Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17235

Ներկայացուցիչներու Տան Դեմոկրատական Նորընտիր Մեծամասնութիւնը Պիտի Խափանէ Թրամփի Նախագահական Լիազօրութիւնները

$
0
0

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր

6 նոյեմբեր 2018-ին տեղի ունեցած միջանկեալ ընտրութիւնները զգալիօրէն կը սահմանափակեն նախագահ Թրամփի` Միացեալ Նահանգներու ղեկավարումը որպէս բռնապետութիւն:

Իր նախագահութեան առաջին երկու տարիներուն ընթացքին Թրամփ յաճախ չարաշահած է իր լիազօրութիւնները` ստորագրելով հրահանգներ եւ վերահսկելով Միացեալ Նահանգներու ինչպէս գործադիր, նոյնպէս ալ օրէնսդիր իշխանութեան մարմինները` Ամերիկայի Ներկայացուցիչներու տան եւ ծերակոյտի հանրապետական մեծամասնութեան շնորհիւ: Այդ ընթացքին Թրամփ վիրաւորական բազմաթիւ յայտարարութիւններ կատարած է եւ գործած է, ինչպէս ինք բարեհաճած է` անտեսելով քաղաքական, իրաւական եւ բարոյական որեւէ վարքագիծ:

Սակայն նախագահին սանձարձակ գործունէութիւնը հասաւ իր աւարտին… Ներկայացուցիչներու տան մէջ դեմոկրատական նորընտիր մեծամասնութեամբ Թրամփ այլեւս չի կրնար ընել այն, ինչ որ կ՛ուզէ: Ան չի կրնար առաջարկել որեւէ օրինագիծ` առանց ստանալու համաձայնութիւնը Ներկայացուցիչներու տան դեմոկրատներուն, որոնք կը հետապնդեն նախագահին եւ անոր կառավարութեան անդամներու անօրինական գործողութիւնները, ինչպէս նաեւ կը պաշտպանեն յատուկ դատախազի` Ռուսիոյ հետ գաղտնի համաձայնութեան մը քննութիւնը, որ տեղի ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու 2016 թուականի նախագահական ընտրութիւններուն: Ներկայացուցիչներու տան նորընտիր դեմոկրատական մեծամասնութիւնը կրնայ դատարան կանչել Թրամփի ընտրարշաւի գործընկերները, բան մը, որ հանրապետական նախորդ մեծամասնութիւնը արգելափակած էր, ու նաեւ պահանջել` հրապարակ հանել նախագահի հարկային յայտարարագիրները, զորս Թրամփ կտրականապէս մերժած էր հրապարակել` թաքցնելով իր գործարքները օտարերկրեայ երկիրներու մէջ:

Այս նոր իրավիճակը պիտի ունենայ յստակ երկու հետեւանքներ: Յառաջիկայ երկու տարիներուն ընթացքին Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը պիտի յայտնուի փակուղիի մէջ: Դժուար թէ Թրամփի նախաձեռնած որեւէ օրինագիծ հաստատուի Ներկայացուցիչներու տան կողմէ: Երկրորդ` հիասթափուելով իր գործողութիւններուն արգելափակմամբ, Թրամփ, բաղդատած նախկինին, յաւելեալ կոպտութեամբ պիտի յարձակի դեմոկրատներու վրայ: Նախագահը արդէն յայտարարած է, որ եթէ դեմոկրատները հետապնդեն զինք, ապա իր հերթին կը հետապնդէ զանոնք… Սա կը նշանակէ, որ նախագահ Թրամփի զայրոյթը եւ թշնամանքը կը հասնին նոր բարձունքներու` դրդելով զինք վիրաւորական նոր թուիթներ ուղարկել եւ շատ աւելի վիրաւորական ելոյթներ ունենալ իր քաղաքական հանրահաւաքներու ընթացքին:

Յառաջիկայ երկու տարիներուն Թրամփ այնքան զբաղած կ՛ըլլայ իր քաղաքական հակառակորդները հարուածելով, որ չի կրնար լիարժէք ուշադրութիւն դարձնել ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան վրայ: Յոյսով ենք, որ այսպէս ալ կը սահմանափակուի անոր հասցուցած վնասը` Միացեալ Նահանգներուն եւ ամբողջ աշխարհին…

Ամերիկահայ թեկնածուները` միջանկեալ ընտրութիւններուն

Դրական կողմը այն էր, որ 2018 նոյեմբեր 6-ի միջանկեալ ընտրութիւններուն առնուազն  ութ ամերիկահայեր յաղթեցին տեղական, պետական եւ դաշնակցային քաղաքական պաշտօններու համար:

Ամերիկահայ Աննա Էշու (դեմոկրատ, Քալիֆորնիա) վերընտրուած է Ներկայացուցիչներու տան մէջ, Քալիֆորնիայէն դեմոկրատ Ճեքի Կանչելեան Սփիրի հետ միասին:  Ամերիկահայ Էնթընի Պրինտիս (դեմոկրատ, Նիւ Եորք) 1293 ձայնով կը գերազանցէր գործող հանրապետական քոնկրեսական Քլաուտիա Թենիի ընտրութիւններու գիշերը` տակաւին սպասելով հազարաւոր ձայներու հաշուարկին: Եթէ Պրինտիս յաղթէ, ան կը դառնայ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան մէջ գործող երրորդ ամերիկահայը:

Միացեալ Նահանգներու պատմութեան մէջ եղած են Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան մէջ ընտրուած միայն եօթը ամերիկահայեր: Անոնք են.

– Թոմաս Քորվին (1831-1840, 1859-1861), հանրապետական, Օհայօ:
– Սթիւըն Տէրունեան (1953-1965), հանրապետական, Նիւ Եորք:
– Ատամ Պենիամին (1977-1982), դեմոկրատ, Ինտիանա:
– Չարլզ Փաշայեան (1979-1991), հանրապետական, Քալիֆորնիա:
– Աննա Էշու (1993-այժմ), դեմոկրատ, Քալիֆորնիա:
– Ճոն Սուինի (1999-2007), հանրապետական, Նիւ Եորք:
– Ճեքի Սփիր (2008-այժմ), դեմոկրատ, Քալիֆորնիա:

Անհաւատալիօրէն, հայ եւ հունգարական ծագում ունեցող Թոմաս Քորվին եղած է բարձրակարգ քաղաքական գործիչ, դիւանագէտ եւ միակ ամերիկահայը, որ 1845-1850 դարձաւ Միացեալ Նահանգներու ծերակուտական  (հանրապետական, Օհայօ): Բացի Ներկայացուցիչներու տունէն ներս եւ ծերակոյտի մէջ ունեցած ծառայութենէն` ան Օհայոյի նահանգապետն էր (1840-1842) եւ Միացեալ Նահանգներու ելեւմուտքի նախարարը (1850-1853): Ան նաեւ եղած է Ամերիկայի դեսպանը Մեքսիքայի մէջ (1861-1864):

Քոնկրեսի հանրապետական թեկնածու Տենի Թարխանեանը, Նեւատայէն, պարտուած է նոյեմբեր 6-ի ընտրութիւններուն` ի դիմաց դեմոկրատ Սիւզի Լիի, հաւաքելով ձայներու 43,4 տոկոսը,  ընդդէմ` Լիի 51,4 տոկոսին:

Քոնկրեսի հանրապետական թեկնածու Ճոնի Նալպանտեանը (Կլենտէյլ) պարտուած է ի դիմաց գործող դեմոկրատ քոնկրեսական Էտըմ Շիֆի: Նալպանտեանը հաւաքած է 23,5 տոկոս քուէ, իսկ Շիֆը` 76 առ հարիւր:

Լոս Անճելըսի Սան Ֆեռնանտօ Հովիտի շրջանի դեմոկրատ Ատրին Նազարեանը վերընտրութեամբ յաղթած է հանրապետական իր մրցակիցին` Ռոքսանա Հոկին, Քալիֆորնիոյ նահանգային պալատէն ներս: Նազարեան հաւաքած է 77,9 առ հարիւր քուէ, իսկ Հոկը` 22,1 առ հարիւր:

Էլիզապէթ Ուորըն (չշփոթել Միացեալ Նահանգներու ծերակուտական Էլիզապէթ Ուորընի հետ)` Հայոց ցեղասպանութեան վերապրածներու ծոռնուհին, Քալիֆորնիոյ նահանգային պալատի ընտրութիւններուն պարտուած է ի դիմաց դեմոկրատ Թաշէ Պոնըր Հորուաթի:

Հանրապետական Ռիթա Թոփալեանը նահանգային ծերակոյտի ընտրութիւններուն պարտուած է դեմոկրատ Պապ Արխելեթայի դիմաց, որ յաղթած է քուէներու 65 առ հարիւրով:

Քալիֆորնիայէն դուրս, Միշիկընի նահանգային խորհուրդի 26 տարեկան դեմոկրատ թեկնածու Մարի Մանուկեանը յաղթած է իր հակառակորդին` Միշիկընի Հանրապետական կուսակցութեան նախկին նախագահ Տէյվիտ Վոլքինսընին` ձայներու 57 տոկոսով, ընդդէմ` Վոլքինսընին 43 տոկոսին: Մանուկեանին կը զօրակցէին նախագահ Պարաք Օպաման, ծերակուտական Կերի Փեթըրս եւ ընտրուած նահանգապետ Կրեչըն Ուիթմըրը:

Ուրիշ ամերիկահայ թեկնածու մը` Մէյնի նահանգային պալատի դեմոկրատ ներկայացուցիչ Սառա Կիտէոն, վերընտրուած է:

Աննա Աստուածատրեան-Թուրքոթը վերընտրուած է Westbrook, Մէյնի քաղաքային խորհուրդի մէջ: Պաքուէն գաղթական Թուրքոթ Արցախի անկախութեան եռանդուն պաշտպաններէն է:

Վերջապէս, Լորիկ Չարխուտեանը, Մերիլենտի նահանգային օրէնսդիր մարմնի դեմոկրատ թեկնածուն, ընտրուած է` դառնալով Մերիլենտի խորհրդարանի առաջին ամերիկահայ ներկայացուցիչը:

Ամերիկահայերուն մեծ մասը, որ նոյեմբեր 6-ին պայքարած է քաղաքական պաշտօններու համար, յաղթեց: Նոյնը կը վերաբերի նաեւ ամերիկահայ համայնքի օտարազգի աջակիցներուն: Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը հաղորդած է, որ իր զօրակցութիւնը վայելող քոնկրեսական թեկնածուներուն 92 տոկոսը յաղթած է: Ասիկա հրաշալի լուր է…

Միւս կողմէ` ամերիկահայերը գոհ են, որ Քոնկրեսի մէջ Թուրքիոյ զօրակցող խումբի համանախագահ, քոնկրեսական Փիթ Սեշնսը (հանրապետական, Թեքսաս) չկրցաւ վերընտրուիլ` հակառակ թրքամէտ հովանաւորներու նուիրատուութիւններուն…

Արեւելահայերէնի թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17235

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>