«Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան հայկական համայնքներու բաժանմունքը ձեռնարկած է «Գալուստ Կիւլպէնկեան» թարգմանական մատենաշարին, որուն նպատակն է մարդկային եւ հասարակական գիտութիւններու հիմնարար բնագրեր մատչելի դարձնել հայերէնով, ինչպէս եւ կարեւոր հայերէն բնագրեր` այլ լեզուներով: Սոյն յայտարարութեամբ կը հրամցնենք օտար լեզուներէ հայերէնի թարգմանուելիք գիրքերու ցանկը եւ կոչ կ՛ուղղենք հնարաւոր թարգմանիչներու, որպէսզի ներկայացնեն իրենց թեկնածութիւնը: Այս թարգմանութիւններուն միջոցով մեր նպատակն է թափ տալ մտաւորական մտածողութեան հայերէնով եւ զարկ տալ հայերէնի զարգացման: Առաջին հերթին հետեւեալ 12 բնագրերը պիտի թարգմանուին.
- Giorgio Agamben, Quel che resta di Auschwitz. L’archivio e il testimone (Homo sacer III).
- Hannah Arendt, The Origins of Totalitarianism.
- Alain Badiou, Le Siècle.
- Judith Butler, Ernesto Laclau and Slavoj Zizek, Contingency, Hegemony, Universality: Contemporary Dialogues on the Left.
- Simone de Beauvoir, Le deuxième sexe.
- Gilles Deleuze, Différence et répétition.
- Jacques Derrida, L’écriture et la différence.
- Michel Foucault, L’archéologie du savoir.
- Antonio Gramsci, Quaderni del carcere (selezioni).
- Jürgen Habermas, Strukturwandel der Öffentlichkeit.
- Jean-Francois Lyotard, Instructions Païennes. եւ La condition postmoderne.
- Edward Said, Orientalism.
Վերոյիշեալ բնագրերը ընտրուած են միջազգային խորհրդատու յանձնախումբի մը կողմէ, որուն անդամներն են` Շուշան Աւագեան, Վարդան Ազատեան, Ռեմոն Գէորգեան, Արմինէ Իշխանեան, Յակոբ Կիւլլիւճեան, Արտաշէս Մարկոսեան, Սմբատ Յովհաննիսեան եւ Արա Սանճեան: Յանձնախումբը աշխատած է հայկական համայնքներու բաժանմունքի տնօրէն Ռազմիկ Փանոսեանին եւ բաժանմունքի աւագ ծրագրի վարիչ Անի Կարմիրեանին հետ:
Այս կոչը ուղղուած է երկու նպատակով` թարգմանիչներ ընտրել այս մատենաշարին համար ու որակեալ թարգմանիչներու մեր ցանկը ճոխացնել: Կը խնդրենք հնարաւոր թարգմանիչներէն, որ մեզի դիմեն միայն այն ատեն, երբ կը փափաքին վերի ցանկէն խորագիր մը կամ խորագրեր թարգմանել բնագրային լեզուէն հայերէնի (արեւմտահայերէն կամ արեւելահայերէն):
Դիմումները պէտք է յղուին հայկական համայնքներու բաժանմունքին մինչեւ 5 ապրիլ 2016, հետեւեալ իմակի հասցէով` carmenias@gulbenkian.pt: Նիւթի տողին մէջ յստակօրէն պէտք է նշուի` «Translation Series, Call for Translators»: Դիմումը պէտք է բաղկանայ հետեւեալ պարտադիր փաստաթուղթերէն.
Պարտադիր փաստաթուղթեր
- Կենսագրական` դիմորդի կապի տուեալներով (իմակ, հեռաձայն, հասցէ):
- Վերի ցանկէն այն խորագիրը կամ խորագրերը, որոնց թարգմանութեամբ շահագրգռուած է թարգմանիչը:
- Վերոյիշեալ գիրքերու բնագրային լեզուէն (այսինքն` իտալերէնէ, անգլերէնէ, ֆրանսերէնէ եւ գերմաներէնէ) դէպի հայերէն կատարուած թարգմանական նախընթաց աշխատանքի մը նմուշը (առնուազն 20 էջ):
- Պահանջուած սակի նշումը:
- Յանձնարարող երեք տեղեկաբերներու կապի տուեալները (գործընկերներ կամ վերահսկիչներ):
- Մէկ էջնոց նամակ մը, որ կը բացատրէ ենթակային պատրաստութիւնը եւ յիշեալ բնագրի թարգմանութեան հանդէպ անոր շահագրգռութիւնը:
Ընտրուած թարգմանիչները պիտի տեղեկացուին մինչեւ մայիս 2016-ի կէսերը: Չընտրուած անձերը մաս պիտի կազմեն պահեստի ցանկի մը` ապագայ յղումի համար: