Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Ալեն Թասոն` Իր Գրականութեան Ընդմէջէն

$
0
0

ՌՈՒԲԻՆԱ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ

Signature_anthologie_octobre30-2011,_alain_tassoԳրականութեան աշխարհին մէջ ամէն միտք, ամէն ապրում, ամէն զգացում արտայայտուած է, ըսուած է արդէն, տրուած ըլլալով, որ խօսքը եւ գրականութիւնը հին են այնքան, որքան` մարդկութիւնը: Հետեւաբար ըսելու ձեւն է, որ կը զանազանէ մէկ գրողը միւսէն, մէկ բանաստեղծութիւնը միւսէն: Իսկ Ալեն Թասոյի գրութիւնները յստակօրէն կը զանազանուին այլ ժամանակակից բանաստեղծութիւններէ, նախ երեւութապէս, ապա` ոճային դիտանկիւնէ:

Ալեն Թասոյի գրութիւնները հիմնականին մէջ արձակ բանաստեղծութիւններ են, որոնց ձեւաւորումը կը ցոլացնէ գրութեան ազատ ոգին. կարելի է գտնել բանաստեղծութիւն մը, որ կազմուած է միայն մէկ տողէ («L’exégèse du souffle – Շունչին մեկնաբանութիւնը» էջ 167), հարկ է  նաեւ նշել, թէ Ալեն Թասօ բոլորովին անկաշկանդօրէն արտայայտուելու համար չի հետեւիր դասական գրականութեան օրէնքներուն համեմատ ամբողջական եւ քերականականօրէն ճիշդ նախադասութիւններ կազմելու հրամայականին, հետեւաբար իր գրութիւններուն մէջ կարելի է հանդիպիլ տողի մը, որ կազմուած է միայն մէկ բառէ («Au milieu d’arbres de neige – Ձիւնէ ծառերու միջեւ» էջ 227), կամ` ամբողջ բանաստեղծական տունի մը, ուր ոչ մէկ ստորոգիչ կամ ենթակայ կայ («Tessitures – Շարքեր» էջ 203):

Այս յատկութիւններուն պատճառով, Թասոյի բանաստեղծութիւնները կրնան թուիլ «անիմաստ» կամ «անկապ»: Սակայն պէտք է ըսել, որ այս գրելու ձեւը, ոճի մասին չէ խօսքը, հնարեցին եւ առաջին որդեգրողները եղան 20-րդ դարու սկիզբի ֆրանսացի գրողները` սկսելով Անտրէ Պրէօթոնէն իր «Մանիֆեսթ տիւ սիւրրէալիզմ»-ով (1924), անցնելով Լուի Արակոնէն, Ռոպեր Տեսնոսէն, Ժաք Փրեւեր մինչեւ Փօլ Էլիւար եւ Կիյոմ Ափոլիներ: Այս գրողները յառաջ բերին գրականութիւն մը, որ կոչուեցաւ սիւրրէալիսթ` «իրականութենէն անդին», հակադրուելով 19-րդ դարու իրապաշտ գրականութեան: «Սիւրրէալիզմ»-ի նպատակն էր լեզուն ազատել հին կապանքներէն, բառացիօրէն գրելով տեսնուածը մտքին մէջ եւ ոչ ինչ որ միտքը կը պարտադրէ լեզուին:

Սիւրրէալիսթ բանաստեղծները վստահեցան իրենց զգայարանքներուն եւ իրենց զգացումներն ու ապրումները վերածեցին բառերու` վերագտնելով այսպէս մանկական արտայայտութեան բնազդը: Հետեւաբար այս հոսանքին պատկանող բանաստեղծութիւնները իրականութեան մէջ նկարներու շարքեր են, զորս պէտք է տեսնել` թափանցելով գրողին երեւակայութեան մէջ. այսպէս է, որ կարելի է տեսնել, եւ` ոչ թէ հասկնալ,  թէ բանաստեղծը ի՛նչ կը փորձէ ցոյց տալ: Նոյնպէս, երբ Թասօ կ՛ըսէ` «Բառը ինքնիրմով / Փայլող տեսարանի թեւերուն նման» (էջ 173), ան դիտել կու տայ բառին փայլքը եւ անոր հսկայական ծաւալը, որ կը փոխանցուի «տեսարան» բառին եւ ոչ` ածականի մը ընդմէջէն ուղղակի կցուած «բառ»-ին: Թասօ նաեւ կ՛ընդգծէ «բառ»-ին անկախութիւնը («ինքնիրմով»)` անոր յատկացնելով թռչելու կարողութիւնը («թեւերուն նման»), տրուած ըլլալով, որ թռիչքը կապուած է օդային տարրին:

Իր վերջին ժողովածուին` «Սոլիլոք տէօն ժաքմար, օթրման տի լը լիպրեթիսթ տէ պրիւմ» («Զանգակահարի մը մենախօսութիւնները, այլ խօսքով` մշուշներու հեղինակը») հրատարակութեան առթիւ զրոյցի մը ընթացքին Ալեն Թասոյին ուղղուեցաւ հետեւեալ հարցումը. «Յստակ է, թէ յատկապէս ձեր այս վերջին գիրքին մէջ կը դիմէք սովորաբար կամ նուազագոյնը առօրեայի մէջ չգործածուող բառերու. ի՞նչ պատճառով եւ ի՞նչ նպատակ հետապնդելով որդեգրած էք գրելու այս ձեւը»: «Ֆրանսերէն լեզուն կը հաշուէ մօտաւորապէս իննսուն հազար բառ. նոյն հինգ հարիւր բառերն են, որոնք կը գործածուին, նոյնիսկ` ֆրանսացի գրագէտներուն կողմէ: Նպատակս լեզուն հարստացնել չէ, տրուած ըլլալով, որ նոր բառեր չեն, զորս պիտի ստեղծենք, այլ պիտի վերսկսինք գործածել անոնք, որոնք մոռցուած են. նպատակս լեզուն կրկին հարստացնել է` զայն ենթարկելով մասնագիտական աշխատանքի, բառերը վերարժեւորելով, անոնց վերադարձնելով իրենց իմաստը»: Այս իմաստով, այս վերջին ժողովածուին մէջ Թասօ լեզուին սպառնացող վտանգին ահազանգն է, որ կը հնչեցնէ եւ իբրեւ մենակեաց ազատարար` կը մենախօսէ:

Ալեն Թասոյի բանաստեղծութեան պարագային կարելի չէ թեմաներու մասին խօսիլ, այլ` «մոթիֆ»-ներու, այսինքն` նկարներու, որոնք շատ յաճախ կը կրկնուին. բառը, լռութիւնը, քունը, ժամանակը, երգը եւ շօշափելիքը: Վերոյիշեալ «մոթիֆ»-ները, ինչպէս նաեւ բանաստեղծութիւններուն ձեւաւորումը կը յիշեցնեն սիւրրէալիսթ յայտնի գրող Էլիւարի բանաստեղծութիւնները` յատկապէս. «Les petits justes – (Փոքրիկ արդարադատերը»), «Absences I – (Բացակայութիւններ) I», «Absences II – Բացակայութիւններ II», «Nudité de la vérité – Ճշմարտութեան մերկութիւն»: Ինչպէս ըսինք, սիւրրէալիսթ բանաստեղծութիւն մը կազմուած է նկարներէ, իսկ Թասոյի բանաստեղծութիւնը կը յիշեցնէ հանրածանօթ գեղանկարիչ Մարտիրոս Սարեանի նկարչութիւնը, որ կ՛ամփոփուի հետեւեալ խօսքին մէջ. «Գոյնը պէտք է երգէ: Ան պէտք է արտայայտէ իւրաքանչիւր մարդու մէջ կայացող կեանքի էութեան ընկալումը: Գոյնը գործածելով` աւելի մեծ ծաւալ կու տամ տեսածիս, որպէսզի լոյսը աւելի փայլուն ըլլայ գործերուս մէջ»: Կը տեսնենք` ինչպէ՛ս գոյնը, տեսարանը, մարդուն էութիւնը եւ երգը միաձուլուած են Թասոյի հետեւեալ գրութիւններուն մէջ. «Une terrasse peinte avec d’autres pierres – Այլ քարերով ներկուած պատշգամ մը» (էջ 176), «À notre insu les couleurs se déroulent – Մեր գիտակցութենէն անկախ գոյները կ՛ընթանան» (էջ 224), «Quelle vérite de landes – Տափաստաններու ինչ ճշմարտութիւն» (էջ 252): Ալեն Թասօ հետեւեալ ձեւով բանաձեւեց բանաստեղծութեան եւ նկարչութեան միջեւ արձագանգներու գոյութիւնը. «Բանաստեղծութիւնը կը վերածուի նկարի, իսկ նկարչութիւնը` բանաստեղծութեան»: Ինչպէս վերը նշեցինք, բանաստեղծութիւնը նկարներու շարք մըն է, որ կը կարդանք: Իսկ նկարչութիւնը` խօսքերու ամբողջութիւն մը, որ արուեստագէտը ձեւաւորած ու գունաւորած է: Այս իմաստով է, որ բանաստեղծութիւնը եւ նկարչութիւնը, ինչպէս նաեւ արուեստի զանազան մարզերը իրարու կ՛արձագանգեն:

Բանաստեղծութեան կողքին, Ալեն Թասօ իր ստեղծագործական ձիրքերը փաստած է նկարչութեան արուեստին մէջ: Արդարեւ, ան նկարչութեան ընդմէջէն է, որ ըրած է իր առաջին քայլերը արուեստի աշխարհին մէջ: Ան նախապէս կը զբաղէր մանրանկարչութեամբ, որմէ ետք` գեղագրութեամբ: Թասօ բացատրեց, թէ բանաստեղծութիւնը եւ նկարչութիւնը երկու տարբեր, բայց միատարր խօսակցութեան միջոցներ են, որոնք զիրար կ՛ամբողջացնեն. մինչ բանաստեղծութիւնը աւելի բեղմնաւոր դաշտ մը կը թուի ըլլալ արուեստագէտին համար, նկարչութիւնը կը դառնայ դժուարութեամբ յանգելի վերացականութեան արդիւնքը: «Վերացականութիւն, որովհետեւ, կը շարունակէ Թասօ, արուեստը երբեք պէտք չէ յուզումներու զեղումի միջոց ըլլայ», այլ` գեղեցիկին ու նորին ստեղծագործութեան աշխատանքի արդիւնքը:

Այսպէս, ան ի գործ կը դնէ մանրանկարչութեան եւ գեղագրութեան իր կարողութիւնները տարօրինակ, բայց հետաքրքրական գծագրութիւններ մէջտեղ բերելու համար` գործածելով յատկապէս սեւ եւ ոսկեգոյն գոյները, ինչպէս կարելի է տեսնել «Անքր փրոֆոնտ»-ին մէջ («Խորաթափանց մելան»): Ըստ Թասոյի, սեւ գոյնին անվիճելիօրէն ընդունուած խորհրդանիշը արդիւնքն է անմարդկայնացած ընկերութեան մը, որ կը մերժէ տեսնել: Սեւը, հակառակ ընդհանուր, սահմանափակ եւ անարդար ընկալումին, գոյնի բացակայութիւնը, մահը կամ վերջը չի խորհրդանշեր անպայման. անիկա բոլոր գոյներու երանգապնակն է, անիկա զանոնք բոլորը կ՛ընդգրկէ: Իսկ ինչ կը վերաբերի ոսկեգոյնին, անիկա լոյսի գոյնն է, ինչպէս կարելի է տեսնել մանրանկարչութիւններուն եւ սրբանկարներուն մէջ: Հետեւելով Թասոյի տրամաբանական թելին` ոսկեգոյնը այն լոյսի նշոյլն է մթութեան մէջ. մահէն ետք շարունակուող կեանքը, վերջին յաջորդող սկիզբը:

Նկարչական, ինչպէս նաեւ բանաստեղծական այս իւրայատուկ ոճը Թասօ զարգացուցած է ինքնաշխատութեամբ, տրուած ըլլալով, որ ան մերժած է երկրորդականի պետական քննութիւնը ներկայացնել եւ հետագային արձանագրուած է ուսումնարան մը` հաշուապահութիւն ուսանելու համար, մասնագիտութիւն մը, զոր չէ աւարտած… Գրականութեան եւ արուեստին հանդէպ սէրն է, որ Ալեն Թասոյին առիթ ընծայած են կատարելագործուելու` իբրեւ բանաստեղծի, գեղանկարիչի եւ արուեստի գրաքննադատի:

Ալեն Թասոյի բանաստեղծութիւններէն բոլոր մէջբերումները կատարուած են հաւաքական (collectif) գրաքննադատական գիրքէն` «Ալեն Թասօ» խորագիրով, որ լոյս տեսած է  La revue Phénicienne – Լա Ռիւիւ Ֆենիսիեն հրատարակչատան մէջ, Պէյրութ, 2010:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles