Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17235

Հարիւր Դէմք` Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան Հիմնադրութեան Հարիւրամեակին

$
0
0

ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ

Մարտիրոս Յարութիւնեան

Մարտիրոս Յարութիւնեան. հայ քաղաքական գործիչ, ՀՅԴ կուսակցութեան անդամ:

Կրթութիւնը ստացած է Գէորգեան ճեմարանի մէջ, ապա Պերլինի համալսարանին մէջ ուսանած է տնտեսագիտութիւն: Հայրենիք վերադառնալով` աշխատած է որպէս ուսուցիչ, դասաւանդած է գերմաներէն, հայոց լեզու եւ գրականութիւն:

Մ. Յարութիւնեան երիտասարդ տարիներուն անդամակցած է ՀՅԴ կուսակցութեան, դարձած է գործօն անդամ, եղած է Եւրոպայի Հայ ուսանողներու միութեան ներկայացուցիչ: 1898-ին ընտրուած է Ատրպատականի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ:

1904-ին կը գտնուի Պերլին:

1906-ին անդամ` Կովկասեան նախագիծը պատրաստող ՀՅԴ խորհուրդի:

1918-ին, Պաքուի ջարդէն ետք, կը բանակցի արտօնութիւն ապահովելու` հայ որբանոցները Գանձակ փոխադրելու համար, նաեւ` ազատ ելք ձեռք ձգելու հայ գաղթականներուն համար դէպի Հայաստան:

Իսկ հայ-վրացական սահմանավէճին առիթով Հայաստանի կառավարութիւնը 19 դեկտեմբեր 1918-ին խորհրդարանի պատգամաւոր եւ ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Մարտիրոս Յարութիւնեանի գլխաւորութեամբ պատուիրակութիւն կ՛ուղարկէ Ղարաքիլիսա` վրացական կողմին հետ բանակցելու համար: Երբ կը հասնին Ղարաքիլիսա, կը յստականայ, որ Վրաստանի կառավարութիւնը պատուիրակութիւն չէ ուղարկած:

Մասնակցած է ՀՅԴ ընդհանուր ժողովներու` Վիեննա, Կարին եւ Երեւան:

1919-ին կ՛ընտրուի Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդարանի անդամ:

1920-ին կը նշանակուի Հայաստանի կառավարութեան դիւանագիտական ներկայացուցիչ` Պաքուի մէջ: Կը մասնակցի հայ-ազրպէյճանական խորհրդաժողովին, ու երբ Ազրպէյճան կը խորհրդայնանայ, Մ. Յարութիւնեան եւ իր օգնականները կը բանտարկուին, թալանի կ՛ենթարկուի դիւանագիտական գրասենեակը: Ազատ արձակուելէ ետք խորհրդաժողովի բանակցութիւնները կը վերսկսին Ազրպէյճանի Յեղկոմին հետ, 1920-ին:

Մարտիրոս Յարութիւնեանը 1938-ին կը գնդակահարուի պոլշեւիկներու կողմէ, Հայաստանի մէջ:

Սամսոն Յարութիւնեան

Սամսոն Յարութիւնեան. հայ քաղաքական-պետական գործիչ, հասարակական գործիչ, Հայ ժողովրդական կուսակցութեան (ՀԺԿ) անդամ:

Ս. Յարութիւնեանը ծնած է 1869-ին, Ղազախ գաւառի (այժմ` Հայաստանի Հանրապետութեան Տաւուշի մարզ) Վերին Աղդան գիւղը:

Ընտրուած է Կովկասի Հայոց բարեգործական ընկերութեան նախագահ, Ազգային բիւրոյի նախագահ, Հայոց ազգային խորհուրդի անդամ եւ այլն: 1914-1915 թուականներուն մասնակցած է հայ կամաւորական գունդերու ստեղծումին: 1915-1917 թուականներուն խմբագրած է Կովկասի Հայոց բարեգործական ընկերութեան օրկան «Համբաւաբեր» շաբաթաթերթը: 1917-ին մաս կազմած է Հայ ժողովրդական կուսակցութեան, 1919-ին ընտրուած է նոյն կուսակցութեան Կեդրոնական կոմիտէի փոխնախագահ:

1918-1919 թուականներուն եղած է Հայաստանի Հանրապետութեան արդարադատութեան նախարար:

Հայաստանի խորհրդայնացումէն ետք դարձած է վտարանդի:

Սամսոն Յարութիւնեանը կը մահանայ 1941-ին:

Արշակ Յովհաննիսեան

Արշակ Յովհաննիսեան. հասարակական-քաղաքական գործիչ, ՀՅԴ կուսակցութեան անդամ:

Ծնած է 1883-ին, Նուխիի մօտ Չայքենդ գիւղին մէջ (Գանձակի շրջան): Ապա կ՛անցնի Թիֆլիս` որպէս գիշերօթիկ աշակերտ Ներսիսեան վարժարանի: Մոսկուայի մէջ կը հետեւի մանկավարժական դասընթացքի, իսկ Քիեւ, Ուքրանիոյ մէջ` առեւտրական ճիւղի: Կ՛աւարտէ 1904-ին եւ կը սկսի գործել կրթական ասպարէզին մէջ` իբրեւ ուսուցիչ, ինչպէս նաեւ քաղաքական կեանքին մէջ` իբրեւ կուսակցական գործօն անդամ:

Կը պաշտօնավարէ նախ Թաւրիզ, յետոյ Թեհրան: Իբրեւ ուսուցիչ` կը հրաւիրուի Երեւանի թեմական դպրոց:

Երիտասարդ տարիքէն կը յարի Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւն կուսակցութեան:

1919-ին գարնան Երեւան կ՛երթայ եւ կը մասնակցի ՀՅԴ Թ. Ընդհանուր ժողովին: Կ՛օժանդակէ Կեդրոնական կոմիտէի «Յառաջ» պաշտօնաթերթի խմբագրութեան:

Արշակ Յովհաննիսեանը կ՛ընտրուի Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան խորհրդարանի անդամ: Ս. Վրացեանի վարչապետութեան օրով կը վարէ գիւղատնտեսական, պետական գոյքերու եւ աշխատանքի նախարարի պաշտօնը:

Խորհրդային իշխանութեան շրջանին Ա. Յովհաննիսեանը կը մնայ թաքնուած: Փետրուարեան ապստամբութենէն ետք մաս կը կազմէ Հայրենիքի փրկութեան կոմիտէին եւ կը վարէ զինուորական գործերու վարիչի պաշտօնը:

1924-ին կ՛անցնի Պէյրութ` իբրեւ կուսակցական գործիչ եւ խմբագիր «Փիւնիկ» թերթին:

1924-1935 թուականներուն կը զբաղի կուսակցական եւ հանրային աշխատանքներով:

1947-ին, մինչեւ իր մահը կ՛ըլլայ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անդամ, նաեւ` ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ:

Արշակ Յովհաննիսեանը կը մահանայ 1 ապրիլ 1953-ին եւ կը թաղուի Պէյրութի Ֆըրն Շըպպեքի Ազգային գերեզմանատան մէջ:

Արտաշէս Յովսէփեան

Արտաշէս Յովսէփեան. ազգային-ազատագրական շարժումի գործիչ, հայ վիպասան, գրող, հասարակական գործիչ եւ ՀՅԴ կուսակցութեան անդամ: Յեղափոխական ծածկանունով ու հետագային նաեւ գրչանունով` Մալխաս:

Ծնած է 1877-ին, Տրապիզոն: Ուսումը ստացած է Կարնոյ Սանասարեան վարժարանին մէջ: Ուսումը նոր աւարտած` հաստատուած է Սամսոն քաղաքը: Իր սերնդակիցներէն շատերու պէս` ինք եւս ստիպուեցաւ պանդխտութեան դիմելու: Քանի մը տարի մնաց Միացեալ Նահանգներ, ուր նոր հիմնուած ՀՅԴ պաշտօնաթերթ «Հայրենիք»-ին կանոնաւորաբար աշխատակցեցաւ:

1900-ական թուականներու սկզբնաւորութեան կը վերադառնայ Երկիր ու իբրեւ Դաշնակցութեան լիազօր գործիչ` կ՛ուղարկուի յաջորդաբար Ուրմիոյ շրջանը եւ Վան: Իրեն կը վստահուի Խոյի եւ Ս. Թադէի վանքի զէնքերու փոխադրութեան եւ պահեստաւորման գործը: Մաս կը կազմէ նաեւ Սասնոյ օգնութեան փութացող զինատար խումբերուն:

1908-ին, օսմանեան սահմանադրութեան հռչակումէն ետք, կը հաստատուի իր ծննդավայրը` Տրապիզոն, ուր կը ձեռնարկէ ՀՅԴ պաշտօնաթերթ «Խարիսխ» թերթի հրատարակութեան: Իսկ երբ պայթեցաւ Ա. Աշխարհամարտը, Մալխաս ամբողջապէս նետուեցաւ Տրապիզոնի հայութեան ինքնապաշտպանութեան գործին մէջ:

Այնուհետեւ, հայ կամաւորական շարժումին միանալով` Մալխաս իր մասնակցութիւնը բերաւ Հայաստանի անկախութեան կերտումի դիւցազնական ճակատամարտերուն: Ընտրուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդարանի պատգամաւոր:

1921-ին, Փետրուարեան ապստամբութեան աւարտէն ետք, Զանգեզուրի վրայով անցաւ Պարսկաստան:

Տարագրութեան մէջ եւս, աւելի քան քառասուն տարի, Մալխաս մնաց պատնէշի վրայ: Վերջնականապէս հաստատուեցաւ Միացեալ Նահանգներ, ուր աշխուժ եւ ղեկավար մասնակցութիւն ունեցաւ Դաշնակցութեան ինչպէս կազմակերպչական, նոյնպէս եւ երիտասարդ սերունդներու գաղափարական դաստիարակութեան աշխատանքներուն մէջ:

Կանոնաւորաբար աշխատակցեցաւ «Հայրենիք» ամսագրին: Այդ շրջանին ամբողջացուց իր կոթողական գործը` «Զարթօնք»-ը, ինչպէս նաեւ յուշագրական երկը` «Ապրումներ» խորագրով:

Արտաշէս Յովսէփեանը կը մահանայ 4 յունուար 1962-ին, Պէյրութի մէջ:

Գարեգին Եպս. Յովսէփեանց

Հայագէտ, ձեռագրագէտ, մատենագէտ, հնագէտ, պատմաբան, բանասէր, մշակութաբան, մանկավարժ: Փիլիսոփայութեան եւ աստուածաբանութեան դոկտոր (1897, Լայփցիկ): Հայաստանի գիտական հիմնարկի (Վաղարշապատ) գիտնական անդամ (1921), Մոսկուայի Կայսերական հնագիտական ընկերութեան կովկասեան բաժանմունքի եւ Ս. Փեթերսպուրկի Կայսերական հնագիտական ընկերութեան իսկական անդամ (1902): Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս` Գարեգին Ա. Յովսէփեանց:

Ծնած է 17 դեկտեմբեր 1867-ին, Մաղավուզ գիւղը (այժմ` Արցախի Մարտակերտի շրջան):

Նախնական կրթութիւնը ստացած է Ամարասի վանքի դպրատունը եւ Շուշիի թեմական դպրոցի մէջ: 1889-ին ձեռնադրուած է սարկաւագ` դառնալով Մայր աթոռի միաբանութեան անդամ: Աւարտած է Էջմիածնի Գէորգեան ճեմարանը (1890), աստուածաբանութիւն եւ հնագիտութիւն ուսանած է Պերլինի, Հալլէի, Լայփցիկի համալսարաններուն մէջ (1892-1896):

1897-ին դասախօսած է Գէորգեան ճեմարանին մէջ, 1898-ին` մատենադարանապետ: 1900-1901 թուականներուն` Վիրահայոց թեմի առաջնորդական տեղապահ, 1901-1904 թուականներուն` Երեւանի թեմական տեսուչ, 1905-1906, 1915-1917` Գէորգեան ճեմարանի տեսուչ, 1907-1908, 1918-1919` «Արարատ» ամսագրի խմբագիր: 1908-1914 թուականներուն եղած է Ս. Հռիփսիմէ վանքի վանահայրը:

Գարեգին եպս. Յովսէփեանցը 1918-ին մասնակցած է Սարդարապատի հերոսամարտին: Ան սովորական հոգեւորականի սահմաններէն դուրս գալով եւ ճշմարիտ  հոգեւորականի ոգիով ու հաւատքով, իբրեւ նոր Ղեւոնդ Երէց, «վասն հաւատոյ եւ վասն հայրենեաց» մահապարտներու գունդին ու հայոց աշխարհազօրին հետ իր աւանդը բերաւ հայրենիքի պաշտպանութեան նուիրական գործին: Ան իր ռազմաշունչ կոչով ու ոգեշնչող ներկայութեամբ հայ զինուորներուն, հերոսներուն ու ազգին հետ եղաւ,  ոգի, կամք, հաւատք ու կորով ներշնչեց զինուորներուն` Սարդարապատի ճակատամարտին: Քաջ հոգեւորականը Հայաստանի անկախութեան սուրբ գործին եւ յաղթանակի կերտման համար մարտի դաշտի վրայ ներկայութիւն էր ու արիւն թափելու պատրաստ:

Գարեգին եպս. Յովսէփեանցը 1919-ին Երեւանի մէջ դասաւանդած է հայ արուեստի պատմութիւն եւ հնագիտութիւն, մասնակցած (Ա. Թամանեանի հետ) Հայաստանի յուշարձաններու պահպանութեան կոմիտէի ստեղծումին:

1920-ին Սիմոն Վրացեանի հետ կը գտնուի Կարս-Սարիղամիշ շրջանը. Գարեգին եպս. խաչը ձեռքին կ՛այցելէ ռազմաճակատի դիրքերը ու կը խրախուսէ զինուորները:

1925-ին` արքեպիսկոպոս: 1927-1933 թուականներուն Խրիմի եւ Նոր Նախիջեւանի, 1938-1943 թուականներուն Միացեալ Նահանգներու հայոց թեմերու առաջնորդ: 1917-ին հայրապետական լիազօր պատուիրակ` Ռուսիոյ եւ Հիւսիսային Կովկասի հայկական կեդրոններուն մէջ, 1934-1938 թուականներուն` սփիւռքի մէջ: Նպաստած է սփիւռքահայութիւնը մայր հայրենիքի շուրջ համախմբելու, Հայ եկեղեցւոյ միասնականութիւնը պահպանելու, Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ Մայր աթոռ Ս. Էջմիածնի միջեւ տարաձայնութիւնները հարթելու գործին մէջ:

Հայ հոգեւորականի տիպար Գարեգին արք. Յովսէփեանցը 1943-ին բարձրացաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ հայրապետական գահը (1943-1952): Արդարեւ, կաթողիկոսական հանգամանքը, Համաշխարհային Բ. պատերազմին մէջ ընկղմած աշխարհը, Հայաստանի թէ սփիւռքի մէջ հայ ժողովուրդին ու եկեղեցւոյ դիմագրաւած տագնապը, ճի՛շդ է, ֆիզիքապէս աւելի մաշեցուցին ծերունազարդ հայրապետը, սակայն ան բարձրագոյն աստիճանի նուիրումով կատարեց իր հովուապետական ծառայութիւնը:

Իր հայրապետական գահակալութիւնը թէեւ ժամանակի իմաստով եղաւ կարճ, սակայն` իրագործումներով լեցուն շրջան մը: Դասախօսութիւններու ու հրատարակութիւններու ճամբով յատուկ ճիգ թափեց կաթողիկոսարանը վերածելու, իր հոգեւոր առաքելութեան կողքին, մշակութային կեդրոնի, եւ դպրեվանքը, իր բառերով, նոր օրերու Գլաձորի ու Արմաշի:

Գարեգին Ա. Յովսէփեանցը Կիլիկիոյ կաթողիկոսներէն առաջինն էր, որ ներկայ եղած եւ նախագահած է Ս. Էջմիածնի մէջ գումարուած ազգ-եկեղեցական ժողովին (16 յունիս 1945), ուր Գէորգ արք. Չորեքչեանը ընտրուած է Ամենայն Հայոց կաթողիկոս:

Գարեգին Ա. Յովսէփեանցը ձգած է գրական, գիտական հսկայական ժառանգութիւն: Անոր աշխատութիւնները նուիրուած են հայագիտութեան գրեթէ բոլոր բնագաւառներուն` պատմութեան, բանասիրութեան, բանահիւսութեան, հայ գրչութեան ու մանրանկարչութեան, արուեստին, Հայ եկեղեցւոյ եւ մշակոյթի երեւելի դէմքերուն, եկեղեցագիտութեան առնչուող բազմաթիւ հարցերու, հնագիտութեան, ձեռագրագիտութեան եւ այլն. անոնցմէ շատերը կոթողային արժէք կը ներկայացնեն:

Գարեգին Ա. Յովսէփեանցը հայագէտ Ն. Մառին հետ մասնակցած է հնագիտական պեղումներու (Գառնի, Արագած, Անի), նշանակալի գործ կատարած է պատմահնագիտական եւ ճարտարապետական յուշարձաններու ուսումնասիրման բնագաւառին մէջ:

Գարեգին Ա. Յովսէփեանցը վախճանած է 21 յունիս 1952-ին, Անթիլիաս (Պէյրութ):

(Շար. 15)


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17235

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>