Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17090

Բարի Լոյս 21. Ընկեր Հրաչ Տասնապետեանի Յիշատակին. Կը Յիշենք Մի՛շտ

$
0
0

ՅԱԿՈԲ ՀԱՒԱԹԵԱՆ

15 տարիներ առաջ այս օրը, ՀՅ Դաշնակցութեան մեծ ընտանիքը հրաժեշտ կու տար սփիւռքահայ ժամանակակից պատմութեան կարկառուն դէմքերէն, հանրային-հասարակական գործիչ, կրթական մշակ եւ յախուռն մտաւորական Հրաչ Տասնապետեանի:

Հրաչ Տասնապետեան իր աչքերը կը փակէր հայութեան ու Հայաստանի ապրած բախտորոշ մէկ ժամանակահատուածին: Ան իր փոխանցած շունչով, գաղափարներով եւ դաստիարակութեամբ արթուն պահակը եւ անխոնջ ջահակիրը դարձաւ հայրենիքէն վտարանդի դարձած մեր մեծերու աւանդներուն, մեծեր, որոնք անհայրենիք ժողովուրդի կեանքը կազմակերպեցին եւ անոր երթը հունաւորեցին: Տասնապետեան այդ սերունդի գործը շարունակեց արժանապատիւ կերպով եւ նոր ակօսներ բացաւ մեր ներկայ հանգրուանի պատմութեան մէջ: Միաժամանակ, իր վայելած հեղինակութեամբ, գիտական մեծ պաշարով, գաղափարական մեծ շտեմարանով, մտաւորական ղեկավարի փայլուն հմայքով նոր որակ տուաւ մեր կեանքին:

Ճեմարանը Տասնապետեանով յաւելեալ փայլք ու հայ կեանքին մէջ տարածք նուաճեց: ՀՅ Դաշնակցութեան ղեկավար մարմիններու ժողովները իր տեսակէտներով, խոհուն մտքերով եւ ապագայատեսիլ գաղափարներով աւելիով հարստացան, մարդկային վեհ ու բարձր արժէքներու հոյլ մը ամբողջ իրերայաջորդ սերունդներու մէջ դրոշմուեցաւ եւ վերջապէս իր դանդաղ կշռոյթով, բայց հեղինակաւոր խօսքը` հայոց զուլալ լեզուով ու հմայիչ գրիչով համակեց բոլորը:

Բախտաւոր են անոնք, որոնք ընկեր Հրաչ Տասնապետեանը ունեցան իբրեւ ուսուցիչ եւ դաստիարակ, հպարտ են անոնք, որոնք Տասնապետեանի տնօրէնութեան շուքին տակ վայելեցին սփիւռքահայ սերունդներու ուխտավայր Ճեմարանի շունչն ու ոգին, երջանիկ են անոնք, որոնք պաշտօնակից  դարձան այս եզակի մարդուն, երախտապարտ են անոնք, որոնք մամուլին եւ հանրային կեանքին մէջ իր հովանաւորութեամբ եւ հսկողութեամբ իրենց առաջին քայլերը նետեցին, եւ յարգանքով եւ վերջապէս` խոր յիշատակներով լեցուած են անոնք, որոնք երկիւղածութեամբ եւ կարօտով մինչեւ այսօր կը յիշեն ժողովական իրենց ընկերոջ հեղինակաւոր խօսքը, տեսակէտները, միջամտութիւնները, որոշումներու բանաձեւումները եւ վերջապէս հարցերը բիւրեղացնելու, վէճերն ու քննարկումները կառուցողական դարձնելու ու ընկերական բախումները գործի յաւելեալ աշխուժացման ու յառաջընթացի վերածելու իր կարողականութիւնը: Եւ տակաւին, օրուան հակադաշնակցական բոլոր կողմերը կը յիշեն մինչեւ օրս, թէ ի՛նչ յարգանքով կ՛ընկալէին իրենց հասցէագրուած դիտողութիւնները, որովհետեւ խօսողը եւ հասցէագրողը` ընկեր Տասնապետեան, այդ բոլորը կը կատարէր հայ մարդու ամէնէն ազնիւ ու դաշնակցականի ամէնէն յանձնառու գիտակցութեամբ եւ մղումով:

Երբ Հայաստանի համայնավար վարչակարգը իր վարած հայավնաս ու պառակտիչ քաղաքականութեամբ կը փորձէր հարուածել սփիւռքը, թշնամացնել հայութեան բեկորները, օտարացնել հայրենիքը եւ թուլացնել հայութեան պահանջատիրական երթը, ընկեր Տասնապետեան եւ իր սերնդակիցները «Հայաստանը ամէն բանէ վեր նկատելով» Եռագոյնի ու «Մեր հայրենիքի» ազնիւ պաշտամունքը կը դրոշմէին հայութեան եւ յատկապէս երիտասարդութեան հոգիին ու մտքին մէջ:

Սփիւռքի մէջ ծաւալած հակադաշնակցական պայքարը կը խռովէր ընկեր Տասնապետեանի սիրտն ու հոգին: «Լաւագոյն տղերքը» կ՛իյնային հայանուն վարձկաններու դաւադիր փամփուշտներով, իսկ այդ օրերուն ընկեր Տասնապետեան հայութեան միասնականութեան եւ սարքուած բոլոր դաւադրութիւնները յաղթահարելու անկոտրում կամքի դաշնակցական հաւատքն ու վստահութիւնը կը շեփորէր:

Աւելի ուշ, նորանկախ Հայաստանի հակադաշնակցական իշխանաւորները կը փորձէին արգելակել Դաշնակցութեան վերընձիւղումը հայրենի հարազատ հողին վրայ, ընկեր Հրաչ ու իր սերնդակիցները հայրենիքն ու անոր անվտանգութիւնը եւ կայունութիւնը ամէն բանէ վեր նկատելով համբերատարութեամբ եւ զգաստութեան բարձրագոյն դիրքերէն կը փորձէին շրջանցել հանգրուանը` խորապէս ունենալով այն հաւատքը, որ ուշ կամ կանուխ արդարութիւնը պիտի յաղթանակէ:

Արցախեան պահանջատիրական պոռթկումին ու ազատագրական պայքարին հետ ընկեր Հրաչ Տասնապետեանի հոգին կը ցնծար, որովհետեւ իր եւ իր սերնդակիցներու ցանած սերմերը հայրենիքի մէջ սկսած էին ծլարձակուիլ, եւ ան յուզումնախառն մեծ զգացումներով կը բարձրաձայնէր` «համազգային եւ ազնիւ պարտականութիւն է բոլորիս համար մեր բոլոր կարելիութիւնները ի սպաս դնել դիւցազնական Արցախին` ի խնդիր անոր բնական եւ օրինաւոր տրամադրութիւններու իրականացման, ի խնդիր, միաժամանակ, Միացեալ Հայաստանի առաջին հանգրուանի նուաճման»:

Իր գաղափարի մեծ գործընկերոջ` ՀՅ Դաշնակցութեան Բիւրոյի վաստակաշատ ներկայացուցիչ ընկեր Հրայր Մարուխեանի հիւանդութիւնն ու մահը կը դիմաւորէր մեծ յուզումով, քայքայուած առողջութեամբ եւ այսուհանդերձ անոր մեկնումէն ետք դաշնակցական պատասխանատուութեան ամբողջական ընկալումով կը ստանձնէր Բիւրոյի ներկայացուցիչի ծանր պարտականութիւնը եւ իր խօսքը ուղղելով ընկեր Մարուխեանին կ՛ըսէր. «Ցաւն ու ցաւակցութիւնները բոլորիս համար են, Հրա՛յր, ՀՅ Դաշնակցութեան բոլոր մարմիններուն ու բոլոր ընկերներուն, որոնք օր մը, տեղ մը, պիտի զգան պակասը քու խրախուսիչ, հրահրող, երբեմն ալ սաստող ներկայութեանդ: Կը զգան արդէն»:

Այո՛, ընկեր, բաժանումէդ 15 տարի ետք մենք կը զգանք քու եւ բոլոր սերնդակիցներուդ բացակայութիւնը եւ կը փորձենք հայեացքները սեւեռել ձեզի ու մեր երթը լուսաւորել ձեր վաստակով եւ շունչով` արժանապատիւ կերպով շարունակելու հայութեան եւ հայրենիքի հզօրացման սուրբ գործը:

Այսօր նոյն այժմէականութեամբ տակաւին կը լսենք ու կը կարդանք միշտ այժմէական եւ ինքզինք միշտ վերանորոգող պատգամդ. «Եւ այսօր, աւելի քան երբեք, իր անցեալի քաղաքական եւ ազգային երկարամեայ փորձառութեամբը զինուած, իր սրտին զարկերը հայ ժողովուրդի ամենահարազատ զգացումներուն հետ համակարգած ըլլալու գիտակցութեամբը լեցուն, Դաշնակցութիւնը պատրաստ է նուիրումի եւ զոհաբերութեան` Հայաստանի եւ հայութեան սրբազան դատին ի խնդիր»:

15 տարիներ ետք, սիրելի՛ ընկեր, այս սրտի խօսքը ընդունէ իբրեւ փոքր ծաղկեփունջ ՀՅԴ պանթէոնին դիմաց, իբրեւ յարգանք ու երախտագիտութիւն քու կատարած գործիդ ու մեծ վաստակիդ:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17090

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>