Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17235

Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչի 2019-ի Օրացոյցը` Հայկական Մշակութային Արժէք Ներկայացնող Հրատարակութիւն Մը

$
0
0

ԿԱՐՕ ԱՂԱԶԱՐԵԱՆ

Վերջերս լոյս տեսաւ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութեան  պատկերազարդ եւ մշակութային արժէք ներկայացնող 2019-ի օրացոյցը:

Օրացոյցին կողքը եւ իւրաքանչիւր ամսուան էջերը կը ներկայացնեն Արեւմտեան Հայաստանի վայրերը եւ իւրաքանչիւր գաւառի կամ շրջանի աւանդական տարազները: Այսպէս, կարգ մը ամիսներու էջերուն վրայ պատկերուած են` Սեբաստիոյ, Տարօնի, Մուշ – Տարօնի, Արաբկիրի, Շապին Գարահիսարի, Վան-Վասպուրականի, Զէյթունի, Մուշի, Վանի տարազները, որոնք մեր նախահայրերուն ժառանգն են: Իսկ մնացեալ ամիսներու էջերուն կ՛երեւին Արեւմտեան Հայաստանի մեր բռնագրաւեալ հողերը, ինչպէս` Անիի քարայրները, Սիսի բերդը, Բալուի մօտ Արածանի գետը, Հողափքալէ բերդը, Անաւարզայի բերդը, Տայքի շրջանը եւ Ճորոխ գետը, Ընկըզէքը: Այս պատմական նկարներէն բացի` ամիսներու էջերուն վրայ կը կարդանք ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան եւ մեր յայտնի մտաւորականներուն եւ գրողներուն` Սիմոն Վրացեանի, Հրաչ Տասնապետեանի, Մուշեղ Իշխանի, Պօղոս Սնապեանի, Շահանդուխտի, Արամ Սահակեանի, տոքթ. Բենիամին Գուլաքեանի, Բերկրուհի Առաքելեանի, Սոնա Զէյթլեանի, Երուանդ Տարօնեանի եւ Տիրուհի Շ. Միսաքեանի կարծիքները` ԼՕԽ-ի մարդասիրական մեծ առաքելութեան մասին:

Օրացոյցին վերջընթեր էջը յատկացուած է հանրայայտ լուսանկարիչ Հրայր Բազէ Խաչերեանին կենսագրութեան եւ աշխատանքներուն` ի մասնաւորի հայկական պատմական յուշարձաններ եւ աշխարհասփիւռ հայկական եկեղեցիներ լուսանկարելու կոթողական աշխատութիւններուն, որուն լուսանկարիչի ոսպնեակէն դիտուած պատմական նկարները գեղեցկացուցած  եւ արժեւորած են ԼՕԽ-ի օրացոյցին էջերը:

Օրացոյցին վերջին էջը յատկացուած է հայկական ամիսներու եւ շաբթուան օրերու անուններուն ծագման, իմաստին, ստուգաբանման: Հետաքրքրական է կարդալ այդ ամիսներուն անուններուն առնչութիւնը յունական ու հռոմէական դիցաբանութեան եւ քրիստոնէութեան հետ: Իսկ շաբթուան օրերը կապուած են արեգակնային համակարգին մէջ գտնուող անուններուն հետ, որոնք հետագային քրիստոնէութեան տարածումով փոխարինուեցան եբրայեցիներու որդեգրած անուններով:

Կասկածէ վեր է, որ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան հայկական մշակութային արժէք ներկայացնող այս օրացոյցի մտայղացումը մնայուն յուշարար է հայ տուներուն, դպրոցներուն, միութիւններուն, խանութներուն մէջ` կառչած մնալու մեր արմատներուն եւ տէր կանգնելու մեր հայրերուն կտակած դարաւոր մշակութային հարստութեան:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17235

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>