Դիմատետրի էջիս մէջ տեղադրած «Ինչո՞ւ չի գար յեղափոխութիւնը» (http://www.aztagdaily.com/archives/415960) յօդուածիս առիթով երէց ընկերս` Կարօ Արմենեանը կատարած է սքանչելի նկատողութիւն, որուն ճշմարտութիւնը, հարազատութիւնը եւ իմաստութիւնը թարգմանն է իւրաքանչիւր դաշնակցականի գաղափարական բծախնդրութեան:
Կ’ուզեմ հրապարակաւ բաժնել ընկերոջս այս գրառումը, որ թէ՛ դաստիարակող է եւ թէ՛ յուշող` այն ծանր պատասխանատուութեան մասին, որ տեւաբար կը պատկանի Դաշնակցութեան:
ՍԵԴՕ ՊՈՅԱՃԵԱՆ
«Կեցցե՛ս, ընկ. Սեդօ: Հարի՛ւր առ հարիւր եւ բառ առ բառ կը բաժնեմ ախտորոշումներդ: Այնուամենայնիւ Դաշնակցութիւնը, իր կարգին, պատասխանատու է երկրի ներկայ կացութեան համար: Երկրի քաղաքական բեմին վրայ պատասխանատուութիւն վերցուցած կուսակցութիւնը հպարտօրէն պիտի իր ուսերուն վերցնէ նաեւ մեղքի իր բաժինը եւ գործի անցնի:
Մենք ճիշդ ըրինք` մէկդի հրելով ձախաւեր «ընդդիմութիւն»-ը եւ մտնելով գայլերու որջը մեր փլաթֆորմի առաջադրութիւնները իրականութեան վերածելու վճռակամութեամբ` փոխանակ հեռուէն որջը քարկոծելու անմիտ եւ անպտուղ վարքագիծը որդեգրելու: Այսպէս կը գործէ յեղափոխական Դաշնակցութիւնը:
Մենք մեծ ոստիւն մը ապահովեցինք մեր պետութեան եւ իր քաղաքացիներուն համար` առաջնորդելով սահմանադրական փոփոխութիւններու գործը եւ իրականութեան վերածելով ՀՀ սահմանադրութիւնը մաքուր եւ անբիծ համաժողովրդական հանրաքուէով: Եթէ մեր այսօրուան «տեսաբան»-ները յեղափոխութիւն կ՛ուզեն տեսնել Փաշինեանի իշխանափոխութեան մէջ, թող նախ գնահատական տան այն մեծ յեղափոխութեան` ՀՀ սահմանադրութեան, որ Դաշնակցութիւնը իրագործեց գայլերու որջին իսկ ընդմէջէն:
Մենք նաեւ այն ուժն էինք, որ մեր փլաթֆորմը հրապարակաւ պարտադրեց օրուան նախագահին եւ օրուան վարչապետին` համակարգային փոփոխութիւններու խնդրով զիրենք հրապարակաւ բերելով յանձնառութեան: Բոլորիս յայտնի քաղաքական մեքենայութիւնները վիժեցուցին Դաշնակցութեան գործը` մենաշնորհային համակարգի կազմաքանդման հետ կապուած: Հետագային նաեւ նոյնպիսի մեքենայութիւններով նախագահն ու իր կուսակցութիւնը փորձեցին առեւանգել սահմանադրութիւնը:
Ասոնք այն քաղաքական բացերն են, որոնց համար մենք անկեղծօրէն պիտի վերցնենք պատասխանատուութեան մեր բաժինը, որպէսզի սկսինք պատրաստել վաղուան մեր գործը: Մեր խստագոյն քննադատը պիտի ըլլանք մենք` ինքնե՛րս: Հրապարակը աղմկող գրիչները շատ հեռու են այդ մէկը կարենալ ընելէ: Յեղափոխական կուսակցութիւնը ամէն օր պիտի յեղափոխէ ինքզինք, որպէսզի յեղափոխութիւնը չըլլայ ինքնանպատակ եւ ծառայէ երկրին: Այդ կուսակցութիւնը մենք ենք եւ մեր այդ հանգանակը իրաւունք չունինք յանձնելու Փանջունիներուն»: