յատկանշուի լսողութեան տկարացումով:

Այս հիւանդութեան մասին խօսելէ առաջ հակիրճ ձեւով պէտք է անդրադառնանք ականջի կազմախօսութեան եւ լսելու գործընթացի մասին:

Ականջը կազուած է երեք բաժիններէ` արտաքին, միջին եւ ներքին:

1.- Արտաքին ականջը կազմուած է ականջակոնքէ-ականջախեցէ (pinna) եւ արտաքին անցուղիիէ-ցնցուղէ (external canal), որ կը վերջանայ բարակ եւ մասամբ մը թափանցիկ թմբկաթաղանթով (ear drum):

2.- Միջին ականջը կազմուած է օդով լեցուն ականջախոռոչէ (middle ear cavity) եւ լսափողէ-Եւստաքեան խողովակէ (Eustachian tube), որ առաձգական խողովակ մըն է եւ կը բացուի քթաըմբանին (nasopharynx) մէջ: Ան կ՛օդաւորէ միջին ականջը եւ կը նպաստէ միջին ականջի հեղուկի արտաքսումին դէպի քթաըմբան: Ականջախոռոչին արտաքին պատն է` թմբկաթաղանթը, իսկ անոր ներքին պատին վրայ կան երկու պզտիկ բացիկներ-պատուհաններ, որոնք կը կազմեն ներքին ականջին սկզբնաւորութիւնը: Այս պատուհանները կը կոչուին` ձուաձեւ պատուհան (oval window) եւ կլոր պատուհան (round window): Ականջախոռոչին մէջ կը գտնուին երեք ոսկրիկներ, որոնք կը կոչուին մուրճ (maleus), սալ (incus) եւ ասպանդակ (stapes): Երեք ոսկրիկները իրարու միացած են շարժական յօդերով: Մուրճը առաջին ոսկրիկն է եւ նստած է թմբկաթաղանթին վրայ, իսկ ասպանդակը երրորդ ոսկրիկն է եւ նստած է ձուաձեւ պատուհանին վրայ:

3.- Ներքին ականջը բարդ կառուցուածք մը ունի եւ անոր համար կը կոչուի բաւիղ (labyrinth): Ներքին ականջը կազմուած է անդաստակէ (vestibule), խխունջէ (cochlea) եւ երեք կիսաբոլոր խողովակներէ (semicircular canals): Խխունջը ինքնիր վրայ պարուրուած է 2,5 անգամ: Անոր մէջ կը գտնուի լսողութեան Քորթեան օրկանը (organ of Corti), որ ծածկուած է տարբեր երկարութեամբ եւ հաստութեամբ շուրջ 30 հազար լարերով, որոնց վրայ կը գտնուին ձայնազգաց թելանման մազային եւ յենարան բջիջները: Այս բջիջներու միացումով կը կազմուին լսողութեան ջղային թելիկները, որոնց միացումով կը կազմուի լսողութեան ջիղը: Բարձր ձայները կ՛ընկալուին խխունջի յատակի լայն բաժինէն, իսկ մեղմ ձայները կ’ընկալուին խխունջին գագաթի բաժինէն: Կիսաբոլոր խողովակներուն մէջ զետեղուած են թելանման բջիջներ, որոնք մարմնի շարժման ուղղութիւնը եւ արագութիւնը փոխուելու միջոցին կը գրգռուին: Ասոնք հաւասարակշռութեան ջիղի սկզբնական բջիջներ են:

Ականջի արտաքին եւ միջին բաժինները ձայն հաղորդող մասերն են, իսկ ներքին բաժինը ձայն ընկալող մասն է: Արտաքին աշխարհէն թմբկաթաղանթին հասնող ձայնալիքները, այլ խօսքով` ձայնային ուժը կը փոխուի մեքենական ուժի. թմբկաթաղանթը կը շարժի` իրեն հետ շարժելով երեք ոսկրիկներու շղթան: Ասպանդակը կը խրուի ձուաձեւ պատուհանին մէջ եւ կը փոխանցէ հնչիւնը ներքին ականջ, ուր շարժման կ՛ենթարկուին լսողութեան ջիղի յենարան եւ մազային բջիջները: Հոս է, որ մեքենական ուժը կը փոխուի ելեկտրական ուժի եւ ձայնալիքները իբրեւ ելեկտրական ուժ կ՛ուղղուին դէպի ուղեղ, ուր լսողութիւնը կը մեկնաբանուի առողջ ուղեղաբջիջներու կողմէ:

 Արտաքին, միջին եւ ներքին ականջ

Արտաքին, միջին եւ ներքին ականջ

Բնական լսողութիւն ունենալու համար ունենալու ենք ականջի բնական ձեւով գործող արտաքին, միջին եւ ներքին բաժիններ` առանց որեւէ ձայնի փոխանցման եւ ընկալական արգելքներու, ինչպէս նաեւ` բնական ուղեղային կառուցուածք եւ գործելակերպ:

Oto հայերէնով կը նշանակէ ականջ-ունկ, իսկ sclerosis` ոսկորի պնդագարութիւն կամ կարծրախտ: Հետեւաբար  Otosclerosis հայերէնով կը նշանակէ ականջա- պնդագարութիւն-ականջակարծրախտ կամ ունկապնդագարութիւն-ունկակարծախտ: Այս գրութեան մէջ պիտի գործածեմ ականջապնդագարութիւն անուանումը:

Պնդագարութիւն ըսելով` կը հասկնանք նոր եւ անբնական ոսկորի կազմաւորում:

Պնդագարութիւնը տեղի կ՛ունենայ ականջին միջին եւ ներքին բաժիններուն մէջ, բայց առաւելաբար` միջին ականջի երեք ոսկրիկներու մէջ: Այս երեք ոսկրիկներէն ասպանդակն է, որ մասնաւորապէս կ՛ախտահարուի պնդագարութեամբ եւ ան անշարժ նստած կը մնայ ձուաձեւ պատուհանին վրայ: Ասպանդակի պնդագարութեամբ եւ անշարժութեամբ ձայնային ալիքները լրիւ չեն հաղորդուիր դէպի ներքին ականջ, եւ այս պատճառով կը յառաջանայ տարբեր աստիճանի լսողութեան փոխանցման տկարութիւն (conductive hearing loss): Ներքին ականջի պնդագարութեան պարագային կը յառաջանայ լսողութեան ընկալական տկարութիւն (sensorineural hearing loss):

Ընդհանրապէս երբ ականջապնդագարութիւն կ՛ըսենք, կը հասկնանք միջին ականջի ասպանդակ ոսկրիկի պնդագարութիւն:

Ականջապնդագարութիւնը առաւելաբար կովկասեան երկիրներու մէջ տեսնուած հիւանդութիւն մըն է: Կը կարծուի, որ երաժիշտ Պեթհովեն կը տառապէր ականջապնդագարութենէ:

Այս հիւանդութիւնը երկու սեռերուն մօտ տեսնուած հիւանդութիւն մըն է, սակայն առաւելաբար` իգական սեռին մօտ: Կիներուն մօտ անիկա կը վատթարանայ յղութեան շրջանին: Ժողովուրդին 0,5 տոկոսը կ՛ունենայ այս հիւանդութիւնը: Ճերմակամորթներուն 10 տոկոսը կ՛ունենայ ականջապնդագարութիւն, իսկ սեւամորթներուն` միայն 1 տոկոսը:

Ականջապնդագարութիւնը կը յառաջանայ երկու ձեւերով` ժառանգական եւ ոչ ժառանգական: Ընդհանուր պարագաներուն 50 տոկոսը կը յայտնուի ժառանգական ձեւով, որ ընդոծին (congenital) եւ ծինային (genetic) է: Ան կը ժառանգուի շատ հաւանաբար մարմնատիրական ժառանգականութեամբ (autosomal dominant): Երբ ծնողներէն մէկը ունի հիւանդութիւնը, անոր զաւակներուն 25 տոկոսը շատ հաւանաբար պիտի ունենայ հիւանդութիւնը. իսկ երբ ծնողներէն երկուքը ունին, այդ պարագային անոնց զաւակներուն 50 տոկոսը շատ հաւանաբար պիտի ունենայ հիւանդութիւնը:

Ընդոծին ականջապնդագարութիւնը կը յայտնուի կանուխ տարիքէն եւ կը  բացայայտուի երիտասարդ տարիքին:

Ոչ ժառանգական ականջապնդագարութեան ախտապատճառը անորոշ է: Անիկա կը յայտնուի երիտասարդ տարիքի մէջ:

Ականջապնդագարութեան լսողութեան տկարացումը կ՛ընթանայ շատ դանդաղ եւ յարաճուն (progressive) ձեւով: Երկու ականջներն ալ կ՛ախտահարուին, բայց` ոչ միասին: Նախ մէկ ականջը եւ տարիներ ետք` երկրորդ ականջը: Լսողութեան տկարացումի աստիճանը կախեալ է ասպանդակի պնդագարութեան տարողութենէն:

Ականջապնդագարութեան միակ ախտանշանը մեղմ-տկար ձայները լսելու դժուարութիւնն է: Լսողութեան տկարացումին կրնայ ուղեկցիլ նաեւ ականջաբզզիւն (tinnitus): Այս հիւանդութեան ախտաճանաչումը կը կատարուի լսելաչափով (audiometer):

Ականջապնդագարութեան լսողութեան տկարացումը կը բարելաւուի  երկու դարմանամիջոցներով.

1.- Վիրաբուժական գործողութեամբ մը, որ կը կոչուի ասպադակահատում (stapedectomy): Մասնագէտ վիրաբուժը տեղային զգայազրկումով եւ մանրադիտակի (microscope) օգնութեամբ մասամբ մը կը բանայ ականջաթմբուկը, կ՛անջատէ ասպանդակը սալէն եւ ձուաձեւ պատուհանէն ու դուրս կը հանէ զայն, ապա անոր տեղ կը զետեղէ արուեստական մետաղային կամ կերպընկալ ցպիկ մը, որ կը միացնէ սալը ձուաձեւ պատուհանին: Այս գործողութենէն անմիջապէս ետք հիւանդը կը վերագտնէ իր կորսնցուցած լսողութեան մեծ մասը, սակայն ականջաբզզիւնը ընդհանրապէս կը մնայ անփոփոխ: Յետգործողութեան հիւանդը կրնայ ունենալ գլխապտոյտ, մարմնական անհաւասարակշռութիւն եւ համի զգացողութեան խանգարում:

Ասպանդակը փոխարինող արուեստական ցպիկը

Ասպանդակը փոխարինող արուեստական ցպիկը

Այս գործողութիւնը նուրբ միջոցառում մըն է եւ պէտք է կատարուի մասնագէտ բժիշկի մը կողմէ: Գործողութեան յաջորդող օրերուն հիւանդը ուշադրութիւն ընելու է հետեւեալ ցուցմունքներուն. քնանալ կողմնակի` առողջ ականջին վրայ, շատ չխնչել, հարբուխ չըլլալ, գլխու ուժգին շարժումներ չնել, չծռիլ դէպի առաջ, ծանր առարկաներ չշալկել, փորի պնդութիւն չունենալ, չլողալ, չսուզուիլ, օդանաւով չճամբորդել, լեռ չմագլցիլ եւ գործածել հակամանրէական դեղեր: Այս գործողութեան միակ բարդութիւնը լսողութեան ամբողջական կորուստն է, սակայն անիկա շատ հազուադէպ է:

2.- Լսողութեան օժանդակ սարքի (hearing aid) մը գործածութեամբ: Այս պարագային  լսողութիւնը կը բարելաւուի, այնքան ատեն որ գործիքը կը գործածուի: Այս գործիքը կը տրամադրուի մասնագէտ ականջաբուժի մը կողմէ: Կան զանազան տեսակի  լսողութեան օժանդակ սարքեր:

Յաճախ հիւանդներուն կը յանձնարարուի գործածել կրածին (calcium), ֆլորին (florine) եւ Տէ.  կենսանիւթ, սակայն ասոնց օգտակարութիւնը չէ փաստուած:

 

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>