Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Սուրիա
«Լեռնային Ղարաբաղի Հարցը. Արիւնահոսող Վէրքը» Գիրքին Շնորհահանդէսը
Վերջերս Դամասկոսի «Ասատ» ազգային գրադարանին մէջ տեղի ունեցաւ Սուրիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Արշակ Փոլատեանին հրատարակուած «Լեռնային Ղարաբաղի հարցը. արիւնահոսող վէրքը» արաբերէն գիրքին շնորհահանդէսը:
Շնորհահանդէսին ընթացքին ցուցադրուեցաւ Արցախի տարածաշրջանի պատմական փուլերուն, հակամարտութեան հանգրուաններուն, ինչպէս նաեւ ազատագրման ի խնդիր հայ ժողովուրդին մղած պայքարին մասին վաւերագրական տեսերիզը:
Դեսպան Փոլատեանը իր խօսքին մէջ յայտնեց, որ Ղարաբաղի հարցը արդարադատութեան հարց է եւ ունի մարդկային իրաւանց բնոյթ, որովհետեւ անիկա հարցն է ժողովուրդի մը, որուն իրաւունքները խլուած են այլ իշխանութիւններու կողմէ` թրքական կառավարութեան աջակցութեամբ, որ կը միտի տարածաշրջանի պատմութիւնը աղաւաղել եւ հերքել Արցախի պատկանելիութիւնը Հայաստանի:
«Տար Ալ Շարք» հրատարակչատան տնօրէն Նապիլ Թաամէ խօսք առնելով` ընդգծեց պայքարի հանգիտութիւնը սուրիացի եւ հայ երկու ժողովուրդներուն` թրքական բռնատիրութենէն ձերբազատելու ի խնդիր:
Սուրիա-Հայաստան խորհրդարանական բարեկամութեան խմբակցութեան նախագահ, Սուրիոյ խորհրդարանի անդամ դոկտ. Նորա Արիսեանը ներկայացուց գիրքը եւ անոր բաժինները, որոնց մէջ հեղինակը կ՛անդրադառնայ տարածաշրջանի պատմականին, շրջանի ժողովրդագրութիւնը փոխելու թուրքերու ջանքերուն եւ հայերուն հանդէպ անոնց խտրականութեան քաղաքականութեան, օսմանեան կառավարութեան իրագործած Ցեղասպանութեան, Արցախի կարգավիճակին մասին` Խորհրդային Միութեան շրջանին եւ զայն Ազրպէյճանին կցելու ջանքերուն, ինչպէս նաեւ` անկախութեան ձեռքբերման ի խնդիր տարուած բանակցութիւններուն:
Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ
Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ 20-ամեակի Հանդիսութիւն
Նախագահութեամբ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ Քաթարի կաթողիկոսական փոխանորդ Մեսրոպ եպս. Սարգիսեանի եւ կազմակերպութեամբ Տուպայի եւ հիւսիսային Էմիրութեանց Ազգային վարչութեան, 9 նոյեմբերին Շարժայի «Փիէռ Քէօսէեան» սրահին մէջ նշուեցաւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ եւ համալիրին 20-ամեակը:
Ազգային վարչութեան անունով Թամար Գաւլաքեանը բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, ապա խօսք առաւ Ազգային վարչութեան ատենապետ Մուշեղ Պետիրեանը, որ անդրադարձաւ համալիրի քսանամեակի դերակատարութեան` գաղութի կեանքին մէջ: Ազգային Երեսփոխանական ժողովի ատենապետ Հրայր Սողոմոնեանը, անդրադարձաւ շինարարական աշխատանքներու ընթացքին եւ այդ ժամանակահատուածին կարեւոր աշխատանք նկատուած սեփական եկեղեցի ու համալիր ունենալու գործին: Ելոյթ ունեցաւ նաեւ Տուպայի եւ հիւսիսային էմիրութեանց մէջ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս Սէյրան Կարապետեանը:
Այնուհետեւ ցուցադրուեցաւ եկեղեցւոյ 20-ամեակին առիթով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին պատգամը:
Աւարտին խօսք առաւ Մեսրոպ եպս. Սարգիսեանը, որ մատնանշեց քսան տարիներու մեծ արժէք ներկայացնող եկեղեցւոյ եւ համալիրի գործունէութեան, յատկապէս` հաւատքի ամրապնդման, հայապահպանութեան ու հայեցի դաստիարակութեան, հայ մշակոյթի պահպանման ու տարածման աշխատանքներուն: Ան համայնքին անունով իր խորին երախտագիտութիւնն ու շնորհակալութիւնը յայտնեց Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց իշխանութիւններուն, գահաժառանգին ու Շարժայի կառավարիչին, ինչպէս նաեւ` անցնող 20 տարիներու ընթացքին ներկայիս եկեղեցւոյ ու համալիրի կեանքէն ներս գործող բոլոր ազգայիններուն, որոնք տարբեր-տարբեր մարզերէ ներս իրենց ծառայութիւնը մատուցած են համալիրին եւ եկեղեցւոյ: Եզրափակելով իր խօսքը` սրբազան հայրը հաստատեց, որ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին ու համալիրը նոյն թափով ու ոգիով պիտի շարունակեն իրենց գործունէութիւնը` ի պահպանութիւն մեր հաւատքին, մեր հայրենիքին ու ժողովուրդին:
Հանդիսութեան ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:
Կիպրոս
Կրօնական Առաջնորդներու Հաւաքը
12 նոյեմբերին թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Խորէն արք. Տողրամաճեանը ընդառաջելով «Ռիլիճըս թրեք աֆ տը Սայփրըս փիս փրոսես անտըր տը օսփիսըս աֆ տը էմպըսի աֆ Սուիտըն» գրասենեակի պաշտօնական հրաւէրին, Ս. Խրիսոսթոմոսի տօնին եւ Կիպրոսի Ուղղափառ եկեղեցւոյ պետ Խրիսոսթոմոս արքեպիսկոպոսի անուանակոչութեան առիթով ներկայ գտնուեցաւ երեկոյեան ժամերգութեան` Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ մէջ եւ ապա ընդունելութեան` արքեպիսկոպոսարանի դահլիճին մէջ: Կրօնական առաջնորդներու այս մէկտեղումն ու հաւաքը արքեպիսկոպոսարանէն ներս` նաեւ համախմբման, համագործակցութեան եւ փոխադարձ յարգանքի ոգիի արտայայտման նպատակ ունէր:
Աւարտին, սրբազան հայրը կիպրահայութեան եւ կրօնական դասուն անունով անգամ մը եւս պաշտօնապէս իր շնորհաւորական ու բարի ապաքինման բարեմաղթութիւնները յայտնեց արքեպիսկոպոսին: Յայտնենք, որ ան քանի մը օրեր առաջ վերադարձած էր Կիպրոս` Լոնտոնի մէջ լուրջ բժշկական հետազօտութեանց ու քննութեանց ենթարկուելէ ետք:
Կիպրահայ Նախաձեռնութիւններ
* 11 նոյեմբերին Համազգայինի «Օշական» մասնաճիւղին հրաւէրով, դոկտ. Հրանդ Մարգարեան, Նիւ Եորքէն ժամանած էր Կիպրոս` Խրիմեան Հայրիկի մասին իր պատրաստած մենակատարութիւնը ներկայացնելու համար կիպրահայութեան:
* 13 նոյեմբերին Նիկոսիոյ «Փալլաս» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ, Խրիստինա Ալեքսանեանի մեկնաբանութեամբ, «Անժել Քուրթեանի տետրակները» թատերական ներկայացումը: Ներկայացումէն առաջ խորհրդարանի նախագահ Տիմիթրիս Սիլլուրիսը եւ պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեանը իրենց ուղերձները յղեցին փոխանցեցին ներկաներուն:
Մենակատարները յաջորդող օրերուն այցելեցին Ազգային առաջնորդարան եւ «Նարեկ» վարժարան, ուր հանդիպումներ ունեցան Խորէն արք. Տողրամաճեանին հետ:
* Նախաձեռնութեամբ Կիպրոսի հայոց թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Խորէն արք. Տողրամաճեանի, կազմակերպութեամբ Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքին, 15 նոյեմբերին Նիկոսիոյ Ս. Աստուածածին մայր եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ 9-րդ հոգեւոր լսարանը:
Սրբազան հայրը ողջունելէ ետք ներկաները, կրօնական դասուն անունով շնորհակալութիւն եւ երախտագիտութիւն յայտնեց նաեւ Մեծն Բրիտանիայէն եկած հիւրերուն:
Օրուան նիւթը յատկացուած էր Ս. Աստուածածնի` տաճար ընծայման տօնին, եկեղեցւոյ աւանդութեան, յիսնակի պահքին եւ մատաղին: Սրբազան հայրը ամփոփ կէտերու մէջ անդրադարձաւ յիշեալ աւանդութիւններուն, ապա մանրամասնօրէն ներկայացուց Ս. Աստուածածնի կերպարը, հրեշտակներէն ու սուրբերէն վեր դասուելուն հանգամանքը եւ անոր հետ առնչուած անշարժ եւ շարժական եօթը տօները` ընդհանուր գիտելիքներ տալով իւրաքանչիւր տօնին մասին: Անդրադառնալով Նիկոսիոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ` սրբազան հայրը շեշտեց 21 նոյեմբերի նշման աւանդութեան մասին, յիսնակի պահքին եւ մատաղի հասկացողութեան, որոնց իւրաքանչիւրին համար բացատրութիւններ եւ օրինակներ տուաւ: Սրբազանը անգամ մը եւս շեշտեց պատարագի մասնակցութեան կարեւորութիւնը եւ հիմնուելով աստուածաշնչական եւ սուրբ հայրերու ուսուցումներուն վրայ, շատ պարզ ու մատչելի կերպով ներկայացուց օրուան նիւթը:
Միացեալ Նահանգներ
Հայաստանի Գլխաւոր Հիւպատոս Արմէն Բայբուրդեանի Այցը Ազգային Առաջնորդարան
30 հոկտեմբերին Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանը Ազգային առաջնորդարանին մէջ ընդունեց Լոս Անճելըսի մէջ Հայաստանի նոր նշանակեալ գլխաւոր հիւպատոս Արմէն Բայբուրդեանը: Ներկայ էր Ազգային վարչութեան ատենապետ Կարօ Էշկիեանը:
Հանդիպումին ընթացքին խորհրդակցութիւնները կեդրոնացան Հայաստանի այժմու զարգացումներուն ու մասնաւորաբար Հայաստան-սփիւռք գործակցական յարաբերութեանց աւելի՛ եւս զարգացման միջոցներուն վրայ:
Առաջնորդը վերահաստատեց Ազգային առաջնորդարանին ու ընդհանրապէս թեմի ժողովուրդին զօրակցական եւ յանձնառու կեցուածքը` Հայաստանի ու Արցախի մարտահրաւէրներու դիմագրաւումին մէջ, յոյս յայտնելով, որ Հայաստանի մէջ վերջին շրջանի բարեշրջական ընթացքը լիարժէքօրէն անդրադառնայ թէ՛ հայրենիքի ամրակայման եւ թէ՛ սփիւռքի հետ յարաբերութեանց զարգացման վրայ: Ան յաջողութիւն մաղթեց հայրենի դիւանագէտին` իր նոր առաքելութեան մէջ:
Բայբուրդեանը շնորհակալութիւն յայտնեց առաջնորդ սրբազանին եւ Ազգային վարչութեան ատենապետին` ջերմ ընդունելութեան ու բարի մաղթանքներուն համար, վստահեցնելով, որ հիւպատոսութիւնը պիտի շարունակէ Ազգային առաջնորդարանին հետ սերտ գործակցութիւնը:
Աւարտին տեղի ունեցաւ յուշանուէրներու փոխանակում:
Գրագէտ Վեհանուշ Թեքեան Կը Պարգեւատրուի «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» Շքանշանով
Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանը 8 նոյեմբերին Ազգային Առաջնորդարանի «Սիւլահեան» սրահին մէջ ընդունեց այցելութիւնը վաստակաշատ գրող եւ մտաւորական Վեհանուշ Թեքեանի եւ յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին` զայն պատուեց «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով, իբրեւ գնահատանք եւ վարձատրութիւն` մեր գրաւոր մշակոյթի անդաստաններուն հարստացման անոր մասնակցութեան:
Առաջնորդ սրբազանը ողջունեց Թեքեանին ներկայութիւնը եւ յայտնեց, որ առանձնաշնորհումը ունի յանուն վեհափառ հայրապետին պատուելու վաստակաւոր գրողն ու մտաւորականը:
Յայտնենք, որ Համազգայինի Շրջանային վարչութիւնը յոբելենական հանդիսութեան կազմակերպման օրերուն փափաք յայտնած էր, որ առաջնորդ սրբազանը խնդրամատոյց ըլլայ վեհափառ հայրապետին, որպէսզի օրհնութեան գիր մը շնորհէ մշակոյթի գործիչին:
Արդարեւ, առաջնորդ սրբազանը ներկաները հրաւիրեց յոտնկայս ունկնդրելու վեհափառ հայրապետին կոնդակը, զոր կարդաց Տ. Ղեւոնդ քհնյ. Քիրազեանը: Աւարտին, սրբազանը Թէքեանին յանձնեց շքանշանը, շնորհաւորեց զայն այս պատիւին արժանանալուն առիթով, ինչպէս նաեւ Ազգային առաջնորդարանին կողմէ անոր յանձնեց յուշանուէր մը:
Թէքեան շնորհակալութեան ու երախտագիտութեան խօսք ուղղեց վեհափառ հայրապետին, առաջնորդ սրբազանին եւ Համազգայինին, որոնք զինք արժանի նկատած են այս պատուին: Ան յուզումով յիշեց իր գրիչի ընկերները, որոնցմէ ոմանք արդէն մեզի հետ չեն ու կանուխէն մեկնած են այս աշխարհէն, ապա վեր առաւ մեր եկեղեցւոյ ու առաջնորդարաններուն դերը` մեր մշակոյթին ու անոր գանձերուն պահպանման մէջ եւ այս շքանշանը նկատեց այդ գանձարանէն իրեն հասնող մասնիկ մը:
Շնորհաւորանքի խօսքեր արտասանեցին եւ գրողին վաստակին ու արժանիքներուն մասին խօսեցան` «Ասպարէզ» օրաթերթի ներկայացուցիչ Աբօ Պօղիկեանը, Համազգայինի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային վարչութեան ատենապետ Սեդա Սիմոնեանը, Ազգային վարչութեան անդամ Էլօ Պոյաճեանը, Բարսեղ Գարթալեանը եւ դոկտ. Յակոբ Կիւլլիւճեանը, միաժամանակ մաղթելով, որ անոր գրիչը նոր ծաղկում ապրի` ի սպաս մեր գրաւոր մշակոյթին:
Ֆրանսա
Հայաստանի Անկախութեան 100-ամեակին Նուիրուած Գիտաժողով
Նախաձեռնութեամբ սփիւռքահայ ազգային-հասարակական գործիչ Հիլտա Չոպոյեանի, 9-10 նոյեմբերին Լիոնի մէջ տեղի ունեցաւ «Արեւելեան ռազմաճակատը 100 տարի անց` Հայաստանի եւ Լեւանտի միջեւ. պատերազմ եւ խաղաղութիւն» խորագրով միջազգային գիտաժողովը: Գիտաժողովին իրենց մասնակցութիւնը բերին զանազան երկրներէ ժամանած գիտնականներ, ինչպէս` Ռիչըրտ Յովհաննէսեան, Ռէյմոն Գէորգեան, Քլոտ Մութաֆեան, Իվ Թեռնոն, Ֆապրիս Պալանս, Ստեփան Աստուրեան, Ժոզեֆ Յակոբ, Ժերար Տէտէեան: Հայաստանը կը ներկայացնէին Աշոտ Մելքոնեանը, Խաչատուր Ստեփանեանը, Արմէն Ասրեանը, վերլուծաբան Արա Պապեանը, նկարիչ Արտաշէս Թառումեանը, որոնք ներկայացուցին 100-ամեայ պետականութեան վերականգնման ու կայացման գործընթացը: 9 նոյեմբերի նիստին Աշոտ Մելքոնեանը ներկայացուց «Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին դրութիւնը, 1918-1920 թուականներուն», իսկ 10 նոյեմբերին` «Հայկական պատուիրակութիւններու գործունէութիւնը Փարիզի մէջ 1919-1920 թուականներուն» զեկուցումները:
Հանդիպումներ եղան նաեւ Լիոնի քաղաքապետարանի եւ լիոնահայ կառոյցներու հետ: