Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17235

Մետասաներորդ Ժամը Եւ Մենք

$
0
0

ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ

Պէտք է իրապէս զարմանալ այն իրողութեան վրայ, որ հայ կեանքի ընդհանրական յիշողութենէն գրեթէ սրբուած է 1918-ի համաշխարհային զինադադարի մեծ եղելութիւնը, որուն հարիւրամեայ տարեդարձն է այսօր: Լաւագոյն պարագային, ան անցողակիօրէն կը յիշուի որպէս պատմական իրադարձութիւն, որ, ըստ էութեան, շահեկանութիւն ունի աշխարհի մեծ ազգերուն համար միայն, առանց ուղղակիօրէն շահագրգռելու մեզ: Իմ կարծիքով, հաւաքական դատողութեան իսկական վրէպ մըն է ասիկա եւ մեծ բա՛ց մը` մեր ազգային գիտակցութեան մէջ: Ժամանակն է, որ մենք թօթափենք մեր մտքերէն այս կամաւոր ինքնակղզիացումը եւ սկսինք տեսնել մեր լինելութեան խնդիրները` իրենց տարածաշրջանային եւ համաշխարհային առնչութիւններով: Եւ համոզուինք, որ մէկը առանց միւսին գոյութիւն չունի եւ չի կրնար ունենալ: Եւ ընդունի՛նք, որ վերջին հարիւր յիսուն տարուան մեր պատմութիւնը կրնայ հասկցուիլ միայն ու միայն այս համապարփակ մտատեսիլով:

Անցնող քանի մը տարիներու ընթացքին մենք համազգային շուքով նշեցինք երկու ցնցիչ հարիւրամեակներ:Անոնցմէ առաջինը Հայոց ցեղասպանութեան համաշխարհային ոգեկոչումն էր, իսկ երկրորդը` հայ անկախ պետականութեան վերընձիւղման փառաշուք յոբելեանը: Երկու հազուադէպ պատեհութիւննե՛ր` մեր պատմական յիշողութեան հետ հաշուի նստելու եւ ի նորոյ քննարկելու, թէ իսկապէս ի՛նչ պատահեցաւ մեր ազգային իրականութեան եւ մեր հաւաքական ինքնութեան հետ` քսաներորդ դարու առաջին տասնամեակներուն: Փաստը այն է, որ երկու պարագային ալ մենք գործ ունէինք եւրոպական եւ համաշխարհային հաւասարակշռութեան գործօններուն հետ: Հսկայ տեղաշա՛րժ մը, որ իր յստակ օրկանական առնչութիւններով իր երկաթեայ թեւերուն մէջ կ՛առնէր նաեւ մե՛ր երկիրը եւ կը պայմանաւորէր ուղղութիւնը մեր ազգային ճակատագրին: Այդ մեծ տեղաշարժը Ա. Համաշխարհային պատերազմն էր, որուն զոհ գացին 16 միլիոն մարդկային կեանքեր գումարած` 37 միլիոն հաշմեալներ եւ վիրաւորներ: Աւելի քան յիսուն միլիոն մարդոց համաշխարհային եղե՛ռնը` 20-րդ դարու դարպասէն ներս… եւ առանց տակաւին ընդգրկելու մեր մէկուկէս միլիոն նահատակները կորուստի ընդհանուր հաշուարկին մէջ… Այս իսկ պատճառով մեր պարտաւորութիւնն է այսօր տէր կանգնիլ նաեւ ա՛յս հարիւրամեակին եւ յստակացնել մե՛ր տեղը համաշխարհային սուգի այս հարթակին վրայ:

«Մետասաներորդ ժամն էր մետասաներորդ օրուան մետասաներորդ ամսոյն…» Այսպէս պիտի բնութագրուէր Ա. Աշխարհամարտի աւարտը աւետող զինադադարի օրը 1918-ի նոյեմբերի 11-ին: Տեղը հիւսիսային Ֆրանսայի Քոմփիէյն աւանն էր: Աւելի ճիշդ` մարաջախտ Ֆերտինան Ֆոշի (Marechal Ferdinant Foch) հրամանատարական վակո՛նը` երկաթուղիի կայարանին մէջ: Հոն էր, որ կը ստորագրուէր զինադադարի համաձայնագիրը (յանուն Դաշնակիցներու եւ յանուն պարտուած Գերմանիոյ), եւ որ կը ծանուցէր վերջաւորութիւնը արևմտեան ճակատի բոլոր ռազմական գործողութիւններուն: Իրականութեան մէջ զինադադարը ձեւաւորուեցաւ երկու կարևոր հանգրուաններով ծնունդ տալով երկու անջատ համաձայնագրերու, որոնք միասնաբար հիմ հանդիսացան Վերսայի Խաղաղութեան վեհաժողովի գումարման: Արդարեւ, Քոմփիէյնի համաձայնագրէն տասներեք օր առաջ, 1918-ի հոկտեմբերի 30-ին յունական Լեմնոս կղզիի նաւահանգիստին` Մուտրոսի մէջ կը ստորագրուէր առաջին համաձայնագիրը` ծովակալ Ռասլըն Ուէմիսի (Admiral Rosslyn Wemyss) եւ Օսմանեան կայսրութեան զինեալ ուժերուն միջեւ` պարտուած յայտարարելով թուրք պետութիւնը եւ ծանուցելով աւարտը արեւելեան ճակատի բոլոր ռազմական գործողութիւններուն: Զինադադարի աքթը խոր հետքեր թողուց ժողովուրդներու կեանքին մէջ: Յարութեան պահն էր ան հոգեվարքի մէջ եղող մարդկութեան: Ան նաեւ նախախնամական եղաւ հայ ժողովուրդին եւ նորանկախ հայ պետականութեան համար: Զինադադարը հրաշքի վայրկեանն էր հայ ժողովուրդի թէ՛ արեւմտահայ եւ թէ՛ արեւելահայ հատուածներուն կենսագրութեան մէջ, որ կու գար անգին պատեհութեամբ մը օժտելու ազգային գոյատեւման մեր տարերային ճիգը: Պաթումի դաշնագրով մենք հազիւ հազ կրցեր էինք ապահովել Հայաստանի տէ ժիւրէ անկախութեան իրողութիւնը: Իրականութեան մէջ մեր անկախութիւնը հազիւ թէ կը շնչէր օսմանեան զինեալ ուժերու սպառնալիքին առջեւ: Ճիշդ է, որ հայկական բանակը պարտութեան մատնեց թրքական ուժերը Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսայի ճակատներուն վրայ, բայց թուրքերը համալրուած ուժերով վերադարձան հարաւային ռազմաճակատ եւ կրցան հասնիլ Էջմիածնի եւ Երեւանի դռները… Ի վերջոյ հաստատուեցաւ Պաթումի դաշնագրի պայմաններէն բխող ողբալի սահմանագիծը` անկախ Հայաստանի եւ Օսմանեան կայսրութեան միջեւ: Դիմենք Սիմոն Վրացեանի թանկագին վկայութեան. «… Այսպիսով, ըստ Պաթումի դաշնագրի, Հայաստանը դառնում էր անկախ պետութիւն: Ահ ու դողով մտնում էր նա ինքնիշխան ազգերի համակեցութեան մէջ` իբրեւ ազատ անձնաւորութիւն միջազգային իրաւունքի: Նրա հողի տարածութիւնը մօտաւորապէս12.000 քառակուսի քիլոմեթր էր, բնակչութեան թիւը գաղթականներով միասին` մօտ մէկ միլիոն: Եւ… մայրաքաղաքից եօթը քիլոմեթր հեռու երեւում էին թրքական թնդանօթները…»: Զինադադարի հռչակումը պիտի գար գլխիվայր շրջելու հանրապետութեան պարտադրուած այս ռազմապէս խախուտ իրականութիւնը: Պաթումի դաշնագրի տիրապետող կողմը հանդիսացող օսմանեան Թուրքիան յանկարծ պարտուած էր եւ` հրապարակէն չքացած: Պաթումի դաշնագրի պարտաւորեցնող պայմանները այլեւս դրուած էին մէկդի: Հայաստանը յանկարծ տէրն էր իր ճակատագրին, մանաւանդ որ այս բոլորին կը հետեւէր նաեւ ազգային հողատարածքի մեծածաւալ սրբագրութիւն մը` մեր եւ Թուրքիոյ միջեւ… Մուտրոսի համաձայնագրով պարտուած կողմը կը հարկադրուէր վերադառնալու նախապատերազմեան իր սահմաններուն… Ինքնաբերաբար Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանները այժմ կ՛ընդարձակուէին` ընդգրկելով Կարսի, Սուրմալուի, Նախիջեւանի, Սիւնիքի, Ղարաբաղի շրջաններն ու բազմաթիւ այլ հողատարածութիւններ:

Աւելցնենք, որ զինադադարի հռչակումն էր, որ կարելի պիտի դարձնէր Հայաստանի Հանրապետութեան իրական թռիչքը 1919-ի եւ 1920-ի երկու ճակատագրական տարիներու ընթացքին: Շնորհիւ զինադադարին ստեղծած քաղաքական բանալի պայմաններուն` Հայաստանի իշխանութիւնները, ՀՅ Դաշնակցութեան կուռ ղեկավարութեամբ, նետուեցան յառաջ եւ մեծ թափով ձեռնարկեցին երկրի վերաշինութեան, կազմակերպեցին զգաստ եւ ծաւալուն դիւանագիտութիւն, հռչակեցին Միացեալ Հայաստանի խորհրդարանական աքթը, կարելի դարձուցին Սեւրի միջազգային դաշնագիրը, ձեռնարկեցին երկրի տնտեսական, ընկերային եւ մշակութային կեանքի արդիականացման գործին:

Արևմտահայ կեանքի համար կենսական նշանակութիւն ունեցող զինադադարի համաձայնագիրը գրեթէ անմիջապէս վերջ տուաւ Թուրքիոյ ցեղասպանական գործողութիւններուն` ազատելով մեծաթիւ տեղահանեալներ Տէր Զօրի, Ռաս Ուլ Այնի եւ հիւսիսային Սուրիոյ այլ ճամբարներէն եւ առիթ տալով, որ վերապրող հայերու վերադարձը թափ առնէ: Հնարաւոր դարձաւ որբահաւաքի ճակատագրական գործը: Վերապրողները արագօրէն սկսան ձեռնարկել հայկական բնաշխարհի վերաշինութեան գործին: Կիլիկիան դարձաւ ազգային զարթօնքի իսկական բոյն մը: Անմիջապէս կանգ առաւ բռնի հաւատափոխութեան գործընթացը, եւ մարդիկ ամէնուր վերադարձան իրենց եկեղեցւոյ գիրկը: Պոլիսը վերագտնել սկսաւ նախապատերազմեան իր հասարակական եւ մշակութային աշխուժութիւնը: Եւ թափ առաւ Ցեղասպանութեան յանցագործներու հետապնդումը:

Դժբախտաբար յետպատերազմեան իրադարձութիւնները պիտի գային տապալելու զինադադարով սկիզբ առած այս վերածնունդը: Քեմալական շարժումը արագօրէն իր ձեռքը առաւ իշխանութեան սանձերը եւ կրցաւ պառակտել յաղթական դաշնակիցներու ճակատը: Միւս կողմէ` նոյն քեմալականները յաջողեցան խաբել պոլշեւիկեան Մոսկուան: Ծայր առաւ զինադադարի պայմաններու քայքայման գործընթացը թէ՛ Հայաստանի Հանրապետութեան, թէ՛ Արեւմտեան Հայաստանի, թէ՛ Կիլիկիոյ եւ թէ՛ Պոլսոյ մէջ ծանր հարուած տալով հայութեան գերագոյն շահերուն: Պոլշեւիկեան սադրանքը ներսէն քայքայեց մեր ժողովուրդի դիմադրական ոգին, հակառակ հանրապետութեան գերմարդկային ճիգերուն` երկրի ողնայարը ամուր բռնելու: Քեմալի եւ Մոսկուայի պոլշեւիկեան իշխանութեան միացեալ ուժերով տեղի ունեցաւ Կարսի ճակատագրական անկումը: Խորհրդայնացաւ Հայաստանը, եւ ստորագրուեցաւ թուրք-պոլշեւիկեան Կարսի պայմանագիրը զրկելով Հայաստանը, իր կենսական տարածութիւններէն: Քեմալական ցեղասպանութեան յառաջխաղացքին առջեւ փուլ եկան կիլիկեան մեր բոյները եւ տեղի ունեցաւ Կիլիկիոյ խուճապային պարպումը: Միաժամանակ տեղի ունեցաւ Պոլսոյ հայութեան խուճապահար փախուստը դէպի Եւրոպա: Եւ Լոզանի համաձայնագրով դաշնակիցները խափանեցին Սեւրի դաշնագրի պայմաններու գործադրութիւնը: Այնուամենայնիւ, անուրանալի է, որ1918 թուի ճակատագրական պայմաններուն մէջ զինադադարի հռչակումը մեծ բարիք մըն էր հայութեան համար, որմէ կարեւոր դասեր ունի քաղելիք մերօրեայ Հայաստանը: Այսօր մենք գիտենք, որ մեր անկախ պետականութեան, Արցախի, Ջաւախքի եւ առհասարակ սփիւռքի լինելութեան բանալիները կը գտնուին ոչ միայն մեր յամառ հայրենատիրութեան, այլեւ աշխարհի մեծ մայրաքաղաքներու փոխազդեցութեանց բարդ համակարգին մէջ: Մեր պայքարի ճակատը կը տարածուի այդ լայնածաւալ գօտիին մէջ, եւ ամէն հայ պիտի ըլլայ այդ ճակատի անկեղծ զինուորը:

11 նոյեմբեր  2018
Ուաշինկթըն

 «Երկիր»»


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17235

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>